Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ ուրախութեամբ տոկանք

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ ուրախութեամբ տոկանք

«Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի» (ԵՍԱ. 30։18

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. ա) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։ բ) Ի՞նչը ցոյց կու տայ, որ Եհովան պատրաստ է մեզի օգնելու։

 ԵՀՈՎԱՆ կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք եւ ուրախութիւն գտնենք մեր սուրբ ծառայութեան մէջ։ Ի՞նչ կերպերով։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր տուած օգնութենէն լիովին օգտուիլ։ Յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն։ Բայց ատկէ առաջ տեսնենք, թէ արդեօք Եհովան իսկապէս կ’ուզէ՞ մեզի օգնել։

2 Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ գործածեց բառ մը, որ մեզի կ’օգնէ այս հարցումին պատասխանը առնելու։ Պօղոս գրեց. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ» (Եբ. 13։6)։ Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւններ կ’ըսեն, որ «օգնական» թարգմանուած բառը կ’ակնարկէ մէկու մը, որ կը վազէ օգնելու անհատի մը, որ օգնութիւն կը խնդրէ։ Երեւակայէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’աճապարէ, որ հասնի եւ ազատէ նեղութեան մէջ եղող մէկը։ Վստահաբար, կը համաձայնիս որ այս նկարագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կը փափաքի,– այո, պատրա՛ստ է,– մեր Օգնականը ըլլալու։ Եւ Եհովան մեր կողքին ունենալով կրնանք ուրախութեամբ դիմանալ որեւէ փորձութեան։

3. Եհովան ի՞նչ երեք կերպերով մեզի կ’օգնէ, որ ուրախութեամբ դիմանանք մեր փորձութիւններուն։

3 Եհովան ի՞նչ երեք կերպերով մեզի կ’օգնէ, որ ուրախութեամբ դիմանանք մեր փորձութիւններուն։ Եսայի գիրքը կ’օգնէ, որ այդ կերպերը տեսնենք։ Ինչպէ՞ս կ’օգնէ։ Եսայիի գրած մարգարէութիւններէն շատեր այսօր Աստուծոյ ծառաներուն կը կիրարկուին։ Ասկէ զատ, Եսային յաճախ Եհովան կը նկարագրէ այնպէս մը, որ մեզի դիւրին է հասկնալ։ Օրինակի համար, նկատի առնենք Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխը։ Եսային Եհովան կը նկարագրէ այնպիսի լեզուով, որ մեր միտքին մէջ պատկերներ կը գծէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս. 1) մեզի ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ եւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, 2) մեզ կ’առաջնորդէ, եւ 3) մեզի օրհնութիւններ կու տայ հիմա՛ եւ ապագային։ Աւելի մօտէն նկատի առնենք այս երեք կերպերը։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶԻ ՄՏԻԿ Կ’ԸՆԷ

4. ա) Եհովան ինչպէ՞ս նկարագրեց Եսայիի օրերու հրեաները, եւ թոյլ տուաւ որ անոնց ի՞նչ պատահի։ բ) Եհովան յոյս տուող ի՞նչ պատգամ մը ունէր հաւատարիմներուն համար (Եսայի 30։18, 19

4 Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխին սկիզբը Եհովան հրեաները կը նկարագրէ որպէս «ապստամբ տղաքներ», որոնք ‘մեղք մեղքի վրայ կ’աւելցնեն’։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է,. . . որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր» (Եսա. 30։1, 9)։ Քանի որ անոնք մերժեցին Եհովային մտիկ ընել, Եսային մարգարէացաւ որ Եհովան թոյլ պիտի տար, որ անոնց վրայ աղէտ գար (Եսա. 30։5, 17. Եր. 25։8-11)։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, երբ բաբելոնացիները զանոնք գերութեան տարին։ Սակայն հրեաներուն մէջ հաւատարիմներ կային, որոնց համար Եսային յոյս տուող պատգամ մը ունէր։ Ան անոնց ըսաւ, որ օր մը Եհովան իրենց նորէն պիտի հաճէր (կարդա՛ Եսայի 30։18, 19)։ Իրապէս ալ, Եհովան անոնց գերութեան վերջ դրաւ։ Բայց ատիկա մէկ անգամէն տեղի չունեցաւ։ «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ» խօսքը ցոյց տուաւ, որ հաւատարիմները ազատուելէ առաջ ժամանակ պիտի անցնէր։ Իրողութիւնը այն է, որ իսրայէլացիները 70 տարի անցուցին Բաբելոնի գերութեան մէջ՝ առաջ որ մնացորդ մը վերադառնայ Երուսաղէմ (Եսա. 10։21. Եր. 29։10)։ Երբ վերադարձան իրենց հայրենիքը, իրենց տխրութիւնը փոխուեցաւ ուրախութեան։

