ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39
Անունդ «կենաց գրքին» մէջ գրուա՞ծ է
«Իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար» (ՄԱՂ. 3։16)։
ԵՐԳ 17 Օ՛ն յառաջ, ո՛վ Վկաներ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Մաղաքիա 3։16–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ գիրք կը գրէ, եւ անոր մէջ ի՞նչ կը գրէ։
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ տարիներէ ի վեր, Եհովան յատուկ գիրք մը կը գրէ։ Այս գիրքին մէջ շատ մը անուններ գրուած են՝ սկսելով առաջին հաւատարիմ վկայէն՝ Աբէլէն (Ղուկ. 11։50, 51) *։ Դարերու ընթացքին, Եհովան անուններ աւելցուցած է, եւ ներկայիս անոր մէջ միլիոնաւոր անուններ կան։ Աստուածաշունչին մէջ, այս գիրքը կը կոչուի «յիշատակի գիրք» եւ «կենաց [այսինքն՝ կեանքի] գիրք»։ Այս յօդուածին մէջ, մենք պիտի գործածենք «կեանքի գիրք» արտայայտութիւնը (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16. Յայտ. 3։5. 17։8)։
2. Որո՞նց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ, եւ մեր անունները ինչպէ՞ս կրնան հոն գրուիլ։
2 Այս յատուկ գիրքին մէջ կան բոլոր անոնց անունները, որոնք վախով կամ խոր յարգանքով Եհովան կը պաշտեն եւ իր անունը կը սիրեն։ Անոնք յաւիտենական կեանք ունենալու յոյսը ունին։ Ներկայիս մեր անունն ալ կրնայ գրուիլ այս գիրքին մէջ, եթէ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն զարգացնենք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին, փրկանքին հիման վրայ (Յովհ. 3։16, 36)։ Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր անունները գտնուին այս գիրքին մէջ,– մեր յոյսը ըլլայ՝ ապրիլ երկինքի՛ մէջ կամ երկրի վրայ։
3-4. ա) Եթէ մեր անունները ներկայիս գրուած են կեանքի գիրքին մէջ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ յաւիտեան պիտի ապրինք. բացատրէ։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Ասիկա կը նշանակէ՞ որ անոնք, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են անպայմանօրէն յաւիտենական կեանք պիտի ունենան։ Պատասխանը կը գիտնանք Մովսէսին ըսուած Եհովայի խօսքերէն, որոնք գրուած են Ելից 32։33–ին մէջ։ Եհովան ըսաւ. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ»։ Այսինքն, այն անունները, որոնք ներկայիս գիրքին մէջ գրուած են, կրնան աւրուիլ, կամ ջնջուիլ։ Կրնանք ըսել, որ սկիզբը Եհովան անունները կարծես թէ մատիտով կը գրէ (Յայտ. 3։5)։ Մենք պէտք է ամէն ջանք ընենք, որ մեր անունները գիրքին մէջ մնան, մինչեւ որ մելանով գրուին ու չջնջուին։
4 Բնականաբար, թերեւս կարգ մը հարցումներ հարցնենք։ Օրինակ, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ անոնց մասին, որոնց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ եւ անոնց մասին, որոնց անունները հոն չեն գրուած։ Ե՞րբ է որ անոնք, որոնց անունները գրուած են այդ գիրքին մէջ, յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք մեռան առանց Եհովան ճանչնալու։ Կարելի՞ է որ անոնց անուններն ալ գրուին այդ գիրքին մէջ։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի գտնենք այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ։
ՈՐՈ՞ՆՑ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ
5-6. ա) Ինչպէս որ Փիլիպպեցիս 4։3–ն ցոյց կու տայ, որո՞նց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ։ բ) Անոնց անունները ե՞րբ մնայուն կերպով պիտի գրուին։
