Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

Յօժարաբար Եհովային հնազանդէ

Յօժարաբար Եհովային հնազանդէ

«Որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք. . . Հօրը» (ԵԲ. 12։9

ԵՐԳ 46 Եհովան մեր Թագաւորն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովայի հնազանդինք։

ՄԵՆՔ պէտք է Եհովայի հնազանդինք ու ենթարկուինք, քանի որ մեր Ստեղծիչն է։ Եւ Ստեղծիչը ըլլալով, ան իրաւունքը ունի մեզի ըսելու թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք (Յայտ. 4։10բ)։ Իսկ իրեն հնազանդելու ուրիշ լաւ պատճառ մը այն է, որ իր իշխելու կերպը լաւագոյն կերպն է։ Պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ մարդկային կառավարիչներ ուրիշներու վրայ իշխած են։ Բայց երբ անոնց իշխելու կերպը համեմատենք Եհովայի իշխելու կերպին հետ, կը տեսնենք որ Եհովան ամէնէն իմաստուն, սիրալիր, ողորմած եւ գթասիրտ Կառավարիչն է (Ել. 34։6. Հռով. 16։27. Ա. Յովհ. 4։8

2. Եբրայեցիս 12։9-11–ը Եհովային հնազանդելու ի՞նչ պատճառներ կու տայ։

2 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն հնազանդինք, ոչ միայն քանի որ իրմէ պատշաճօրէն կը վախնանք, հապա քանի որ զինք կը սիրենք որպէս մեր գթասիրտ Հայրը։ Եբրայեցիս նամակին մէջ, Պօղոս կը բացատրէ որ պէտք է յօժարաբար ‘հնազանդինք Հօրը’, քանի որ «մեր օգտին համար» մեզ կը կրթէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։9-11

3. ա) Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ Եհովային կ’ենթարկուինք։ բ) Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

3 Մենք Եհովային կ’ենթարկուինք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ ամէն բանի մէջ իրեն հնազանդինք, եւ երբ մեր հասկացողութեան վստահելու հակումին դէմ կը դնենք (Առ. 3։5)։ Մեզի համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ Եհովային հնազանդիլ, երբ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին աւելին գիտնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր բոլոր գործերուն ետին այդ յատկութիւնները կան (Սաղ. 145։9)։ Եհովայի մասին ո՛րքան աւելի գիտնանք, ա՛յնքան աւելի զինք պիտի սիրենք։ Եւ երբ զինք սիրենք, պէտք չենք ունենար շարք մը կանոններու, գիտնալու համար թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։ Ջանք կ’ընենք որ Եհովայի ուզած կերպով մտածենք եւ զգանք ու չարութենէն խուսափինք (Սաղ. 97։10)։ Սակայն, երբեմն ինչո՞ւ դժուար կ’ըլլայ Եհովային հնազանդիլ։ Եւ երէցները, հայրերն ու մայրերը ի՞նչ կրնան սորվիլ Նէեմիա կառավարիչէն, Դաւիթ թագաւորէն եւ Մարիամէն՝ Յիսուսի մօրմէն։ Յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՐՆԱՅ ԴԺՈՒԱՐ ԸԼԼԱԼ

4-5. Հռովմայեցիս 7։21-23–ի համաձայն, ինչո՞ւ Աստուծոյ ենթարկուիլը կրնայ դժուար ըլլալ։

4 Պատճառ մը թէ ինչո՛ւ թերեւս դժուար ըլլայ Եհովայի հնազանդիլ, այն է՝ որ բոլորս մեղքը ժառանգած ենք եւ անկատար ենք։ Անոր համար, ըմբոստանալու հակումը ունինք։ Երբ Ադամ ու Եւա արգիլուած պտուղէն ուտելով Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան, իրենք դրին իրենց չափանիշները (Ծն. 3։22)։ Ներկայիս մարդոց մեծ մասը Ադամին ու Եւային պէս Եհովան կ’անտեսէ. անոնք կ’ուզեն իրե՛նք որոշել թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ։

5 Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք Աստուած կը ճանչնան ու կը սիրեն, թերեւս դժուարութիւն ունենան իրեն լիովին ենթարկուելու։ Պօղոս առաքեալ այս դժուարութիւնը ունեցաւ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-23)։ Պօղոսին պէս, մենք ալ կ’ուզենք Եհովայի աչքին ճիշդ եղածը ընել։ Բայց սխալ բաներ ընելու հակումին դէմ միշտ պէտք է պայքարինք։

