Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

Թո՛ղ բան մը քեզ Եհովայէն չզատէ

Թո՛ղ բան մը քեզ Եհովայէն չզատէ

«Ես քեզի՛ վստահեցայ, ո՛վ Տէր» (ՍԱՂ. 31։14, ԱԾ

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ։

 ԵՀՈՎԱՆ մեզ կը հրաւիրէ, որ իրեն մօտենանք (Յակ. 4։8)։ Ան կ’ուզէ ըլլալ մեր Աստուածը, Հայրը եւ Բարեկամը։ Ան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ եւ կ’օգնէ մեզի դժուար ժամանակներուն։ Եհովան նաեւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ եւ կը պաշտպանէ։ Լաւ, մենք ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային մօտենանք։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային մօտենալ։

2 Մենք կրնանք Եհովային մօտենալ՝ իրեն աղօթելով, իր Խօսքը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով։ Այդպէս ընելով, մեր սիրտը կը լեցուի իրեն հանդէպ սիրով ու գնահատութեամբ, եւ կը մղուինք իրեն տալու այն հնազանդութիւնն ու փառաբանութիւնը, որոնց ան մեծապէս արժանի է (Յայտ. 4։10բ)։ Ո՛րքան աւելի Եհովան ճանչնանք, ա՛յնքան աւելի պիտի վստահինք իրեն եւ իր կազմակերպութեան, որ նշանակած է մեզի օգնելու համար։

3. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ Եհովայէն զատել, բայց ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ զինք եւ իր կազմակերպութիւնը բնաւ չձգենք (Սաղմոս 31։13, 14

3 Սակայն Սատանան ամէն ջանք կ’ընէ, որ մեզ Եհովայէն զատէ, մանաւանդ երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք։ Ան ի՞նչ մեթոտ կը գործածէ։ Ան կը փորձէ կամաց–կամաց այնպէս մը ընել, որ դադրինք Եհովային եւ իր կազմակերպութեան վստահելէ։ Բայց մենք կրնանք իր յարձակումներէն պաշտպանուիլ։ Եթէ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք եւ ամուր վստահութիւն ունենանք, զինք եւ իր կազմակերպութիւնը բնա՛ւ պիտի չձգենք (կարդա՛ Սաղմոս 31։13, 14

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք դժուարութիւններ, որոնք դուրսէն կու գան եւ կրնան Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը քանդել։ Պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ այս դժուարութիւնները մեզ Եհովայէն զատեն, եւ ի՛նչ կրնանք ընել, որ Սատանային ջանքերը ջուրը իյնան։

ԵՐԲ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ Կ’ԱՆՑՆԻՆՔ

5. Նեղութիւնները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարացնել։

5 Ատեններ նեղութիւններ կ’ունենանք,– ինչպէս՝ ընտանիքի կողմէ հակառակութիւն եւ գործը կորսնցնել։ Ինչպէ՞ս այդ նեղութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարանայ եւ Եհովայէն զատուինք։ Երկար ատեն խնդիրներու տոկալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մեր յոյսը կորսնցնենք եւ ընկճուինք։ Սատանան այս առիթը կ’օգտագործէ, որպէսզի ձգէ որ կասկածինք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ մտածենք թէ Եհովան կամ իր կազմակերպութիւնն է մեր տառապանքին պատճառը։ Նման բան մը պատահեցաւ իսրայէլացիներէն ոմանց հետ՝ Եգիպտոսի մէջ եղած ատեն։ Սկիզբը, անոնք հաւատացին, որ Մովսէսն ու Ահարոնը Եհովայի կողմէ նշանակուած էին՝ զիրենք ստրկութենէն ազատելու (Ել. 4։29-31)։ Բայց ետքը, երբ փարաւոն անոնց կեանքը դժուարացուց, անոնք սկսան Մովսէսն ու Ահարոնը մեղադրել իրենց խնդիրներուն համար, ըսելով. «Գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով» (Ել. 5։19-21)։ Այո, անոնք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն դէմ խօսեցան։ Ի՜նչ ցաւալի է։ Եթէ երկար ժամանակ նեղութիւններու կը տոկաս, ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ վստահութիւնդ զօրաւոր պահել։