5 Նկատի առնենք մարդոց հինգ տարբեր խումբեր, եւ տեսնենք թէ որո՛նց անունները գրուած են այս այլաբանական գիրքին մէջ եւ որո՛նց անունները չեն գրուած։
6 Առաջին խումբը կազմուած է անոնցմէ, որոնք ընտրուած են Յիսուսին հետ իշխելու երկինքին մէջ։ Անոնց անունները ներկայիս գրուա՞ծ են կեանքի գիրքին մէջ։ Այո՛։ Ասիկա կը հաստատուի Փիլիպպէի հաւատակիցներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խօսքով (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։3)։ Բայց որպէսզի անոնց անունները այս գիրքին մէջ մնան, անոնք պէտք է հաւատարիմ մնան։ Այսպէս, երբ իրենց վերջնական կնքումը կը ստանան, իրենց անունները մնայուն կերպով կը գրուին այս գիրքին մէջ։ Ասիկա կը պատահի կա՛մ իրենց մեռնելէն առաջ, կամ ալ մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ (Յայտ. 7։3)։
7. Յայտնութիւն 7։16, 17–էն ինչպէ՞ս կը հասկնանք, թէ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան անունները ե՛րբ մնայուն կերպով պիտի գրուին կեանքի գիրքին մէջ։
7 Երկրորդ խումբը կազմուած է ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութենէն։ Անոնց անունները հիմա գրուա՞ծ են կեանքի գիրքին մէջ։ Այո՛։ Իսկ անոնց անունները տակաւին պիտի ըլլա՞ն այդ գիրքին մէջ Արմագեդոնէն վերապրելէ ետք։ Այո՛ (Յայտ. 7։14)։ Յիսուս ըսաւ, որ այդ ոչխարանման անհատները «յաւիտենական կեանքը» պիտի երթան (Մատ. 25։46)։ Բայց Արմագեդոնէն վերապրելէ ետք, անոնք անմիջապէս յաւիտենական կեանք պիտի չստանան։ Անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ կարծես թէ մատիտով գրուած պիտի մնան։ Հազարամեային ընթացքին, Յիսուս «պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք»։ Անոնք, որոնք Քրիստոսի առաջնորդութեան պիտի ընդառաջեն եւ վերջին դատաստանին ատեն Եհովային հաւատարիմ պիտի մնան, իրենց անունները մնայուն կերպով պիտի գրուին կեանքի գիրքին մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։16, 17)։
8. Որո՞նց անունները չեն գրուած կեանքի գիրքին մէջ, եւ անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։
8 Երրորդ խումբը կազմուած է այծերէն, որոնք Արմագեդոնին պիտի կործանին։ Անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ չեն գրուած։ Յիսուս կ’ըսէ, որ անոնք «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը» (Մատ. 25։46)։ Ներշնչումի տակ, Պօղոս մեզի կ’ըսէ որ անոնք «պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով» (Բ. Թես. 1։9. Բ. Պետ. 2։9)։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք դարերու ընթացքին սուրբ հոգիին դէմ մեղք գործած են, այսինքն՝ գիտցած են թէ Եհովային կամքը ի՛նչ է, բայց որոշած են անոր հակառակ կերպով վարուիլ։ Իրենց ալ կը սպասէ յաւիտենական աւերումը, եւ ոչ թէ յաւիտենական կեանքը։ Յստակ է, որ անոնք յարութիւն պիտի չառնեն (Մատ. 12։32. Մար. 3։28, 29. Եբ. 6։4-6)։ Հիմա նկատի առնենք մարդոց երկու խումբեր, որոնք երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն։
ԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ
9. Ինչպէս Գործք 24։15–ը ցոյց կու տայ, մարդոց ի՞նչ երկու խումբեր յարութիւն պիտի առնեն, եւ անոնք ինչո՞վ կը տարբերին իրարմէ։
