ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովան մեզ զօրացուց՝ թէ՛ պատերազմի ու թէ՛ խաղաղութեան ժամանակներուն
Փոլ. Շատ խանդավառ էինք։ Նոյեմբեր 1985–ին մենք կ’ուղղուէինք մեր առաջին միսիոնարական նշանակումը՝ Լիպերիա, Արեւմտեան Ափրիկէ։ Մեր թռիչքը կանգ առաւ Սենեկալ։ Էնը ըսաւ. «Մէկ ժամէն Լիպերիա կը հասնինք»։ Ետքը յայտարարութիւն մը լսեցինք, որ կ’ըսէր. «Լիպերիա ուղղուող ճամբորդները պէտք է օդանաւէն իջնեն։ Հոն տեղի ունեցող զինուորական ըմբոստութիւն մը արգելք կ’ըլլայ, որ մեր օդանաւը Լիպերիա իջնէ»։ Յաջորդ տասը օրերը անցուցինք Սենեկալի մէջ գտնուող միսիոնարներուն հետ եւ լուրերը մտիկ ըրինք։ Լսեցինք որ շատեր սպաննուած էին եւ թէ կառավարութիւնը մարդոց արգիլած էր իրիկունը փողոց ելլել, եւ չհնազանդելու պարագային՝ կը սպաննուէին։
Էն. Մենք արկածախնդրութիւն սիրող մարդիկ չենք։ Իրականութեան մէջ, պզտիկ տարիքէս ճանչցուած եմ որպէս «մտահոգ Էնին»։ Ես ջիղերուս վրայ կ’ըլլամ նոյնիսկ երբ ճամբան պիտի անցնիմ։ Բայց այս պարագային վճռած էինք Լիպերիա երթալ, ուր նշանակուած էինք։
Փոլ. Էնը եւ ես ծնած ենք նոյն շրջանին մէջ՝ Անգլիոյ արեւմուտքը, իրարմէ միայն ութ քիլոմեթր հեռու։ Երկուքս ալ ռահվիրայութեան սկսանք բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ես՝ իմ ծնողքիս քաջալերութեամբ, իսկ Էնը՝ իր մօրը։ Անոնք շատ ուրախ էին որ մենք կ’ուզէինք մեր կեանքը լիաժամ ծառայութեան մէջ անցընել։ Երբ 19 տարեկան էի, Բեթէլ երթալու առանձնաշնորհումը ունեցայ, իսկ Էնը ինծի միացաւ մեր ամուսնութենէն ետք՝ 1982–ին։
Էն. Բեթէլը սիրեցինք, բայց միշտ կ’ուզէինք ծառայել հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կար։ Բեթէլին մէջ նախկին միսիոնարներու կողքին ծառայելը, մեր մէջ միսիոնար ըլլալու փափաքը զօրացուց։ Երեք տարի, ամէն գիշեր, ասոր մասին աղօթեցինք, եւ շա՛տ ուրախացանք երբ 1985–ին հրաւէր ստացանք, որ Գաղաադի դպրոցին 79–րդ դասարանին մաս կազմենք։ Նշանակուեցանք Լիպերիա, Արեւմտեան Ափրիկէ։
ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԶՕՐԱՑՈՒՑ
Փոլ. Առինք առաջին օդանաւը որ արտօնուած էր ետ Լիպերիա մտնել։ Երկրին մէջ մթնոլորտը լարուած էր եւ տակաւին արտօնուած չէր որ մարդիկ իրիկունները փողոց ելլէին։ Մարդիկ այնքան վախի մէջ էին որ անգամ մը, երբ ինքնաշարժ մը զօրաւոր աղմուկ հանեց, մարդիկ իրենց վախէն պոռացին ու փախան։ Մեր ջիղերը հանդարտեցնելու համար, ամէն գիշեր Սաղմոսաց գրքէն հատուածներ կը կարդայինք։ Հակառակ այս բոլորին, մեր նշանակումը իրապէս կը սիրէինք։ Էնը դաշտին մէջ կը ծառայէր որպէս միսիոնար, իսկ ես Բեթէլին մէջ կը ծառայէի եղբայր Ճոն Չէրուքին a։ Իրմէ շատ բաներ սորվեցայ, քանի որ փորձառու էր եւ լաւ կը հասկնար հոն ապրող եղբայրներուն ու քոյրերուն դժուարութիւններն ու պարագաները։
