Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39

Երբ սիրելի մը Եհովան ձգէ

Երբ սիրելի մը Եհովան ձգէ

«Քանի՜ անգամներ. . . զայն տրտմեցուցին» (ՍԱՂ. 78։40ՆԹ

ԵՐԳ 42 ‘Տկարներուն օգնենք’

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Անհատ մը ի՞նչ կը զգայ, երբ իր ընտանիքէն մէկը կը վտարուի։

ԱՐԴԵՕՔ սիրելիներէդ մէկը ժողովքէն վտարուա՞ծ է։ Սիրտդ կրնայ կտոր–կտոր ըլլալ։ Հիլտա * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ 41 տարուան հաւատարիմ ամուսինս մեռաւ, խորհեցայ թէ ատիկա ամէնէն գէշ բանն էր, որ կրնար ինծի պատահիլ։ Բայց երբ տղաս ժողովքը եւ իր կինն ու զաւակները ձգեց, ցաւս շա՜տ աւելի մեծ էր»։

Եհովան կը հասկնայ թէ որքա՜ն կը նեղանաս, երբ սիրելիդ զինք կը ձգէ (տե՛ս պարբ. 2-3) *

2-3. Սաղմոս 78։40, 41–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ իր ծառաներէն մէկը զինք կը ձգէ։

2 Մտածէ՛ թէ Եհովան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ իր ընտանիքէն եղող կարգ մը հրեշտակներ իրեն կռնակ դարձուցին (Յդ. 6)։ Եւ երեւակայէ իր ցաւը, երբ կը տեսնէր թէ իր սիրելի ժողովուրդը՝ իսրայէլ ազգը, կրկին անգամ իրեն դէմ կ’ելլէր (կարդա՛ Սաղմոս 78։40, 41)։ Վստա՛հ եղիր, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը նոյնպէս կը ցաւի, երբ սիրելիներէդ մէկը զինք կը ձգէ։ Ան քու ցաւդ կը հասկնայ։ Ան քեզի կարեկցելով պէտք եղած քաջալերութիւնն ու օգնութիւնը պիտի տայ։

3 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի Եհովայի օգնութիւնը ստանանք, երբ այսպիսի կորուստ ունինք։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ժողովքին անհատները ի՛նչ կրնան ընել, որպէսզի ժողովքին մէջ այս դժուարութիւնը ունեցողներուն օգնեն։ Բայց նա՛խ, նկատի առնենք ժխտական մտածելակերպ մը, որ բնա՛ւ պէտք չէ ունենանք։

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՄԻ՛ ԱՅՊԱՆԵՐ

4. Շատ մը ծնողներ ի՞նչ կը զգան, երբ իրենց զաւակը Եհովան կը ձգէ։

4 Երբ ծնողքի մը թանկագին զաւակը Եհովան կը ձգէ, սովորաբար անոնք հարց կու տան, որ դեռ ի՛նչ կրնային ընել իրենց զաւակին օգնելու համար, որ ճշմարտութեան մէջ մնայ։ Լուք անունով եղբայր մը իր տղուն վտարումէն ետք խոստովանեցաւ. «Ինքզինքս կ’այպանէի եւ գէշ երազներ կը տեսնէի։ Երբեմն կու լայի եւ սիրտս կը ցաւէր»։ Էլիզապէթ անունով քոյր մը, որ նոյնանման պարագայ մը ունէր, յաճախ կը մտածէր. «Ո՞ւր սխալեցայ որպէս մայր։ Կը զգայի որ չեմ կրցած տղուս սրտին մէջ ճշմարտութիւնը քանդակել»։

5. Երբ անհատ մը Եհովան կը ձգէ, ատիկա որո՞ւն յանցանքն է։

5 Պէտք է յիշենք, որ Եհովան ամէն մէկուս ազատ կամք տուած է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մե՛նք կ’որոշենք, թէ իրեն պիտի հնազանդի՛նք կամ ոչ։ Կարգ մը պատանիներու ծնողները բնա՛ւ լաւ օրինակ չեն եղած իրենց, բայց անոնք ընտրած են Եհովային ծառայել եւ իրեն հաւատարիմ մնալ։ Իսկ ուրիշներ, որոնց ծնողները իրենց ամէն կարելին ըրած են, որ զիրենք սուրբգրային սկզբունքներու համաձայն մեծցնեն, յետագային Եհովան ձգած են։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւրս պէտք է որոշենք, թէ Եհովային պիտի ծառայե՛նք կամ ոչ (Յես. 24։15)։ Ո՛վ ծնողներ, թէեւ շա՛տ տխուր էք, բայց մի՛ մտածէք որ ձեր զաւակին վտարումը ձեր յանցանքն է։

