Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 45

ԵՐԳ 90 Ալեւորութեան գեղեցկութիւնը

Հաւատարիմ մարդոց վերջին խօսքերէն սորվէ՛

Հաւատարիմ մարդոց վերջին խօսքերէն սորվէ՛

«Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ» (ՅՈԲ 12։12

ՆԻՒԹ

Եհովա Աստուծոյ հնազանդելով, թէ՛ հիմա պիտի օրհնուինք եւ թէ՛ ապագային յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք։

1. Ինչո՞ւ կրնանք տարեցներէն սորվիլ։

 ԲՈԼՈՐՍ ալ խրատի պէտք ունինք կեանքի կարեւոր որոշումները առնելու համար։ Այս խրատները կրնան գալ երէցներէն կամ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներէ։ Եթէ անոնք տարիքով մեզմէ շատ մեծ են, պէտք չէ անմիջապէս ենթադրենք որ անոնց խրատները մեզի համար գործնական չեն։ Եհովան կ’ուզէ որ տարեցներէն սորվինք։ Անոնք մեզմէ աւելի ժամանակ ունեցած են որ փորձառութիւն, հասկացողութիւն եւ իմաստութիւն ձեռք ձգեն (Յոբ 12։12

2. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

2 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովան գործածեց հաւատարիմ տարեցներ, որ քաջալերէ եւ առաջնորդէ իր ժողովուրդը։ Նկատի առ Մովսէսի, Դաւիթի եւ Յովհաննէս առաքեալի օրինակները։ Անոնք տարբեր ժամանակներու ապրեցան եւ անոնց պարագաները իրարմէ շատ տարբեր էին։ Մեռնելէ առաջ, անոնք իմաստուն խրատներ տուին երիտասարդներուն։ Այս հաւատարիմ տարեցներէն ամէն մէկը խօսեցաւ Եհովային հնազանդ ըլլալու կարեւորութեան մասին։ Եհովան Աստուածաշունչին մէջ գրել տուաւ իրենց իմաստուն խօսքերը, որպէսզի անոնցմէ սորվինք։ Տարիքով պզտիկ ըլլանք կամ մեծ, բոլորս ալ կրնանք օգտուիլ անոնց խրատներէն (Հռով. 15։4. Բ. Տիմ. 3։16)։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք այս երեք հաւատարիմ մարդոց վերջին խօսքերը եւ թէ ի՛նչ դասեր կը սորվինք այդ խօսքերէն։

‘ՕՐԵՐԴ ԵՐԿԱՅՆ’ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ

3. Մովսէս ի՞նչ ձեւերով ծառայեց Եհովային եւ իսրայէլ ազգին։

3 Մովսէս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Եհովային համար ծանր աշխատեցաւ։ Ան որպէս մարգարէ, դատաւոր, հրամանատար եւ գրող ծառայեց։ Մովսէս շատ փորձառու էր։ Ան իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանեց եւ անձամբ Եհովային շատ մը հրաշքները տեսաւ։ Եհովան գործածեց զինք, որ Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերը գրէ, ինչպէս նաեւ Սաղմոս 90–ը եւ թերեւս Սաղմոս 91–ն ալ։ Ան շատ հաւանաբար Յոբ գիրքն ալ գրեց։

4. Մովսէս որո՞ւն քաջալերութիւն տուաւ, եւ ինչո՞ւ։

4 Իր մահէն քիչ մը առաջ, 120 տարեկանին, Մովսէս բոլոր իսրայէլացիները հաւաքեց եւ անոնց յիշեցուց այն բաները, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր։ Անոնցմէ ոմանք երբ երիտասարդ էին, իրենց աչքով տեսած էին շատ մը նշաններ ու հրաշքներ, որոնք Եհովան ըրած էր, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի դէմ իր դատաստանները (Ել. 7։3, 4)։ Անոնք Կարմիր ծովուն բաժնուած ջուրերուն մէջէն անցած էին եւ Փարաւոնի բանակին բնաջնջուիլը տեսած էին (Ել. 14։29-31)։ Անապատին մէջ, անոնք Եհովային պաշտպանութիւնն ու հոգատարութիւնը վայելած էին (Բ. Օր. 8։3, 4)։ Հիմա որ անոնք Աւետեաց երկրին սեմին կանգնած էին, Մովսէս այս վերջին առիթը օգտագործեց որ զիրենք քաջալերէ a։

5. Մովսէսի խօսքը, որ յիշուած է Բ. Օրինաց 30։19, 20–ին մէջ, իսրայէլացիներուն ի՞նչ վստահեցուց։

