Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ջանա՛ Եհովային պէս գթասիրտ ըլլալ

Ջանա՛ Եհովային պէս գթասիրտ ըլլալ

«Տէ՛րը, Տէ՛րը, Աստուած գթած ու ողորմած» (ԵԼ. 34։6, ԱԾ

ԵՐԳԵՐ. 142, 12

1. Եհովան ինչպէ՞ս ինքզինք յայտնեց Մովսէսին, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

ԱՆԳԱՄ մը, Աստուած ինքզինք յայտնեց Մովսէսին, իր անունը եւ յատկութիւնները յայտարարելով։ Աստուած կրնար իր զօրութեան կամ իմաստութեան մասին խօսիլ, բայց ան նախ նշեց իր գութը եւ ողորմութիւնը, ըստ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով–ին (կարդա՛ Ելից 34։5-7)։ Մովսէս պէտք ունէր գիտնալու որ Եհովան կռնակ պիտի կենար իրեն։ Ասոր համար, Եհովան շեշտեց այն յատկութիւնները, որոնք կը ցուցնեն որ ինք սրտանց կ’ուզէ իր ծառաներուն օգնել (Ել. 33։13)։ Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով որ Եհովան ա՛յսքան շատ հետաքրքրուած է մեզմով։ Այս յօդուածը պիտի կեդրոնանայ գթասրտութեան վրայ, որ կը նշանակէ՝ ուրիշին հետ զգալ իր նեղութեան մէջ եւ փափաքը ունենալ իրեն օգնելու։

2, 3. ա) Ի՞նչը կը ցուցնէ որ բնական է որ մարդ արարածը գթասիրտ ըլլայ։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուած ըլլաս գթասրտութեան նիւթով։

2 Եհովան գթասիրտ է եւ մարդ արարածը իր պատկերով ստեղծուած է։ Ուրեմն, բնական է որ մարդը գթասիրտ ու կարեկից ըլլայ եւ ուրիշներով հետաքրքրուի։ Շատ անգամներ, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ճշմարիտ Աստուածը չեն ճանչնար, գթասիրտ կը գտնուին (Ծն. 1։27)։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան շատ մը պատմութիւններ անհատներու մասին, որոնք գթասրտութեամբ վարուեցան։ Յիշէ այն պատմութիւնը, որ երկու կիներ կը վիճէին Սողոմոնին առջեւ, թէ ո՛վ պզտիկին իսկական մայրն էր։ Երբ Սողոմոն զանոնք փորձեց, հրամայելով որ պզտիկը երկուքի բաժնեն, բուն մօր գութը շարժեցաւ։ Ան նոյնիսկ պատրաստ էր իր զաւակը միւս կնոջ տալու (Գ. Թագ. 3։23-27)։ Կամ յիշէ փարաւոնին աղջիկը, որ Մովսէսին կեանքը ազատեց։ Թէեւ ան գիտցաւ որ մանուկը եբրայեցի է եւ պէտք է մեռցուի, բայց «խղճաց անոր վրայ» եւ որոշեց զայն որդեգրել (Ել. 2։5, 6

3 Ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուած ըլլաս գթասրտութեան նիւթով։ Քանի որ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն նմանինք (Եփ. 5։1)։ Թէեւ գթասրտութեան յատկութեամբ ստեղծուած ենք, բայց քանի որ անկատար ենք՝ անձնասէր ըլլալու հակումը ունինք։ Ատեններ, մեզի համար դիւրին չէ որոշել, թէ պէտք է ուրիշներո՞ւն օգնենք, թէ ոչ մեր անձին վրայ կեդրոնանանք։ Ոմանք միշտ այս պայքարին մէջ են։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ սկսիս ու շարունակես ուրիշներով հետաքրքրուիլ։ Նախ, նկատի առ թէ Եհովան եւ ուրիշներ ինչպէս գթասրտութեամբ վարուած են։ Ետքը, տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուծոյ նմանիլ եւ թէ ասիկա ի՛նչ օգուտներ ունի։

ԵՀՈՎԱՆ ԳԹԱՍՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՕՐԻՆԱԿՆ Է

4. ա) Եհովան ինչո՞ւ հրեշտակներ ղրկեց Սոդոմ։ բ) Ղովտին եւ իր աղջիկներուն պատմութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