9 Աստուածաշունչը կը խօսի մարդոց երկու խումբերու մասին, որոնք յարութիւն պիտի առնեն՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսով. «արդարներ»ը եւ «մեղաւորներ»ը (կարդա՛ Գործք 24։15)։ «Արդարներ»ը անոնք են, որոնք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեցին, երբ ողջ էին։ Իսկ «մեղաւորներ»ը անոնք են, որոնք Եհովային չծառայեցին։ Եւ անշուշտ անոնց գործերը արդար չէին։ Որովհետեւ երկու խումբերն ալ յարութիւն կ’առնեն, կրնա՞նք ըսել որ անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են։ Այդ հարցումին պատասխանը գիտնալու համար, զատ–զատ նկատի առնենք ամէն մէկ խումբը։
10. «Արդարներ»ը ինչո՞ւ յարութիւն պիտի առնեն, եւ անոնցմէ ոմանք ի՞նչ առանձնաշնորհում պիտի վայելեն (տե՛ս նաեւ այս թիւին մէջ եղող «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, որ կը խօսի երկրային յարութեան մասին)։
10 «Արդարներ»ը չորրորդ խումբն են։ Մեռնելէ առաջ, անոնց անունները գրուեցան կեանքի գիրքին մէջ։ Երբ մեռան իրենց անունները ջնջուեցա՞ն գիրքին մէջէն։ Ո՛չ, քանի որ անոնք տակաւին «կ’ապրին» Եհովայի յիշողութեան մէջ։ Եհովան «մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն, որովհետեւ անոր համար՝ բոլորը կ’ապրին» (Ղուկ. 20։38, ԱԾ)։ Ասիկա կը նշանակէ որ, երբ արդարները յարութիւն առնեն՝ երկրի վրայ ապրելու համար, անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած պիտի մնան, թէեւ՝ մատիտով (Ղուկ. 14։14)։ Անկասկած, այս յարութիւն առնողներէն ոմանք առանձնաշնորհումը պիտի ունենան ծառայելու որպէս «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ» (Սաղ. 45։16)։
11. «Մեղաւորներ»ը ի՞նչ սորվելու պէտք պիտի ունենան, որպէսզի իրենց անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ։
11 Վերջապէս, նկատի առնենք հինգերորդ խումբը՝ «մեղաւորներ»ը։ Անոնք մեռնելէ առաջ արդար կերպով չապրեցան, հաւանաբար որովհետեւ չէին գիտեր Եհովայի պահանջները։ Անոր համար, անոնց անունները չգրուեցան կեանքի գիրքին մէջ։ Բայց անոնց յարութիւն տալով, Եհովան իրենց առիթ կու տայ, որ իրենց անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ։ Այս «մեղաւորներ»ը շատ օգնութեան պէտք պիտի ունենան։ Անոնցմէ ոմանք իրենց նախկին կեանքին մէջ ահռելի ու չար գործեր ըրին։ Անոր համար, մէկը պէտք է իրենց սորվեցնէ ապրիլ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն։ Այդ նպատակով, Աստուծոյ Թագաւորութեան առաջնորդութեան ներքեւ, մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ կրթական ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ։
12. ա) Ո՞վ պիտի սորվեցնէ մեղաւորներուն։ բ) Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք չեն ուզեր իրենց սորվածը գործադրել։
12 Ո՞վ պիտի սորվեցնէ մեղաւորներուն։ Մեծ բազմութիւնը եւ յարութիւն առած արդարները։ Որպէսզի մեղաւորներուն անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ, անոնք պէտք է փոխյարաբերութիւն զարգացնեն Եհովային հետ եւ իրենց կեանքը իրեն նուիրեն։ Յիսուս Քրիստոս եւ իրեն հետ իշխող դատաւորները մեծապէս հետաքրքրուած պիտի ըլլան տեսնելու, թէ մեղաւորները իրենց սորվածին կ’ընդառաջե՛ն կամ ոչ (Յայտ. 20։4)։ Ոեւէ մէկը, որ այս օգնութիւնը մերժէ, պիտի վերցուի,– նոյնիսկ եթէ 100 տարեկան ըլլայ (Եսա. 65։20)։ Եհովան եւ Յիսուսը կրնան սրտերը կարդալ եւ թոյլ պիտի չտան, որ ոեւէ մէկը նոր աշխարհին մէջ գէշութիւն ընէ (Եսա. 11։9. 60։18. 65։25. Յովհ. 2։25)։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
