Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38

«Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»

«Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»

«Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (ՄԱՏ. 11։28

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէս որ Մատթէոս 11։28-30–ի մէջ արձանագրուած է, Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ։

ՅԻՍՈՒՍ շատ գեղեցիկ խոստում մը տուաւ բազմութեան մը, որ իրեն մտիկ կ’ընէր։ Ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (կարդա՛ Մատթէոս 11։28-30)։ Այս խոստումը անիմաստ խօսք մը չէր։ Օրինակ, մտածէ թէ ան ի՛նչ ըրաւ կնոջ մը, որ ահռելի հիւանդութենէ կը տառապէր։

2. Յիսուս հիւանդ կնոջ մը ի՞նչ ըրաւ։

2 Կինը մեծապէս օգնութեան կը կարօտէր։ Շատ բժիշկներու դիմած էր, յուսալով որ բուժում մը գտնէր։ 12 տարիէ ի վեր կը չարչարուէր եւ դեռ չէր բուժուած։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, ան անմաքուր էր (Ղեւ. 15։25)։ Երբ լսեց որ Յիսուս կրնար հիւանդները բժշկել, գնաց զինք փնտռելու, եւ երբ գտաւ, Յիսուսի հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ անմիջապէս բուժուեցաւ։ Բայց Յիսուս աւելին ըրաւ. անոր արժանապատուութիւնը յարգեց։ Ան զգացնել տուաւ որ զինք կը սիրէ, երբ իրեն հետ խօսած ատեն գործածեց ջերմ բայց յարգալից բառ մը՝ «աղջիկ»։ Կինը որքա՜ն թարմացած ըլլալու էր (Ղուկ. 8։43-48

3. Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

3 Նկատէ թէ կինը նախաձեռնութիւնը առաւ Յիսուսի քով երթալու։ Նոյնն է մեր պարագան այսօր. պէտք է ջանք թափենք որ Յիսուսին ‘գանք’։ Ներկայիս, Յիսուս ‘իրեն եկողներուն’ հիւանդութիւնները չի բժշկեր։ Բայց տակաւին մեզ կը հրաւիրէ. «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։ Այս յօդուածին մէջ, հինգ հարցումներու պիտի պատասխանենք. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին ‘գալ’։ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք» խօսքով Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Յիսուսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ինչո՞ւ թարմացուցիչ է այն գործը, որ Յիսուս մեզի նշանակած է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել թարմութիւն գտնել Յիսուսի լուծին տակ։

«ԵԿԷ՛Ք ԻՆԾԻ»

4-5. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք Յիսուսին ‘գալ’։

4 Յիսուսին ‘գալու’ կերպերէն մէկն է՝ կարելի եղածին չափ շատ բան սորվիլ իր ըսածներուն ու ըրածներուն մասին (Ղուկ. 1։1-4)։ Ուրիշ մէկը մեր տեղը չի կրնար ասիկա ընել. մե՛ր պատասխանատուութիւնն է։ Նաեւ Յիսուսին ‘կու գանք’, երբ որոշում կ’առնենք մկրտուելու եւ Քրիստոսի աշակերտը ըլլալու։

5 Յիսուսին ‘գալու’ ուրիշ կերպ մըն է՝ ժողովքի երէցներուն դիմել, երբ օգնութեան պէտք ունինք։ Յիսուս իր ոչխարներուն հոգ տանելու համար կը գործածէ ‘որպէս պարգեւներ եղող տղամարդիկ’ (Եփ. 4։7, 8, ՆԱ, 11. Յովհ. 21։16. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Պէտք է նախաձեռնութիւնը առնենք իրենցմէ օգնութիւն խնդրելու։ Չենք կրնար ակնկալել, որ երէցները մեր միտքը կարդան եւ գիտնան ինչի՛ պէտք ունինք։ Ճուլիըն անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Առողջապահական խնդիրներու պատճառաւ ստիպուեցայ Բեթէլի նշանակումս ձգել, եւ ընկերներէս մէկը յանձնարարեց որ հովուական այցելութիւն խնդրեմ։ Սկիզբը չզգացի որ ատոր պէտք ունէի, բայց ետքը խնդրեցի, եւ այդ հովուական այցելութիւնը մինչեւ հիմա ստացած լաւագոյն նուէրներէս մէկն է»։ Հաւատարիմ երէցները կրնան մեզի օգնել որ «Քրիստոսին միտքը» ճանչնանք, այսինքն՝ իր մտածումներն ու կեցուածքը հասկնանք եւ ընդօրինակենք (Ա. Կոր. 2։16. Ա. Պետ. 2։21)։ Ատիկա իրապէս լաւագոյն նուէրներէն է, որ երէցները մեզի կրնան տալ։

