Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»

«Մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ»

«Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (ԵՍԱ. 40։8

ԵՐԳԵՐ. 116, 115

1, 2. ա) Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար առանց Սուրբ Գիրքին։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն օգտուինք։

ԿՐՆԱ՞Ս երեւակայել կեանքդ ինչպէ՛ս կ’ըլլար առանց Սուրբ Գիրքին։ Վստահելի խրատներ պիտի չունենայիր ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Ճշմարտութիւնը պիտի չգիտնայիր Աստուծոյ, կեանքին կամ ապագային մասին։ Եւ ո՛չ մէկ գաղափար պիտի ունենայիր, թէ Եհովան մարդոց համար ի՛նչ ըրած է անցեալին։

2 Փառք Աստուծոյ որ այս ցաւալի վիճակին մէջ չենք։ Եհովան մեզի տուած է իր Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը, եւ խոստացած է որ ատոր պատգամը յաւիտեան պիտի մնայ։ Պետրոս առաքեալ մէջբերեց Եսայի 40։8–ը։ Այս համարը կ’ակնարկէ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամին, բայց ընդարձակ կիրարկումով՝ Սուրբ Գիրքին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։24, 25)։ Եթէ մեր լեզուով կարդանք Սուրբ Գիրքը, լաւագոյնս կ’օգտուինք։ Հինէն ի վեր, Աստուծոյ Խօսքը սիրողները այս համոզումը ունեցած են։ Դարերու ընթացքին, անկեղծ մարդիկ շատ ջանք թափած են, որ Սուրբ Գիրքը թարգմանեն եւ զայն տարածեն, թէեւ դժուարութիւններ ունեցած են եւ ծանր հակառակութեան հանդիպած են։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ «փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս մնացած է հակառակ՝ 1) լեզուական փոփոխութիւններուն, 2) քաղաքական անցուդարձերուն, որոնք ազդեցին հասարակաց լեզուին, եւ 3) Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան դէմ եղած հակառակութեան։ Այս ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի։ Ատոր շնորհիւ աւելի պիտի գնահատենք Սուրբ Գիրքը, եւ աւելի պիտի սիրենք ատոր Հեղինակը՝ Եհովան (Միք. 4։2. Հռով. 15։4

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4. ա) Լեզուները ինչպէ՞ս կը փոխուին ժամանակի ընթացքին։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Աստուած որոշ լեզու մը չի նախընտրեր, եւ ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

4 Լեզուները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ բառեր եւ արտայայտութիւններ սկսին լման տարբեր իմաստ ունենալ։ Թերեւս միտքդ կու գան օրինակներ քու խօսած լեզուիդ մէջ։ Նոյնն է պարագան հին լեզուներուն։ Այն եբրայերէնը եւ յունարէնը որ մարդիկ այսօր կը խօսին, շատ տարբեր են այն եբրայերէնէն եւ յունարէնէն, որոնցմով գրուեցաւ Սուրբ Գիրքը։ Ուրեմն գրեթէ ամէն անձ որ կ’ուզէ Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ, ստիպուած է ատոր մէկ թարգմանութիւնը կարդալ, նոյնիսկ եթէ արդի եբրայերէնը կամ յունարէնը գիտէ։ Ոմանք մտածած են որ եթէ հին եբրայերէնը եւ հին յունարէնը սորվին, աւելի պիտի հասկնան Սուրբ Գիրքը։ Բայց ասիկա թերեւս իրենց երեւակայածին չափ չօգնէ իրենց *։ Ուրախ ենք որ ներկայիս Սուրբ Գիրքը կամ անորմէ մասեր թարգմանուած են շուրջ 3000 լեզուներով։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ ‘բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն’ մարդիկ առիթ ունենան որ իր Խօսքէն օգտուին (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6)։ Ասիկա քեզ աւելի չի՞ մօտեցներ մեր սիրալիր եւ անկողմնակալ Աստուծոյն (Գործք 10։34

5. Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կարեւոր էր։

5 Լեզուներուն փոխուիլը նաեւ կ’ազդէ Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւններուն։ Կրնայ ըլլալ որ Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւն մը, որ հասկնալի էր երբ նոր հրատարակուեցաւ, յետագային շատ հասկնալի չըլլայ։ Օրինակ, նկատի առ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, որ առաջին անգամ հրատարակուեցաւ 1611–ին։ Ատիկա դարձաւ ամէնէն շատ ճանչցուած անգլերէն Աստուածաշունչերէն մէկը, եւ նոյնիսկ ազդեց անգլերէն լեզուին։ Բայց այս թարգմանութիւնը միայն քանի մը անգամ գործածեց Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, եւ գլխագիր գիրերով «ՏԷՐ» բառը գործածեց միւս համարներուն մէջ, ուր Աստուծոյ անունը կը գտնուէր բուն Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Իսկ ատոր յետագայ տպագրութիւններուն մէջ, գլխագիր գիրերով «ՏԷՐ» բառը նաեւ գործածուեցաւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն կարգ մը համարներուն մէջ։ Այսպիսով, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը ընդունեց որ Աստուծոյ անունը Նոր Կտակարանին մէջ ալ տեղ ունի։

6. Ինչո՞ւ երախտապարտ ենք Նոր աշխարհի թարգմանութեան համար։

6 Հակառակ ասոր, ժամանակի ընթացքին՝ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչ–ին գործածած շատ մը արտայայտութիւնները հին եւ անհասկնալի դարձան։ Նոյնը պատահեցաւ Սուրբ Գիրքին առաջին թարգմանութիւններէն ոմանց, որոնք ուրիշ լեզուներով էին։ Ուրախ չե՞նք որ կարգադրութիւն եղած է, որ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը թարգմանուի կարելի եղածին չափ շատ լեզուներով։ Այս թարգմանութիւնը, մասամբ կամ ամբողջութեամբ, մատչելի է աւելի քան 150 լեզուներով։ Ասիկա ըսել է թէ աշխարհին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ այս թարգմանութիւնը կարդալ իր լեզուով։ Ատոր հասկնալի բառերը կը ձգեն, որ Աստուծոյ պատգամը դպչի մեր սիրտին (Սաղ. 119։97)։ Ի՞նչը շատ յատուկ կը դարձնէ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ Ատիկա Աստուծոյ անունը կը գործածէ, ուր որ բուն գրութիւններուն մէջ դրուած է։

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԼԵԶՈՒՆ

7, 8. ա) Ինչո՞ւ Ք.Ա. երրորդ դարուն շատ մը հրեաներ չէին հասկնար Եբրայերէն Գրութիւնները։ բ) Յունարէն Եօթանասնից–ը ի՞նչ է։

7 Ատեններ, քաղաքական անցուդարձերուն պատճառով փոխուած է հասարակաց լեզուն։ Բայց Եհովան վստահ եղած է որ իր Խօսքը մարդոց մատչելի ըլլայ իրենց հասկցած լեզուով։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքին առաջին 39 գիրքերը իսրայէլացիներուն կողմէ գրուած են։ Անոնք առաջիններն էին որ «Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան» (Հռով. 3։1, 2)։ Անոնք այս գիրքերը գրեցին եբրայերէնով եւ արամերէնով։ Բայց Ք.Ա. երրորդ դարուն, արդէն իսկ բազմաթիւ հրեաներ չէին հասկնար եբրայերէնը։ Ինչո՞ւ։ Երբ Մեծն Աղեքսանդրը աշխարհին մեծ մասը գրաւեց, Յունական կայսրութիւնը տարածուեցաւ։ Այս պատճառով, յունարէնը հասարակաց լեզուն դարձաւ այն շրջաններուն մէջ, որուն վրայ Յունաստանը կը տիրէր, եւ բազմաթիւ մարդիկ սկսան իրենց լեզուին տեղ յունարէն խօսիլ (Դան. 8։5-7, 20, 21)։ Անոնց մէջ կային բազմաթիւ հրեաներ։ Այսպիսով, անոնց համար դժուար եղաւ Սուրբ Գիրքը եբրայերէն լեզուով հասկնալ։ Լուծումը ի՞նչ էր։

