Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39

Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ

Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ

«Բարի լուրը պատմող կիները մեծ բանակ են» (ՍԱՂ. 68։11, ՆԱ

ԵՐԳ 86 Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Մեր ժրաջան ու նախանձախնդիր քոյրերը ժողովներուն մէջ բաժին կը բերեն, կը քարոզեն, Թագաւորութեան սրահներ կը նորոգեն եւ հաւատակիցներով կը հետաքրքրուին (տե՛ս պարբերութիւն 1)

1. Քոյրերը կազմակերպութեան ինչպէ՞ս կ’աջակցին, բայց անոնցմէ շատեր ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն (տե՛ս կողքին նկարը)։

ՈՐՔԱ՜Ն երախտապարտ ենք, որ այսքան շատ քոյրեր ժրաջանօրէն կ’աշխատին ժողովքին մէջ։ Օրինակ, անոնք ժողովներուն մէջ բաժին կը բերեն եւ ծառայութեան կը մասնակցին։ Անոնք հաւատակիցներով կը հետաքրքրուին, եւ ոմանք կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահը նորոգելու։ Անշուշտ անոնք դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ոմանք իրենց տարեց ծնողքին հոգ կը տանին։ Ոմանց ընտանիքի անդամները իրենց կը հակառակին։ Իսկ ուրիշներ առանձին ծնող են եւ իրենց զաւակներուն ապրուստը ճարելու համար ծանր կ’աշխատին։

2. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք քոյրերուն թիկունք կանգնիլ։

2 Ինչո՞ւ պէտք է կեդրոնանանք քոյրերուն թիկունք կանգնելու վրայ։ Քանի որ աշխարհը կիներուն միշտ չի տար այն պատիւը, որուն արժանի են։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ անոնց թիկունք կանգնինք։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Հռոմի ժողովքին ըսաւ, որ Փիբէն դիմաւորեն եւ ‘անոր խնամք տանին ի՛նչ բանի որ իրենց օգնութեանը կարօտի’ (Հռով. 16։1, 2)։ Երբ Պօղոս փարիսեցի էր, հաւանաբար խորապէս ազդուած էր այն մշակոյթէն, որ կիները ստորադաս կը նկատէր եւ անոնց հետ ըստ այնմ կը վարուէր։ Բայց Պօղոս քրիստոնեայ դառնալէ ետք, Յիսուսը ընդօրինակեց եւ կիներուն հետ յարգանքով ու ազնուութեամբ վարուեցաւ (Ա. Կոր. 11։1

3. Յիսուս կիներուն հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, եւ ինչպէ՞ս նկատեց այն կիները, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարէին։

3 Յիսուս բոլոր կիներուն արժանապատուութիւնը յարգեց (Յովհ. 4։27)։ Ան կիներուն նկատմամբ իր օրուան հրեայ կրօնական առաջնորդներուն տեսակէտը չունէր։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Յիսուսի ո՛չ մէկ խօսքը կիները կ’անարգէ կամ կը նուաստացնէ»։ Ասկէ զատ, ան մասնաւոր համարում ունէր այն կիներուն հանդէպ, որոնք իր Հօր կամքը կը կատարէին։ Յատկանշական է, որ զանոնք իր քոյրերը նկատեց եւ տղամարդոց հետ մէկտեղ նշեց զանոնք որպէս իր հոգեւոր ընտանիքը (Մատ. 12։50

4. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Յիսուս միշտ պատրաստ էր իր հոգեւոր քոյրերուն օգնելու։ Ան իրենց հետ ժամանակ կ’անցընէր, զիրենք կ’արժեւորէր եւ կը պաշտպանէր։ Քննենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս ուղղութեամբ Յիսուսը ընդօրինակել։

