Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39

«Ահա՛ մեծ բազմութիւն մը»

«Ահա՛ մեծ բազմութիւն մը»

«Ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել. . . Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ» (ՅԱՅՏ. 7։9, ԱԾ

ԵՐԳ 144 Կեանքեր վտանգի տակ են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Յովհաննէս առաքեալ ինչպիսի՞ պարագայի մէջ էր առաջին դարու վերջաւորութեան։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ առաքեալ շատ դժուար պարագայի մէջ էր առաջին դարու վերջաւորութեան։ Ան ծերացած ու Պատմոս կղզիին մէջ աքսորուած էր, եւ հաւանաբար միակ ողջ առաքեալն էր (Յայտ. 1։9)։ Ան գիտէր թէ հաւատուրացները ժողովքները կը մոլորեցնէին եւ բաժանումներ կը պատճառէին։ Թերեւս կը թուէր թէ քրիստոնէութիւնը անհետանալու վրայ էր (Յդ. 4. Յայտ. 2։15, 20. 3։1, 17

Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը»՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած (տե՛ս պարբերութիւն 2)

2. Յայտնութիւն 7։9-14–ի համաձայն, Յովհաննէս ի՞նչ ապշեցուցիչ մարգարէական տեսիլք մը տեսաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։

2 Այս դժուար պարագաներուն մէջ, Յովհաննէս ապշեցուցիչ մարգարէական տեսիլք մը տեսաւ։ Անոր մէջ հրեշտակներու կ’ըսուի, որ մեծ նեղութեան կործանարար հովերը բռնեն, մինչեւ որ որոշ ծառաներու վերջնական կնքումը տեղի ունենայ (Յայտ. 7։1-3)։ Այդ ծառաներու խումբը որպէս ամբողջութիւն 144,000 է եւ անոնք Յիսուսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխեն (Ղուկ. 12։32. Յայտ. 7։4)։ Ետքը, Յովհաննէս կը նշէ ուրիշ խումբ մը, որ ա՛յնքան մեծ է որ ան կը բացագանչէ. «Ահա՛» (ԱԾ),– արտայայտութիւն մը, որ թերեւս ցոյց կու տայ իր զարմանքը, երբ անակնկալ բան մը տեսաւ։ Յովհաննէս ի՞նչ կը տեսնէ։ «Մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին» (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9-14)։ Երեւակայէ թէ Յովհաննէս որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, գիտնալով որ ապագային բիւրաւո՛ր մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի հետեւէին։

3. ա) Յովհաննէսի տեսիլքը ինչո՞ւ մեր հաւատքը պէտք է զօրացնէ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։

3 Անկասկած Յովհաննէսի հաւատքը զօրացաւ այդ տեսիլքով։ Որքա՜ն աւելի մեր հաւատքը պէտք է զօրանայ, քանի որ այդ տեսիլքին կատարման ժամանակամիջոցին մէջ կ’ապրինք։ Մեր օրերուն միլիոնաւորներ Եհովան կը պաշտեն եւ կը յուսան մեծ նեղութենէն վերապրիլ ու երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեծ բազմութեան ինքնութիւնը յայտնեց իր ժողովուրդին աւելի քան ութսուն տարի առաջ։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք այդ բազմութեան 1) չափը եւ 2) այլազանութիւնը։ Այս կէտերը պէտք է զօրացնեն բոլոր անոնց հաւատքը, որոնք կը յուսան այդ օրհնեալ խումբին մէկ մասը ըլլալ։

ՄԵԾ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ

4. Քրիստոնէական աշխարհը ո՞ր աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ, իսկ Աստուածաշունչի Աշակերտները այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս տարբեր էին։

4 Քրիստոնէական աշխարհը չի սորվեցներ այն աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը, թէ ապագային հնազանդ մարդիկը երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Ներկայիս, քրիստոնէական աշխարհի կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ, թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան, երբ կը մեռնին։ Բայց տարբեր գաղափար ունէին Աստուածաշունչի Աշակերտները, որոնք 1879–էն ի վեր կը հրատարակէին Դիտարան պարբերաթերթը։ Անոնք ըմբռնեցին թէ Աստուած երկիրը նորէն Դրախտի պիտի վերածէ եւ թէ միլիոնաւոր հնազանդ մարդիկ պիտի ապրին երկրի վրայ, եւ ոչ թէ երկինքը։ Սակայն, ժամանակ առաւ որ յստակօրէն բնորոշեն, թէ որո՛նք պիտի ըլլային այդ հնազանդ մարդիկը (Մատ. 6։10

5. Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչի՞ կը հաւատային 144,000–ին նկատմամբ։

5 Անշուշտ Աստուածաշունչի Աշակերտները Սուրբ Գրութիւններէն նաեւ զատորոշեցին, թէ ոմանք ‘երկրէն պիտի գնուէին’ Յիսուսի հետ երկինքի մէջ իշխելու համար (Յայտ. 14։3)։ Այդ խումբը պիտի կազմուէր 144,000 նախանձախնդիր ու նուիրուած քրիստոնեաներէ, որոնք երկրի վրայ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայած էին։ Իսկ ինչի՞ կը հաւատային մեծ բազմութեան նկատմամբ։

6. Աստուածաշունչի Աշակերտները մեծ բազմութեան առնչութեամբ ինչի՞ կը հաւատային։

6 Իր տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս տեսաւ որ մեծ բազմութիւնը «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էր» (Յայտ. 7։9)։ Աստուածաշունչի Աշակերտները այդ խօսքերէն հետեւցուցին, որ մեծ բազմութիւնը երկինքի մէջ պիտի ապրէր, 144,000–ին պէս։ Եթէ թէ՛ 144,000–ը եւ թէ մեծ բազմութիւնը երկինքը պիտի ըլլային, իրարմէ ինչպէ՞ս պիտի տարբերէին։ Աստուածաշունչի Աշակերտները կարծեցին որ մեծ բազմութիւնը կը բաղկանայ քրիստոնեաներէ, որոնք երկրի վրայ Աստուծոյ լիովին հնազանդ չէին։ Թէեւ բարոյապէս մաքուր կեանք վարեցին, բայց թերեւս իրենցմէ ոմանք եկեղեցիներու անդամ մնացին։ Աստուածաշունչի Աշակերտները եզրակացուցին, որ անոնք Աստուծոյ հանդէպ որոշ չափով նախանձախնդրութիւն ունէին, բայց բաւարար չէր, որպէսզի Յիսուսի հետ իշխէին։ Որովհետեւ մեծ բազմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ ջերմեռանդ սիրոյ պակաս ունէր, որակեալ պիտի ըլլար երկինքի մէջ ըլլալու՝ Աստուծոյ աթոռին կամ գահին առջեւ, եւ ոչ թէ գահերու վրայ։

7. ա) Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաձայն, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին որո՞նք երկրի վրայ պիտի ապրէին։ բ) Աստուածաշունչի Աշակերտները անցեալի հաւատարիմ տղամարդոց նկատմամբ ինչի՞ կը հաւատային։

7 Իսկ երկրի վրայ որո՞նք պիտի ապրէին։ Աստուածաշունչի Աշակերտները կը հաւատային, որ 144,000–ը եւ մեծ բազմութիւնը երկինքը ըլլալէ ետք, միլիոնաւորներու թոյլ պիտի տրուէր որ երկրի վրայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան օրհնութիւնները վայելէին։ Աստուածաշունչի Աշակերտները չխորհեցան, որ այդ միլիոնաւորները Եհովայի պիտի ծառայէին Հազարամեայ իշխանութենէն առաջ, հապա՝ թէ անոնք Եհովայի ճամբաները պիտի սորվէին Հազարամեային ընթացքին։ Անկէ ետք, Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրողները երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը պիտի վայելէին, իսկ անհնազանդները պիտի բնաջնջուէին։ Աստուածաշունչի Աշակերտները նաեւ խորհեցան, որ ոմանք՝ որոնք պիտի ծառայէին որպէս երկրային «իշխաններ»,– մէջը ըլլալով յարութիւն առած «վաղեմի արժանաւորները» (հաւատարիմ տղամարդիկ, որոնք Քրիստոսէ առաջ մեռան),– թերեւս Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան երկնային կեանքով վարձատրուին (Սաղ. 45։16

8. Ըստ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն, Աստուած ո՞ր երեք խումբերուն նկատմամբ նպատակ ունի։

