Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38

Խաղաղութեան ժամանակ՝ իմաստութեամբ վարուէ

Խաղաղութեան ժամանակ՝ իմաստութեամբ վարուէ

«Այն տարիներուն մէջ երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար, վասն զի Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ» (Բ. Մն. 14։6

ԵՐԳ 144 Կեանքեր վտանգի տակ են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովայի ծառայելը ե՞րբ կրնայ դժուար ըլլալ։

ՔՈՒ ԿԱՐԾԻՔՈՎԴ, Եհովայի ծառայելը ե՞րբ աւելի դժուար կ’ըլլայ. երբ լեցուն խնդիրնե՞ր ունիս, թէ՞ երբ կեանքդ որոշ չափով խաղաղ է։ Երբ դժուարութիւններ ունենանք, ինքնաբերաբար Եհովայի կ’ապաւինինք։ Բայց ի՞նչ կ’ընենք, երբ հանգիստ կեանք կը վարենք։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մոռնանք Աստուծոյ ծառայելու կարեւորութիւնը։ Եհովան իսրայէլացիները նախազգուշացուց ճիշդ այս վտանգէն (Բ. Օր. 6։10-12

Ասա թագաւոր սուտ պաշտամունքին դէմ վճռական քայլեր առաւ (տե՛ս պարբերութիւն 2) *

2. Ասա թագաւոր ի՞նչ օրինակ ձգեց։

2 Ասա թագաւորը հոյակապ օրինակ մըն է որպէս մէկը, որ իմաստութեամբ վարուեցաւ՝ Աստուծոյ ամբողջովին ապաւինելով։ Ան Եհովայի ծառայեց ոչ միայն դժուար ժամանակներուն, հապա նաեւ խաղաղ ժամանակներուն։ Իր կանուխ տարիքէն, ‘Ասային սիրտը Տէրոջը հետ կատարեալ էր’ (Գ. Թագ. 15։14)։ Ասիկա փաստեց, երբ Յուդային մէջ սուտ պաշտամունքին վերջ դրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ան «օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ» (Բ. Մն. 14։3, 5)։ Ան նոյնիսկ Մաաքան՝ իր մեծ մայրը, մայր–թագուհութենէ պաշտօնազրկեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Մաաքան յառաջ կը մղէր կուռքի մը պաշտամունքը (Գ. Թագ. 15։11-13

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Ասան սուտ պաշտամունքը վերցնելէն աւելին ըրաւ։ Ան մաքուր պաշտամունքը յառաջ մղեց, Յուդայի թագաւորութեան օգնելով որ Եհովային վերադառնայ։ Եհովան Ասան ու իսրայէլացիները օրհնեց, անոնց տալով խաղաղութեան * ժամանակ մը։ Ասայի իշխանութեան ընթացքին, «երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ» (Բ. Մն. 14։1, 4, 6)։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ Ասա ինչպէ՛ս գործածեց խաղաղութեան այդ ժամանակը։ Ետքը նկատի պիտի առնենք առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակը, որոնք՝ Ասային պէս՝ խաղաղութեան ժամանակ մը օգտագործեցին։ Ի վերջոյ, պիտի պատասխանենք հետեւեալ հարցումին. եթէ կ’ապրիս երկրի մը մէջ, ուր Եհովան ազատօրէն կը պաշտես, ինչպէ՞ս կրնաս խաղաղութեան ժամանակը իմաստութեամբ գործածել։

ԱՍԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՐԾԱԾԵՑ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

4. Բ. Մնացորդաց 14։2, 6, 7–ի համաձայն, Ասան խաղաղութեան ժամանակը ինչպէ՞ս գործածեց։