ՄԵՐ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՏԿԱՑՈՒՐ

5. Ինչո՞ւ ատեններ կարգ մը քոյրերու համար դժուար է շինիչ ընկերակցութիւն ունենալը։

5 Բոլորս, ըլլա՛նք եղբայրներ թէ քոյրեր, շինիչ ընկերակցութեան պէտք ունինք։ Սակայն, ատեններ քոյրերը դժուարութիւն կ’ունենան այդ պէտքը գոցելու։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ թէ ոմանք ինչպէ՛ս արտայայտուեցան։ Ճօրտըն * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ամուրի ըլլալուս պատճառաւ, ժողովքին մէջ յաճախ դերս չեմ տեսներ եւ չեմ զգար, որ իրապէս ժողովքին մէկ մասն եմ»։ Քրիսթին անունով ռահվիրայ մը, որ իր ծառայութիւնը ընդարձակելու համար ուրիշ տեղ մը փոխադրուեցաւ, կ’ըսէ. «Երբ ժողովքի մը մէջ նորեկ ըլլաս, թերեւս միայնակ զգաս»։ Անոնք որոնք կրօնապէս բաժնուած տան մէջ կ’ապրին, կրնան որոշ չափով իրենց ընտանիքէն հեռացած զգալ եւ միեւնոյն ատեն իրենց հոգեւոր ընտանիքէն մեկուսացած զգալ։ Ոմանք ալ թերեւս միայնակ կը զգան, քանի որ հիւանդ են եւ տունէն դուրս չեն կրնար ելլել, կամ քանի որ իրենց ընտանիքի հիւանդ մէկ անդամին հոգ կը տանին։ Անէթ կը նշէ. «Չէի կրնար հաւաքոյթներու հրաւէրներ ընդունիլ, քանի որ գլխաւորաբար ե՛ս մօրս հոգ կը տանէի»։

Յիսուսին պէս, կրնանք հաւատարիմ քոյրերուն սիրալիրօրէն թիկունք կանգնիլ (տե՛ս պարբերութիւն 6-9) *

6. Ղուկաս 10։38-42–ի համաձայն, Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց Մարթային ու Մարիամին։

6 Յիսուս իր հոգեւոր քոյրերուն հետ ժամանակ անցուց, եւ անոնց իսկական բարեկամ էր։ Նկատի առ անոր բարեկամութիւնը Մարիամին եւ Մարթային հետ, որոնք երկուքն ալ, ըստ երեւոյթին, ամուրի էին (կարդա՛ Ղուկաս 10։38-42)։ Յիսուսին խօսքերն ու արարքները թոյլ տուին, որ անոնք իր ներկայութեան հանգիստ զգային։ Մարիամ արգելք չտեսաւ անոր ոտքերուն քով նստելու՝ ինչպէս որ աշակերտ մը կ’ընէր *։ Իսկ Մարթան,– նեղացած՝ որ Մարիամ իրեն չէր օգներ,– ազատ զգաց իր մտածածը Յիսուսին արտայայտելու։ Այդ անպաշտօն առիթով, Յիսուս կրցաւ երկու կիներուն հոգեւորապէս օգնել։ Եւ ան այս երկու կիներուն եւ անոնց եղբօր՝ Ղազարոսին, հանդէպ իր հոգատարութիւնը ցոյց տուաւ, ուրիշ առիթներով ալ իրենց այցելելով (Յովհ. 12։1-3)։ Ուստի զարմանալի չէ որ, երբ Ղազարոս լրջօրէն հիւանդացաւ, Մարիամն ու Մարթան գիտէին, որ օգնութեան համար կրնային Յիսուսին դիմել (Յովհ. 11։3, 5

7. Ի՞նչ է կերպ մը, որով կրնանք քոյրերը քաջալերել։

7 Կարգ մը քոյրերու համար, ժողովները գլխաւոր առիթն են հաւատակիցներուն հետ ըլլալու համար։ Անոր համար կ’ուզենք այս առիթները օգտագործել զանոնք ողջունելու, անոնց հետ խօսակցելու եւ գիտցնելու որ իրենցմով հետաքրքրուած ենք։ Նախապէս նշուած Ճօրտըն կ’ըսէ. «Շա՜տ կ’արժեւորեմ, երբ ուրիշներ պատասխաններս կը նկատեն, կարգադրութիւններ կ’ընեն որ միասին ծառայենք, կամ որեւէ ուրիշ կերպով զիս կը հոգան»։ Պէտք է մեր քոյրերը զգացնենք, որ մեզի համար կարեւոր են։ Քիա կ’ըսէ. «Եթէ ժողով մը փախցնեմ, գիտեմ որ մէկը մէսըճով մը որպիսութիւնս պիտի հարցնէ։ Ատիկա ինծի ցոյց կու տայ, որ եղբայրներն ու քոյրերը ինձմով հետաքրքրուած են»։

8. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։

8 Յիսուսին պէս, կրնանք ժամանակ տրամադրել քոյրերու հետ ընկերակցելու։ Կրնանք զիրենք հրաւիրել համեստ ճաշի մը կամ միասին զուարճալի ժամանակ անցընելու։ Եւ կ’ուզենք խօսակցութիւնը շինիչ պահել (Հռով. 1։11, 12)։ Երէցները պէտք է ունենան այն նոյն կեցուածքը, որ Յիսուս ունէր։ Ան գիտէր, որ ամուրիութիւնը ոմանց համար կրնար դժուար ըլլալ, բայց յստակ դարձուց, որ մնայուն երջանկութիւնը կախեալ չէ ամուսնութենէն կամ զաւակներ ունենալէն (Ղուկ. 11։27, 28)։ Փոխարէնը, մնայուն երջանկութիւն կ’ունենանք, երբ Եհովայի ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք (Մատ. 19։12

9. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել քոյրերուն օգնելու համար։

9 Մանաւանդ երէցները պէտք է քրիստոնեայ կիներուն հետ վարուին որպէս իրենց քոյրերը եւ մայրերը (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Լաւ կ’ըլլայ որ երէցները ժողովներէն առաջ կամ ետք քոյրերուն հետ խօսին։ Նախապէս նշուած Քրիսթինը կ’ըսէ. «Երէց մը նկատեց, որ շատ զբաղած էի, եւ ուզեց գիտնալ թէ ինչպիսի՛ յայտագիր ունէի։ Իրապէս արժեւորեցի իր անկեղծ հետաքրքրութիւնը»։ Երբ երէցները կանոնաւորաբար ժամանակ կը տրամադրեն, որ իրենց հոգեւոր քոյրերուն հետ խօսին, ցոյց կու տան որ անոնց նկատմամբ անհոգ չեն *։ Նախապէս նշուած Անէթը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ լաւ է երէցներուն հետ յաճախ խօսիլ. «Այսպէս զիրենք աւելի մօտէն կը ճանչնամ, եւ իրենք ալ՝ զիս։ Ետքը, երբ դժուար խնդիր մը ունենամ, աւելի հանգիստ կը զգամ իրենցմէ օգնութիւն խնդրելու»։

ՔՈՅՐԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏԷ

10. Ի՞նչ բան քոյրերը կ’ոգեւորէ։

10 Բոլորս, տղամարդիկ թէ կիներ, կ’ոգեւորուինք երբ ուրիշներ մեր կարողութիւնները կը նկատեն եւ մեզի կ’ըսեն, թէ մեր ըրած գործը կ’արժեւորեն։ Միւս կողմէ, երբ մեր տաղանդներն ու գործը չեն գնահատուիր, կը վհատինք։ Էպիկէյլ անունով ամուրի ռահվիրայ մը կը խոստովանի, որ երբեմն անտեսուած կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Ուրիշները պարզապէս զիս կը տեսնեն որպէս այսինչին քոյրը կամ այնինչին աղջիկը։ Ատեններ այնպէս կը թուի որ ուրիշներուն աչքին անտեսանելի եմ»։ Սակայն նկատէ Փէմ անունով ամուրի քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան երկար տարիներ որպէս միսիոնար ծառայելէ ետք, տուն վերադարձաւ՝ իր ծնողքին հոգ տանելու համար։ Հիմա, որ 70–ական տարիքի մէջ է, տակաւին ռահվիրայ է։ Փէմ կ’ըսէ. «Ամէնէն շատ օգտուած եմ, երբ ուրիշներ ինծի ըսած են, որ զիս կը գնահատեն»։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ ծառայութեան մէջ իրեն աջակցող կիները կ’արժեւորէր։

11 Յիսուս արժեւորեց այն օգնութիւնը, որ ստացաւ աստուածավախ կիներէ, որոնք «իրենց ստացուածքովը» իրեն ծառայութիւն ըրին (Ղուկ. 8։1-3)։ Ան ոչ միայն թոյլ տուաւ, որ անոնք իրեն ծառայելու առանձնաշնորհումը վայելեն, հապա նաեւ հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ յայտնեց անոնց։ Օրինակ, զիրենք տեղեակ պահեց, որ պիտի մեռնի եւ յարութիւն առնէ (Ղուկ. 24։5-8)։ Ան այս կիները պատրաստեց իրենց դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն համար, ինչպէս որ առաքեալները պատրաստեց (Մար. 9։29-31. 10։32-34)։ Ուշագրաւ է, որ թէեւ առաքեալները փախան, երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, բայց իրեն աջակցող կիներէն ոմանք զինք չլքեցին, երբ տանջանքի ցիցին վրայ կը մեռնէր (Մատ. 26։56. Մար. 15։40, 41