6. Պատանի մը ինչպէ՞ս կրնայ ազդուիլ, երբ իր ծնողներէն մէկը Եհովան կը ձգէ։

6 Ատեններ, ծնողքը ճշմարտութիւնը եւ նոյնիսկ իր ընտանիքը կը ձգէ (Սաղ. 27։10)։ Ասիկա կրնայ զաւակները քանդել, քանի որ անոնց համար իրենց ծնողքը օրինակ էր։ Էսթըրը, որուն հայրը վտարուեցաւ, կ’ըսէ. «Յաճախ կու լայի, քանի որ գիտէի թէ ոչ թէ կամաց–կամաց ճշմարտութենէն կը հեռանար, հապա միտքը դրած էր Եհովան ձգել։ Եւ որովհետեւ հայրս կը սիրեմ, երբ վտարուեցաւ, միշտ կը մտահոգուէի թէ արդեօք լա՛ւ է կամ ոչ։ Նոյնիսկ յանկարծական վախի պահեր կ’ունենայի»։

7. Եհովան ի՞նչ կը զգայ այն պատանիներուն հանդէպ, որոնց ծնողքը վտարուած է։

7 Պատանինե՛ր, եթէ ձեր ծնողներէն մէկը վտարուած է, շատ կը ցաւինք ձեզի համար։ Վստա՛հ եղէք, որ Եհովան ձեր ցաւը շատ լաւ գիտէ։ Ան ձեզ կը սիրէ եւ ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ։ Մենք ալ՝ ժողովքին մէջ ձեր եղբայրներն ու քոյրերը, ատիկա կ’արժեւորենք։ Յիշեցէ՛ք որ ձեր ծնողներուն որոշումներուն համար դուք պատասխանատու չէք։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Եհովան ամէն անհատի առջեւ ընտրութիւն դրած է։ Եւ իւրաքանչիւր նուիրուած ու մկրտուած անհատ պէտք է ‘իր բեռը կրէ’ (Գաղ. 6։5

8. Ընտանիքի հաւատարիմ անդամները ի՞նչ կրնան ընել, մինչ կը սպասեն որ իրենց սիրելին Եհովային վերադառնայ (տե՛ս նաեւ « Եհովային վերադարձիր» շրջանակը)։

8 Երբ սիրած անհատներէդ մէկը Եհովան կը ձգէ, բնական է որ միշտ յուսաս որ ան օր մը ետ իրեն պիտի դառնայ։ Մինչ այդ, ի՞նչ կրնաս ընել։ Կրնաս հոգեւոր առողջութեանդ հոգ տանիլ։ Այդպէս ընելով, լաւ օրինակ պիտի ըլլաս ընտանիքիդ միւս անդամներուն եւ թերեւս նոյնիսկ վտարուած անհատին։ Նաեւ, պէտք եղած ուժը պիտի գտնես, որ ցաւիդ կարենաս տոկալ։ Նկատի առնենք կարգ մը գործնական քայլեր, որոնք կրնաս առնել։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԶՕՐԱՒՈՐ ՄՆԱՍ

9. Ի՞նչ կերպերով կրնաս Եհովայէն ոյժ առնել (տե՛ս նաեւ « Համարներ՝ որոնք կրնան քեզ մխիթարել, երբ սիրելի մը Եհովան կը ձգէ» շրջանակը)։

