Գիտէի՞ր
Արդեօք Մուրթքէն պատմակա՞ն դէմք էր
ՄՈՒՐԹՔԷ անունով հրեայ մը, Աստուածաշունչի Եսթեր գիրքին մէջ յիշուած դէպքերուն մէջ կարեւոր դեր խաղցաւ։ Ան հրեայ աքսորեալ մըն էր, որ կ’աշխատէր պարսկական թագաւորական պալատին մէջ, Ք.Ա. 5–րդ դարուն սկիզբը՝ «Ասուերոս թագաւոր»ին օրերուն (որ ներկայիս մարդիկ կը հաւատան թէ ան նոյնինքն Քսերքսես Ա.–ն է)։ Մուրթքէն թագաւորը մեռցնելու ծրագրին արգելք եղաւ։ Թագաւորը ասիկա շատ գնահատեց։ Անոր համար, կարգադրութիւն ըրաւ որ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ Մուրթքէին պատիւ տրուի։ Ետքը, Համանին մահէն ետք,– որ Մուրթքէին եւ հրեաներուն թշնամին էր,– թագաւորը Մուրթքէին վարչապետի դիրքը տուաւ։ Այդ դիրքը ունենալով, Մուրթքէն հրաման մը արձակեց, որ ցեղասպանութենէն ազատեց ամբողջ պարսկական կայսրութեան մէջ գտնուող հրեաները (Եսթ. 1։1. 2։5, 21-23. 8։1, 2. 9։16)։
20–րդ դարուն սկիզբը, կարգ մը պատմաբաններ ըսին, որ Եսթեր գիրքը հեքիաթ է եւ թէ Մուրթքէն բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Բայց 1941–ին, հնագէտներ գտան բան մը, որ թերեւս Մուրթքէին մասին Աստուածաշունչին գրածին թիկունք կանգնի։ Անոնք ի՞նչ գտան։
Գիտնականներ գտած են պարսկական սեպագիր մը,– գամի ձեւով քանդակուած գրութիւն մը,– որ կը նշէ Մարտուքա (հայերէն՝ Մուրթքէ) անունով մարդ մը։ Ան Շուշանի մէջ կառավարիչ մըն էր՝ հաւանաբար հաշուապահ։ Այն ժամանակ, որ այս արձանագրութիւնը յայտնաբերուեցաւ, Արթուր Ունկնատ, որ այդ շրջանի պատմութեան մասնագէտ մըն էր, գրեց թէ ատիկա առաջին անգամն էր, որ Մուրթքէն նշուած էր Աստուածաշունչէն զատ ուրիշ արձանագրութեան մը մէջ։
Ունկնատի տեղեկագրութենէն ետք, ուսումնականներ հազարաւոր ուրիշ պարսկական սեպագիրեր թարգմանած են։ Անոնց մէջ կան Պերսեպոլիսի տախտակները, որոնք գտնուեցան Գանձատունին աւերակներուն մէջ՝ քաղաքին պարիսպին քով։ Այս տախտակները մնացած են Քսերքսես Ա.–ի իշխանութեան ժամանակէն։ Անոնք գրուած են Եղամի լեզուով եւ կը պարունակեն քանի մը անուններ, որոնք նշուած են Եսթեր գիրքին մէջ a։
Պերսեպոլիսի տախտակներէն քանի մը հատը կը նշեն Մարտուքային անունը, որ ծառայեց որպէս քարտուղար Շուշանի մէջ գտնուող պալատին մէջ Քսերքսես Ա. թագաւորին իշխանութեան ատեն։ Տախտակներէն մէկը Մարտուքան կը նկարագրէ որպէս թարգմանիչ։ Եւ այդ մանրամասնութիւնը Մուրթքէին մասին Աստուածաշունչին ըսածին համաձայն է։ Մուրթքէն պաշտօնեայ մըն էր, որ ծառայեց Ասուերոս (Քսերքսես Ա.) թագաւորին պալատին մէջ եւ կը խօսէր առնուազն երկու լեզու։ Ան միշտ կը նստէր Շուշանի մէջ գտնուող թագաւորի պալատին դրան առջեւ (Եսթ. 2։19, 21. 3։3)։ Դուռը մեծ շէնք մըն էր, ուր պալատին պաշտօնեաները կ’աշխատէին։
Հետաքրքրական նմանութիւններ կան տախտակներուն մէջ յիշուած Մարտուքային եւ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Մուրթքէին միջեւ։ Երկուքն ալ կ’ապրէին նոյն ժամանակ ու նոյն տեղը եւ կ’աշխատէին նոյն տեղը որպէս արքայական պաշտօնեաներ։ Հաւանաբար, այս բոլոր նմանութիւնները ցոյց կու տան որ Մարտուքան եւ Մուրթքէն նոյն անձն են։
a 1992–ին, փրոֆէսօր Էտվին Մ. Եամաուչին գրեց յօդուած մը, անոր մէջ նշելով տասը անուններ Պերսեպոլիսի գրութիւններէն, որոնք նաեւ կը գտնուին Եսթեր գիրքին մէջ։