Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»

«Քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»

«Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած. . . քեզի հետ է» (Ա. ՄՆ. 28։20

ԵՐԳԵՐ. 60, 29

1, 2. ա) Սողոմոն ի՞նչ կարեւոր նշանակում մը ստացաւ։ բ) Դաւիթ Սողոմոնին նկատմամբ ինչո՞ւ մտահոգուած էր։

ՍՈՂՈՄՈՆ յատուկ առանձնաշնորհում մը ստացաւ։ Եհովան զինք ընտրեց որ Երուսաղէմի տաճարին շինարարութեան վրայ վերահսկէ։ Ատիկա ‘մեծ, բարձր ու ամէն երկիրներու մէջ անուանի ու փառաւոր պէտք էր ըլլար’։ Աւելի կարեւորը, ատիկա «Տէր Աստուծոյ տունը» պիտի ըլլար (Ա. Մն. 22։1, 5, 9-11

2 Դաւիթ թագաւորը վստահ էր որ Աստուած պիտի օգնէր Սողոմոնին։ Բայց Սողոմոն փորձառու չէր եւ պատանի էր։ Ան քաջութիւնը պիտի ունենա՞ր որ տաճարը շինելու նշանակումը ընդունէր։ Իր պատանի ըլլալը եւ փորձառութիւն չունենալը արգելք պիտի ըլլայի՞ն։ Յաջողելու համար, ան պէտք էր քաջ ըլլար եւ գործի անցնէր։

3. Սողոմոն իր հօրմէն ի՞նչ կրնար սորվիլ քաջութեան մասին։

3 Սողոմոն քաջութեան մասին շատ բաներ սորված ըլլալու էր իր հօրմէն՝ Դաւիթէն։ Երբ Դաւիթ պզտիկ էր, կռուեցաւ վայրի անասուններու հետ, որոնք իր հօր ոչխարներուն վրայ յարձակեցան (Ա. Թագ. 17։34, 35)։ Ան նաեւ մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ կռուեցաւ զօրաւոր եւ վախնալիք հսկայի մը՝ Գողիաթին հետ։ Դաւիթ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ քար մը գործածելով յաղթեց Գողիաթին (Ա. Թագ. 17։45, 49, 50

4. Սողոմոն ինչո՞ւ պէտք ունէր քաջ ըլլալու։

4 Կրնանք հասկնալ որ ինչո՛ւ Դաւիթ յարմար անձն էր որ Սողոմոնը քաջալերէր որ քաջասիրտ ըլլայ եւ տաճարը շինէ (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 28։20)։ Եթէ Սողոմոն քաջ չըլլար, վախը կրնար ձեռքերը–ոտքերը կապել ու ձգել որ չսկսի գործը, եւ ասիկա աւելի գէշ պիտի ըլլար քան՝ իր նշանակումին մէջ ձախողիլը։

5. Ինչո՞ւ քաջութեան պէտք ունինք։

5 Մենք Սողոմոնին պէս Եհովային օգնութեան պէտք ունինք, որ քաջ ըլլանք եւ գործը վերջացնենք։ Ասոր համար, սերտենք կարգ մը մարդոց օրինակը, որոնք քաջ էին։ Ետքը, մտածենք որ մենք ինչպէս կրնանք քաջութեամբ վարուիլ եւ մեր գործը ամբողջացնել։

ՔԱՋ ՄԱՐԴԻԿ

6. Յովսէփին քաջութիւնը ինչպէ՞ս կը տպաւորէ քեզ։

6 Յովսէփ քաջութեամբ վարուեցաւ, երբ փորձութեան տակ էր որ Պետափրէսին կնոջ հետ անբարոյութիւն գործէր։ Ան վստահաբար գիտէր որ եթէ անոր առաջարկը մերժէր, իր կեանքը վտանգի տակ կրնար ըլլալ։ Հակառակ ասոր, ան քաջութեամբ վարուեցաւ եւ անմիջապէս մերժեց տեղի տալ (Ծն. 39։10, 12

7. Ռախաբ ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ (տե՛ս բացման նկարը)։