4 Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը օրինակներ կան Եհովային գթասրտութեան եւ կարեկցութեան մասին։ Օրինակ, մտածէ թէ ան ի՛նչ ըրաւ Ղովտին համար։ Ղովտ արդար անձ մըն էր եւ «ձանձրացեր էր» Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն անբարոյ վարքէն։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ յարգանք չունէին, եւ Աստուած որոշեց որ անոնք մեռնելու արժանի են (Բ. Պետ. 2։7, 8)։ Ան հրեշտակներ ղրկեց Ղովտին, որպէսզի իրեն ըսեն որ այդ քաղաքները պիտի կործանին, եւ թէ ինք ու իր ընտանիքը պէտք է փախչին։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «Երբ ան կը տնտնար, [հրեշտակները] բռնեցին անոր ձեռքէն, անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն,– Տէրոջ անոր վրայ խղճալուն համար,– ու դուրս հանեցին զայն, եւ քաղաքին դուրսի կողմը դրին» (Ծն. 19։16, ԱԾ)։ Այս օրինակը չի՞ ցուցներ որ Եհովան շատ լաւ գիտէ, թէ իր հաւատարիմ ծառաները ի՛նչ նեղութիւններէ կ’անցնին (Եսա. 63։7-9. Յակ. 5։11. Բ. Պետ. 2։9

5. Սուրբ Գիրքը մեզի ինչպէ՞ս կը սորվեցնէ գթութեամբ վարուիլ։

5 Եհովան ոչ միայն գթութեամբ վարուած է, հապա իր ժողովուրդին ալ սորվեցուցած է գթասիրտ ըլլալ։ Նկատի առ իր տուած այն օրէնքը, որ մէկը կրնար ուրիշին հանդերձը գրաւ առնել, որպէսզի վստահ ըլլար որ ան պարտքը պիտի վճարէր (կարդա՛ Ելից 22։26, 27)։ Պարտք տուողը պէտք էր որ արեւը մայր մտնելէ առաջ հանդերձը վերադարձնէր անհատին, որպէսզի ան գիշերը տաք մնար։ Թերեւս կարծր սիրտ ունեցող անձ մը չվերադարձնէր հանդերձը, բայց Եհովան իր ժողովուրդին սորվեցուց որ այսպիսի անխիղճ բան մը չընեն։ Անոնք պէտք էր գթասիրտ ըլլային։ Այս օրէնքին ետին եղող սկզբունքը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Բնաւ մի՛ անտեսեր եղբայրներուն պէտքերը։ Եթէ մեր ձեռքէն կու գայ բան մը ընել իրենց նեղութիւնը թեթեւցնելու համար, ընե՛նք (Կող. 3։12. Յակ. 2։15, 16. կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։17

6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ մեղաւոր իսրայէլացիներուն հանդէպ Եհովային կարեկցութենէն։

6 Եհովան իր ժողովուրդին կը կարեկցէր նոյնիսկ երբ մեղք կը գործէին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր» (Բ. Մն. 36։15)։ Մենք ալ պէտք չէ՞ կարեկցինք այն անհատներուն, որոնք տակաւին Եհովան չեն ճանչնար, բայց թերեւս զղջան եւ իր բարեկամը դառնան։ Եհովան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի գալիք դատաստանին ընթացքին (Բ. Պետ. 3։9)։ Ուրեմն, քանի որ տակաւին ժամանակ կայ, շարունակենք իր պատգամով զգուշացնել մարդիկը, եւ օգնենք որ իր կարեկցութենէն օգտուին։

