Սերտելու համար առաջարկ
Մեր երգերը գոց սորվէ
«Այն օրերը որ անարժէք կը զգամ, Եհովան զիս կը քաջալերէ JW Հեռատեսիլի կայանին երգերով» (Լորեն, ԱՄՆ)։
Քրիստոնեաները միշտ «հոգեւոր երգեր» երգած են՝ Եհովան փառաբանելու համար (Կող. 3։16)։ Եթէ այս երգերը գոց սորվիս, անոնք կրնան քեզի օգնել, նոյնիսկ երբ ձեռքիդ մէջ չունիս երգարանը կամ ելեկտրոնային գործիք մը։ Երգերը գոց սորվելու համար, այս առաջարկները փորձէ։
Երգին բառերը ուշադրութեամբ կարդա՛, իմաստը հասկնալու համար։ Բան մը կրնաս դիւրութեամբ յիշել, եթէ անոր իմաստը հասկնաս։ jw.org կայքին վրայ կարելի է գտնել մեր բոլոր երգերը, մէջը ըլլալով՝ յատուկ երգերը եւ պզտիկներուն երգերը։ Բաց Գրադարան բաժինը եւ ետքը՝ Երաժշտութիւն։
Երգին բառերը ձեռքովդ գրէ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ բառերը աւելի արագ յիշես (Բ. Օր. 17։18)։
Բարձր ձայնով փորձ ըրէ։ Երգը քանի մը անգամ կարդա՛ կամ երգէ։
Տես թէ որքա՛ն կը յիշես։ Ջանք ըրէ որ բառերը յիշես առանց նայելու, ետքը նորէն բառերուն նայէ տեսնելու համար թէ երգը որքա՛ն լաւ յիշեցիր։