Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

Արթո՛ւն մնա, երբ հաւատարմութիւնդ կը փորձուի

Արթո՛ւն մնա, երբ հաւատարմութիւնդ կը փորձուի

«Դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր» (Բ. ՏԻՄ. 4։5

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչ կը նշանակէ «արթուն կենալ» (Բ. Տիմոթէոս 4։5

 ԵՐԲ դժուարութիւններու մէջ ըլլանք, Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը կը փորձուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք դժուարութիւններ յաղթահարել։ Պէտք է ‘արթուն կենանք’, հաւատքի մէջ հաստատ կենալով (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։5)։ «Արթո՛ւն կենալ» կը նշանակէ հանդարտ մնալ, յստակօրէն մտածել եւ ջանք ընել, որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։ Այդպէս ընելով, մեր զգացումները պիտի չիշխեն մեր մտածումներուն վրայ։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք երեք դժուարութիւններ, որոնք դուրսէն կու գան։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք դժուարութիւններ, որոնք ժողովքին ներսէն կու գան եւ կրնան Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնել։ Այդ դժուարութիւններն են. 1) երբ կը զգանք, թէ հաւատակից մը մեզի հետ գէշ կերպով վարուած է, 2) երբ սրբագրուինք, եւ 3) երբ մեզի համար դժուար է յարմարիլ կազմակերպութեան մէջ եղող փոփոխութիւններուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ‘արթուն կենալ’ եւ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ մնալ, երբ նման դժուարութիւններէ կ’անցնինք։

ԵՐԲ ԿԸ ԶԳԱՆՔ, ԹԷ ՀԱՒԱՏԱԿԻՑ ՄԸ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԳԷՇ ԿԵՐՊՈՎ ՎԱՐՈՒԱԾ Է

3. Թերեւս ինչպէ՞ս մտածենք, երբ զգանք թէ հաւատակից մը մեզի հետ գէշ կերպով վարուեցաւ։

3 Երբեք զգացա՞ծ ես թէ հաւատակից մը, որ պատասխանատու դիրք ունի, քեզի հետ գէշ կերպով վարուած է։ Հաւանաբար իր միտքին մէջ չկար քեզ ցաւցնել (Հռով. 3։23. Յակ. 3։2)։ Բայց դուն իր ըրածներէն նեղացար։ Թերեւս քունդ կորսնցուցիր մտածելով ատոր մասին։ Կրնայ ըլլալ որ նոյնիսկ մտածեցիր. ‘Եթէ եղբա՛յր մը ասանկ կ’ընէ, ասիկա իրապէ՞ս Աստուծոյ կազմակերպութիւնն է’։ Սատանան կ’ուզէ, որ ճիշդ այդպէս մտածես (Բ. Կոր. 2։11)։ Այսպիսի ժխտական մտածելակերպ կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք մեզ զատենք Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն։ Ուրեմն, եթէ կը զգանք թէ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզի հետ գէշ կերպով վարուեցան, ինչպէ՞ս կրնանք ‘արթուն կենալ’ եւ չունենալ մտածելակերպ մը, որ կրնայ մեզի վնասել։

4. Յովսէփ ինչպէ՞ս ‘արթուն կեցաւ’, երբ իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան, եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ իր օրինակէն (Ծննդոց 50։19-21