9 Հոգեւոր լաւ ռութին ունեցիր։ Շատ կարեւոր է որ շարունակես դուն քեզ եւ ընտանիքիդ միւս անդամները զօրացնել։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Եհովայէն ոյժ առ՝ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, ինչպէս նաեւ ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Ճոաննան, որուն հայրն ու քոյրը ճշմարտութիւնը ձգեցին, կ’ըսէ. «Վրաս խաղաղութիւն կու գայ, երբ կը կարդամ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններու մասին, ինչպէս՝ Աբիգիան, Եսթերը, Յոբը, Յովսէփը եւ Յիսուսը։ Անոնց օրինակները սիրտս ու միտքս դրական մտածումներով կը լեցնեն, որոնք ցաւս կը մեղմացնեն։ Նաեւ մեր յատուկ երգերը զիս շատ քաջալերած են»։

10. Սաղմոս 32։6-8–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ նեղացուցիչ զգացումներուն դիմանանք։

10 Մտահոգութիւններդ Եհովային առջեւ դիր։ Երբ նեղացուցիչ զգացումներ ունենաս, իրեն աղօթելէ մի՛ դադրիր։ Մեր սիրալիր Աստուծոյ աղաչէ, որ քեզի օգնէ հարցը իր տեսանկիւնէն դիտելու, քեզի հասկացողութիւն տայ եւ ‘երթալու ճամբադ քեզի ցուցնէ’ (կարդա՛ Սաղմոս 32։6-8)։ Անշուշտ, ամենաներքին զգացումներդ Եհովային պատմելը կրնայ ցաւդ աւելցնել։ Բայց ան վիշտդ լիովին կը հասկնայ։ Ան քեզ խորապէս կը սիրէ եւ կը խնդրէ որ սիրտդ իրեն առջեւ բանաս (Ել. 34։6. Սաղ. 62։7, 8

11. Եբրայեցիս 12։11–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է վստահինք Եհովայի սիրալիր կրթութեան (տե՛ս նաեւ « Վտարումը կը յայտնէ Եհովայի սէրը մեզի հանդէպ» շրջանակը)։

11 Որոշումին թիկունք կանգնէ։ Վտարումը Եհովայի կարգադրութեան մէկ մասն է։ Մէկը այսպէս կրթելը իրեն օգնելու լաւագոյն կերպն է եւ ժողովքին մէջ միւսներուն համար ալ օգտակար է (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։11)։ Եթէ երէցներուն որոշումին մասին ժխտական խօսք մը լսես, յիշէ որ խօսողը հարցին միայն մէկ կողմը կը ներկայացնէ։ Մենք պարզապէս բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։ Ուստի իմաստութիւն է վստահիլ, որ դատական յանձնախումբի երէցները ամէն ջանք ըրին, որ սուրբգրային սկզբունքներուն հետեւին եւ «Տէրոջ» համար դատեն (Բ. Մն. 19։6

12. Ոմանք ինչպէ՞ս օգտուած են Եհովայի կրթելու կարգադրութեան թիկունք կանգնելով։

12 Երբ երէցներուն որոշումին թիկունք կը կանգնիս, կրնաս վտարուած սիրելիիդ օգնել, որ Եհովային վերադառնայ։ Նախապէս նշուած Էլիզապէթը կ’ըսէ. «Մեր չափահաս տղուն հետ կապը կտրելը շատ դժուար էր։ Բայց երբ Եհովային վերադարձաւ, ընդունեց որ արժանի էր վտարուելու։ Յետագային ըսաւ, որ շատ մը դասեր սորվեցաւ։ Ես ալ համոզուեցայ որ Եհովայի տուած կրթութիւնը միշտ ճիշդ է»։ Իր ամուսինը՝ Մարք, կ’աւելցնէ. «Ժամանակ մը ետք, տղաս ինծի ըսաւ, որ իր վերադառնալու պատճառներէն մէկն էր, որ մենք իրեն բնա՛ւ չընկերակցեցանք։ Շա՜տ ուրախ եմ որ Եհովան մեզի օգնեց, որ իրեն հնազանդինք»։

13. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ ցաւիդ դիմանաս։

13 Սիրտդ բաց բարեկամներու, որոնք զգացումներդ կը հասկնան։ Ընկերակցէ հասուն քրիստոնեաներու հետ, որոնք կրնան քեզի օգնել որ դրական մնաս (Առ. 12։25. 17։17)։ Նախապէս նշուած Ճոաննան կ’ըսէ. «Միայնակ կը զգայի։ Բայց վստահելի բարեկամներու խօսելով, կրցայ հարցին հետ գլուխ ելլել»։ Սակայն, ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ ժողովքին մէջ ոմանց ըսածներէն աւելի գէշ կը զգաս։

14. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ‘իրարու համբերել եւ իրարու ներել’։

14 Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ համբերէ։ Չենք կրնար ակնկալել, որ ամէն մարդ միշտ ճիշդ արտայայտուի (Յակ. 3։2)։ Բոլորս անկատար ենք, անոր համար մի՛ զարմանար, եթէ ոմանք չգիտնան ի՛նչ ըսել կամ նոյնիսկ առանց ուզելու ըսեն բաներ, որոնք քեզ կը վիրաւորեն։ Յիշէ Պօղոս առաքեալի խօսքը. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ’ (Կող. 3։13)։ Քոյր մը, որուն մէկ ազգականը վտարուեցաւ, կը բացատրէ. «Եհովան ինծի օգնած է, որ ներեմ այն հաւատակիցներուն, որոնք փորձեցին ճիշդ բանը ընել՝ բայց անկատար կերպով»։ Ժողովքը ի՞նչ կրնայ ընել ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն օգնելու համար։

ԺՈՂՈՎՔԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՆԵԼ

15. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել ընտանիքի անդամներուն, որոնց սիրելին վերջերս վտարուեցաւ։

15 Ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն հանդէպ ազնիւ եւ ընկերային եղիր։ Միրիամ անունով քոյր մը կ’ըսէ, որ իր եղբօր վտարումէն ետք, վախով ժողովներու կ’երթար։ «Կը վախնայի, թէ ուրիշներ ի՛նչ պիտի ըսեն։ Բայց ժողովքիս մէջ հոյակապ հաւատակիցներ կային, որոնք տխրութիւնս հետս բաժնեցին, առանց վտարուած եղբօրս դէմ ժխտական բան մը ըսելու։ Անոնց շնորհակալ եմ, որ ցաւս առանձին չքաշեցի»։ Ուրիշ քոյր մը կը յիշէ. «Մեր տղան վտարուելէ ետք, սիրելի բարեկամներ եկան մեզ մխիթարելու։ Ոմանք խոստովանեցան, թէ չէին գիտեր ի՛նչ ըսել։ Ոմանք հետս լացին, իսկ ուրիշներ ինծի քաջալերական նամակ գրեցին։ Չեմ կրնար բացատրել, թէ իրենց ըրածը որչա՜փ ինծի օգնեց»։

16. Ժողովքը ինչպէ՞ս կրնայ շարունակ աջակցիլ վտարուած անհատին ազգականներուն։

16 Շարունակէ ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն աջակցիլ։ Անոնք որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա՛ պէտք ունին քու սիրոյդ եւ քաջալերութեանդ (Եբ. 10։24, 25)։ Ատեններ, վտարուած անհատին ընտանիքի անդամները նկատած են, որ ժողովքին մէջ ոմանք իրենց հետ այնպէս մը կը վարուին, կարծես թէ իրենք ալ վտարուած են։ Բնա՛ւ չենք ուզեր, որ անոնք այդպէս զգան։ Մանաւանդ այն պատանիները, որոնց ծնողները ճշմարտութիւնը ձգած են, գովասանքի ու քաջալերութեան պէտք ունին։ Մարիան, որուն ամուսինը վտարուեցաւ եւ ընտանիքը ձգեց, կ’ըսէ. «Բարեկամներէս ոմանք տունս եկան, ճաշ եփեցին եւ մեզի հետ ընտանեկան պաշտամունքը ըրին։ Անոնք ցաւս զգացին եւ ինծի հետ լացին։ Եւ զիս պաշտպանեցին, երբ մարդիկ սխալ լուրեր տարածեցին։ Անոնք իրապէս տրամադրութիւնս բարձրացուցին» (Հռով. 12։13, 15

Ժողովքը կրնայ ընտանիքի հաւատարիմ անդամներուն սիրալիրօրէն աջակցիլ (տե՛ս պարբ. 17) *

17. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան վշտացած անհատները մխիթարել։

