Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ջանա՛ ժուժկալ ըլլալ

Ջանա՛ ժուժկալ ըլլալ

‘Հոգիին պտուղը ժուժկալութիւն է’ (ԳԱՂ. 5։22, 23

ԵՐԳԵՐ. 83, 52

1, 2. ա) Ժուժկալ չըլլալուն արդիւնքները ի՞նչ կրնան ըլլալ։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ քննարկենք ժուժկալութեան մասին։

ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ կամ ինքնազսպումը աստուածային յատկութիւն մըն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Եհովան կատարեալ ժուժկալութիւն ունի, բայց մենք կը պայքարինք որ ժուժկալ ըլլանք, քանի որ անկատար ենք։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս՝ մարդոց շատ մը խնդիրներուն պատճառը ժուժկալութեան պակասն է։ Անժուժկալ ըլլալը կրնայ պատճառ դառնալ որ մէկը կարեւոր բաները յետաձգէ, կամ շատ յաջող չըլլայ դպրոցին կամ գործին մէջ։ Նաեւ ատոր արդիւնքները կրնան ըլլալ՝ խօսքով վիրաւորել, գինովնալ, վայրագութիւն, ամուսնալուծում, անտեղի պարտք ընել, մոլութիւն, բանտարկութիւն, զգացական ցաւ, սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւն, անփափաքելի յղութիւն, եւ ուրիշ շատ մը բաներ (Սաղ. 34։11-14

2 Յստակ է թէ ժուժկալ չեղողները թէ՛ իրենց գլուխը ցաւի կը տանին, թէ ալ ուրիշներունը։ Եւ երկար տարիներէ ի վեր, մարդիկ երթալէն աւելի քիչ ժուժկալ կը դառնան։ Բայց ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, քանի որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացած էր որ «վերջին օրեր»ուն փաստերէն մէկը պիտի ըլլար, թէ մարդիկ «անժուժկալ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1-3

3. Ինչո՞ւ ժուժկալութեան պէտք ունինք։

3 Ինչո՞ւ ժուժկալութեան պէտք ունինք։ Երկու կարեւոր պատճառներ կան։ Առաջին, այն անձերը որոնք իրենց զգացումները կրնան զսպել, ընդհանրապէս աւելի քիչ խնդիրներ կ’ունենան։ Անոնք զգացական գետնի վրայ աւելի կայուն են, իրենց համար աւելի դիւրին է լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ, չջղայնանալ եւ մտահոգ կամ ընկճուած չըլլալ։ Երկրորդ, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ բարեկամները մնալ, կարեւոր է որ փորձութիւններուն դէմ դնենք եւ սխալ ցանկութիւնները զսպենք։ Ադամն ու Եւան չկրցան ասիկա ընել (Ծն. 3։6)։ Ներկայիս ալ շատ մը մարդիկ ցաւալի խնդիրներ ունին, քանի որ ժուժկալ չեն։

4. Ի՞նչ բան կը մխիթարէ այն անձերը, որոնք դժուարութիւն ունին ժուժկալ ըլլալու։

4 Չկայ անկատար մարդ մը որ կրնայ կատարեալ ժուժկալութիւն ունենալ։ Եհովան ասիկա շատ լաւ գիտէ եւ կ’ուզէ մեզի օգնել, որ մեր սխալ ցանկութիւնները զսպենք (Գ. Թագ. 8։46-50)։ Ան սիրալիր Բարեկամ մըն է եւ ազնուութեամբ կը քաջալերէ այն անձերը, որոնց համար ատեններ դժուար է իրենց զգացումները եւ ցանկութիւնները զսպել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի սորվինք Եհովային կատարեալ օրինակէն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք Սուրբ Գիրքէն օրինակներ, թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ։ Ինչպէս նաեւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի ժուժկալ ըլլալ։