4 Մի՛ դառնանար։ Երբ Յովսէփ պատանի էր, իր մեծ եղբայրները իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան։ Անոնք զինք կ’ատէին, իսկ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ուզեցին զինք մեռցնել (Ծն. 37։4, 18-22)։ Ի վերջոյ, անոնք զինք ստրկութեան ծախեցին, որուն արդիւնքով Յովսէփ 13 տարի ծանր փորձութիւններ ունեցաւ։ Ան կրնար մտածել, թէ Եհովան զինք չէր սիրեր եւ երեսի վրայ ձգած էր իր ամէնէն նեղ պահուն։ Բայց Յովսէփ չդառնացաւ։ Փոխարէնը, քանի որ ան ‘արթուն կեցաւ’, կրցաւ առողջ կերպով մտածել։ Երբ առիթը ունէր իր եղբայրներէն վրէժ առնելու, այդպէս չըրաւ եւ անոնց հանդէպ սէր ցոյց տուաւ ու իրենց ներեց (Ծն. 45։4, 5)։ Յովսէփ այսպէս վարուեցաւ, քանի որ յստակօրէն կը մտածէր, կեդրոնացած ըլլալով ոչ թէ իր խնդիրներուն վրայ, հապա մեծ պատկերին՝ Եհովայի նպատակին վրայ (կարդա՛ Ծննդոց 50։19-21)։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ քեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին, Եհովայի հանդէպ մի՛ դառնանար կամ մի՛ մտածեր թէ ան քեզ ձգած է։ Փոխարէնը, մտածէ թէ Եհովան քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ որ այդ փորձութեան տոկաս։ Ատկէ զատ, ջանք ըրէ քեզի հետ գէշ կերպով վարուող անհատին անկատարութիւնները սիրով ծածկելու (Ա. Պետ. 4։8

5. Միքէաս ինչպէ՞ս ‘արթուն կեցաւ’, երբ զգաց թէ իրեն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։

5 Նկատի առ Հարաւային Ամերիկայէն եղող Միքէաս b անունով երէցի մը օրինակը։ Ան կը յիշէ ատեն մը, երբ զգաց որ կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ իրեն հետ գէշ կերպով կը վարուէին։ Ան ըսաւ. «Բնաւ այդ տեսակ ճնշումի տակ չէի եղած։ Շա՜տ մտահոգ էի։ Գիշերները չէի կրնար քնանալ եւ կու լայի, քանի որ կը զգայի թէ բա՛ն մը ձեռքէս չէր գար»։ Բայց Միքէաս ‘արթուն կեցաւ’, ինքզինքը չկորսնցուց, եւ ջանք ըրաւ որ իր զգացումները զսպէ։ Ան շատ անգամ Եհովային աղօթեց, իրմէ խնդրելով որ իրեն տայ սուրբ հոգին եւ պէտք եղած ուժը, որ դիմանայ։ Ան նաեւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընելով, գտաւ տեղեկութիւններ, որոնք կրնային իրեն օգնել։ Մեզի համար դասը ի՞նչ է։ Եթէ կը զգաս որ եղբայր մը կամ քոյր մը քեզի հետ գէշ կերպով կը վարուի, հանդարտ մնա՛ եւ ջանք ըրէ, որ ժխտական զգացումներդ զսպես։ Կրնայ ըլլալ որ չես գիտեր թէ ի՛նչ պարագաներու տակ անհատը այդ խօսքը ըսաւ կամ այդ բանը ըրաւ։ Անոր համար, Եհովային աղօթէ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ հարցերը այդ անհատին տեսանկիւնէն դիտելու։ Այդպէս ընելը քեզի կրնայ օգնել, որ մտածես թէ հաւատակիցիդ միտքին մէջ չկար գէշ կերպով վարուիլ, եւ ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ իրեն ներես (Առ. 19։11)։ Յիշէ որ Եհովան պարագայէդ տեղեակ է եւ քեզի ուժը պիտի տայ, որ դիմանաս (Բ. Մն. 16։9. Ժող. 5։8

ԵՐԲ ՍՐԲԱԳՐՈՒԻՆՔ

6. Ինչո՞ւ կարեւոր է հասկնալ որ Եհովան մեզ կը սրբագրէ, քանի որ կը սիրէ (Եբրայեցիս 12։5, 6, 11

6 Սրբագրութիւնը կրնայ մէկու մը զգացական ցաւ պատճառել։ Բայց եթէ կեդրոնանանք այդ ցաւին վրայ, կրնանք սկսիլ մտածել թէ մեզի տրուած սրբագրութիւնը անարդար էր, մեզի պէտք չէր տրուէր կամ շատ խիստ էր։ Այդպէս մտածելը պիտի չձգէ, որ շատ կարեւոր բան մը հասկնանք, որ է՝ թէ Եհովան մեզ կը սրբագրէ, քանի որ կը սիրէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։5, 6, 11)։ Եթէ թոյլ տանք, որ զգացումները մեր վրայ իշխեն, Սատանան կրնայ առիթէն օգտուելով մեր զգացումները չարաչար գործածել։ Իր ուզածն է, որ կրթութիւնը մերժենք եւ նոյնիսկ հեռանանք Եհովայէն եւ ժողովքէն։ Լաւ, եթէ սրբագրուած ես, ինչպէ՞ս կրնաս ‘արթուն կենալ’։