7 Ռախաբն ալ քաջ էր։ Երբ իսրայէլացի լրտեսները իր տունը եկան, ան կրնար իր վախին պատճառով մերժել անոնց օգնել։ Բայց ան Եհովային վստահելով քաջութեամբ պահեց զիրենք եւ օգնեց որ ապահովութեամբ փախչին (Յես. 2։4, 5, 9, 12-16)։ Ան կը հաւատար որ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է եւ վստահ էր որ ան ձեւով մը այդ երկիրը պիտի տար իսրայէլացիներուն։ Ան չձգեց որ մարդու հանդէպ վախը իր ձեռքերը–ոտքերը կապէ։ Ան նոյնիսկ Երիքովի թագաւորէն եւ անոր ծառաներէն չվախցաւ, եւ այսպիսով ազատեց իր եւ իր ընտանիքին կեանքը (Յես. 6։22, 23

8. Յիսուսին քաջութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց առաքեալներուն։

8 Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալներն ալ մեծ քաջութեամբ վարուեցան։ Անոնք տեսած էին որ Յիսուս ինչպէ՛ս քաջութեամբ կը վարուէր, եւ ասիկա իրենց քաջութիւնը աւելցուցած էր (Մատ. 8։28-32. Յովհ. 2։13-17. 18։3-5)։ Երբ սադուկեցիները փորձեցին զանոնք կեցնել որ Յիսուսի մասին չսորվեցնեն, անոնք շարունակեցի՛ն սորվեցնել (Գործք 5։17, 18, 27-29

9. Բ. Տիմոթէոս 1։7–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ քաջութիւնը ուրկէ կու գայ։

9 Յովսէփ, Ռախաբ, Յիսուս եւ առաքեալները մտքերնին դրած էին որ ճիշդը ընեն։ Անոնք քաջ էին ոչ թէ քանի որ չափէ դուրս ինքնավստահ էին, հապա քանի որ Եհովայի՛ն կը վստահէին։ Մենք ալ երբ քաջութեան պէտք ունենանք որոշ պարագաներու մէջ, պէտք է վստահինք Եհովային՝ փոխանակ մեր անձին (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։7)։ Նկատի առնենք երկու մարզեր, ուր քաջութեան պէտք ունինք. մեր ընտանիքին մէջ եւ ժողովքին մէջ։

ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

10. Քրիստոնեայ պատանիները ինչո՞ւ պէտք ունին քաջութեան։

10 Բազմաթիւ պարագաներ կան, ուր պատանիները պէտք է քաջութեամբ վարուին, որպէսզի Եհովային ծառայեն։ Անոնք կրնան սորվիլ Սողոմոնէն, որ քաջութեամբ իմաստուն որոշումներ առաւ, որպէսզի տաճարին շինարարութիւնը ամբողջացնէր։ Թէեւ ծնողները կրնան առաջնորդութիւն տալ, բայց պատանիները անձամբ առնելիք կարեւոր որոշումներ ունին (Առ. 27։11)։ Անոնք քաջութեան պէտք ունին, որպէսզի իմաստուն որոշումներ առնեն, երբ բարեկամներ պիտի ընտրեն, երբ ժամանց պիտի զատեն, թէ ինչպէ՛ս բարոյապէս մաքուր մնան եւ ե՛րբ մկրտուին։ Անոնք քաջութեան պէտք ունին, քանի որ Սատանային կամքին հակառակ կ’աշխատին։

11, 12. ա) Մովսէս ինչպէ՞ս քաջութեամբ վարուեցաւ։ բ) Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան Մովսէսին նմանիլ։

11 Կարեւոր բաներէն մէկը որ պատանիները պէտք է որոշեն, այն է թէ ի՛նչ նպատակակէտեր պիտի դնեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, պատանիներուն վրայ ճնշում կ’ըլլայ, որ կեդրոնանան բարձր ուսում առնելու եւ լաւ ամսականով գործ աշխատելու վրայ։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, դրամական նեղութեան պատճառով պատանիները կը զգան, որ պէտք է կեդրոնանան գործին վրայ, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին օգտակար դառնալ։ Մտածէ Մովսէսին մասին։ Որովհետեւ փարաւոնին աղջիկը զինք մեծցուց, ան կրնար նպատակակէտ դնել, որ հարուստ ըլլար կամ լաւ դիրքի հասնէր։ Երեւակայէ թէ ան ի՜նչ ճնշումի տակ էր իր եգիպտացի ընտանիքին, ուսուցիչներուն եւ խրատատուներուն կողմէ։ Բայց Մովսէս քաջութեամբ ընտրեց Եհովային ծառայել։ Ան Եգիպտոսի հարստութիւնները ձգելէ ետք, Եհովային վստահեցաւ (Եբ. 11։24-26)։ Այսպիսով, Եհովան շատ օրհնեց Մովսէսը եւ ապագային ա՛լ աւելի պիտի օրհնէ զինք։

12 Նմանապէս, երբ պատանիները քաջութեամբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնեն, Եհովան պիտի օրհնէ զանոնք։ Ան պիտի օգնէ անոնց որ իրենց ընտանիքին պէտքերուն հոգ տանին։ Առաջին դարուն, պատանի Տիմոթէոսը կեդրոնացաւ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյնը ընել (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։19-22) *։

Միտքդ դրա՞ծ ես քաջ ըլլալ կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 13-17)

13. Քաջութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց պատանուհի քրոջ մը որ իր նպատակակէտերուն հասնի։

13 Ալապամայի մէջ (ԱՄՆ), քոյր մը քաջութեան պէտք ունէր, որպէսզի հոգեւոր նպատակակէտեր դնէր։ Ան կը գրէ. «Շա՜տ ամչկոտ եղած եմ պզտիկութենէս ի վեր։ Հազիւ կրնայի ուրիշներուն հետ խօսիլ Թագաւորութեան սրահին մէջ. ո՜ւր մնաց լման օտարներու դուռը զարնել եւ խօսիլ»։ Ան կրցաւ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու իր նպատակը իրականացնել, իր ծնողքին եւ ժողովքի անդամներուն օգնութեամբ։ Ան կը պատմէ. «Սատանային աշխարհը կը քաջալերէ, որ նպատակակէտ դնենք՝ բարձր ուսում առնել, հռչակաւոր դառնալ, հարուստ ըլլալ եւ բազմաթիւ նիւթական բաներ ունենալ։ Յաճախ անկարելի է որ մէկը ասոնց հասնի, եւ ընդհանրապէս միայն սթրես եւ գլխու ցաւ կը բերեն։ Բայց Եհովային ծառայելը մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տուած է ինծի»։

14. Ծնողները ե՞րբ քաջութեան պէտք ունին։

14 Ծնողներն ալ քաջութեան պէտք ունին։ Օրինակ, թերեւս գործատէրդ քեզմէ խնդրէ, որ գործի ժամերէդ դուրս ալ աշխատիս իրիկունները եւ շաբաթավերջերուն, այսինքն՝ այն ատենները որ դուն տրամադրած ես ընտանեկան պաշտամունքին, դաշտի ծառայութեան եւ ժողովներուն։ Քաջութեան պէտք ունիս որ գործատիրոջդ ուզածը մերժես եւ լաւ օրինակ դառնաս զաւակներուդ։ Կամ թերեւս ժողովքին մէջ կան ծնողներ, որոնք կը ձգեն իրենց պզտիկները ընեն բաներ, որ դուն չես արտօներ պզտիկներուդ որ ընեն։ Երբ անոնք պատճառը հարցնեն, քաջ պիտի ըլլա՞ս եւ փափկանկատութեամբ զայն բացատրես։

15. Սաղմոս 37։25–ը եւ Եբրայեցիս 13։5–ը ինչպէ՞ս կրնան օգնել ծնողներուն։

15 Քաջութիւն կ’ուզենք որ մեր պզտիկներուն օգնենք հոգեւոր նպատակակէտեր դնելու եւ անոնց հասնելու։ Օրինակ, կարգ մը ծնողներ կը վախնան իրենց զաւակները քաջալերելու, որ սկսին ռահվիրայութեան, ծառայեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, ծառայեն Բեթէլի մէջ կամ մասնակցին Թագաւորութեան սրահներ եւ համաժողովի սրահներ շինելու։ Թերեւս անոնք կը վախնան որ երբ ծերանան, իրենց զաւակը պիտի չկարենայ իրենց հոգ տանիլ։ Բայց իմաստուն ծնողները քաջութեամբ կը վարուին, եւ կը հաւատան որ Եհովան իր խոստումներուն տէրը կ’ելլէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։25. Եբրայեցիս 13։5)։ Այն ծնողները որոնք այսպիսի քաջութիւն ունին եւ կը վստահին Եհովային, իրենց պզտիկներուն ալ կ’օգնեն որ նոյնը ընեն (Ա. Թագ. 1։27, 28. Բ. Տիմ. 3։14, 15

