Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ ցուցաբերել շինութիւն ընող սէրը

Շարունակէ ցուցաբերել շինութիւն ընող սէրը

«Սէրը շինութիւն կ’ընէ» (Ա. ԿՈՐ. 8։1

ԵՐԳԵՐ. 73, 83

1. Յիսուս իր վերջին գիշերը ի՞նչ կարեւոր նիւթի մը մասին խօսեցաւ։

ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ հետ իր վերջին գիշերը, Յիսուս շուրջ 30 անգամ ակնարկեց սիրոյ։ Ան ըսաւ որ իր աշակերտները պէտք է ‘մէկզմէկ սիրեն’ (Յովհ. 15։12, 17)։ Անոնց սէրը այնքա՛ն աչքի պիտի զարնէր, որ ուրիշներ պիտի գիտնային, թէ անոնք Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներն էին (Յովհ. 13։34, 35)։ Այս սէրը պարզ զգացում մը չէ, հապա՝ անձնազոհութիւն ցուցաբերող եւ զօրաւոր յատկութիւն մըն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհ. 15։13, 14

2. ա) Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները ինչո՞վ ճանչցուած են։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

2 Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը ճանչցուած է իր անկեղծ ու անձնազոհ սիրով եւ զօրաւոր միութեամբ (Ա. Յովհ. 3։10, 11)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ իսկական սէր կայ Եհովայի ծառաներուն միջեւ, չնայած թէ ի՛նչ ազգի, ցեղի կամ ենթահողի կը պատկանին, կամ ի՛նչ լեզու կը խօսին։ Բայց թերեւս մտածենք. ‘Սէրը ինչո՞ւ յատկապէս կարեւոր է մեր օրերուն։ Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՞ս մեզ կը կերտեն սիրոյ միջոցաւ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս սէրը ցուցաբերել, որպէսզի ուրիշները մխիթարենք եւ զօրացնենք’ (Ա. Կոր. 8։1

ՍԷՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

3. Այս «չար ժամանակներ»ը ինչպէ՞ս կ’ազդեն մարդոց։

3 Որովհետեւ ներկայ «չար ժամանակներ»ուն մէջ կեանքը «ցաւ»երով լեցուն է, շատեր զգացական ճնշումներէ կ’անցնին եւ չեն ուզեր ապրիլ (Բ. Տիմ. 3։1-5. Սաղ. 90։10)։ Ամէն տարի, աւելի քան 800,000 հոգի անձնասպան կ’ըլլան, այսինքն՝ ամէն 40 երկվայրկեան մէկ հոգի։ Ցաւօք սրտի, նոյնիսկ մեր հաւատակիցներէն ոմանք այսպիսի զգացումներ ունեցած են եւ անձնասպան եղած են։

4. Սուրբ Գիրքին ո՞ր անձնաւորութիւնները ատեն մը ուզեցին մեռնիլ։

4 Սուրբգրական ժամանակներուն, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք իրենց խնդիրներով այնքա՛ն ճնշուած էին, որ ուզեցին մեռնիլ։ Օրինակ, Յոբ շատ ցաւերու մէջ ըլլալով ըսաւ. «Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ» (Յոբ 7։16. 14։13)։ Յովնան այնքա՜ն յուսախաբ էր, որ ըսաւ՝ «Հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինձմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է» (Յովն. 4։3)։ Նաեւ Եղիա մարգարէն այնքա՛ն յուսահատ զգաց, որ ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս» (Գ. Թագ. 19։4)։ Բայց Եհովան կը սիրէր այդ հաւատարիմ ծառաները եւ կ’ուզէր որ ապրէին։ Փոխանակ զանոնք մեղադրելու, անոնց օգնեց որ այդ զգացումներուն հետ գլուխ ելլեն եւ ուզեն ապրիլ, որպէսզի շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել։

