Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք որպէս երէց ծառայելու

Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք որպէս երէց ծառայելու

«Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ [«կը ձգտի տեսուչ ըլլալ», ՆԱ], աղէկ գործի կը ցանկայ» (Ա. ՏԻՄ. 3։1

ՆԻՒԹ

Որպէս երէց ծառայելու համար Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կարգ մը յատկութիւններ կը պահանջէ։

1-2. Երէց մը ի՞նչ «աղէկ գործ» կ’ընէ։

 ԵԹԷ ժամանակէ մը ի վեր կը ծառայես իբր օգնական ծառայ, թերեւս արդէն իսկ զարգացուցած ես յատկութիւններ, որոնց պէտքը կայ իբր երէց ծառայելու համար։ Կը փափաքի՞ս ընել այն «աղէկ գործ»ը որ երէց մը կ’ընէ (Ա. Տիմ. 3։1

2 Երէցին գործը ի՞նչ է։ Ան նախանձախնդրօրէն կը քարոզէ ժողովքին հետ, ծանր կ’աշխատի որ եղբայրները հովուէ ու սորվեցնէ, եւ ժողովքը կը զօրացնէ իր խօսքերով ու իր օրինակով։ Շատ մը պատճառներով, Աստուածաշունչը ծանր աշխատող երէցները կը կոչէ «պարգեւներ» (Եփ. 4։8

3. Եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ երէց ըլլալ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։5-9

3 Ինչպէ՞ս կրնաս երէց ըլլալ։ Աշխարհին մէջ, շատ անգամներ, եթէ գործատիրոջ մը փնտռած ձիրքերը ունիս, կրնաս այդ գործը ձեռք ձգել։ Բայց երէց ըլլալը տարբեր է։ Միայն եղբօր մը ձիրքերը չեն, որ զինք կարող կը դարձնեն երէց ըլլալու։ Եթէ կ’ուզես երէց նշանակուիլ, բաւարար չէ որ քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ վարպետ ըլլաս։ Պէտք է նաեւ ունենաս երէցներէն պահանջուած այն յատկութիւնները, որոնք նշուած են Ա. Տիմոթէոս 3։1-7–ին եւ Տիտոս 1։5-9–ին մէջ (կարդա՛)։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ի՛նչ պահանջուած է երէցներէն՝ երեք կարեւոր մարզերու մէջ. ժողովէն ներս ու դուրս լաւ անուն մը ունենալ, որպէս ընտանիքի գլուխ լաւ օրինակ մը ըլլալ եւ ժողովքին ծառայելու պատրաստ ըլլալ։

ԼԱՒ ԱՆՈՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼ

4. Ի՞նչ կը նշանակէ «անարատ» ըլլալ։

4 Երէց մը ըլլալու համար պէտք է «անարատ» ըլլաս, այսինքն՝ քու լաւ վարքիդ համար ժողովքին մէջ լաւ անուն ունենաս։ Ասկէ զատ, պէտք է ‘դուրսի եղողներէն ալ բարի վկայութիւն բերես’։ Եհովան չպաշտողները թերեւս գէշ բաներ խօսին հաւատալիքներուդ մասին, բայց անոնք բնաւ պէտք չէ կասկած ունենան պարկեշտութեանդ ու լաւ վարքիդ նկատմամբ (Դան. 6։4, 5)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ժողովքէն ներս եւ դուրս լաւ անուն մը ունի՞մ’։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ որ «բարեսէր» ես։

5 Եթէ «բարեսէր» ես, ուրիշներուն մէջ եղող լաւ յատկութիւնները պիտի տեսնես եւ ատոնց համար զիրենք պիտի գովես։ Նաեւ ուրախ պիտի ըլլաս ուրիշներուն համար բարիք ընելով, նոյնիսկ եթէ քեզմէ ակնկալուած չէ (Ա. Թես. 2։8) Բայց, ինչո՞ւ համար շատ կարեւոր է, որ երէցները «բարեսէր» ըլլան։ Քանի որ բարեսէր ըլլալը անոնց կ’օգնէ, որ իրենց արժէքաւոր ժամանակին մեծ մասը գործածեն ժողովքին ու իրենց նշանակումներուն հոգ տանելու համար (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Եւ թէեւ այս բաները շատ զոհողութիւն կ’ուզեն, բայց երէցները շա՛տ կ’ուրախանան երբ ուրիշներուն կ’օգնեն (Գործք 20։35