4 Կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 14։2, 6, 7։ Ասան ժողովուրդին ըսաւ, որ Եհովան էր որ «ամէն կողմէ [իրենց] հանգստութիւն տուաւ»։ Ասան չխորհեցաւ, թէ խաղաղութեան այդ ժամանակաշրջանը հանգչելու համար էր։ Ընդհակառակը, ան սկսաւ քաղաքներ, պարիսպներ, աշտարակներ եւ դռներ շինել։ Ան Յուդայի բնակիչներուն ըսաւ. «Այս երկիրը. . . մեր իշխանութեան տակն է»։ Ըսել ուզեց, թէ քանի որ երկրին մէջ չկային թշնամիներ, որ իրենց հակառակէին, իրենք պիտի կարենային ազատօրէն շրջիլ ու կառուցանել։ Ուստի ան ժողովուրդը յորդորեց, որ խաղաղութեան այս ժամանակը օգտագործեն։

5. Ասան ինչո՞ւ իր բանակը զօրացուց։

5 Ասան խաղաղութեան ժամանակը նաեւ գործածեց իր բանակը զօրացնելու համար (Բ. Մն. 14։8)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ան Եհովային չէր ապաւիներ։ Ո՛չ։ Ասան գիտէր թէ որպէս թագաւոր իր պարտականութիւնն էր, որ ժողովուրդը պատրաստէր նեղութիւններու, որոնք կրնային ապագային պատահիլ։ Ան գիտէր որ Յուդայի վայելած խաղաղ ժամանակաշրջանը ժամանակաւոր պիտի ըլլար, եւ այդպէս ալ եղաւ։

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ

6. Առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս գործածեցին խաղաղութեան ժամանակը։

6 Թէեւ առաջին դարու քրիստոնեաները յաճախ հալածուեցան, բայց խաղաղութեան ժամանակաշրջաններ ալ վայելեցին։ Անոնք այս առիթները ինչպէ՞ս գործածեցին։ Այդ հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները առանց տնտնալու բարի լուրը քարոզեցին։ Գործք Առաքելոց գրքի արձանագրութիւնը կ’ըսէ, որ անոնք ‘Տէրոջը երկիւղովը քալեցին’։ Անոնք շարունակեցին բարի լուրը քարոզել եւ առ ի արդիւնք, անոնց թիւը երթալով աւելցաւ։ Յստակ է, որ Եհովան օրհնեց անոնց նախանձախնդիր քարոզչութիւնը խաղաղ ժամանակներուն (Գործք 9։26-31

7-8. Պօղոս եւ ուրիշներ ի՞նչ ըրին, երբ իրենց առիթ ներկայացաւ. բացատրէ։

7 Առաջին դարու քրիստոնեաները ամէն առիթ օգտագործեցին բարի լուրը տարածելու համար։ Օրինակ, երբ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի մէջ եղած ատեն անդրադարձաւ, թէ իրեն մեծ դուռ մը բացուած է, առիթը օգտագործեց այդ քաղաքին մէջ քարոզելու եւ աշակերտելու (Ա. Կոր. 16։8, 9

8 Ք.Ե. 49–ին, երբ թլփատութեան հարցը լուծուեցաւ, Պօղոսին եւ ուրիշ քրիստոնեաներու քարոզելու այլ առիթ ներկայացաւ (Գործք 15։23-29)։ Թլփատութեան վերաբերեալ որոշումը ժողովքներուն տրուելէ ետք, աշակերտները մեծ ջանք թափեցին «Տէրոջը խօսքը» քարոզելու համար (Գործք 15։30-35)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ժողովքները «հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար» (Գործք 16։4, 5

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼ ԱՅՍՕՐ

9. Շատ մը երկիրներու մէջ պարագան ինչպէ՞ս է, եւ մենք մեզի ի՞նչ կրնանք հարցնել։

9 Շատ մը երկիրներու մէջ, առանց հակառակութեան կը քարոզենք։ Այդ երկիրներէն մէկուն մէջ կ’ապրի՞ս։ Եթէ այո, դուն քեզի հարցուր. ‘Այս ազատութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածեմ’։ Եհովայի ժողովուրդին համար վերջին օրերը հետաքրքրական են, քանի որ պատմութեան մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու ամենամեծ արշաւին կը մասնակցին (Մար. 13։10)։ Այս գործին մէջ, շատ ընելիքներ կան։

