Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35

Եհովան իր խոնարհ ծառաները կ’արժեւորէ

Եհովան իր խոնարհ ծառաները կ’արժեւորէ

«Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ» (ՍԱՂ. 138։6

ԵՐԳ 48 Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան խոնարհ մարդոց նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ. բացատրէ։

ԵՀՈՎԱՆ խոնարհ անձերը կը սիրէ։ Միայն անոնք՝ որոնք իրապէս խոնարհ են, կրնան իրեն հետ ջերմ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն վայելել։ Միւս կողմէ, ան «բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ» (Սաղ. 138։6)։ Բոլորս կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ իր ջերմ սէրը զգալ, ուստի լաւ պատճառներ ունինք խոնարհութիւն մշակելու։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երեք հարցումներ. 1) Ի՞նչ է խոնարհութիւնը։ 2) Ինչո՞ւ պէտք է այս յատկութիւնը մշակենք։ 3) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ մեր խոնարհութիւնը կրնայ փորձի ենթարկուիլ։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, երբ խոնարհութիւն մշակենք, Եհովային սիրտը կ’ուրախացնենք եւ մենք մեզի կ’օգտենք (Առ. 27։11. Եսա. 48։17

Ի՞ՆՉ Է ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ

3. Ի՞նչ է խոնարհութիւնը։

3 Խոնարհ անձը չի մտածեր, որ ուրիշներէն աւելի կարեւոր է, եւ չի գոռոզանար ու մեծութիւն չի ծախեր։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ խոնարհ անձը կ’ըմբռնէ որ Եհովան իրմէ շա՜տ աւելի վեհ է, ինչպէս նաեւ կը գիտակցի որ ամէն անձ կերպով մը իրմէ աւելի լաւ է (Փլպ. 2։3, 4

4-5. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ իսկական խոնարհութիւնը դրսերեւոյթէն յայտնի չ’ըլլար։

4 Ոմանք խոնարհ կ’երեւին, բայց իրենց խոնարհութիւնը կեղծ է։ Անոնք կրնան ամչկոտ անձնաւորութիւն ունենալ։ Կամ թերեւս իրենց մշակոյթին եւ կրթութեան շնորհիւ յարգալից կամ քաղաքավար են։ Բայց իրականութեան մէջ, ներսէն կրնան շա՜տ հպարտ ըլլալ։ Ուշ կամ կանուխ, իրենց իսկական ինքնութիւնը մէջտեղ կ’ելլէ (Ղուկ. 6։45

5 Միւս կողմէ, մարդիկ՝ որոնք ինքնավստահ կամ համարձակ կ’երեւին, պայման չէ որ հպարտ ըլլան (Յովհ. 1։46, 47)։ Սակայն այսպիսի համարձակ անձնաւորութիւններ պէտք է զգոյշ ըլլան, որ իրենց կարողութիւններուն չվստահին։ Ուրեմն համարձակ ըլլա՛նք կամ ոչ, բոլորս պէտք է շատ ջանք թափենք որ խոնարհ սիրտ մշակենք։

Պօղոս առաքեալ խոնարհ էր եւ ինքզինք կարեւոր չէր սեպեր (տե՛ս պարբերութիւն 6) *

6. Ինչպէս որ Ա. Կորնթացիս 15։10–ը ցոյց կու տայ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալի օրինակէն։

6 Պօղոս առաքեալին օրինակը նկատի առ։ Եհովան զինք մեծապէս գործածեց՝ քաղաքէ քաղաք նոր ժողովքներ հաստատելու համար։ Ան թերեւս Յիսուս Քրիստոսի միւս առաքեալներէն աւելի բաներ իրագործեց իր ծառայութեան մէջ։ Սակայն ինքզինք իր եղբայրներէն աւելի կարեւոր չսեպեց։ Ան խոնարհաբար ըսաւ. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի» (Ա. Կոր. 15։9)։ Ետքը, Պօղոս տեղին ըլլալով ըսաւ որ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր, միայն Եհովային շնորհքին պատճառաւ, եւ ոչ թէ իր յատկութիւններուն կամ գործերուն պատճառաւ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։10)։ Ան խոնարհութեան ի՜նչ լաւ դաս մը սորվեցուց կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ,– մանաւանդ երբ յիշենք թէ Կորնթոսի ժողովքին մէջ ոմանք կը ջանային իրենք զիրենք Պօղոսէն գերադաս սեպել (Բ. Կոր. 10։10

Քարլ Ֆ. Գլայն, խոնարհ եղբայր մը որ Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը եղաւ (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Արդի օրերուն, հանրածանօթ եղբայր մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ խոնարհ էր։