17 Երէցնե՛ր, առիթներ գտէք ընտանիքի հաւատարիմ անդամները զօրացնելու համար։ Դուք յատուկ պատասխանատուութիւն ունիք մխիթարելու այն հաւատակիցները, որոնց սիրելին Եհովան ձգած է (Ա. Թես. 5։14)։ Նախաքայլը առէք ժողովներէն առաջ ու ետք զիրենք քաջալերելու։ Իրենց այցելեցէք եւ իրենց հետ աղօթեցէք։ Իրենց հետ ծառայեցէք, կամ ատեն–ատեն զիրենք հրաւիրեցէք ձեր ընտանեկան պաշտամունքին։ Հոգեւոր հովիւները պէտք է Եհովայի այս վշտացած ոչխարներուն կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տան (Ա. Թես. 2։7, 8

ՅՈՅՍԴ ՄԻ՛ ԿՏՐԵՐ, ԵՒ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԷ

18. Բ. Պետրոս 3։9–ի համաձայն, մեղաւորներուն համար Աստուծոյ փափաքը ի՞նչ է։

18 Եհովան «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9)։ Թէեւ անհատը լուրջ մեղք մը գործեց, բայց իր կեանքը տակաւին թանկագին է Աստուծոյ աչքին։ Մտածէ՛ թէ Եհովան մեղաւորներուն համար ի՜նչ սուղ գին մը վճարած է՝ իր սիրելի Որդիին փրկանքը։ Եհովան կարեկցաբար կը փորձէ անոնց օգնել, որ իրեն վերադառնան։ Ան յոյս ունի, որ անոնք պիտի ընտրեն իրեն վերադառնալ, ինչպէս որ կը տեսնենք Յիսուսի պատմած անառակ որդիին առակին մէջ (Ղուկ. 15։11-32)։ Ճշմարտութիւնը ձգողներէն շատեր, յետագային իրենց սիրալիր երկնաւոր Հօր վերադարձած են։ Եւ ժողովքը զիրենք ջերմութեամբ ընդունած է։ Նախապէս նշուած Էլիզապէթը շա՜տ ուրախացաւ, երբ իր տղան վերընդունուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Իրապէս գնահատեցի անոնք, որոնք մեզ քաջալերեցին, որ մեր յոյսը չկտրենք»։

19. Ինչո՞ւ կրնանք շարունակել Եհովային վստահիլ։

19 Միշտ կրնանք Եհովային վստահիլ։ Ան բնա՛ւ չի տար ուղղութիւն մը, որ մեզի վնաս պիտի հասցնէ։ Ան առատաձեռն ու կարեկից Հայր է, որ խոր սէր ունի բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք զինք կը սիրեն ու կը պաշտեն։ Վստահ եղիր, որ վիշտիդ մէջ Եհովան բնա՛ւ քեզ պիտի չլքէ (Եբ. 13։5, 6)։ Նախապէս նշուած Մարքը կ’ըսէ. «Եհովան բնա՛ւ մեզ երեսի վրայ չձգեց։ Երբ դժուարութիւններէ կ’անցնինք, ան բնա՛ւ հեռու չէ մեզմէ»։ Եհովան պիտի շարունակէ քեզի տալ «անսահման զօրութիւնը» (Բ. Կոր. 4։7, ՆԹ)։ Այո, նոյնիսկ երբ սիրելի մը Եհովան ձգէ, դուն կրնաս հաւատարիմ մնալ եւ յոյսդ չկորսնցնել։

ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը

^ պարբ. 5 Մենք շատ կը նեղանանք, երբ մեր սիրելիներէն մէկը Եհովան կը ձգէ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ երբ ասիկա պատահի։ Անիկա պիտի քննարկէ կարգ մը գործնական բաներ, որոնք ընտանիքի հաւատարիմ անդամները կրնան ընել իրենց ցաւին հետ գլուխ ելլելու եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ժողովքին մէջ բոլորը ինչպէ՛ս կրնան ընտանիքը մխիթարել եւ անոր թիկունք կանգնիլ։

^ պարբ. 1 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 79 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ եղբայր մը իր ընտանիքն ու Եհովան կը լքէ, իր կինն ու զաւակները կը տառապին։

^ պարբ. 81 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկու երէցներ իրենց ժողովքէն եղող ընտանիքի մը քով կու գան, զիրենք քաջալերելու համար։