7, 8. Ընտանիք մը ինչո՞ւ զգաց թէ Եհովան գթութեամբ վարուեցաւ իրենց հետ։

7 Մեր օրերուն, Եհովայի ծառաներէն շատեր համտեսած են իր գութը։ Օրինակ, 1990–ականներուն՝ Պոսնիային մէջ էթնիկ կռիւներ կային։ Հոն կ’ապրէր 12 տարեկան տղայ մը, որ Միլան պիտի կոչենք։ Անգամ մը, ան իր եղբօրը, իր ծնողքին եւ ուրիշ Վկաներու հետ պասով կը ճամբորդէր Պոսնիայէն Սերպիա։ Անոնք կ’երթային այն համաժողովին, ուր իր ծնողքը պիտի մկրտուէին։ Երբ սահման հասան, զինուորները նկատեցին, որ ընտանիքը տարբեր էթնիկ խումբի կը պատկանէր, եւ զանոնք պասէն իջեցուցին։ Անոնք ձգեցին որ միւս եղբայրները ճամբանին շարունակեն։ Զինուորները այս ընտանիքը իրենց քով երկու օր պահեցին։ Ետքը, պատասխանատու սպան իր մեծաւորին հեռաձայնեց, որպէսզի հարցնէ թէ անոնց ի՛նչ ընէ։ Ընտանիքը ճիշդ սպային առջեւ կայնած էր եւ լսեց անոր պատասխանը. «Զանոնք տար եւ գնդակահարէ՛»։

8 Մինչ սպան կը խօսէր զինուորներուն հետ, երկու օտարներ մօտեցան ընտանիքին եւ կամացուկ մը ըսին, որ Վկայ են եւ թէ պասին մէջ եղողներէն լսած էին պատահածը։ Երկու Վկաները Միլանին եւ իր եղբօր ըսին որ իրենց ինքնաշարժը մտնեն, որպէսզի սահմանը անցնին, քանի որ զինուորները չէին ստուգեր պզտիկներուն փաստաթուղթերը։ Ետքը, Վկաները ծնողքին ըսին որ քալելով կեդրոնի շէնքին ետեւը երթան եւ իրենց հանդիպին միւս կողմը։ Միլան շուարեցաւ. այս առաջարկին վրայ խնդա՞ր թէ ոչ լար։ Իր ծնողքը հարցուցին. «Կը կարծէ՞ք որ պարզապէս պիտի ձգեն որ ձեռքերնիս շարժելով երթանք»։ Բայց երբ անոնք քալելով կ’երթային, կարծես թէ զինուորները նոյնիսկ չտեսան զանոնք։ Ծնողքը եւ զաւակները իրարու միացան սահմանին միւս կողմը եւ գացին համաժողովին։ Անոնք համոզուած էին, որ Եհովան պատասխանեց իրենց աղօթքներուն։ Սուրբ Գիրքէն գիտենք որ Եհովան միշտ այսպիսի ուղղակի կերպով չի պաշտպաներ իր ծառաները (Գործք 7։57-59)։ Բայց Միլան իր զգացումները արտայայտելով կ’ըսէ. «Զգացի թէ հրեշտակները կուրցուցին զինուորներուն աչքերը եւ Եհովան ազատեց մեզ» (Սաղ. 97։10

9. Յիսուս ի՞նչ զգաց իրեն հետեւող մարդոց հանդէպ (տե՛ս բացման նկարը)։

9 Կրնանք Յիսուսէն դաս մը սորվիլ։ Ան խղճաց մարդոց վրայ, քանի որ տեսաւ թէ «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մատ. 9։36. կարդա՛ Մարկոս 6։34)։ Ան որքա՜ն տարբեր էր փարիսեցիներէն, որոնք ո՛չ մէկ փափաք ունէին որ սովորական ու պարզ մարդոց օգնեն (Մատ. 12։9-14. 23։4. Յովհ. 7։49)։ Դուն ալ Յիսուսին պէս մեծ փափաք ունի՞ս, որ մարդոց օգնես եւ Եհովային մասին անոնց սորվեցնես։

