Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ուզեցի որ Եհովան իմ գործատէրս ըլլայ»

«Ուզեցի որ Եհովան իմ գործատէրս ըլլայ»

ՄԵՆՔ Սուրինամի անտառներուն խորերը Կրանպուրի գիւղին մօտ գտնուող պզտիկ խումբի մը այցելած էինք։ Անոնց հրաժեշտ տալէ ետք, տախտակէ նաւակի մը մէջ նստանք ու ճամբայ ելանք Թափանահոնի գետով։ Տեղէ մը անցանք, ուր նաւակին շարժակը քարի մը զարնուեցաւ։ Եւ նաւակին առջեւի մասը սկսաւ ջուրին մէջ սուզուիլ։ Սիրտս սկսաւ արագ–արագ զարնել, քանի որ չէի գիտեր լողալ, հակառակ անոր որ շրջանային տեսուչ ըլլալով, տարիներով գետերով կը փոխադրուէի։

Պատմութիւնս շարունակելէ առաջ, նա՛խ ձեզի պատմեմ ինչպէ՛ս լիաժամ ծառայութեան սկսայ։

Ես ծնայ 1942–ին, Քարայիպեան գեղեցիկ կղզիի մը՝ Գուրասոյի մէջ։ Հայրս, որ Սուրինամէն էր, Գուրասօ փոխադրուած էր աշխատելու համար։ Իմ ծնելէս քանի մը տարի առաջ, ան Գուրասոյի a մէջ մկրտուող Եհովայի վկաներէն առաջիններէն էր։ Ան ամէն շաբաթ մեզի՝ պզտիկներուս, հետ Աստուածաշունչը կը սերտէր, թէեւ ատեններ չէինք ուզեր սերտել։ Երբ 14 տարեկան եղայ, հայրս որոշեց որ ընտանեօք փոխադրուինք Սուրինամ՝ իր տարեց մօր հոգ տանելու համար։

ԼԱՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՁԳԱԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրինամի մէջ, սկսայ ընկերակցիլ ժողովքի երիտասարդներուն հետ, որոնք ինձմէ քանի մը տարի աւելի մեծ էին եւ կը ծառայէին որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Երբ անոնք դաշտի ծառայութեան մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւնները կը պատմէին, իրենց աչքերը ուրախութենէն կը փայլէին։ Ժողովներէն ետք, ես ու ընկերներս աստուածաշնչական նիւթեր կը քննարկէինք, ատեններ դուրսը նստած՝ աստղազարդ երկինքին տակ։ Այս ընկերներս ինծի օգնեցին որ անդրադառնամ, թէ կ’ուզէի Եհովային ծառայելը կեանքիս գլխաւոր զբաղումը դարձնել։ Անոր համար, 16 տարեկանիս մկրտուեցայ, իսկ 18 տարեկանիս սկսայ ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։

ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ

Փարամարիպոյի մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընենք

Ռահվիրայ ըլլալով շատ մը դասեր սորվեցայ, որոնք լիաժամ ծառայութեանս մէջ ինծի շատ օգնած են։ Օրինակ, սորված առաջին դասերէս մէկը այն էր, որ ուրիշները մարզելը կարեւոր է։ Երբ նոր ռահվիրայութեան սկսայ, Վիլըմ վան Սէիըլ անունով միսիոնար մը զիս իր թեւերուն տակ առաւ b։ Ան ինծի սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կատարեմ աստուածպետական նշանակումներս։ Այդ ատեն բնա՛ւ չէի երեւակայեր, թէ այդ մարզումին այսքա՛ն պէտք պիտի ունենայի։ Յաջորդ տարին, նշանակուելով որպէս մասնաւոր ռահվիրայ, սկսայ առաջնորդութիւնը առնել Սուրինամի անտառներուն մէջ գտնուող եղբայրներու ու քոյրերու պզտիկ խումբերու մէջ, որոնք ժողովքներէն շատ հեռու կ’ապրէին։ Շատ կը գնահատեմ այն ժամանակայարմար մարզումը, որ եղբայրները ինծի տուին։ Ատկէ ի վեր, միշտ առիթներ փնտռած եմ, որ անոնց օրինակին հետեւելով ես ալ ուրիշները մարզեմ։