Շատեր առատապէս օրհնուած են՝ օտար երկրի մը մէջ ծառայելով կամ օտարախօս անհատներու վկայութիւն տալով (տե՛ս պարբերութիւն 10-12) *

10. Բ. Տիմոթէոս 4։2–ը մեզ կը քաջալերէ ի՞նչ ընելու։

10 Խաղաղութեան ժամանակը ինչպէ՞ս կրնաս օգտագործել (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։2 *)։ Կրնա՞ս պարագաներդ քննել եւ տեսնել, թէ արդեօք դուն կամ ընտանիքիդ մէկ անդամը կրնա՞ք քարոզչութեան գործին աւելի մասնակցիլ, թերեւս նոյնիսկ ռահվիրայութիւն ընել։ Հիմա ժամանակը չէ հարստութիւն եւ նիւթական ստացուածքներ դիզելու. բաներ, որոնք մեզի հետ մեծ նեղութենէն պիտի չանցընենք (Առ. 11։4. Մատ. 6։31-33. Ա. Յովհ. 2։15-17

11. Ոմանք ի՞նչ ըրած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնեն բարի լուրը։

11 Բազմաթիւ հրատարակիչներ նոր լեզու սորված են, որպէսզի ուրիշներուն օգնեն Եհովայի մասին սորվելու։ Կազմակերպութիւնը երթալով աւելի լեզուներով հրատարակութիւններ կ’արտադրէ՝ անոնց օգնելու որ քարոզեն։ Օրինակ, 2010–ին մեր հրատարակութիւնները մատչելի էին շուրջ 500 լեզուներով։ Այժմ այդ թիւը հասած է աւելի քան 1000 լեզուներու։

12. Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’օգտուին, երբ Թագաւորութեան պատգամը իրենց մայրենի լեզուով կը լսեն. օրինակ մը տուր։

12 Մարդիկ ի՞նչ կը զգան երբ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը իրենց մայրենի լեզուով կը լսեն։ Նկատի առ քրոջ մը փորձառութիւնը, որ օգտուեցաւ տարեկան համաժողովէ մը, Մեմփիսի մէջ, Թենըսի (ԱՄՆ)։ Համաժողովը տեղի ունեցաւ քինյառուանտա լեզուով, որ գլխաւորաբար կը խօսուի՝ Ռուանտայի, Քոնկոյի (Քինշասա) եւ Ուկանտայի մէջ։ Համաժողովէն ետք, քոյրը ըսաւ. «17 տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէս ի վեր, ասիկա առաջին անգամն է որ հոգեւոր յայտագիր մը ամբողջովին կը հասկնամ»։ Յայտնի է որ քոյրը խորապէս ազդուեցաւ, երբ յայտագիրը լսեց իր մայրենի լեզուով։ Եթէ պարագաներդ կը ներեն, կրնա՞ս օտար լեզու մը սորվիլ, շրջանիդ մէջ ոմանց օգնելու համար։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կարգ մը մարդիկ պատգամիդ աւելի ականջ տան, եթէ իրենց լեզուով խօսիս։ Ծանր աշխատանքդ ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ։

13. Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրները խաղաղութեան ժամանակը ինչպէ՞ս օգտագործեցին։