8 Ուրեմն, Աստուածաշունչի Աշակերտները խորհեցան, որ երեք խումբեր կան. 1) 144,000–ը, որոնք Յիսուսի հետ պիտի իշխէին երկինքի մէջ, 2) նուազ նախանձախնդիր քրիստոնեաներէ բաղկացած մեծ բազմութիւնը, որոնք երկնքի մէջ աթոռին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ պիտի կենային, եւ 3) միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ Եհովայի ճամբաները պիտի սորվէին *։ Սակայն, Եհովայի յարմար ժամանակին, ճշմարտութեան լոյսը սկսաւ պայծառօրէն ծագիլ այս նիւթին շուրջ (Առ. 4։18

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՓԱՅԼԻ

1935–ի համաժողովին, երկրային յոյս ունեցող բազմաթիւ անհատներ մկրտուեցան (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9. ա) Ի՞նչ առումով մեծ բազմութիւնը երկրի վրայ կրնայ կենալ «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ»։ բ) Յայտնութիւն 7։9–ի այս հասկացողութիւնը ինչո՞ւ տրամաբանական է։

9 1935–ին, մեծ բազմութեան ինքնութիւնը յստակ դարձաւ։ Եհովայի վկաները անդրադարձան, որ մեծ բազմութիւնը պայման չէ որ բառացիօրէն երկինքի մէջ ըլլայ, որպէսզի ‘աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կենայ’։ Ատիկա այլաբանական իմաստ ունի։ Թէեւ անոնք երկրի վրայ կ’ապրին, կրնան ‘աթոռին առջեւ կենալ’՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը ընդունելով եւ իրեն հնազանդելով (Եսա. 66։1)։ Եւ կրնան ‘Գառնուկին առջեւ կենալ’՝ Յիսուսի փրկանքին հաւատալով։ Նոյնպէս, Մատթէոս 25։31, 32–ի մէջ կ’ըսուի, որ Յիսուսի փառաց աթոռին առջեւ «պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը», մէջը ըլլալով չարերը։ Յստակ է որ այս բոլոր ազգերը երկինքի մէջ չեն, հապա երկրի վրայ են։ Այս ճշդուած հասկացողութիւնը տրամաբանական է, եւ կ’օգնէ տեսնելու թէ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ չ’ըսեր որ մեծ բազմութիւնը երկինք պիտի առնուի։ Միայն մէկ խումբի խոստացուած է յաւիտենական կեանք երկինքի մէջ,– 144,000–ը, որոնք Յիսուսի հետ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտ. 5։10

10. Ինչո՞ւ հարկ է որ մեծ բազմութիւնը Եհովայի ճամբաները սորվի Հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ։

10 Ուստի, 1935–էն ի վեր, Եհովայի վկաները հասկցած են, որ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջի մեծ բազմութիւնը կը բաղկանայ խումբ մը հաւատարիմ քրիստոնեաներէ, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին։ Մեծ նեղութենէն վերապրելու համար, մեծ բազմութիւնը պէտք է Եհովայի ճամբաները սորվի Հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ։ Անոնք պէտք է զօրաւոր հաւատք ցուցաբերեն, որպէսզի ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատին’, Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ (Ղուկ. 21։34-36

11. Ինչո՞ւ կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ կարծեցին, որ ոմանք Հազարամեային վերջաւորութեան թերեւս երկինք առնուին։

11 Ի՞նչ կարելի է ըսել այն տեսակէտին մասին, որ երկրի վրայ օրինակելի անհատներէն ոմանք Հազարամեային վերջաւորութեան երկինք պիտի առնուին։ Ատոր մասին նշուեցաւ Դիտարան–ի 15 փետրուար 1913 թիւին մէջ։ Մէկը կրնար պատճառաբանել. ‘Ինչո՞ւ անցեալի հաւատարիմ տղամարդիկը պարզապէս երկիրը պիտի ժառանգեն, մինչդեռ քրիստոնեաներ, որոնք նոյնքան հաւատարիմ չէին, երկնային կեանք պիտի ստանան’։ Անշուշտ, այդ մտածումը հիմնուած էր երկու սխալ ենթադրութիւններու վրայ. 1) մեծ բազմութիւնը երկինքի մէջ պիտի ապրի եւ 2) մեծ բազմութիւնը նուազ նախանձախնդիր քրիստոնեաներէ կը բաղկանայ։

