Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 35

Մեր հաւատարիմ տարեցները գանձ սեպէ

Մեր հաւատարիմ տարեցները գանձ սեպէ

«Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է» (ԱՌ. 16։31

ԵՐԳ 90 Ալեւորութեան գեղեցկութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Առակաց 16։31–ի համաձայն, ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք հաւատարիմ տարեցները։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

ՉՏԱՇՈՒԱԾ ադամանդները ո՛չ կը փայլին, ոչ ալ աչքի կը զարնեն։ Անոր համար, եթէ անհատ մը ադամանդ մը տեսնէ իր բնական վիճակին մէջ, կրնայ չգիտնալ թէ ինչի՛ կը նայի եւ կրնայ պարզապէս անոր քովէն անցնիլ–երթալ։

2 Կրնանք ըսել որ մեր հաւատարիմ տարեցները այդ ադամանդներուն կը նմանին, քանի որ անոնք ալ թանկագին գանձեր են։ Աստուծոյ Խօսքը անոնց ճերմակ մազերը պսակի կը նմանցնէ (կարդա՛ Առակաց 16։31. 20։29)։ Բայց այս գանձերը կրնան շատ դիւրաւ անտեսուիլ։ Այն երիտասարդները, որոնք տարեցներուն արժէքը գիտեն, կրնան շահիլ բան մը, որ բառացի հարստութենէն աւելի օգտակար է։ Այս յօդուածին մէջ, երեք հարցումներու պիտի պատասխանենք. Եհովան ինչո՞ւ հաւատարիմ տարեցները գանձեր կը սեպէ։ Անոնք ի՞նչ տեղ ունին Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ լիովին օգտուինք անոնց օրինակէն։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ ԳԱՆՁԵՐ ԿԸ ՍԵՊԷ

Հաւատարիմ տարեցները թանկագին են Եհովա Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին աչքին (տե՛ս պարբ. 3)

3. Ըստ Սաղմոս 92։12-15–ին, հաւատարիմ տարեցները ինչո՞ւ Եհովայի աչքին թանկագին են։

3 Հաւատարիմ տարեցները Եհովա Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր են։ Ան անոնց ներքին անձը կը տեսնէ եւ իրենց հիանալի յատկութիւնները գիտէ ու կ’արժեւորէ։ Ան կը գնահատէ, երբ տարեցները երիտասարդներուն կը փոխանցեն այն իմաստութիւնը, որ տարիներ շարունակ ձեռք ձգած են հաւատարմօրէն ծառայելով (Յոբ 12։12. Առ. 1։1-4)։ Ան նաեւ կ’արժեւորէ անոնց տոկունութիւնը (Մաղ. 3։16)։ Անոնց կեանքը խնդիրներէ զերծ չէ եղած, բայց Եհովայի հանդէպ անոնց հաւատքը բնա՛ւ չէ խախտած։ Ապագայի նկատմամբ անոնց յոյսը աւելի զօրաւոր է, քան երբ ճշմարտութիւնը նոր գիտցան։ Եւ Եհովան զիրենք կը սիրէ, քանի որ «ծերութեան ատեն ալ» կը շարունակեն իր անունը հռչակել (կարդա՛ Սաղմոս 92։12-15

4. Մեր տարեց եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ միտքերով կրնան մխիթարուիլ։

4 Եթէ տարիքով կը մեծնաս, վստահ եղիր որ Եհովան կը յիշէ այն ինչ որ անցեալին ըրած ես (Եբ. 6։10)։ Դուն նախանձախնդրօրէն քարոզչութեան թիկունք կանգնած ես, եւ ատիկա մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախացնէ։ Տոկացած ես շատ մը դժուարութիւններու, որոնցմէ ոմանք սիրտդ կոտրած են։ Աստուածաշունչի արդար չափանիշներուն կառչած ես, ծանր պատասխանատուութիւններ շալկած ես, եւ ուրիշները մարզած ես։ Լաւագոյնդ ըրած ես որ համակերպիս այն շատ մը փոփոխութիւններուն, որ Եհովայի կազմակերպութիւնը ըրած է։ Ուրիշներուն աջակցած ես եւ զիրենք քաջալերած ես, որ լիաժամ ծառայութեան մէջ մնան։ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ հաւատարիմ մնալուդ համար։ Ան կը խոստանայ որ ‘իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ] երեսէ պիտի չձգէ’ (Սաղ. 37։28)։ Ան քեզ կը վստահեցնէ. «Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ» (Եսա. 46։4)։ Ուստի մի՛ մտածեր, թէ քանի որ կը մեծնաս, այլեւս Եհովայի կազմակերպութեան մէջ դեր մը չունիս։ Շա՜տ արժէքաւոր ես։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆ

5. Տարեցները ի՞նչ բան պէտք է իրենց միտքը պահեն։

5 Տարեցները տալիք շատ բան ունին։ Թէեւ առաջուան պէս ոյժ չունին, բայց մեծ փորձառութիւն ունին, որ տարիներու ընթացքին դիզած են։ Եհովան կրնայ շարունակել շատ մը կերպերով զիրենք գործածել, ինչպէս որ անցեալի եւ ներկայի հետեւեալ օրինակները ցոյց կու տան։

6-7. Տուր օրինակներ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած տարեցներու, որոնք իրենց հաւատարիմ ծառայութեան համար Եհովայէն օրհնուեցան։

6 Աստուածաշունչին մէջ հաւատարիմներու լաւ օրինակներ կը գտնենք, որոնք իրենց ծեր տարիքին ալ շարունակեցին Եհովային ծառայել։ Օրինակ, Մովսէս շուրջ 80 տարեկան էր, երբ սկսաւ ծառայել որպէս Եհովայի մարգարէն եւ իսրայէլ ազգին առաջնորդը։ Եհովան շարունակեց Դանիէլը գործածել որպէս իր խօսնակը, երբ մարգարէն հաւանաբար 90–ական տարիքի մէջ էր։ Յովհաննէս առաքեալն ալ հաւանաբար 90–ական տարիքի մէջ էր, երբ Եհովան զինք ներշնչեց Յայտնութիւն գիրքը գրելու։

7 Շատ մը ուրիշ հաւատարիմներ լաւ ճանչցուած չէին եւ դիւրաւ կրնային անտեսուիլ։ Բայց Եհովան զիրենք նկատեց եւ իրենց հաւատարմութեան համար զիրենք վարձատրեց։ Օրինակ, Աստուածաշունչը միայն կարճ կերպով կը յիշէ Սիմէոն անունով «արդար ու աստուածավախ» մարդ մը, բայց Եհովան գիտէր թէ ան ո՛վ էր եւ իրեն առանձնաշնորհումը տուաւ Յիսուս մանուկը տեսնելու եւ մանուկին ու իր մօր մասին մարգարէանալու (Ղուկ. 2։22, 25-35)։ Նաեւ մտածէ՛ այրի մարգարէուհի Աննային մասին։ Ան 84 տարեկան էր, բայց «տաճարէն չէր զատուեր»։ Կանոնաւորաբար տաճար երթալուն համար Եհովան զինք օրհնեց, եւ թոյլ տուաւ որ Յիսուս մանուկը տեսնէ։ Թէ՛ Սիմէոնը եւ թէ Աննան Եհովայի աչքին արժէքաւոր էին (Ղուկ. 2։36-38

Քոյր Տիտըրը այժմ 80–ական տարիքի մէջ է եւ կը շարունակէ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել (տե՛ս պարբ. 8)

8-9. Այրիները ի՞նչ կերպով կը շարունակեն օգտակար ըլլալ Եհովայի կազմակերպութեան։

8 Մեր օրերուն շատ մը հաւատարիմ տարեցներ հոյակապ օրինակ են երիտասարդներուն համար։ Նկատի առ քոյր Լոյիս Տիտըրի փորձառութիւնը։ Ան միայն 21 տարեկան էր, երբ սկսաւ ծառայել որպէս մասնաւոր ռահվիրայ, Քանատայի մէջ։ Անկէ ետք, ինքն ու իր ամուսինը՝ Ճոնը, տարիներով շրջագայական գործին մասնակցեցան։ Անոնք յետագային Քանատայի Բեթէլին մէջ ծառայեցին աւելի քան 20 տարի։ Երբ Լոյիս 58 տարեկան էր, ինքն ու Ճոնը Ուքրանիայի մէջ նշանակում մը ստացան։ Ի՞նչ պիտի ընէին։ Պիտի խորհէի՞ն թէ ուրիշ երկրի մը մէջ ծառայելու համար տարիքով շատ մեծ էին։ Անոնք նշանակումը ընդունեցին եւ Ճոնը նշանակուեցաւ ծառայելու որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի մէկ անդամ։ Անկէ եօթը տարի ետք, երբ Ճոն մեռաւ, Լոյիս որոշեց իր նշանակումին մէջ մնալ։ Հիմա Լոյիս 81 տարեկան է։ Ան տակաւին Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայէ Ուքրանիայի Բեթէլի ընտանիքին հետ եւ անոնք զինք շատ կը սիրեն։

9 Լոյիսի պէս այրիները թերեւս նոյնչափ չնկատուին, որչափ կը նկատուէին, երբ իրենց ամուսինները ողջ էին, բայց այրի ըլլալը իրենց արժէքէն չի պակսեցներ։ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ այն քոյրերը, որոնք տարիներով իրենց ամուսիններուն թիկունք կանգնեցան եւ այժմ կը շարունակեն իրեն հաւատարմօրէն ծառայել (Ա. Տիմ. 5։3)։ Ասկէ զատ, անոնք երիտասարդները կը քաջալերեն։

