Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամենակալ ե՛ւ Նկատառու

Ամենակալ ե՛ւ Նկատառու

«[Եհովան] գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (ՍԱՂ. 103։14

ԵՐԳԵՐ. 91, 9

1, 2. ա) Մարդոց հետ Եհովային վարուած կերպը ինչպէ՞ս կը տարբերի հեղինակաւորներուն վարուած կերպէն։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ եւ զօրաւոր մարդիկ յաճախ «կը տիրեն» ուրիշներուն վրայ (Մատ. 20։25. Ժող. 8։9)։ Եհովան անոնցմէ որքա՜ն տարբեր է։ Թէեւ ան ամենազօր է, բայց շատ նկատառու է անկատար մարդոց հանդէպ։ Փափկանկատ ու ազնիւ է։ Մեր զգացումներն ու պէտքերը նկատի կ’առնէ։ Ան «կը յիշէ թէ մենք հող ենք», եւ բնա՛ւ չի խնդրեր բաներ, որոնք մեր կարողութենէն վեր են (Սաղ. 103։13, 14

2 Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը օրինակներ կան, թէ Եհովան որքա՜ն նկատառու է իր ծառաներուն հանդէպ։ Երեք օրինակներ քննարկենք։ Առաջին, Եհովան ինչպէ՞ս փափկանկատութեամբ օգնեց պատանի Սամուէլին, որ դատաստանական պատգամ մը տայ Հեղի քահանայապետին։ Երկրորդ, Եհովան ինչպէ՞ս Մովսէսին համբերեց, երբ ան զգաց որ կարողութիւն չունի իսրայէլացիները առաջնորդելու։ Իսկ երրորդ, Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիները նկատառութեամբ առաջնորդեց Եգիպտոսէն դուրս։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ Եհովային մասին ի՛նչ կը սորվինք այս օրինակներէն, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

ՏՂՈՒ ՄԸ ՀԱՆԴԷՊ ՆԿԱՏԱՌՈՒԹԻՒՆ

3. ա) Գիշեր մը, ի՞նչ տարօրինակ բան մը պատահեցաւ Սամուէլին (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ի՞նչ հարցում կը ծագի։

3 Սամուէլ շատ պզտիկ տարիքէն սկսաւ Եհովային ծառայել խորանին մէջ (Ա. Թագ. 3։1)։ Գիշեր մը, մինչ ան կը քնանար, շատ տարօրինակ բան մը պատահեցաւ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 3։2-10) *։ Ան լսեց որ մէկը իր անունը կը կանչէ։ Կարծելով որ ծեր Հեղի քահանայապետն էր կանչողը, Սամուէլ անոր վազեց եւ պատրաստակամութեամբ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Բայց Հեղին ըսաւ. «Ես չկանչեցի»։ Երբ նոյն բանը երկու անգամ ալ պատահեցաւ, Հեղին անդրադարձաւ որ Աստուած էր Սամուէլը կանչողը ու իրեն ըսաւ որ ինչ ընէ երբ նոյն բանը պատահի, եւ Սամուէլ հնազանդեցաւ։ Աստուած ինչո՞ւ սկիզբէն չըսաւ Սամուէլին որ ինքն էր զինք կանչողը։ Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր, բայց կրնայ ըլլալ որ Եհովան Սամուէլին զգացումները նկատի առաւ։ Ինչպէ՞ս։

4, 5. ա) Սամուէլ ի՞նչ ըրաւ երբ Եհովան իրեն պատուիրեց որ պատգամ մը Հեղիին տայ։ բ) Այս պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։

4 Կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 3։11-18։ Աստուծոյ Օրէնքը կը պատուիրէր որ պզտիկները յարգեն տարեցները, մանաւանդ հեղինակաւորները (Ել. 22։28. Ղեւ. 19։32)։ Ուրեմն դժուար է երեւակայել որ Սամուէլին պէս պզտիկ տղայ մը առտուն կանուխ արթննալով Հեղիին կ’երթայ եւ համարձակօրէն կ’ըսէ Աստուծոյ դատաստանական ծանր պատգամը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Սամուէլ «վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ»։ Սակայն Աստուած Հեղիին յստակ դարձուց որ Սամուէլը կը կանչէր։ Այս պատճառով, Հեղին Սամուէլը կանչելով ըսաւ. «Քեզի ըսուած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինձմէ [մի՛ պահեր]»։ Սամուէլ հնազանդելով «բոլոր խօսքերը անոր պատմեց»։