Երկրորդ դասը, որ սորվեցանք, այն էր թէ լաւ է որ պարզ կեանք մը ունենանք, բայց լաւ կազմակերպուած ըլլանք։ Ամէն մէկ ամսուն սկիզբը ես ու ընկերակիցս,– որ նո՛յնպէս մասնաւոր ռահվիրայ էր,– կը գրէինք թէ ի՛նչ ապրանքներու պէտք պիտի ունենայինք այդ ամիսը։ Ետքը, մեզմէ մէկը երկար ճամբայ կը կտրէր մայրաքաղաք հասնելու, որպէսզի այդ ապրանքները գնէր։ Պէտք էր որ մեր ամսական օգնութիւնը շատ զգուշութեամբ ծախսէինք եւ մեր ապրանքները այնպէս մը գործածէինք, որ ամբողջ ամիսը դիմանային, քանի որ եթէ բանէ մը կտրուէինք, անտառին մէջ գրեթէ մէկը չկար որ մեզի օգնէր։ Կը կարծեմ թէ, քանի որ երիտասարդ տարիքիս սորվեցայ պարզ կեանք ունենալ՝ բայց միեւնոյն ատեն լաւ կազմակերպուած ըլլալ, կրցայ ամբողջ կեանքիս մէջ շարունակել կեդրոնացած մնալ Եհովայի գործին վրայ։

Երրորդ դասը, որ սորվեցայ այն էր, թէ որքա՛ն օգտակար է մարդոց սորվեցնել իրենց մայրենի լեզուով։ Ես մեծցայ խօսելով՝ հոլանտերէն, անգլերէն, փափիամէնթօ եւ սրանանթոնկօ (Սուրինամի գլխաւոր լեզուն, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս սրանան)։ Բայց անտառներուն մէջ նկատեցի, որ մարդիկ բարի լուրին աւելի լաւ կ’ընդառաջէին, երբ անոնց կը քարոզէինք իրենց մայրենի լեզուով։ Ինծի համար դժուար էր այդ լեզուներէն ոմանք խօսիլ, ինչպէս սէրամաքայերէնը, որ ձայնային շատ ելեւէջներ ունէր։ Բայց ջանքերս պարապի չգացին։ Տարիներու ընթացքին, կրցայ շատ մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնել, քանի որ իրենց մայրենի լեզուով կը խօսէի։

Անշուշտ, ունեցայ փորձառութիւններ, որոնք զիս ամօթով ձգեցին։ Օրինակ, օր մը ուզեցի Աստուածաշունչը սերտող՝ սէրամաքայերէն խօսող կնոջ մը հարցնել, թէ ինչպէ՛ս կը զգար, քանի որ իր ստամոքսը կը ցաւէր։ Բայց հարցումս եղաւ. «Արդեօք յղի՞ ես»։ Խօսք չ’ուզեր որ ըսածս իրեն գէշ զգացուց։ Ճիշդ է որ սխալներ ըրած եմ, բայց միշտ փորձած եմ նշանակումիս մէջ մարդոց մայրենի լեզուն խօսիլ։

ՆՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻՄ

1970–ին, նշանակուեցայ որպէս շրջանային տեսուչ։ Այդ տարին, ներկայացուցի «Այցելութիւն Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղիին» վերնագրով սլայտի յայտագիրը, անտառներուն մէջ գտնուող շատ մը հեռաւոր խումբերու։ Անոնց հասնելու համար, ես ու խումբ մը եղբայրներ գետերով կը ճամբորդէինք տախտակէ երկար նաւակով մը։ Մեզի հետ կ’առնէինք ելեկտրածին շարժակ (generator), մէկ թիթեղ պենզին, քարիւղի լապտեր եւ սլայտ ցոյց տալու սարք։ Երբ կը հասնէինք, այդ ամէնը մեր հետը կը շալկէինք տանելով ո՛ւր որ պէտք էր յայտագիրը ցուցնէինք։ Այդ բոլորէն ամէնէն շատ կը յիշեմ, թէ այդ հեռաւոր շրջաններուն մարդիկը որքա՜ն կը սիրէին այդ յայտագիրները։ Ես շատ կը սիրէի ուրիշներուն սորվեցնել Եհովային եւ իր կազմակերպութեան մասին։ Օրհնութիւններս շա՜տ աւելի էին, քան ըրած զոհողութիւններս։