6-7. Ո՞ր երկրորդ պատճառով Եհովայի ենթարկուիլը կրնայ դժուար ըլլալ. օրինակ մը տուր։

6 Ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ Եհովայի ենթարկուիլը կրնայ դժուար ըլլալ, այն է՝ որ մենք կ’ազդուինք այն մշակոյթէն, որուն մէջ մեծցած ենք։ Շատեր մեզի պիտի ըսեն բաներ, որոնք տարբեր են Եհովայի ուզածէն։ Ուստի պէտք է շարունակենք ջանք թափել, որ այդ մարդոց պէս չմտածենք։ Նկատի առ օրինակ մը։

7 Կարգ մը շրջաններու մէջ, պատանիները ճնշումի տակ կը դրուին, որ շատ դրամ շահելու ետեւէ ըլլան։ Ռոզ * անունով քոյր մը այս դժուարութիւնը դիմագրաւեց։ Եհովայի մասին գիտնալէ առաջ, ան իր երկրին ամէնէն համբաւաւոր համալսարաններէն մէկը յաճախեց։ Ռոզին ընտանիքը զինք ճնշեց որ դիմէ գործի մը, որ շահաբեր եւ պատուաբեր է։ Ինքն ալ այդպէս ուզեց։ Սակայն Եհովան ճանչնալէ եւ զինք սիրելէ ետք, իր նպատակակէտերը փոխեց։ Ասով հանդերձ, տակաւին իրեն համար դիւրին չէր։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն, շատ դրամ շահելու առիթ մը առջեւս կ’ելլէ, բայց գիտեմ որ արգելք պիտի ըլլայ, որ հիմակուան տարողութեամբ Եհովային ծառայեմ։ Ինծի տրուած կրթութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ‘ո՛չ’ ըսելու դժուարանամ։ Եհովային միշտ կ’աղաչեմ որ ինծի օգնէ, որ չընդունիմ գործ մը որ կրնայ արգելք ըլլալ իր ծառայութեան մէջ լաւագոյնս ընելու» (Մատ. 6։24

8. Այժմ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

8 Եհովայի ենթարկուելով եւ հնազանդելով մե՛նք կ’օգտուինք։ Բայց երբ որոշ հեղինակութիւն ունեցողները, ինչպէս՝ երէցները, հայրերն ու մայրերը, Աստուծոյ ուղղութեան հետեւին, ուրիշներուն ալ կ’օգտեն։ Աստուածաշունչէն քննարկենք օրինակներ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն հեղինակութիւնը ստանձնել Եհովայի հաճած կերպով։

ԵՐԷՑՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ՍՈՐՎԻԼ ՆԷԵՄԻԱՅԷՆ

Երէցները Թագաւորութեան սրահի շինարարութեան կը մասնակցին, ինչպէս որ Նէեմիան Երուսաղէմի վերաշինութեան մէջ անձամբ բաժին բերաւ (տե՛ս պարբերութիւն 9-11) *

9. Նէեմիան ի՞նչ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ։

9 Եհովան երէցներուն վստահած է իր ժողովուրդը հովուելու կարեւոր պատասխանատուութիւնը (Ա. Պետ. 5։2)։ Անոնք շատ բան կրնան սորվիլ, քննելով թէ Նէեմիան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Եհովայի ժողովուրդին հետ։ Յուդայի կառավարիչը ըլլալով, Նէեմիան մեծ հեղինակութիւն ունէր (Նէ. 1։11. 2։7, 8. 5։14)։ Երեւակայէ անոր դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները։ Ան տեղեկացաւ որ ժողովուրդը տաճարը պղծած էր եւ ղեւտացիներուն նիւթապէս թիկունք չէր կանգներ, ինչպէս որ Օրէնքը կը պահանջէր։ Անոնք Շաբաթի օրէնքը կը բեկանէին եւ կարգ մը տղամարդիկ ամուսնացած էին օտարազգի կիներու հետ։ Նէեմիան այս դժուար կացութեան հետ գլուխ պէտք էր ելլէր (Նէ. 13։4-30

10. Նէեմիան ինչպէ՞ս հակազդեց իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

