Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46

ԵՐԳ 11 Եհովայի սիրտը ուրախացնենք

Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք օգնական ծառայ ըլլալու

Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք օգնական ծառայ ըլլալու

«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (ԳՈՐԾՔ 20։35

ՆԻՒԹ

Յօդուածը մկրտուած եղբայրները կը քաջալերէ, որ փափաքին օգնական ծառայ ըլլալ եւ ատոր համար որակեալ ըլլալու պէտք եղած յատկութիւնները ունենան։

1. Պօղոս առաքեալ օգնական ծառաներուն հանդէպ ինչպէ՞ս զգաց։

 ՕԳՆԱԿԱՆ ծառաները ժողովքներուն մէջ շատ օգտակար գործ կը տեսնեն։ Անկասկած, Պօղոս առաքեալ այս հաւատարիմ տղամարդիկը գնահատեց։ Օրինակ, երբ Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն կը գրէր, ան ոչ միայն բարեւեց «երէցներուն», հապա նաեւ՝ «օգնական ծառաներուն» (Փլպ. 1։1, ՆԱ

2. Լուիս անունով օգնական ծառայ մը ի՞նչ կը զգայ իր նշանակումին նկատմամբ։

2 Օգնական ծառայ ըլլալը կ’ուրախացնէ շատ մը մկրտուած եղբայրներ, ըլլա՛ն տարիքով մեծ կամ պզտիկ։ Օրինակ, Տէւընը 18 տարեկան էր երբ օգնական ծառայ եղաւ։ Անդին, Լուիս անունով եղբայր մը իր 50–ական տարիքին սկիզբն էր, երբ նշանակուեցաւ։ Ան ի՞նչ կը զգայ այս նշանակումին նկատմամբ։ Ան կ’ըսէ. «Եղբայրներուս ու քոյրերուս այս կերպով ծառայելը ինծի շատ ուրախութիւն կու տայ։ Անոնք ինծի հետ շատ սիրով վարուած են, եւ հիմա ե՛ս կրնամ իմ սէրս արտայայտել իրենց հանդէպ»։ Շատ մը օգնական ծառաներ նոյնը կը զգան։

3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես եւ տակաւին օգնական ծառայ չես, կրնա՞ս ատիկա նպատակ դնել։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզ մղել որ ասիկա ընես։ Եւ Սուրբ Գիրքը ո՞ր յատկութիւններուն համար կ’ըսէ որ պէտք ունիս, որպէսզի օգնական ծառայ ըլլաս։ Այս յօդուածին մէջ, այս հարցումներուն պատասխանները նկատի պիտի առնենք։ Բայց նախ եւ առաջ խօսինք թէ օգնական ծառային դերը ի՛նչ է։

ՕԳՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԴԵՐԸ Ի՞ՆՉ Է

4. Օգնական ծառային դերը ի՞նչ է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Օգնական ծառան մկրտուած եղբայր մըն է, որ սուրբ հոգիէն նշանակուած է շատ մը գործնական կերպերով օգնելու երէցներուն։ Կարգ մը օգնական ծառաներ հոգ կը տանին թաղամասերուն եւ հրատարակութիւններուն։ Ուրիշներ՝ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահը մաքրելու եւ նորոգելու։ Օգնական ծառաները նաեւ կը ծառայեն որպէս հիւրընկալներ եւ ձայնի ու վիտէոյի գործիքները կ’աշխատցնեն ժողովներուն ընթացքին։ Անոնց ըրածներուն մեծ մասը գործնական բաներ են, բայց ամէնէն կարեւորը այն է որ անոնք հոգեւոր տղամարդիկ են։ Անոնք Եհովան կը սիրեն եւ անոր ուզածին պէս կ’ապրին, ինչպէս նաեւ կը սիրեն իրենց եղբայրներն ու քոյրերը (Մատ. 22։37-39)։ Մկրտուած եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ փափաք զարգացնել, որ օգնական ծառայ ըլլայ։

Օգնական ծառաները Յիսուսին պէս զոհողութիւններ կ’ընեն ուրիշներուն համար (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ օգնական ծառայ ըլլալու համար ջանք թափել։