ԵՐԵՔՊԱՏԻԿ ԴԵՐՁԱՆ ՀԻՒՍԵԼ

Ես ու Էթէլ ամուսնացանք սեպտեմբեր 1971–ին

Թէեւ կը տեսնէի, թէ ամուրիութիւնը կը դիւրացնէր նշանակումս կատարելը, բայց տակաւին պէտքը կը զգայի կեանքի ընկեր ունենալու։ Անոր համար, սկսայ Եհովային մասնաւորաբար աղօթել, գտնելու կին մը, որ պիտի կարենար ինծի հետ իմ դժուար նշանակումիս մէջ ուրախութեամբ ծառայել։ Շուրջ մէկ տարի ետք, սկսայ ժամադրուիլ Էթէլին հետ, որ անձնազոհ մասնաւոր ռահվիրայ մըն էր։ Պօղոսին օրինակը Էթէլին մեծապէս ազդած էր իր պզտիկ տարիքէն եւ ան կ’ուզէր Պօղոսին պէս ծառայութեան մէջ իր լաւագոյնը ընել։ Էթէլն ու ես ամուսնացանք սեպտեմբեր 1971–ին եւ սկսանք շրջանային գործին մասնակցիլ որպէս զոյգ։

Էթէլ մեծցած էր ընտանիքի մը մէջ, որուն նիւթական պայմանները լաւ չէին։ Անոր համար կրցաւ դիւրութեամբ յարմարիլ անտառներուն մէջ շրջագայական գործին։ Օրինակ, երբ անտառներուն խորերը գտնուող ժողովքներուն այցելելու կը պատրաստուէինք, հետերնիս քիչ ապրանք կը տանէինք։ Կը լոգնայինք եւ մեր հագուստները կը լուայինք գետին մէջ։ Եւ վարժուեցանք ուտելու որեւէ բան, որ մեզի կը հրամցնէին, օրինակ՝ պրազիլեան մողէզ, փիրանա ձուկ կամ ուրիշ որեւէ բան, որ մեր հիւրընկալները անտառին մէջ որսային կամ գետերուն մէջ բռնէին։ Երբ պնակ չըլլար, կ’ուտէինք գործածելով պանանի ծառի տերեւները, իսկ երբ պատառաքաղ չըլլար, մեր մատները կը գործածէինք։ Ես ու Էթէլ կը զգանք, որ միասին զոհողութիւններ ընելը մեզի օգնեց, որ իրարու մօտենանք եւ Եհովային հետ երեքպատիկ դերձան հիւսենք (Ժող. 4։12)։ Այդ փորձառութիւնները բանի՛ մը հետ չենք փոխեր։

Օր մը հեռաւոր վայրէ մը վերադարձած ատեն, ունեցանք այն փորձառութիւնը, որ սկիզբը պատմեցի։ Մէկ անգամէն նաւակը ջուրին մէջ մտաւ, բայց շատ արագ ետ ջուրին մակերեսը ելաւ։ Լաւ է որ մենք փրկարար բաճկոնակ հագած էինք եւ նաւակէն դուրս չինկանք։ Բայց նաւակը ջուրով լեցուեցաւ, անոր համար ստիպուեցանք ճաշամաններէն ուտելիքը գետին մէջ թափել եւ անոնցմով ջուրը նաւակէն դուրս հանել։