12-13. Վարձատրութեան նկատմամբ, օծեալները եւ մեծ բազմութիւնը ի՞նչ բանի կը գիտակցին։

12 Սակայն, ինչպէս որ տեսանք, 1935–էն ի վեր, Եհովայի վկաները յստակօրէն հասկցած են թէ Արմագեդոնէն վերապրողները Յովհաննէսի տեսիլքին մէջի մեծ բազմութիւնն են։ Անոնք ‘մեծ նեղութենէն պիտի գան’՝ երկրի՛ վրայ, եւ պիտի շարունակեն մեծաձայն աղաղակել. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին» (Յայտ. 7։10, 14)։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ յարութիւն առնելով երկինք գացողները «աւելի աղէկ բան մը» կը ստանան, քան՝ անցեալի հաւատարիմ տղամարդիկը (Եբ. 11։40)։ Այս նոր հասկացողութիւնը եղբայրները մղեց որ խանդավառօրէն մարդիկը քաջալերեն, որ Եհովայի ծառայեն եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենան։

13 Մեծ բազմութենէն եղողները իրենց յոյսով կ’ուրախանան։ Անոնք կ’ըմբռնեն որ Եհովա՛ն կ’որոշէ, թէ իր ծառաները ո՛ւր իրեն պիտի ծառայեն,– երկինքին մէջ թէ երկրի վրայ։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ մեծ բազմութիւնը կը գիտակցին, որ իրենց վարձատրութիւնը կարելի է միայն Եհովայի շնորհքին շնորհիւ, որ ցոյց տուաւ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքը կարգադրելով (Հռով. 3։24

ՉԱՓՈՎ ՄԵԾ Է

14. 1935–էն ետք, ինչո՞ւ շատեր հարց տուին, թէ մեծ բազմութեան մասին մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր։

14 1935–ին Եհովայի ժողովուրդին հասկացողութիւնը ճշդուելէ ետք, շատեր հարց կու տային, թէ երկրային յոյս ունեցողները ինչպէ՛ս բազմաթիւ պիտի ըլլային։ Օրինակ, Ռոնալտ Փարքըն 12 տարեկան էր, երբ մեծ բազմութեան ինքնութիւնը յստակացաւ։ Ան կը յիշէ. «Այդ ատեն, աշխարհի տարածքին շուրջ 56,000 հրատարակիչներ կային, եւ անոնցմէ շատեր,– թերեւս մեծամասնութիւնը,– օծեալ էին։ Ուստի, մեծ բազմութիւնը շատ մեծ չէր թուեր»։

15. Մեծ բազմութեան ժողվուիլը ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է։

15 Սակայն յաջորդ տասնամեակներուն ընթացքին, միսիոնարներ ղրկուեցան շատ մը երկիրներ, եւ Եհովայի վկաներուն թիւը երթալէն աւելցաւ։ Ետքը, 1968–ին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիր մը սկսաւ՝ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը գործածելով։ Այս գիրքին մէջ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու պարզ բացատրութիւնը շատ մը մարդիկ Եհովային քաշեց որեւէ ժամանակէ աւելի։ Չորս տարուան ընթացքին, աւելի քան կէս միլիոն աշակերտներ մկրտուեցան։ Երբ կաթողիկէ եկեղեցիին հեղինակութիւնը տկարացաւ Լատին Ամերիկայի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ, եւ երբ Արեւելեան Եւրոպայի եւ ափրիկեան երկիրներու մէջ մեր գործունէութեան արգիլումը վերցուեցաւ, միլիոնաւորներ եւս մկրտուեցան (Եսա. 60։22)։ Վերջին տարիներուն, Եհովայի կազմակերպութիւնը զանազան ազդու գործիքներ պատրաստած է, մարդոց օգնելու որ Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվին։ Յստակ է որ մեծ բազմութիւն մը ժողվուած է, որ ներկայիս աւելի քան ութ միլիոնի հասած է։

ԱՅԼԱԶԱՆ Է

16. Որո՞նք մեծ բազմութիւնը կը կազմեն։

16 Յովհաննէս առաքեալ նշեց, թէ մեծ բազմութեան անդամները պիտի գային «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Զաքարիա մարգարէն նախապէս նոյնանման բան մը մարգարէացած էր՝ ըսելով. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’» (Զաք. 8։23

