Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

«Մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ»

«Մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ»

«Առտուն ցանէ՛ քու սերմդ, եւ իրիկունը մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ» (ԺՈՂ. 11։6, ԱԾ

ԵՐԳ 98 Թագաւորութեան սերմեր ցանենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ի՞նչ կապ կայ Ժողովող 11։6–ի եւ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան միջեւ։

ԿԱՐԳ մը երկիրներու մէջ, երբ մարդիկ բարի լուրը կը լսեն, կ’ուզեն աւելին գիտնալ. կարծես ճիշդ ատոր կը սպասէին։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, մարդիկ շատ չեն հետաքրքրուած Աստուծմով կամ Աստուածաշունչով։ Քու ապրած շրջանիդ մէջ, մարդիկ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը հակազդեն բարի լուրին։ Անոնց հակազդեցութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ շարունակենք քարոզել, մինչեւ որ ինք ըսէ թէ գործը ամբողջացած է։

2 Եհովայի որոշած ժամանակին, քարոզչութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի եւ «վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14, 36)։ Մինչ այդ, ինչպէ՞ս կրնանք հնազանդիլ «մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ» * խրատին (կարդա՛ Ժողովող 11։6

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Նախորդ յօդուածը նշեց չորս բաներ, որոնք պէտք է ընենք, հմուտ՝ «մարդոց որսորդ» ըլլալու համար (Մատ. 4։19)։ Այս յօդուածը կը քննարկէ երեք կերպեր, որոնցմով կրնանք զօրացնել մեր վճռականութիւնը, որ քարոզենք ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած պարագաները։ Պիտի սորվինք, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ՝ 1) կեդրոնացած մնանք, 2) համբերող ըլլանք եւ 3) զօրաւոր հաւատք պահպանենք։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱՑԻ՛Ր

4. Ինչո՞ւ հարկ կայ, որ կեդրոնացած մնանք Եհովայի կողմէ մեզի տրուած գործին վրայ։

4 Յիսուս մարգարէացաւ վերջին օրերուն պատահելիք դէպքերու եւ պարագաներու մասին։ Ան գիտէր թէ անոնք կրնային իր հետեւորդները շեղել քարոզչութիւնը կատարելէ։ Ատոր համար իր աշակերտներուն ըսաւ, որ ‘արթուն կենան’ (Մատ. 24։42)։ Ներկայիս, մեզ կրնան շեղել այն նոյն բաները, որոնք Նոյի օրուան մարդիկը շեղեցին իր զգուշացումին ուշադրութիւն դարձնելէ (Մատ. 24։37-39. Բ. Պետ. 2։5)։ Ուստի կ’ուզենք կեդրոնացած մնալ Եհովայի կողմէ մեզի տրուած գործին վրայ։

5. Գործք 1։6-8–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ քարոզչութեան գործին տարողութիւնը։

5 Ներկայիս, իրապէս հարկ կայ, որ ուշադրութիւն ընծայենք Թագաւորութեան քարոզչութեան։ Յիսուս մարգարէացաւ, որ այս գործը պիտի ընդարձակուէր եւ երկար ժամանակ պիտի շարունակուէր (Յովհ. 14։12)։ Իր մահէն ետք, աշակերտներէն ոմանք ձկնորսութեան վերադարձան։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, հրաշքով մը իր աշակերտներէն ոմանց օգնեց, որ բազմաթիւ ձուկեր բռնեն։ Ան այդ առիթը գործածեց շեշտելու, թէ մարդոց որսորդ ըլլալու իրենց նշանակումը աւելի կարեւոր էր, քան որեւէ ուրիշ գործ (Յովհ. 21։15-17)։ Երկինք համբառնալէ ճիշդ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն տեղեկացուց, որ իր սկսած վկայութեան գործը Իսրայէլի սահմաններէն հեռու վայրեր պիտի հասնէր (կարդա՛ Գործք 1։6-8)։ Տարիներ ետք, ան տեսիլք մը տուաւ Յովհաննէս առաքեալին, որպէսզի անոր ցոյց տայ, թէ «տէրունական օրը» * ի՛նչ տեղի պիտի ունենար։ Ուրիշ բաներու կողքին, Յովհաննէս ապշեցուցիչ բան մը տեսաւ. հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ, «յաւիտենական աւետիսը» կը քարոզուէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտ. 1։10, ստորանիշ. 14։6)։ Յստակ է որ ներկայիս Եհովայի կամքն է, որ մենք այս աշխարհածաւալ գործին մասնակցինք, մինչեւ որ վերջ գտնէ։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք քարոզչութեան վրայ կեդրոնացած մնալ։

