ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հաճոյք առած եմ Եհովայի մասին սորվելէն եւ սորվեցնելէն
ՄԻՆՉ կը մեծնայի Իսթընի մէջ, Փէնսիլվանիա, ԱՄՆ, կեդրոնացայ համալսարան երթալուն վրայ, քանի որ կ’ուզէի կարեւոր մէկը դառնալ։ Կը սիրէի սորվիլ եւ թուաբանութեան ու գիտութեան մէջ յաջողիլ։ 1956–ին, քաղաքացիական իրաւունքներու կազմակերպութիւն մը ինծի 25 տոլար տուաւ, քանի որ սեւամորթ աշակերտներուն մէջ ամենաբարձր նիշերը բերած էի։ Ետքը, նպատակակէտերս փոխուեցան։ Ինչո՞ւ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՏՑԱՅ ԵՀՈՎԱՅԻ ՄԱՍԻՆ
1940–ականներուն սկիզբը, ծնողքս Աստուածաշունչը կը սերտէր Եհովայի վկաներուն հետ։ Բայց թէեւ սերտողութիւնը չշարունակուեցաւ, մայրս շարունակեց ստանալ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ 1950–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ միջազգային համաժողով տեղի ունեցաւ եւ ընտանիքս ընդունեց հոն ներկայ ըլլալու հրաւէրը։
Անկէ շատ չանցած, եղբայր Լորընս Ճէֆրիզ, սկսաւ մեզի այցելել։ Ան ջանք ըրաւ ինծի օգնելու, որ ճշմարտութիւնը սորվիմ։ Սկիզբը, մտածեցի որ Եհովայի վկաները պէ՛տք է քաղաքականութեան մասնակցին եւ զինուորութեան երթան, փոխանակ չէզոք մնալու։ Իրեն ըսի, որ եթէ Ամերիկայի մէջ ամէն մարդ չուզէր պատերազմի երթալ, թշնամիները կրնային գալ եւ ամբողջ երկիրը գրաւել։ Եղբայր Ճէֆրիզ համբերութեամբ հետս տրամաբանեց. «Քու կարծիքովդ, Եհովա Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Ամերիկայի բոլոր մարդիկը իրեն ծառայեն եւ թշնամիները ուզեն իրենց վրայ յարձակիլ»։ Այս եւ ուրիշ նիւթերու շուրջ իր բացատրութիւնները ինծի օգնեցին տեսնելու, որ ըսածս տրամաբանական չէր։ Ատիկա հետաքրքրութիւնս արթնցուց։
Սկսայ ժամերով կարդալ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, որոնք մայրս ներքնայարկը դրած էր։ Ժամանակի ընթացքին, անդրադարձայ որ սորվածս ճշմարտութիւնն է եւ ընդունեցի եղբայր Ճէֆրիզին առաջարկը, որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեմ։ Նաեւ սկսայ կանոնաւորաբար ժողովներու երթալ։ Ճշմարտութիւնը սիրտս մտաւ եւ բարի լուրի հրատարակիչ եղայ։ Նպատակներս փոխուեցան, երբ հասկցայ թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է» (Սոփ. 1։14)։ Այլեւս չէի ուզեր համալսարան երթալ, հապա կ’ուզէի ուրիշներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին սորվեցնել։
Բարձրագոյն վարժարանը աւարտեցի 13 յունիս 1956–ին, եւ երեք օր ետք՝ շրջանային համաժողովի
մը մէջ մկրտուեցայ։ Բնա՛ւ միտքէս չէր անցներ, որ այսքան օրհնութիւններ պիտի վայելէի, քանի որ որոշեցի կեանքս գործածել Եհովային մասին սորվելու եւ ուրիշներուն սորվեցնելու։ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸԼԼԱԼՈՎ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ ԵՒ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՄ
Մկրտութենէս 6 ամիս ետք, կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։ Դեկտեմբեր 1956–ի Թագաւորութեան ծառայութիւնը (անգլ.) թերթիկին մէջ կար «Կրնա՞ս ծառայել ուր աւելի պէտք կայ» խորագրով յօդուածը։ Այդ հրաւէրը ինծի համար ալ էր, քանի որ կ’ուզէի քարոզել ուր որ բարի լուրի քարոզիչները քիչ էին (Մատ. 24։14)։
Փոխադրուեցայ Էճֆիլտ, Հարաւային Քարոլայնա։ Այդտեղի ժողովքին մէջ կային միայն չորս հրատարակիչներ։ Իմ գալովս՝ եղան հինգ։ Ժողովներ կ’ունենայինք եղբօր մը տան նախասենեակին մէջ։ Ամէն ամիս 100 ժամ կը ծառայէի։ Ժամանակս կը լեցուէր ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով եւ ժողովին մէջ բաժիններ ներկայացնելով։ Հետաքրքրական է, թէ ո՛րքան աւելի ատիկա կ’ընէի, ա՛յնքան աւելի Եհովային մասին կը սորվէի։
Կին մը, որուն հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէի, թաղման արարողութիւններու սրահ մը ունէր Ճանսթընի մէջ, որ քանի մը քիլոմեթր հեռու եղող գիւղաքաղաք մըն էր։ Ան ազնուօրէն ինծի կիսաժամ գործ մը տուաւ, որուն շատ պէտք ունէի եւ թոյլ տուաւ, որ պզտիկ շինութիւն մը գործածենք որպէս Թագաւորութեան սրահ։
Եղբայր Ճալի Ճէֆրիզը՝ ինծի հետ սերտող եղբօր տղան, Պրուքլինէն, Նիւ Եորք, քովս փոխադրուեցաւ եւ միասին ռահվիրայութիւն ըրինք։ Ապրեցանք անիւներով պզտիկ տունի մը մէջ, որ եղբայր մը մեզի տուաւ որ գործածենք։
Հարաւը աշխատավարձը քիչ էր։ Մեր մէկ օրուան վարձքը 2-3 տոլար էր։ Անգամ մը, վերջին ղրուշս ծախսեցի որ ուտելիք մը գնեմ։ Երբ խանութէն ելայ, մարդ մը ինծի մօտեցաւ ու հարցուց. «Գործ կ’ուզե՞ս։ Քեզի ժամական 1 տոլար կու տամ»։ Անոր տուած գործն էր՝ երեք օր շինարարական վայր մը մաքրել։ Այնպէս կ’երեւէր, թէ Եհովան ինծի կ’օգնէր որ Էճֆիլտի մէջ մնամ։ Թէեւ աշխատավարձս քիչ էր, կրցայ երթալ Նիւ Եորք Սիթի՝ 1958–ի միջազգային համաժողովին ներկայ ըլլալու համար։
Համաժողովին երկրորդ օրը, յատուկ բան մը պատահեցաւ։ Ծանօթացայ Ռուպի Ուատլինկթընին, որ կը ծառայէր որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ Կէլըթընի մէջ, Թենըսի։ Քանի որ երկուքս ալ կ’ուզէինք միսիոնար ըլլալ, ներկայ եղանք Գաղաադի դպրոցով հետաքրքրուող անհատներու համար եղող ժողովին։ Ետքը, սկսանք իրարու հետ նամակցիլ։ Անգամ մը հրաւիրուեցայ Կէլըթըն ժողովքին մէջ հանրային դասախօսութիւն տալու։ Եւ առիթը օգտագործեցի, որ Ռուպիին ձեռքը խնդրեմ։ Փոխադրուեցայ իր ժողովքը եւ 1959–ին ամուսնացանք։
ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ ԵՒ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՄ
Երբ 23 տարեկան էի, Կէլըթընի ժողովքին մէջ նշանակուեցայ ժողովքի ծառայ (հիմա կը կոչուի երէցներու մարմինի համակարգող)։ Մենք առաջին ժողովքն էինք, որ եղբայր Չարլզ Թոմսըն այցելեց որպէս շրջանային տեսուչ։ Ան շատ փորձառու էր, բայց իմ կարծիքս առաւ, թէ եղբայրները ինչի՛
պէտք ունէին եւ թէ ուրիշ շրջանային տեսուչներ ի՛նչ ըրած էին այդ պէտքերը հոգալու համար։ Ես իրմէ սորվեցայ, որ հարցեր ձեռք առնելէ առաջ՝ լաւ է հարցումներ հարցնել եւ բոլոր իրողութիւնները գիտնալ։Մայիս 1964–ին, հրաւիրուեցայ յաճախելու մէկ ամիս տեւող Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը, Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Դպրոցին մէջ սորվեցնող եղբայրները իմ մէջս փափաք արթնցուցին աւելին սորվելու եւ հոգեւորապէս աճելու։
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ ԵՒ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՄ
Յունուար 1965–ին, ես եւ Ռուպին հրաւիրուեցանք մասնակցելու շրջանային գործին։ Մենք նշանակուեցանք ծառայելու մեծ շրջանի մը մէջ, որ կը ծածկէր Նոքսվիլէն (Թենըսի) գրեթէ մինչեւ Ռիչմընտ (Վըրճինիա)։ Անոնց մէջ կային՝ Հիւսիսային Քարոլայնայի, Քընթաքիի եւ Արեւմտեան Վըրճինիայի ժողովքները։ Ես կը ծառայէի միայն սեւամորթներու ժողովքներուն, քանի որ այն ատեն Միացեալ Նահանգներու հարաւը օրէնք մը կար, որուն համաձայն սեւամորթներն ու ճերմակամորթները չէին կրնար միասին մէկտեղ հաւաքուիլ։ Եղբայրները աղքատ էին եւ մենք սորվեցանք մեր ունեցածէն մաս մը կարիքաւորներուն հետ բաժնել։ Փորձառու շրջանային տեսուչ մը ինծի կարեւոր դաս մը սորվեցուց. «Սրահը մի՛ մտներ որպէս տնօրէն, հապա որպէս եղբայր։ Եղբայրներուն կրնաս օգնել, միայն եթէ քեզ իրենց եղբայրը սեպեն»։
Երբ պզտիկ ժողովք մը կ’այցելէինք, Ռուպին սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել երիտասարդ կնոջ մը հետ, որ մէկ տարեկան աղջիկ մը ունէր։ Երբ ժողովքին մէջ յարմար մէկը չկար որ սերտողութիւնը ընէր, Ռուպին անոր հետ կը սերտէր նամակով։ Մեր յաջորդ այցելութեան, կինը բոլոր ժողովներուն ներկայ էր։ Երբ երկու մասնաւոր ռահվիրայ քոյրեր փոխադրուեցան այդ ժողովքը, անոնք ուսումնասիրութիւնը շարունակեցին եւ շատ չանցած կինը մկրտուեցաւ։ Շուրջ 30 տարի ետք՝ 1995–ին, Փէթըրսընի Բեթէլին մէջ, երիտասարդուհի մը ինքզինք ծանօթացուց Ռուպիին։ Անիկա աղջիկն էր այն կնոջ, որուն հետ Ռուպին սերտած էր։ Այս քոյրը եւ իր ամուսինը Գաղաադի դպրոցին 100–րդ դասարանին մէջ աշակերտներ էին։
Մեր ծառայած երկրորդ շրջանը կեդրոնական Ֆլորիտան էր։ Այն ատեն, ինքնաշարժի պէտք ունէինք եւ շատ յարմար գնով մէկ հատ գնեցինք։ Բայց առաջին շաբաթն իսկ բան մը աւրուեցաւ եւ դրամ չունէինք, որ զայն նորոգէինք։ Ես հեռաձայնեցի եղբօր մը, որ կրնար մեզի օգնել։ Ան իր գործաւորին ըսաւ, որ ինքնաշարժը նորոգէ եւ մեզմէ դրամ չառաւ, ըսելով. «Հոգ մի՛ ընէք։ Եղաւ»։ Եւ ի՛նք մեզի դրամ տուաւ։ Ասիկա գեղեցիկ օրինակ մըն էր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաներուն հոգ կը տանի։ Եւ մեզի յիշեցուց, որ ուրիշներուն հետ առատաձեռն ըլլանք։