հետԷն. Ինչո՞ւ շատ շուտով սիրեցինք Լիպերիայի մէջ մեր նշանակումը։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պատճառաւ։ Անոնք մեզի հանդէպ շատ սէր ցոյց տուին եւ հաւատարիմ էին։ Անոնց շատ մօտիկ զգացինք եւ անոնք մեր նոր ընտանիքը եղան։ Անոնց լաւ խրատները մեզ հոգեւորապէս զօրացուցին։ Եւ աչքերնուս չէինք հաւատար որ հոն ծառայութիւնը որքա՜ն աղուոր էր։ Տանտէրերը կը նեղանային եթէ իրենց տունը երկար չմնայինք։ Նոյնիսկ փողոցը՝ մարդիկ Սուրբ Գիրքէն ունեցած իրենց հարցումներուն մասին կը խօսէին։ Շատ դիւրին էր որ անոնց խօսակցութեան մէջ մտնէիր։ Ա՛յնքան շատ Աստուածաշունչի աշակերտներ ունէինք, որ չէինք հասներ բոլորին հետ սերտելու։ Հոյակապ թաղամաս մըն էր։
ԹԷԵՒ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅԻՆՔ՝ ԲԱՅՑ ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԶՕՐԱՑՈՒՑ
Փոլ. Չորս տարի որոշ չափով հանդարտութիւն մը տիրելէ ետք, 1989–ին՝ սարսափելի քաղաքացիական պատերազմ մը սկսաւ։ 2 յուլիս 1990–ին, կառավարութեան դէմ ըմբոստացած խումբեր Բեթէլին մօտ եղող շրջանները գրաւեցին։ Մօտ երեք ամիս չկրցանք երկրէն դուրս մէկու մը հետ խօսիլ, նոյնիսկ մեր ընտանիքներուն կամ կեդրոնատեղիին հետ։ Ամէն տեղ քաոս կը տիրէր։ Ուտելիքի պակաս կար եւ կիներ կը բռնաբարուէին։ Երկրին մէջ վիճակները այսպէս շարունակուեցան 14 տարի։
Էն. Կարգ մը ցեղախումբեր իրար հետ կը կռուէին եւ զիրար կը սպաննէին։ Փողոցները զինեալներ կային, որոնք տարօրինակ հագուստներ կը հագուէին։ Անոնք տուները կը մտնէին եւ կը կողոպտէին։ Ոմանց համար մարդիկ մեռցնելը «հաւ մորթելու» պէս էր։ Անցարգելներուն մօտ դիակներ դիզուած կ’ըլլային, նոյնիսկ Բեթէլին մօտակայքը։ Հաւատարիմ Վկաներ ալ սպաննուեցան, մէջը ըլլալով մեզի սիրելի եղող երկու միսիոնարներ։
Զինեալները իրենց ատած ցեղախումբերուն պատկանողները կը փնտռէին եւ կը սպաննէին։ Մեր եղբայրները իրենց կեանքը վտանգեցին իրենց եղբայրներն ու քոյրերը պահելու համար։ Բեթէլականներն ու միսիոնարներն ալ նոյնը ըրին։ Բեթէլին մէջ, իրենց տուներէն փախած վկաներէն ոմանք վարը կը պառկէին, իսկ ուրիշներ վերը՝ մեր սենեակները։ Մեր սենեակին մէջ մեզի հետ եօթը հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը կը պառկէր։
Փոլ. Զինեալները ամէն օր կը փորձէին ներս մտնել, տեսնելու համար թէ մարդիկ կը պահէ՞ինք։ Ամէն անգամ, մեզմէ երկու հոգի դուրս կ’ելլէին զինեալներուն հետ խօսելու, մինչ երկու հոգի ալ պատուհանէն ամէն բան կը դիտէին։ Եթէ դուրս ելլող երկու եղբայրները իրենց ձեռքերը առջեւ պահէին, կը նշանակէր թէ