5 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ եղբայր մը ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է զարգացնէ, օգնական ծառայ ըլլալու համար (Ա. Տիմ. 3։8-10, 12, 13)։ Կրնաս այս առանձնաշնորհումը ունենալ, եթէ այս յատկութիւններուն մասին սերտես եւ ետքը ջանք թափես որ ատոնք զարգացնես։ Բայց նախ պէտք է մտածես, թէ ինչո՛ւ կ’ուզես օգնական ծառայ ըլլալ։

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ՈՒԶԵՍ ՕԳՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅ ԸԼԼԱԼ

6. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ այն պատճառը, որու համար կ’ուզես եղբայրներուդ ու քոյրերուդ ծառայել (Մատթէոս 20։28. տե՛ս նաեւ նկարը)

6 Մտածէ մեր լաւագոյն օրինակին՝ Յիսուսին մասին։ Ամէն ինչ որ ըրաւ՝ ըրաւ քանի որ իր Հայրը կը սիրէր եւ մարդիկը կը սիրէր։ Սէրն է որ ձգեց որ ան ուրիշներուն համար շատ բաներ ընէ, նոյնիսկ եթէ ատոնք մարդոց աչքին աննշան էին (կարդա՛ Մատթէոս 20։28. Յովհ. 13։5, 14, 15)։ Եթէ կ’ուզես օգնական ծառայ ըլլալ, քանի որ Եհովան եւ մարդիկը կը սիրես, ան քեզ պիտի օրհնէ ինչպէս նաեւ օգնէ որ օգնական ծառայ ըլլալու նպատակիդ հասնիս (Ա. Կոր. 16։14. Ա. Պետ. 5։5

Յիսուս իր օրինակով կը սորվեցնէ իր առաքեալներուն, որ խոնարհութեամբ ուրիշներուն ծառայեն, փոխանակ ուզելու որ բարձր դիրքի հասնին (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Ինչո՞ւ սխալ է որ եղբայր մը անձնասէր պատճառներով ուզէ օգնական ծառայ ըլլալ։

7 Աշխարհի մէջ, մարդիկ կը զմայլին անոնց վրայ, որոնք իրենք զիրենք բան մը կը կարծեն։ Բայց պարագան տարբեր է Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Եղբայր մը որ ուրիշները կը սիրէ, ինչպէս Յիսուս կը սիրէ, չ’ուզեր ուրիշներուն վրայ իշխել կամ անոնց կողմէ կարեւոր մէկը նկատուիլ։ Եթէ այսպիսի մէկը ժողովքին մէջ նշանակուի որպէս օգնական ծառայ, հաւանաբար պիտի չուզէ Եհովայի թանկարժէք ոչխարներուն համար աննշան գործեր ընել եւ պիտի սեպէ որ ատոնք իր մակարդակին չեն (Յովհ. 10։12)։ Եհովան պիտի չօրհնէ այն անձին ջանքերը, որ հպարտ է եւ անձնասէր պատճառներով կ’ուզէ օգնական ծառայ ըլլալ (Ա. Կոր. 10։24, 33. 13։4, 5

8. Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։

8 Ատեններ, նոյնիսկ Յիսուսին մտերիմ բարեկամները սխալ նպատակով ուզեցին որոշ առանձնաշնորհումներ ունենալ։ Նկատի առ Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին օրինակը։ Անոնք Յիսուսէն խնդրեցին որ իրենց յատուկ դիրք մը տայ իր Թագաւորութեան մէջ։ Բայց Յիսուս զանոնք չգովեց այս խնդրանքին համար։ Ընդհակառակը, ան բոլոր 12 առաքեալներուն բացատրելով ըսաւ. «Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ» (Մար. 10։35-37, 43, 44)։ Այն եղբայրները, որոնք ճիշդ նպատակով կ’ուզեն օգնական ծառայ ըլլալ, այսինքն՝ ուրիշներուն ծառայելու համար, շատ օգտակար պիտի դառնան ժողովքին (Ա. Թես. 2։8

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԴ ԶՕՐԱՑՆԵԼ

9. Ինչպէ՞ս կրնաս օգնական ծառայ ըլլալու փափաքդ զօրացնել։

9 Անշուշտ դուն Եհովան կը սիրես եւ կ’ուզես ուրիշներուն ծառայել։ Բայց թերեւս փափաք չունիս որ օգնական ծառայի մը ըրած պարտականութիւնները ընես։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշներուն ծառայելու փափաքդ զօրացնել։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պիտի ուրախանաս, երբ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ ծառայես։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Յիսուս ո՛չ միայն խօսքով, հապա նաեւ գործով ասիկա ցոյց տուաւ։ Ուրիշներուն ծառայելը շատ ուրախութիւն տուաւ իրեն։ Ատիկա քեզի ալ կրնայ ուրախութիւն տալ։

