Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք

«[Անոնք] պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ» (ԵԶԵԿ. 2։5

ԵՐԳ 92 «Խօսքը քարոզէ՛»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչ կրնանք ակնկալել, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

 ՄԵՆՔ կ’ակնկալենք որ մինչ մեր քարոզչութիւնը կը կատարենք, հակառակութեան պիտի հանդիպինք։ Եւ ապագային այդ հակառակութիւնը պիտի աւելնայ (Դան. 11։44. Բ. Տիմ. 3։12. Յայտ. 16։21)։ Բայց մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պէտք եղած օգնութիւնը պիտի տայ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ անցեալին Եհովան միշտ իր ծառաներուն օգնած է, որ իրենց նշանակումները կատարեն՝ որքա՛ն ալ ատոնք դժուար ըլլային։ Օրինակ, նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր Եզեկիէլ մարգարէի կեանքէն, որ Բաբելոնի մէջ աքսորեալ հրեաներուն քարոզեց։

2. Եհովան ինչպէ՞ս նկարագրեց այն մարդիկը, որոնց Եզեկիէլ պիտի քարոզէր, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (Եզեկիէլ 2։3-6

2 Եզեկիէլ ի՞նչ տեսակ մարդոց պիտի քարոզէր։ Եհովան անոնց համար ըսաւ, որ «պնդերես», «խստասիրտ» եւ «ապստամբ» էին։ Անոնք կարիճներու պէս վնասակար ու վտանգաւոր էին։ Անոր համար, զարմանալի չէ որ Եհովան կրկին անգամ Եզեկիէլին ըսաւ. «Մի՛ վախնար» (կարդա՛ Եզեկիէլ 2։3-6)։ Եզեկիէլ կրցաւ իր քարոզելու նշանակումը կատարել, քանի որ 1) Եհովային կողմէ ղրկուած էր, 2) Եհովայի հոգին իրեն ոյժ տուաւ, եւ 3) Եհովային խօսքերը իր հաւատքը զօրացուցին։ Այս երեք բաները ինչպէ՞ս Եզեկիէլին օգնեցին։ Եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել այսօր։

ԵԶԵԿԻԷԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿՈՂՄԷ ՂՐԿՈՒԱԾ ԷՐ

3. Ի՞նչ խօսքեր Եզեկիէլը զօրացուցած ըլլալու էին, եւ Եհովան ինչպէ՞ս վստահեցուց որ իրեն պիտի օգնէր։

3 Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ. «Ես քեզ. . . կը ղրկեմ» (Եզեկ. 2։3, 4)։ Այս խօսքերը Եզեկիէլը զօրացուցած ըլլալու էին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան վստահաբար յիշեց, որ Եհովան նոյնանման խօսքեր ըսած էր Մովսէսին ու Եսայիին, երբ զիրենք նշանակեց որպէս մարգարէներ (Ել. 3։10. Եսա. 6։8)։ Եզեկիէլ նաեւ գիտէր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնած էր որ դժուարութիւններ յաղթահարէին։ Անոր համար, երբ Եհովան երկու անգամ իրեն ըսաւ. «Ես քեզ. . . կը ղրկեմ», լաւ պատճառ ունէր վստահ ըլլալու թէ ան իրեն պիտի օգնէր։ Ատկէ զատ, Եզեկիէլ գիրքին մէջ կրկին անգամ եկած է՝ «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ» (Եզեկ. 3։16. 6։1)։ Ուրեմն, վստահաբար Եզեկիէլ համոզուած էր թէ Եհովան զինք ղրկած էր։ Ասկէ զատ, ան քահանայի որդի ըլլալով, հաւանաբար գիտէր թէ ինչպէ՛ս Եհովան պատմութեան ընթացքին իր մարգարէները վստահեցուց որ իրենց հետ էր։ Ան Իսահակին, Յակոբին եւ Երեմիային ըսած էր. «Ես քեզի հետ եմ» (Ծն. 26։24. 28։15. Եր. 1։8