Քանի որ առանց ուտելիքի մնացինք, սկսանք ձուկ որսալ։ Բայց բան մը չկրցանք բռնել։ Անոր համար, Եհովային աղօթեցինք եւ խնդրեցինք որ այդ օրուան կերակուրը մեզի ապահովէր։ Աղօթելէն ետք, եղբայրներէն մէկը մէկ անգամէն այնքա՛ն մեծ ձուկ մը բռնեց, որ բաւարար էր որ հինգս ալ ուտէինք եւ այդ գիշեր կուշտ պառկէինք։

ԱՄՈՒՍԻՆ, ՀԱՅՐ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉ

Շրջանային գործին մասնակցելէն հինգ տարի ետք, Էթէլին ու ինծի անակնկալ օրհնութիւն մը կը սպասէր։ Մենք պզտիկ պիտի ունենայինք։ Ես այդ լուրով ուրախ էի, հակառակ անոր որ չէի գիտեր, թէ ատիկա մեր կեանքը ինչպէ՛ս պիտի փոխէր։ Ես ու Էթէլը շատ կը փափաքէինք լիաժամ ծառայութիւնը շարունակել, եթէ կարելի ըլլար։ 1976–ին, մեր տղան՝ Էթնիէլը, ծնաւ, իսկ անկէ երկուքուկէս տարի ետք մեր երկրորդ տղան՝ Ճիովաննին, ծնաւ։

Ներկայ եմ մկրտութեան մը, որ տեղի կ’ունենայ Կոտօ Հոլոյի մօտ գտնուող Թափանահոնի գետին մէջ, Սուրինամի արեւելքը (1983)

Քանի որ այդ ատեն Սուրինամի մէջ կարիք կար, մասնաճիւղը կարգադրութիւն ըրաւ, որ շարունակեմ ծառայել որպէս շրջանային տեսուչ, մինչ մեր զաւակները կը մեծցնէինք։ Երբ տղաներս պզտիկ էին, ինծի կը նշանակուէին քիչ ժողովքներով շրջաններ։ Ասիկա ինծի թոյլ կու տար, որ ամսուան մէջ երկու շաբաթ ծառայէի որպէս շրջանային տեսուչ, իսկ միւս երկու շաբաթները ծառայէի որպէս ռահվիրայ այն ժողովքին մէջ, ուր նշանակուած էինք։ Երբ մեր տունին մօտ գտնուող ժողովքներուն մէջ կը ծառայէի, Էթէլն ու մեր տղաքը ինծի հետ կու գային։ Բայց անտառներուն մէջ գտնուող ժողովքներուն ու համաժողովներուն մէջ ծառայելու համար, մինակս կը ճամբորդէի։

Շրջանային գործին մէջ, յաճախ կը փոխադրուէի նաւակով, հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուող ժողովքներուն այցելելու համար

Շատ լաւ յայտագիր պէտք էր դնէի, որպէսզի կարենայի բոլոր պատասխանատուութիւններս կատարել։ Ամէն ջանք կ’ընէի, որ ամէն շաբաթ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն ունենայինք։ Երբ անտառները կ’երթայի ժողովքներուն այցելելու, Էթէլ տունը ընտանեկան ուսումնասիրութիւն կը վարէր մեր տղոց հետ։ Բայց երբ որ կրնայինք, ընտանեօք ժամանակ կ’անցընէինք իրարու հետ։ Եւ ես ու Էթէլը միշտ մեր տղոց հետ խաղեր կը խաղայինք կամ պտոյտներ կ’ընէինք։ Շատ անգամ, մինչեւ ուշ գիշեր արթուն կը մնայի, որպէսզի աստուածպետական նշանակումներս պատրաստէի։ Իսկ Էթէլ՝ Առակաց 31։15–ին մէջ նկարագրուած առաքինի կինը ըլլալով, առտուն կանուխ կ’արթննար, որպէսզի միասին օրուան համարը կարդայինք եւ նախաճաշէինք, առաջ որ մեր տղաքը դպրոց երթային։ Եհովային շատ շնորհակալ եմ, որ ասանկ անձնազոհ կին մը ունիմ, որ ինծի միշտ օգնած է, որ սուրբգրային պատասխանատուութիւններս կատարեմ։

