Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Լաւ մթնոլորտ մը ստեղծէ

Լաւ մթնոլորտ մը ստեղծէ

Կ’ուզե՞ս անձնական ուսումնասիրութենէդ աւելի օգտուիլ։ Այս գաղափարները կրնան քեզի օգնել, որ աւելի կեդրոնանաս երբ կը սերտես.

  • Լաւ տեղ մը զատէ։ Եթէ կարելիութիւնը կայ, գտիր տեղ մը որ կոկիկ ու լուսաւոր է։ Կրնաս գրասեղանի մը կամ սեղանի մը վրայ նստիլ, կամ ալ կրնաս դուրսը հանգիստ տեղ մը զատել։

  • Տեղ մը զատէ ուր կրնաս առանձին ըլլալ։ Յիսուս կը նախընտրէր «առաւօտուն շատ կանուխ» աղօթել «անապատ» տեղ մը, այսինքն՝ տեղ մը ուր մինակը կրնար ըլլալ (Մար. 1։35)։ Եթէ չես կրնար լման մինակդ ըլլալ սերտելու ատեն, կրնաս ընտանիքիդ կամ հետդ նոյն տան մէջ ապրողներուն ըսել, որ դուն ե՛րբ կը սերտես եւ անոնցմէ խնդրէ որ քեզ չխանգարեն։

  • Կեդրոնացիր։ Մի՛ ձգեր որ բան մը քեզ խանգարէ։ Եթէ հեռաձայնով կամ թապլեթով կը սերտես, ատոնց ձայնը մարէ կամ ալ ատոնք airplane mode–ի վրայ դիր, որպէսզի բան մը քեզ չխանգարէ։ Եւ եթէ սերտած ատենդ միտքդ բան մը գայ որ պէտք է ընես, նոթ առ որ ատիկա սերտողութենէդ վերջ ընես, եւ սերտողութիւնդ շարունակէ։ Եթէ կեդրոնացումդ կորսնցնես, դադար մը առ որ քալես կամ մկաններդ շարժես։