17. Բոլոր ազգերէ եւ լեզուներէ եղող մարդոց ի՞նչ օգնութիւն կը տրուի։

17 Եհովայի վկաները կը գիտակցին, թէ բոլոր լեզուներէն մարդիկ ժողվուելու համար, բարի լուրը պէտք է բազմաթիւ լեզուներով քարոզուի։ Մենք Աստուածաշունչի սերտողութեան նիւթեր թարգմանած ենք աւելի քան 130 տարիներու ընթացքին, բայց այժմ պատմութեան մէջ ամէնէն լայնածաւալ թարգմանչական գործը կը կատարենք՝ հարիւրաւոր լեզուներով։ Յստակ է որ Եհովան մեր օրերուն հրաշք մը կը գործէ. ան բոլոր ազգերէն մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքէ։ Հոգեւոր սնունդը հարիւրաւոր լեզուներով մատչելի ըլլալով, այս այլազան խումբը պաշտամունքի մէջ միացած է։ Եւ անոնք ճանչցուած են նախանձախնդրօրէն քարոզելով եւ եղբայրական սիրով։ Ասիկա որքա՜ն մեր հաւատքը կը զօրացնէ (Մատ. 24։14. Յովհ. 13։35

ՏԵՍԻԼՔԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

18. ա) Եսայի 46։10, 11–ի համաձայն, ինչո՞ւ մեծ բազմութեան վերաբերող մարգարէութեան կատարումը մեզ չի զարմացներ։ բ) Ինչո՞ւ երկրային յոյս ունեցողները բանէ մը զրկուած չեն զգար։

18 Մենք ամէն պատճառ ունինք մեծ բազմութեան վերաբերող մարգարէութեան համար ուրախանալու։ Չենք զարմանար որ Եհովան այդ մարգարէութիւնը հիանալի կերպով կատարած է (կարդա՛ Եսայի 46։10, 11)։ Մեծ բազմութենէն եղող անհատները երախտապարտ են այն յոյսին համար, որ Եհովան իրենց տուած է։ Անոնք չեն զգար որ բանէ մը զրկուած են, քանի որ Աստուծոյ հոգիով չեն օծուած, որպէսզի Յիսուսի հետ երկինքի մէջ ծառայեն։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք սուրբ հոգիով առաջնորդուեցան, բայց եւ այնպէս՝ 144,000–էն չեն։ Օրինակ մըն է՝ Յովհաննէս Մկրտիչ (Մատ. 11։11)։ Ուրիշ օրինակ մըն է՝ Դաւիթ (Գործք 2։34)։ Անոնք եւ անհամար ուրիշներ յարութիւն պիտի առնեն դրախտային երկրի վրայ։ Բոլորը, մէջը ըլլալով մեծ բազմութիւնը, առիթը պիտի ունենան Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տալու եւ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու։

19. Մեծ բազմութեան մասին Յովհաննէսի տեսիլքին կատարումը տեսնելով, ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ որ հրատապ ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։

19 Մարդկութեան պատմութեան մէջ բնա՛ւ չէ եղած, որ Աստուած բոլոր ազգերէն միլիոնաւոր մարդիկ միացուցած է։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ ապրիլ երկինքը կամ երկրի վրայ, պէտք է կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնենք, որ «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութեան մաս կազմեն (Յովհ. 10։16)։ Շուտով Եհովան մարգարէացուած մեծ նեղութիւնը պիտի բերէ, որ պիտի կործանէ կառավարութիւններն ու կրօնքները, որոնք մարդկութիւնը չարչարած են։ Մեծ բազմութեան բոլոր անդամները ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում ունին. երկրի վրայ յաւիտեան Եհովայի ծառայել (Յայտ. 7։14

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

^ պարբ. 5 Յօդուածը պիտի քննարկէ Յովհաննէսի մարգարէական տեսիլքը «մեծ բազմութեան մը» մասին։ Անկասկած, քննարկութիւնը պիտի զօրացնէ անոնց հաւատքը, որոնք այդ օրհնեալ խումբին կը պատկանին։

^ պարբ. 8 Տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, էջ 159-163 (անգլերէն)։