Երբ ժողովք մը կ’այցելէիք, եղբայրներուն տուները կը մնայինք։ Եւ այդպէս շատ մը մնայուն բարեկամութիւններ ունեցանք։ Անգամ մը, գրամեքենային մէջ սխալմամբ ձգած էի այցելած ժողովքին մասին կէս մնացած տեղեկագրութիւնս։ Իրիկունը՝ երբ ետ եկայ, գիտցայ որ ընտանիքին երեք տարեկան տղան ինծի «օգնած էր» որ վերջացնեմ տեղեկագրութիւնը։ Ասոր մասին իրեն երկար տարիներ կատակով կը յիշեցնէի։
1971–ին, նամակով մը նշանակում ստացայ, որ ծառայեմ որպէս նահանգային տեսուչ Նիւ Եորք Սիթիին մէջ։ Շա՜տ զարմացանք։ Երբ հոն փոխադրուեցանք, դեռ 34 տարեկան էի։ Եղբայրները ջերմօրէն դիմաւորեցին զիս՝ իրենց առաջին սեւամորթ նահանգային տեսուչը։
Նահանգային տեսուչ ըլլալով, կը սիրէի ամէն շաբաթավերջին շրջանային համաժողովին ատեն Եհովայի մասին սորվեցնել։ Շրջանային տեսուչներէն շատեր ինձմէ աւելի փորձառութիւն ունէին։ Անոնցմէ մէկը իմ մկրտութեանս դասախօսութիւնը տուած էր։ Ուրիշ եղբայր մը՝ Թէոտոր Ճէրըս, Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը եղաւ։ Նաեւ կային շատ մը փորձառու եղբայրներ, որոնք Պրուքլինի Բեթէլին մէջ կը ծառայէին։ Որքա՜ն շնորհակալ էի այդ շրջանային տեսուչներէն եւ բեթէլականներէն, որ ինծի հանգիստ զգացուցին։ Աչքովս տեսայ, որ անոնք սիրալիր հովիւներ էին, որոնք Եհովայի Խօսքին կ’ապաւինէին եւ կազմակերպութեան հաւատարմաբար թիկունք կը կանգնէին։ Անոնց խոնարհութիւնը դիւրացուց իմ ծառայութիւնս որպէս նահանգային տեսուչ։
ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՄ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՆ
1974–ին, Կառավարիչ մարմինը շրջանային տեսուչներու ուրիշ խումբ մը նշանակեց նահանգային
գործին հոգ տանելու համար, եւ ես նորէն շրջանային տեսուչ նշանակուեցայ, այս անգամ՝ Հարաւային Քարոլայնայի մէջ։ Մինչ այդ, սեւամորթներուն եւ ճերմակամորթներուն վերաբերեալ օրէնքը վերցուած էր, ինչ որ ուրախացուց եղբայրները։1976–ի վերջաւորութեան, նշանակուեցայ Ճորճիա նահանգին մէկ շրջանին մէջ, որ Աթլանթայի եւ Գոլըմպըսի միջեւ էր։ Բնա՛ւ չեմ մոռնար այն օրը, երբ թաղումի դասախօսութիւն տուի հինգ սեւամորթ պզտիկներու, որոնք մեռան, երբ մէկը իրենց տունը այրեց։ Իսկ անոնց մայրը այրուածքներուն պատճառով հիւանդանոցն էր, ուր թէ՛ սեւամորթ եւ թէ ճերմակամորթ Վկաներ ետեւ–ետեւի կ’երթային ու կու գային զինք մխիթարելու համար։ Եղբայրներուն սէրը աչքառու էր։ Այս կերպով կարեկցիլը կրնայ Աստուծոյ ծառաներուն օգնել, որ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներուն հետ գլուխ ելլեն։
ԲԵԹԷԼԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ ԵՒ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՄ
1977–ին, մեզմէ խնդրուեցաւ որ Պրուքլինի Բեթէլ փոխադրուինք՝ քանի մը ամիս ծրագիրի մը մասնակցելու համար։ Երբ ծրագիրը վերջանալու վրայ էր, Կառավարիչ մարմինէն երկու անդամներ ինծի հետ տեսակցեցան եւ հարցուցին, եթէ ես ու Ռուպին պատրաստ ենք մնայուն կերպով Բեթէլին մէջ ծառայելու։ Մենք այդ հրաւէրը ընդունեցինք։
24 տարի աշխատեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ, ուր եղբայրները յաճախ նուրբ եւ բարդ հարցերու հետ գործ ունին։ Տարիներու ընթացքին, Կառավարիչ մարմինը Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն հիման վրայ ուղղութիւններ տուած է։ Ատոնք կը գործածուին ոչ միայն հարցումներու պատասխանելու համար, հապա նաեւ շրջանային տեսուչներ, երէցներ եւ ռահվիրաներ մարզելու համար։ Այդ մարզումը շատերու օգնած է, որ հասուն քրիստոնեաներ դառնան։ Եւ ատիկա իր կարգին Եհովայի կազմակերպութիւնը զօրացուցած է։
1995–էն մինչեւ 2018, որպէս կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչ (նախապէս՝ գօտիի տեսուչ) այցելեցի տարբեր–տարբեր մասնաճիւղեր։ Հանդիպումներ ունեցայ մասնաճիւղերու յանձնախումբերու, բեթէլականներու եւ միսիոնարներու հետ՝ զանոնք քաջալերելու եւ անոնց օգնելու համար, եթէ բան մը զիրենք կը մտահոգէր։ Միւս կողմէ, ես եւ Ռուպին շա՜տ քաջալերուած ենք այն փորձառութիւններով, որոնք լսած ենք։ Օրինակի համար, 2000–ին մենք այցելեցինք Ռուանտա։ Շատ ազդուեցանք, երբ լսեցինք թէ մեր եղբայրները եւ Բեթէլի ընտանիքը ինչպէ՛ս 1994–ի ջարդէն վերապրած են։ Շատեր սիրելիներ կորսնցուցած էին։ Բայց հակառակ իրենց անցուցածին, այս եղբայրները կը ցուցաբերէին հաւատք, յոյս եւ ուրախութիւն։
Մենք հիմա 80–ը անցանք։ Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ կը ծառայեմ։ Համալսարանի ուսում չեմ ստացած, բայց բարձրագոյն ուսումը ստացած եմ Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն։ Ասիկա ինծի օգնած է, որ ուրիշներուն սորվեցնեմ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները, որոնք անոնց կրնան յաւիտենական օգուտներ բերել (Բ. Կոր. 3։5. Բ. Տիմ. 2։2)։ Տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի պատգամը մարդոց օգնած է, որ իրենց կեանքը լաւացնեն եւ իրենց Ստեղծիչին հետ փոխյարաբերութիւն զարգացնեն (Յակ. 4։8)։ Ես եւ Ռուպին, երբ որ կրնանք, ուրիշները կը քաջալերենք որ գնահատեն Եհովայի մասին սորվելու եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներուն սորվեցնելու առանձնաշնորհումը։ Ասիկա ամէնէ՛ն մեծ առանձնաշնորհումն է, որ Եհովայի ծառայ մը կրնայ ունենալ։