16. Կարգ մը ծնողներ ինչպէ՞ս օգնած են իրենց պզտիկներուն որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն, եւ ասիկա ի՞նչ օգուտներ ունեցած է։

16 Միացեալ Նահանգներուն մէջ, զոյգ մը օգնեց իր պզտիկներուն, որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն։ Ամուսինը կը բացատրէ. «Առաջ որ մեր պզտիկները սկսէին քալել ու խօսիլ, անոնց կը պատմէինք ռահվիրայութիւն ընելու եւ ժողովքին ծառայելու ուրախութեան մասին։ Հիմա ասիկա իրե՛նց նպատակը դարձած է։ Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը եւ անոնց հասնիլը իրենց կ’օգնէ, որ Սատանայի աշխարհին ճնշումներուն դէմ դնեն եւ կեդրոնանան իրապէս կարեւոր եղող բանի մը վրայ՝ Եհովային ծառայել»։ Երկու պզտիկ ունեցող հայր մը գրեց. «Բազմաթիւ ծնողներ շատ ջանք կը թափեն եւ դրամ կը ծախսեն, որ իրենց պզտիկները լաւ տեղ հասնին մարզանքի, արուեստի եւ ուսման մէջ։ Բայց շատ աւելի տրամաբանական է որ ջանք թափենք եւ ծախսեր ընենք, որպէսզի մեր պզտիկներուն օգնենք որ հասնին այնպիսի նպատակակէտերու, որոնք իրենց պիտի օգնեն որ լաւ անձեր ըլլան Եհովային աչքին։ Մեր մեծ ուրախութիւնը եղած է տեսնել, որ մեր զաւակները հոգեւոր նպատակակէտերու կը հասնին, եւ՝ գիտնալ որ ատոր մէջ մենք ալ բաժին բերած ենք»։ Վստահաբար Աստուած կ’օրհնէ այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն կ’օգնեն որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն ու ատոնց հասնին։

ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ

17. Օրինակներ տուր թէ ժողովքին մէջ ոմանք ինչպէ՛ս քաջութեամբ կը վարուին։

17 Ժողովքին մէջ ալ պէտք ունինք քաջութեամբ վարուելու։ Օրինակ, երէցները քաջութեան պէտք ունին, երբ դատական հարցերու հոգ կը տանին, կամ երբ կ’օգնեն անոնց որոնց կեանքը վտանգի տակ է առողջապահական խնդիրի մը պատճառով։ Կարգ մը երէցներ բանտերը կ’այցելեն, որպէսզի դասեր կամ ժողովներ վարեն։ Իսկ ամուրի քոյրերը շատ մը առիթներ ունին, որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն՝ ռահվիրայութիւն ընելով, փոխադրուելով ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, աշխատելով Տեղական ծրագրման/շինարարութեան յայտագրին հետ եւ դիմելով Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին։ Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կը հրաւիրուին Գաղաադի դպրոցը։

18. Տարիքով աւելի մեծ քոյրերը ինչպէ՞ս կրնան քաջութեամբ վարուիլ։

18 Տարիքով աւելի մեծ քոյրերը օրհնութիւն մըն են ժողովքին համար եւ մենք զանոնք շատ կը սիրենք։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք առաջուան չափ չեն կրնար ծառայել Աստուծոյ, բայց տակաւին կրնա՛ն քաջութեամբ վարուիլ եւ գործի անցնիլ (կարդա՛ Տիտոս 2։3-5)։ Օրինակ, տարիքով աւելի մեծ քոյր մը քաջութեան պէտք ունի, երբ երէցները իրմէ խնդրեն որ երիտասարդուհի քրոջ մը խօսի պատշաճօրէն հագուելու մասին։ Անշուշտ, ան պիտի չվիրաւորէ քոյրը իր հագած հագուստներուն համար, բայց ազնուօրէն զինք պիտի քաջալերէ, որ մտածէ թէ իր ընտրութիւնները ինչպէ՛ս կրնան ազդել ուրիշներուն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Երբ անոնք այսպէս սէր ցուցնեն, ժողովքը կրնայ զօրանալ։