10, 11. Մի՞շտ տեղին է գթասրտութեամբ վարուիլ. բացատրէ։

10 Ասիկա ըսել չէ որ միշտ տեղին է գթասրտութեամբ վարուիլ։ Վերի աստուածաշնչական օրինակներուն մէջ, տեղին էր որ Աստուած գթասրտութեամբ վարուեցաւ։ Առիթով մը, Եհովան Սաւուղին ըսաւ որ բոլոր ամաղեկացիները եւ անոնց անասունները մեռցնէ։ Սաւուղ չմեռցուց Ագագը, որ ամաղեկացիներուն թագաւորը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամին էր։ Ան նաեւ չմեռցուց ամաղեկացիներուն բոլոր անասունները։ Ան թերեւս կարծեց որ գթասրտութեամբ վարուեցաւ, բայց իր ըրածը անհնազանդութիւն էր։ Այս պատճառով, Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 15։3, 9, 15)։ Անշուշտ Եհովան արդար Դատաւորն է։ Ան կրնայ մարդոց սիրտը կարդալ ու գիտէ թէ ե՛րբ գթասրտութիւն ցոյց տալը տեղին չէ (Ող. 2։17. Եզեկ. 5։11)։ Մօտ ատենէն, ան մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր անոնք, որոնք չեն ուզեր իրեն հնազանդիլ (Բ. Թես. 1։6-10)։ Այդ ժամանակ, ան գթասրտութեամբ պիտի չվարուի չարերուն հետ։ Ընդհակառակը, ան զանոնք բնաջնջելով գթասրտութեամբ վարուած պիտի ըլլայ արդարներուն հետ, որ պիտի ազատէ։

11 Անշուշտ, մեր գործը չէ դատել, թէ մարդիկ պէտք է ապրի՛ն կամ մեռնին։ Փոխարէնը, պէտք է հիմա մեր ամէն կարելին ընենք որ մարդոց օգնենք։ Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք գթասրտութեամբ վարուիլ մարդոց հետ։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԳԹԱՍՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՈՒԻԼ

12. Ինչպէ՞ս կրնաս գթասրտութեամբ վարուիլ ուրիշներուն հետ։

12 Օգտակար դարձիր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Եհովան կ’ուզէ որ քրիստոնեաները գթասրտութեամբ վարուին իրենց եղբայրներուն եւ ուրիշներուն հետ (Յովհ. 13։34, 35. Ա. Պետ. 3։8)։ Գթասրտութիւն բառին մէկ իմաստն է՝ «միասին ցաւ քաշել»։ Գթասիրտ անձը կը փորձէ օգնել անոնց՝ որոնք նեղութեան մէջ են։ Տես թէ ո՛ր առիթներուն կրնաս ասիկա ընել։ Օրինակ, կրնա՞ս մէկու մը օգնել տան գործերուն մէջ կամ իր մէկ յանձնարարութիւնը կատարելով (Մատ. 7։12

Գործնական կերպերով ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութիւնդ ցուցուր (տե՛ս պարբերութիւն 12)

13. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ կ’ընէ բնական աղէտներէ ետք։

13 Աղէտներէ ետք օգնութեան աշխատանքներուն մասնակցէ։ Շատեր երբ տեսնեն մարդոց չարչարանքը աղէտէ մը ետք, կ’ուզեն անոնց կարեկցիլ։ Եհովային ժողովուրդը ճանչցուած է որ այսպիսի ժամանակներու կ’օգնէ ուրիշներուն (Ա. Պետ. 2։17)։ Օրինակ, ճափոնցի քոյր մը կ’ապրէր շրջանի մը մէջ, որ շատ վնասուեցաւ 2011–ի երկրաշարժին եւ ցունամիին պատճառով։ Ան կ’ըսէ թէ ‘շատ քաջալերուեցաւ եւ մխիթարուեցաւ’, երբ տեսաւ թէ ուրիշ երկիրներէ եւ Ճափոնի այլ շրջաններէ կամաւորներ ի՜նչ ջանքեր թափեցին որ տուներ եւ Թագաւորութեան սրահներ նորոգեն։ Ան կը գրէ. «Այս փորձառութիւնը ինծի օգնեց որ անդրադառնամ, թէ Եհովան կը հոգայ մեզ։ Հաւատակիցներս ալ իրարմով հետաքրքրուած են։ Եւ աշխարհի չորս կողմը բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կ’աղօթեն մեզի համար»։