13-14. ա) Անցեալին, ինչպէ՞ս կը հասկնայինք Յովհաննէս 5։29–ի մէջ գրուած Յիսուսին խօսքերը։ բ) Այս խօսքերը հասկնալու համար, ի՞նչ բանի պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք։
13 Յիսուս ալ խօսեցաւ անոնց մասին, որոնք երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն։ Օրինակ, ան ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան [«դատաստանի», ՆԱ] յարութեան համար» (Յովհ. 5։28, 29)։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։
14 Անցեալին, մենք կը հասկնայինք թէ Յիսուս կը խօսէր այն գործերուն մասին, որոնք յարութիւն առնողները պիտի ընեն յարութիւն առնելէն ետք։ Ոմանք լաւ գործեր պիտի ընեն, իսկ ոմանք ալ՝ չար գործեր։ Սակայն, նկատէ թէ Յիսուս չըսաւ, որ գերեզմաններէն ելլողները բարի գործեր պիտի ընեն կամ չար գործեր պիտի ընեն։ Ան անցեալ ժամանակ գործածեց։ Յիսուս խօսեցաւ անոնց մասին, որոնք «բարի գործեր են» եւ անոնց՝ որոնք «չար գործեր են»։ Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք այս բաները ըրին իրենց մեռնելէն առաջ։ Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ նոր աշխարհին մէջ ո՛չ մէկուն թոյլ պիտի տրուի չար բաներ ընել։ Վստահաբար, մեղաւորները այս չար բաները ըրին մեռնելէն առաջ։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք Յիսուսին խօսքերը «կեանքի յարութեան» եւ «դատաստանի յարութեան» մասին։
15. Որո՞նք կեանքի յարութեան պիտի արժանանան, եւ ինչո՞ւ։
15 Արդարները, որոնք մեռնելէ առաջ լաւ բաներ ըրին, «կեանքի յարութեան» պիտի արժանանան, քանի որ իրենց անունները արդէն գրուած պիտի ըլլան կեանքի գիրքին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յովհաննէս 5։29–ի մէջ նշուած բարի գործողներուն յարութիւնը այն նոյն յարութիւնն է, որուն համար Գործք 24։15–ը կը խօսի որպէս արդարներուն յարութիւնը։ Եւ այս հասկացողութիւնը համաձայն է Հռովմայեցիս 6։7–ի խօսքին հետ. «Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է»։ Երբ այդ արդարները մեռան, Եհովան ներեց իրենց մեղքերը, բայց ան պիտի յիշէ այն բոլոր հաւատքի գործերը, որ ըրին երբ ողջ էին (Եբ. 6։10)։ Անշուշտ, յարութիւն առնող այդ արդարները պէտք է հաւատարիմ մնան, որպէսզի իրենց անունները մնան կեանքի գիրքին մէջ։
16. «Դատաստանի յարութիւն»ը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ինչո՞ւ։
16 Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք մեռնելէն առաջ չար գործեր ըրին։ Թէեւ անոնց մեղքերը ջնջուեցան երբ իրենք մեռան, բայց ողջ եղած ատեն անոնք Եհովային չծառայեցին։ Անոնց անունները չեն գրուած կեանքի գիրքին մէջ։ Ուրեմն, ‘չար գործողներուն’ յարութիւնը այն նոյն յարութիւնն է, որուն համար Գործք 24։15–ը խօսեցաւ որպէս «մեղաւորներուն» յարութիւնը։ Անոնց յարութիւնը «դատաստանի յարութիւն» պիտի ըլլայ *։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Յիսուս մեղաւորները պիտի քննէ եւ փորձի շրջանէ մը պիտի անցընէ (Ղուկ. 22։30)։ Որոշ ժամանակ անցնելէ ետք, Յիսուս պիտի գիտնայ, եթէ անոնք արժանի են, որ իրենց անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ։ Եհովան անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ պիտի գրէ, միայն եթէ անոնք իրենց առաջուան ապրելակերպը մերժեն եւ իրենց անձը նուիրեն Եհովային։