10 Նէեմիան իր հեղինակութիւնը չարաչար չգործածեց ժողովուրդը ստիպելով, որ իր գաղափարներուն հետեւի, հապա սրտագին աղօթքով Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեց եւ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցուց (Նէ. 1։4-10. 13։1-3)։ Ան նաեւ խոնարհաբար ժողովուրդին հետ աշխատեցաւ, նոյնիսկ իրենց օգնելով որ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինեն (Նէ. 4։15

11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8–ի համաձայն, երէցները ժողովքի անդամներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

11 Ճիշդ է որ երէցները Նէեմիայի ունեցած դժուարութիւնները չունին, բայց կրնան շատ մը կերպերով զինք ընդօրինակել։ Օրինակ, անոնք շատ ջանք կը թափեն՝ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու։ Եւ իրենց հեղինակութեան պատճառաւ չեն հպարտանար, հապա ժողովքին հետ քնքշութեամբ կը վարուին (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8)։ Իրենց խոնարհութիւնը եւ անկեղծ սէրը կը ձգեն որ ուրիշներու հետ ազնուօրէն խօսին։ Էնտրու, որ տարիներէ ի վեր երէց է, կ’ըսէ. «Նկատած եմ որ երբ երէց մը ազնիւ ու բարեկամական է, եղբայրներն ու քոյրերը ընդհանրապէս լաւ կ’ընդառաջեն եւ կը մղուին երէցներուն հետ համագործակցելու»։ Թոնին, որ եւս տարիներէ ի վեր երէց է, կ’ըսէ. «Կը ջանամ Փիլիպպեցիս 2։3–ի խրատը գործադրել եւ միշտ ուրիշները ինձմէ գերազանց նկատել։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ բռնապետի պէս չվարուելու»։

12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները խոնարհ ըլլան։

12 Եհովային պէս, երէցները պէտք է խոնարհ ըլլան։ Տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալով հանդերձ, Եհովան ‘կը խոնարհի, աղքատը փոշիէն վեր վերցնելու համար’ (Սաղ. 18։35. 113։6, 7)։ Իսկ հպարտները կ’ատէ (Առ. 16։5

13. Երէցը ինչո՞ւ պէտք է ‘իր լեզուին սանձ դնէ’։

13 Այն երէցը, որ Եհովայի կը հնազանդի, ‘իր լեզուին սանձ կը դնէ’։ Այլապէս, անազնիւ կերպով պիտի խօսի, երբ մէկը իրեն հանդէպ անյարգալից գտնուի (Յակ. 1։26. Գաղ. 5։14, 15)։ Նախապէս նշուած Էնտրուն կ’ըսէ. «Երբեմն ուզած եմ անազնիւ կերպով խօսիլ եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ, որ զիս չէ յարգած իբրեւ երէց։ Բայց Աստուածաշունչին նշած հաւատարիմ տղամարդոց մասին խոկալը ինծի օգնած է, որ տեսնեմ թէ որքա՜ն կարեւոր է խոնարհ եւ հեզ ըլլալ»։ Երէց մը ցոյց կու տայ, որ Եհովային կ’ենթարկուի ու կը հնազանդի, երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կամ միւս երէցներուն հետ ազնիւ եւ սիրալիր կերպով խօսի (Կող. 4։6

ՀԱՅՐԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ՍՈՐՎԻԼ ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐԷՆ

14. Եհովան հայրերուն ի՞նչ դեր նշանակած է եւ անոնցմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

14 Եհովան հայրը նշանակած է որպէս ընտանիքի գլուխ եւ կ’ակնկալէ որ զաւակները մարզէ ու կրթէ (Ա. Կոր. 11։3. Եփ. 6։4)։ Բայց հօր հեղինակութիւնը սահմանափակ է. ան պատասխանատու է Եհովային առջեւ, որմէ ամէն ընտանիք անուն կ’առնէ (Եփ. 3։14, 15)։ Հայրերը ցոյց կու տան որ Եհովային կը հնազանդին, իրենց հեղինակութիւնը աստուածահաճոյ կերպով գործածելով։ Անոնք շատ բան կրնան սորվիլ Դաւիթ թագաւորի կենսագրութիւնը սերտելով։

Քրիստոնեայ հօր մը աղօթքները պէտք է ցոյց տան որ խոնարհ է (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Դաւիթ թագաւորը ինչո՞ւ հայրերուն համար լաւ օրինակ է։