ամէն բան լաւ էր։ Բայց եթէ իրենց ձեռքերը ետեւ տանէին, կը նշանակէր թէ զինեալները յարձակողական էին։ Այս պարագային, պատուհանէն դիտողները անմիջապէս մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը պահէին։Էն. Քանի մը շաբաթ ետք, ջղայնացած զինեալներու խումբ մը ներս խուժեց։ Ես եւ քոյր մը պահուըտեցանք բաղնիքը, ուր պահարան մը կար որ պահուըտելիք գաղտնի պզտիկ բաժին մը ունէր։ Քոյրը ինքզինք բաւեցուց այդ պզտիկ բաժինին մէջ։ Զինեալները ետեւէս վեր ելած էին, իրենց զէնքերով։ Անոնք ջղայնացած սկսան դուռը զօրաւոր զարնել։ Փօլը անոնց ըսաւ. «Կինս բաղնիքն է»։ Քրոջ պահուըտած տեղը գոցելը եւ անոր վրայ ետ ապրանքները շարելը ձայն հանեց եւ ժամանակ առաւ։ Վախէս բոլոր մարմինս սկսաւ դողալ։ Եթէ դուռը այդ վիճակով բանայի, զինեալները աւելի պիտի կասկածէին։ Լռելեայն աղօթեցի Եհովային, եւ իրեն աղաչեցի որ մեզի օգնէ։ Ետքը դուռը բացի եւ հանդարտօրէն զինեալներուն բարեւեցի։ Զինեալներէն մէկը զիս հրելով ներս մտաւ եւ ուղղակի պահարանին մօտեցաւ, բացաւ եւ դարակներուն վրայ գտնուող բոլոր բաները մէկ կողմ հրեց։ Ան իր աչքերուն չհաւատաց որ բան մը չգտաւ։ Ետքը, ան եւ իրեն ընկերակցող զինեալները միւս սենեակներն ու վերնայարկը փնտռտեցին։ Եւ նորէն բան մը չգտան։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ՇՈՂԱԼ ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ
Փոլ. Ամիսներով ուտելիքի պակաս ունէինք։ Բայց հոգեւոր ուտելիքը մեզ ողջ պահեց։ Բեթէլի առաւօտեան պաշտամունքը միակ «նախաճաշն» էր, եւ բոլորս գիտէինք որ անիկա մեզի ոյժ պիտի տար որ տոկանք։
Մենք գիտէինք, որ եթէ ուտելիք կամ ջուր գտնելու համար մասնաճիւղէն դուրս ելլէինք, պիտի չկարենայինք պաշտպանել մեր քով պահուըտողները, եւ թերեւս անոնք սպաննուէին։ Երբեմն, Եհովան այնպիսի կերպով մը եւ այնպիսի ժամանակ մը կ’ապահովէր մեր պէտքերը, որ կը զգայինք որ հրաշք էր։ Ան մեզի հոգ տարաւ եւ օգնեց որ հանդարտ մնանք։
Երկրին վիճակները ո՛րքան աւելի գէշ կ’ըլլային, ճշմարտութիւնը ա՛յնքան աւելի մեզի յոյս կու տար։ Մեր եղբայրն ու քոյրերը շատ անգամներ ստիպուեցան փախչիլ իրենց կեանքը փրկելու համար, բայց անոնք իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեցին եւ հանդարտ մնացին։ Ոմանք ըսին թէ այս վիճակները զիրենք «կը պատրաստէին մեծ նեղութեան համար»։ Քաջասիրտ երէցներ ու երիտասարդ եղբայրներ քաջութեամբ իրենց ամէն կարելին ըրին՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Իրենց տուներէն տեղահանուելէ եւ ուրիշ շրջաններ փոխադրուելէ ետք, մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրարու օգնեցին եւ սկսան այդ նոր շրջաններուն մէջ քարոզել։ Անոնք անտառին մէջ ի՛նչ որ գտան գործածեցին, որպէսզի պարզ սրահներ շինեն եւ ժողովներ ընեն։ Այդ օրերուն, ժողովներու ներկայ ըլլալը եւ քարոզելը անոնց յոյս տուաւ եւ զանոնք շատ քաջալերեց։ Երբ ուտելիք, հագուելիք եւ ուրիշ բաներ կը բաժնէինք, մեր եղբայրներէն շատեր հագուելիքներ խնդրելու փոխարէն՝ քարոզելու պայուսակներ խնդրեցին։ Մարդիկ որոնք պատերազմին մէջ շատ գէշ բաներ տեսած էին, ուզեցին բարի լուրը լսել։ Անոնք զարմացան որ Վկաները որքա՜ն ուրախ եւ սիրով լեցուն ժողովուրդ մըն են։ Վկաները լոյսի պէս շողացին մութին մէջ (Մատ. 5։14-16)։ Եղբայրներուն նախանձախնդրութիւնը նոյնիսկ պատճառ եղաւ, որ կարգ մը անգութ զինեալներ մեր եղբայրները դառնան։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԶՕՐԱՑՈՒՑ՝ ԵՐԲ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐԷՆ ԲԱԺՆՈՒԵՑԱՆՔ