Քանի որ Պետրոս խոնարհ էր եւ իրեն տրուած կրթութիւնը ընդունեց, Եհովան զինք աւելի գործածեց (տե՛ս պարբ. 7)

7. ա) Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, սրբագրութիւնը ընդունելէն ետք՝ Պետրոս Եհովայի կողմէն ինչպէ՞ս գործածուեցաւ։ բ) Ի՞նչ կը սորվիս Պետրոսին օրինակէն։

7 Սրբագրութիւնը ընդունէ եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ։ Յիսուս քանի մը անգամ Պետրոսը սրբագրեց միւս առաքեալներուն առջեւ (Մար. 8։33. Ղուկ. 22։31-34)։ Եւ ասիկա հաւանաբար Պետրոսը ամօթով ձգեց։ Բայց ան հաւատարիմ մնաց Յիսուսին։ Սրբագրութիւնը ընդունեց եւ իր սխալներէն սորվեցաւ։ Անոր համար, Եհովան Պետրոսին հաւատարմութիւնը վարձատրեց, իրեն տալով ժողովքին մէջ լուրջ պատասխանատուութիւններ (Յովհ. 21։15-17. Գործք 10։24-33. Ա. Պետ. 1։1)։ Ի՞նչ կը սորվինք Պետրոսին օրինակէն։ Երբ չենք կեդրոնանար մեր ամօթի զգացումին վրայ, հապա սրբագրումը կ’ընդունինք եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները կ’ընենք, թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները կ’օգտուին։ Այդպէս ընելով, աւելի օգտակար պիտի դառնանք թէ՛ Եհովային եւ թէ մեր եղբայրներուն։

8-9. Սրբագրուելէն ետք, Պերնարտոն սկիզբը ի՞նչ զգաց, բայց ի՞նչ բան իրեն օգնեց, որ իր մտածելակերպը սրբագրէ։

8 Նկատի առ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Մոզամպիկի մէջ Պերնարտօ անունով եղբօր մը։ Պերնարտոյէն երէց ըլլալու առանձնաշնորհումը առնուեցաւ։ Ան սկիզբը ի՞նչ զգաց։ Պերնարտոն կ’ըսէ. «Ես նեղացայ, քանի որ համաձայն չէի ինծի տրուած սրբագրութեան»։ Ան մտահոգ էր, թէ ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ատկէ յետոյ ի՛նչ աչքով զինք պիտի դիտէին։ Ան կը խոստովանի. «Հետս քանի մը ամիս առաւ, որ հարցերը ճիշդ տեսանկիւնէն դիտեմ ու Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնս վերագտնեմ»։ Ի՞նչը Պերնարտոյին օգնեց, որ իր կեցուածքը փոխէ։

9 Պերնարտոն սրբագրեց իր մտածելակերպը։ Ան կը բացատրէ. «Երբ երէց էի, Եբրայեցիս 12։7–ն կը գործածէի ուրիշներուն օգնելու, որ Եհովայի կրթութեան հանդէպ ճիշդ տեսակէտը ունենան։ Հիմա ես ինծի հարց տուի. ‘Այս աստուածաշնչական համարը որո՞ւն համար գրուած է’։ Եհովայի բոլո՛ր ծառաներուն համար՝ մէջը ըլլալով ես»։ Ետքը, Պերնարտոն քայլեր առաւ, որ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան ետ վստահի։ Ան սկսաւ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար եւ խորապէս սերտել եւ անոր վրայ լրջօրէն խոկալ։ Եւ թէեւ ան տակաւին կը մտահոգուէր, որ ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ կը մտածէին իր մասին, անոնց հետ ծառայութեան ելաւ եւ ժողովներու մասնակցեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, Պերնարտոն նորէն երէց նշանակուեցաւ։ Եթէ դուն ալ, Պերնարտոյին պէս, սրբագրութիւն ստացած ես, ամօթիդ վրայ մի՛ կեդրոնանար, խրատը ընդունէ եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ (Առ. 8։33. 22։4) c։ Եթէ այդպէս ընես, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզ պիտի վարձատրէ իրեն եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ մնալուդ համար։

ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Է ՅԱՐՄԱՐԻԼ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

10. Ի՞նչ կազմակերպչական փոփոխութիւն մը թերեւս փորձեց կարգ մը իսրայէլացիներու հաւատարմութիւնը։

10 Կազմակերպութեան մէջ եղող փոփոխութիւնները կրնան մեր հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնել։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք նոյնիսկ թոյլ տալ որ անոնք մեզ Եհովայէն զատեն։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս իսրայէլացիներէն ոմանք թերեւս ազդուեցան Մովսիսական օրէնքին տակ եղած կազմակերպչական փոփոխութենէ մը։ Օրէնքը հաստատուելէն առաջ, ընտանիքի գլուխները քահանայական պարտականութիւններ կը կատարէին, ինչպէս՝ զոհասեղաններ շինել եւ Եհովային զոհեր մատուցանել իրենց ընտանիքին անունով (Ծն. 8։20, 21. 12։7. 26։25. 35։1, 6, 7. Յոբ 1։5)։ Բայց Օրէնքը հաստատուելէն ետք, ընտանիքի գլուխներ այլեւս չէին կրնար այս առանձնաշնորհումը ունենալ, քանի որ Եհովան Ահարոնի ընտանիքէն քահանաներ նշանակեց զոհեր մատուցանելու համար։ Եթէ ընտանիքի գլուխ մը, որ Ահարոնի սերունդէն չէր քահանայական պարտականութիւն մը կատարէր, կրնար մեռցուիլ (Ղեւ. 17։3-6, 8, 9) d։ Կրնայ ըլլալ որ ասիկա պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչո՛ւ Կորխը, Դաթանը եւ Աբիրոնը եւ 250 գլխաւորներ Մովսէսի եւ Ահարոնի հեղինակութեան դէմ ելան (Թւ. 16։1-3)։ Ամէն պարագայի, Կորխն ու իր ընկերակիցները Եհովային հաւատարիմ չմնացին։ Եթէ կազմակերպութեան մէջ փոփոխութիւններ կ’ըլլան, որոնք քու հաւատարմութիւնդ կը փորձեն, ի՞նչ կրնաս ընել։

Երբ Կահաթեաններուն նշանակումը փոխուեցաւ, անոնք յօժարաբար ծառայեցին որպէս երգիչներ, դռնապաններ կամ գանձերու վերակացուներ (տե՛ս պարբ. 11)

11. Ի՞նչ կը սորվինք Կահաթեաններէն ոմանց օրինակէն։

11 Լիովին թիկունք կանգնէ կազմակերպչական փոփոխութիւններուն։ Երբ իսրայէլացիները անապատին մէջ կը ճամբորդէին, ղեւտացի Կահաթեանները կարեւոր նշանակում մը ունէին։ Ամէն անգամ որ իսրայէլացիներուն բանակը կը փոխադրուէր, Կահաթեաններէն ոմանք պէտք էր ժողովուրդին առջեւէն երթալով՝ ուխտին տապանակը շալկէին (Թւ. 3։29, 31. 10։33. Յես. 3։2-4)։ Ասիկա մե՜ծ առանձնաշնորհում մըն էր։ Բայց երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկրին մէջ հաստատուեցան, Կահաթեաններուն նշանակումը փոխուեցաւ։ Այլեւս պէտք չկար ուխտին տապանակը միշտ տեղէ տեղ փոխադրելու։ Երբ Սողոմոն կը թագաւորէր, Կահաթեաններէն ոմանք նշանակուեցան որպէս՝ երգիչներ, դռնապաններ եւ գանձերու վերակացուներ (Ա. Մն. 6։31-33. 26։1, 24)։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ տեղ մը չէ գրուած, որ Կահաթեանները գանգատեցան կամ պահանջեցին աւելի կարեւոր նշանակումներ, քանի որ անցեալին յատուկ նշանակում մը ունէին։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Ամբողջ սրտովդ թիկունք կանգնէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, նոյնիսկ եթէ անոնք քու նշանակումիդ կ’ազդեն։ Ուրախութիւն գտիր որեւէ նշանակումի մէջ, որ քեզի կը տրուի։ Յիշէ որ նշանակումդ չէ, որ Եհովայի աչքին քեզ արժէքաւոր կը դարձնէ։ Իրեն համար քու հնազանդութիւնդ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան՝ որեւէ նշանակում (Ա. Թագ. 15։22