12. Յիսուս կիներուն ի՞նչ գործեր վստահեցաւ։

12 Յիսուս կարեւոր գործեր վստահեցաւ կիներուն։ Օրինակ, աստուածավախ կիներ անոր յարութեան առաջին ականատեսներն էին։ Ան այդ կիներուն յանձնարարեց, որ առաքեալներուն ըսեն թէ ինք մեռելներէն յարութիւն առած է (Մատ. 28։5, 9, 10)։ Եւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, թերեւս կիներ ալ ներկայ էին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ։ Այդ պարագային, այս նոր օծուած քոյրերը թերեւս հրաշալի կարողութիւնը ստացան օտար լեզուներ խօսելու եւ ուրիշներուն պատմելու «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» (Գործք 1։14. 2։2-4, 11

13. ա) Քրիստոնեայ կիները ներկայիս ի՞նչ կ’ընեն։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ քոյրերուն ըրածը կը գնահատենք։

13 Մեր քոյրերը արժանի են գովասանքի՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց բոլոր ըրածներուն համար։ Այդ ծառայութիւնը կը պարփակէ՝ շէնքեր կառուցանել ու նորոգել, օտար լեզու գործածող խումբերու թիկունք կանգնիլ եւ Բեթէլի համալիրներուն մէջ կամաւորապէս ծառայել։ Անոնք աղէտէ տուժածներու կ’օգնեն, մեր հրատարակութիւնները թարգմանելու մէջ կ’օգնեն եւ կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ ու միսիոնարներ։ Եղբայրներուն պէս, քոյրերն ալ կը յաճախեն՝ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը, Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը եւ Գաղաադի դպրոցը։ Ասկէ զատ, կիները իրենց ամուսիններուն կ’օգնեն, որ ժողովքին ու կազմակերպութեան մէջ իրենց ծանր բեռը կրեն։ Այս պատասխանատու եղբայրները, որոնք «պարգեւներ» են, պիտի չկարենային իրենց այդ դերը լիովին կատարել առանց իրենց կիներուն աջակցութեան (Եփ. 4։8)։ Կրնա՞ս մտածել, թէ ի՛նչ կերպերով կարելի է այդ քոյրերուն թիկունք կանգնիլ։

14. Սաղմոս 68։11–ի խօսքին ի տես, իմաստուն երէցները ի՞նչ կ’ընեն։

14 Իմաստուն երէցները կ’ըմբռնեն, թէ քոյրերը պատրաստակամ աշխատողներու «մեծ բանակ» են եւ թէ յաճախ անոնք բարի լուրի ամենահմուտ քարոզիչներէն են (կարդա՛ Սաղմոս 68։11 *)։ Ուստի երէցները կը ջանան անոնց փորձառութենէն օգտուիլ։ Նախապէս նշուած Էպիկէյլը կը քաջալերուի, երբ եղբայրները իրեն կը հարցնեն, թէ ի՛նչ ազդու կերպեր գտած է՝ թաղամասի մարդոց հետ խօսակցութիւններ սկսելու։ Ան կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի կ’օգնէ տեսնելու, թէ Եհովան իր կազմակերպութեան մէջ ինծի տեղ տուած է»։ Ատկէ զատ, երէցները կը գիտակցին որ հաւատարիմ ու հասուն քոյրերը շատ լաւ կերպով կրնան երիտասարդ քոյրերուն օգնել՝ իրենց դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու (Տիտ. 2։3-5)։ Վստահաբար, մեր քոյրերը արժանի են մեր սիրոյն ու գնահատանքին։

ՔՈՅՐԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՕԳՆԷ

15. Քոյրերը ե՞րբ կրնան պէտք ունենալ, որ մէկը իրենց ի նպաստ խօսի։

15 Ատեններ, քոյրերը կրնան պէտք ունենալ, որ մէկը իրենց ի նպաստ խօսի, երբ մասնայատուկ դժուարութեան մը առջեւ են (Եսա. 1։17)։ Օրինակ, այրի մը կամ ամուսնալուծուած քոյր մը թերեւս պէտք ունենայ, որ մէկը իր պաշտպանը ըլլայ, ինչպէս նաեւ իրեն օգնէ ընելու այն գործերը, որոնք իր ամուսինը կ’ընէր։ Տարեց քոյր մը թերեւս օգնութեան պէտք ունենայ՝ բժիշկներու հետ խօսելու համար։ Կամ ռահվիրայ քոյր մը, որ աստուածպետական այլ ծրագիրներու վրայ կ’աշխատի, թերեւս կարիք ունենայ որ մէկը զինք պաշտպանէ, երբ ուրիշներ զինք քննադատեն՝ ըսելով որ միւս ռահվիրաներուն չափ յաճախ դաշտի ծառայութեան չի մասնակցիր։ Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք այսպիսի քոյրերու օգնել։ Դարձեալ նկատի առնենք Յիսուսի օրինակը։

