ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հոգեւոր մարդոց հետ աշխատիլը՝ ինծի համար օրհնութիւն եղած է
1930–ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ կէսերուն, հայրս ու մայրս՝ Ճէյմս եւ Ճեսսի Սինգլեր, փոխադրուեցան Պրանքս, Նիւ Եորք Սիթիին մէկ աւանը։ Անոնց նոր ծանօթներէն մէկն էր Ուիլի Սնետըն, որ իրենց պէս եկած էր Սկովտիայէն։ Երբ անոնք առաջին անգամ հանդիպեցան, քանի մը վայրկեան չանցած, արդէն կը խօսէին իրենց ընտանիքներուն մասին։ Ասիկա ծնելէս քանի մը տարի առաջ էր։
Մայրս Ուիլիին պատմեց թէ Մեծ պատերազմէն քիչ առաջ, իր հայրը եւ մեծ եղբայրը Հիւսիսային ծովուն մէջ խեղդուեցան, երբ իրենց ձկնորսութեան նաւը ականի մը զարնուեցաւ։ Ուիլին ըսաւ. «Հայրդ դժոխքին մէջն է»։ Ուիլին Եհովայի վկայ էր, եւ մայրս այս ցնցիչ կերպով ծանօթացաւ ճշմարտութեան։
Ուիլիին ըսածով մայրս տակնուվրայ եղաւ, քանի որ գիտէր թէ իր հայրը բարի անձ մըն էր։ Բայց Ուիլին աւելցուց. «Աւելի լաւ կը զգա՞ս եթէ քեզի ըսեմ որ Յիսուս դժոխք գնաց»։ Մայրս յիշեց եկեղեցիին մէջ իր սորված աղօթքներէն մէկը, որ կ’ըսէ թէ Յիսուս դժոխք իջաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Ան ինքն իրեն հարցուց. ‘Եթէ դժոխքը կրակոտ տեղ մըն է, ուր չարերը կը չարչարուին, Յիսուս ինչո՞ւ հոն գնաց’։ Մայրս այսպիսով սկսաւ ճշմարտութիւնով հետաքրքրուիլ։ Ան սկսաւ Պրանքս ժողովքին ժողովներուն երթալ եւ 1940–ին մկրտուեցաւ։
Այդ ժամանակ, ծնողներուն մասնաւոր քաջալերութիւն չէր տրուած որ իրենց զաւակներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտեն։ Երբ պզտիկ էի, շաբաթավերջերուն՝ մայրս ժողովի կ’երթար եւ ծառայութեան կ’ելլէր, մինչ ես հօրս քով կը մնայի։ Քանի մը տարի ետք, ես եւ հայրս ալ սկսանք ժողովի երթալ։ Մայրս շատ գործունեայ կերպով բարի լուրը կը քարոզէր, եւ հետաքրքրուած անհատներու հետ սուրբգրային դասեր կը վարէր։ Նոյնիսկ կար ժամանակ մը, երբ մայրս քանի մը դաս խմբովին կ’ընէր, քանի որ աշակերտները իրարու մօտ կը բնակէին։ Երբ դպրոցի արձակուրդ առնէի, դաշտի ծառայութեան կ’ելլէի մօրս հետ։ Այսպիսով շատ բաներ սորվեցայ Սուրբ Գիրքին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնամ ատոր ըսածները ուրիշներուն սորվեցնել։
Կը ցաւիմ ըսելու որ երբ պզտիկ էի, ճշմարտութեան արժէքը շատ չէի գիտեր, եւ զայն թեթեւի կ’առնէի։ Բայց երբ շուրջ
12 տարեկան էի, հրատարակիչ եղայ եւ ատկէ սկսեալ կանոնաւորաբար ելայ ծառայութեան։ 16 տարեկանիս Եհովային նուիրուեցայ, եւ 24 յուլիս 1954–ին մկրտուեցայ համաժողովի մը ընթացքին Թորոնթոյի մէջ, Քանատա։ԲԵԹԷԼԻՆ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵԼ
Մեր ժողովքին մէջ կարգ մը եղբայրներ Բեթէլի ընտանիքի անդամներ էին, կամ ալ անցեալին անդամ եղած էին։ Անոնք շատ ազդեցին վրաս։ Տպաւորուեցայ անոնց խօսելու եւ բացատրելու կարողութեամբ։ Թէեւ դպրոցի ուսուցիչներս կ’ուզէին որ համալսարան երթամ, բայց իմ նպատակս էր Բեթէլ երթալ։ Ասոր համար, Թորոնթոյի այդ համաժողովին՝ Բեթէլի դիմումնագիր ներկայացուցի։ 1955–ին, դարձեալ դիմումնագիր ներկայացուցի համաժողովի մը ընթացքին Եանգի Սթատիումին մէջ, Նիւ Եորք Սիթի։ Ատկէ շատ չանցած, երբ 17 տարեկան էի, հրաւէր ստացայ որ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ սկսիմ ծառայել 19 սեպտեմբեր 1955–ին։ Բեթէլին մէջ երկրորդ օրս սկսայ աշխատիլ Կազմատան մէջ, որ կը գտնուէր 117 Էտըմզ Սթրիթին վրայ։ Շատ չանցած, սկսայ աշխատիլ հաւաքող մեքենայի մը վրայ, որ գիրքերու 32 էջնոց բաժինները իրարու կը միացնէր, որպէսզի ետքը ուրիշ մեքենայ մը զանոնք կարէր։
Կազմատան մէջ շուրջ մէկ ամիս աշխատելէ ետք, ղրկուեցայ Պարբերաթերթերու բաժանմունքը, քանի որ տպել գիտէի։ Այդ ժամանակ, որոշ եղբայրներ ու քոյրեր պզտիկ մետաղեայ կտորներու վրայ կը տպէին Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր բաժանորդներուն հասցէները։ Քանի մը ամիս ետք սկսայ աշխատիլ Առաքումի բաժանմունքին մէջ։ Բաժանմունքին տեսուչը՝ Գլաուս Ճէնսըն, ինձմէ խնդրեց որ ընկերակցիմ բեռնակառք քշողին, որուն նշանակումն էր՝ հրատարակութիւններու տուփերը հասցնել նաւակայանները, որպէսզի ղրկուին աշխարհի չորս կողմը։ Նաեւ պէտք էր որ տոպրակներով պարբերաթերթերը տանէի նամակատուն, որպէսզի ղրկուէին Միացեալ Նահանգներու
ժողովքներուն։ Եղբայր Ճէնսըն ըսաւ որ իր կարծիքով՝ ֆիզիքական գործը ինծի օգտակար պիտի ըլլար։ Կշիռս միայն շուրջ 57 քկ. էր, եւ ձողի չափ բարակ էի։ Դէպի նաւակայանները եւ նամակատուն երթալ–գալը ֆիզիքապէս զօրացուց զիս։ Ըստ երեւոյթին, եղբայր Ճէնսընը գիտէր ինծի համար ի՛նչը լաւ էր։Պարբերաթերթերու բաժանմունքը նաեւ կը պատրաստէր ժողովքներուն պահանջած պարբերաթերթերը։ Այսպիսով գիտցայ թէ Պրուքլինի մէջ մեր պարբերաթերթերը ո՛ր լեզուներով կը տպուէին եւ կը ղրկուէին ուրիշ երկիրներ։ Այդ լեզուներէն շատերուն անունը չէի լսած կեանքիս մէջ, բայց ուրախ էի որ տասնեակ հազարաւոր պարբերաթերթեր կը ղրկուէին հեռաւոր տեղեր։ Այդ ժամանակ չէի գիտեր որ յաջորդ տարիներուն պիտի այցելէի այդ տեղերէն շատերը։
1961–ին, նշանակուեցայ Գանձապահին գրասենեակին մէջ աշխատիլ, Կրանդ Սութըրին վերատեսչութեան տակ։ Հոն քանի մը տարի աշխատելէ ետք, կանչուեցայ եղբայր Նորին գրասենեակը։ Եղբայր Նոր այդ ատեն առաջնորդութիւնը կ’առնէր մեր համաշխարհային գործին մէջ։ Ան ինծի բացատրեց որ իր գրասենեակին մէջ աշխատող եղբայր մը մէկ ամիս պիտի երթար Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը, եւ ատկէ ետք պիտի