6. Նեղութիւններու տոկալու նկատմամբ ի՞նչ կը սորվինք Ամբակումէն (Ամբակում 3։17-19

6 Եհովային աղօթէ եւ սպասէ որ քեզի օգնէ։ Ամբակում մարգարէն շատ դժուարութիւններէ անցաւ։ Անգամ մը, ան կասկածեցաւ որ Եհովան զինք կը հոգար։ Իր զգացումները Եհովային արտայայտեց աղօթքով։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես։. . . Ինչո՞ւ [«անիրաւութիւնը կը դիտես», ԱԾ]» (Ամբ. 1։2, 3)։ Եհովան իր այս հաւատարիմ ծառային սրտանց աղօթքին պատասխանեց (Ամբ. 2։2, 3)։ Ամբակում, խոկալէ ետք, թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր ժողովուրդը ազատած էր, ետ ուրախութիւն գտաւ։ Ան համոզուեցաւ, որ Եհովան իրեն հոգ կը տանէր եւ պիտի օգնէր, որ ուրախութեամբ դիմանայ որեւէ դժուարութեան (կարդա՛ Ամբակում 3։17-19)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Երբ նեղութիւններէ կ’անցնիս, աղօթէ Եհովային եւ իրեն պատմէ ամէն ինչ որ կը զգաս։ Սպասէ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս քեզի պիտի օգնէ։ Երբ այդպէս ընես, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որ դիմանաս։ Եւ երբ իր օգնութիւնը զգաս, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի զօրանայ։

7. Շըրլիին ազգականը փորձեց զինք համոզել որ ի՞նչ մտածէ, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց որ Եհովայի հանդէպ հաւատքը չկորսնցնէ։

7 Հոգեւոր ռութինդ պահէ։ Նկատի առ թէ այդպէս ընելը ինչպէ՞ս օգնեց Բաբուա Նոր Կուինիայէն եղող Շըրլի b անունով քրոջ մը, երբ նեղութիւններէ կ’անցնէր։ Անոր ընտանիքը աղքատ էր եւ ատեններ հազիւ բաւարար ուտելիք կ’ունենային։ Շըրլիին ազգականը փորձեց Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը տկարացնել, ըսելով. «Կ’ըսես Աստուծոյ սուրբ հոգին ձեզի կ’օգնէ։ Ո՞ւր է այդ օգնութիւնը. ընտանիքդ դեռ աղքատ է, իսկ դուն ժամանակդ կը վատնես քարոզելով»։ Շըրլին կ’ըսէ. «Ես ինծի հարց տուի. ‘Իրաւ, Աստուած մեզի հոգ կը տանի՞’։ Ետքը, մէկ կտոր Եհովային աղօթեցի եւ իրեն պատմեցի ամէն ինչ որ միտքէս կ’անցնէր։ Շարունակեցի կարդալ Աստուածաշունչն ու մեր հրատարակութիւնները, քարոզել եւ ժողովներու երթալ»։ Ան շուտով անդրադարձաւ, որ Եհովան իրականութեան մէջ իր ընտանիքին հոգ կը տանէր։ Ընտանիքը անօթի չմնաց եւ ուրախ էր։ Շըրլին կ’ըսէ. «Զգացի որ Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէր» (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ Եթէ դուն ալ հոգեւոր ռութինդ պահես, բնաւ պիտի չձգես որ որեւէ դժուարութիւն կամ որեւէ կասկած քեզ Եհովայէն զատէ։

ԵՐԲ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԳԷՇ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻՆ

8. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ Եհովային կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու եղբայրներուն։

8 Մեր թշնամիները լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ սուտեր կը տարածեն կամ կասկածներ կ’արթնցնեն Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պատասխանատու եղբայրներուն հանդէպ (Սաղ. 31։13)։ Կարգ մը եղբայրներ կը ձերբակալուին եւ կ’ամբաստանուին որպէս ոճրագործներ։ Առաջին դարու քրիստոնեաները նման պարագայէ անցան, երբ Պօղոս առաքեալ ամբաստանուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ։ Այդ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս վարուեցան։