4. Հաւանաբար ի՞նչ մխիթարական միտքեր Եզեկիէլին ոյժ տուին։

4 Իսրայէլացիները ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէին Եզեկիէլի քարոզչութեան։ Եհովան ըսաւ. «Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել» (Եզեկ. 3։7)։ Ուրեմն, Եզեկիէլը մերժելով, իսրայէլացիները մերժած պիտի ըլլային Եհովան։ Եհովային խօսքերը Եզեկիէլը վստահեցուցին, որ մարդոց կողմէ մերժուիլը չէր նշանակէր որ ան ձախող էր որպէս մարգարէ։ Եհովան նաեւ զինք վստահեցուց, որ երբ իր ծանուցանած դատաստանները կատարուէին, մարդիկ ‘պիտի գիտնային թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար’ (Եզեկ. 2։5. 33։33)։ Այս մխիթարական միտքերը անկասկած Եզեկիէլին ոյժ տուին, որ իր ծառայութիւնը կատարէ։

ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿՈՂՄԷ՝ ԱՅՍՕՐ

Եզեկիէլի օրուան պէս, թերեւս մարդիկ անտարբեր ըլլան եւ հակառակին, բայց գիտենք որ Եհովան մեզի հետ է (տե՛ս պարբ. 5-6)

5. Եսայի 44։8–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեզի ոյժ կու տայ։

5 Մենք ոյժ կ’առնենք գիտնալով, որ Եհովայի կողմէ ղրկուած ենք։ Եհովան մեզ պատուած է՝ կոչելով իր «վկաները» (Եսա. 43։10)։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը։ Ինչպէս որ ան Եզեկիէլին ըսաւ՝ «Մի՛ վախնար», մեզի ալ կ’ըսէ՝ «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք»։ Ուրեմն, ինչո՞ւ պատճառ չունինք հակառակորդներէն վախնալու։ Քանի որ Եզեկիէլին պէս Եհովային կողմէ ղրկուած ենք եւ ան մեզի պիտի օգնէ (կարդա՛ Եսայի 44։8

6. ա) Եհովան ինչպէ՞ս մեզ կը վստահեցնէ, որ մեզի պիտի օգնէ։ բ) Ի՞նչ բան մեզ կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ։

6 Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ մեզի պիտի օգնէ։ Օրինակ, «Իմ վկաներս դուք էք» խօսքը ըսելէն առաջ, ան ըսաւ. «Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ» (Եսա. 43։2)։ Ծառայութեան մէջ, ատեններ հեղեղի նմանող դժուարութիւններէ կ’անցնինք եւ՝ կրակի նմանող փորձութիւններէ։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ կը շարունակենք քարոզել (Եսայի 41։13)։ Եզեկիէլի օրուան պէս, այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը մեր պատգամը կը մերժէ։ Բայց ատիկա չի նշանակեր որ մենք ձախող ենք։ Մենք կը մխիթարուինք ու կը զօրանանք, գիտնալով որ Եհովան մեզի կը հաճի, երբ հաւատարմօրէն կը շարունակենք քարոզել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը» (Ա. Կոր. 3։8. 4։1, 2)։ Երկար տարիներ ռահվիրայ եղած քոյր մը կ’ըսէ. «Կ’ուրախանամ գիտնալով որ Եհովան մեր ջանքերը կը վարձատրէ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ ԵԶԵԿԻԷԼԻՆ ՈՅԺ ՏՈՒԱՒ

Եզեկիէլ տեսիլքի մը մէջ կը տեսնէ Եհովային երկնային կառքը, որ կը զօրացնէ իր համոզումը թէ Եհովան իրեն պիտի օգնէ իր ծառայութիւնը կատարելու (տե՛ս պարբ. 7)

7. Եզեկիէլի տեսած տեսիլքը հաւանաբար իրեն ինչպէ՞ս կ’ազդէր, երբ ատոր վրայ մտածէր (տե՛ս կողքին նկարը)։

7 Եզեկիէլ տեսաւ թէ Աստուծոյ հոգին որքա՜ն զօրաւոր է։ Տեսիլքի մը մէջ, ան տեսաւ թէ Եհովայի սուրբ հոգին ինչպէ՛ս զօրաւոր հոգեղէն արարածներու կ’օգնէր եւ երկնային կառքին հսկայ անիւները կը շարժէր (Եզեկ. 1։20, 21)։ Ասիկա տեսնելով Եզեկիէլ ի՞նչ ըրաւ։ Ան եղածը գրեց. «Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ»։ Այո, ան ապշած գետին ինկաւ (Եզեկ. 2։1)։ Ետքը, երբ որ ան այդ հիանալի տեսիլքին վրայ խոկար, հաւանաբար իր համոզումը կ’աւելնար, որ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենար իր ծառայութիւնը կատարել։