ԵՀՈՎԱՆ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ՁԳԷ

5, 6. Եհովան ժուժկալութեան ի՞նչ օրինակ կը ձգէ մեզի։

5 Եհովային ժուժկալութիւնը կատարեալ է, քանի որ ան կատարեալ է ամէն ինչի մէջ (Բ. Օր. 32։4)։ Թէեւ մենք անկատար ենք, բայց պէտք ունինք որ իր օրինակը նկատի առնենք, որպէսզի կարենանք աւելի իրեն նմանիլ։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ գիտնանք ճիշդ կերպով վարուիլ երբ բանէ մը նեղանանք։ Ի՞նչ աչքառու պարագաներ կան, ուր Եհովան ժուժկալութեամբ վարուած է։

6 Մտածէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս ժուժկալութեամբ վարուեցաւ, երբ Սատանան ըմբոստացաւ Եդեմին մէջ։ Անկասկած, Սատանային հանած հարցը ձգեց որ Աստուծոյ երկնային հաւատարիմ ծառաները ցնցուին, բարկանան եւ նեղանան։ Թերեւս դուն ալ նոյնը զգաս երբ մտածես բոլոր այն նեղութիւններուն մասին, որ Սատանան պատճառած է։ Բայց Եհովան առանց հաշիւի չվարուեցաւ։ Իր հակազդեցութիւնը շատ տեղին էր։ Ան երկայնմտութեամբ եւ արդարութեամբ վարուած է Սատանային ըմբոստութեան հետ (Ել. 34։6. Յոբ 2։2-6)։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան թոյլ տուած է որ ժամանակ անցնի, քանի որ չ’ուզեր որ մէկը կորսուի, հապա՝ «որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9

7. Եհովային օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

7 Եհովային օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ մենք ալ պէտք չէ առանց հաշիւի խօսինք կամ վարուինք։ Ուրեմն, երբ կարեւոր որոշումի մը առջեւ ըլլաս, ժամանակդ առ որ լաւ մտածես։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ, որպէսզի ճիշդ կերպով խօսիս կամ վարուիս (Սաղ. 141։3)։ Երբ մեր շապիկէն ելած ըլլանք, շատ դիւրին է որ պէտք եղածէն աւելի հակազդենք։ Մեզմէ շատեր ջղայնութեան մէջ ըսած են կամ ըրած են բաներ, որ վերջը զղջացած են (Առ. 14։29. 15։28. 19։2

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԼԱՒ ԵՒ ԳԷՇ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

8. ա) Ո՞ւր կրնանք գտնել ժուժկալութեան լաւ օրինակներ։ բ) Ի՞նչը օգնեց Յովսէփին որ Պետափրէսի կնոջ փորձութեան դէմ դնէ (տե՛ս բացման նկարը)։

8 Սուրբ Գիրքին ո՞ր օրինակները կը ցուցնեն թէ ժուժկալութիւնը կարեւոր է։ Թերեւս միտքդ գայ Յակոբին տղան՝ Յովսէփը։ Ան փորձութեան դէմ դրաւ, երբ կը ծառայէր փարաւոնի պահակներուն պետին՝ Պետափրէսին տան մէջ։ Քանի որ Յովսէփ «գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով», Պետափրէսին կինը իր աչքը անոր վրայ դրաւ եւ փորձեց զինք հրապուրել։ Ի՞նչը օգնեց Յովսէփին որ փորձութեան դէմ դնէ։ Ան անկասկած առաջուընէ ժամանակ տրամադրեց, որ մտածէ թէ արդիւնքը ի՛նչ կ’ըլլայ եթէ տեղի տայ։ Ետքը, երբ կինը իր հագուստներէն բռնեց, Յովսէփ իրմէ փախաւ։ Ան ըսաւ. «Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծն. 39։6, 9. կարդա՛ Առակաց 1։10