14. Ինչպէ՞ս կրնաս հիւանդներուն եւ ծերերուն օգնել։

14 Հիւանդներուն եւ ծերերուն օգնէ։ Երբ կը տեսնենք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը չարչարուին հիւանդութեան եւ ծերութեան պատճառով, անոնց կը կարեկցինք։ Շատ կը փափաքինք որ այս խնդիրները վերջ գտնեն, եւ ասոր համար կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ Մինչ այդ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ հիւանդներուն եւ ծերերուն օգնենք։ Նկատի առ թէ հեղինակ մը ի՛նչ գրեց իր ծեր մօր մասին, որ Ալցհայմըր հիւանդութիւնը ունէր։ Օր մը, կինը իր հագած հագուստը աղտոտեց։ Մինչ ան կը փորձէր մաքրել, զանգը զարնուեցաւ։ Եկողները երկու Վկաներ էին, որոնք կանոնաւորաբար կ’այցելէին կնոջ։ Քոյրերը հարցուցին որ արդեօք կրնա՞ն բանով մը օգտակար դառնալ։ Կինը ըսաւ. «Ըսելիքս քիչ մը ամչնալիք է, բայց ա՛յո կայ բան մը»։ Անոնք կնոջ օգնեցին որ մաքրուի։ Ետքը, անոնք իրեն գաւաթ մը թէյ ըրին եւ սկսան խօսակցիլ։ Զաւակը շատ երախտապարտ զգաց։ Ան գրեց. «Յարգանքներս այս Վկաներուն։ Անոնք իրենց քարոզածը կը գործադրեն»։ Հիւանդներուն եւ ծերերուն հանդէպ կարեկցութիւնդ քեզ կը մղէ՞, որ քու ամէն կարելիդ ընես որ իրենց նեղութիւնը թեթեւցնես (Փլպ. 2։3, 4

15. Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ուրիշներուն։

15 Հոգեւորապէս օգնէ մարդոց։ Լաւագոյն կերպով կ’օգնենք մարդոց, երբ Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան մասին սորվեցնենք անոնց։ Ասկէ զատ, կրնանք անոնց օգնել տեսնելու, թէ Եհովային չափանիշներով ապրիլը իմաստութիւն է (Եսա. 48։17, 18)։ Ծառայութիւնը շատ աղուոր կերպ մըն է որ Եհովան պատուենք եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր կարեկցութիւնը ցուցնենք։ Կրնա՞ս աւելին ընել ծառայութեան մէջ (Ա. Տիմ. 2։3, 4

ԳԹԱՍՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՔԵԶԻ ԱԼ ՕԳՏԱԿԱՐ Է

16. Գթասիրտ ըլլալը ի՞նչ օգուտներ ունի մեզի։

16 Մտային առողջութեան մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ գթասրտութեամբ վարուիլը աւելի լաւ կը դարձնէ առողջութիւնդ եւ ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններդ։ Երբ նեղութիւն քաշողներուն օգնես, աւելի ուրախ ու դրական պիտի ըլլաս, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քիչ միայնակ պիտի զգաս եւ միտքէդ աւելի քիչ ժխտական միտքեր պիտի անցնին։ Իսկապէս, գթասրտութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ քեզի (Եփ. 4։31, 32)։ Անոնք որոնք սիրով ուրիշներուն կ’օգնեն, իրենց խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ, քանի որ կ’ընեն ինչ որ Եհովան կ’ուզէ որ ընեն։ Գթասրտութիւնը մէկու մը կ’օգնէ որ աւելի հոգատար ծնողք ըլլայ, աւելի լաւ կողակից ըլլայ եւ աւելի ընտիր բարեկամ ըլլայ։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութեամբ կը վարուին, աւելի հաւանականութիւն կայ որ ուրիշներն ալ իրենց օգնեն երբ պէտք ունենան (կարդա՛ Մատթէոս 5։7. Ղուկաս 6։38

17. Ինչո՞ւ կ’ուզես գթասիրտ ըլլալ։

17 Թէեւ գթասրտութիւնը օգտակար է մեզի, բայց բուն պատճառը որ գթասրտութեամբ վարուինք այն է, թէ կ’ուզենք Եհովային նմանիլ եւ իրեն փառք բերել։ Ան սիրոյ եւ կարեկցութեան Աղբիւրն է (Առ. 14։31)։ Ան մեր կատարեալ օրինակն է։ Ուրեմն, մեր ամէն կարելին ընենք որ գթասրտութեամբ վարուինք։ Այսպիսով, ջերմ զգացումներ պիտի ունենանք եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, իսկ մեր շուրջիններուն հետ՝ լաւ փոխյարաբերութիւններ (Գաղ. 6։10. Ա. Յովհ. 4։16