5 Մովսէս ի՞նչ ըսաւ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 30։19, 20 Ան իսրայէլ ազգին յիշեցուց, թէ աղուոր ապագայ մը կը սպասէր իրենց։ Եհովային օրհնութեամբ, իսրայէլացիները պիտի կարենային երկար ժամանակ ապրիլ այն երկրին մէջ, որ ան խոստացած էր իրենց։ Այդ երկիրը գեղեցիկ եւ պտղաբեր պիտի ըլլար։ Մովսէս ատիկա նկարագրելով ըսաւ, որ Եհովան «մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ [պիտի] տայ, որոնք դուն շինած չես եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես» (Բ. Օր. 6։10, 11

6. Ինչո՞ւ Աստուած թոյլատրեց, որ ուրիշ ազգեր յաղթեն իսրայէլացիներուն։

6 Մովսէս նաեւ զգուշացուց իսրայէլացիները։ Անոնք պէտք էր որ հնազանդէին Եհովային պատուիրաններուն, որպէսզի շարունակէին ապրիլ իրենց գեղեցիկ երկրին մէջ։ Մովսէս զանոնք քաջալերեց որ ‘կեանքը ընտրեն’։ Ինչպէ՞ս։ Եհովային հնազանդելով եւ ‘անոր յարելով’։ Բայց իսրայէլացիները հնազանդ չգտնուեցան։ Անոր համար, ժամանակ մը ետք Եհովան թոյլ տուաւ, որ անոնք ասորեստանցիներուն եւ բաբելոնացիներուն դէմ պարտուին եւ գերի տարուին (Դ. Թագ. 17։6-8, 13, 14. Բ. Մն. 36։15-17, 20

7. Մովսէսին խօսքէն ի՞նչ կը սորվինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Եհովային հնազանդինք, յաւիտեան պիտի ապրինք։ Ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, մենք ալ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը մտնելու վրայ ենք։ Շատ մօտ ատենէն, երկիրը դարձեալ դրախտ պիտի ըլլայ (Եսա. 35։1. Ղուկ. 23։43)։ Հոն, Սատանան եւ իր դեւերը պիտի չըլլան (Յայտ. 20։2, 3)։ Այլեւս սուտ կրօնքները մարդիկը պիտի չհեռացնեն Եհովայէն (Յայտ. 17։16)։ Այլեւս մարդկային կառավարութիւնները պիտի չչարչարեն ժողովուրդը (Յայտ. 19։19, 20)։ Ըմբոստներ պիտի չըլլան Դրախտին մէջ (Սաղ. 37։10, 11)։ Ամէն մարդ պիտի հնազանդի Եհովային արդար օրէնքներուն։ Ասոր համար, մարդոց միջեւ միութիւն ու խաղաղութիւն պիտի ըլլայ եւ անոնք իրար պիտի սիրեն եւ իրարու վստահին (Եսա. 11։9)։ Անհամբեր կը սպասենք այդ ժամանակին։ Ասկէ աւելին, եթէ Եհովային հնազանդինք, պիտի կարենանք ոչ միայն հարիւրաւոր տարիներ ապրիլ Դրախտին մէջ, հապա՝ յաւիտեան (Սաղ. 37։29. Յովհ. 3։16

Եթէ Եհովային հնազանդինք, պիտի կարենանք ոչ միայն հարիւրաւոր տարիներ ապրիլ Դրախտին մէջ, հապա՝ յաւիտեան (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Յաւիտենական կեանքի խոստումը ինչպէ՞ս օգնեց երկար ատենէ ի վեր ծառայող միսիոնարի մը (Յուդա 20, 21

8 Եթէ շարունակ մտածենք Աստուծոյ տուած յաւիտենական կեանքի խոստումին մասին, ատիկա մեզի պիտի օգնէ որ իրեն հնազանդինք, ի՛նչ խնդիրներ ալ ունենանք (կարդա՛ Յուդա 20, 21)։ Այդ խոստումը կրնայ նաեւ մեզի զօրութիւն տալ որ մեր տկարութիւններուն դէմ պայքարինք։ Ափրիկէի մէջ երկար տարիներէ ի վեր ծառայող միսիոնար եղբայր մը, բացատրեց թէ ինք շատ անգամներ փորձութեան առջեւ կ’ըլլար, ընելու համար բան մը՝ որ Եհովան կը նեղացնէ։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ, որ չեմ կրնար Դրախտին մէջ ապրիլ, եթէ Եհովային չհնազանդիմ։ Ասիկա ինծի օգնեց, որ շարունակեմ իմ տկարութեանս դէմ պայքարիլ եւ ատոր մասին ա՛լ աւելի աղօթել։ Իր օգնութեամբ, կրցայ այդ տկարութենէն ազատուիլ»։