15 Եհովան Դաւիթը նշանակեց որպէս գլուխ՝ ոչ միայն իր ընտանիքին, հապա նաեւ ամբողջ իսրայէլ ազգին։ Թագաւոր ըլլալով, Դաւիթ շատ մեծ հեղինակութիւն ունէր։ Երբեմն իր հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածեց եւ լուրջ սխալներ ըրաւ (Բ. Թագ. 11։14, 15)։ Բայց ան Եհովայի ենթարկուեցաւ, իրեն տրուած կրթութիւնը ընդունելով։ Աղօթքով իր սիրտը թափեց Եհովային առջեւ եւ ամէն ջանք ըրաւ որ իրեն հնազանդի (Սաղ. 51։1-4)։ Ասկէ զատ, ան այնքա՛ն խոնարհ էր, որ խրատ ընդունեց ոչ միայն տղամարդոցմէ, հապա նաեւ կիներէ (Ա. Թագ. 19։11, 12. 25։32, 33)։ Ան իր սխալներէն սորվեցաւ եւ Եհովայի ծառայելը իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը դարձուց։

16. Հայրերը ի՞նչ դասեր կրնան սորվիլ Դաւիթէն։

16 Նկատի առ կարգ մը դասեր, որոնք հայրերը կրնան Դաւիթ թագաւորէն սորվիլ. չարաչար մի՛ գործածեր Եհովայի կողմէ քեզի տրուած հեղինակութիւնը։ Սխալներդ ընդունէ, եւ քեզի տրուած աստուածաշնչական խրատին ականջ տուր։ Եթէ այդպէս ընես, ընտանիքդ քեզ պիտի յարգէ խոնարհութեանդ համար։ Երբ կ’աղօթես ընտանիքիդ հետ, սիրտդ թափէ Եհովային առջեւ, եւ այսպէս ընտանիքդ պիտի տեսնէ, թէ որքա՜ն իր օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը կը փնտռես։ Իսկ ամենակարեւորը, Եհովայի ծառայելը կեանքիդ առանցքը դարձուր (Բ. Օր. 6։6-9)։ Քու լաւ օրինակդ ամէնէն արժէքաւոր նուէրներէն մէկն է, որ կրնաս ընտանիքիդ տալ։

ՄԱՅՐԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ՍՈՐՎԻԼ ՄԱՐԻԱՄԷՆ

17. Եհովան մայրերուն ի՞նչ դեր տուած է։

17 Զաւակներուն նկատմամբ, Եհովան մայրերուն կարեւոր դեր եւ որոշ հեղինակութիւն տուած է (Առ. 6։20)։ Մօր մը ըսածներն ու ըրածները կրնան զաւակներուն վրայ մնայուն ազդեցութիւն ձգել (Առ. 22։6)։ Նկատէ թէ մայրերը ի՛նչ կրնան սորվիլ Մարիամէն՝ Յիսուսի մօրմէն։

18-19. Մայրերը ի՞նչ կրնան սորվիլ Մարիամի օրինակէն։

18 Մարիամ Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր։ Ան Եհովայի հանդէպ խոր յարգանք եւ իրեն հետ սերտ բարեկամութիւն ունէր։ Ան պատրաստ էր Եհովային խնդրածը ընելու, թէեւ ասիկա նշանակեց որ իր կենցաղը բոլորովին պիտի փոխուէր (Ղուկ. 1։35-38, 46-55

Եթէ մայր մը յոգնած կամ բարկացած է, պէտք է աւելի ջանք թափէ որ իր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ իր սէրը ցոյց տայ (տե՛ս պարբերութիւն 19) *