աշխատէր Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ։ Նշանակում ստացայ որ այդ եղբօր տեղը առնեմ եւ աշխատիմ Տան Էտըմզին հետ։ Տան այդ եղբայրն էր որ Բեթէլի դիմումնագիրս առած էր 1955–ի համաժողովին։ Նոյն բաժանմունքին մէջ արդէն իսկ կ’աշխատէին ուրիշ երկու եղբայրներ՝ Ռապըրթ Ուոլըն եւ Չարլզ Մոլըհէն։ Չորսս միասին աշխատեցանք աւելի քան 50 տարի։ Այսպիսի հաւատարիմ հոգեւոր տղամարդոց հետ աշխատիլը շատ ուրախացուցած է զիս (Սաղ. 133։1)։
1970–էն սկսեալ, նշանակումս էր՝ ամէն տարի, կամ երկու տարին անգամ մը, քանի մը շաբաթ ճամբորդելով այցելել Դիտարանի
ընկերութեան կարգ մը մասնաճիւղերը։ Այս այցելութիւնները կը կոչուէին՝ գօտիի այցելութիւններ։ Յայտագիրը կը պարփակէր՝ Բեթէլի ընտանիքներու եւ միսիոնարներու այցելել, հոգեւորապէս քաջալերել եւ մասնաճիւղի արձանագրութիւնները ստուգել։ Շատ կ’ուրախանայի երբ կը ծանօթանայի անոնց, որոնք Գաղաադի դպրոցին առաջին դասարաններէն էին, եւ տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայէին օտար երկիրներու մէջ։ Ինծի համար առանձնաշնորհում եւ ուրախութիւն էր այս նշանակումին մէջ աւելի քան 90 երկիրներ այցելելը։ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑ ՄԸ ԳՏԱՅ
Պրուքլինի Բեթէլի ընտանիքին բոլոր անդամները նշանակուած էին Նիւ Եորք Սիթիի շրջանին մէջ գտնուող ժողովքներուն։ Պրանքսին մէջ առաջին ժողովքը մեծցած եւ բաժնուած էր։ Բաժանումէն ետք, ժողովքը ճանչցուած էր Վերի Պրանքս անունով։ Ես այդ ժողովքին նշանակուած էի։
1960–ականներուն կիսուն, լաթվիացի Վկայ ընտանիք մը փոխադրուեցաւ ժողովքիս թաղամասը։ Անոնք ճշմարտութեան եկած էին Պրանքսին հարաւը։ Ամէնէն մեծ աղջիկը՝ Լիվիան, հազիւ որ երկրորդական վարժարանը վերջացուց, կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Քանի մը ամիս ետք, ան Մասաչուսեց փոխադրուեցաւ, որպէսզի ծառայէ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կար։ Սկսայ իրեն նամակով ժողովքին լուրերը տալ, իսկ ինքն ալ ինծի կը գրէր Պոսթընի շրջանին մէջ իր յաջող ծառայութեան մասին։
Քանի մը տարի ետք, Լիվիան մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցաւ։ Ան կ’ուզէր կարելի եղածին չափ շատ ծառայել Եհովային, եւ ասոր համար դիմեց Բեթէլի ծառայութեան, եւ 1971–ին հրաւիրուեցաւ Բեթէլ։ Կարծես թէ ասիկա Եհովայէն նշան մըն էր։ 27 հոկտեմբեր 1973–ին ամուսնացանք եւ առանձնաշնորհումը ունեցանք, որ եղբայր Նորը մեր ամուսնութեան դասախօսութիւնը տայ։ Առակաց 18։22–ը կ’ըսէ. «Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ»։ Լիվիան եւ ես միասնաբար աւելի քան 40 տարի ծառայած ենք Բեթէլին մէջ, եւ տակաւին կը շարունակենք քարոզել Պրանքսի թաղամասերուն մէջ։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՈՒՍ ՈՒՍԻ ԾԱՌԱՅԵԼ