«ԻՄ ԼՈՒԾՍ ՁԵՐ ՎՐԱՅ ԱՌԷՔ»

6. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք»։

6 Երբ Յիսուս ըսաւ՝ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», թերեւս ըսել ուզեց՝ «Հեղինակութիւնս ընդունեցէք»։ Թերեւս նաեւ ըսել ուզեց՝ «Ինծի հետ լուծիս տակ եկէք եւ միասին Եհովայի ծառայենք»։ Երկու արտայայտութիւններն ալ կը պարփակեն աշխատիլ։

7. Մատթէոս 28։18-20–ի համաձայն, մեզի ի՞նչ գործ տրուած է, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

7 Մենք Յիսուսի հրաւէրը կ’ընդունինք, երբ մեր կեանքը Եհովային կը նուիրենք եւ կը մկրտուինք։ Այդ հրաւէրը բոլորին կը տրուի. Յիսուս բնա՛ւ պիտի չմերժէ ոեւէ մէկը, որ սրտանց կ’ուզէ Աստուծոյ ծառայել (Յովհ. 6։37, 38)։ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդները առանձնաշնորհումը ունին մասնակցելու այն գործին, որ Եհովան Յիսուսին յանձնարարած է։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս միշտ մեզի պիտի օգնէ այս գործունէութեան մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 28։18-20

«ԻՆՁՄԷ ՍՈՐՎԵՑԷՔ»

Ուրիշները թարմացուր, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ (տե՛ս պարբերութիւն 8-11) *

8-9. Ինչո՞ւ խոնարհները մղուեցան Յիսուսի մօտենալու, եւ ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։

8 Խոնարհները մղուեցան Յիսուսի մօտենալու (Մատ. 19։13, 14. Ղուկ. 7։37, 38)։ Ինչո՞ւ։ Մտածէ թէ ի՛նչ տարբերութիւն կար Յիսուսին եւ փարիսեցիներուն միջեւ։ Այդ կրօնական առաջնորդները պաղ ու հպարտ էին (Մատ. 12։9-14)։ Մինչդեռ Յիսուս ջերմ ու խոնարհ էր։ Փարիսեցիները փառասէր էին եւ ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած բարձր դիրքով իրենք զիրենք կը տեսնէին։ Մինչդեռ Յիսուս այդ տեսակ կեցուածք չքաջալերեց։ Ան իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ իրենք զիրենք ծառաներ նկատեն (Մատ. 23։2, 6-11)։ Փարիսեցիները ուրիշներուն կը տիրապետէին՝ զիրենք վախցնելով (Յովհ. 9։13, 22)։ Մինչդեռ Յիսուս ուրիշները թարմացուց իր սիրալիր արարքներով ու ազնիւ խօսքերով։

9 Յիսուսէն այս դասերը սորվա՞ծ ես։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշները զիս հեզ ու խոնարհ անձ կը նկատե՞ն։ Ուրիշներուն համար յօժարաբար աննշան գործեր կ’ընե՞մ։ Ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ կը վարուի՞մ’։

10. Յիսուս ի՞նչ մթնոլորտ կը ստեղծէր։

10 Յիսուս խաղաղ մթնոլորտ կը ստեղծէր իր գործակիցներուն համար եւ զիրենք հաճոյքով կը մարզէր (Ղուկ. 10։1, 19-21)։ Ան իր աշակերտները քաջալերեց որ հարցումներ հարցնեն եւ ուզեց իրենց կարծիքը առնել (Մատ. 16։13-16)։ Ջերմանոցի պայմանները վայելող բոյսերու նման, աշակերտները Յիսուսի ստեղծած մթնոլորտին մէջ բարգաւաճեցան։ Յիսուսի սորվեցուցածները իւրացուցին եւ բարի գործերով լեցուեցան։