8-9. ա) Եհովային պատուէրը Եզեկիէլին ի՞նչ տուաւ։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս Եզեկիէլին զօրութիւն տուաւ, որպէսզի իր դժուար թաղամասին մէջ քարոզէր։

8 Եհովան Եզեկիէլին պատուէր տուաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։ Այս պատուէրը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հոգին, Եզեկիէլին պէտք եղած ուժը տուին որ ոտքի ելլէ։ Եզեկիէլ գրեց. «Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց» (Եզեկ. 2։1, 2)։ Անկէ ետք, իր ծառայութեան ընթացքին, Աստուծոյ «ձեռքը»՝ սուրբ հոգին, զինք առաջնորդեց (Եզեկ. 3։22. 8։1. 33։22. 37։1. 40։1)։ Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլը զօրացուց, որ կարենար իր նշանակումը կատարել, որ էր՝ քարոզել իր թաղամասի «պնդերես ու խստասիրտ» մարդոց (Եզեկ. 3։7)։ Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ. «Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր» (Եզեկ. 3։8, 9)։ Կարծես թէ Եհովան Եզեկիէլին կ’ըսէր. ‘Մի՛ ձգեր որ իրենց յամառութիւնը քեզ ընկճէ։ Ես քեզ պիտի զօրացնեմ’։

9 Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլը տարաւ իր քարոզելու թաղամասը։ Եզեկիէլ գրեց. «Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ»։ Իրեն հետ մէկ շաբաթ առաւ որ պատգամը ըմբռնէ, որպէսզի կարենայ զայն համոզումով փոխանցել (Եզեկ. 3։14, 15)։ Ետքը, Եհովան իրեն ըսաւ որ դաշտ մը երթայ, ուր ‘հոգին իր վրայ եկաւ’ (Եզեկ. 3։23, 24)։ Եզեկիէլ պատրաստ էր իր ծառայութիւնը սկսելու։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ ՄԵԶԻ ՈՅԺ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՅՍՕՐ

Եզեկիէլի պարագային պէս, ներկայիս ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք (տե՛ս պարբ. 10)

10. Քարոզելու համար ի՞նչ օգնութեան պէտք ունինք, եւ ինչո՞ւ։

10 Ի՞նչ օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի քարոզելու գործը կատարենք։ Պատասխանը գտնելու համար, յիշէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Եզեկիէլին։ Քարոզելէ առաջ, Աստուծոյ հոգին Եզեկիէլին պէտք եղած ուժը տուաւ։ Ինչպէս էր Եզեկիէլի պարագան, մենք ալ այսօր միայն Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ է որ կրնանք մեր քարոզչութիւնը կատարել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան մեզի դէմ կը պատերազմի, որպէսզի մեր քարոզչութիւնը կեցնէ (Յայտ. 12։17)։ Մարդկային տեսանկիւնէն այնպէս կ’երեւի որ Սատանան այնքա՛ն զօրաւոր է, որ մենք չենք կրնար իրեն դէմ պայքարիլ։ Բայց երբ վկայենք, Սատանային կը յաղթե՛նք (Յայտ. 12։9-11)։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, ցոյց կու տանք որ Սատանային սպառնալիքները մեզ չեն վախցներ։ Այդպէս, ամէն անգամ որ կը քարոզենք, Սատանան կը պարտուի։ Ուրեմն, երբ որ մենք կը շարունակենք քարոզել հակառակութեան դիմաց, ասիկա ի՞նչ բան ցոյց կու տայ։ Ատիկա ցոյց կու տայ, թէ սուրբ հոգին մեզ կը զօրացնէ եւ թէ մենք ունինք Եհովային հաճութիւնը (Մատ. 5։10-12. Ա. Պետ. 4։14

11. Աստուծոյ հոգին մեզի համար ի՞նչ պիտի ընէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք շարունակ զայն ստանալ։