5 Սամուէլին պատգամը լման նորութիւն չէր Հեղիին համար, քանի որ նախապէս «Աստուծոյ մարդը» նման պատգամ մը իրեն տուած էր (Ա. Թագ. 2։27-36)։ Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Եհովան որքա՜ն նկատառու եւ իմաստուն է։

6. Սամուէլի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք Աստուծոյ մասին։

6 Պատանի՞ ես։ Եթէ ա՛յո, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան դժուարութիւններդ եւ զգացումներդ կը հասկնայ, ինչպէս որ Սամուէլին պատմութիւնը կը ցուցնէ։ Թերեւս ամչկոտ ես եւ դժուարութիւն ունիս չափահասներուն քարոզելու կամ տարեկիցներէդ տարբեր ըլլալու։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովան կ’ուզէ քեզի օգնել։ Աղօթքով սիրտդ բաց իրեն առջեւ (Սաղ. 62։8)։ Խոկա՛ Սուրբ Գիրքին նշած պատանիներուն մասին։ Եւ խօսէ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ,– ըլլա՛ն երիտասարդ կամ տարիքոտ,– որոնք քու դժուարութիւններէդ անցած են։ Անոնք կրնան քեզի պատմել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնեց, թերեւս նոյնիսկ իրենց չակնկալած կերպով։

ՄՈՎՍԷՍԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԿԱՏԱՌՈՒԹԻՒՆ

7, 8. Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուց որ շատ նկատառու էր Մովսէսին հանդէպ։

7 Երբ Մովսէս 80 տարեկան էր, Եհովան իրեն շատ դժուար նշանակում մը տուաւ։ Ան իսրայէլացիները Եգիպտոսէն պիտի ազատագրէր (Ել. 3։10)։ Հաւանաբար այս նշանակումը իրեն համար ցնցիչ էր, քանի որ 40 տարիէ ի վեր հովիւ էր Մադիամի երկրին մէջ։ Ան ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ Աստուած զինք վստահեցուց, որ ‘անշուշտ իրեն հե՛տ պիտի ըլլար’ (Ել. 3։11, 12)։ Ան նաեւ Մովսէսին խոստացաւ. իսրայէլի ծերերը «քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն»։ Հակառակ ասոր, Մովսէս ըսաւ. ‘Բայց անոնք իմ ձայնս մտիկ պիտի չընեն’ (Ել. 3։18. 4։1)։ Ան բառին բուն իմաստով կ’ըսէր որ Եհովային ըսածը կրնար սխալ ըլլալ։ Բայց Եհովան համբերեց իրեն եւ նոյնիսկ ոյժ տուաւ որ հրաշքներ ընէ։ Մովսէս Սուրբ Գիրքին մէջ առաջին անձն է, որ այսպիսի ոյժ ունէր (Ել. 4։2-9, 21

8 Բոլոր այս խօսքերէն ետք Մովսէս ուրիշ պատճառաբանութիւն մըն ալ ըրաւ, ըսելով որ չէր կրնար լաւ խօսիլ։ Աստուած իրեն ըսաւ. «Ես քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։ Մովսէս վերջապէս համոզուեցա՞ւ։ Ո՛չ. ան Աստուծմէ խնդրեց որ ուրիշ մէկը ղրկէ։ Ասոր վրայ, Եհովան բարկացաւ։ Բայց ան տակաւին նկատառու գտնուեցաւ Մովսէսին զգացումներուն հանդէպ եւ Ահարոնը նշանակեց որպէս իր խօսնակը (Ել. 4։10-16

9. Եհովային համբերութիւնն ու նկատառութիւնը ինչպէ՞ս Մովսէսին օգնեցին իր նշանակումին մէջ։

9 Այս պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։ Ամենակալ Աստուածը ըլլալով, ան կրնար Մովսէսը վախցնելով մղել որ անմիջապէս իրեն հնազանդի։ Բայց ան այսպէս չվարուեցաւ։ Ան համբերեց ու ազնիւ գտնուեցաւ, եւ իր համեստ ու խոնարհ ծառան վստահեցուց, որ իրեն հետ պիտի ըլլար։ Այս կերպը յաջողեցա՞ւ։ Անշո՛ւշտ։ Մովսէս հիանալի առաջնորդ մը եղաւ եւ ջանաց ուրիշներուն հետ մեղմութեամբ եւ նկատառութեամբ վարուիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իրեն հետ վարուեցաւ (Թւ. 12։3