9. Կարգ մը քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս վարուեցան, երբ Պօղոս բանտարկուած էր։

9 Առաջին դարու քրիստոնեաներէն ոմանք դադրեցան Պօղոսին թիկունք կանգնելէ, երբ ան Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ (Բ. Տիմ. 1։8, 15)։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս անոնք ամչցան, քանի որ ժողովուրդը Պօղոսը ոճրագործ կը սեպէր (Բ. Տիմ. 2։8, 9)։ Կամ ալ կրնայ ըլլալ, որ վախցան թէ իրենք ալ հալածանք պիտի կրեն։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, ան շատ նեղութիւններ քաշած էր եւ նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ դրած էր իրենց համար (Գործք 20։18-21. Բ. Կոր. 1։8)։ Չըլլա՛նք անոնց պէս, որոնք Պօղոսը երեսի վրայ ձգեցին, երբ ամէնէն շատ իրենց պէտք ունէր։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք է մեր միտքը պահենք, երբ պատասխանատու եղբայրներ կը հալածուին։

10. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, երբ պատասխանատու եղբայրներ կը հալածուին, եւ ինչո՞ւ։

10 Յիշէ թէ մենք ինչո՛ւ կը հալածուինք եւ ո՛վ է ատոր պատճառը։ Երկրորդ Տիմոթէոս 3։12–ը կ’ըսէ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ Ուրեմն, պէտք չէ զարմանանք որ Սատանան մանաւանդ կը յարձակի պատասխանատու եղբայրներու վրայ։ Իր նպատակն է՝ ձգել որ անոնք ուղղամիտ մնալէ դադրին, ինչպէս նաեւ՝ մեզ վախցնել (Ա. Պետ. 5։8

Թէեւ Պօղոս շղթայուած էր, Ոնեսիփորոս իրեն քաջաբար թիկունք կեցաւ։ Այսօր, մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց բանտարկուած հաւատակիցներուն թիկունք կը կանգնին, ինչպէս որ խաղարկութեան մէջ կը տեսնենք (տե՛ս պարբ. 11-12)

11. Ի՞նչ կը սորվինք Ոնեսիփորոսին օրինակէն (Բ. Տիմոթէոս 1։16-18

11 Շարունակէ եղբայրներուդ թիկունք կանգնիլ եւ անոնց հաւատարիմ մնա՛ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։16-18 Ոնեսիփորոս անունով քրիստոնեայ մը տարբեր կերպով վարուեցաւ, երբ Պօղոս բանտարկուեցաւ։ Ան Պօղոսին ‘շղթան ամօթ չսեպեց’։ Փոխարէնը, Պօղոսը փնտռեց եւ երբ գտաւ, շատ ջանք թափեց որ իրեն գործնական կերպերով օգնէ։ Այդպէս ընելով, Ոնեսիփորոս իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Պէտք չէ ձգենք, որ մարդոց վախը մեզ ետ պահէ մեր հալածուող եղբայրներուն թիկունք կանգնելէ։ Ընդհակառակը, անոնց դէմ ըսուած սուտերը մերժենք եւ իրենց օգնութեան հասնինք (Առ. 17։17)։ Յիշենք, որ անոնք մեր սիրոյն եւ աջակցութեան պէտք ունին։

12. Ի՞նչ կը սորվինք Ռուսիոյ մէջ եղող մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն։

12 Նկատի առ, թէ ինչպէ՛ս Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հասնին իրենց հաւատակիցներուն, որոնք կը բանտարկուին։ Երբ մէկը կը դատուի, շատեր դատարան կու գան զինք քաջալերելու համար։ Դասը ի՞նչ է մեզի համար։ Երբ պատասխանատու եղբայրներու մասին գէշ բաներ կը խօսուին կամ անոնք կը ձերբակալուին կամ կը հալածուին, մի՛ վախնար։ Փոխարէնը, անոնց համար աղօթէ, անոնց ընտանիքի անդամներուն հոգ տար եւ ջանք ըրէ անոնց գործնական կերպերով օգնելու (Գործք 12։5. Բ. Կոր. 1։10, 11