9. Ինչպէ՞ս կրնաս նախապատրաստուիլ որ փորձութիւններուն դէմ դնես։

9 Ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփէն։ Եթէ Աստուծոյ օրէնքը կտրելու փորձութեան առջեւ ըլլանք, պէտք է ատկէ փախչինք։ Ոմանք առաջ որ Եհովայի վկայ ըլլան շատակեր էին, չափազանց կը խմէին, կը ծխէին, թմրեցուցիչ կը գործածէին, անբարոյ էին կամ ուրիշ խնդիրներ ունէին։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ իրենց մկրտութենէն ետք ատեններ նոյն փորձութիւններուն առջեւ կ’ըլլան։ Եթէ ասիկա քեզի պատահի, պահ մը կեցիր ու մտածէ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ ինչպէ՛ս պիտի ազդուի, եթէ փորձութեան տեղի տաս։ Ջանա՛ սկիզբէն երեւակայել որ ի՛նչ փորձութիւններու առջեւ կրնաս գալ, եւ որոշէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնցմէ հեռու մնալ (Սաղ. 26։4, 5. Առ. 22։3)։ Իսկ երբ փորձութեան առջեւ գտնուիս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն ու ժուժկալութիւն տայ որ ատոր դէմ դնես։

10, 11. ա) Շատ մը պատանիներու ի՞նչ կը պատահի դպրոցին մէջ։ բ) Ի՞նչը կ’օգնէ պատանիներուն որ սխալ բան մը ընելու փորձութեան դէմ դնեն։

10 Յովսէփին պատահածը այսօր կը պատահի շատ մը քրիստոնեայ պատանիներու։ Նկատի առ Քիմ անունով պատանուհի մը։ Շատ անգամներ, իր դասընկերներուն մեծամասնութիւնը հպարտանալով կը խօսէին շաբաթավերջին իրենց ունեցած սեռային փորձառութիւններուն մասին։ Քիմ պատմելիք այսպիսի պատմութիւններ չունէր։ Ան կը խոստովանի որ ուրիշներէն տարբեր ըլլալուն պատճառով ատեններ «միսմինակ» կը զգար, եւ իր դասընկերները ապուշի տեղ կը դնէին զինք, քանի որ տղու մը հետ դուրս չէր ելլեր։ Բայց իրականութեան մէջ, Քիմին կեցուածքը իմաստութիւն էր, քանի որ գիտէր թէ իր տարիքին սեռային ցանկութիւնը զօրաւոր կ’ըլլայ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Միւս աշակերտները շատ անգամներ իրեն կը հարցնէին, որ տակաւին կոյս է կամ ոչ։ Ասիկա իրեն առիթ կու տար որ բացատրէ, թէ ինչո՛ւ սեռային յարաբերութիւն չ’ունենար։ Մենք հպարտ ենք այն պատանիներով, որոնք որոշած են դէմ դնել անբարոյ կեանք ունենալու ճնշումին, եւ Եհովա՛ն ալ հպարտ է անոնցմով։

11 Սուրբ Գիրքին մէջ նաեւ կան անհատներ, որոնք տեղի տուին սեռային անբարոյութեան։ Անոնց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ ինչ գէշ արդիւնքներու կրնանք հասնիլ, երբ ժուժկալ չըլլանք։ Եթէ Քիմին պարագան ունիս, լաւ կ’ըլլայ որ մտածես այն անփորձ երիտասարդին մասին, որ նկարագրուած է Առակաց 7–րդ գլուխին մէջ։ Նաեւ մտածէ Ամնոնին մասին եւ թէ իր ըրածը ի՛նչ արդիւնքներու հասցուց (Բ. Թագ. 13։1, 2, 10-15, 28-32)։ Ծնողները կրնան այս օրինակներուն մասին խօսիլ ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, որպէսզի իրենց զաւակներուն օգնեն որ ժուժկալութիւն եւ իմաստութիւն ունենան ռոմանթիկ յարաբերութիւններու մարզին մէջ։

12. ա) Յովսէփ ինչպէ՞ս իր եղբայրներուն հանդէպ իր զգացումները զսպեց։ բ) Ո՞ր պարագաներուն մէջ պէտք է մեր զգացումները զսպենք։

