Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 44

ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

Անարդարութեան ինչպէ՞ս տոկալ

Անարդարութեան ինչպէ՞ս տոկալ

«Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (ՀՌՈՎ. 12։21

ՆԻՒԹ

Երբ մէկը հետդ անարդարութեամբ վարուի, ինչպէ՞ս կրնաս այնպէս մը վարուիլ, որ հարցը աւելի գէշ չըլլայ։

1-2. Ի՞նչ կերպերով թերեւս անարդարութեան զոհը երթանք։

 ՅԻՍՈՒՍ առակ մը պատմեց որբեւայրիի մը մասին, որ միշտ դատաւորէ մը կը խնդրէր որ իր իրաւունքը պաշտպանէ, քանի որ մէկը կար որ անարդարութեամբ կը վարուէր իրեն հետ։ Անկասկած Յիսուսին աշակերտներէն շատեր շատ լաւ կրնային հասկնալ այդ կնոջ զգացումները, քանի որ այդ ժամանակ շատեր անարդարութեան զոհը կ’երթային (Ղուկ. 18։1-5)։ Մենք ալ շատ լաւ կը հասկնանք անոր զգացումները, քանի որ բոլորս ալ շատ անգամ անարդարութեան զոհը գացած ենք։

2 Աշխարհի մէջ շատեր մարդոց միջեւ զատողութիւն կը դնեն, ուրիշներու հետ կոշտութեամբ կը վարուին եւ ագահ են։ Անոր համար, չենք զարմանար երբ մարդիկ մեզի հետ ալ անարդարութեամբ վարուին (Ժող. 5։8)։ Բայց ե՞րբ է որ թերեւս զարմանանք. երբ եղբա՛յր մը կամ քո՛յր մը մեզի հետ անարդարութեամբ վարուի։ Անշուշտ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն նպատակը չէ որ մեզի հետ անարդարութեամբ վարուին։ Անոնք պարզապէս անկատար են։ Յիսուսէն շատ բան կրնանք սորվիլ անարդարութեան հետ ինչպէ՛ս գլուխ ելլելու նկատմամբ։ Եթէ մենք կը համբերենք մեզի հետ անարդարութեամբ վարուող հակառակորդներո՛ւն, որքա՜ն աւելի պէտք է համբերենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ երբ ժողովքէն ներս կամ ժողովքէն դուրս ոմանք մեզի հետ անարդարութեամբ վարուին։ Արդեօք ան կը նեղուի՞։

3. Եհովան կը նեղուի՞ երբ անարդարութեան զոհը երթանք, եւ ինչո՞ւ։

3 Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ մեզի հետ լաւ կերպով վարուին եւ կը նեղուի երբ անոնք գէշ կերպով կը վարուին։ Եհովան «կը սիրէ իրաւունքը» (Սաղ. 37։28)։ Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ որ երբ ժամանակը գայ, Եհովան «շուտով. . . իրաւունք պիտի ընէ» (Ղուկ. 18։7, 8)։ Եւ մօտ ապագային, ան մեր բոլոր չարչարանքները մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ պիտի չձգէ որ անգամ մը եւս անարդարութեան զոհը երթանք (Սաղ. 72։1, 2

4. Եհովան այսօր մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

4 Մինչ կը սպասենք այն ժամանակին, երբ Եհովան անարդարութեան վերջ պիտի դնէ, ան պիտի օգնէ որ մեզի հետ եղած անարդարութիւններուն դիմանանք (Բ. Պետ. 3։13)։ Ան մեզի կը սորվեցնէ որ անմիտ բաներ չընենք, երբ ուրիշներ մեզի հետ անարդարութեամբ վարուին։ Օրինակ, Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ ցոյց տուած է թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ, երբ իր հետը անարդարութեամբ վարուեցան։ Ասկէ զատ, ան մեզի գործնական խրատներ ալ տուած է։

ԶԳՈՅՇ ԵՂԻ՛Ր ԵՐԲ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԸ ԵՐԹԱՍ

5. Ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք երբ անարդարութեան զոհը երթանք։

5 Երբ անարդարութեան զոհը երթանք, շատ խոր ցաւ կը զգանք (Ժող. 7։7)։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն՝ Յոբը եւ Ամբակումն ալ նոյնը զգացին (Յոբ 6։2, 3. Ամբ. 1։1-3)։ Թէեւ այսպէս զգալը բնական է, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք որ երբ անարդարութեան զոհը երթանք՝ յիմարութեամբ չվարուինք։