5. Եսայի 30։19–ն մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ։

5 Այսօր մենք կրնանք մխիթարուիլ այս խօսքերով. «Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի» (Եսա. 30։19)։ Եսային մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան ուշադրութեամբ մեզի մտիկ պիտի ընէ, երբ Իրեն աղաղակենք եւ շուտով պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ան կ’աւելցնէ. «Քեզի պատասխան պիտի տայ»։ Այս խօսքերէն կը տեսնենք, որ Եհովան զօրաւոր փափաք ունի օգնելու անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։ Եւ ասիկա գիտնալը մեզի կ’օգնէ, որ ուրախութեամբ դիմանանք։

6. Եսայիին խօսքերը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ Եհովան իր ամէն մէկ ծառային աղօթքները կը լսէ։

6 Այս համարը աղօթքներուն նկատմամբ ուրիշ ի՞նչ կերպով վստահութիւն կու տայ մեզի։ Անիկա մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան մեր ամէն մէկուն աղօթքին ուշադրութիւն կը դարձնէ։ Ինչո՞ւ կրնանք այդպէս ըսել։ Քանի որ Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխին առաջին մասին մէջ, «դուք» դերանունը կը գործածուի, որովհետեւ Եհովան իր ժողովուրդին կը խօսի, բայց 19–րդ համարին մէջ «քեզի» դերանունը գործածուած է, քանի որ Եհովան կը խօսի անհատներու։ Եսային կը գրէ. «Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս», «քեզի պիտի ողորմի», «քեզի պատասխան պիտի տայ»։ Քանի որ Եհովան սիրալիր Հայր է, ան իր ընկճուած տղուն կամ աղջկան չ’ըսեր. «Պէտք է եղբօրդ կամ քրոջդ պէս զօրաւոր ըլլաս»։ Փոխարէնը, ան մեզի անհատապէս հոգ կը տանի եւ իւրաքանչիւրիս աղօթքին ականջ կու տայ (Սաղ. 116։1. Եսա. 57։15

Եսային ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ «[Եհովային] հանգստութիւն մի՛ տաք» (տե՛ս պարբ. 7)

7. Եսայի եւ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուին, որ պէտք է անդադար աղօթենք։

7 Երբ Եհովային կը դիմենք հարցի մը շուրջ, որ մեզ կը մտահոգէ, Եհովան անմիջապէս մեզի ոյժ կու տայ, որպէսզի պարագային հետ գլուխ ելլենք։ Բայց եթէ խնդիրը մեր յուսացած ժամանակին չլուծուի, թերեւս պէտք ըլլայ որ Եհովայէն կրկին անգամ զօրութիւն խնդրենք որ դիմանանք։ Եւ ինք մեզմէ կը խնդրէ որ այդպէս ընենք, ինչպէս Եսայիի խօսքերը ցոյց կու տան. «[Եհովային] հանգստութիւն մի՛ տաք» (Եսա. 62։7)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովային պէտք է ա՛յնքան աղօթենք, որ կարծես թէ հանգիստ չտանք իրեն։ Եսայիին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն աղօթքին մասին Յիսուսին բերած օրինակները, որոնք կը գտնուին Ղուկաս 11։8-10 եւ 13–ին մէջ։ Հոն Յիսուս մեզ կը քաջալերէ, որ աղօթենք «թախանձանք»ով,– այսինքն՝ ձանձրացնելու չափ,– եւ շարունակենք սուրբ հոգին խնդրել։ Ասկէ զատ, կրնանք Եհովային աղաչել որ մեզի տայ առաջնորդութիւն, որպէսզի կարենանք ճիշդ որոշումներ առնել։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

8. Անցեալին, Եսայի 30։20, 21–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կատարուեցան։