6 Կրնանք քարոզչութեան վրայ կեդրոնացած մնալ, եթէ խոկանք այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան կ’ընէ մեզի օգնելու համար։ Օրինակ, ան առատ հոգեւոր սնունդ կու տայ՝ տպուած եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու, ձայնագրութիւններու, վիտէօներու եւ առցանց հեռարձակումի միջոցաւ։ Մտածէ. մեր պաշտօնական կայքին վրայ տեղեկութիւններ մատչելի են աւելի քան 1000 լեզուներով (Մատ. 24։45-47)։ Աշխարհի մը մէջ, որ քաղաքական, կրօնական ու տնտեսական գետնի վրայ բաժնուած է, Աստուծոյ աւելի քան ութ միլիոն ծառաները իրապէս միացած են համաշխարհային եղբայրութեամբ։ Օրինակ, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019–ին, աշխարհի տարածքին Վկաները դիտեցին նոյն յայտագիրը, որ օրուան համարը քննարկեց։ Այդ երեկոյ, 20,919,041 անհատներ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղան։ Կը մղուինք Թագաւորութեան գործին վրայ կեդրոնացած մնալու, երբ կը խոկանք այս արդի հրաշքը տեսնելու եւ անոր մասնակցելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ։

Յիսուս մերժեց շեղիլ ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տալէ (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Յիսուսի օրինակը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ կեդրոնացած մնալու։

7 Քարոզելու վրայ կեդրոնացած մնալու ուրիշ կերպ մըն է՝ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Ան բանի մը թոյլ չտուաւ, որ զինք շեղէ ճշմարտութեան համար վկայելէ (Յովհ. 18։37)։ Ան չհրապուրուեցաւ, երբ Սատանան առաջարկեց «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը» իրեն տալ, ոչ ալ փորձութեան տեղի տուաւ, երբ ուրիշներ ուզեցին զինք թագաւոր ընել (Մատ. 4։8, 9. Յովհ. 6։15)։ Նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելու փափաք չունեցաւ, ոչ ալ խիստ հակառակութենէն վախցաւ (Ղուկ. 9։58. Յովհ. 8։59)։ Երբ մեր հաւատքը փորձուի, կրնանք կեդրոնացած մնալ, եթէ յիշենք Պօղոս առաքեալին տուած խրատը։ Ան քրիստոնեաները յորդորեց, որ Յիսուսի օրինակին հետեւին, որպէսզի ‘չյոգնին ու չթուլնան’ (Եբ. 12։3

ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԵՂԻՐ

8. Ի՞նչ է համբերութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս հիմա անոր պէտք ունինք։

8 Համբերող անհատը հանդարտութեամբ կը սպասէ, մինչեւ որ պարագայ մը փոխուի։ Մենք համբերութեան պէտք ունինք, երբ կը սպասենք որ գէշ պարագայ մը վերջ գտնէ, կամ երբ երկար ատենէ ի վեր լաւ բանի մը կը սպասենք։ Ամբակում մարգարէն փափաքեցաւ, որ Յուդայի մէջ ոմանց վայրագ վարքը վերջ գտնէ (Ամբ. 1։2)։ Յիսուսի աշակերտները յուսացին, որ Թագաւորութիւնը ‘շուտ մը պիտի յայտնուէր’ եւ հռոմայեցիներուն կեղեքումէն զիրենք ազատէր (Ղուկ. 19։11)։ Իսկ մենք անձկալից կը սպասենք այն օրուան, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չարութիւնը պիտի վերցնէ եւ արդար մարդոցմով լեցուն նոր աշխարհը պիտի հաստատէ (Բ. Պետ. 3։13)։ Սակայն պէտք է համբերող ըլլանք եւ Եհովայի նշանակած ժամանակին սպասենք։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով Եհովան մեզի կը սորվեցնէ համբերող ըլլալ։

9. Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ Եհովան համբերող է։

9 Եհովան համբերելու մէջ կատարեալ օրինակ է։ Ան Նոյին բաւարար ժամանակ տուաւ, որ տապանը շինէ եւ «արդարութեան քարոզիչ» ըլլայ (Բ. Պետ. 2։5. Ա. Պետ. 3։20)։ Եհովան Աբրահամին մտիկ ըրաւ, մինչ ան կրկին անգամ հարցումներ ուղղեց Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները կործանելու Իր որոշումին վերաբերեալ (Ծն. 18։20-33)։ Եհովան դարեր շարունակ չափազանց համբերեց անհաւատարիմ իսրայէլ ազգին (Նէ. 9։30, 31)։ Ներկայիս, Եհովայի համբերութեան մէկ ապացոյցը այն է, որ ան բաւարար ժամանակ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը քաշէ, որպէսզի «ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9. Յովհ. 6։44. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եհովայի օրինակը մեզի լաւ պատճառ կու տայ համբերելու, մինչ կը շարունակենք քարոզել ու սորվեցնել։ Ան նաեւ մեզի համբերող ըլլալ կը սորվեցնէ օրինակով մը, որ իր Խօսքին մէջ գրուած է։

Ջանասէր բայց համբերող երկրագործի մը պէս, կը սպասենք որ մեր ջանքերը արդիւնք տան (տե՛ս պարբերութիւն 10-11)

10. Յակոբոս 5։7, 8–ին մէջ արձանագրուած երկրագործին օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

10 Կարդա՛ Յակոբոս 5։7, 8։ Երկրագործին օրինակէն կը սորվինք ինչպէ՛ս համբերող ըլլալ։ Ճիշդ է որ կարգ մը բոյսեր արագօրէն կ’աճին, բայց բազմաթիւ բոյսեր,– մանաւանդ անոնք, որոնք պտուղ կու տան,– շատ աւելի երկար ժամանակ կ’առնեն հնձուելու պատրաստ ըլլալու համար։ Իսրայէլի մէջ աճման եղանակը մօտ վեց ամիս կը տեւէր։ Երկրագործը սերմերը կը ցանէր աշնան առաջին անձրեւներէն ետք եւ հունձքը կը հաւաքէր գարնան վերջին անձրեւներէն ետք (Մար. 4։28)։ Իմաստութիւն է, որ երկրագործին համբերութիւնը ընդօրինակենք։ Սակայն ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։

11. Համբերութիւնը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ծառայութեան մէջ։

11 Ընդհանրապէս, անկատար մարդիկ կ’ուզեն, որ իրենց թափած ջանքերը անմիջապէս արդիւնք տան։ Բայց մեր միտքը բերենք երկրագործին օրինակը։ Եթէ կ’ուզէ, որ իր պարտէզը բերք տայ, պէտք է համբերատար ըլլայ։ Պէտք է շարունակ հողը հերկէ, ցանէ, խոտատէ ու ջրէ։ Աշակերտելու գործն ալ յարատեւ ջանք կը պահանջէ։ Օրինակ, եթէ քարոզելու ատեն համբերատար ենք, պիտի չվհատինք երբ ընդառաջում չըլլայ, հապա պիտի շարունակենք փնտռել անոնք՝ որոնք լսելու յօժար են։ Եւ նոյնիսկ երբ ընդառաջում ըլլայ, տակաւին պէտք է համբերող ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Չենք կրնար աշակերտը ստիպել, որ հաւատքի մէջ աճի։ Նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները ատեններ անմիջապէս չըմբռնեցին անոր սորվեցուցածին իմաստը (Յովհ. 14։9)։ Ժամանակ կ’առնէ, որ մեր աշակերտին սրտէն արմատախիլ ընենք կանխադատութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Յիշենք որ մենք կը ցանենք ու կը ջրենք, բայց Աստուած է աճեցնողը (Ա. Կոր. 3։6

