Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային պէս՝ նկատառու եւ ազնիւ եղիր

Եհովային պէս՝ նկատառու եւ ազնիւ եղիր

«Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի» (ՍԱՂ. 41։1

ԵՐԳԵՐ. 77, 50

1. Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն որ իրար կը սիրեն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ծառաները հոգեւոր ընտանիք մըն են, որ իրար կը սիրեն (Ա. Յովհ. 4։16, 21)։ Ընդհանրապէս, այդ սէրը յայտնի կ’ըլլայ ոչ թէ իրարու համար մեծ զոհողութիւններ ընելով, հապա՝ բազմաթիւ պզտիկ բաներով, ինչպէս՝ ազնիւ բաներ ըսելով կամ ընելով։ Նկատառու ըլլալով՝ ‘Աստուծոյ նմանող կ’ըլլանք սիրելի զաւակներու պէս’ (Եփ. 5։1

2. Յիսուս ինչպէ՞ս ընդօրինակեց իր Հօր սէրը։

2 Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց իր Հայրը։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ. . . եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ» (Մատ. 11։28, 29)։ Երբ Քրիստոսը ընդօրինակելով ‘հոգ տանինք աղքատին [կամ՝ խեղճին]’, թէ՛ Եհովան պիտի ուրախացնենք եւ թէ մենք պիտի ուրախանանք (Սաղ. 41։1)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք նկատառու ըլլալ մեր ընտանիքին, եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ։

ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԿԱՏԱՌՈՒԹԻՒՆ

3. Ամուսին մը ինչպէ՞ս կրնայ նկատառու ըլլալ իր կնոջ հանդէպ (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Ամուսինը պէտք է իր ընտանիքին օրինակ դառնայ նկատառու ըլլալու մէջ (Եփ. 5։25. 6։4)։ Սուրբ Գիրքը զինք կը քաջալերէ, որ իր կնոջ հետ «խոհեմութիւնով» ապրի, այսինքն՝ նկատառութեամբ եւ հասկացողութեամբ (Ա. Պետ. 3։7)։ Հասկացող ամուսինը գիտէ, որ թէեւ ինք շատ մը կերպերով տարբեր է իր կնոջմէն, բայց անկէ գերադաս չէ (Ծն. 2։18)։ Ան իր կնոջ զգացումներուն հանդէպ նկատառու կ’ըլլայ եւ զինք կը պատուէ։ Քանատայի մէջ կին մը իր ամուսինին մասին ըսաւ. «Ան բնա՛ւ թեթեւի չ’առներ զգացումներս, ոչ ալ կ’ըսէ. ‘Պէտք չէ անանկ զգաս’։ Ան ինծի լաւ մտիկ կ’ընէ։ Եւ երբ հարցի մը շուրջ տեսակէտս պիտի շտկէ, ազնուութեամբ կը վարուի»։

4. Ամուսինը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ իր կնոջ զգացումներուն հանդէպ նկատառու է։

4 Այն ամուսինը որ իր կնոջ զգացումներուն հանդէպ նկատառու է, բնա՛ւ անտեղի ջերմ խօսքեր չ’ըսեր ուրիշ կիներու, ոչ ալ անպատշաճ հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ անոնց, ըլլա՛յ երես–երեսի, ընկերային ցանցերու վրայ կամ համացանցին վրայ (Յոբ 31։1)։ Ան ընկերային ցանցը չի գործածեր ասոր–անոր սիրային խօսքեր ըսելու, ոչ ալ անպատշաճ կայքեր կ’այցելէ։ Ան հաւատարիմ կը մնայ իր կնոջ, քանի որ թէ՛ զինք կը սիրէ եւ թէ Աստուած կը սիրէ ու չարը կ’ատէ (կարդա՛ Սաղմոս 19։14. 97։10

5. Կինը ինչպէ՞ս կրնայ նկատառու ըլլալ իր ամուսինին հանդէպ։

5 Երբ ամուսինը կ’ընդօրինակէ իր գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսին սիրալիր օրինակը, կնոջ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զինք խորապէս յարգէ (Եփ. 5։22-25, 33)։ Եւ այս յարգանքը պիտի մղէ կինը որ նկատառու ըլլայ, երբ ամուսինը երկար ժամանակ պիտի տրամադրէ ժողովքային հարցերու, կամ երբ ծագած խնդիրներու մասին կը մտածէ։ Բրիտանիոյ մէջ ամուսին մը կ’ըսէ. «Ատեններ, կինս վարմունքէս կը գիտնայ որ բան մը կը նեղացնէ զիս։ Այս պարագային, ան Առակաց 20։5–ին սկզբունքը կը գործադրէ, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ որ յարմար ժամանակին սպասէ, որ ‘դուրս հանէ’ մտածումներս, եթէ հարցը բան մըն է, որ կրնամ իրեն հետ քննարկել»։