12 Ուրիշ առիթով մը Յովսէփ դարձեալ ժուժկալութեամբ վարուեցաւ։ Երբ իր եղբայրները Եգիպտոս եկան որ ուտելիք գնեն, ան չըսաւ որ իրենց եղբայրն է, որպէսզի իրենց սրտին մէջինը գիտնայ։ Իսկ երբ ան շատ զգացուեցաւ, մէկ կողմ քաշուեցաւ որ մէկը իր արցունքները չտեսնէ (Ծն. 43։30, 31. 45։1)։ Եթէ Յովսէփին պէս ժուժկալ ըլլաս երբ եղբայր մը կամ քոյր մը նեղացնէ քեզ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ առանց հաշիւի բան մը չըսես կամ չընես (Առ. 16։32. 17։27)։ Իսկ եթէ վտարուած ազգական մը ունիս, պէտք է զգացումներդ զսպես, որպէսզի անտեղի կապի մէջ չգաս իրեն հետ։ Ասիկա դժուար է. բայց աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ միտքդ պահես որ այսպիսով Եհովային պէս կը վարուիս եւ իրեն կը հնազանդիս։

13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթ թագաւորին փորձառութենէն։

13 Դաւիթ թագաւորին օրինակէն ալ կ’օգտուինք։ Երբ Սաւուղ եւ Սեմէի բարկացուցին զինք, Դաւիթ իր ուժը անոնց դէմ չգործածեց (Ա. Թագ. 26։9-11. Բ. Թագ. 16։5-10)։ Բայց չենք կրնար ըսել որ Դաւիթ միշտ ինքզինք կը զսպէր։ Գիտենք որ ան Բերսաբէի հետ մեղք գործեց, ինչպէս նաեւ ջղայնացաւ Նաբաղին ագահութեան պատճառով (Ա. Թագ. 25։10-13. Բ. Թագ. 11։2-4)։ Սակայն կրնանք արժէքաւոր դասեր սորվիլ Դաւիթէն։ Առաջին, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեսուչները պէտք է մասնաւորաբար ժուժկալ ըլլան, որպէսզի իրենց հեղինակութիւնը սխալ կերպով չգործածեն։ Երկրորդ, ո՛չ մէկը պէտք է չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլայ, կարծելով որ բնա՛ւ տեղի պիտի չտայ փորձութեան (Ա. Կոր. 10։12

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԸՆԵԼԻՔՆԵՐ

14. Եղբօր մը ի՞նչ պատահեցաւ, եւ այսպիսի պարագաներու մեր վարուելու կերպը ինչո՞ւ կարեւոր է։

14 Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ժուժկալ ըլլալ։ Նկատի առ հետեւեալ պատահած դէպքը։ Ինքնաշարժ մը Լուիճիին ինքնաշարժին ետեւի կողմը զարկաւ։ Քշողը վիրաւորական խօսքեր ըսաւ Լուիճիին եւ փորձեց կռիւ հանել, հակառակ որ սխալը իրմէ էր։ Լուիճին Եհովային աղօթեց որ հանդարտ մնայ, եւ փորձեց քշողն ալ հանդարտեցնել, բայց չյաջողեցաւ։ Լուիճին մարդուն ինքնաշարժին թիւը գրեց եւ ձգեց–գնաց, մինչ ան տակաւին կը պոռար։ Շաբաթ մը ետք, Լուիճին գնաց իր վերայցելութիւններէն մէկուն քով եւ մէջտեղ ելաւ որ կնոջ ամուսինը նոյն այդ քշողն է։ Մարդը ամչցաւ եւ ներողութիւն խնդրեց իր գէշ վարմունքին համար։ Ան ուզեց Լուիճիին ապահովագրութեան ընկերութեան հեռաձայնել, որպէսզի Լուիճին կարենայ աւելի արագ նորոգել ինքնաշարժը։ Ան մասնակցեցաւ հոգեւոր խօսակցութեան եւ գնահատեց խօսուածները։ Լուիճին անդրադարձաւ որ արկածէն ետք իր հանդարտ մնալը որքա՜ն կարեւոր էր, իսկ եթէ իր շապիկէն ելլէր, արդիւնքը շատ գէշ պիտի ըլլար (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։3, 4

Մեր վարուած կերպը կրնա՛յ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ազդել մեր ծառայութեան (տե՛ս պարբերութիւն 14)

15, 16. Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել քեզի եւ ընտանիքիդ որ աւելի ժուժկալ ըլլաք։