‘ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԳՏՆԵՍ’

9. Դաւիթ ի՞նչ նեղութիւններէ անցաւ։

9 Դաւիթ Եհովային հաւատարիմ թագաւոր մըն էր։ Ան նաեւ երաժիշտ, բանաստեղծ, պատերազմիկ եւ մարգարէ էր։ Ան շատ մը նեղութիւններէ անցաւ։ Ան տարիներով որպէս փախստական ապրեցաւ, քանի որ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորը կը փորձէր զինք մեռցնել։ Թագաւոր ըլլալէ ետք, ան նորէն պէտք էր որ պահուըտէր, քանի որ իր տղան՝ Աբիսողոմը՝ կ’ուզէր զինք մեռցնել եւ իր տեղը թագաւոր ըլլալ։ Հակառակ իր դժուարութիւններուն եւ իր սխալներուն, ան Եհովային հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Եհովան իրեն մասին ըսաւ, որ ‘իր սրտին համեմատ մարդ’ մըն էր։ Ուրեմն, կ’արժէ որ մտիկ ընենք Դաւիթին խրատին (Գործք 13։22. Գ. Թագ. 15։5

10. Դաւիթ ինչո՞ւ իր տղուն՝ Սողոմոնին՝ խրատ տուաւ։

10 Նկատի առ, օրինակ, այն խրատը որ Դաւիթ տուաւ իր տղուն եւ յաջորդին՝ Սողոմոնին։ Եհովան Սողոմոնը զատեց որ տաճարը շինէ, ուր ժողովուրդը կրնար Եհովան պաշտել (Ա. Մն. 22։5)։ Ան շատ մը դժուարութիւններէ պիտի անցնէր։ Դաւիթ անոր ի՞նչ ըսաւ։ Տեսնենք։

11. Գ. Թագաւորաց 2։2, 3–ի համաձայն, Դաւիթ Սողոմոնին ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ երբ Սողոմոն ատոր հնազանդեցաւ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

11 Դաւիթ ի՞նչ ըսաւ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 2։2, 3 Դաւիթ իր տղուն ըսաւ որ եթէ Եհովային հնազանդի՝ իր կեանքին մէջ պիտի յաջողի։ Եւ Սողոմոն երկար տարիներ իր կեանքին մէջ յաջողութիւն գտաւ (Ա. Մն. 29։23-25)։ Ան գեղեցիկ տաճարը շինեց եւ Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքեր գրեց, ինչպէս նաեւ իր խօսքերը յիշուեցան Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքերու մէջ։ Ան ճանչցուեցաւ իր իմաստութեամբ ու հարստութեամբ (Գ. Թագ. 4։34)։ Բայց ինչպէս որ Դաւիթ բացատրեց, Սողոմոն պիտի յաջողէր միայն եթէ Եհովային հնազանդէր։ Ցաւօք սրտի, երբ Սողոմոն տարիքով մեծցաւ, սկսաւ չաստուածներ պաշտել։ Եհովան ասկէ գոհ չեղաւ եւ Սողոմոն ժողովուրդին վրայ արդար կերպով իշխելու իմաստութիւնը կորսնցուց (Գ. Թագ. 11։9, 10. 12։4

Սողոմոնին ուղղուած Դաւիթին վերջին խօսքը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, որ եթէ Եհովային հնազանդինք, Ան մեզի իմաստութիւն պիտի տայ, որ լաւ որոշումներ առնենք (տե՛ս պարբերութիւն 11-12) b


12. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթի խօսքէն։

12 Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Եհովային հնազանդինք՝ պիտի յաջողինք (Սաղ. 1։1-3)։ Ճիշդ է որ Եհովան մեզի չէ խոստացած որ Սողոմոնին պէս փառք եւ հարստութիւն պիտի տայ, բայց եթէ Եհովային հնազանդինք՝ ան մեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ լաւ որոշումներ առնենք (Առ. 2։6, 7. Յակ. 1։5)։ Եհովային խրատները մեզի պիտի օգնեն, որ լաւ որոշումներ առնենք գործի, ուսումի, ժամանցի եւ դրամի շուրջ։ Եթէ իր խրատները գործադրենք, Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պիտի մնայ (Առ. 2։10, 11)։ Ասկէ զատ, պիտի ունենանք լաւ բարեկամներ եւ մեր ընտանիքը ուրախ պիտի ըլլայ։