8 Յիսուսի ծնունդէն շուրջ 250 տարի առաջ, Սուրբ Գիրքին առաջին հինգ գիրքերը թարգմանուեցան յունարէնի։ Ետքը, Եբրայերէն Գրութիւններուն մնացեալ մասն ալ թարգմանուեցաւ։ Այս թարգմանութիւնը ճանչցուեցաւ Եօթանասնից անունով։ Ըստ պատմութեան, ատիկա բոլոր Եբրայերէն Գրութիւններուն առաջին գրաւոր թարգմանութիւնն է։

9. ա) Եօթանասնից–ը եւ ուրիշ թարգմանութիւններ ինչպէ՞ս ազդած են Աստուծոյ Խօսքը կարդացողներուն։ բ) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նախասիրած հատուածդ ի՞նչ է։

9 Եօթանասնից–ը կարելի դարձուց որ յունախօս հրեաները եւ ուրիշներ կարդան Եբրայերէն Գրութիւնները յունարէնով։ Կրնա՞ս երեւակայել որ անոնք որքա՜ն կ’ուրախանային, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը լսէին կամ կը կարդային իրե՛նց լեզուով։ Ժամանակի ընթացքին, Սուրբ Գիրքը մասամբ կամ ամբողջութեամբ թարգմանուեցաւ ուրիշ հասարակաց լեզուներով, ինչպէս՝ ասորերէն, գոթերէն եւ լատիներէն։ Կարդացողները այլեւս կրնային հասկնալ Աստուծոյ Խօսքը, եւ անոնցմէ շատեր ունեցան իրենց նախասիրած համարները, ճիշդ ինչպէս որ մենք այսօր ունինք (կարդա՛ Սաղմոս 119։162-165)։ Իսկապէս, Աստուծոյ Խօսքը շարունակած է մնալ, հակառակ որ հասարակաց լեզուն փոխուած է ժամանակի ընթացքին։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ

10. Ճոն Ուիքլիֆի ժամանակ մարդոց մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ չէր կրնար Սուրբ Գիրքը կարդալ։

10 Եղած են ժամանակներ, երբ շատ մը զօրաւոր առաջնորդներ փորձած են մարդոց արգելք ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը կարդան։ Բայց կարգ մը աստուածավախ մարդիկ շարունակած են ջանք թափել, որ Սուրբ Գիրքը բոլորին մատչելի ըլլայ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ 14–րդ դարու աստուածաբան Ճոն Ուիքլիֆ։ Ան վերջին ծայր համոզուած էր, որ բոլորը պէտք է կարենան Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Բայց այդ ժամանակ, Անգլիոյ մէջ պարզ ժողովուրդը Սուրբ Գիրքին պատգամը բնա՛ւ չէին լսած իրենց լեզուով։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքերը ձեռքով կ’ընդօրինակուէին եւ այս պատճառով շատ սուղ էին։ Քիչեր Սուրբ Գիրք ունէին։ Ասկէ զատ, մարդոց մեծամասնութիւնը գրել–կարդալ չէր գիտեր։ Ճիշդ է որ եկեղեցիին մէջ Սուրբ Գիրքը կը կարդացուէր, բայց մարդիկ չէին հասկնար կարդացուածը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եկեղեցիին պաշտօնական Սուրբ Գիրքը (Վուլկաթա–ն) գրուած էր լատիներէնով, եւ պարզ մարդիկը չէին հասկնար այս մեռած լեզուն։ Անոնք ինչպէ՞ս սկսան հասկնալ Սուրբ Գիրքին արժէքաւոր գանձերը (Առ. 2։1-5

Ճոն Ուիքլիֆ եւ ուրիշներ ուզեցին որ բոլոր մարդիկը ունենան Աստուծոյ Խօսքը։ Դուն ալ ասիկա կը փափաքի՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ուիքլիֆին Աստուածաշունչը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