8 Կարդա՛ Եսայի 30։20, 21։ Երբ բաբելոնացիները մէկուկէս տարի պաշարեցին Երուսաղէմը, ժողովուրդին համար նեղութիւն քաշելը հացի եւ ջուրի պէս սովորական բան մը եղաւ։ Բայց 20–րդ եւ 21–րդ համարներուն համաձայն, Եհովան հրեաներուն խոստացաւ, որ եթէ զղջային եւ իրենց գործերը փոխէին, ան զիրենք պիտի ազատէր։ Եհովայի մասին խօսելով որպէս «ուսուցիչներդ», այսինքն՝ «Մեծ Ուսուցիչդ» (ՆԱ), Եսային ժողովուրդին խոստացաւ, որ Եհովան իրենց պիտի սորվեցնէր, թէ ինչպէ՛ս զինք ընդունելի կերպով պաշտեն։ Այդ խոստումը իրականացաւ, երբ հրեաները գերութենէն ազատ արձակուեցան։ Եհովան Ուսուցիչ եղաւ եւ զանոնք առաջնորդեց, որ յաջողութեամբ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեն։ Այսօր, մենք ալ օրհնուած ենք որ ունինք Եհովան՝ որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը։

9. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որով Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ այսօր։

9 Եսային կը շարունակէ պատկերաւոր լեզու գործածել։ Ան մեզ կը նկարագրէ որպէս աշակերտներ, որոնք Եհովայէն երկու կերպերով կը սորվին։ Եսային նա՛խ կ’ըսէ. «Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն»։ Հոս, մեր միտքին մէջ այն պատկերը կը ստեղծուի, թէ ուսուցիչը կեցած է իր աշակերտներուն առջեւ։ Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում մըն է իրմէ սորվիլ այսօր։ Ուրեմն, ան ի՞նչ կերպով մեզի կը սորվեցնէ։ Իր կազմակերպութեան միջոցով, որ մեզի յստակ առաջնորդութիւն կու տայ եւ մենք ատոր համար շնորհակալ ենք։ Այն մարզումը, որ կը ստանանք մեր ժողովներուն, համաժողովներուն, հրատարակութիւններուն, JW հեռատեսիլի կայանի յայտագիրներուն միջոցաւ եւ ուրիշ շատ մը կերպերով, մեզի կ’օգնէ որ ուրախութեամբ համբերենք այս դժուար ժամանակներուն մէջ։

10. Ինչպէ՞ս ‘մեր ետեւէն խօսք մը’ կը լսենք։

10 Եսային կը նշէ երկրորդ կերպը, որով Եհովան մեզի կը սորվեցնէ, ըսելով. «Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն»։ Ան Եհովան կը նկարագրէ որպէս ուշադիր ուսուցիչ մը, որ իր աշակերտներուն ետեւէն քալելով, անոնց ճամբան ցոյց կու տայ եւ զիրենք կ’առաջնորդէ։ Մենք ալ այսօր Աստուծոյ ձայնը մեր ետեւէն կը լսենք։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչը դարեր առաջ գրուեցաւ եւ երբ զայն կը կարդանք, կարծես թէ մեր ետեւէն Աստուծոյ ձայնը կը լսենք, որ հեռուէն կու գայ (Եսա. 51։4

11. Ուրախութեամբ տոկալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ինչո՞ւ։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք լիովին օգտուիլ այն առաջնորդութենէն, որ Եհովան կու տայ իր կազմակերպութեան եւ Խօսքին միջոցաւ։ Եսային երկու բան ըսաւ. նա՛խ՝ «ասիկա է ճամբան», ետքը՝ «ասկէ քալեցէք» (Եսա. 30։21)։ Ուրեմն, չի բաւեր որ միայն «ճամբան» գիտնանք. պէտք է նաեւ ‘անկէ քալենք’։ Այսպէս, նա՛խ Եհովայի Խօսքէն՝ իր կազմակերպութեան օգնութեամբ, կը սորվինք թէ ան ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։ Ետքը, կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործադրել մեր սորվածը։ Պէտք է այս երկու քայլերն ալ առնենք, որպէսզի կարենանք մեր ծառայութեան մէջ ուրախութեամբ տոկալ։ Միայն այն ատեն է որ վստահ պիտի ըլլանք, որ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ Կ’ՕՐՀՆԷ

12. Եսայի 30։23-26–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց իր ժողովուրդը։