15 Երբ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար եւ իմաստալից կերպով սերտենք, կրնանք մեր ժուժկալութիւնը աւելցնել։ Յիշէ թէ Աստուած ի՛նչ ըսաւ Յեսուին. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես» (Յես. 1։8)։ Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ աւելի ժուժկալ ըլլաս։

16 Տեսանք թէ Սուրբ Գիրքին մէջ կան օրինակներ, որոնք կը ցուցնեն թէ մեր արարքներուն օգուտները կամ հետեւանքները ի՛նչ կրնան ըլլալ։ Եհովան նպատակով մը գրել տուած է այդ պատմութիւնները (Հռով. 15։4)։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ զանոնք կարդանք, սերտենք եւ ատոնց վրայ խոկանք։ Ջանա՛ ըմբռնել թէ ատոնք ինչպէ՛ս կը կիրարկուին քեզի եւ ընտանիքիդ։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ իր խրատները գործադրելու։ Եթէ նկատես որ որոշ մարզի մը մէջ ժուժկալութեան պակաս ունիս, ընդունէ՛ ասիկա։ Ետքը, աղօթէ ատոր մասին եւ ջանա՛ գիտնալ թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի ժուժկալ ըլլալ (Յակ. 1։5)։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրէ, որպէսզի գործնական խրատներ գտնես, որոնք կրնան քեզի օգնել։

17. Ծնողները ի՞նչ կերպերով կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ աւելի ժուժկալ ըլլան։

17 Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել որ ժուժկալ ըլլան։ Ծնողները գիտեն որ պզտիկները այս յատկութիւնով չեն ծնիր։ Այս պատճառով, անոնք պէտք է իրենց օրինակով լաւ յատկութիւններ սորվեցնեն իրենց զաւակներուն (Եփ. 6։4)։ Ուրեմն, երբ տեսնես թէ զաւակներդ պէտք եղածին չափ ժուժկալ չեն, դուն քեզի հարցուր թէ արդեօք լաւ օրինակ կը դառնա՞ս այս մարզին մէջ։ Բնա՛ւ թեթեւի մի՛ առներ այն լաւ ազդեցութիւնը որ կրնաս ձգել անոնց վրայ, երբ կանոնաւոր ըլլաս ծառայութեան մէջ, ժողովներուն երթալու մէջ եւ ընտանեկան պաշտամունքը ընելու մէջ։ Երբ պէտք ըլլայ, մի՛ վախնար զաւակներուդ ուզածին ո՛չ ըսելու։ Եհովան Ադամին ու Եւային ըսաւ թէ ինչ կրնան ընել եւ ինչ ո՛չ։ Ասիկա կրնար իրենց օգնել որ սորվին Եհովային հեղինակութիւնը յարգել։ Նմանապէս, երբ ծնողները կրթեն իրենց զաւակները եւ լաւ օրինակ ըլլան, ասիկա կրնայ զաւակներուն ժուժկալութիւն սորվեցնել։ Եթէ զաւակներուդ օգնես որ Աստուծոյ հեղինակութիւնը սիրեն ու իր չափանիշները յարգեն, շատ արժէքաւոր բաներ ցանած կ’ըլլաս անոնց մէջ (կարդա՛ Առակաց 1։5, 7, 8

18. Ինչո՞ւ պէտք է իմաստութեամբ զատենք մեր ընկերները։

18 Անշուշտ, ծնողք ըլլանք կամ ոչ, պէտք է իմաստութեամբ զատենք մեր ընկերները։ Ընկերակցէ այն անհատներուն հետ, որոնք քեզ կը քաջալերեն որ իմաստալից նպատակակէտեր դնես եւ գլխու ցաւերէ հեռու մնաս (Առ. 13։20)։ Հոգեւոր անհատները լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան վրադ եւ քեզ պիտի մղեն որ իրենց պէս ժուժկալ ըլլաս։ Եւ անկասկած անոնք ալ քու լաւ վարմունքովդ պիտի քաջալերուին։ Այսպիսով, ժուժկալ պիտի ըլլանք եւ ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ Աստուած ուրախացնենք, կեանքը վայելենք եւ ուրիշներուն հետ լաւ յիշատակներ ունենանք։