7 Եհովայի ծառաներէն շատեր քաջալերուած են եղբայր Քարլ Ֆ. Գլայնի կենսագրութիւնը կարդալով, որ ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը։ Իր կենսագրութեան մէջ, եղբայր Գլայն խոնարհաբար եւ անկեղծօրէն խօսեցաւ իր ունեցած շատ մը տկարութիւններուն եւ խնդիրներուն մասին։ Օրինակ, 1920–ականներուն, տունէ տուն ծառայութիւնը իրեն համար ա՛յնքան դժուար էր, որ առաջին անգամ այդ ծառայութեան մասնակցելէ ետք, շուրջ երկու տարի բնա՛ւ տունէ տուն չծառայեց։ Ետքը, երբ Բեթէլի մէջ կը ծառայէր, ան դառն զգացումներ պահեց եղբօր մը հանդէպ, որ զինք խրատած էր։ Նաեւ ջղային մեծ խանգարում ունեցաւ, որմէ յետագային ապաքինեցաւ։ Սակայն, ան նաեւ շատ մը հետաքրքրական եւ կարեւոր նշանակումներ ունեցաւ։ Որքա՜ն խոնարհութիւն կը պահանջէր այս եղբօրմէն, որ հանրածանօթ ըլլալով հանդերձ ազատօրէն խօսէր իր տկարութիւններուն մասին։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր կը յիշեն եղբայր Գլայնը եւ իր անկեղծ ու քաջալերական կենսագրութիւնը *։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՄՇԱԿԵՆՔ

8. Ա. Պետրոս 5։6–ը մեզի ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ խոնարհութիւնը Եհովան կը հաճեցնէ։

8 Մենք կը ջանանք խոնարհ ըլլալ, գլխաւորաբար քանի որ ատիկա Եհովան կը հաճեցնէ, ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ յստակ դարձուց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6)։ Պետրոսի խօսքերը մեկնաբանելով, «Եկուր իմ ետեւէս» գիրքը (գլ. 3, պարբ. 23, անգլերէն) կ’ըսէ. «Հպարտութիւնը թոյնի պէս է. շատ վտանգաւոր ազդեցութիւն կը ձգէ։ Հպարտ անձը, նոյնիսկ եթէ շատ տաղանդաւոր է, Աստուծոյ համար պիտանի չէ։ Միւս կողմէ, Եհովան խոնարհ անձը կը գործածէ, նոյնիսկ եթէ աչքառու կարողութիւններ չունի։ . . .Ան պիտի ուրախանայ քեզ վարձատրելով խոնարհութեանդ համար»։ Իրապէս ալ, լաւագոյն բանը որ կ’ընենք՝ Եհովային սիրտը ուրախացնելն է (Առ. 23։15

9. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս պատճառ կ’ըլլայ, որ մարդիկ մեզի մօտիկ զգան։

9 Եհովան հաճեցնելէ զատ, շատ օգուտներ կը ստանանք երբ խոնարհութիւն մշակենք։ Մեր խոնարհութիւնը կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն մեզի մօտենալ։ Պատճառը հասկնալու համար, ինքզինքդ ուրիշներու տեղը դիր, մտածելով թէ ի՛նչ տեսակի մարդիկ ընդհանրապէս քեզ կը քաշեն (Մատ. 7։12)։ Սովորաբար, չենք ախորժիր անձի մը ընկերակցութենէն, որ միշտ կը պնդէ որ ի՛ր ուզածը ըլլայ եւ ուրիշներէն թելադրութիւններ չ’ընդունիր։ Անդին, կը թարմանանք մեր եղբայրներով ու քոյրերով, որոնք «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» են (Ա. Պետ. 3։8)։ Եթէ այսպիսի անհատներու մօտիկ կը զգանք, հաւանաբար իրենք ալ մեզի մօտիկ պիտի զգան, այնքան ատեն որ խոնարհ ենք։

10. Ինչո՞ւ խոնարհներուն համար աւելի դիւրին է կեանքի խնդիրներուն տոկալ։

10 Խոնարհութիւնը նաեւ մեր կեանքը կը դիւրացնէ։ Երբեմն պիտի տեսնենք բաներ, որոնք մեր կարծիքով սխալ են կամ անարդար են։ Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին» (Ժող. 10։7)։ Երբեմն մարդիկ՝ որոնք տաղանդաւոր են, պատիւ չեն ստանար, իսկ անոնք՝ որոնք կարողութիւններ չունին, շատ գովասանքի կ’արժանանան։ Ասով հանդերձ, Սողոմոն գիտակցեցաւ, որ պէտք է կեանքը ընդունինք ինչպէս որ է եւ չտարուինք ժխտական պարագաներով (Ժող. 6։9)։ Եթէ խոնարհ ենք, մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ կեանքը ընդունիլ ինչպէս որ է, այսինքն ընդունիլ այն բաները, որոնք մեզի ախորժելի չեն կամ չենք կրնար փոխել։