16. Մարկոս 14։3-9–ի համաձայն, Յիսուս ինչպէ՞ս Մարիամը պաշտպանեց։

16 Յիսուս արագօրէն իր հոգեւոր քոյրերը պաշտպանեց, երբ սխալ հասկցուեցան։ Օրինակ, ան Մարիամը պաշտպանեց, երբ Մարթան զայն քննադատեց (Ղուկ. 10։38-42)։ Եւ դարձեալ Մարիամը պաշտպանեց, երբ ուրիշներ զայն յանդիմանեցին, սեպելով որ սխալ որոշում մը առաւ (կարդա՛ Մարկոս 14։3-9)։ Յիսուս Մարիամին շարժառիթը ըմբռնեց եւ զինք գովեց՝ ըսելով. «Բարի գործ մը գործեց ինծի. . . Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ»։ Ան նաեւ մարգարէացաւ, թէ «բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի», անոր ազնիւ արարքը պիտի պատմուի, ինչ որ այս յօդուածը հիմա կ’ընէ։ Յիսուսին խօսքերը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էին Մարիամը։ Եւ ի՜նչ ուշագրաւ է, որ Յիսուս քարոզչութեան համաշխարհային տարողութիւնը նշեց, երբ խօսեցաւ անոր անձնուրաց արարքին մասին։

17. Օրինակ մը տուր, թէ ե՛րբ կրնայ հարկ ըլլալ որ քոյր մը պաշտպանենք։

17 Իսկ դուն հոգեւոր քոյրերդ կը պաշտպանե՞ս, երբ հարկ ըլլայ։ Օրինակ, նկատի առ պարագայ մը։ Կարգ մը հրատարակիչներ կը տեսնեն որ քոյր մը, որուն ամուսինը Վկայ չէ, յաճախ ուշ կը հասնի ժողովներուն եւ աւարտին՝ անմիջապէս կը մեկնի։ Անոնք կը նկատեն, որ ան շատ քիչ անգամ իրեն հետ կը բերէ իր զաւակները։ Ուստի անոնք հարց կու տան, թէ ան ինչո՞ւ աւելի վճռական դիրք չ’առներ, եւ զինք կը քննադատեն։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ քոյրը իր լաւագոյնը կ’ընէ։ Իր յայտագիրը ամբողջովին իր ձեռքը չէ, իսկ պզտիկներուն նկատմամբ վերջին որոշումը իրեն չ’իյնար։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Եթէ քոյրը ուրիշներուն առջեւ գովես եւ բացատրես որ իր ձեռքէն եկածը կ’ընէ, կրնաս ըսի–ըսաւներուն վերջ դնել։

18. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնանք քոյրերուն օգնել։

18 Քոյրերուն հանդէպ մեր հոգատարութիւնը ցոյց կու տանք, երբ գործնական օգնութիւն կ’առաջարկենք (Ա. Յովհ. 3։18)։ Անէթ, որ իր հիւանդ մօր հոգ կը տանէր, կ’ըսէ. «Եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք տունս կու գային մօրս հոգ տանելու համար, որպէսզի կարենայի ուրիշ բաներ ընել, կամ իրենց հետ ուտելիք կը բերէին։ Ասիկա զգացուց, որ սիրուած եմ եւ ժողովքին մէկ մասն եմ»։ Ճօրտընն ալ օգնութիւն ստացաւ։ Եղբայր մը ինքնաշարժը պահպանելու մասին իրեն գաղափարներ տուաւ։ Քոյրը կ’ըսէ. «Ի՜նչ աղուոր է գիտնալը, որ եղբայրներս ու քոյրերս ապահովութեամբս հետաքրքրուած են»։

19. Երէցները ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնան քոյրերուն օգնել։