12. Զէյնան ի՞նչ զգաց, երբ Բեթէլէն՝ դաշտ նշանակուեցաւ։

12 Նկատի առ Միջին Արեւելքի մէջ Զէյնա անունով քրոջ մը օրինակը, որուն նշանակումը փոխուեցաւ։ Ան աւելի քան 23 տարի Բեթէլի մէջ ծառայելէն ետք՝ դաշտ նշանակուեցաւ։ Ան այդ առանձնաշնորհումը շատ կը գնահատէր։ Զէյնա կ’ըսէ. «Ատիկա զիս շատ ցնցեց։ Զգացի որ գործի չեմ ծառայեր եւ մինչեւ վերջ ես ինծի կը հարցնէի. ‘Ի՞նչ էր սխալս’»։ Ցաւալիօրէն, ժողովքին մէջ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր իրեն աւելի գէշ զգացուցին, ըսելով. «Եթէ գործդ լաւ ընէիր, կազմակերպութիւնը քեզ կը պահէր»։ Որոշ ժամանակ, այնքա՛ն ընկճուած էր, որ ամէն գիշեր կու լար։ Բայց ան կ’ըսէ. «Բնաւ չձգեցի, որ որեւէ բան պատճառ ըլլայ որ Եհովայի եւ կազմակերպութեան սիրոյն նկատմամբ կասկածներ ունենամ»։ Զէյնան ինչպէ՞ս կրցաւ ‘արթուն կենալ’։

13. Զէյնան ի՞նչ ըրաւ, որ իր ժխտական զգացումները յաղթահարէ։

13 Զէյնան կրցաւ իր ժխտական զգացումներուն հետ գլուխ ելլել։ Ինչպէ՞ս։ Ան մեր հրատարակութիւններէն յօդուածներ կարդաց, որոնք կը խօսէին իր խնդիրին մասին։ Իրեն շատ օգնեց «Կրնա՛ք գլուխ ելլել վհատութեան հետ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 փետրուար 2001 թիւին մէջ։ Այդ յօդուածը կը բացատրէ, որ Աստուածաշունչի գրող Մարկոս նոյնանման զգացումներ ունեցաւ, երբ իր նշանակումը փոխուեցաւ։ Զէյնան կ’ըսէ. «Մարկոսին օրինակը ինծի դեղի պէս օգնեց, որ ընկճուածութեանս հետ գլուխ ելլեմ»։ Զէյնան նաեւ իր բարեկամներուն մօտիկ մնաց, ինքզինքը չմեկուսացուց եւ իր անձին վրայ չմեղքցաւ։ Ան անդրադարձաւ, որ Եհովայի հոգին կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը եւ որ պատասխանատու եղբայրները զինք անկեղծօրէն կը հոգային։ Բայց ան նաեւ ըմբռնեց, որ Եհովայի կազմակերպութիւնը պէտք է լաւագոյն լուծումին նայի, որպէսզի Եհովային գործը քալէ։

14. Վլատոյին ինչպիսի՞ կազմակերպչական փոփոխութեան յարմարիլը դժուար էր, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց։