Փոլ. Ատեններ կը ստիպուէինք երկիրը ձգել–երթալ։ Երեք անգամ՝ կարճ ժամանակուան համար, իսկ երկու անգամ ալ՝ մէկ տարիի չափ։ Միսիոնար քրոջ մը այս խօսքերը շատ լաւ կ’արտայայտեն, թէ ի՛նչ կը զգայինք երբ կը ստիպուէինք երկրէն հեռանալ. «Գաղաադի դպրոցին մէջ մեզի սորվեցուցին, որ մեր նշանակումին մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ամբողջ սրտով սիրենք, եւ մենք ասիկա ըրինք։ Ասոր համար, երբ կը ստիպուէինք մեր եղբայրներն ու քոյրերը այս դժուար վիճակներուն մէջ ձգել–երթալ, կը զգայինք որ մեր սիրտը կտոր–կտոր կ’ըլլար»։ Բայց ուրախ էինք որ կրնայինք Լիպերիայի մեր եղբայրներուն օգնել մօտակայ երկիրներէն։
Էն. Մայիս 1996–ին՝ ես, Փոլը եւ ուրիշ երկու հոգի մասնաճիւղին պատկանող ինքնաշարժով ճամբայ ելանք, մասնաճիւղէն 16 քիլոմեթր հեռու գտնուող ապահով վայր մը երթալու համար։ Մեր հետ կը տանէինք Լիպերիայի մէջ մեր գործունէութեան վերաբերող կարեւոր փաստաթուղթեր։ Ճիշդ այդ պահուն, մեր շրջանը յարձակումի ենթարկուեցաւ։ Բարկացած զինեալներ օդը կրակեցին, մեր ինքնաշարժը կեցուցին, մեզմէ երեք հոգի վար իջեցուցին, եւ ինքնաշարժը առնելով գացին։ Փոլը իրենց հետ տարին։ Բերաննիս բաց մնաց։ Յանկարծ տեսանք որ Փոլը քալելով կու գար, բայց գլուխէն արիւն կը հոսէր։ Սկիզբը, կարծեցինք որ ան գլուխէն կապար կերած էր, բայց ետքը անդրադարձանք որ ասիկա կարելի չէր, քանի որ ան տակաւի՛ն կը քալէր։ Զինեալներէն մէկը զինք ինքնաշարժէն դուրս հրելու ատեն գլուխին զարկած էր։ Լաւ որ հարուածը զօրաւոր չէր։
Մօտակայքը զինուորական բեռնակառք մը կար, որուն մէջ վախով լեցուած մարդիկ թխմուած էին։ Որոշեցինք բեռնակառք բարձրանալ, բայց քանի որ մէջը տեղ չկար, ստիպուեցանք մեր ձեռքերով անոր կողմերէն կախուիլ։ Վարիչը այնքա՛ն արագ սկսաւ քշել, որ քիչ մնաց որ վրայէն իյնայինք։ Իրեն աղաչեցինք որ կենայ, բայց ան իր վախէն մեզի մտիկ չըրաւ։ Ձեւով մը, կրցանք բեռնակառքին կախուած մնալ մինչեւ որ հասանք, բայց մեր ջիղերն ու մկանները չափէ դուրս յոգնած էին։
Փոլ. Երբ հասանք, պահ մը կեցանք եւ իրարու նայեցանք։ Մեր հագուստները աղտոտած ու պատռուած էին։ Չհաւատացինք որ տակաւին ողջ էինք։ Բացօթեայ դաշտի մը մէջ պառկեցանք՝ հին եւ կապարներէն ծակծկած ուղղաթիռի մը մօտ, որ յաջորդ օրը մեզի Սիերա Լէոնէ տարաւ։ Ուրախացանք երբ հոն ողջ–առողջ հասանք, բայց շատ մտահոգ էինք Լիպերիա մնացող մեր եղբայրներով ու քոյրերով։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԶՕՐԱՑՈՒՑ՝ ՆՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Էն. Երբ Սիերա