Մարդամօտ եւ բարեկամական եղիր

Գործունեայ եւ նախանձախնդիր եղիր

Խոնարհ եւ աշխատասէր եղիր *

11. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

11 Եթէ ուրիշներու վրայ որոշ հեղինակութիւն ունիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Գործատեղը կամ տան մէջ ի՞նչ տեսակ մթնոլորտ կը ստեղծեմ։ Խաղաղութիւն յառաջ կը մղե՞մ։ Ուրիշները ազատօրէն կրնա՞ն ինծի հարցումներ հարցնել։ Պատրա՞ստ եմ ուրիշներու կարծիքը մտիկ ընելու’։ Բնա՛ւ չենք ուզեր փարիսեցիներուն պէս ըլլալ, որոնք կը բարկանային երբ մարդիկ իրենց ըսածով չէին համոզուեր, ինչպէս նաեւ խստօրէն կը վարուէին երբ մէկը իրենց գաղափարէն տարբեր գաղափար մը տար (Մար. 3։1-6. Յովհ. 9։29-34

«ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷՔ»

12-14. Ինչո՞ւ թարմացուցիչ է այն գործը, որ Յիսուս մեզի տուած է։

12 Ինչո՞ւ կը թարմանանք երբ Յիսուսի նշանակած գործը կատարենք։ Շատ մը պատճառներով, բայց նկատի առ միայն քանի մը հատը։

13 Լաւագոյն տեսուչները ունինք։ Եհովան՝ մեր Գերագոյն Տեսուչը, անգութ եւ անշնորհակալ տէր մը չէ։ Ան կ’արժեւորէ մեր ըրած գործը (Եբ. 6։10)։ Եւ մեզի պէտք եղած ուժը կու տայ, որ մեր պատասխանատուութեան «բեռը» կրենք (Բ. Կոր. 4։7. Գաղ. 6։5)։ Նաեւ Յիսուս՝ մեր Թագաւորը, իր հեղինակութիւնը օրինակելի կերպով ի գործ կը դնէ (Յովհ. 13։15)։ Եւ երէցները, որոնք մեզ կը հովուեն, կը ջանան ընդօրինակել Յիսուսը՝ «մեծ Հովիւ»ը (Եբ. 13։20. Ա. Պետ. 5։2)։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ ազնիւ, քաջալերող եւ քաջ ըլլան, մինչ մեզ հոգեւորապէս կը կերակրեն ու կը պաշտպանեն։

14 Լաւագոյն ընկերակիցները ունինք։ Մեզի պէս մէկը չկայ որ սիրալիր բարեկամներ եւ իմաստալից գործ ունի։ Մենք առանձնաշնորհումը ունինք աշխատելու անհատներու հետ, որոնք բարոյական բարձրագոյն չափանիշները ունին, բայց միեւնոյն ատեն ինքնարդար չեն։ Անոնք տաղանդաւոր են բայց՝ համեստ, եւ ուրիշները իրենցմէ գերադաս կը նկատեն։ Անոնք մեզ ոչ միայն գործակիցներ կը սեպեն, այլեւ՝ բարեկամներ։ Եւ մեզի հանդէպ իրենց սէրը այնքա՛ն ամուր է, որ պատրաստ են նոյնիսկ մեզի համար իրենց կեանքը տալու։

15. Մեր գործին նկատմամբ ի՞նչ պէտք է զգանք։

15 Լաւագոյն գործը ունինք։ Մենք մարդոց կը սորվեցնենք Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը եւ Սատանային սուտերը կը քօղազերծենք (Յովհ. 8։44)։ Սատանան մարդիկը կը ճնշէ այնպիսի սուտերով, որոնք զիրենք յուսահատ կը դարձնեն։ Օրինակ, ան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ Եհովան մեր գործած մեղքերուն համար մեզի պիտի չներէ եւ թէ ան մեզ չի սիրեր։ Ի՜նչ ջախջախիչ բեռ մը եւ ի՜նչ ահռելի սուտ մը։ Երբ Քրիստոսին ‘կու գանք’, մեր մեղքերը կը ներուի՛ն։ Իսկ Եհովան բոլորս շա՜տ կը սիրէ (Հռով. 8։32, 38, 39)։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է մարդոց օգնել, որ սորվին Եհովայի վստահիլ, եւ տեսնել թէ ինչպէ՛ս իրենց կեանքերը կը բարելաւեն։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԹԱՐՄԱՆԱԼ ՅԻՍՈՒՍԻ ԼՈՒԾԻՆ ՏԱԿ