Ուրիշներուն հետ կը վարուի՞ս ինչպէս որ Եհովան կը վարուի (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Երբ Եհովային պէս նկատառու ըլլանք ուրիշներուն հանդէպ, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

10 Ի՞նչ դասեր կը սորվինք։ Եթէ ամուսին, ծնողք կամ երէց ես, որոշ չափով հեղինակութիւն ունիս։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ Եհովան ընդօրինակելով նկատառու, ազնիւ եւ համբերող ըլլաս կնոջդ, զաւակներուդ եւ ժողովքի անդամներուն հետ (Կող. 3։19-21. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Երբ ընդօրինակես Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը՝ Մեծագոյն Մովսէսը, ուրիշներուն համար թարմացուցիչ պիտի ըլլաս, եւ դիւրին պիտի ըլլայ որ քեզի մօտենան (Մատ. 11։28, 29)։ Նաեւ անոնց լաւ օրինակ պիտի դառնաս (Եբ. 13։7

ԹԷ՛ ԶՕՐԱՒՈՐ ԵՒ ԹԷ ՆԿԱՏԱՌՈՒ ՓՐԿԻՉ

11, 12. Եհովան իսրայէլացիները ինչպէ՞ս ապահով զգացուց, երբ զիրենք Եգիպտոսէն դուրս կը հանէր։

11 Երբ Ք.Ա. 1513–ին իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգեցին, անոնց թիւը հաւանաբար երեք միլիոնէն աւելի էր։ Անոնց մէջ կային պզտիկներ ու տարեցներ եւ հաւանաբար հիւանդներ կամ անկարողներ։ Անկասկած, այսպիսի մեծ խումբ մը Եգիպտոսէն հանելու համար պէտք կար հոգածու եւ հասկացող Առաջնորդի մը։ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ փաստեց որ այդպիսի Առաջնորդ էր։ Այս պատճառով, իսրայէլացիները ապահով զգացին, երբ իրենց գիտցած միակ տեղը ձգելով գացին (Սաղ. 78։52, 53

12 Եհովան ինչպէ՞ս ապահով զգացուց իր ժողովուրդը։ Նախ, իսրայէլ ազգը «գունդ գունդ» կազմակերպեց (Ել. 13։18)։ Այս կազմակերպուածութիւնը անոնց ցուցուց որ հարցը իրենց Աստուծոյն հակակշռին տակ է։ Եհովան նաեւ «ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով», որպէսզի անոնց յիշեցնէ թէ իրենց հետ է (Սաղ. 78։14)։ Եհովան կարծես թէ կ’ըսէր. «Մի՛ վախնաք։ Ես ձեզի հետ եմ, որպէսզի ձեզ առաջնորդեմ ու պաշտպանեմ»։ Շատ չանցած, անոնք այս յիշեցումին շատ պէտք ունեցան։

Կարմիր ծովուն քով, Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն հոգ տարաւ (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13, 14. ա) Եհովան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն հոգ տարաւ Կարմիր ծովուն քով։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուց որ եգիպտացիներէն շատ աւելի զօրաւոր էր։

13 Կարդա՛ Ելից 14։19-22։ Երեւակայէ որ իսրայէլացիներուն հետ կախուած ես փարաւոնի բանակին եւ Կարմիր ծովուն միջեւ։ Ետքը, Աստուած բան մը կ’ընէ։ Ամպի սիւնը բանակատեղիդ ետեւը կ’անցնի եւ եգիպտացիներուն ճամբան կը գոցէ։ Անոնք այժմ մութի մէջ են, իսկ բանակատեղդ հրաշալի լոյսի մէջ է։ Ետքը, կը տեսնես որ Մովսէս ձեռքը կ’երկարէ ծովուն վրայ եւ արեւելեան սաստիկ հով մը ելլելով լայն ճամբայ մը կը բանայ մինչեւ միւս ափը։ Դուն, ընտանիքդ եւ անասուններդ, մնացեալ ժողովուրդին հետ, կազմակերպուած կերպով կը սկսիք քալել ծովուն յատակը։ Անմիջապէս տարօրինակ բան մը կը նկատես։ Գետինը ցեխոտ կամ սառած չէ, հապա՝ չոր ու կարծր է եւ քալելը դիւրին է։ Այսպիսով, նոյնիսկ կամաց քալողները ապահովութեամբ կ’անցնին միւս կողմը։