10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ ուրիշներուն ծառայելով ուրախ էր (Մարկոս 6։31-34

10 Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս ցոյց տուաւ թէ ուրիշներուն ծառայելով ուրախ էր (կարդա՛ Մարկոս 6։31-34)։ Առիթով մը, Յիսուս եւ իր առաքեալները յոգնած էին եւ հանդարտ տեղ մը կ’երթային, որ քիչ մը հանգչին։ Բայց խումբ մը մարդիկ իրենցմէ առաջ հոն հասան, որպէսզի Յիսուսէն աւելի բաներ սորվին։ Յիսուս կրնար անոնց ո՛չ ըսել։ Քանի որ թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն ընկերակցողները ‘հաց ուտելու ժամանակ’ նոյնիսկ չունէին։ Կամ ալ Յիսուս կրնար ժողովուրդին մէկ կամ երկու ճշմարտութիւններ սորվեցնել եւ ետքը ղրկել։ Բայց ան սէրէ մղուած՝ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ Եւ ան շարունակեց անոնց սորվեցնել մինչեւ ուշ ժամանակ (Մար. 6։35)։ Յիսուս ասիկա ըրաւ ո՛չ թէ քանի որ ստիպուած էր, հապա՝ քանի որ «խղճաց անոնց վրայ»։ Ան ուզեց անոնց սորվեցնել, քանի որ զիրենք կը սիրէր։ Ուրիշներուն ծառայելը իրեն շատ ուրախութիւն տուաւ։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս գործնական կերպով օգնեց մարդոց (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Յիսուս ո՛չ միայն սորվեցուց այդ խումբ մը մարդոց, հապա նաեւ անոնց ֆիզիքական պէտքերուն հոգ տարաւ։ Ան հրաշքով մը ուտելիք ապահովեց անոնց եւ ետքը իր աշակերտներէն խնդրեց որ ատիկա բաժնեն ժողովուրդին (Մար. 6։41)։ Այսպիսով, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ ինչպէ՛ս կրնան ուրիշներուն ծառայել։ Ան նաեւ անոնց ցոյց տուաւ որ ուրիշներուն գործնական կերպերով օգնելը, ինչպէս որ օգնական ծառաները կ’ընեն, կարեւոր է։ Երեւակայէ որ առաքեալները որքա՜ն ուրախացան, երբ Յիսուսին հետ աշխատելով ուտելիքը բաժնեցին, մինչեւ որ «ամէնքը կերան ու կշտացան» (Մար. 6։42)։ Անշուշտ, ասիկա միակ անգամը չէր որ Յիսուս ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դրաւ։ Ան իր ամբողջ երկրային կեանքին ընթացքին ուրիշներուն ծառայեց (Մատ. 4։23. 8։16)։ Ուրիշներու սորվեցնելը եւ անոնց պէտքերուն հոգ տանիլը շատ ուրախացուցին Յիսուսը։ Վստահաբար դո՛ւն ալ շատ պիտի ուրախանաս, երբ զոհողութիւններ ընելով ուրիշներուն ծառայես որպէս օգնական ծառայ։

Եթէ Եհովային հանդէպ սէր ունենաս եւ մարդոց ծառայելու փափաքը ունենաս, պիտի կարենաս որեւէ կերպով ժողովքին ծառայել (տե՛ս պարբերութիւն 11) a


12. Ինչո՞ւ մէկը պէտք չէ զգայ, թէ ժողովքին օգտակար չի կրնար դառնալ։

12 Եթէ կը զգաս որ յատուկ կարողութիւններ չունիս, մի՛ յուսահատիր։ Անկասկած որ ունիս յատկութիւններ, որոնք կրնաս գործածել ժողովքին օգտակար ըլլալու համար։ Մտածէ Ա. Կորնթացիս 12։12-30–ին մէջ եղող Պօղոսի խօսքերուն մասին, եւ ետքը Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ տեսնես թէ ատիկա ինչպէ՛ս կը կիրարկուի քեզի։ Պօղոսի խօսքերը յստակ կը դարձնեն թէ դո՛ւն, Եհովայի ոեւէ ծառայի պէս, կարեւոր ու արժէքաւոր դեր մը ունիս ժողովքին մէջ։ Եթէ ներկայիս չես կրնար ծառայել որպէս օգնական ծառայ, քանի որ պէտք է կարգ մը յատկութիւններու վրայ աշխատիս, մի՛ յանձնուիր։ Փոխարէն, ամէն կարելիդ ըրէ որ Եհովային ծառայես եւ եղբայրներուդ օգնես։ Վստահ եղի՛ր թէ երէցները ի մտի պիտի ունենան քու կարողութիւններդ, երբ մտածեն քեզի նշանակումներ տալ (Հռով. 12։4-8