12. Ինչպէ՞ս կրնանք համբերող ըլլալ, մինչ կը քարոզենք ընտանիքի անդամներուն։

12 Համբերելը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ մեր ընտանիքի անդամներուն կը քարոզենք։ Մեզի կ’օգնէ Ժողովող 3։1, 7–ի հետեւեալ սկզբունքը. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ»։ Կրնանք մեր լաւ վարքով լռելեայն վկայութիւն տալ, բայց միեւնոյն ատեն պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ճշմարտութեան մասին խօսելու (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Մենք պէտք է նախանձախնդրութեամբ քարոզենք ու սորվեցնենք, բայց պէտք է համբերենք բոլորին,– մէջը ըլլալով մեր ընտանիքի անդամները։

13-14. Նշէ կարգ մը համբերող անհատներու օրինակները։

13 Կրնանք համբերութիւն սորվիլ թէ՛ աստուածաշնչական եւ թէ արդի օրերու հաւատարիմ անհատներու օրինակէն։ Ամբակումին անձկագին փափաքն էր որ չարութիւնը վերջ գտնէ, բայց ան վստահութեամբ ըսաւ. «Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ» (Ամբ. 2։1)։ Պօղոս առաքեալ սրտանց ցանկաց իր ծառայութիւնը ‘աւարտել’ եւ իր երկնային վարձատրութիւնը ստանալ։ Բայց ան համբերութեամբ շարունակեց ‘հիմնովին վկայութիւն տալ Աստուծոյ անզուգական բարութեան բարի լուրի մասին’ (Գործք 20։24, ՆԱ

14 Նկատի առ ամուսնացած զոյգի մը օրինակը, որ Գաղաադի դպրոցէն շրջանաւարտ եղան եւ նշանակուեցան երկիր մը, ուր քիչ Վկաներ կային եւ մարդոց մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ չէր։ Շատ քիչեր ուզեցին Աստուածաշունչը սերտել։ Անդին, ուրիշ երկիրներու մէջ ծառայող Գաղաադի իրենց դասընկերները, խանդավառօրէն իրենց կը տեղեկացնէին, թէ բազմաթիւ արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Հակառակ դանդաղ յառաջդիմութեան իրենց թաղամասին մէջ, զոյգը համբերութեամբ շարունակեց քարոզել։ Ութ տարի քարոզելէ ետք, ուրախացան երբ ի վերջոյ իրենց աշակերտներէն մէկը մկրտուեցաւ։ Աստուածաշնչական եւ արդի օրերու այս օրինակները մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն։ Անոնք անփոյթ չեղան կամ իրենց ձեռքը չհանգչեցուցին, եւ Եհովան իրենց համբերութեան համար զիրենք վարձատրեց։ Թող որ ‘նմանինք անոնց, որոնք հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին’ (Եբ. 6։10-12

ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՊԱՀՊԱՆԷ

15. Նշէ կերպ մը, որով հաւատքը մեզի կ’օգնէ որ վճռենք քարոզել։

15 Մենք մեր քարոզած պատգամին կը հաւատանք, ուստի կ’ուզենք զայն կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հաղորդել։ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած խոստումներուն կը վստահինք (Սաղ. 119։42. Եսա. 40։8)։ Մեր օրերուն, աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը տեսած ենք։ Ականատես եղած ենք, թէ ինչպէ՛ս մարդոց կեանքը կը բարելաւուի, երբ կը սկսին Աստուածաշունչի խրատները գործադրել։ Այս բոլորը մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն, թէ Թագաւորութեան բարի լուրը պատգամ մըն է, որ ամէն մարդ պէտք է լսէ։

16. Սաղմոս 46։1-3–ի համաձայն, Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ հաւատքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ վճռենք քարոզել։

16 Նաեւ, մենք կը հաւատանք Եհովային՝ մեր քարոզած պատգամին Աղբիւրին, եւ Յիսուսին, որ Եհովան Թագաւորութեան Թագաւորը ըրաւ (Յովհ. 14։1)։ Մեզի ի՛նչ ալ պատահի, Եհովան միշտ մեր ապաւէնն ու զօրութիւնը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Սաղմոս 46։1-3)։ Ասկէ զատ, վստահ ենք որ Յիսուս երկինքէն քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ, գործածելով Եհովայի տուած հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը (Մատ. 28։18-20

17. Օրինակ մը տուր, թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք քարոզել։