19 Ո՛վ մայրեր, դուք կրնաք Մարիամը ընդօրինակել զանազան կերպերով։ Ինչպէ՞ս։ Առաջին, պէտք է Եհովային հետ ձեր բարեկամութիւնը զօրաւոր պահէք՝ Աստուածաշունչի անձնական սերտողութիւն ունենալով եւ կանոնաւորաբար աղօթելով։ Երկրորդ, պէտք է պատրաստ ըլլաք ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու՝ Եհովան հաճեցնելու համար։ Օրինակ, թերեւս մեծցար ծնողներու կողմէ, որոնք շատ շուտ կը բարկանային եւ քեզի հետ կոշտ կերպով կը խօսէին։ Ուստի թերեւս այն մտածելակերպը ունեցար, թէ զաւակներու հետ այս կերպով վարուիլը բնական է։ Նոյնիսկ հիմա որ գիտցար թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ պզտիկներուդ հետ վարուիս, թերեւս տակաւին դժուարութիւն կ’ունենաս հանդարտ եւ համբերատար մնալու, մանաւանդ երբ յոգնած ատենդ քեզի չեն հնազանդիր (Եփ. 4։31)։ Այս պարագային, շատ կարեւոր է որ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրես։ Լիդիա անունով մայր մը կ’ըսէ. «Երբեմն, երբ տղաս խօսքս մտիկ չէր ըներ, կը ստիպուէի ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթել, որպէսզի բարկութեամբ անոր հետ չխօսիմ։ Եղած է որ խօսելու ատեն նախադասութիւնս կէս ձգած եմ եւ մտքիս մէջ Եհովայի օգնութիւնը խնդրած եմ։ Աղօթքը կը ձգէ որ հանդարտ մնամ» (Սաղ. 37։5

20. Կարգ մը մայրեր ի՞նչ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն, եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն յաղթահարել։

20 Կարգ մը մայրերու համար դժուար կ’ըլլայ զաւակներուն հանդէպ իրենց ունեցած սէրը արտայայտել (Տիտ. 2։3, 4)։ Անոնցմէ ոմանք մեծցած են ընտանիքի մը մէջ, ուր ծնողները զաւակներուն հետ ջերմ յարաբերութիւն չեն ունեցած։ Եթէ այս է պարագադ, ծնողքիդ սխալները մի՛ կրկներ։ Այն մայրը, որ Եհովայի կամքին կ’ենթարկուի, թերեւս ստիպուի սորվիլ թէ ինչպէ՛ս իր զաւակներուն հանդէպ սէր արտայայտէ։ Թերեւս իրեն համար դժուար ըլլայ իր մտածումները, զգացումները եւ վարուելակերպը փոխել, բայց ասիկա կրնա՛յ ընել։ Եւ իր ըրած փոփոխութիւնները պիտի օգտեն թէ՛ իրեն եւ թէ իր ընտանիքին։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ

21-22. Եսայի 65։13, 14–ի համաձայն, Եհովայի հնազանդելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

21 Դաւիթ թագաւոր գիտէր թէ Եհովայի հնազանդելով ի՛նչ օգուտներ պիտի քաղէր։ Ան գրեց. «Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։ Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է» (Սաղ. 19։8, 11)։ Ներկայիս, Եհովայի հնազանդողներուն եւ իր սիրալիր խրատները մերժողներուն միջեւ տարբերութիւնը բացայայտ է։ Անոնք որ Եհովայի կը հնազանդին ու կ’ենթարկուին, ‘սրտի ուրախութեամբ կը ցնծան’ (կարդա՛ Եսայի 65։13, 14

22 Երբ երէցները, հայրերն ու մայրերը յօժարաբար Եհովային կը հնազանդին, իրենց կեանքը կը բարելաւուի, իրենց ընտանիքը աւելի ուրախ կ’ըլլայ եւ ամբողջ ժողովքը աւելի միացած կ’ըլլայ։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, անոնք Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնեն (Առ. 27։11)։ Ասկէ աւելի մեծ վարձատրութիւն կա՞յ։

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

^ պարբ. 5 Յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ինչո՛ւ պէտք է Եհովային հնազանդինք ու ենթարկուինք։ Նաեւ նկատի պիտի առնէ, թէ երէցները, հայրերն ու մայրերը,– որոնք բոլորն ալ որոշ հեղինակութիւն ունին,– ի՛նչ կրնան սորվիլ Նէեմիա կառավարիչէն, Դաւիթ թագաւորէն եւ Մարիամէն՝ Յիսուսի մօրմէն։

^ պարբ. 7 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը իր տղուն հետ Թագաւորութեան սրահը կը նորոգէ, ինչպէս որ Նէեմիան Երուսաղէմի պարիսպներուն վերաշինութեան մէջ անձամբ բաժին բերաւ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայր մը իր ընտանիքին հետ Եհովային անկեղծօրէն կ’աղօթէ։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տղայ մը ժամերով վիտէոյի խաղեր խաղցած է եւ իր դպրոցական պարտականութիւնները չէ ամբողջացուցած։ Իր մայրը թէեւ գործէն յոգնած է, զինք կը խրատէ առանց բարկանալու եւ կոշտ խօսքեր ըսելու։