Ե՞ՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Կ’ԸԼԼԱՅ ՈՐ ԽՈՆԱՐՀ ԸԼԼԱՆՔ

Այսպիսի պարագայ մը ինչպէ՞ս կրնայ մեր խոնարհութիւնը փորձել (տե՛ս պարբերութիւն 11-12) *

11. Ինչո՞ւ խոնարհութեան պէտք կ’ունենանք, երբ խրատ ստանանք։

11 Ամէն օր անհամար առիթներ ունինք խոնարհութիւն ցոյց տալու։ Նկատի առնենք քանի մը պարագաներ։ Երբ մեզի խրատ կը տրուի։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ եթէ մէկը ժամանակ տրամադրէ, որպէսզի մեզ սրբագրէ, ասիկա ցոյց կու տայ թէ մեր ըրած սխալը մեր կարծածէն աւելի լուրջ է։ Մեր առաջին հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ խրատը մերժել։ Թերեւս քննադատենք խրատ տուողը կամ իր խօսելու կերպը։ Բայց եթէ խոնարհ ենք, ջանք պիտի ընենք որ ճիշդ կեցուածքը դրսեւորենք։

12. Առակաց 27։5, 6–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է երախտապարտ ըլլանք, երբ մէկը մեզի խրատ տայ. բացատրէ։

12 Խոնարհ անձը խրատը կը գնահատէ։ Օրինակ, երեւակայէ որ քրիստոնէական ժողովի մը ներկայ ես։ Քանի մը հաւատակիցներու հետ խօսելէ ետք, անոնցմէ մէկը քեզ մէկ կողմ կը քաշէ ու կ’ըսէ, որ ակռայիդ վրայ ուտելիք կայ։ Անկասկած քիչ մը գէշ կը զգաս։ Բայց միեւնոյն ատեն չե՞ս գնահատեր որ ան քեզի իմացուց։ Թերեւս նոյնիսկ մտածես որ երանի աւելի կանուխ մէկը ըսէր։ Նոյնպէս, պէտք է խոնարհաբար գնահատենք այն հաւատակիցը, որ քաջութիւն հաւաքելով մեզի խրատ կու տայ պէտք եղած ատենը։ Զինք կը նկատենք մեր բարեկամը եւ ոչ թէ մեր թշնամին (կարդա՛ Առակաց 27։5, 6. Գաղ. 4։16

Ինչո՞ւ խոնարհութեան պէտք ունինք, երբ ուրիշներ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ կը ստանան (տե՛ս պարբերութիւն 13-14) *

13. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութիւն ցոյց տալ, երբ ուրիշներ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ստանան։

13 Երբ ուրիշներ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ կը ստանան։ Ճէյսըն անունով երէց մը կը խոստովանի. «Երբ ուրիշներ առանձնաշնորհումներ կը ստանան, երբեմն հարց կու տամ, թէ ինչո՛ւ ես չընտրուեցայ»։ Դուն ալ ատեններ այդպէս կը զգա՞ս։ Սխալ չէ ծառայութեան աւելի մեծ առանձնաշնորհումներու ‘ձգտիլ’ (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։ Սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը մտածենք։ Այլապէս, հպարտութիւնը կրնայ մեր սրտին մէջ աճիլ։ Օրինակ, եղբայր մը կրնայ սկսիլ մտածել, թէ ինք ուրիշներէ աւելի որակեալ է որոշ նշանակում մը ստանալու։ Կամ քրիստոնեայ կին մը կրնայ մտածել. ‘Ամուսինս շա՜տ աւելի որակեալ է քան՝ այսինչ եղբայրը’։ Սակայն, եթէ իրապէս խոնարհ ենք, այսպիսի հպարտ ոգիէ պիտի խուսափինք։

14. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մովսէսի հակազդեցութենէն, երբ ուրիշներ առանձնաշնորհումներ ստացան։

14 Կրնանք սորվիլ Մովսէսի հակազդեցութենէն, երբ ուրիշներ առանձնաշնորհումներ ստացան։ Ան իսրայէլ ազգը առաջնորդելու իր նշանակումը մեծապէս կ’արժեւորէր։ Բայց երբ Եհովան ուրիշներուն թոյլատրեց, որ Մովսէսի գործին մէկ մասը ստանձնեն, ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Չնախանձեցաւ (Թւ. 11։24-29)։ Իսկ ժողովուրդը դատելու հարցին նկատմամբ, ան խոնարհութեամբ թոյլ տուաւ որ ուրիշներ իրեն օգնեն (Ել. 18։13-24)։ Այսպիսով, աւելի տղամարդիկ եղան, որոնց իսրայէլացիները կրնային դիմել իրենց դատական խնդիրները լուծելու համար։ Ասկէ կը տեսնենք որ Մովսէսի համար աւելի կարեւոր էր ուրիշներու բարօրութիւնը, քան իր առանձնաշնորհումը։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը մեզի։ Չմոռնանք որ եթէ կ’ուզենք Եհովային համար պիտանի ըլլալ, աւելի կարեւոր է խոնարհ ըլլալ քան՝ տաղանդաւոր։ Ան «խոնարհը կը տեսնէ» (Սաղ. 138։6

15. Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր ի՞նչ նոր պարագաներ ունեցած են։

15 Երբ նոր պարագաներ կ’ունենանք։ Վերջերս, շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք տասնեակ տարիներ Եհովայի ծառայած են, ուրիշ նշանակումներ ստացան։ Օրինակ, 2014–ին, կազմակերպութիւնը նահանգային տեսուչի նշանակումը չեղեալ ըրաւ, եւ նահանգային տեսուչներէն ու անոնց կիներէն խնդրեց, որ լիաժամ ծառայութեան այլ երեսակներու մասնակցին։ Նաեւ 2014–էն սկսեալ, այն շրջանային տեսուչները, որոնք 70 տարեկան կ’ըլլան, իրենց նշանակումը վերջ կը գտնէ։ Իսկ այն եղբայրները, որոնք 80 տարեկան եւ աւելի են, այլեւս չեն ծառայեր որպէս երէցներու մարմինի համակարգող։ Ասկէ զատ, Բեթէլի ընտանիքի շատ մը անդամներ դաշտ ղրկուեցան։ Ուրիշներ ալ առողջապահական խնդիրներու, ընտանեկան պարտաւորութիւններու կամ ուրիշ անձնական պայմաններու պատճառաւ, ստիպուեցան իրենց յատուկ լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցնել։

16. Մեր եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս խոնարհ գտնուելով նոր նշանակումներ ընդունած են։

16 Այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար դիւրին չէր այսպիսի փոփոխութիւններ ընել։ Անշուշտ անոնք շատ կը սիրէին իրենց նախկին նշանակումները, որոնք տարիներով վայելած էին։ Ոմանք «սուգ»ի շրջանի մէջ մտան, մինչեւ որ իրենց նոր պարագաներուն վարժուին։ Անոնք ինչո՞ւ կրցան համակերպիլ։ Հիմնական բանը որ իրենց օգնեց՝ Եհովայի հանդէպ սէրն էր։ Անոնք գիտէին որ նուիրուած են Աստուծո՛յ, եւ ոչ թէ գործի մը կամ նշանակումի մը (Կող. 3։23)։ Այժմ ուրախ են Եհովային խոնարհաբար ծառայելով որեւէ նշանակումի մէջ։ Անոնք ‘իրենց ամէն հոգը անոր վրայ կը ձգեն’, վստահ ըլլալով որ զիրենք կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։6, 7

17. Ինչո՞ւ երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ խոնարհ ըլլալ։

17 Մենք շատ երախտապարտ ենք, որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ խոնարհ ըլլալ։ Խոնարհութիւն մշակելով կ’օգտենք թէ՛ մենք մեզի եւ թէ ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ կեանքի դժուարութիւններուն աւելի կը տոկանք։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, մեր երկնաւոր Հօր կը մօտենանք։ Շա՜տ ուրախ ենք գիտնալով, որ ան «Բարձրը ու Բարձրեալը» ըլլալով հանդերձ, կը սիրէ ու կ’արժեւորէ իր խոնարհ ծառաները (Եսա. 57։15

ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը

^ պարբ. 5 Խոնարհութիւնը ամէնէն կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է, որ պէտք է մշակենք։ Անիկա ի՞նչ է։ Ինչո՞ւ զայն պէտք է մշակենք։ Եւ ինչպէ՞ս մեր խոնարհութիւնը կրնայ փորձուիլ, երբ պարագաները կամ նշանակումները փոխուին։ Յօդուածը այս կարեւոր հարցումները պիտի քննարկէ։

^ պարբ. 7 Տե՛ս «Եհովան զիս բարիով վարձատրած է» յօդուածը Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1984 թիւին մէջ (անգլերէն), եւ «Եհովան ինծի հանդէպ շատ բարի գտնուած է» յօդուածը Դիտարան–ի 1 մայիս 2001 թիւին մէջ։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Պօղոս առաքեալ եղբօր մը տան մէջ եղած ատեն, խոնարհաբար կ’ընկերակցի թէ՛ մեծերուն եւ թէ պզտիկներուն հետ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը սուրբգրային խրատ կ’ընդունի երիտասարդ եղբօրմէ մը։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարիքով աւելի մեծ եղբայրը չի նախանձիր երիտասարդ եղբօր, որ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհում մը կը վայելէ։