10. Թոնին ի՞նչ հոյակապ օրինակ եղաւ։

10 Շատ մը հաւատարիմ տարեցներ ալ, որոնք ծերանոցներու մէջ կ’ապրին, շատ արժէքաւոր են։ Օրինակ, Թոնի անունով եղբայր մը այժմ ծերանոցի մէջ կ’ապրի։ Ան մկրտուեցաւ Փէնսիլվանիոյ մէջ, ԱՄՆ, օգոստոս 1942–ին, երբ 20 տարեկան էր։ Անկէ քիչ ետք, ան բանակ կանչուեցաւ եւ քանի որ մերժեց, երկուքուկէս տարի բանտարկուեցաւ։ Ինքն ու իր կինը՝ Հիլտան, երկու զաւակ մեծցուցին ճշմարտութեան մէջ։ Տարիներու ընթացքին, Թոնին երեք ժողովքներու մէջ ծառայեց որպէս վերակացու տեսուչ (այժմ կը կոչուի երէցներու մարմինի համակարգող) եւ որպէս շրջանային համաժողովի տեսուչ։ Ան ժողովներ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեց բանտի մը մէջ։ Հիմա որ Թոնին 98 տարեկան է, միտք չունի Եհովային համար աշխատելէ դադրելու։ Ան իր լաւագոյնը կ’ընէ որ Եհովային ծառայէ իր ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ ծերանոցի մէջ ապրող տարեցները գանձ կը սեպենք։

11 Ինչպէ՞ս կրնանք ծերանոցներու մէջ ապրող տարեցները պատուել։ Երբ որ կարելի է, երէցները կրնան իրենց օգնել, զոր օրինակ, որ ժողովներու ներկայ գտնուին կամ ատոնք մտիկ ընեն, եւ քարոզեն։ Իսկ մենք կրնանք անոնցմով անձնապէս հետաքրքրուիլ՝ իրենց այցելելով կամ իրենց հետ վիտէօ–զրոյցներ ունենալով։ Կ’ուզենք մասնաւորապէս հետաքրքրուիլ այն տարեցներով, որոնք իրենց ժողովքէն հեռու եղող ծերանոցի մը մէջ կ’ապրին։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք այս տարեցները անտեսել։ Երբ տարեց եղբայրներու ու քոյրերու հետ խօսինք, թերեւս ոմանց համար դիւրին չըլլայ կամ յարմար չտեսնեն իրենց մասին պատմել։ Բայց շա՜տ պիտի քաջալերուինք, եթէ ժամանակ տանք՝ անոնց հարցումներ հարցնելու եւ մտիկ ընելու, մինչ կը պատմեն, թէ ի՛նչ ուրախ փորձառութիւններ ունեցած են Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։

12. Մեր ժողովքին մէջ ի՞նչ կրնանք գտնել։

12 Թերեւս զարմանանք, երբ գիտնանք որ մեր ժողովքին մէջ տարեցներ կան, որոնք հաւատարմութեան մէջ շատ աղուոր օրինակներ են։ Հարիէթ անունով քոյր մը տարիներով Եհովային հաւատարմօրէն ծառայեց Նիւ Ճըրզիի մէջ գտնուող իր ժողովքին մէջ, ԱՄՆ։ Ետքը, ան փոխադրուեցաւ որ իր աղջկան հետ ապրի։ Իր նոր ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ժամանակ տուին զինք ճանչնալու եւ տեսան որ գանձ մըն է։ Ան զիրենք քաջալերեց պատմելով դաշտի ծառայութեան մէջ պատահած դէպքեր, որոնք իրեն պատահեցան 1920–ականներուն, երբ ճշմարտութեան նոր ծանօթացաւ։ Այդ ատեն, ան միշտ իրեն հետ ակռայի վրձին կ’ունենար քարոզելու ժամանակ, հաշիւ ընելով որ կրնար ձերբակալուիլ։ Այդպէս ալ եղաւ. 1933–ին, երկու անգամ մէկական շաբաթ բանտարկուեցաւ։ Այդպիսի պարագաներու, իր Վկայ չեղող ամուսինը իրեն թիկունք կը կանգնէր եւ իրենց երեք պզտիկներուն հոգ կը տանէր։ Անկասկած, Հարիէթին նման հաւատարիմ տարեցներ արժանի են գանձ սեպուելու։

13. Ի՞նչ սորվեցանք այն արժէքին մասին, որ տարեցները ունին Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։