14 Սլովենիայի մէջ, Վլատօ անունով 73 տարեկան երէցի մը համար դժուար էր, երբ իր ժողովքը ուրիշ ժողովքի մը միացաւ եւ Թագաւորութեան սրահը գոցուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ես չէի հասկնար, թէ ինչո՛ւ այդ գեղեցիկ Թագաւորութեան սրահը պէտք էր գոցուէր։ Ինծի համար ատիկա ցաւալի էր, քանի որ վերջերս սրահը նորոգած էինք։ Եւ ես ալ, ատաղձագործ ըլլալով, սրահին համար նոր կահկարասիներ շինած էի։ Ատկէ զատ, այս փոփոխութիւնը շատ մը դժուարութիւններ բերաւ մեզի՝ տարեց հրատարակիչներուս, համար»։ Վլատոյին ի՞նչը օգնեց, որ տրուած ուղղութեան թիկունք կանգնի։ Ան կը բացատրէ. «Եհովայի կազմակերպութեան ըրած փոփոխութիւններուն յարմարիլը միշտ օրհնութիւններ կը բերէ։ Անոնք մեզ կը պատրաստեն ա՛լ աւելի մեծ փոփոխութիւններու, որոնք դեռ ապագային պիտի ըլլան»։ Դուն ալ ունի՞ս նման դժուարութիւններ, քանի որ ժողովքդ ուրիշ ժողովքի մը միացաւ կամ նշանակումդ փոխուեցաւ։ Վստա՛հ եղիր, որ Եհովան զգացումներդ կը հասկնայ։ Երբ թիկունք կը կանգնիս եւ հաւատարիմ կը մնաս իրեն եւ իր կազմակերպութեան, անպայման պիտի օրհնուիս (Սաղ. 18։25

‘ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԻՐ’ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՄԷՋ

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘արթուն կենալ’, երբ ժողովքէն ներս դժուարութիւններ կ’ունենանք։

15 Մինչ այս աշխարհի վերջին կը մօտենանք, կրնանք ակնկալել որ ժողովքին ներսէն դժուարութիւններ պիտի ունենանք։ Եւ այդ դժուարութիւնները կրնան Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձել։ Անոր համար, պէտք է ‘արթուն կենանք’։ Եթէ կը զգաս, թէ հաւատակից մը քեզի հետ գէշ կերպով վարուած է, մի՛ դառնանար։ Եթէ սրբագրուիս, մի՛ կեդրոնանար ամօթի զգացումիդ վրայ, խրատը ընդունէ եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրէ։ Եւ երբ Եհովայի կազմակերպութիւնը փոփոխութիւններ կ’ընէ, որոնք քեզի կ’ազդեն, սրտանց անոնք ընդունէ եւ տրուած ուղղութեան հնազանդէ։

16. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ պահել։

16 Կրնաս Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ պահել, երբ հաւատարմութիւնդ կը փորձուի։ Բայց ատոր համար պէտք է ‘արթուն կենաս’, այսինքն՝ հանդարտ մնաս, յստակօրէն մտածես եւ հարցերը դիտես Եհովայի տեսանկիւնէն։ Անպայման սերտէ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն մասին, որոնք յաջողութեամբ նման պարագաներու հետ գլուխ ելան եւ զանոնք ընդօրինակէ։ Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Եւ բնաւ ժողովքէն մի՛ մեկուսանար։ Այն ատեն, ի՛նչ որ ալ պատահի Սատանան քեզ պիտի չկարենայ Եհովային կամ իր կազմակերպութենէն զատել (Յակ. 4։7

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

a Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը կրնայ փորձուիլ, մանաւանդ երբ ժողովքին մէջ խնդիրներ կ’ունենանք։ Այս յօդուածը կը քննարկէ այդ խնդիրներէն երեքը եւ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ մնանք։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։

c Օգտակար առաջարկներ կրնաս գտնել «Ինչո՞ւ լաւ է որ ետ ձգտիս առանձնաշնորհումներ ունենալու» յօդուածին մէջ, Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2009 թիւին մէջ, էջ 30 (արաբ.)։

d Օրէնքը կը պահանջէր, որ ընտանիքի գլուխ մը որ կ’ուզէր անասուն մը մորթել ուտելու համար, զայն տանէր սրբարան՝ բացի այն ընտանիքի գլուխներէն, որոնք սրբարանէն շատ հեռու կ’ապրէին (Բ. Օր. 12։21