13 Մեր եղբայրներէն ոչ բոլորը բացէ ի բաց քարոզելու ազատութիւնը ունին։ Ատեններ, կառավարական արգիլումը խստօրէն կը սահմանափակէ մեր քարոզչութիւնը։ Օրինակ, մտածէ Ռուսիոյ մէջ մեր եղբայրներուն մասին։ Տասնամեակներով հալածուելէ ետք, մարտ 1991–ին, անոնք պաշտօնական ճանաչում ստացան։ Այն ատեն Ռուսիոյ մէջ կային շուրջ 16,000 հրատարակիչներ։ Իսկ 20 տարի ետք, այդ թիւը եղաւ աւելի քան 160,000 հրատարակիչներ։ Յստակ է որ մեր եղբայրները իմաստութեամբ վարուեցան, երբ ազատօրէն քարոզելու առիթը ներկայացաւ։ Խաղաղութեան այդ ժամանակը երկար չտեւեց։ Բայց պարագաներուն փոխուիլը չպակսեցուց մաքուր պաշտամունքը յառաջ մղելու անոնց նախանձախնդրութիւնը։ Անոնք կը շարունակեն կարելի եղած կերպով Եհովայի ծառայել։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵՐԿԱՐ ՊԻՏԻ ՉՏԵՒԷ

Ասա թագաւոր ջերմեռանդօրէն աղօթելէ ետք, Եհովան Յուդային օգնեց, որ թշնամի հսկայ բանակին յաղթէ (տե՛ս պարբերութիւն 14-15)

14-15. Եհովան ինչպէ՞ս իր զօրութիւնը գործածեց Ասային օգնելու համար։

14 Ասայի օրերուն, ի վերջոյ խաղաղութեան ժամանակը վերջ գտաւ։ Եթովպիայէն եկաւ հսկայ բանակ մը, որ մէկ միլիոն զինուոր ունէր։ Անոր հրամանատարը՝ Զարան, վստահ էր որ կրնար Յուդան պարտութեան մատնել։ Սակայն, Ասան վստահեցաւ ոչ թէ թիւերու, հապա Եհովա Աստուծոյ։ Ան աղօթեց. «Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք» (Բ. Մն. 14։11

15 Թէեւ եթովպական բանակը Ասայի բանակին կրկնապատիկն էր, բայց ան գիտէր որ Եհովան զօրաւոր է եւ կրնայ Իր ժողովուրդին օգնել։ Եւ Եհովան զինք յուսախաբ չըրաւ. եթովպական բանակը նուաստացուցիչ պարտութիւն կրեց (Բ. Մն. 14։8-13

16. Ինչպէ՞ս գիտենք որ խաղաղութեան ժամանակը վերջ պիտի գտնէ։

16 Թէեւ չենք գիտեր թէ ապագային իւրաքանչիւրիս ի՛նչ պիտի պատահի, բայց գիտենք որ Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած խաղաղութիւնը ժամանակաւոր է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս առաջուընէ ըսաւ, թէ վերջին օրերուն, իր աշակերտները ‘բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլային’ (Մատ. 24։9)։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ «ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմ. 3։12)։ Սատանան «շատ բարկացած է», եւ անկարելի է որ իր բարկութենէն կերպով մը չազդուինք (Յայտ. 12։12

17. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ փորձուիլ։

17 Մօտ ատենէն, բոլորիս ուղղամտութիւնը պիտի փորձուի։ Շուտով «այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ» (Մատ. 24։21)։ Այն ատեն ընտանիքի անդամները կրնան մեզի դէմ ելլել, իսկ մեր գործը կրնայ արգիլուիլ (Մատ. 10։35, 36)։ Ասայի պէս, իւրաքանչիւրս Եհովայի պիտի ապաւինի՞նք օգնութեան ու պաշտպանութեան համար։

18. Եբրայեցիս 10։38, 39–ի համաձայն, ի՞նչը պիտի օգնէ որ նախապատրաստուինք, ի մտի ունենալով որ խաղաղութեան ժամանակը վերջ պիտի գտնէ։