6. Աբիսողոմին ըրածէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Երբ մէկը անարդարութեամբ վարուի մեզի հետ, թերեւս փորձենք հարցը մեր կերպով լուծել։ Բայց ասիկա կրնայ խնդիրը աւելի մեծցնել։ Նկատի առ Դաւիթ թագաւորին տղուն՝ Աբիսողոմին՝ օրինակը։ Ան շատ ջղայնացաւ, երբ իր խորթ եղբայրը՝ Ամնոնը՝ բռնաբարեց իր քոյրը՝ Թամարը։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն Ամնոն պէտք էր սպաննուէր իր ըրածին համար (Ղեւ. 20։17)։ Ասկէ զատ, բնական էր որ Աբիսողոմ ջղայնանար։ Բայց ան իրաւունք չունէր հարցը ի՛ր կերպով լուծելու (Բ. Թագ. 13։20-23, 28, 29

Աբիսողոմ չկրցաւ իր ջղայնութիւնը զսպել, երբ Ամնոնը իր քրոջը՝ Թամարին՝ հետ անարդարօրէն վարուեցաւ (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Եհովայի մէկ ծառան ո՞ր աստիճան նեղացաւ անարդարութենէն։

7 Երբ այնպէս երեւի որ անարդարութեամբ վարուողները չեն պատժուիր, թերեւս սկսինք հարցնել թէ ճիշդը ընելը օգուտ մը ունի՞։ Նկատի առ Եհովայի մէկ ծառան, որ տեսաւ թէ չարերը ինչպէ՛ս անարդարութեամբ կը վարուին բարիներուն հետ եւ տակաւին կեանքը կը վայելեն։ Ան ըսաւ. «Ահա ասոնք են ամբարիշտները, միշտ յաջողութիւն ունին» (Սաղ. 73։12)։ Իր տեսած անարդարութիւնը զինք ա՛յնքան նեղացուց, որ քիչ մնաց որ մտածէր թէ Եհովային ծառայելը արժէք մը չունէր։ Ան ըսաւ. «Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին, դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս» (Սաղ. 73։14, 16)։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին» (Սաղ. 73։2)։ Նման բան մը պատահեցաւ Ալպերթօ a անունով եղբօր մը։

8. Եղբայր մը ո՞ր աստիճան նեղացաւ անարդարութենէն։

8 Կարգ մը եղբայրներ Ալպերթոյին մասին ըսին, որ ան ժողովքին պատկանող դրամէն գողցած էր, բայց ասիկա ճիշդ չէր։ Ասոր պատճառաւ, ան դադրեցաւ որպէս երէց ծառայելէ եւ շատերու յարգանքը կորսնցուց։ Ան կ’ըսէ. «Ջղայնացայ եւ յուսախաբ եղայ»։ Ան ձգեց որ իր վիրաւորուած զգացումները Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան ազդեն։ Ան նոյնիսկ հինգ տարի անգործունեայ մնաց։ Այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ անարդարութեան պատճառաւ մեր բարկութիւնը չզսպենք։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՊԷՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱ՛

9. Յիսուս ի՞նչ տեսակի անարդարութիւններու տոկաց (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Անարդարութեան ինչպէ՛ս տոկալու մէջ Յիսուս կատարեալ օրինակ մըն էր։ Շատեր իր հետը անարդարութեամբ վարուեցան, մէջը ըլլալով՝ իր ընտանիքը։ Իր ազգականները ըսին որ ան խենթ է, կրօնական առաջնորդները ըսին որ դեւերուն հետ գործ ունի, իսկ հռոմայեցի զինուորները զինք ծաղրեցին, չարչարեցին եւ վերջաւորութեան սպաննեցին (Մար. 3։21, 22. 14։55. 15։16-20, 35-37)։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս այդ բոլոր անարդարութիւններուն տոկաց եւ երբեք չփոխադարձեց։ Իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

Անարդարութեան ինչպէ՛ս տոկալու մէջ Յիսուս կատարեալ օրինակ մըն էր (տե՛ս պարբերութիւն 9-10)


10. Յիսուս ինչպէ՞ս տոկաց անարդարութեան (Ա. Պետրոս 2։21-23

10 Կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21-23–ը b։ Յիսուս կատարեալ օրինակ մը ձգեց մեզի, թէ ինչպէ՛ս վարուինք երբ ուրիշներ մեզի հետ անարդարութեամբ վարուին։ Ան գիտէր թէ ե՛րբ պէտք է լուռ կենայ եւ ե՛րբ պէտք է խօսի (Մատ. 26։62-64)։ Երբեմն, երբ ուրիշներ իր մասին սուտեր կ’ըսէին, ան կ’որոշէր բան մը չըսել (Մատ. 11։19)։ Իսկ երբ կ’որոշէր խօսիլ, զինք հալածողները չէր նախատեր, ոչ ալ կ’ըսէր որ անոնց վնաս պիտի հասցնէր։ Յիսուս միշտ կրցաւ ինքզինք զսպել, քանի որ «ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ Յիսուս գիտէր թէ Եհովան կը տեսնէր, որ ուրիշներ իր հետը անարդարութեամբ կը վարուէին, եւ վստահ էր որ Եհովան յարմար ժամանակին բոլոր անարդարութիւններուն վերջ պիտի դնէր։

11. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր խօսքերը զսպել (տե՛ս նաեւ նկարները)։

11 Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ մեր խօսքերը զսպելով, երբ մէկը մեզի հետ անարդարօրէն վարուի։ Կարգ մը անարդարութիւններ լուրջ չեն եւ կրնանք անտեսել։ Կամ կրնանք լուռ կենալ, որպէսզի չըսենք բան մը որ կրնայ պարագան աւելի գէշ դարձնել (Ժող. 3։7. Յակ. 1։19, 20)։ Ուրիշ ատեններ, պէտք է որ խօսինք երբ տեսնենք թէ մէկը անարդարութեան զոհը կ’երթայ կամ երբ պէտքը կայ որ մեր հաւատալիքները պաշտպանենք (Գործք 6։1, 2)։ Եթէ խօսինք, պէտք է ամէն ջանք թափենք, որ հանդարտ մնանք եւ դիմացինը յարգենք (Ա. Պետ. 3։15) c։

Երբ անարդարութեան զոհը երթանք, կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ ուշադիր ըլլալով թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կը խօսինք (տե՛ս պարբերութիւն 11-12)


12. Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ «արդար դատաւորին» յանձնել։

12 Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել նաեւ՝ մենք մեզ «արդար դատաւորին» յանձնելով։ Մենք վստահ ենք, որ երբ ուրիշներ մեզ սխալ կերպով դատեն կամ մեզի հետ անարդարօրէն վարուին, Եհովան կը տեսնէ եղածը։ Եւ ասիկա գիտնալը մեզի պիտի օգնէ, որ անարդարութեան տոկանք, քանի որ համոզուած ենք որ ի վերջոյ Եհովան պիտի շտկէ բոլոր հարցերը։ Եթէ Եհովային վստահինք եւ իրեն սպասենք, որ բոլոր խնդիրները լուծէ, բարկացած պիտի չմնանք կամ ուրիշները պիտի չատենք։ Բարկացած մնալը պատճառ կրնայ ըլլալ որ գէշ բան մը ընենք, մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք եւ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդենք (Սաղ. 37։8

13. Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել, որ համբերութեամբ տոկանք անարդարութեան։

13 Անշուշտ, երբեք պիտի չկարենանք Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ։ Ատեններ պիտի ըսենք կամ ընենք բաներ, որոնց համար ետքը պիտի զղջանք (Յակ. 3։2)։ Կարգ մը անարդարութիւններ մեզի զգացական ու ֆիզիքական երկարատեւ վնասներ կրնան հասցնել։ Եթէ այս է պարագադ, վստահ եղիր որ Եհովան գիտէ թէ ինչերէ կ’անցնիս։ Յիսուս ալ գիտէ ինչպէ՛ս կը զգաս, քանի որ ինքն ալ անարդարութեան զոհը գնաց (Եբ. 4։15, 16)։ Յիսուսի կատարեալ օրինակէն զատ, Եհովան մեզի տուած է գործնական խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն համբերութեամբ տոկալու անարդարութեան։ Եկէք նկատի առնենք Հռովմայեցիս նամակէն երկու համարներ, որոնք կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։

«ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻ ՏՈՒԷ՛Ք»

14. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘բարկութեան տեղի տալ’ (Հռովմայեցիս 12։19

14 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։19։ Երբ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ‘բարկութեան տեղի տան,’ ան որո՞ւ բարկութեան մասին կը խօսէր։ Համարին մնացեալ մասէն կը հասկնանք, որ ան Եհովային բարկութեան կ’ակնարկէ։ Եհովային բարկութեան տեղի կու տանք, երբ կը ձգենք որ ինք որոշէ թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս արդարութիւն պիտի բերէ։ Ճոն անունով եղբայր մը, անարդարութեան զոհը երթալէն ետք, ըսաւ. «Պէտք էր բարկութիւնս զսպէի, որ սխալ բան մը չընէի։ Բայց ասիկա դիւրին չէր։ Հռովմայեցիս 12։19–ն ինծի օգնեց, որ համբերեմ եւ Եհովային սպասեմ»։