Եղբայր Նորին հետ աշխատիլը շատ հաճելի էր։ Ան ճշմարտութեան համար աշխատելէն չէր յոգներ, եւ խորապէս կը գնահատէր աշխարհի չորս կողմը գտնուող միսիոնարները, որոնցմէ շատեր առաջին Վկաներն էին իրենց նշանակուած երկիրներուն մէջ։ Ցաւօք սրտի, 1976–ին՝ եղբայր Նորը քաղցկեղէն տառապեցաւ։ Անգամ մը, երբ անկողին ինկած էր, ինձմէ խնդրեց որ իրեն կարդամ կարգ մը նիւթեր, որոնք կը պատրաստուէին տպուելու։ Ինծի ըսաւ որ Ֆրետերիք Ֆրանզը կանչեմ, որպէսզի ինքն ալ լսէ ընթերցանութիւնը։ Յետագային գիտցայ թէ քանի որ եղբայր Ֆրանզին աչքը երթալէն կը տկարանար, եղբայր Նորը շատ ժամանակ կը տրամադրէր որ իրեն այսպիսի նիւթեր կարդար։
1977–ին, եղբայր Նորը մահացաւ։ Անոնք որոնք զինք կը ճանչնային ու կը սիրէին, մխիթարուեցան գիտնալով որ ան հաւատարմօրէն վերջացուց իր երկրային ընթացքը Յայտ. 2։10)։ Ատկէ ետք, եղբայր Ֆրանզը մեր գործին մէջ առաջնորդութիւնը առաւ։
(Այդ ժամանակ, ես քարտուղարի պարտականութիւններ կը կատարէի եղբայր Միլթըն Հէնչըլին համար, որ տասնեակ տարիներ աշխատած էր եղբայր Նորին հետ։ Եղբայր Հէնչըլը ինծի ըսաւ, որ այլեւս Բեթէլին մէջ գլխաւոր պատասխանատուութիւնս պիտի ըլլար՝ եղբայր Ֆրանզին օգնել ամէն կերպով։ Միշտ իրեն կը կարդայի տպուելիք նիւթերը։ Եղբայր Ֆրանզը շատ լաւ յիշողութիւն ունէր եւ հիանալի կարողութիւն ունէր, որ լման կեդրոնանար կարդացածիս վրայ։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր այդ ձեւով օգնել իրեն, մինչեւ որ իր երկրային ընթացքը վերջացուց դեկտեմբեր 1992–ին։
Բեթէլին մէջ 61 տարի անցուցած եմ։ Անոնք շատ արագ անցան։ Հայրս ու մայրս Եհովային հաւատարիմ մեռան, եւ անհամբեր կը սպասեմ որ զանոնք տեսնեմ շատ աւելի աղուոր աշխարհի մը մէջ (Յովհ. 5։28, 29)։ Այս հին աշխարհին մէջ չկայ բան մը որ կրնայ բաղդատուիլ այն հոյակապ առանձնաշնորհումին հետ, որ հաւատարիմ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ծառայեմ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին օգտին համար։ Լիվիան եւ ես իրապէս կրնանք ըսել, որ ‘Տէրոջը ուրախութիւնը մեր զօրութիւնը եղած է’ լիաժամ ծառայութեան մէջ մեր անցուցած տարիներուն ընթացքին (Նէ. 8։10)։
Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները քարոզելու գործը կը շարունակուի, եւ ատիկա կախեալ չէ ոեւէ անձէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Ինծի համար ուրախութիւն եւ առանձնաշնորհում էր աշխատիլ հաւատարիմ եւ հոգեւորապէս զօրաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Օծեալներուն մեծամասնութիւնը, որոնց հետ աշխատած եմ, այլեւս երկրի վրայ չեն. բայց երախտապարտ եմ որ Եհովային ծառայած եմ այսպիսի հաւատարիմ եւ հոգեւոր անձերու հետ։