ԵՐԲ ՄԵԶ ԿԸ ԾԱՂՐԵՆ

13. Ծաղրանքը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարացնել։

13 Վկայ չեղող ազգականներ, գործընկերներ կամ դասընկերներ կրնան մեզ ծաղրել, քանի որ կը քարոզենք կամ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք (Ա. Պետ. 4։4)։ Անոնք թերեւս ըսեն. «Լաւ անձ ես, բայց կրօնքդ շատ խիստ է եւ հինցած է»։ Ոմանք ալ կրնան մեզ քննադատել վտարուածներուն հետ մեր վարուած կերպին համար, ըսելով. «Եւ դեռ կ’ըսես որ մարդոց հանդէպ սէ՞ր ունիս»։ Այսպիսի խօսքեր կրնան մեր սրտին մէջ կասկածներ արթնցնել։ Թերեւս հարց տանք. ‘Կրնա՞յ ըլլալ, որ Եհովան ինձմէ շատ բան կը սպասէ։ Իր կազմակերպութիւնը շատ խիստ չէ՞’։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ես, ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային եւ իր կազմակերպութեան մօտիկ մնալ։

Յոբ մերժեց հաւատալ իր չակերտեալ բարեկամներուն սուտերուն, որոնք զինք ծաղրեցին։ Ան վճռած էր Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահել (տե՛ս պարբ. 14)

14. Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք, երբ ուրիշներ մեզ ծաղրեն, քանի որ Եհովայի չափանիշներով կ’ապրինք (Սաղմոս 119։50-52

14 Վճռէ շարունակել Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Յոբ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրէր, թէեւ ատոր համար կը ծաղրուէր։ Իր չակերտեալ բարեկամներէն մէկը փորձեց զինք համոզել, որ Աստուծոյ համար կարեւոր չէր թէ Յոբ իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրէ՛ր կամ ոչ (Յոբ 4։17, 18. 22։3)։ Բայց ան մերժեց այդ տեսակ սուտերու հաւատալ։ Ան գիտէր, որ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ Եհովայի չափանիշները ճիշդ են, եւ վճռած էր ատոնց համաձայն ապրիլ։ Ան թոյլ չտուաւ, որ ուրիշները պատճառ ըլլան որ իր ուղղամտութիւնը ձգէ (Յոբ 27։5, 6)։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք ասկէ։ Մի՛ ձգեր որ ծաղրանքը պատճառ ըլլայ, որ Եհովայի չափանիշներուն նկատմամբ կասկածներ ունենաս։ Մտածէ քու անձնական փորձառութեանդ մասին։ Հաւանաբար, շա՜տ անգամ տեսած ես, թէ Եհովայի չափանիշները ճիշդ են եւ քեզի կ’օգտեն։ Վճռէ թիկունք կանգնիլ Եհովայի կազմակերպութեան, որ այդ չափանիշները կը պահէ։ Այն ատեն, որքա՛ն ալ մարդիկ քեզ ծաղրեն, պիտի չձգես որ ատիկա քեզ Եհովայէն զատէ (կարդա՛ Սաղմոս 119։50-52