6. ‘Հիւրասիրութիւն ցուցնելու’ ի՞նչ կերպեր կան (Եբրայեցիս 13։2, 16. տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 ‘Հիւրասիրութիւն ցուցուցած’ կ’ըլլաս, երբ ուրիշներուն համար լաւ բաներ կ’ընես, մէջը ըլլալով՝ անոնց համար որոնք մօտիկ բարեկամներդ չեն (Ա. Պետ. 4։9)։ Գիրք մը, հիւրասէր անձը այս կերպով կը նկարագրէ. «Իր տան եւ սրտին դուռը օտարներուն առջեւ բաց պէտք է ըլլայ»։ Դուն քեզի հարցուր, ‘Ուրիշներ զիս կը ճանչնա՞ն որպէս մէկը որ ժողովքին այցելողներուն հիւրասիրութիւն կը ցուցնէ’ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։2, 16)։ Հիւրասէր տղամարդ մը կը հիւրասիրէ ամէ՛ն տեսակի այցելուներ, մէջը ըլլալով՝ նիւթական վիճակով լաւ չեղողներ եւ անոնք որոնք ծանր կ’աշխատին որ ուրիշները քաջալերեն, օրինակ՝ շրջանային տեսուչներ եւ այցելու դասախօսներ (Ծն. 18։2-8. Առ. 3։27. Ղուկ. 14։13, 14. Գործք 16։15. Հռով. 12։13

Հիւրասէր զոյգ մը սիրով իր տունը կ’ընդունի շրջանային տեսուչ մը եւ անոր կինը (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Երէց մը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ «արծաթասէր» չէ։

7 «Ո՛չ արծաթասէր»։ Ասիկա ըսել է որ չես կեդրոնացած նիւթական բաներու վրայ։ Ըլլա՛ս հարուստ կամ աղքատ, քեզի համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ Եհովային ծառայելն է (Մատ. 6։33)։ Դուն ժամանակդ, կորովդ եւ նիւթական բաներդ կը գործածես Եհովան պաշտելու, ընտանիքիդ հոգ տանելու եւ ժողովքիդ ծառայելու համար (Մատ. 6։24. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Դրամը որքա՞ն կարեւոր է ինծի համար։ Կը բաւարարուի՞մ կեանքիս հիմնական բաները ունենալով։ Թէ ոչ, միշտ կ’ուզեմ աւելի դրամ եւ նիւթական բաներ ունենալ’ (Ա. Տիմ. 6։6, 17-19

8. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով ցոյց կու տաս, թէ «զգաստ» ու «ժուժկալ» ես։

8 Եթէ դուն «զգաստ [«սովորութիւններու մէջ չափաւոր», ՆԱ ]» ես, եւ «ժուժկալ [«ինքնազսպում ունեցող», ՆԱ]» ես, ուրեմն դուն ամէն բանի մէջ հաւասարակշռուած ես։ Օրինակ, դուն չափազանցութեան չես երթար՝ ուտելու–խմելու, հագուելու–շքուելու եւ ժամանցի մէջ։ Չես ընդօրինակեր Եհովան չծառայողներուն անպատշաճ ապրելակերպը (Ղուկ. 21։34. Յակ. 4։4)։ Հանդարտ կը մնաս, նոյնիսկ եթէ մարդիկ քեզ ջղայնացնեն։ Դուն ո՛չ «գինեմոլ» ես, ո՛չ ալ ճանչցուած ես իբրեւ շատ խմող մէկը։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ, որ սովորութիւններու մէջ չափաւոր եմ եւ ինքնազսպում ունիմ’։