13. Ի՞նչը օգնեց Գարմէնին որ իր կեանքին մէջ յաջողութիւն գտնէ։

13 Գարմէնը, որ Մոզամպիկ կ’ապրի, կը կարծէր որ բարձրագոյն ուսումը կեանքի մէջ յաջողութիւն կը բերէ։ Անոր համար, ան համալսարան գնաց եւ ճարտարապետութիւն սորվեցաւ։ Ան ըսաւ. «Շատ կը սիրէի սորվածներս, բայց ժամանակէս եւ ուժէս շատ կ’առնէին։ Ես համալսարան կ’երթայի առտուան 7։30–էն մինչեւ իրիկուան 6։00–ը։ Սկսայ ժողովներէն բացակայիլ եւ հոգեւորապէս տկարացայ։ Անդրադարձայ որ կը փորձեմ երկու տիրոջ ծառայել» (Մատ. 6։24)։ Ան իր վիճակին մասին աղօթեց եւ փնտռտուք ըրաւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Ան նաեւ ըսաւ. «Երէցներէն եւ մամայէս խրատներ ստանալէ ետք, որոշեցի համալսարանը ձգել եւ լիաժամ ծառայել Եհովային։ Կը զգամ որ ամենալաւ որոշումը առի եւ որոշումիս համար չեմ զղջար»։

14. Մովսէսին եւ Դաւիթին խրատներուն բուն կէտը ի՞նչ էր։

14 Մովսէսը եւ Դաւիթը Եհովան կը սիրէին եւ համոզուած էին, թէ շատ կարեւոր է որ Եհովային հնազանդին։ Անոր համար, անոնք իրենց վերջին խօսքերուն մէջ դիմացինները քաջալերեցին որ իրենց պէս հնազանդ եւ հաւատարիմ մնան Եհովային։ Երկուքն ալ նաեւ զգուշացուցին, որ եթէ մէկը Եհովային կռնակ դարձնէ, անոր բարեկամութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ անոր խոստացած օրհնութիւնները պիտի չվայելէ։ Անոնց տուած խրատը պէտք է մեր ականջին օղ ընենք։ Մովսէսէն եւ Դաւիթէն դարեր ետք, Եհովային ուրիշ մէկ ծառան ցոյց տուաւ, որ Եհովային հաւատարիմ մնալը շատ կարեւոր է։

«ԱՍԿԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՄ»

15. Յովհաննէս իր կեանքին ընթացքին ի՞նչ տեսաւ։

15 Յովհաննէսը Յիսուս Քրիստոսին սրտին մօտիկ առաքեալ մըն էր (Մատ. 10։2, 3. Յովհ. 19։26)։ Ան Յիսուսին հետ քարոզեց, անոր հրաշքները տեսաւ եւ անոր հետ մնաց դժուարութիւններու ատեն։ Ան դիտեց ինչպէ՛ս Յիսուս կը սպաննուի եւ զինք տեսաւ յարութիւն առնելէ ետք։ Ան նաեւ տեսաւ որ առաջին դարուն ինչպէ՛ս քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը մեծցաւ եւ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ» (Կող. 1։23

16. Որո՞նք օգտուած են Յովհաննէսին նամակներէն։

16 Երբ Յովհաննէս տարիքով շատ մեծ էր, առանձնաշնորհումը ունեցաւ Յայտնութիւն գիրքը գրելու (Յայտ. 1։1)։ Ան նաեւ գրեց Աւետարաններէն մէկը եւ երեք նամակներ։ Ան իր երրորդ նամակը գրեց հաւատարիմ Գայիոսին, որ Յովհաննէսին աչքին հոգեւոր սիրելի զաւակի մը պէս էր (Գ. Յովհ. 1)։ Այդ ժամանակ, հաւանաբար շատեր հոգեւոր զաւակի մը պէս էին Յովհաննէսին աչքին։ Այս հաւատարիմ տարեց մարդուն գրածները քաջալերած են Յիսուսին բոլոր հետեւորդները մինչեւ մեր օրերը։

17. Գ. Յովհաննէս 4–ին համաձայն, ի՞նչը շատ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։

17 Յովհաննէս ի՞նչ գրեց (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 4 Յովհաննէս գրեց որ ինք կ’ուրախանայ, երբ իր եղբայրներն ու քոյրերը Եհովային կը հնազանդին։ Այդ ժամանակ, կարգ մը անձեր սուտեր կը տարածէին եւ ժողովքին մէջ անհամաձայնութիւններ կը պատճառէին։ Բայց ուրիշներ ‘ճշմարտութեամբ կը քալէին’։ Անոնք Եհովային կը հնազանդէին եւ ‘անոր պատուիրանքներուն համեմատ կը քալէին’ (Բ. Յովհ. 4, 6)։ Այդ հաւատարիմ քրիստոնեաները ոչ միայն Յովհաննէսին սիրտը կ’ուրախացնէին, հապա նաեւ՝ Եհովային սիրտը (Առ. 27։11