15. Խնդիր մը լուծելու համար ինչո՞ւ Եհովային սպասելը լաւագոյն բանն է։

15 Երբ Եհովային սպասենք որ մեր խնդիրը իր կերպով լուծէ, մենք կ’օգտուինք։ Ինչպէ՞ս։ Չենք ունենար այն սթրեսը եւ յուսախաբութիւնը, որոնք պիտի ունենայինք, եթէ խնդիրը մեր կերպով լուծէինք։ Եհովան կ’առաջարկէ մեզի օգնել, խոստանալով. «Ե՛ս պիտի հատուցանեմ»։ Ան կարծես թէ կ’ըսէ. ‘Եղած անարդարութիւնը ինծի ձգէ, ե՛ս ատոր հոգ կը տանիմ’։ Եթէ ասիկա ընդունինք, հարցին ետեւէն չենք իյնար, քանի որ գիտենք թէ Եհովան մեր խնդիրը լաւագոյն կերպով պիտի լուծէ։ Եւ ասիկա է որ օգնեց նախապէս յիշուած Ճոնին։ Ան ըսաւ. «Եթէ Եհովային սպասեմ որ ինքը խնդիրս լուծէ, ան ասիկա ինձմէ շատ աւելի լաւ կերպով պիտի ընէ»։

‘ԲԱՐԻՈՎ ՅԱՂԹԵՆՔ ՉԱՐԻՆ’

16-17. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ ‘բարիով յաղթենք չարին’ (Հռովմայեցիս 12։21

16 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։21։ Պօղոս քրիստոնեաները նաեւ քաջալերեց որ ‘բարիով յաղթեն չարին’։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մատ. 5։44)։ Եւ ան ճի՛շդ այս է որ ըրաւ։ Թերեւս պատկերացուցած ենք թէ Յիսուս ինչպէս չարչարուեցաւ, երբ հռոմայեցի զինուորները զինք փայտին վրայ գամեցին։ Ան այնքա՜ն ցաւեր քաշեց եւ անարդարութիւն տեսաւ, որ մեզի համար դժուար է երեւակայել։

17 Թէեւ Յիսուս շատ չարչարուեցաւ, բայց ան շարունակեց ուրիշներուն հետ սիրալիր կերպով վարուիլ եւ Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Փոխանակ զինուորները անիծելու, ան աղօթեց. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Ղուկ. 23։34)։ Երբ մեզի հետ գէշ կերպով վարուողներուն համար աղօթենք, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ աւելի քիչ բարկանանք։ Ատիկա նոյնիսկ պիտի օգնէ, որ անոնց հանդէպ մեր զգացումները փոխուի։

18. Աղօթքը ինչպէ՞ս օգնեց Ալպերթոյին եւ Ճոնին որ անարդարութեան տոկան։

18 Աղօթքը օգնեց այս յօդուածին սկիզբը նշուած երկու եղբայրներուն, որ իրենց գլխուն եկած անարդարութիւններուն տոկան։ Ալպերթոն կ’ըսէ. «Աղօթեցի այն եղբայրներուն համար, որոնք ինծի հետ անարդարութեամբ վարուեցան։ Քանի մը անգամ Եհովայէն խնդրեցի որ ինծի օգնէ որ եղածը կռնակիս ետեւը նետեմ»։ Ուրախ ենք որ Ալպերթոն անգամ մը եւս Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայէ։ Ճոնը կ’ըսէ. «Շատ անգամներ Եհովային աղօթեցի, որ զիս վիրաւորող եղբօր օգնէ եւ ինծի օգնէ որ իրեն ներեմ։ Ան ինծի օգնեց որ եղբօրս հանդէպ բարկացած չմնամ եւ զինք չդատեմ։ Այդ աղօթքները նաեւ մտքի խաղաղութիւն տուին ինծի»։

19. Ի՞նչ պէտք է ընենք մինչեւ որ աշխարհին վերջը գայ (Ա. Պետրոս 3։8, 9

19 Այնքան ատեն որ այս չար աշխարհին մէջ կ’ապրինք, թերեւս անարդարութիւններու զոհը երթանք։ Ինչ բաներէ ալ անցնինք, միշտ Եհովային օգնութիւնը խնդրենք։ Նաեւ Յիսուսին պէս վարուինք, երբ անարդարութեան զոհը գնաց։ Ասկէ զատ, պէտք է շարունակենք Աստուածաշունչին խրատները գործադրել։ Եթէ ասոնք ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի պիտի օրհնէ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8, 9

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

b Պետրոս առաքեալի առաջին նամակին երկրորդ ու երրորդ գլուխներուն մէջ, Պետրոս կը խօսի պարագաներու մասին, երբ քրիստոնեաներ անարդարութեան զոհը գացին՝ կոշտ ու կոպիտ գործատէրերու կամ անհաւատ ամուսիններու կողմէ (Ա. Պետ. 2։18-20. 3։1-6, 8, 9

c Տե՛ս Ինչպէ՛ս սէրը խաղաղութեան կ’առաջնորդէ վիտէոն, jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։