18 Եհովան մեզ հոգեւորապէս կը պատրաստէ գալիք բաներուն համար։ Ան «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կ’առաջնորդէ, որ «ատենին» սննդարար հոգեւոր կերակուր տայ, որպէսզի կարենանք մեր պաշտամունքին մէջ հաստատ մնալ (Մատ. 24։45)։ Բայց մենք պէտք է մեզի ինկած բաժինը ընենք եւ Եհովայի հանդէպ անխախտ հաւատք կերտենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։38, 39

19-20. Ա. Մնացորդաց 28։9–ին ի տես, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք եւ ինչո՞ւ։

19 Ասա թագաւորին պէս, պէտք է ‘Աստուած փնտռենք’ (Բ. Մն. 14։4. 15։1, 2)։ Կը սկսինք փնտռել՝ Եհովայի մասին սորվելով եւ մկրտուելով։ Ամէն առիթ կ’օգտագործենք, որպէսզի Եհովայի հանդէպ մեր սէրը զօրացնենք։ Ուստի կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ կը գտնուի՞մ’։ Ժողովներուն միջոցաւ հոգեւորապէս կը թարմանանք եւ շինիչ ընկերակցութիւն կը վայելենք (Մատ. 11։28)։ Կրնանք նաեւ հարցնել. ‘Անձնական սերտողութեան լաւ սովորութիւններ ունի՞մ’։ Եթէ ընտանիքիդ հետ կ’ապրիս, ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքին ժամանակ կը տրամադրե՞ս։ Իսկ եթէ առանձին կ’ապրիս, նոյն կերպով սերտողութեան ժամանակ կը յատկացնե՞ս։ Նաեւ, քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ, կարելի եղածին չափ լիովին կը մասնակցի՞ս։

20 Ինչո՞ւ այս հարցումները պէտք է հարցնենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովան մեր մտքերն ու սրտերը կը քննէ, ուստի մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Եթէ տեսնենք որ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք մեր նպատակակէտերուն, կեցուածքին կամ մտածելակերպին մէջ, Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք, որ զանոնք ընենք։ Հիմա է ժամանակը որ գալիք փորձութիւններուն համար նախապատրաստուինք։ Ամէն գնով, խաղաղութեան ժամանակը իմաստութեամբ գործածէ։

ԵՐԳ 28 Նոր երգը

^ պարբ. 5 Կ’ապրի՞ս երկրի մը մէջ, ուր կրնաս ազատօրէն Եհովան պաշտել։ Եթէ այո, այս խաղաղ ժամանակամիջոցը ինչպէ՞ս կը գործածես։ Յօդուածը քեզի պիտի օգնէ, որ մտածես թէ ինչպէ՛ս կրնաս Յուդայի Ասա թագաւորը եւ առաջին դարու քրիստոնեաները ընդօրինակել։ Անոնք իմաստութեամբ գործածեցին այն ժամանակը, երբ խաղաղութիւն կար։

^ պարբ. 3 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Խաղաղութեան գաղափարը աւելին կը պարփակէ, քան պարզապէս պատերազմի բացակայութիւն։ «Խաղաղութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը նաեւ կը հաղորդէ լաւ առողջութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն։

^ պարբ. 10 Բ. Տիմոթէոս 4։2, ԱԾ. «Քարոզէ՛ խօսքը, պնդէ՛ ժամանակին թէ անժամանակ [«նպաստաւոր ժամանակներուն եւ դժուար ժամանակներուն», ՆԱ], կշտամբէ՛, յանդիմանէ՛, յորդորէ՛ ամբողջ համբերատարութեամբ եւ ուսուցումով»։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ասա թագաւոր իր մեծ մայրը պաշտօնազրկեց, քանի որ ան սուտ պաշտամունքը յառաջ կը մղէր։ Ասայի հաւատարիմ աջակիցները, իր առաջնորդութեամբ կուռքերը կտոր–կտոր ըրին։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Նախանձախնդիր զոյգ մը իրենց կեանքը կը պարզացնեն, որպէսզի ծառայեն հոն, ուր հրատարակիչներու աւելի կարիք կայ։