18. Յովհաննէսին խօսքերէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

18 Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Եհովային հնազանդինք՝ ուրախ պիտի ըլլանք (Ա. Յովհ. 5։3)։ Օրինակ, մենք կ’ուրախանանք, քանի որ Եհովան կ’ուրախացնենք։ Ան կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ որ այս աշխարհին փորձութիւնները կը մերժենք եւ իր ըսածներուն կը հնազանդինք (Առ. 23։15)։ Հրեշտակներն ալ կ’ուրախանան (Ղուկ. 15։10)։ Նաեւ կ’ուրախանանք, երբ տեսնենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը հաւատարիմ կը մնան, նոյնիսկ երբ հալածուին կամ փորձութիւններու հանդիպին (Բ. Թես. 1։4)։ Այսպիսով, երբ Սատանային աշխարհը կործանուի, նաեւ պիտի ուրախանանք որ Եհովային հաւատարիմ մնացինք։

19. Ռէյչըլ անունով քոյր մը ի՞նչ ըսաւ ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մասին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

19 Մասնաւորաբար կ’ուրախանանք երբ ուրիշներուն Եհովային մասին կը սորվեցնենք։ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ ապրող Ռէյչըլ անունով քոյր մը, կը զգայ որ մեր հոյակապ Աստուծոյն մասին ուրիշներուն սորվեցնելը շատ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։ Խօսելով իր հոգեւոր զաւակներուն մասին, ան կ’ըսէ. «Դժուար է նկարագրել այն ուրախութիւնը որ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ որ դասերս ինչպէ՛ս կը սկսին Եհովան սիրել, իրեն վստահիլ եւ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ընել, զինք ուրախացնելու համար։ Անոնց սորվեցնելու համար թափած ջանքերս ու զոհողութիւններս բան մը չեն՝ ունեցած մեծ ուրախութեանս քով»։

Մենք կ’ուրախանանք երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք որ մեզի պէս Եհովայի հնազանդին (տե՛ս պարբերութիւն 19)


ՕԳՏՈՒԷ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԱՐԴՈՑ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

20. Մենք ինչ կերպերով Մովսէսին, Դաւիթին եւ Յովհաննէսին պէս ենք։

20 Մովսէսը Դաւիթը եւ Յովհաննէսը ապրեցան մեր ժամանակէն շատ տարբեր եղող ժամանակներու եւ պարագաներու մէջ։ Բայց մենք շատ մը կերպերով անոնց կը նմանինք։ Մենք անոնց պէս ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտենք, իրեն կ’աղօթենք, իրեն կը վստահինք եւ իրմէ ուղղութիւն կը խնդրենք։ Եւ մենք անոնց պէս վստահ ենք, որ Եհովան շատ կ’օրհնէ իրեն հնազանդողները։

21. Ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք, եթէ Մովսէսին, Դաւիթին եւ Յովհաննէսին խրատներուն հետեւինք եւ Եհովային հնազանդինք։

21 Ուրեմն հետեւինք այս տարեց մարդոց վերջին խօսքերուն եւ հնազանդինք Եհովային ըսածներուն։ Այսպիսով, իրապէս ամէն բանի մէջ պիտի յաջողինք։ Մեր ‘օրերը երկայն’ պիտի ըլլան, այսինքն՝ յաւիտեան պիտի ապրինք (Բ. Օր. 30։20)։ Եւ ուրախ պիտի ըլլանք, գիտնալով որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախացնենք։ Եհովան ալ իր կարգին մեզ պիտի օրհնէ մեր ակնկալածէն եւ երեւակայածէն շատ աւելի (Եփ. 3։20

ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ

a Կարմիր ծովուն քով Եհովային հրաշքները տեսնող իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը Աւետեաց երկիրը չտեսաւ (Թւ. 14։22, 23)։ Եհովան ըսած էր որ 20 տարեկանէն վեր եղող տղամարդիկը պիտի մեռնին անապատին մէջ (Թւ. 14։29)։ Բայց Յեսուն, Քաղէբը, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդէն եւ Ղեւիի ցեղէն շատեր տեսան, որ Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումը կատարեց եւ իսրայէլ ազգը Յորդանան գետը կտրելով Քանանի երկիրը մտաւ (Բ. Օր. 1։24-40

b ՆԿԱՐ. Ձախ. Դաւիթ իր վերջին խօսքերը կ’ըսէ իր տղուն՝ Սողոմոնին։ Աջ. Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցին մէջ աշակերտները լաւագոյն ուսումը կը ստանան։