17-18. Երկրի վրայ բոլոր յարութիւն առնողները պէտք պիտի ըլլայ որ ի՞նչ ընեն, եւ Յայտնութիւն 20։12, 13–ին մէջ նշուած «գործեր»ը ի՞նչ են։
17 Հազարամեային ընթացքին, նոր գիրքեր պիտի բացուին, եւ յարութիւն առնողները՝ թէ՛ անցեալին արդարներ եղողները եւ թէ մեղաւոր եղողները, պէտք է հնազանդին անոնց մէջ գրուած օրէնքներուն։ Յովհաննէս առաքեալ իր տեսիլքին մէջ կը նկարագրէ. «Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան [«ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն», ԱԾ] իրենց գործերուն համեմատ» (Յայտ. 20։12, 13)։
18 Յարութիւն առնողները ո՞ր «գործերուն» հիման վրայ պիտի դատուին։ Այն գործերուն հիման վրայ, որոնք ըրին մեռնելէ առա՞ջ։ Ո՛չ։ Միտքդ բեր, որ երբ անոնք մեռան, իրենց նախկին մեղքերէն արդարացան։ Ուրեմն, իրենց «գործեր»ը չեն կրնար ըլլալ այն գործերը, որոնք անոնք ըրին իրենց նախկին կեանքին ընթացքին, հապա պէտք է որ ըլլան այն գործերը, որոնք կ’ընեն նոր աշխարհին մէջ իրենց մարզումէն ետք։ Նոյնիսկ հաւատարիմ մարդիկ, ինչպէս՝ Նոյ, Սամուէլ, Դաւիթ ու Դանիէլ, պէտք է սորվին Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ հաւատան իր զոհին։ Եթէ անո՛նք շատ սորվելիք բան ունին, ալ ո՛ւր մնաց մեղաւորները։
19. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերջը, որոնք այս հիանալի առիթը կը մերժեն։
19 Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերջը, որոնք այս հիանալի առիթը կը մերժեն։ Յայտնութիւն 20։15–ը կ’ըսէ. «Ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»։ Այո, անոնք յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ Ուրեմն, որքա՜ն կարեւոր է որ ամէն ջանք ընենք, որ մեր անունը գրուի կեանքի գիրքին մէջ եւ հոն գրուած մնայ։
20. Ի՞նչ հետաքրքրական գործ մը պիտի կատարուի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին (տե՛ս կողքին նկարը)։
20 Որքա՜ն հետաքրքրական ժամանակ պիտի ըլլայ Հազարամեայ իշխանութիւնը։ Այն ատեն երկրի վրայ կրթական ամենամեծ ծրագիրը պիտի տարուի։ Ատկէ զատ, նաեւ արդարներուն ու մեղաւորներուն վարքը պիտի քննուի (Եսա. 26։9. Գործք 17։31)։ Այս կրթական ծրագիրը ինչպէ՞ս պիտի իրագործուի։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ այս հոյակապ կարգադրութիւնը հասկնանք ու գնահատենք։
ԵՐԳ 12 Խոստացուած յաւիտենական կեանքը
^ Այս յօդուածը կը ճշդէ մեր հասկացողութիւնը «կեանքի յարութեան» եւ «դատաստանի յարութեան» (ՆԱ) նկատմամբ, որոնք արձանագրուած են Յովհաննէս 5։28, 29–ին մէջ։ Պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ են այս երկու յարութիւնները, եւ թէ ամէն մէկուն մէջ որո՛նք կան։
^ Այս գիրքը սկսաւ գրուիլ «աշխարհի սկիզբէն»։ Աշխարհ ըսելով, Աստուածաշունչը կ’ակնարկէ այն մարդոց, որոնք առիթը ունին Յիսուսի զոհէն օգտուելու (Մատ. 25։34. Յայտ. 17։8)։ Անոր համար կրնանք ենթադրել, թէ արդար Աբէլը առաջին անհատն էր, որուն անունը գրուեցաւ կեանքի գիրքին մէջ։
^ Նախապէս կը բացատրէինք, թէ հոս գործածուած «դատաստան» բառը ժխտական դատավճիռի կամ դատապարտութեան իմաստը ունի։ Իրականութեան մէջ, «դատաստան» բառը կրնայ այդ իմաստը ունենալ։ Բայց այս նիւթին մէջ, այնպէս կ’երեւի որ Յիսուս «դատաստան» բառը աւելի ընդհանուր իմաստով գործածեց, որ է՝ մէկը մօտէն քննելու եւ փորձելու ընթացք, կամ, ինչպէս որ յունարէն բառարան մը կ’ըսէ՝ «վարքի զննում»։