19 Երէցներն ալ կը ջանան քոյրերուն կարիքներուն ուշադիր ըլլալ։ Անոնք գիտեն, թէ Եհովան կ’ուզէ որ քոյրերը լաւ վերաբերմունք ստանան (Յակ. 1։27)։ Ուստի անոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն եւ տրամաբանող են՝ կանոններ չդնելով, երբ աւելի յարմար է բացառութիւն ընել եւ ազնիւ ու հասկացող ըլլալ (Մատ. 15։22-28)։ Երբ երէցները նախաքայլը կ’առնեն քոյրերուն օգնելու, անոնք կը զգան, թէ Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը զիրենք կը սիրեն։ Երբ Քիայի խումբի տեսուչը տեղեկացաւ, թէ ան ուրիշ տուն մը կը փոխադրուէր, անմիջապէս օգնութեան կարգադրութիւն ըրաւ։ Քիա կը պատմէ. «Ասիկա ճնշուածութիւնս բաւակա՜ն թեթեւցուց։ Թէ՛ իրենց քաջալերական խօսքերով եւ թէ իրենց գործնական օգնութեամբ, երէցները ինծի յստակօրէն ցոյց տուին, որ ժողովքին կարեւոր մէկ մասն եմ եւ մինակ չեմ, երբ դժուարութենէ մը կ’անցնիմ»։

ԲՈԼՈՐ ՔՈՅՐԵՐԸ ՄԵՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ

20-21. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ մեր բոլոր քրիստոնեայ քոյրերը կ’արժեւորենք։

20 Ներկայիս, մեր ժողովքներուն մէջ կը գտնենք ջանասէր քրիստոնեայ կիներու անհամար օրինակներ, որոնք մեր աջակցութեան արժանի են։ Ինչպէս Յիսուսի օրինակէն սորվեցանք, կրնանք անոնց օգնել՝ իրենց հետ ժամանակ անցընելով եւ զիրենք լաւ ճանչնալով։ Կրնանք ցոյց տալ, որ կը գնահատենք ի՛նչ որ կ’ընեն Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Եւ կրնանք անոնց ի նպաստ խօսիլ եւ զանոնք պաշտպանել, երբ հարկ ըլլայ։

21 Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին վերջաւորութեան, Պօղոս առաքեալ յատկապէս նշեց ինը քրիստոնեայ կիներ (Հռով. 16։1, 3, 6, 12, 13, 15)։ Այդ կիները անկասկած քաջալերուեցան՝ լսելով անոր ողջոյններն ու գովասանքը։ Թող որ նոյնպէս թիկունք կանգնինք մեր ժողովքի բոլոր քոյրերուն։ Այսպիսով ցոյց կու տանք, որ զիրենք կը սիրենք եւ կ’արժեւորենք որպէս մեր հոգեւոր ընտանիքին մէկ մասը։

ԵՐԳ 85 Եհովայի կողմէ առատ վարձատրութիւն

^ պարբ. 5 Քրիստոնեայ կիները շատ մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակելով թիկունք կանգնիլ մեր հոգեւոր քոյրերուն։ Յիսուսէն պիտի սորվինք երեք բաներ. կիներուն հետ ժամանակ անցընել, զիրենք գնահատել եւ իրենց ի նպաստ խօսիլ ու պաշտպանել։

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 6 Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ոտքերուն քով կը նստէին։ Լուրջ աշակերտները կը պատրաստուէին ուսուցիչներ դառնալու. դեր մը, որ կիներուն արտօնուած չէր։ . . .Ուստի հրեայ տղամարդոց մեծամասնութիւնը պիտի զարմանար, տեսնելով որ Մարիամ Յիսուսին ոտքերուն քով նստած էր եւ խանդավառօրէն իրմէ կը սորվէր»։

^ պարբ. 9 Երէցները զգուշութեամբ կը վարուին, երբ քոյրերուն կ’օգնեն։ Օրինակ, երէց մը առանձին չ’այցելեր քրոջ մը։

^ պարբ. 14 Սաղմոս 68։11, ՆԱ. «Եհովան հրամանը կու տայ. բարի լուրը պատմող կիները մեծ բանակ են»։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հաւատարիմ կիներու հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը ընդօրինակելով, եղբայր մը երկու քոյրերու ինքնաշարժին մէկ անիւը կը փոխէ, ուրիշ եղբայր մը անկարող քրոջ մը կ’այցելէ, իսկ ուրիշ մըն ալ իր կնոջ հետ ընտանեկան պաշտամունք կ’ընէ քրոջ մը եւ անոր աղջկան հետ։