Լէոնէի մայրաքաղաքը՝ Ֆրիթաունի մէջ գտնուող Բեթէլը հասանք, հոն ապահով զգացինք եւ եղբայրները մեզի լաւ հոգ տարին։ Բայց յանկարծ սկսայ գէշ յիշատակներ յիշել։ Օրուան ընթացքին կը վախնայի որ գէշ բան մը պատահէր եւ չէի կրնար յստակ կերպով մտածել։ Ամէն բան պղտոր կը տեսնէի եւ կը զգայի որ ներկայ չեմ ո՛ւր որ եմ։ Իսկ գիշերները շատ անգամ կ’արթննայի դողդողալով եւ քրտինքներու մէջ, վախնալով որ գէշ բան մը պիտի պատահի։ Շունչս դժուար կ’առնէի։ Փոլը զիս իր ձեռքերուն մէջ կ’առնէր ու կ’աղօթէր։ Թագաւորութեան երգերը կ’երգէինք մինչեւ որ դողդողալս կենար։ Կը կարծէի որ սկսայ խելքս կորսնցնել եւ այլեւս չէի կրնար ծառայել որպէս միսիոնար։
Երբեք չեմ մոռնար ինչ պատահեցաւ անկէ ետք։ Այդ շաբաթ երկու պարբերաթերթեր ստացանք։ Մէկը՝ Զարթի՛ր–ի 8 յունիս 1996 թիւն էր, որուն մէջ կար «Ինչպէ՞ս կրնաս վախերուդ հետ գլուխ ելլել» յօդուածը (արաբ.)։ Երբ ատիկա կարդացի, հասկցայ թէ հետս ի՛նչ կը պատահէր։ Երկրորդ պարբերաթերթն էր՝ Դիտարան–ի 15 մայիս 1996 թիւը, որուն մէջ կար «Անոնք ուրկէ՞ զօրութիւն կը ստանան» յօդուածը (արաբ.)։ Դիտարան–ին մէջ կար վիրաւորուած թիթեռնիկի մը նկարը։ Յօդուածը կը բացատրէր, թէ նոյնիսկ երբ թիթեռնիկի մը թեւերը չափազանց վնասուած ըլլան, ատիկա տակաւին կրնայ ուտել ու թռչիլ։ Նոյնպէս ալ մենք կրնանք Եհովային սուրբ հոգիով ուրիշներուն օգնել, նոյնիսկ երբ զգացականօրէն վիրաւորուած ենք։ Այս յօդուածներուն միջոցաւ, Եհովան ինծի պէտք եղած զօրութիւնը տուաւ, ճի՛շդ ժամանակին (Մատ. 24։45)։ Այս նիւթին մասին յօդուածներ փնտռեցի եւ հաւաքեցի, որոնք ինծի շատ օգտակար եղան։ Ժամանակի ընթացքին, հետհոգեխոցեան սթրեսի (post-traumatic stress) ախտանշանները անհետացան։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԶՕՐԱՑՈՒՑ ՈՐ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ
Փոլ. Ամէն անգամ որ Լիպերիա վերադառնայինք, կ’ուրախանայինք։ 2004–ի վերջաւորութեան, շուրջ 20 տարի եղած էր մեր Լիպերիա գալուն։ Պատերազմը վերջացած էր։ Այժմ ծրագիրներ կային, որ
մասնաճիւղին մէջ շինարարութիւն ըլլար։ Բայց յանկարծ մեզմէ խնդրուեցաւ, որ նոր նշանակում մը ընդունինք։Ասիկա մեզի համար շատ դժուար բան մըն էր։ Մենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն շատ մօտիկ էինք։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք զիրենք ձգել–քալել։ Բայց քանի որ նախապէս տեսած էինք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս օրհնեց մեզ, երբ մեր ընտանիքները ձգելով Գաղաադի դպրոցը գացինք, որոշեցինք այս նոր նշանակումը ընդունիլ։ Մեզ պիտի ղրկէին մօտակայքը եղող երկիր մը՝ Կանա։