12 Կարդա՛ Եսայի 30։23-26։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ, երբ հրեաները Բաբելոնի գերութենէն վերադարձան Իսրայէլ։ Անոնք ստացան շատ մը օրհնութիւններ՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր։ Եհովան զանոնք առատօրէն օրհնեց ֆիզիքական կերակուրով։ Բայց ամէնէն կարեւորը անոնց տուաւ ամէն պէտք եղածը, որպէսզի իրեն մօտենան եւ ետ սկսին զինք ճիշդ կերպով պաշտել։ Աստուծոյ ժողովուրդին ստացած հոգեւոր օրհնութիւնները որեւէ ժամանակէ աւելի էին։ Ինչպէս 26–րդ համարը ցոյց կու տայ, Եհովան մեծապէս աւելցուց հոգեւոր լոյսը (Եսա. 60։2)։ Եւ իր օրհնութիւնները իսրայէլացիներուն օգնեցին, որ շարունակեն իրեն ուրախութեամբ ծառայել եւ որ ներքին ոյժ ունենան՝ ‘սրտի ուրախութեան’ պատճառաւ (Եսա. 65։14

13. Վերահաստատումի մասին մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է մեր օրերուն։

13 Ճշմարիտ պաշտամունքի վերահաստատումի մասին այս մարգարէութիւնը մեզի ալ կը կիրարկուի՞ այսօր։ Անշո՛ւշտ։ Ինչպէ՞ս։ Ք.Ե. 1919–էն ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ ազատ արձակուած են Մեծ Բաբելոնի՝ բոլոր սուտ կրօնքներուն, գերութենէն։ Անոնք ուղղուած են աւելի լաւ տեղ մը, քան՝ իսրայէլացիներուն վերադարձած Աւետեաց երկիրը։ Անոնք հոգեւոր դրախտի մէջ են (Եսա. 51։3. 66։8)։ Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը։

14. Ի՞նչ է հոգեւոր դրախտը, եւ որո՞նք կ’ապրին հոն այսօր (տե՛ս Բացատրութիւն)։

14 Ք.Ե. 1919–էն սկսեալ, օծեալ քրիստոնեաները կ’ապրին հոգեւոր դրախտի մէջ b։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը, որոնք երկրային յոյս ունին, նոյնպէս հաստատուած են հոգեւոր դրախտին մէջ եւ կը վայելեն Եհովայի առատ օրհնութիւնները (Յովհ. 10։16. Եսա. 25։6. 65։13

15. Հոգեւոր դրախտը ո՞ւր կը գտնուի։

15 Ներկայիս, հոգեւոր դրախտը ո՞ւր կը գտնուի։ Եհովան պաշտող անհատներ կան աշխարհի մէջ որեւէ մէկ տեղ։ Ուրեմն, հոգեւոր դրախտը կը գտնուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ասկէ կը հասկնանք, որ ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, կրնանք հոգեւոր դրախտին մաս կազմել, այնքան ատեն որ գործունեայ կերպով թիկունք կը կանգնինք ճշմարիտ պաշտամունքին։

Մեզմէ ամէն մէկը ինչպէ՞ս կրնայ հոգեւոր դրախտը գեղեցկացնել (տե՛ս պարբ. 16-17)

16. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել տեսնել հոգեւոր դրախտին գեղեցկութիւնը։

16 Հոգեւոր դրախտին մէջ մնալու համար, շատ բաներ պէտք է ընենք։ Անոնցմէ մէկն է՝ խորապէս գնահատել համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ մէկը ընել։ Կեդրոնանալով անոր մէջ բնակողներուն գեղեցկութեան վրայ եւ ոչ թէ՝ անկատարութիւններուն (Յովհ. 17։20, 21)։ Ատիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Բաղդատութիւն մը ընենք։ Գեղեցիկ անտառի կամ պարտէզի մը մէջ կ’ակնկալենք տարբեր տեսակի ծառեր տեսնել։ Նոյնպէս, ժողովքներուն մէջ գտնուող հոգեւոր դրախտը զարդարուած է զանազան անհատներով, որոնք կարելի է բաղդատել ծառերու (Եսա. 44։4. 61։3)։ Կարեւոր է որ կեդրոնանանք ամբողջ «անտառ»ին գեղեցկութեան վրայ, քան թէ մեր շուրջը գտնուող «ծառեր»ու անկատարութիւններուն վրայ։ Պէտք չէ թոյլ տանք, որ մեր կամ ժողովքին մէջ եղող անհատներուն անկատարութիւնները մեզ շեղեն համաշխարհային միացած քրիստոնէական ժողովքին գեղեցկութենէն։