6. Բոլորս ինչպէ՞ս կրնանք պզտիկները քաջալերել որ նկատառու ըլլան, եւ անոնք ինչպէ՞ս կ’օգտուին։

6 Երբ ծնողքը իրարու հանդէպ նկատառու ըլլան, լաւ օրինակ կը դառնան իրենց զաւակներուն։ Անշուշտ, անոնք պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն ինչպէ՛ս նկատառու ըլլալ։ Օրինակ, կրնան անոնց սորվեցնել որ Թագաւորութեան սրահին մէջ չվազվզեն։ Կամ եթէ հաւաքոյթի մը ներկայ են, կրնան անոնց ըսել որ մեծերուն ճամբայ տան, որ իրենցմէ առաջ ուտելիք լեցնեն։ Այս մարզին մէջ վստահաբար բոլորս կրնանք ծնողներուն օգնել։ Օրինակ, պէտք է պզտիկը գովենք երբ փափկանկատութեամբ կը վարուի, ինչպէս՝ երբ դուռը կը բանայ մեզի համար։ Ասիկա կրնայ լաւ ազդեցութիւն ձգել պզտիկին վրայ եւ իրեն սորվեցնել, որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ–ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԿԱՏԱՌՈՒԹԻՒՆ

7. Յիսուս ինչպէ՞ս խուլ մարդու մը հանդէպ նկատառու եղաւ, եւ իրմէ ի՞նչ կը սորվինք։

7 Անգամ մը, երբ Յիսուս Դեկապոլիսի մէջ էր, մարդիկ ‘խուլ ու դժուարախօս մէկը բերին անոր առջեւ’ (Մար. 7։31-35)։ Յիսուս զինք բժշկեց, բայց ո՛չ ամէնուն առջեւ։ Ինչո՞ւ։ Մարդը իր անկարողութիւններուն պատճառով թերեւս հանգիստ չէր զգար մեծ թիւով մարդոց մէջ։ Յիսուս անոր զգացումները հասկցաւ եւ ‘զանիկա մէկդի առնելով’ բժշկեց։ Անշուշտ, հրաշքներ չենք կրնար ընել, բայց կրնա՛նք մտածել մեր եղբայրներուն պէտքերուն եւ զգացումներուն մասին եւ անոնց հետ ազնուութեամբ վարուիլ։ Պօղոս գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով» (Եբ. 10։24)։ Յիսուս խուլին զգացումները հասկնալով ազնիւ գտնուեցաւ։ Ի՜նչ աղուոր օրինակ մը մեզի համար։

8, 9. Ինչպէ՞ս կրնանք նկատառու ըլլալ տարեցներուն եւ անկարողներուն հանդէպ. օրինակներ տուր։

8 Նկատառու եղիր տարեցներուն եւ անկարողներուն հանդէպ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ճանչցուած են իրենց սիրով եւ ոչ թէ իրենց իրագործումներով (Յովհ. 13։34, 35)։ Այս սէրը մեզ կը մղէ որ զոհողութիւններ ընենք՝ տարեցներուն եւ անկարողներուն օգնելու, որ ժողովներուն ներկայ ըլլան եւ ծառայութեան ելլեն, նոյնիսկ եթէ շատ սահմանափակ է ինչ որ կրնան ընել (Մատ. 13։23)։ Մայքլ, որ հաշմանդամի կառք կը գործածէ, շատ կը գնահատէ իր ընտանիքէն եւ դաշտի ծառայութեան խումբէն ստացած օգնութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Բոլորին տուած օգնութեան շնորհիւ կրնամ ժողովներուն մեծամասնութեան ներկայ գտնուիլ եւ կանոնաւորաբար ծառայութեան ելլել։ Նամանաւանդ կը սիրեմ հանրային վկայութիւնը»։