13. Ինչո՞ւ համար շատ դժուար չէ որ օգնական ծառայ ըլլաս։

13 Ասոր մասին ալ մտածէ. բոլո՛ր քրիստոնեաները պէտք է ունենան օգնական ծառաներէն պահանջուած յատկութիւններուն մեծամասնութիւնը։ Բոլո՛րը պէտք է Եհովային մօտենան, տալու ուրախութիւնը վայելեն եւ Եհովային ուզածին պէս ապրին։ Շատ հաւանաբար, արդէն իսկ զարգացուցած ես օգնական ծառաներէն պահանջուած յատկութիւններուն մեծամասնութիւնը։ Լաւ, եղբայր մը ի՞նչ կրնայ ընել որ օգնական ծառայ ըլլայ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅ ԸԼԼԱԼ

14. Ի՞նչ կը նշանակէ «ծանրաբարոյ» ըլլալ (Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12

14 Նկատի առնենք Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12–ի մէջ նշուած կարգ մը որակումները կամ յատկութիւնները (կարդա՛)։ Օգնական ծառայ մը պէտք է «ծանրաբարոյ» ըլլայ։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «լուրջ», «պատասխանատուութիւն շալկող» կամ «ուրիշներուն յարգանքը շահած» մէկը։ Ասիկա չի նշանակեր թէ բնաւ չես կրնար խնդալ կամ կատակ ընել (Ժող. 3։1, 4)։ Հապա, կը նշանակէ թէ պէտք է որ պատասխանատուութիւններդ լուրջի առնես։ Եթէ ճանչցուած ես որ վստահելի ես, ժողովքին յարգանքը պիտի շահիս։

15. Ի՞նչ կը նշանակեն՝ «ո՛չ երկլեզու» եւ «ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող» արտայայտութիւնները։

15 «Ո՛չ երկլեզու» ըլլալը կը նշանակէ թէ պէտք է անկեղծ, պարկեշտ եւ վստահելի ըլլաս։ Այսինքն՝ խօսքիդ տէրը ըլլաս եւ ուրիշները չխաբես (Առ. 3։32«Ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող» կը նշանակէ թէ պէտք է գործիդ եւ դրամական հարցերու մէջ պարկեշտ ըլլաս։ Ինչպէս նաեւ պէտք չէ եղբայրներդ շահագործես՝ դրամ շահելու համար։

16. ա) «Ո՛չ գինեսէր» ի՞նչ կը նշանակէ բ) «Մաքուր խղճմտանք» ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։

16 «Ո՛չ գինեսէր» կը նշանակէ թէ խմիչք խմելու մէջ չափը չես անցըներ կամ ալ՝ ճանչցուած չես որպէս շատ խմող։ «Մաքուր խղճմտանք» ունենալը կը նշանակէ, թէ Եհովային չափանիշներուն համաձայն կ’ապրիս եւ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մը ունիս, թէեւ կատարեալ չես։ Եւ ասիկա քեզի ներքին խաղաղութիւն կու տայ։

17. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘փորձուած’ ըլլալ (Ա. Տիմոթէոս 3։10. տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 ‘Փորձուած’ կը նշանակէ որ դուն արդէն իսկ ցոյց տուած ես որ կրնաս պատասխանատուութիւններ շալկել։ Ուրեմն, երբ երէցները քեզի նշանակում մը կու տան, ուշի–ուշով հետեւէ անոնց ըսածներուն եւ կազմակերպութեան ուղղութիւններուն։ Երբ նախանձախնդրութեամբ կ’ընես քեզի տրուած ամէն մէկ նշանակում, ժողովքին մէջ ուրիշներ ասիկա պիտի տեսնեն եւ քու յառաջդիմութիւնդ գնահատեն։ Երէցնե՛ր, վստահ եղէք որ մկրտուած եղբայրները կը մարզէք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 3։10)։ Արդեօք ձեր ժողովքին մէջ կա՞ն մկրտուած եղբայրներ, որոնք 10-14 տարեկան են կամ նոյնիսկ աւելի պզտիկ։ Արդեօք անոնք անձնական սերտողութիւն ընելու սովորութիւն ունի՞ն։ Կանոնաւորաբար պատասխան կու տա՞ն ժողովներուն եւ միշտ ծառայութեան կ’ելլե՞ն։ Եթէ ա՛յո, անոնց տարիքին եւ պարագաներուն համեմատ նշանակումներ տուէք անոնց։ Այսպիսով, այս եղբայրները կրնան ‘փորձուիլ’։ Եւ երբ անոնք 17-19 տարիքը հասնին, կրնան որակեալ ըլլալ որ օգնական ծառայ նշանակուին։

Երբ երէցները մկրտուած եղբայրներու նշանակումներ կու տան, զանոնք ‘փորձած’ կ’ըլլան (տե՛ս պարբերութիւն 17)


18. Ի՞նչ կը նշանակէ «անմեղադրելի» ըլլալ։

18 «Անմեղադրելի» կը նշանակէ, թէ ոչ ոք կրնայ իրաւացիօրէն քեզ ամբաստանել թէ լուրջ յանցանք մը գործած ես։ Անշուշտ, հաւանական է որ քրիստոնեաները սուտ կերպով ամբաստանուին, քանի որ նոյնիսկ Յիսուս սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ, եւ ըսաւ որ իր հետեւորդներուն ալ նոյնը պիտի ըլլայ (Յովհ. 15։20)։ Բայց եթէ Յիսուսին պէս մաքուր վարք մը ունենաս, ժողովքին մէջ լաւ անուն մը պիտի շահիս (Մատ. 11։19

19. «Մէկ կնոջ այր» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

19 «Մէկ կնոջ այր»։ Երբ Եհովան առաջին ամուսնութիւնը հաստատեց, ան ըսաւ որ ամուսնութիւնը պէտք է ըլլայ մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միջեւ։ Եւ բոլոր քրիստոնեաները ասոր պէտք է հնազանդին (Մատ. 19։3-9)։ Քրիստոնեայ տղամարդը երբե՛ք պէտք չէ սեռային անբարոյութիւն գործէ (Եբ. 13։4)։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ թէ ան միշտ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ իր կնոջ, եւ երբեք պէտք չէ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն ցուցնէ ուրիշ կիներու հանդէպ (Յոբ 31։1

20. Տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր տանը «աղէկ» վերակացութիւն ընել։

20 ‘Իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընող’։ Եթէ ընտանիքի գլուխ ես, պէտք է պատասխանատուութիւններդ լուրջի առնես։ Կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունքը վարէ՛։ Ընտանիքիդ ամէն մէկ անդամին հետ կանոնաւորաբար ծառայութեան ե՛լ։ Զաւակներուդ օգնէ՛ որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան (Եփ. 6։4)։ Այն տղամարդը, որ իր ընտանիքին հոգ կը տանի, ցոյց կու տայ, որ կրնայ ժողովքին ալ հոգ տանիլ (համեմատէ՛ Ա. Տիմոթէոս 3։5

21. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ դեռ օգնական ծառայ չես։

21 Եղբայրնե՛ր, եթէ դեռ օգնական ծառայ չէք, հաճիք այս յօդուածը ուշի–ուշով կարդացէք եւ Եհովային աղօթեցէք ասոր մասին։ Սերտեցէք այն յատկութիւններուն մասին, որ օգնական ծառաները պէտք է ունենան եւ ջանք թափեցէք որ ատոնք զարգացնէք։ Եհովային եւ ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ ձեր սէրը աւելցուցէք եւ փափաք զարգացուցէք անոնց ծառայելու (Ա. Պետ. 4։8, 10)։ Ջանք թափեցէք որ օգնական ծառայ ըլլաք եւ ատոր ուրախութիւնը վայելեցէք։ Թող որ Եհովան շատ օրհնէ ձեր թափած ջանքերը (Փլպ. 2։13

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

a ՆԿԱՐ. Ձախին՝ Յիսուս խոնարհութեամբ կը ծառայէ իր աշակերտներուն։ Աջին՝ օգնական ծառայ մը կ’օգնէ տարեց եղբօր մը։