Էն. Երբ Լիպերիան ձգեցինք, շատ լացինք։ Շատ զարմացանք երբ իմաստուն ու տարեց եղբայր մը՝ Ֆրէնքը, մեզի ըսաւ. «Մեզ պէ՛տք է մոռնաք»։ Ետքը բացատրեց. «Գիտենք որ մեզ երբեք պիտի չմոռնաք, բայց պէտք է որ հիմա Կանայի ձեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրէք ձեր ամբողջ սրտով։ Այս նշանակումը Եհովայէն է, ատոր համար հոն գտնուող եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ հոգ տարէք»։ Այս խօսքերը մեզ պատրաստեցին, որ նոր բարեկամներ ունենանք այդ երկրին մէջ, ուր ամէն բան մեզի համար նոր էր եւ քիչեր մեզ կը ճանչնային։
Փոլ. Կանայի մեր եղբայրներն ու քոյրերը շուտով մեր նոր ընտանիքը դարձան։ Հոն շա՛տ վկաներ կային։ Մեր նոր բարեկամներուն հաւատարմութենէն ու զօրաւոր հաւատքէն շատ բաներ սորվեցանք։ Կանայի մէջ 13 տարի ծառայելէ ետք, ուրիշ անակնկալ մը ունեցանք։ Մեզմէ խնդրուեցաւ որ ծառայենք Քենիայի մէջ գտնուող Արեւելեան Ափրիկէի մասնաճիւղին մէջ։ Անշուշտ, Կանայի ու Լիպերիայի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կարօտը քաշեցինք, բայց անմիջապէս նոր բարեկամներ ունեցանք Քենիայի մէջ։ Ինչպէս էր պարագան այդ երկու երկիրներուն մէջ, հոս ալ քարոզչութեան մէջ շատ ընելիք կար եւ մենք մինչեւ այսօր հոն կը ծառայենք։
ՄԵՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԷՆ Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՆՔ
Էն. Տարիներու ընթացքին շատ դժուար պարագաներէ անցայ, եւ երբեմն ալ շատ վախեր անցուցի։ Երբ վտանգաւոր շրջաններու մէջ ապրինք եւ դժուար պարագաներէ անցնինք, ատոնք ֆիզիքական ու զգացական գետնի վրայ շատ գէշ կ’ազդեն մեզի։ Չենք կրնար ակնկալել, որ Եհովան մեզ հրաշքով մը պաշտպանէ ատոնցմէ։ Մինչեւ այսօր, երբ կրակոցի եւ ռմբակոծումի ձայներ լսեմ, ստամոքսս կը պրկուի եւ ձեռքերս կը թմրին։ Բայց սորվեցայ օգտուիլ այն բոլոր բաներէն, որ Եհովան մեզի կու տայ, մեզ զօրացնելու համար, մէջը ըլլալով՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութիւնը։ Նաեւ նկատած եմ, թէ երբ մեր հոգեւոր ռութինը պահենք, Եհովան մեզի կ’օգնէ որ մեր նշանակումին մէջ մնանք։
Փոլ. Երբեմն ոմանք մեզի կը հարցնեն. «Ձեր նշանակումը կը սիրէ՞ք»։ Թէեւ երկիրները կրնան գեղեցիկ ըլլալ, բայց ատոնք նաեւ կրնան անկայուն ու վտանգաւոր ըլլալ։ Ատոր համար, ի՞նչն է որ երկրէն աւելի կը սիրենք։ Մեր թանկագին եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեր ընտանիքն են։ Թէեւ բոլորս տարբեր ենթահողերէ ենք, բայց նոյն միտքը ունինք։ Կը կարծէինք որ մեզ կը ղրկէին որ այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերենք, բայց իրականութեան մէջ իրե՛նք մեզ կը քաջալերէին։
Ամէն անգամ որ նոր երկիր փոխադրուինք, հրաշք մը կը տեսնենք՝ մեր եղբայրութիւնը։ Այնքան ատեն որ ժողովքին մէջ ենք, ընտանիք ու տուն ունինք։ Վստահ ենք, որ եթէ շարունակենք Եհովային վստահիլ, ան պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ մեզի (Փլպ. 4։13)։
a Տե՛ս Ճոն Չարուքի կենսագրութիւնը, Դիտարան–ի 15 մարտ 1973 թիւին մէջ, «Շնորհակալ եմ Աստուծոյ ու Քրիստոսի» վերնագրով (անգլ.)։