9. Ինչպէ՞ս կրնաս «խոհեմ» եւ «կարգապահ» ըլլալ։

9 Եթէ «խոհեմ» ես, Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն հարցերը ձեռք կ’առնես։ Դուն լաւ մը մտածած ես այդ սկզբունքներուն մասին եւ ասոր շնորհիւ աւելի լաւ կը հասկնաս հարցերը եւ իմաստուն որոշումներ կ’առնես։ Դուն շուտով եզրակացութիւններու չես հասնիր, հապա՝ նախ վստահ կ’ըլլաս, որ պէտք եղած բոլոր տեղեկութիւնները ունիս (Առ. 18։13)։ Ասոր համար, դուն հաւասարակշռուած որոշումներ կ’առնես եւ այսպիսով ցոյց կու տաս որ Եհովային մտածելակերպը ունիս։ Եթէ «պարկեշտ [«կարգապահ», ՆԱ]» ես, կազմակերպուած ու ճշդապահ կ’ըլլաս։ Մարդիկ քու մասիդ կ’ըսեն որ վստահելի ես եւ քեզի տրուած ուղղութիւններուն կը հետեւիս։ Եթէ այս ենթավերնագրին մէջ նկատի առնուած յատկութիւնները ունենաս, լաւ անուն մը ձեռք պիտի ձգես։ Հիմա նկատի առնենք Սուրբ Գիրքին նշած այն յատկութիւնները, որ երէց մը պէտք է ունենայ, որպէսզի լաւ օրինակ մը ըլլայ իբր ընտանիքի գլուխ։

ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ ԸԼԼԱԼ ՈՐՊԷՍ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԳԼՈՒԽ

10. Ամուսին մը ինչպէ՞ս ‘իր տանը աղէկ վերակացութիւն կ’ընէ’։

10 Եթէ ամուսին մըն ես եւ կ’ուզես երէց ըլլալ, ընտանիքդ ալ պէտք է լաւ անուն ունենայ։ Այս պատճառաւ պէտք է որ ‘քու տանդ աղէկ վերակացութիւն ընես’։ Պէտք է որ սիրալիր կերպով հոգ տանիս ընտանիքիդ եւ պատասխանատու գլուխ մը ըլլաս։ Ասիկա կը նշանակէ ընտանեկան պաշտամունք կ’ընես, վստահ կ’ըլլաս որ ընտանիքդ ժողովներուն ներկայ կ’ըլլայ եւ անոնց կ’օգնես որ ծառայութեան մէջ իրենց լաւագոյնը ընեն։ Ասոնք ինչո՞ւ շատ կարեւոր են։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ մէկը չգիտնայ վերակացու ըլլալ իր տան, ի՞նչպէս հոգ պիտի տանի Աստուծոյ եկեղեցիին» (Ա. Տիմ. 3։5, ԱԾ

11-12. Ինչո՞ւ եղբօր մը զաւակներուն վարքը շատ կարեւոր է, եթէ ան կ’ուզէ երէց ըլլալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Եթէ հայր մըն ես, պէտք է որ անչափահաս ‘զաւակներդ հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահես’։ Պէտք է որ սիրալիր կերպով սորվեցնես ու մարզես զանոնք։ Անշուշտ, կ’ուզես որ անոնք ուրիշ պզտիկներու պէս ուրախ ըլլան եւ խնդան–խաղան։ Բայց, պէտք է անոնց սորվեցնես հնազանդ ըլլալ, ուրիշները յարգել եւ լաւ վարք ունենալ։ Նաեւ, պէտք է որ լաւագոյնդ ընես, որպէսզի զաւակներուդ օգնես Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալու, Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ապրելու եւ մկրտութեան նպատակին հասնելու։

12 «Հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան»։ Եթէ հօր հետ տան մէջ ապրող հաւատացեալ զաւակը լուրջ մեղք մը գործէ, ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ հօր նշանակումին վրայ։ Եթէ հայրը անհոգ գտնուած էր զաւակը մարզելու եւ կրթելու մէջ, հաւանաբար ան որակեալ պիտի չըլլայ երէց ըլլալու (տե՛ս Դիտարան–ի 1 փետրուար 1997 թիւը, էջ 28, պարբ. 6-7