9 Շատ մը Բեթէլներ ունին ծեր կամ անկարող անդամներ։ Հոգածու տեսուչները նկատառու կ’ըլլան, կարգադրութիւններ ընելով որ անոնք քարոզեն հեռաձայնով եւ նամակ գրելով։ Պիլ անունով 86 տարեկան եղբայր մը նամակ կը գրէ հեռաւոր շրջաններ ապրողներու։ Ան կ’ըսէ. «Կը գնահատենք նամակ գրելու առանձնաշնորհումը»։ Գրեթէ 90 տարեկան եղող Նենսի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Նամակ գրելը՝ միայն պահարանին մէջ թուղթ լեցնել չէ. դաշտի ծառայութի՛ւն է։ Մարդիկ ճշմարտութիւնը գիտնալու պէ՛տք ունին»։ 1921–ին ծնած Էթըլ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ցաւ ունենալը կեանքիս սովորական մէկ մասն է։ Օրեր կ’ըլլան որ նոյնիսկ հագուիլը դժուար կ’ըլլայ ինծի համար»։ Հակառակ ասոր, ան հեռաձայնով վկայելը կը սիրէ եւ կարգ մը աղուոր վերայցելութիւններ ունի։ Պարպրա անունով 85 տարեկան քոյր մը կը բացատրէ. «Կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան ելլելը շատ դժուար է, քանի որ առողջութիւնս չի ներեր։ Բայց հեռաձայնով վկայելը առիթ կու տայ, որ ուրիշներուն հետ խօսիմ։ Շնորհակալ եմ, ո՛վ Եհովա»։ Խումբ մը թանկագին տարեցներ, տարի մը չվերջացած, 1228 ժամ ծառայեցին, 6265 նամակներ գրեցին, աւելի քան 2000 հեռաձայններ ըրին եւ 6315 հրատարակութիւններ բաժնեցին։ Անկասկած, այս ջանքը ուրախացուց Եհովային սիրտը (Առ. 27։11

10. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն օգնել որ ժողովէն լման օգտուին։

10 Նկատառու եղիր ժողովի ընթացքին։ Նկատառու ըլլալով եղբայրներուն կ’օգնենք որ ժողովէն լման օգտուին։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկն է՝ ժողովի հասնիլ առաջ որ սկսի, որպէսզի միւսները չխանգարենք։ Անշուշտ, ատեններ անակնկալ բաներ կը պատահին եւ կ’ուշանանք։ Բայց եթէ շատ անգամ կ’ուշանանք, պէտք է մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի նկատառու ըլլալ։ Նաեւ մեր միտքը պահենք, որ Եհովան եւ Յիսուսն են մեզ ժողովի հրաւիրողները (Մատ. 18։20)։ Ճշդապահ ըլլալով՝ զիրենք յարգած կ’ըլլանք։

11. Ինչո՞ւ բաժին ունեցողները պէտք է Ա. Կորնթացիս 14։40–ի ուղղութեան հետեւին։

11 Եթէ մեր եղբայրներուն հանդէպ նկատառու ենք, կը հետեւինք այս յորդորին. «Ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ» (Ա. Կոր. 14։40)։ Ժողովին մէջ բաժին ունեցող եղբայրները, այդ ուղղութեան կը հնազանդին՝ իրենց բաժինը ճի՛շդ ժամանակին վերջացնելով։ Այսպիսով, անոնք նկատառու կ’ըլլան թէ՛ յաջորդ բաժինը ներկայացնողին հանդէպ եւ թէ ժողովքին հանդէպ։ Մտածէ թէ ժողովին ուշ վերջանալը ինչպէ՛ս կ’ազդէ ուրիշներուն։ Ոմանք երկար ճամբայ պէտք է քշեն որ տուն հասնին։ Ուրիշներ հանրային փոխադրամիջոցներ պէտք է առնեն։ Իսկ ոմանք Եհովան չպաշտող կողակիցներ ունին, որոնք անհամբեր կը սպասեն որ իրենց կողակիցը տուն վերադառնայ։

12. Երէցները ինչո՞ւ մեր յարգանքին ու սիրոյն արժանի են (տե՛ս « Առաջնորդութիւն առնողներուն հանդէպ նկատառու եղիր» շրջանակը)։

12 Երէցները ծանր կ’աշխատին ժողովքին մէջ ու ծառայութեան մէջ, եւ այս պատճառով մեր յարգանքին ու սիրոյն արժանի են (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13)։ Անոնց հանդէպ գնահատանքդ ցոյց տուր, սրտանց համագործակցելով ու անոնց թիկունք կանգնելով, քանի որ քեզի համար «կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան» (Եբ. 13։7, 17

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԿԱՏԱՌՈՒԹԻՒՆ

13. Յիսուսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Եսային Յիսուսի մասին մարգարէացաւ. «Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ» (Եսա. 42։3)։ Յիսուսին սէրը ձգեց որ մարդոց կարեկցի։ «Ջախջախուած եղէգ»ի պէս եւ «պլպլած պատրոյգ»ի պէս եղողներուն զգացումները հասկնալով, ան նկատառու, ազնիւ եւ համբերող էր։ Նոյնիսկ պզտիկները կ’ուզէին իրեն հետ ըլլալ (Մար. 10։14)։ Անշուշտ, Յիսուսին խորատեսութիւնը եւ սորվեցնելու կարողութիւնը չունինք։ Բայց կրնա՛նք նկատառութիւն ցուցնել թաղամասի մարդոց, երբ գիտնանք ինչպէ՛ս խօսիլ անոնց հետ, ե՛րբ խօսիլ եւ որքա՛ն երկար խօսիլ։

14. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը խօսինք մարդոց հետ։

14 Ինչպէ՞ս պէտք է խօսինք մարդոց հետ։ Ներկայիս, միլիոնաւորներ «յոգնած ու ցիրուցան եղած» են՝ անխիղճ վաճառականներու, քաղաքական մարդոց եւ կրօնական առաջնորդներու ձեռքին տակ (Մատ. 9։36)։ Այս պատճառով, շատեր ուրիշներու չեն վստահիր եւ անյոյս են։ Ուստի շատ կարեւոր է որ նկատառութեամբ զատենք մեր բառերը եւ ազնիւ թոնով խօսինք անոնց հետ։ Շատեր մեր պատգամը մտիկ կ’ընեն ոչ միայն քանի որ Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն ունինք կամ լաւ կը տրամաբանենք, այլեւ քանի որ իրենցմով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուինք եւ զիրենք կը յարգենք։

15. Ի՞նչ կերպերով կրնանք նկատառու ըլլալ թաղամասի մարդոց հանդէպ։

15 Բազմաթիւ գործնական կերպերով կրնանք նկատառու ըլլալ թաղամասի մարդոց հանդէպ։ Պէտք է ազնիւ կերպով եւ յարգանքով հարցնենք մեր հարցումները։ Ռահվիրայ մը, որ կը ծառայէր թաղամասի մը մէջ, ուր շատեր ամչկոտ էին, սորվեցաւ չհարցնել հարցումներ, որոնք կրնան դիմացինը նեղ կացութեան մատնել։ Օրինակ, ան չէր հարցներ՝ ‘Աստուծոյ անունը գիտե՞ս’ կամ ‘Գիտե՞ս ինչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը’։ Փոխարէն, ան կ’ըսէր՝ ‘Սուրբ Գիրքէն սորված եմ որ Աստուած անուն ունի։ Կրնա՞մ քեզի ցուցնել այդ անունը’։ Անշուշտ, պէտք չկայ կանոններ դնելու, քանի որ մշակոյթները եւ անհատները իրարմէ կը տարբերին։ Բայց պէտք է միշտ նկատառութեամբ ու յարգանքով վարուինք, եւ այս պատճառով պէտք է լաւ ճանչնանք տեղացիները։

16, 17. Ինչպէ՞ս կրնանք նկատառու ըլլալ, երբ կ’որոշենք թէ մարդոց հետ՝ ա) ո՛ր ժամուն խօսինք, բ) որքա՛ն երկար խօսինք։

16 Ե՞րբ պէտք է խօսինք մարդոց։ Երբ դռնէ դուռ կը ծառայենք, անկոչ հիւր ենք։ Ուստի շատ կարեւոր է որ մարդոց դուռը զարնենք այն ժամանակ, երբ աւելի յօժար կ’ըլլան խօսակցելու (Մատ. 7։12)։ Օրինակ, թաղամասիդ մարդիկը կը սիրե՞ն շաբաթավերջերուն աւելի երկար քնանալ։ Եթէ ա՛յո, կրնաս ծառայութիւնդ սկսիլ փողոցի քարոզչութեամբ, հանրային վկայութեամբ կամ վերայցելութիւններ ընելով անոնց, որոնք գիտես որ արթուն կ’ըլլան։

17 Որքա՞ն երկար պէտք է խօսինք։ Զանազան թաղամասերու մէջ, բազմաթիւ մարդիկ, որոնց կը հանդիպինք մեր դաշտի ծառայութեան ընթացքին, շատ զբաղած են։ Հետեւաբար, յարմար կ’ըլլայ որ իրենց հետ մեր խօսակցութիւնը կարճ պահենք, մանաւանդ սկիզբը։ Աւելի լաւ է որ մեր խօսակցութիւնը շուտ վերջացնենք, քան թէ անհատին հետ երկար ժամանակ անցընենք (Ա. Կոր. 9։20-23)։ Երբ մարդիկ տեսնեն թէ կը հասկնանք որ զբաղած են, յաջորդ անգամ աւելի յօժար կ’ըլլան մեզի հետ խօսելու։ Մեր դաշտի ծառայութեան մէջ սուրբ հոգիին պտուղը ցուցաբերելով, իրապէս «Աստուծոյ գործակից»ները պիտի ըլլանք։ Եհովան թերեւս նոյնիսկ մեզ գործածէ, որ մէկը ճշմարտութեան քաշէ (Ա. Կոր. 3։6, 7, 9

18. Երբ ուրիշներուն հանդէպ նկատառու ենք, կրնանք ակնկալել ի՞նչ օրհնութիւններ ստանալ։

18 Ուրեմն, մեր ամէն կարելին ընենք որ նկատառու ըլլանք մեր ընտանիքին, եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ։ Այսպիսով, օրհնութիւններ պիտի ստանանք թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։ Սաղմոս 41։1, 2–ը կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ . . .Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ»։