17. Ամէն մէկս ի՞նչ կրնայ ընել, որ ժողովքին միութիւնը պահէ։

17 Ի՞նչ կրնանք ընել, որ ժողովքին միութիւնը պահենք։ Պէտք է խաղաղարար ըլլանք (Մատ. 5։9. Հռով. 12։18)։ Ամէն անգամ որ նախաքայլը կ’առնենք, որ խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենանք ժողովքի մէջ մեր հաւատակիցներուն հետ, հոգեւոր դրախտին գեղեցկութիւնը աւելցուցած կ’ըլլանք։ Մեր միտքը կը պահենք, որ Եհովան է որ հոգեւոր դրախտին մէջ եղող ամէն մէկ անհատը քաշած է ճշմարիտ պաշտամունքին (Յովհ. 6։44)։ Երեւակայէ թէ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ շատ ջանք կը թափես, որ իր թանկագին ծառաներուն միջեւ եղած խաղաղութիւնն ու միութիւնը զօրացնես (Եսա. 26։3. Ան. 2։7

18. Ինչի՞ մասին յաճախ պէտք է մտածենք, եւ ինչո՞ւ։

18 Եհովան իր ծառաներուն շատ մը լաւ բաներ տուած է։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնցմէ լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Կրնանք խորապէս մտածել Աստուծոյ Խօսքէն եւ մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւններէն մեր սորվածներուն մասին։ Սերտելը եւ խոկալը մեզի պիտի օգնեն, որ քրիստոնէական յատկութիւններ զարգացնենք, որոնք մեզ պիտի մղեն «եղբայրսիրութիւն» եւ ‘գորով’ ցոյց տալու (Հռով. 12։10)։ Երբ մեր ներկայ օրհնութիւններուն վրայ խոկանք, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրանայ։ Իսկ ապագայ օրհնութիւններուն վրայ խոկալը պիտի օգնէ, որ Եհովային յաւիտեան ծառայելու մեր յոյսը մեզի համար իրական դառնայ։ Այս ամէնը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային աւելի ուրախութեամբ ծառայենք։

ՎՃՌԱԾ ԵՆՔ ՏՈԿԱԼ

19. ա) Եսայի 30։18–ի համաձայն, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ ուրախութեամբ տոկանք։

19 Եհովան մեզի համար «պիտի բարձրանայ», երբ այս չար աշխարհին վերջ դնէ (Եսա. 30։18)։ Ան՝ «արդար Աստուած մը» ըլլալով, պիտի չձգէ որ Սատանայի աշխարհը մնայ մէկ օր աւելի, քան ինչ որ արդարութիւնը կը պահանջէ (Եսա. 25։9)։ Անոր համար, մենք Եհովային հետ համբերութեամբ կը սպասենք, որ փրկութեան օրը գայ։ Մինչ այդ, վճռած ենք շարունակել աղօթել, Աստուծոյ Խօսքը սերտել ու գործադրել, եւ մեր օրհնութիւններուն վրայ խոկալ։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր պաշտամունքին մէջ ուրախութեամբ տոկանք։

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

a Յօդուածը կը քննարկէ երեք կերպեր, որոնցմով Եհովան մեզի կ’օգնէ, որ կեանքի դժուարութիւններուն ուրախութեամբ տոկանք։ Այդ կերպերը պիտի տեսնենք, նկատի առնելով Եսայի գիրքին 30–րդ գլուխը, որ մեզի պիտի յիշեցնէ թէ որքա՜ն կարեւոր է՝ Եհովային աղօթել, իր Խօսքը սերտել եւ ներկայ ու ապագայ օրհնութիւններուն վրայ խոկալ։

b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Հոգեւոր դրախտ»ը այն մթնոլորտն է որ կը ստեղծուի, երբ Եհովան կը պաշտենք միութեամբ։ Հոգեւոր դրախտին մէջ առատ հոգեւոր կերակուր ունինք, որուն մէջ չկան կրօնական սուտեր։ Նաեւ, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ լեցուն գործ ունինք ընելիք, ինչ որ մեզի գոհունակութիւն կու տայ։ Ատկէ զատ, Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք եւ կ’ապրինք խաղաղութեան մէջ մեր սիրալիր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ կեանքի տարբեր դժուարութիւններուն ուրախութեամբ տոկանք։ Հոգեւոր դրախտ կը մտնենք, երբ կը սկսինք Եհովան պաշտել ճիշդ կերպով եւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ զինք ընդօրինակենք։