16. Այն բեռը, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ կրենք, ինչպէ՞ս կը տարբերի միւս բեռներէն, որոնք պէտք է կրենք։

16 Այն բեռը, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ կրենք, տարբեր է միւս բեռներէն, որոնք ստիպուած ենք կրել։ Օրինակ, ամբողջ օրը աշխարհիկ գործ մը աշխատելէ ետք, շատեր ոչ միայն յոգնած կ’ըլլան, հապա նաեւ գոհունակութիւն չեն զգար։ Մինչդեռ մենք, երբ Եհովայի եւ Քրիստոսի ծառայութեամբ ժամանակ կ’անցընենք, խոր գոհունակութիւն կը զգանք։ Ասկէ զատ, աշխարհիկ գործ ընելէ ետք, օրուան վերջաւորութեան թերեւս ուժասպառ ըլլանք եւ ստիպուինք մենք մեզ քաշքշել, որ այդ օրուան ժողովին ներկայ գտնուինք։ Բայց յաճախ ժողովէն տուն կը վերադառնանք թարմացած եւ աշխուժացած։ Նոյնպէս կը զգանք, երբ ջանք կ’ընենք որ քարոզենք եւ Աստուածաշունչը սերտենք։

17. Ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք եւ ինչո՞ւ։

17 Պէտք է գիտակցինք որ իւրաքանչիւրս միայն սահմանափակ ոյժ ունինք։ Ուստի պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ մեր ուժը ինչպէ՛ս կը գործածենք։ Օրինակ, կրնանք մեր ուժը վատնել ջանալով նիւթական ստացուածքներ դիզել։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ հարուստ երիտասարդի մը, որ իրեն հարցուց. «Ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Երիտասարդը արդէն Օրէնքին կը հնազանդէր։ Եւ լաւ անձ մը ըլլալու էր, քանի որ Յիսուս «սիրեց զանիկա», ըստ Մարկոս Աւետարանին։ Յիսուս անոր հրաւէր մը տուաւ, ըսելով. «Գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛. . . ու եկուր իմ ետեւէս»։ Երիտասարդը շատ տրտմեցաւ. ան կ’ուզէր Յիսուսին հետեւիլ, բայց այնպէս կ’երեւի որ չէր կրնար իր «շատ ստացուածքը» ձգել (Մար. 10։17-22)։ Առ ի արդիւնք, ան մերժեց Յիսուսին առաջարկած լուծը եւ շարունակեց «մամոնային» ծառայել (Մատ. 6։24)։ Դուն ի՞նչ ընտրութիւն պիտի ընէիր։

18. Ատեն–ատեն ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ։

18 Ատեն–ատեն լաւ կ’ըլլայ որ մեր նախապատուութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները քննենք։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի վստահ ըլլանք որ մեր ուժը իմաստութեամբ կը գործածենք։ Նկատէ թէ Մարք անունով երիտասարդ մը ի՛նչ ըսաւ. «Տարիներով կը կարծէի որ պարզ կեանք կը վարեմ։ Ռահվիրայ էի, բայց միշտ կը մտածէի դրամ շահելու եւ աւելի հանգստաւէտ կեանք մը ունենալու մասին։ Հարց տուի թէ ինչո՛ւ գոհունակ չեմ։ Ետքը անդրադարձայ որ մեծաւ մասամբ ի՛մ շահերս կը փնտռէի եւ Եհովային կու տայի ինչ որ կը մնար ժամանակէս եւ ուժէս»։ Մարք իր մտածելակերպն ու ապրելակերպը փոխեց, որպէսզի կարենայ Եհովային լիովին ծառայել։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն մտահոգ կ’ըլլամ, բայց Եհովայի եւ Յիսուսի օգնութեամբ, ծառայութեան վրայ կը կեդրոնանամ»։