17 Հաւատքը մեզ աւելի վստահ կը դարձնէ, թէ Եհովան մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, երբեմն մեր չակնկալած կերպերով (Ժող. 11։6)։ Օրինակ, ամէն օր հազարաւոր մարդիկ մեր հրատարակութիւններու ցուցասեղաններուն եւ սայլակներուն քովէն կ’անցնին։ Արդեօք քարոզելու այս մեթոտը ազդո՞ւ է։ Խօսք չ’ուզեր։ Նոյեմբեր 2014–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը խօսեցաւ համալսարանի աշակերտուհիի մը մասին, որ ուզեց Եհովայի վկաներու մասին տեղեկագրութիւն մը պատրաստել։ Ան չկրցաւ Թագաւորութեան սրահ մը գտնել, բայց համալսարանին մէջ գտաւ մեր հրատարակութիւններու ցուցասեղանը, ինչպէս նաեւ՝ իր տեղեկագրութեան համար պէտք եղած նիւթը։ Ժամանակի ընթացքին, ան մկրտուեցաւ եւ այժմ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Այսպիսի փորձառութիւններ մեզ կը մղեն որ շարունակենք քարոզել, քանի որ ցոյց կու տան, թէ տակաւին կան մարդիկ, որոնք պէտք ունին Թագաւորութեան պատգամը լսելու։

ՎՃՌԷ ՁԵՌՔԴ ՉՀԱՆԳՉԵՑՆԵԼ

18. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը Եհովայի ուզած ժամանակին պիտի աւարտի։

18 Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ճիշդ ժամանակին պիտի աւարտի։ Նկատի առ թէ Նոյի օրերուն ի՛նչ պատահեցաւ։ Եհովան փաստեց որ կատարեալ Ժամանակապահ է։ Ջրհեղեղէն մօտ 120 տարի առաջ, ան որոշեց անոր սկսելուն ժամանակը։ Տասնամեակներ ետք, Եհովան Նոյին ըսաւ որ տապանը շինէ։ Նոյ 40 կամ 50 տարի ծանր աշխատեցաւ։ Հակառակ անոր որ մարդիկ իրեն խուլ ականջ դարձուցին, ան շարունակեց ազդարարական պատգամը քարոզել մինչեւ որ Եհովան ըսաւ, թէ ժամանակը եկաւ որ անասունները տապանը մտցնէ։ Ետքը, ճիշդ ժամանակին Եհովան «տապանը գոցեց» (Ծն. 6։3. 7։1, 2, 16

19. Ի՞նչ բանի ակնկառոյց կրնանք սպասել, եթէ մեր ձեռքը չհանգչեցնենք։

19 Մօտ ատենէն, Եհովան Թագաւորութեան քարոզչութեան գործը իր աւարտին պիտի հասցնէ։ Ետքը, ան Սատանայի չար աշխարհը պիտի կործանէ եւ արդար նոր աշխարհը հաստատէ։ Մինչեւ այն ատեն, թող որ ընդօրինակենք Նոյը, Ամբակումը եւ ուրիշներ, որոնք իրենց ձեռքը չհանգչեցուցին։ Թող որ կեդրոնացած մնանք, համբերող ըլլանք ու Եհովայի եւ իր խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք պահպանենք։

ԵՐԳ 10 «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

^ պարբ. 5 Նախորդ յօդուածը Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտները քաջալերեց, որ ընդունին մարդոց որսորդ ըլլալու Յիսուսի հրաւէրը։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ երեք կերպեր, որոնցմով բոլոր հրատարակիչները,– ըլլան նոր կամ փորձառու,– կրնան զօրացնել իրենց վճռականութիւնը, որ շարունակեն Թագաւորութեան մասին քարոզել, մինչեւ որ Եհովան ըսէ թէ գործը ամբողջացած է։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս յօդուածին մէջ, «մի՛ հանգչեցներ ձեռքդ» արտայայտութիւնը կը նշանակէ, որ պէտք է վճռենք շարունակել բարի լուրը քարոզել, մինչեւ որ Եհովան ըսէ թէ գործը իր աւարտին հասած է։

^ պարբ. 5 «Տէրունական օրը» սկսաւ, երբ 1914–ին Յիսուս թագաւոր եղաւ, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Հազարամեայ իշխանութեան աւարտը։