19. ա) Մկրտուած եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան քաջ ըլլալ։ բ) Փիլիպպեցիս 2։13–ը եւ 4։13–ը ինչպէ՞ս կ’օգնեն եղբայրներուն որ քաջ ըլլան։

19 Մկրտուած եղբայրներն ալ պէտք է քաջ ըլլան եւ գործի անցնին։ Երբ անոնք պատրաստ ըլլան որպէս օգնական ծառայ կամ երէց ծառայելու, ժողովքը շատ կ’օգտուի (Ա. Տիմ. 3։1)։ Բայց ոմանք թերեւս այս քայլը առնելու մէջ երկու միտքի վրայ ըլլան։ Թերեւս եղբայր մը անցեալին սխալներ ըրած է, եւ հիմա կը զգայ որ արժանի չէ օգնական ծառայ կամ երէց ըլլալու։ Թերեւս ուրիշ եղբայր մը զգայ, որ պէտք եղած կարողութիւնները չունի այս նշանակումները կատարելու։ Եթէ այսպէս կը զգաս, Եհովան կրնայ քեզի օգնել որ քաջ ըլլաս (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13. 4։13)։ Յիշէ թէ ատեն մը Մովսէս զգաց, թէ չի կրնար ընել ինչ որ Եհովան իրմէ կ’ուզէ որ ընէ (Ել. 3։11)։ Բայց Եհովային օգնութեամբ ան քաջ եղաւ եւ գործը ամբողջացուց։ Մկրտուած եղբայր մը կրնայ նոյնպէս քաջ ըլլալ, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրելով եւ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալով։ Ան նաեւ կրնայ խոկալ Սուրբ Գիրքին այն պատմութիւններուն վրայ, ուր անհատներ քաջութեամբ վարուեցան։ Ան կրնայ խոնարհութեամբ երէցներէն խնդրել որ զինք մարզեն, ինչպէս նաեւ կրնայ պատրաստ ըլլալ ժողովքին մէջ օգնելու որեւէ բանի մէջ։ Բոլոր եղբայրները կը յորդորենք, որ քաջ ըլլան եւ ծանր աշխատին ժողովքին համար։

ԵՀՈՎԱՆ «ՔԵԶԻ ՀԵՏ Է»

20, 21. ա) Դաւիթ ի՞նչ յիշեցուց Սողոմոնին։ բ) Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

20 Դաւիթ թագաւոր Սողոմոնին յիշեցուց որ Եհովան իրեն հետ պիտի ըլլար, մինչեւ որ տաճարին շինարարութիւնը վերջանար (Ա. Մն. 28։20)։ Սողոմոն վստահաբար խոկաց այս խօսքին վրայ, եւ չձգեց որ իր պատանեկութիւնը եւ անփորձ ըլլալը արգելք ըլլան որ այս գործը կատարէ։ Ան մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ, գործի անցաւ եւ Եհովային օգնութեամբ եօթուկէս տարուան մէջ լրացուց շքեղ տաճարը։

21 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան օգնեց Սողոմոնին, մեզի ալ կրնայ օգնել որ քաջ ըլլանք եւ մեր գործը ամբողջացնենք, թէ՛ ընտանիքէն ներս եւ թէ ժողովքին մէջ (Եսա. 41։10, 13)։ Եթէ քաջութեամբ վարուինք մինչ Եհովային կը ծառայենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզ պիտի օրհնէ հիմա եւ ապագային։ Ուրեմն, «քաջասիրտ եղի՛ր ու. . . գործը լրացո՛ւր»։

^ պարբ. 12 Գիտնալու համար թէ ի՛նչ գործնական քայլերով կրնաս հոգեւոր նպատակակէտեր դնել, տե՛ս «Հոգեւոր նպատակակէտերով Ստեղծիչդ փառաւորէ» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 յուլիս 2004 թիւին մէջ (անգլերէն)։