Ընտանիքի գլուխները իրենց պզտիկները կը մարզեն, երբ անոնց կը վարժեցնեն հոգեւոր բաներու մասնակցելու (տե՛ս պարբերութիւն 11)


ԺՈՂՈՎՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ

13. Ինչպէ՞ս կրնաս «զիջող» ըլլալ եւ «յանդուգն» չըլլալ։

13 Քրիստոնէական յատկութիւններ ունեցող եղբայրները շատ օգտակար կրնան դառնալ ժողովքին։ «Հանդարտ [«զիջող», ՆԱ]», տղամարդը խաղաղութիւնը կը պահպանէ։ Եթէ կ’ուզես ճանչցուիլ որպէս զիջող մէկը, ուրիշներուն մտիկ ըրէ եւ փորձէ անոնց մտածելակերպը հասկնալ։ Օրինակ, եթէ ժողովի մը մէջ ըլլաս եւ մեծամասնութիւնը համաձայնի որոշումի մը վրայ, որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հակառակ չէ, թիկունք կը կանգնի՞ս որոշումին, նոյնիսկ եթէ կարծիքդ տարբեր է։ «Ոչ յանդուգն» ըսել է, թէ չես պնդեր, որ ամէն բան քո՛ւ ուզած կերպովդ ըլլայ, եւ կ’ընդունիս, թէ կարեւոր է որ ուրիշներուն կարծիքը առնես (Ծն. 13։8, 9. Առ. 15։22)։ Դուն «կռուող» եւ «բարկացող» չես։ Այսինքն՝ փոխանակ ուրիշներուն հետ խիստ եւ վիրաւորական ըլլալու, ազնուութեամբ կը վարուիս եւ դիմացինին զգացումները հաշուի կ’առնես։ Դուն առաջին քայլը կ’առնես, որ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն պահես, նոյնիսկ լարուած վիճակներու մէջ (Յակ. 3։17, 18)։ Քու ազնիւ խօսքերովդ ուրիշներուն կ’օգնես որ հանդարտին, մէջը ըլլալով՝ հակառակորդները (Դատ. 8։1-3. Առ. 20։3. 25։15. Մատ. 5։23, 24

14. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘նորահաւատ չըլլալ’ եւ «սուրբ» ըլլալ։

14 Եղբայր մը պէտք չէ «նորահաւատ ըլլայ», որ երէց ըլլալու որակեալ ըլլայ։ Թէեւ երկար տարիներէ ի վեր մկրտուած ըլլալու պէտք չունիս, բայց ժամանակ կ’ուզես որ հասուն քրիստոնեայ մը դառնաս։ Երէց նշանակուելէ առաջ, պէտք է ցոյց տաս որ Յիսուսին պէս խոնարհ ես եւ պատրաստ ես համբերութեամբ սպասելու, մինչեւ որ Եհովան քեզի աւելի նշանակումներ տայ ժողովքին մէջ (Մատ. 20։23. Փլպ. 2։5-8)։ Կրնաս ցոյց տալ թէ «սուրբ» [«հաւատարիմ», ՆԱ]» ես, եթէ Եհովան չձգես, իր ուզածին պէս ապրիս, եւ իր կազմակերպութեան ուղղութիւններուն հետեւիս (Ա. Տիմ. 4։15

15. Պայմա՞ն է որ երէց մը վարպետ դասախօս մը ըլլայ. բացատրէ։

15 Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն կ’ըսեն, թէ տեսուչները պէտք է «սորվեցնելու յարմար» ըլլան։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ պէտք է վարպետ դասախօս մը ըլլաս։ Ո՛չ։ Ամէն երէց չէ որ վարպետ դասախօս է, բայց երբ կը քարոզէ եւ հովուական այցելութիւններ կ’ընէ, ան պէտք է կարող ըլլայ Սուրբ Գիրքը լաւ կերպով գործածել՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն սորվեցնելու եւ քաջալերելու համար (համեմատէ՛ Ա. Կորնթացիս 12։28, 29 եւ Եփեսացիս 4։11)։ Ասով հանդերձ, պէտք է շարունակ ջանք թափես, որ աւելի լաւ ուսուցիչ մը ըլլաս։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

16. Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 «Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը»։ Որպէսզի աւելի լաւ ուսուցիչ մը ըլլաս, սորվեցուցածդ եւ տուած խրատներդ հիմնէ Սուրբ Գիրքին վրայ։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է որ Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները լաւ սերտես (Առ. 15։28. 16։23)։ Մինչ կ’ուսումնասիրես, ուշադրութիւն դարձուր թէ մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՛ս կը բացատրեն համարները, որպէսզի ատոնք ճիշդ կերպով կիրարկես։ Իսկ երբ կը սորվեցնես, ջանա՛ դիմացինին սիրտին հասնիլ։ Կրնաս աւելի լաւ ուսուցիչ մը ըլլալ, եթէ փորձառու երէցներէ գաղափարներ խնդրես եւ ատոնք գործադրես (Ա. Տիմ. 5։17)։ Երէցները պէտք է ‘կարող ըլլան յորդորել’, այսինքն՝ քաջալերել իրենց եղբայրներն ու քոյրերը։ Բայց ատեններ ալ երէցները պէտք է անոնց խրատ տան կամ նոյնիսկ զանոնք ‘յանդիմանեն’։ Ամէն պարագայի, երէցները պէտք է միշտ ազնիւ ըլլան։ Եթէ փափուկ կերպով ու սիրով վարուիս, եւ սորվեցուցածներդ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնես, լաւ ուսուցիչ մը պիտի ըլլաս, քանի որ Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուսը՝ ընդօրինակած պիտի ըլլաս (Մատ. 11։28-30. Բ. Տիմ. 2։24

Մինչ փորձառու երէցի մը հետ է, օգնական ծառայ մը առիթը կ’օգտագործէ, որ սորվի Սուրբ Գիրքէն սորվեցնել ուրիշին։ Օգնական ծառան նաեւ իր դասախօսութիւնը փորձ կ’ընէ հայելիին առջեւ (տե՛ս պարբերութիւն 16)


ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՋԱՆՔ ԹԱՓԵԼ

17. ա) Ի՞նչը կրնայ օգնական ծառաներուն օգնել, որ շարունակեն ջանք թափել երէց ըլլալու։ բ) Երէցները ի՞նչ բան պէտք է իրենց միտքը պահեն, երբ կը քննարկեն որ եղբայր մը երէց ըլլալու որակեա՛լ է կամ ոչ (տե՛ս « Հաւասարակշռուած եղէք երբ եղբօր մը որակեալ ըլլալը կը քննարկէք» տուփը)։

17 Կարգ մը օգնական ծառաներ թերեւս զգան, որ բնա՛ւ պիտի չկարենան օր մը օրանց երէց ըլլալ, քանի որ շատ յատկութիւններ կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատին։ Բայց յիշէ որ ո՛չ Եհովան ո՛չ ալ իր կազմակերպութիւնը քեզմէ կ’ակնկալեն որ կատարեալ ըլլաս (Ա. Պետ. 2։21)։ Ասկէ զատ, Եհովային սուրբ հոգին է որ քեզի կ’օգնէ այս յատկութիւնները զարգացնելու (Փլպ. 2։13)։ Լաւ, կա՞յ յատկութիւն մը, որուն վրայ կ’ուզես աշխատիլ։ Ատոր մասին Եհովային աղօթէ, պրպտում ըրէ եւ երէցէ մը խնդրէ որ քեզի ըսէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոր վրայ աշխատիլ։

18. Բոլոր օգնական ծառաները ի՞նչ բան ընելու կը քաջալերենք։

18 Բոլորս ալ, մէջ ըլլալով երէցները, շարունակենք այս յօդուածին յիշած յատկութիւնները զարգացնել (Փլպ. 3։16)։ Դուն օգնական ծառա՞յ մըն ես։ Ջանք թափէ երէց ըլլալու։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզ մարզէ, որպէսզի կարենաս աւելի ծառայել իրեն եւ ժողովքին (Եսա. 64։8)։ Եհովան վստահաբար շատ պիտի օրհնէ քեզ, մինչ ջանք կը թափես որ երէց ըլլալու որակեալ ըլլաս։

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք