Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36

Արմագեդոնը ուրախ լուր մըն է

Արմագեդոնը ուրախ լուր մըն է

«Զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ. . . Արմագեդոն կը կոչուի» (ՅԱՅՏ. 16։16

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Արմագեդոնը ինչո՞ւ մարդկութեան համար ուրախ լուր մըն է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ՈՄԱՆՔ կը հաւատան, որ կորիզային պատերազմ մը կամ բնական աղէտ մը աշխարհը պիտի բնաջնջէ։ Բայց Աստուածաշունչը այսպէս չի սորվեցներ։ Անիկա կ’ըսէ որ շուտով պատերազմ մը պիտի ըլլայ, որ շատ լաւ արդիւնքներ պիտի բերէ։ Այս պատերազմը Արմագեդոն կը կոչուի եւ անոր մասին Աստուածաշունչին ըսածը մեզ պէտք է ուրախացնէ (Յայտ. 1։3)։ Արմագեդոն պատերազմը ոչ թէ մարդկութիւնը բնաջինջ պիտի ընէ, հապա պիտի փրկէ։ Ինչպէ՞ս։

2 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Արմագեդոն պատերազմը մարդկութիւնը պիտի փրկէ՝ մարդկային իշխանութեան վերջ դնելով, չարերը բնաջնջելով եւ արդարները պահելով։ Նաեւ մարդկութիւնը պիտի փրկէ՝ չձգելով որ մեր մոլորակը մարդու ձեռքով կործանի (Յայտ. 11։18)։ Այս կէտերը աւելի լաւ հասկնալու համար, չորս հարցումներ քննարկենք. Ի՞նչ է Արմագեդոնը։ Անկէ ճիշդ առաջ ի՞նչ դէպքեր պիտի պատահին։ Ինչպէ՞ս կրնանք Արմագեդոնէն վերապրողներուն շարքին ըլլալ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ մնալ, մինչ Արմագեդոնը կը մօտենայ։

Ի՞ՆՉ Է ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԸ

3. ա) «Արմագեդոն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ բ) Յայտնութիւն 16։14, 16–ի հիման վրայ, ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Արմագեդոնը բառացի վայր մը չէ։

3 Կարդա՛ Յայտնութիւն 16։14, 16։ «Արմագեդոն» բառը միայն մէկ անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչին մէջ, եւ ծագում առած է եբրայերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռ» (Յայտ. 16։16, ՆԹ, ստորանիշ)։ Մակեդդովը քաղաք մըն էր հին Իսրայէլի մէջ (Յես. 17։11)։ Բայց Արմագեդոնը երկրի վրայ որեւէ բառացի վայրի անունը չէ, հապա կ’ակնարկէ այն վիճակին, երբ «բոլոր աշխարհի թագաւորները» պիտի հաւաքուին Եհովայի դէմ ելլելու (Յայտ. 16։14)։ Սակայն, այս յօդուածին մէջ, «Արմագեդոն» բառը նաեւ պիտի գործածենք ակնարկելու այն պատերազմին, որ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի թագաւորները հաւաքուելէ ետք։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ Արմագեդոնը այլաբանական վայր մըն է։ Առաջին, բառացի Մակեդդովի լեռ չկայ։ Երկրորդ, Մակեդդովի շրջակայ վայրը բաւարար մեծ չէ, որ անոր մէջ բաւեն «աշխարհի թագաւորներ»ը եւ անոնց զօրքերն ու պատերազմական մեքենաները։ Երրորդ, ինչպէս որ այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, Արմագեդոն պատերազմը պիտի սկսի, երբ աշխարհի «թագաւորներ»ը յարձակին Աստուծոյ ծառաներուն վրայ, որոնք աշխարհի չորս կողմը կը գտնուին։

4. Եհովան ինչո՞ւ վերջին մեծ պատերազմը կապեց Մակեդդովի հետ։

4 Եհովան ինչո՞ւ վերջին մեծ պատերազմը կապեց Մակեդդովի հետ։ Աստուածաշունչի օրերուն շատ պատերազմներ տեղի ունեցան Մակեդդովի եւ մօտակայ Յեզրայէլի հովիտին մէջ, եւ երբեմն Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց որ յաղթեն։ Օրինակ, «Մակեդդովի ջուրին քով», Աստուած դատաւոր Բարակին օգնեց, որ յաղթէ քանանացի զօրքին, որուն առաջնորդը Սիսարան էր։ Բարակ եւ Դեբօրա մարգարէուհին Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հրաշալի յաղթանակին համար։ Անոնք երգեցին. «Աստղերը. . . Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։ Կիսոն հեղեղատը [թշնամիները] քշեց տարաւ» (Դատ. 5։19-21

5. Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ կարեւոր կերպով պիտի տարբերի Բարակի մղած պատերազմէն։

5 Բարակը եւ Դեբօրան իրենց երգը աւարտեցին այս խօսքերով. «Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ այսպէս թող կորսուին. իսկ քեզ սիրողները՝ իր զօրութեամբ ելլող արեւին պէս ըլլան» (Դատ. 5։31, ԱԾ)։ Արմագեդոնին, Աստուծոյ թշնամիները նոյնպէս պիտի բնաջնջուին, իսկ զինք սիրողները պիտի փրկուին։ Բայց երկու պատերազմներուն միջեւ յատկանշական տարբերութիւն մը կայ։ Արմագեդոնին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի չպատերազմի։ Անոնք նոյնիսկ զէնք պիտի չունենան։ Անոնց զօրութիւնը պիտի ըլլայ «հանդարտ» մնալով եւ Եհովային ու անոր երկնային զօրքերուն հանդէպ «վստահութիւն» ունենալով (Եսա. 30։15. Յայտ. 19։11-15

6. Աստուած Արմագեդոնին թերեւս ինչպէ՞ս իր թշնամիները բնաջնջէ։

6 Աստուած Արմագեդոնին ինչպէ՞ս իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ։ Ան թերեւս զանազան կերպեր գործածէ, ինչպէս՝ երկրաշարժ, կարկուտ եւ կայծակ (Յոբ 38։22, 23. Եզեկ. 38։19-22)։ Ան թերեւս իր թշնամիները իրարու դէմ հանէ (Բ. Մն. 20։17, 22, 23)։ Եւ չարերը մեռցնելու համար թերեւս իր հրեշտակները գործածէ (Եսա. 37։36)։ Աստուած ի՛նչ միջոցներ ալ գործածէ, լիովին յաղթական դուրս պիտի գայ։ Աստուծոյ հակառակող բոլոր մարդիկը պիտի բնաջնջուին, իսկ բոլոր արդարները պիտի փրկուին (Առ. 3։25, 26

(տե՛ս պարբերութիւն 7-15) *

Ի՞ՆՉ ԴԷՊՔԵՐ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻՆ ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԷՆ ՃԻՇԴ ԱՌԱՋ

7-8. ա) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6–ի համաձայն, աշխարհի առաջնորդները ի՞նչ անսովոր յայտարարութիւն պիտի ընեն։ բ) Այս յայտարարութիւնը ինչո՞ւ վտանգաւոր սուտ մը պիտի ըլլայ։

7 «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարելը պիտի ըլլայ Եհովայի օրէն առաջ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2–ին մէջ (ՆԱ), «Եհովայի օրը» կ’ակնարկէ ‘մեծ նեղութեան’ (Յայտ. 7։14)։ Ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք թէ մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ շատ անսովոր յայտարարութիւն մը պիտի ըլլայ, ինչ որ պիտի ծառայէ որպէս նշան, թէ մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։

8 Ատիկա նախագուշակուած «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութիւնն է։ Աշխարհի առաջնորդները ինչո՞ւ այդպիսի բան պիտի ըսեն։ Ստոյգ կերպով չենք գիտեր։ Իսկ կրօնական առաջնորդները այս յայտարարութեան պիտի մասնակցի՞ն։ Հաւանաբար։ Բայց եւ այնպէս, գիտենք թէ այս յայտարարութիւնը պարզապէս դիւային սուտ մը պիտի ըլլայ։ Եւ այս սուտը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ, քանի որ պատճառ պիտի դառնայ որ մարդիկ կարծեն թէ ապահով վիճակի մէջ են, մինչդեռ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։ Իրապէս, կործանումը «յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս»։ Իսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Անոնք թերեւս անակնկալի գան, երբ Եհովայի օրը յանկարծ սկսի, բայց անոր նախապատրաստուած պիտի ըլլան։

9. Եհովան Սատանայի աշխարհը մէկ անգամէ՞ն պիտի կործանէ. բացատրէ։

9 Եհովան Սատանայի ամբողջ աշխարհը մէկ անգամէն պիտի չկործանէ, ինչպէս որ Նոյի օրերուն ըրաւ։ Ան զայն պիտի կործանէ երկու գլխաւոր հանգրուաններով։ Նա՛խ, ան պիտի կործանէ Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ Ետքը, Արմագեդոնին ան Սատանայի աշխարհին մնացեալ մասը պիտի կործանէ, մէջը ըլլալով՝ քաղաքական, զինուորական եւ առեւտրական դրութիւնները։ Այժմ, այս երկու կարեւոր դէպքերուն մասին մանրամասնութիւններ քննարկենք։

10. Յայտնութիւն 17։1, 6–ի եւ 18։24–ի համաձայն, Եհովան ինչո՞ւ Մեծ Բաբելոնը պիտի կործանէ։

10 «Մեծ պոռնիկին դատաստանը» (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։1, 6. 18։24Մեծ Բաբելոնը Աստուծոյ անուան վրայ մեծ անարգանք բերած է։ Անիկա Աստուծոյ մասին սուտեր սորվեցուցած է, եւ հոգեւորապէս պոռնկութիւն գործած է, երկրի կառավարիչներու թիկունք կանգնելով։ Իր հեղինակութիւնը եւ ազդեցութիւնը գործածելով, իր հետեւորդները հարստահարած ու շահագործած է։ Եւ շատ արիւն թափած է, մէջը ըլլալով Աստուծոյ ծառաներուն արիւնը (Յայտ. 19։2)։ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի կործանէ Մեծ Բաբելոնը։

11. Ի՞նչ է «կարմիր գազանը», եւ Աստուած ինչպէ՞ս զայն պիտի գործածէ Մեծ Բաբելոնին դէմ։

11 Եհովան «մեծ պոռնիկը» պիտի կործանէ՝ «կարմիր գազան»ին «տասը եղջիւր»ներուն միջոցաւ։ Այդ այլաբանական գազանը կը ներկայացնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը։ Իսկ տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն այն կառավարութիւնները, որոնք թիկունք կը կանգնին այդ կազմակերպութեան։ Աստուծոյ նշանակած ժամանակին, այդ կառավարութիւնները Մեծ Բաբելոնին վրայ պիտի յարձակին։ Անոնք «զանիկա պիտի ամայացնեն ու մերկացնեն», անոր հարստութիւնը կողոպտելով եւ իր չարութիւնը մէջտեղ հանելով (Յայտ. 17։3, 16)։ Այդ կործանումը ա՛յնքան արագ պիտի ըլլայ, որ պիտի թուի թէ «մէկ օրուան մէջ» պատահեցաւ։ Ուստի Մեծ Բաբելոնին թիկունք կանգնողները ապշահար պիտի մնան, մանաւանդ քանի որ հպարտութեամբ ըսած էր. «Ես թագուհի եմ, որբեւայրի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ» (Յայտ. 18։7, 8

12. Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ ազգերը ի՞նչ ընեն, եւ ինչո՞ւ։

12 Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ ազգերը իր ժողովուրդը բնաջնջեն։ Իր ծառաները պարծանքով իր անունը կը կրեն եւ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլելու իր պատուէրին հնազանդած են (Գործք 15։16, 17. Յայտ. 18։4)։ Անոնք նաեւ շատ ջանք թափած են ուրիշներուն օգնելու, որ անկէ դուրս ելլեն։ Ուստի, Եհովայի ծառաները ‘ատոր հարուածներէն բաժին պիտի չառնեն’։ Բայց անոնց հաւատքը պիտի փորձուի։

Երբ յարձակումը սկսի, Աստուծոյ ծառաները ո՛ւր որ ալ ըլլան, իրեն պիտի վստահին (տե՛ս պարբերութիւն 13) *

13. ա) Ո՞վ է Գոգը։ բ) Եզեկիէլ 38։2, 8, 9–ի համաձայն, Գոգը ե՞րբ Արմագեդոն կոչուած այլաբանական վայրը պիտի հասնի։

13 Գոգի յարձակումը (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։2, 8, 9Երբ Եհովան բոլոր սուտ կրօնքները կործանէ, աշխարհի մէջ միայն մէկ կրօնք պիտի մնայ՝ իր ծառաները։ Անշուշտ Սատանան պիտի զայրանայ։ Ան իր զայրոյթը ցոյց պիտի տայ, գործածելով դիւային փրոփականտ՝ «պիղծ ներշնչեալ խօսքեր», որպէսզի մղէ ազգերու միասնութիւն մը Եհովայի ծառաներուն վրայ յարձակելու (Յայտ. 16։13, 14, ՆԱ)։ Այդ միասնութիւնը կը կոչուի՝ ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’։ Երբ ազգերը իրենց յարձակումը սկսին, Արմագեդոն կոչուած այլաբանական վայրը հասած պիտի ըլլան (Յայտ. 16։16

14. Գոգը ի՞նչ բան պիտի գիտնայ։

14 Գոգը պիտի վստահի իր «մարմնեղէն բազուկ»ին, այսինքն՝ իր զինուորական ուժին (Բ. Մն. 32։8)։ Իսկ մենք Եհովա Աստուծոյ պիտի վստահինք։ Ասիկա ազգերը յիմարութիւն պիտի սեպեն, քանի որ Մեծ Բաբելոնը շատ զօրեղ էր, բայց անոր աստուածները չկրցան զինք ազատել «գազան»էն եւ անոր «տասը եղջիւրներ»էն (Յայտ. 17։16)։ Ուստի, ազգերը պիտի կարծեն թէ կրնան դիւրաւ մեզ բնաջնջել։ Գոգը Եհովայի ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի՝ ‘ամպի պէս, որ երկիրը կը ծածկէ’ (Եզեկ. 38։16)։ Բայց այն ատեն, պիտի անդրադառնայ որ ծուղակը ինկած է։ Պիտի գիտնայ որ Եհովայի դէմ կը պատերազմի,– ինչպէս որ փարաւոն գիտցաւ Կարմիր ծովուն քով (Ել. 14։1-4. Եզեկ. 38։3, 4, 18, 21-23

15. Յիսուս Արմագեդոն պատերազմին ի՞նչ պիտի ընէ։

15 Քրիստոս եւ իր երկնային զօրքերը Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի պաշտպանեն՝ բնաջնջելով Գոգն ու անոր զօրքերը (Յայտ. 19։11, 14, 15)։ Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Եհովայի մեծագոյն թշնամիին՝ Սատանային, որ ազգերը խաբելով զանոնք մղեց Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակելու։ Յիսուս զինք ու իր դեւերը անդունդը պիտի նետէ, ուր հազար տարի պիտի բանտարկուին (Յայտ. 20։1-3

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԷՆ ՎԵՐԱՊՐԻԼ

16. ա) Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ ‘Աստուած կը ճանչնանք’։ բ) Արմագեդոն պատերազմին, ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք Աստուած կը ճանչնան։

16 Ըլլա՛նք ճշմարտութեան մէջ երկար տարիներէ ի վեր կամ ոչ, Արմագեդոնէն վերապրելու համար, պէտք է ցոյց տանք որ ‘Աստուած կը ճանչնանք եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին [կամ՝ բարի լուրին] կը հնազանդինք’ (Բ. Թես. 1։7-9)։ ‘Աստուած կը ճանչնանք’, երբ գիտենք իր չափանիշները եւ թէ ի՛նչ կը սիրէ ու ի՛նչ չի սիրեր։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ զինք կը ճանչնանք, երբ զինք սիրենք եւ իրեն հնազանդինք եւ միայն զինք պաշտենք (Ա. Յովհ. 2։3-5. 5։3)։ Երբ այս բաները ընենք, Աստուած ալ մեզ պիտի ճանչնայ, այսինքն՝ իր հաճութիւնը պիտի ունենանք (Ա. Կոր. 8։3)։ Առ ի արդիւնք, Արմագեդոն պատերազմին պիտի փրկուինք։

17. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին հնազանդիլ’։

17 «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարան»ը կը պարփակէ Յիսուսի սորվեցուցած բոլոր ճշմարտութիւնները, որոնք արձանագրուած են Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Աւետարանին կամ բարի լուրին կը հնազանդինք, երբ ատոր համաձայն ապրինք։ Այդ հնազանդութիւնը կը պարփակէ՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել, Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանել (Մատ. 6։33. 24։14)։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն թիկունք կանգնիլ, մինչ իրենց ծանր պատասխանատուութիւններուն հոգ կը տանին (Մատ. 25։31-40

18. Քրիստոսի օծեալ եղբայրները ինչպէ՞ս «ուրիշ ոչխարներ»ը պիտի վարձատրեն։

18 Աստուծոյ օծեալ ծառաները մօտ ատենէն «ուրիշ ոչխարներ»ը պիտի վարձատրեն՝ անոնց մատուցած ամբողջ օգնութեան համար (Յովհ. 10։16)։ Ինչպէ՞ս։ Նախքան Արմագեդոն պատերազմին սկսիլը, ամբողջ 144,000–ը երկինք յարուցանուած պիտի ըլլան՝ որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ։ Անոնք մաս պիտի կազմեն երկնային զօրքերուն, որոնք Գոգը պիտի ջախջախեն եւ ոչխարանման «մեծ բազմութիւն մը» պաշտպանեն (Յայտ. 2։26, 27. 7։9, 10)։ Իրապէս, մեծ բազմութիւնը շատ ուրախ պիտի ըլլայ, քանի որ Եհովայի օծեալ ծառաներուն թիկունք կանգնեցաւ, մինչ անոնք դեռ երկրի վրայ էին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ ՄԻՆՉ ՎԵՐՋԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ

19-20. Ի՛նչ նեղութիւններէ ալ անցնինք, ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ մնալ, մինչ Արմագեդոնը կը մօտենայ։

19 Այս դժուար վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովայի ծառաներէն շատեր նեղութիւններէ կ’անցնին։ Հակառակ ասոր, կրնա՛նք ուրախութեամբ տոկալ (Յակ. 1։2-4)։ Բան մը, որ մեզի շատ պիտի օգնէ, շարունակաբար սրտանց աղօթելն է (Ղուկ. 21։36)։ Պէտք է նաեւ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ խոկանք անոր վրայ, մէջը ըլլալով այն հիանալի մարգարէութիւնները, որոնք մեր օրերուն պիտի կատարուին (Սաղ. 77։12)։ Եթէ այս բաները ընենք եւ ծառայութեան լիովին մասնակցինք, մեր հաւատքն ու յոյսը զօրաւոր պիտի պահենք։

20 Մտածէ թէ որքա՜ն պիտի հրճուիս, երբ Մեծ Բաբելոնը կործանուի եւ Արմագեդոն պատերազմը վերջ գտնէ։ Աւելի կարեւորը, երեւակայէ անսահման ուրախութիւնդ, երբ Աստուծոյ անունը եւ անոր գերիշխանութիւնը լիովին ջատագովուին (Եզեկ. 38։23)։ Անոր համար, անոնք՝ որոնք Աստուած կը ճանչնան եւ իր Որդիին կը հնազանդին ու մինչեւ վերջ կը տոկան, չորս աչքով կը սպասեն Արմագեդոնին, որ ուրախ լուր մըն է (Մատ. 24։13

ԵՐԳ 128 Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի

^ պարբ. 5 Եհովայի ժողովուրդը երկար ատենէ ի վեր Արմագեդոնին կը սպասէ։ Յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ի՛նչ է Արմագեդոնը, անկէ ճիշդ առաջ ի՛նչ դէպքեր պիտի պատահին եւ ինչպէ՛ս կրնանք հաւատարիմ մնալ մինչ անիկա կը մօտենայ։

^ պարբ. 71 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աչքառու դէպքեր տեղի պիտի ունենան։ Մենք 1) ծառայութեան պիտի մասնակցինք ա՛յնքան ատեն որ կարելի է, 2) մեր սերտողութեան յայտագիրը պիտի պահպանենք, եւ 3) պիտի շարունակենք Աստուծոյ պաշտպանութեան վստահիլ։

^ պարբ. 85 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ոստիկաններ կը պատրաստուին քրիստոնեայ ընտանիքի մը տունը ներխուժելու. ընտանիքը վստահ է, որ Յիսուս ու հրեշտակները տեղեակ են, թէ ի՛նչ կը պատահի։