11 Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ գիտնալով, որ Եհովան Եզեկիէլի երեսն ու ճակատը պինդ ըրաւ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի պէտք եղած զօրութիւնը տալ, որպէսզի որեւէ խնդիր յաղթահարենք (Բ. Կոր. 4։7-9)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի շարունակենք սուրբ հոգին ստանալ։ Պէտք է յարատեւօրէն աղօթենք, համոզուած ըլլալով որ Եհովան մեր աղօթքները պիտի լսէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, ըսելով. «Խնդրեցէք,. . . փնտռեցէք,. . . դուռը զարկէք»։ Եհովան պիտի պատասխանէ՝ ‘սուրբ հոգին տալով անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’ (Ղուկ. 11։9, 13. Գործք 1։14. 2։4

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԵՐԸ ԵԶԵԿԻԷԼԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՈՒՑԻՆ

12. Եզեկիէլ 2։9–3։3–ի համաձայն, տոմսը ուրկէ՞ կու գար, եւ անոր վրայ ի՞նչ գրուած էր։

12 Եզեկիէլ ոչ միայն Աստուծոյ հոգիէն ոյժ առաւ, հապա նաեւ իր հաւատքը զօրացաւ Աստուծոյ խօսքերով։ Տեսիլքով Եզեկիէլ տեսաւ ձեռք մը, որ տոմս մը երկարած էր (կարդա՛ Եզեկիէլ 2։9–3։3)։ Այդ տոմսը ուրկէ՞ կու գար։ Անոր վրայ ի՞նչ գրուած էր։ Եւ Եզեկիէլ ինչպէ՞ս անով զօրացաւ։ Անիկա կու գար Աստուծոյ գահէն։ Հաւանաբար, Եհովան գործածեց Եզեկիէլի տեսած չորս հրեշտակներէն մէկը, որ իրեն այդ տոմսը տար (Եզեկ. 1։8. 10։7, 20)։ Տոմսին վրայ գրուած էին Աստուծոյ խօսքերը՝ խիստ դատաստանական պատգամ մը, որ Եզեկիէլ պէտք էր տար այդ ապստամբ աքսորեալներուն (Եզեկ. 2։7)։ Այդ պատգամը գրուած էր տոմսին երկու կողմերը։

13. Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ որ տոմսին հետ ի՞նչ ընէ, եւ անիկա ինչո՞ւ քաղցր էր։

13 Եհովան իր մարգարէին ըսաւ, որ տոմսը ուտէ եւ անով իր ‘փորն ու աղիքները լեցնէ’։ Եզեկիէլ անոր հնազանդելով տոմսը կերաւ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Եզեկիէլ պէտք էր լիովին հասկնար մարդոց տրուելիք պատգամը, այսինքն՝ պատգամը պէտք էր իր մէկ մասը դառնար, ազդելով իր ամենաներքին զգացումներուն։ Այն ատեն, զարմանալի բան մը եղաւ. Եզեկիէլ զգաց որ տոմսը «մեղրի պէս անոյշ էր» (Եզեկ. 3։3)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եզեկիէլի համար Եհովան ներկայացնելը մեծ պատիւ էր եւ քաղցր ու ախորժելի փորձառութիւն մը (Սաղ. 19։8-11)։ Ան շատ շնորհակալ էր, որ Եհովան զինք նշանակած էր որ իր մարգարէն ըլլար։

14. Ի՞նչ բան Եզեկիէլին օգնեց, որ պատրաստ ըլլայ իր նշանակումը սկսելու։

14 Ետքը, Եհովան Եզեկիէլին ըսաւ. «Իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛» (Եզեկ. 3։10)։ Այս խօսքերով, Եհովան կ’ուզէր որ Եզեկիէլ տոմսին վրայ գրուած խօսքերը իր միտքը պահէր եւ անոնց վրայ խոկար։ Երբ Եզեկիէլ այդպէս ըրաւ, իր հաւատքը զօրացաւ։ Ատկէ զատ, Եզեկիէլ մարդոց յայտնելիք զօրաւոր պատգամ մը ունեցաւ (Եզեկ. 3։11)։ Աստուծոյ պատգամը իր սրտին մէջ եւ շրթներուն վրայ ըլլալով՝ Եզեկիէլ պատրաստ էր իր նշանակումը սկսելու եւ ամբողջացնելու (համեմատէ՛ Սաղմոս 19։14

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԵՐԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆ ԱՅՍՕՐ