Մենք շատ ջանք թափեցինք որ մեր տղոց օգնենք, որ Եհովան եւ ծառայութիւնը սիրեն։ Մեր փափաքն էր որ անոնք լիաժամ ծառայութիւնը իրենց կեանքին գլխաւոր զբաղումը դարձնեն, ո՛չ թէ քանի որ մենք այդպէս կ’ուզէինք, հապա քանի որ ատիկա իրենց ընտրութիւնն էր։ Անոնց միշտ կը պատմէինք լիաժամ ծառայութեան բերած ուրախութեան մասին։ Անշուշտ դժուարութիւնները կ’ըսէինք, բայց կը շեշտէինք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէր ու կ’օրհնէր որպէս ընտանիք։ Նաեւ, ամէն ջանք կ’ընէինք, որ շրջապատուած ըլլային Վկաներով, որոնք Եհովան իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնէին։

Եհովան մեր պէտքերը հոգաց, մինչ մեր զաւակները կը մեծցնէինք։ Անշուշտ, ես իմ դերս կը կատարէի որպէս տան հայր։ Անտառներուն մէջ որպէս ամուրի մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելով, սորված էի ինչպէ՛ս դրամ խնայել։ Բայց ատեններ, նոյնիսկ երբ մեր լաւագոյնը կ’ընէինք, չէինք կրնար մեզի պէտք եղած ամէն բաները ապահովել։ Այդպիսի պարագաներու, Եհովան օգնութեան կը հասնէր։ Օրինակ 1980–ականներուն ընթացքին եւ 1990–ականներուն սկիզբը, Սուրինամի մէջ քաղաքացիական պատերազմ եղաւ։ Այդ տարիներուն, երբեմն դժուար կ’ըլլար նոյնիսկ հիմնական պէտքերը հայթաթել։ Եհովան ինք մեզի հոգ կը տանէր (Մատ. 6։32

ԵՐԲ ԿԵԱՆՔՍ ԵՏ ԱՉՔԷ Կ’ԱՆՑԸՆԵՄ

Ձախէն աջ. Կնոջս՝ Էթէլին հետ

Մեր անդրանիկ տղան՝ Էթնիէլը, իր կնոջ Նաթալիին հետ

Մեր տղան՝ Ճիովաննին, իր կնոջ Քրիսթըլին հետ

Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին, Եհովան միշտ մեզի հոգ տարած է, եւ մեզի ուրախութիւն ու գոհունակութիւն տուած է։ Մեր զաւակները մեզի համար մեծ օրհնութիւն եղած են։ Եւ մենք շատ ուրախ ենք, որ կրցած ենք զիրենք այնպէս մը մեծցնել, որ Եհովային ծառայեն։ Նաեւ շատ կ’ուրախանանք, որ անոնք լիաժամ ծառայութիւնը իրենց կեանքին գլխաւոր գործը դարձուցին։ Էթնիէլ եւ Ճիովաննի, երկուքն ալ աստուածպետական դպրոցներ աւարտած են եւ այժմ իրենց կիներուն հետ կը ծառայեն Սուրինամի մասնաճիւղին մէջ։

Ես ու Էթէլ հիմա տարիքով յառաջացած ենք, բայց տակաւին Եհովայի գործին մէջ զբաղած ենք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Եւ իրականութեան մէջ այնքա՛ն զբաղած ենք, որ դեռ ժամանակ չունեցայ լողալ սորվելու։ Բայց բնա՛ւ չեմ զղջար։ Կեանքս ետ աչքէ անցընելով, անկեղծօրէն կը զգամ որ լիաժամ ծառայութիւնը կեանքիս գլխաւոր գործը դարձնելու որոշումս ամենալաւ որոշումներէն մէկն էր, որուն համար բնա՛ւ չեմ զղջար։

b Վիլըմ վան Սէիըլի պատմութիւնը կարդալու համար, տե՛ս «Իրականութիւնը սպասածէս աւելի լաւ ելաւ» յօդուածը, հրատարակուած՝ Զարթի՛ր–ի 8 հոկտեմբեր 1999 թիւին մէջ (արաբ.)։