15. Պրիճիթը ինչո՞ւ ծաղրեցին։

15 Նկատի առ Հնդկաստանի մէջ՝ Պրիճիթ անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Իր ընտանիքը զինք ծաղրեց իր հաւատքին համար։ Պրիճիթ մկրտուեցաւ 1997–ին, որմէ ետք շատ չանցած իր ամուսինը գործը կորսնցուց եւ որոշեց Պրիճիթին եւ իրենց աղջիկներուն հետ փոխադրուիլ իր ծնողներուն տունը, որ ուրիշ քաղաքի մը մէջ էր։ Բայց ասիկա Պրիճիթին համար խնդիրներու դուռ բացաւ։ Քանի որ ամուսինը գործ չունէր, ան ստիպուած էր լիաժամ աշխատիլ, որպէսզի ընտանիքին պէտքերը հոգայ։ Ատկէ զատ, ամէնէն մօտ ժողովքը կը գտնուէր շուրջ 350 քմ. հեռու։ Ցաւօք սրտի, ամուսինին ընտանիքը իր հաւատքին պատճառով իրեն հակառակ էին։ Եւ պարագան այնքա՛ն դժուարացաւ, որ Պրիճիթին ընտանիքը ստիպուեցաւ նորէն փոխադրուիլ։ Ետքը, իր ամուսինը մէկ անգամէն մեռաւ։ Անկէ յետոյ ալ, իր աղջիկներէն մէկը, որ միայն 12 տարեկան էր, քաղցկեղէ մեռաւ։ Եւ ասիկա չէր բաւեր, Պրիճիթին ազգականները զինք մեղադրեցին ըսելով, որ այս բոլոր ցաւալի բաները պիտի չըլլային, եթէ ինք Եհովայի վկայ չդառնար։ Հակառակ այս բոլորին, Պրիճիթ շարունակեց Եհովային վստահիլ եւ իր կազմակերպութեան մօտիկ մնալ։

16. Եհովային եւ իր կազմակերպութեան կառչած մնալով, Պրիճիթ ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ։

16 Քանի որ ժողովքը Պրիճիթի տունէն շատ հեռու էր, շրջանային տեսուչ մը զինք քաջալերեց, որ իր շրջանին մէջ քարոզէ եւ իր տան մէջ ժողովներ ընէ։ Սկիզբը, ասիկա իրեն համար շատ դժուար բան մը երեւցաւ, բայց ան տրուած ուղղութեան հետեւեցաւ։ Ան ուրիշներուն բարի լուրը քարոզեց, իր տան մէջ ժողովներ ըրաւ եւ ժամանակ տրամադրեց, որ իր աղջիկներուն հետ ընտանեկան պաշտամունք ընէ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունեցաւ եւ իր աշակերտներէն քանի մը հոգի մկրտուեցան։ Եւ 2005–ին, սկսաւ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Քանի որ Պրիճիթ Եհովային վստահեցաւ եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ մնաց, մեծապէս վարձատրուեցաւ։ Ներկայիս, իր աղջիկները Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն եւ իր շրջանին մէջ երկու ժողովք կայ։ Պրիճիթ համոզուած է, որ Եհովան իրեն ուժը տուաւ, որ իր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէ եւ իր ընտանիքին կողմէ եղած ծաղրանքին տոկայ։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱ՛ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԵՒ ԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ

17. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Սատանան կ’ուզէ որ մտածենք թէ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի ձգէ մեր նեղութիւններուն մէջ եւ որ եթէ իր կազմակերպութեան թիկունք կանգնինք, մեր կեանքը աւելի դժուար պիտի ըլլայ։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ մենք վախնանք, երբ պատասխանատու եղբայրներուն մասին գէշ բաներ խօսուին, անոնք հալածուին եւ բանտարկուին։ Ասկէ զատ, ծաղրանքը գործածելով ան կ’ուզէ որ Եհովայի չափանիշներուն եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարանայ։ Բայց մենք իր մեթոտները գիտենք, ատոր համար չենք խաբուիր (Բ. Կոր. 2։11)։ Ուրեմն, վճռէ իր սուտերը մերժել եւ հաւատարիմ մնալ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան։ Եւ յիշէ որ Եհովան բնաւ քեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ (Սաղ. 28։7)։ Թող որ ո՛չ մէկ բան քեզ Եհովայէն զատէ (Հռով. 8։35-39

18. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

18 Այս յօդուածին մէջ խօսեցանք դժուարութիւններու մասին, որոնք դուրսէն կու գան։ Կրնանք նաեւ դժուարութիւններ ունենալ ժողովքէն ներս, որոնք թերեւս նոյնպէս Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարացնեն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաջողութեամբ գլուխ ելլել այդպիսի դժուարութիւններու հետ։

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

a Այս վերջին օրերուն հաւատարմօրէն տոկալու համար, պէտք է շարունակենք վստահիլ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան։ Սատանան փորձութիւնները կը գործածէ, որ այդ վստահութիւնը քանդէ։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ երեք դժուարութիւններ, որոնք ան կը գործածէ, եւ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ մնանք։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։