15. Տոկալու համար, ի՞նչ բան պէտք է ‘մեր սրտին մէջ ընդունինք’։

15 Մեր ծառայութեան մէջ տոկալու համար, մենք ալ պէտք է թոյլ տանք որ Աստուծոյ խօսքերը շարունակեն մեր հաւատքը զօրացնել։ Պէտք է ‘մեր սրտին մէջ ընդունինք’ ամէն ինչ որ Եհովան մեզի կը խօսի։ Ներկայիս, ան մեզի կը խօսի Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ Խօսքը տակաւին կ’ազդէ մեր մտածումներուն, զգացումներուն եւ նպատակներուն։

16. Ի՞նչ պէտք է ընենք Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն աւելի լաւ ըմբռնել։

16 Ինչպէս որ ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալու համար մենք պէտք է կերակուր ուտենք եւ զայն մարսենք, հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլալու համար պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ անոր վրայ խոկանք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք տոմսին մասին դասը։ Ան կ’ուզէ որ մեր ‘փորն ու աղիքները լեցնենք’ իր Խօսքով, այսինքն՝ զայն լաւ ըմբռնենք։ Ասիկա կրնանք ընել աղօթելով, կարդալով ու խոկալով։ Նա՛խ, կ’աղօթենք՝ մեր սիրտը պատրաստելու համար որ Աստուծոյ մտածումները ընդունի։ Ետքը, Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդանք։ Անկէ ետք, կը կենանք ու խորապէս կը մտածենք մեր կարդացածին վրայ։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ո՛րքան աւելի խոկանք, ա՛յնքան աւելի պիտի հասկնանք Աստուծոյ Խօսքը եւ անիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։

17. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացածին վրայ խոկանք։

17 Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչը կարդանք ու անոր վրայ խոկանք։ Այդպէս ընելը մեզի ներքին զօրութիւն կու տայ թէ՛ հիմա՝ որպէսզի Թագաւորութեան պատգամը քարոզենք, եւ թէ մօտ ապագային՝ որպէսզի դատաստանական խիստ պատգամը ծանուցանենք։ Եւ երբ Եհովայի հոյակապ յատկութիւններուն վրայ կը խոկանք, իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը զօրանայ։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Մենք քաղցր ու հաճելի բան մը պիտի վայելենք. ներքին խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն (Սաղ. 119։103

ՀԱՄԲԵՐԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՈՒՆԻՆՔ

18. Մեր թաղամասի մարդիկը ի՞նչ բան պիտի ստիպուին ընդունիլ, եւ ինչո՞ւ։

18 Եզեկիէլ ներշնչուած էր մարգարէանալու, բայց մենք՝ ոչ։ Սակայն մենք վճռած ենք քարոզել Աստուածաշունչի ներշնչեալ պատգամը, մինչեւ որ Եհովան բաւարար սեպէ։ Այսպէս, երբ դատաստանի ժամանակը գայ, մեր թաղամասի մարդիկը պիտի չկարենան ըսել որ Աստուած զիրենք չզգուշացուց կամ անտեսեց (Եզեկ. 3։19. 18։23)։ Անոնք պիտի ստիպուին ընդունիլ, որ մեր քարոզած պատգամը Աստուծմէ էր։

19. Ի՞նչ բաներ մեզի ոյժ պիտի տան, որ մեր ծառայութիւնը կատարենք։

19 Ի՞նչը մեզի ոյժ պիտի տայ որ շարունակենք մեր ծառայութիւնը կատարել։ Այն նոյն բաները, որոնք Եզեկիէլին ոյժ տուին։ Մենք կը շարունակենք քարոզել, քանի որ Եհովային կողմէ ղրկուած ենք, իր սուրբ հոգին մեզի ոյժ կու տայ եւ իր Խօսքը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Եհովային օգնութեամբ, կը մղուինք մեր ծառայութիւնը կատարելու եւ «մինչեւ վերջը» համբերելու (Մատ. 24։13

ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ

a Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովան Եզեկիէլ մարգարէին օգնեց, որ իր քարոզելու նշանակումը կատարէ։ Մինչ ատիկա նկատի կ’առնենք, մեր վստահութիւնը պիտի զօրանայ, որ Եհովան մեզի ալ պիտի օգնէ մեր ծառայութեան մէջ։