5. Եղբայրներն ու քոյրերը ինչո՞ւ յատկապէս հի՛մա պէտք ունին մեր սիրոյն։

5 Թէեւ պայման չէ որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգան, թէ կ’ուզեն իրենց կեանքին վերջ դնել, բայց անոնցմէ շատեր ճնշիչ պարագաներէ կ’անցնին եւ մեր սիրոյն պէտք ունին։ Ոմանք կը հալածուին կամ ծաղր կ’ըլլան։ Ուրիշներ քննադատութեան կամ բամբասանքի կ’ենթարկուին իրենց գործատեղը։ Կամ ալ թերեւս վերջին ծայր յոգնած են երկար ժամեր աշխատելով կամ սթրես պատճառող գործեր աշխատելով։ Իսկ ոմանք ընտանեկան լուրջ խնդիրներ ունին, թերեւս քանի որ կը քննադատուին իրենց կողակիցին կողմէ, որ Եհովան չի պաշտեր։ Այսպիսի ճնշումներու պատճառով, ժողովքին մէջ շատեր կը զգան որ այլեւս ոյժ չունին, եւ անարժէք են։ Ո՞վ կրնայ անոնց օգնել։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԷՐԸ ՄԵԶ ԿԸ ԿԵՐՏԷ

6. Եհովան ինչպէ՞ս իր ծառաները սիրոյ միջոցաւ կը կերտէ։

6 Եհովան իր ծառաները կը կերտէ, վստահեցնելով որ զիրենք կը սիրէ եւ յաւիտեա՛ն պիտի սիրէ։ Երեւակայէ թէ հաւատարիմ իսրայէլացիները ի՛նչ զգացին, երբ Եհովան անոնց ըսաւ. «Իմ առջեւս պատուական եղար, պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի. . . Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ» (Եսա. 43։4, 5)։ Որպէս Եհովային մէկ ծառան, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ *։ Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ. «Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ» (Սոփ. 3։16, 17

7. Եհովային սէրը ինչպէ՞ս կը նմանի կաթ տուող մօր մը սիրոյն (տե՛ս բացման նկարը)։

7 Եհովան կը խոստանայ իր ժողովուրդը զօրացնել եւ մխիթարել, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց խնդիրները։ Ան ըսաւ. «Կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։ Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» (Եսա. 66։12, 13)։ Երեւակայէ թէ մանուկ մը որքա՜ն ապահով կը զգայ երբ մայրը զինք իր գիրկը առնէ կամ ծունկերուն վրայ խաղցնէ։ Եհովան այս նկարագրութեամբ կը ցուցնէ թէ շատ կը գուրգուրայ վրադ եւ կ’ուզէ որ ապահով զգաս։ Բնաւ մի՛ կասկածիր որ շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին (Եր. 31։3

8, 9. Յիսուսին սէրը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ զօրացնել։

8 Ահա ուրիշ պատճառ մը, որ հաւատանք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Իր անձը զոհելով, Յիսուս ալ փաստեց որ մեզ կը սիրէ, եւ այս սէրը մեզ կը զօրացնէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ, թէ նոյնիսկ ‘տառապանքը կամ նեղութիւնը’ չի կրնար ‘զատել մեզ Քրիստոսին սէրէն’ (Հռով. 8։35, 38, 39

9 Ատեններ, խնդիրները ֆիզիքապէս կամ զգացական գետնի վրայ կը տկարացնեն մեզ, կամ ալ կը խլեն մեր ուրախութիւնը Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Բայց երբ յիշենք որ Քրիստոս որքա՜ն կը սիրէ մեզ, տոկալու ոյժ կ’ունենանք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։ Յիսուսին սէրը՝ մեր մէջ փափաք կ’արթնցնէ որ ողջ մնանք եւ Եհովային ծառայենք, նոյնիսկ երբ աղէտէ անցնինք, հալածուինք, յուսախաբ ըլլանք կամ մտահոգութենէ տառապինք։

ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԵՐ ՍԻՐՈՅՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ

Յիսուսին օրինակը սերտելը կրնայ քեզ մղել որ ուրիշները քաջալերես (տե՛ս պարբերութիւն 10, 11)

10, 11. Որո՞նց պատասխանատուութիւնն է վհատածները մխիթարել. բացատրէ։

10 Եհովան նաեւ ժողովքը կը գործածէ, որ մեզ կերտէ իր սիրոյն միջոցաւ։ Կրնանք իրեն ցուցնել որ մենք ալ զինք կը սիրենք, երբ եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք եւ կերտենք ոչ միայն հոգեւորապէս, հապա նաեւ զգացական գետնի վրայ, անոնց օգնելով որ գիտնան, թէ արժէքաւոր են եւ թէ Եհովան կը սիրէ զիրենք (Ա. Յովհ. 4։19-21)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ)։ Ուրեմն, ժողովքին մէջ բոլորը,– ոչ միայն երէցները,– կրնան Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակելով մխիթարել եղբայրներն ու քոյրերը (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։1, 2

11 Ժողովքին մէջ, մտահոգութենէ կամ ընկճուածութենէ տառապողները թերեւս պէտք ունենան մասնագէտ բժիշկներու օգնութեան եւ դեղերու (Ղուկ. 5։31)։ Երէցները եւ ժողովքի միւս անդամները կը գիտակցին, որ թէեւ վկայեալ բժիշկներ չեն, իրենց տուած օգնութիւնը եւ մխիթարութիւնը շատ կարեւոր են։ Ժողովքին մէջ բոլո՛րը պէտք է ‘վատասիրտները մխիթարեն, տկարներուն ձեռնտու ըլլան, ամենուն երկայնամիտ ըլլան’ (Ա. Թես. 5։14)։ Պէտք է սիրալիրօրէն կարեկցինք ու համբերենք վհատածներուն, եւ այնպէս մը խօսինք որ մխիթարուին։ Կը ջանա՞ս ոյժ տալ ուրիշներուն։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի ա՛լ աւելի քաջալերես եւ մխիթարես ուրիշները։

12. Օրինակ մը տուր թէ ինչպէ՛ս ժողովքին ցուցուցած սէրը քաջալերեց անձ մը։

12 Մեր սէրը ինչպէ՞ս կրնայ կերտել զգացական գետնի վրայ տառապողները։ Եւրոպայի մէջ քոյր մը կ’ըսէ. «Երբեմն, անձնասպան ըլլալու գաղափարը կ’անցնի միտքէս, բայց օգնութիւն ստանալու լաւ աղբիւր մը ունիմ։ Ժողովքս կեանքս ազատած է։ Եղբայրներն ու քոյրերը միշտ կը քաջալերեն զիս եւ սիրալիր կերպով կը վարուին ինծի հետ։ Թէեւ քիչեր են որ գիտեն թէ ընկճուածութիւն ունիմ, բայց լման ժողովքը միշտ պատրաստ է ինծի ձեռք տալու։ Զոյգ մը կայ որ հոգեւոր ծնողքս կը սեպեմ։ Անոնք ինծի լաւ հոգ կը տանին եւ բառացիօրէն օրը 24 ժամ ինծի օգնական են»։ Անշուշտ, ամէն անձ չի կրնար նոյն չափով օգնել, բայց բոլորիս անկեղծ ջանքերը կրնան շատ օգտակար դառնալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն *։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԿԵՐՏԷ ՍԻՐՈՅ ՄԻՋՈՑԱՒ

13. Ի՞նչ բան կարեւոր է, որ ուրիշները մխիթարենք։

13 Լաւ մտիկ ընող եղիր (Յակ. 1։19)։ Երբ կարեկցութեամբ մտիկ ընես, սէր ցուցուցած կ’ըլլաս։ Կրնաս փափկանկատ հարցումներ հարցնել, որպէսզի վհատած անհատին զգացումները աւելի լաւ հասկնաս եւ իրեն հետ զգաս։ Նոյնիսկ դէմքի արտայայտութիւններովդ ցուցուր որ անկեղծօրէն իրմով հետաքրքրուած ես։ Եթէ ան մանրամասն բացատրութիւններ կու տայ, համբերութեամբ մտիկ ըրէ եւ մի՛ միջամտեր։ Այսպիսով աւելի լաւ պիտի հասկնաս իր զգացումները, եւ ասիկա իրեն պիտի օգնէ որ քեզի վստահի եւ մտիկ ընէ, երբ ջանաս իրեն օգտակար դառնալ։ Երբ ուրիշներով իրապէս հետաքրքրուած ես, կրնաս մեծապէս մխիթարել զանոնք։

14. Ինչո՞ւ պէտք չէ քննադատող ըլլանք։

14 Մի՛ քննադատեր։ Երբ քննադատենք, վհատած անհատները աւելի գէշ կը զգան, եւ աւելի դժուար կ’ըլլայ որ իրենց օգնենք։ «Անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ. 12։18)։ Ճիշդ է որ դիտմամբ վիրաւորական խօսքերով չենք ‘խոցոտեր’ ընկճուածները, բայց կրնանք խոր ցաւ պատճառել երբ առանց մտածելու կը խօսինք։ Որպէսզի կարենանք զանոնք քաջալերել, պէտք է մեր անձը անոնց տեղը դնենք եւ ջանանք հասկնալ անոնց վիճակը (Մատ. 7։12

15. Ո՞ր արժէքաւոր գործիքը կրնանք գործածել ուրիշները մխիթարելու։

15 Աստուծոյ Խօսքով մխիթարէ ուրիշները (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4, 5)։ Սուրբ Գիրքը ‘համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուծոյն’ կողմէ է. ուրեմն, չենք զարմանար որ իր խօսքերը շատ կը մխիթարեն մեզ։ Նաեւ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար եւ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ը մեզի կ’օգնեն, որ գտնենք համարներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք կրնանք գործածել մեր եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարելու եւ քաջալերելու։

16. Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն ընկճուած անհատը քաջալերելու։

16 Գթասիրտ եւ ազնիւ եղիր։ Եհովան «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է եւ իր ծառաներուն հանդէպ իր «գթած ողորմութիւն»ը ցոյց կու տայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3-6. Ղուկ. 1։78. Հռով. 15։13)։ Պօղոս լաւ օրինակ ձգեց այս մարզին մէջ, քանի որ Եհովան ընդօրինակեց։ Ան գրեց. «Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք» (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Երբ Եհովային գթասրտութիւնը ընդօրինակենք, թերեւս վհատած անձին տանք այն մխիթարութիւնը, որուն համար կ’աղօթէ։

17. Ո՞ր տեսակէտը մեզի պիտի օգնէ որ եղբայրները քաջալերենք։

17 Կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր եղբայրներէն։ Հաւասարակշռուած եւ իրատես եղիր։ Եղբայրներէն կատարելութիւն ակնկալելը տրամաբանական չէ եւ յուսախաբ պիտի ընէ քեզ (Ժող. 7։21, 22)։ Յիշէ թէ Եհովան տրամաբանական բաներ կ’ակնկալէ մեզմէ։ Ասոր համար պէտք է իրարու համբերենք (Եփ. 4։2, 32)։ Փոխանակ անհատը զգացնելու որ ըրածը բաւարար չէ եւ զինք ուրիշներու հետ բաղդատելու, ջանա՛ զինք գովել իր ըրածներուն համար։ Անկեղծ գովասանքը կրնայ զինք քաջալերել եւ օգնել, որ ուրախութեան պատճառ գտնէ իր ծառայութեան մէջ (Գաղ. 6։4

18. Ինչո՞ւ կ’ուզենք ցուցաբերել այն սէրը որ շինութիւն կ’ընէ։

18 Եհովային ամէն մէկ ոչխարը շատ արժէքաւոր է թէ՛ իրեն եւ թէ Յիսուսին համար (Գաղ. 2։20)։ Մենք շատ կը սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ կ’ուզենք անոնց հետ մեղմութեամբ եւ սիրալիրօրէն վարուիլ։ Ուրեմն, «իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք» (Հռով. 14։19)։ Բոլորս անհամբեր կը սպասենք գալիք Դրախտին, ուր ո՛չ մէկ պատճառ պիտի ըլլայ որ մէկը վհատի։ Այլեւս հիւանդութիւն, պատերազմ, ժառանգուած մահ, հալածանք, ընտանեկան խնդիրներ եւ յուսախաբութիւններ պիտի չըլլան։ Հազար տարուան վերջաւորութեան, մարդկութիւնը կատարելութեան հասած պիտի ըլլայ։ Անոնք որոնք վերջին փորձութեան ատեն հաւատարիմ պիտի մնան, պիտի որդեգրուին որպէս Եհովա Աստուծոյ երկրային որդիները եւ պիտի ունենան «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» (Հռով. 8։21)։ Թող որ բոլորս շարունակենք շինութիւն ընող սէրը ցուցաբերել եւ իրարու օգնել, որ մտնենք Աստուծոյ հիանալի նոր աշխարհը։

^ պարբ. 6 Տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գիրքին 24–րդ գլուխը (անգլերէն)։

^ պարբ. 12 Օգնելու համար անոնց, որոնց միտքէն կ’անցնի անձնասպան ըլլալու գաղափարը, տե՛ս Զարթի՛ր–ի այս յօդուածները (անգլերէն). «Ինչո՞ւ շարունակել ապրիլ. երեք պատճառներ» (ապրիլ 2014), «Կը զգա՞ս որ չես ուզեր ապրիլ» (յունուար 2012), եւ «Կ’արժէ՛ ապրիլ» (22 հոկտեմբեր 2001)։