11 1382–ին, Ճոն Ուիքլիֆ եւ ուրիշներ Սուրբ Գիրքը թարգմանեցին անգլերէնի։ Ուիքլիֆին Աստուածաշունչը շատ անուն առաւ իր հետեւորդներուն քով։ Լոլարդեաններ կոչուած քարոզիչներ ուզեցին Աստուծոյ Խօսքը հասցնել պարզ մարդոց մտքին ու սրտին, եւ ասոր համար քալելով կը ճամբորդէին Անգլիոյ մէկ գիւղէն միւսը։ Անոնք մարդոց կը կարդային Ուիքլիֆին Աստուածաշունչէն եւ անկէ ձեռքով գրուած հատուածներ կը բաշխէին։ Անոնց գործը մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց Սուրբ Գիրքին հանդէպ։

12. Կղերականները ի՞նչ զգացին Ուիքլիֆին եւ իր ըրածին հանդէպ։

12 Կղերականները ատեցին Ուիքլիֆը, իր Աստուածաշունչը եւ իր հետեւորդները։ Անոնք լոլարդեանները հալածեցին եւ փճացուցին իրենց գտած բոլոր Ուիքլիֆին Աստուածաշունչերը։ Նոյնիսկ Ուիքլիֆի մահէն ետք, կղերականները զինք հերետիկոս սեպեցին, այսինքն՝ եկեղեցիին թշնամի։ Անոնք գետնին տակէն հանեցին անոր ոսկորները, զանոնք այրեցին եւ Սուիֆթ գետին մէջ թափեցին։ Բայց շատեր տակաւին կ’ուզէին Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ զայն հասկնալ, եւ եկեղեցին չէր կրնար ասոր արգելք կենալ։ Յաջորդ դարերուն, Եւրոպային եւ ուրիշ երկիրներու մէջ շատեր սկսան Սուրբ Գիրքը թարգմանել եւ տպել այն լեզուներով, որ բազմաթիւ մարդիկ կրնան հասկնալ։

«ՔԵԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՂԱԾԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՄ»

13. Ի՞նչ բանի համոզուած ենք, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կը զօրացնէ մեր հաւատքը։

13 Անշուշտ չենք կրնար ըսել որ Եօթանասնից–ը, Ուիքլիֆին Աստուածաշունչը, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, կամ որեւէ ուրիշ թարգմանութիւն Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Բայց երբ քննենք թէ այս թարգմանութիւնները ինչպէ՛ս մէջտեղ եկան, հետեւեալ իրողութիւնը յստակ կը դառնայ. Եհովային Խօսքը մնացած է, ճիշդ ինչպէս որ ինք խոստացաւ։ Ասիկա հաւատքդ չի՞ զօրացներ, որ Եհովային բոլոր մնացեալ խոստումներն ալ պիտի կատարուին (Յես. 23։14

14. Սուրբ Գիրքին պատմութեան մասին գիտնալը ինչպէ՞ս կ’աւելցնէ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը։

14 Երբ մտքերնիս բերենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր Խօսքը պաշտպանած է դարերու ընթացքին, իրեն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ մեր սէրը կ’աւելնայ *։ Վերջ ի վերջոյ, ան Սուրբ Գիրքը մեզի տուաւ ու զայն պաշտպանեց, քանի որ մեզ կը սիրէ եւ մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ (կարդա՛ Եսայի 48։17, 18)։ Շատ տեղին է որ մենք ալ մեր կարգին Եհովան սիրենք եւ իրեն հնազանդինք (Ա. Յովհ. 4։19. 5։3

15. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

15 Որովհետեւ խորապէս կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը, կ’ուզենք անկէ լման օգտուիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչը կարդալով լաւագոյնս օգտուիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն օգնել, որ Սուրբ Գիրքը գնահատեն։ Ամպիոնէն սորվեցնողները ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց բոլոր սորվեցուցածները Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած են։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 4 Տե՛ս «Պէտք ունի՞ս եբրայերէն եւ յունարէն սորվելու» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2009 թիւին մէջ (անգլերէն)։

^ պարբ. 14 Նկատի առ « Աչքովդ տես» շրջանակը։