14 Կարդա՛ Ելից 14։23, 26-30։ Մինչ այդ, հպարտ եւ անմիտ փարաւոնը կը սուրայ ձեր ետեւէն։ Մովսէս նորէն ձեռքը կ’երկարէ ծովուն վրայ։ Այս անգամ, ջուրի երկու պատերը կը փլին, եւ իրարու զարնուող երկու ցունամիներու պէս, ջուրերը կը ծածկեն փարաւոնն ու իր բանակը։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը ողջ կը մնայ (Ել. 15։8-10

15. Այս պատմութիւնը քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։

15 Այս պատմութեան մէջ կը տեսնենք, որ Եհովան կազմակերպող է, եւ այս յատկութիւնը մեզի կ’օգնէ ապահով զգալու (Ա. Կոր. 14։33)։ Եհովան նաեւ սիրալիր հովիւի մը պէս գործնական կերպերով կը հոգայ իր ժողովուրդը։ Ան զանոնք ապահով կը պահէ եւ թշնամիներէն կը պաշտպանէ։ Ասիկա մեզ շատ կը մխիթարէ, մինչ կը մօտենանք այս աշխարհի վերջին (Առ. 1։33

16. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք Կարմիր ծովուն պատմութենէն։

16 Ներկայիս ալ Եհովան թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ ֆիզիքապէս հոգ կը տանի իր ծառաներուն որպէս խումբ։ Ան պիտի շարունակէ այսպէս վարուիլ մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին (Յայտ. 7։9, 10)։ Ուրեմն, մեծ նեղութեան ատեն, Աստուծոյ ծառաները պիտի չվախնան, ոչ ալ իրար պիտի անցնին, ըլլա՛ն երիտասարդ կամ տարեց, առողջ կամ անկարող *։ Ընդհակառակը, անոնք պիտի յիշեն Յիսուսին այս խօսքը. «Ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Անոնք այս վստահութիւնը պիտի ունենան նոյնիսկ երբ իրենց վրայ յարձակի Գոգը, որ ազգերու միասնութիւն մըն է եւ փարաւոնէն շատ աւելի զօրաւոր է (Եզեկ. 38։2, 14-16)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտեն որ Եհովան չի փոխուիր եւ անգամ մը եւս հոգատարութեամբ եւ նկատառութեամբ պիտի վարուի իր ծառաներուն հետ (Եսա. 26։3, 20

17. ա) Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք խոկալով այն պատմութիւններուն վրայ, որոնք Եհովային հոգատարութիւնը ցոյց կու տան։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

17 Այս յօդուածին մէջ միայն քանի մը օրինակ առինք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս նկատառութեամբ եւ ազնուութեամբ կը հոգայ, կ’ուղղէ եւ կը փրկէ իր ծառաները։ Մինչ այսպիսի պատմութիւններու վրայ կը խոկաս, նկատի առ այն մանրամասնութիւնները, որոնք քեզի նոր բան մը կը յայտնեն Եհովային մասին։ Մինչ աւելի կը սորվիս Եհովայի գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին, իրեն հանդէպ սէրդ ու հաւատքդ պիտի զօրանան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ընդօրինակելով նկատառու ըլլալ մեր ընտանիքին հանդէպ, եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ։

^ պարբ. 3 Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կ’ըսէ թէ այդ ժամանակ Սամուէլ 12 տարեկան էր։

^ պարբ. 16 Տրամաբանական է ենթադրել որ Արմագեդոնէն ողջ անցնողներէն ոմանք ֆիզիքական տկարութիւններով ըլլան։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, «բոլոր հիւանդութիւնները» բժշկեց։ Ասիկա կը ցուցնէ որ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ Արմագեդոնէն վերապրողներուն, եւ ո՛չ թէ յարութիւն առնողներուն (Մատ. 9։35)։ Յարութիւն առնողները առողջ մարմիններ պիտի ունենան։