19. Ինչո՞ւ ճիշդ տեսակէտ ունենալը շատ կարեւոր է։

19 Պիտի շարունակենք Յիսուսի լուծին տակ թարմանալ, եթէ երեք բան ընենք։ Առաջին, ճիշդ տեսակէտը պահպանենք։ Մենք Եհովայի գործը կ’ընենք, ուրեմն պէտք է զայն Եհովայի կերպով ընենք։ Մենք գործաւորներն ենք, իսկ Եհովան՝ Տէրը (Ղուկ. 17։10)։ Եթէ փորձենք իր գործը մե՛ր ուզած կերպով ընել, պիտի դժուարացնենք լուծը կրելը։ Նոյնիսկ զօրաւոր ցուլը ինքզինք պիտի վիրաւորէ եւ յոգնեցնէ, եթէ շարունակ ջանայ իր ուզած ուղղութեամբ երթալ եւ իր տիրոջ ղեկավարած լուծին դէմ դնել։ Միւս կողմէ, եթէ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւինք, պիտի ընենք բաներ՝ որոնք չէինք երեւակայեր որ կրնայինք ընել, եւ որեւէ դժուարութիւն պիտի յաղթահարենք։ Յիշենք թէ մէ՛կը չի կրնար արգելք կենալ որ Եհովայի կամքը կատարուի (Հռով. 8։31. Ա. Յովհ. 4։4

20. Յիսուսի լուծին տակ գալու մեր շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

20 Երկրորդ, ճիշդ շարժառիթով աշխատինք։ Մեր նպատակակէտն է՝ փառք բերել մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովային։ Առաջին դարուն, անոնք՝ որոնց շարժառիթն էր ագահութիւն կամ անձնական շահերը փնտռել, շուտով իրենց ուրախութիւնը կորսնցուցին եւ Յիսուսի լուծը լքեցին (Յովհ. 6։25-27, 51, 52, 61, 67. Փլպ. 3։18, 19)։ Ասոր հակառակը, անոնք՝ որոնք Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ անձնուրաց սէրէ մղուած լուծը կրեցին, ասիկա իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ուրախութեամբ ըրին, Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ ծառայելու հեռանկարը ունենալով։ Իրենց պէս, մենք ալ ուրախ պիտի մնանք, եթէ Յիսուսի լուծը ճիշդ շարժառիթով կրենք։

21. Մատթէոս 6։31-33–ի համաձայն, կրնանք ակնկալել որ Եհովան ի՞նչ ընէ։

21 Երրորդ, ճիշդ ակնկալութիւններ ունենանք։ Մենք ընտրած ենք կեանք մը, որ անձնազոհութիւն եւ ջանասիրութիւն կը պահանջէ։ Յիսուս մեզ զգուշացուց որ պիտի հալածուինք։ Բայց կրնանք ակնկալել որ Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ, որ որեւէ դժուարութեան տոկանք։ Ո՛րքան աւելի տոկանք, ա՛յնքան աւելի պիտի զօրանանք (Յակ. 1։2-4)։ Նաեւ կրնանք ակնկալել որ Եհովան մեր կարիքները պիտի գոհացնէ, Յիսուս մեզ պիտի հովուէ եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ պիտի քաջալերեն (կարդա՛ Մատթէոս 6։31-33. Յովհ. 10։14. Ա. Թես. 5։11)։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կ’ուզենք։

22. Ինչի՞ համար կրնանք ուրախ ըլլալ։

22 Յիսուսի բժշկած կինը թարմացաւ այն նոյն օրը որ բուժուեցաւ։ Բայց մնայուն թարմութիւն պիտի գտնէր, միայն եթէ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտը դառնար։ Արդեօք ի՞նչ ըրաւ։ Եթէ Յիսուսի լուծը իր վրայ առաւ, երեւակայէ վարձատրութիւնը. Յիսուսի հետ ծառայել երկինքի մէջ։ Որեւէ զոհողութիւն, որ ըրած էր Քրիստոսի հետեւորդը դառնալու համար, ոչինչ էր՝ բաղդատած այդ օրհնութեան։ Մեր յոյսը ի՛նչ ալ ըլլայ,– յաւիտեան ապրիլ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ,– կրնանք շատ ուրախ ըլլալ, որ ընդունեցինք Յիսուսի հրաւէրը՝ «Եկէ՛ք ինծի»։

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

^ պարբ. 5 Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն երթանք։ Այս հրաւէրը ընդունելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ, եւ մեզի պիտի յիշեցնէ որ ինչպէ՛ս թարմութիւն կը գտնենք Քրիստոսի հետ աշխատելով։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս զանազան կերպերով ուրիշները թարմացուց։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուսին նման, եղբայր մը զանազան կերպերով ուրիշները կը թարմացնէ։