13 Մեր տարեց եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կարեւոր դեր ունին։ Անոնք տեսած են, թէ ինչպէ՛ս Եհովան շատ մը կերպերով ցոյց տուած է, որ իր կազմակերպութեան եւ իրենց կը հաճի։ Անոնք իրենց սխալներէն կարեւոր դասեր սորված են։ Զանոնք նկատէ որպէս «իմաստութեան աղբիւր» եւ իրենց փորձառութենէն սորվէ (Առ. 18։4)։ Եթէ ժամանակ տաս զիրենք ճանչնալու, հաւատքդ պիտի զօրանայ եւ շա՜տ բան պիտի սորվիս։

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԷՆ ԼԻՈՎԻՆ ՕԳՏՈՒԷ

Ճիշդ ինչպէս որ Եղիսէն Եղիային հետ ըլլալով օգտուեցաւ, նոյնպէս եղբայրներն ու քոյրերը կրնան օգտուիլ այն հաւատակիցներուն փորձառութենէն, որոնք տարիներով Եհովային ծառայած են (տե՛ս պարբ. 14-15)

14. Բ. Օրինաց 32։7–ին մէջ, երիտասարդներուն ի՞նչ քաջալերութիւն կը տրուի։

14 Նախաքայլը առ տարեցներուն հետ խօսելու (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։7)։ Ճիշդ է որ թերեւս անոնց տեսողութիւնը տկարացած է, աւելի դանդաղ կը քալեն եւ լսելի ձայնով չեն խօսիր, բայց անոնք մէջէն երիտասարդ են եւ Եհովայի քով «բարի անուն» շինած են (Ժող. 7։1)։ Յիշէ թէ Եհովան ինչո՛ւ զանոնք գանձ կը նկատէ։ Շարունակէ զանոնք պատուել։ Եղիսէին պէս եղիր։ Ան պնդեց որ Եղիային հետ մնայ այն վերջին օրը, որ միասին էին։ Եղիսէն երեք անգամ ըսաւ. «Ես քեզ չեմ թողուր» (Դ. Թագ. 2։2, 4, 6

15. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել տարեցներուն։

15 Տարեցներով անկեղծօրէն հետաքրքրուէ՝ ազնուութեամբ անոնց հարցումներ հարցնելով (Առ. 1։5. 20։5)։ Հարցուր այսպիսի հարցումներ. «Երբ ճշմարտութիւնը նոր գտար, ի՞նչ բան քեզ համոզեց, որ ատիկա ճշմարտութիւնն է»։ «Փորձառութիւններդ քեզ ինչպէ՞ս Եհովային մօտեցուցած են»։ «Քու կարծիքովդ, Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ մնալու գաղտնիքը ի՞նչ է» (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ Ետքը, անոնց պատմածը մտիկ ըրէ։

16. Երբ երիտասարդն ու տարեցը իրարու հետ կը խօսակցին, երկուքն ալ ինչպէ՞ս կ’օգտուին։

16 Երբ տարեց մը եւ երիտասարդ մը իրարու հետ կը խօսակցին, երկուքն ալ կ’օգտուին (Հռով. 1։12)։ Դուն, ո՛վ երիտասարդ, ա՛լ աւելի պիտի համոզուիս, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն հոգ կը տանի, իսկ տարեցը սիրուած պիտի զգայ։ Ան պիտի ուրախանայ քեզի պատմելով, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք վարձատրած է։

17. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ հաւատարիմ տարեցները տարիէ տարի աւելի գեղեցիկ կը դառնան։

17 Ճիշդ է որ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը տարիքին հետ կ’երթայ, բայց Եհովային հաւատարիմ եղողները տարիէ տարի իր աչքին աւելի գեղեցիկ կը դառնան (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Քանի որ տարիներու ընթացքին անոնք թոյլ տուած են, որ սուրբ հոգին զիրենք մարզէ եւ օգնէ որ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակեն։ Ո՛րքան աւելի ճանչնանք մեր թանկագին տարեց եղբայրներն ու քոյրերը եւ անոնցմէ սորվինք, ա՛յնքան աւելի զանոնք պիտի պատուենք եւ թանկագին գանձեր պիտի սեպենք։

18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

18 Ժողովքը կը զօրանայ, ոչ միայն երբ երիտասարդները տարեցները գանձ կը սեպեն, հապա նաեւ երբ տարեցները երիտասարդները կ’արժեւորեն։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք թէ տարեցները ինչպէ՛ս կրնան ցոյց տալ, որ ժողովքի երիտասարդները կ’արժեւորեն։

ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

^ պարբ. 5 Հաւատարիմ տարեցները թանկագին գանձերու կը նմանին։ Այս յօդուածը մեզ կը քաջալերէ, որ զիրենք աւելի գնահատենք, եւ կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրենց իմաստութենէն եւ փորձառութենէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Անիկա նաեւ տարեցները կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ կարեւոր տեղ մը ունին։