Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38

Ցոյց տուր որ վստահելի ես

Ցոյց տուր որ վստահելի ես

«Հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ» (ԱՌ. 11։13

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ մէկու մը կրնա՛նք վստահիլ կամ ոչ։

 ԱՅՆ անձը որ հաւատարիմ է, այսինքն՝ վստահելի է, ջանք կ’ընէ որ իր խոստումները պահէ եւ ճշմարտութիւնը խօսի (Սաղ. 15։4)։ Մարդիկ գիտեն որ կրնան իրեն վստահիլ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ այդ աչքով դիտեն։ Ի՞նչը կրնայ օգնել, որ իրենց վստահութիւնը շահինք։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ վստահելի ենք։

2 Չենք կրնար ուրիշները ստիպել որ մեզի վստահին։ Անոնց վստահութիւնը պէտք է շահինք։ Կ’ըսեն որ վստահութիւնը դրամի կը նմանի. շահիլը դժուար է, իսկ կորսնցնելը՝ դիւրին։ Եհովան մեր վստահութիւնը շահած է։ Որովհետեւ «անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են», մենք միշտ կրնանք իրեն վստահիլ (Սաղ. 33։4)։ Եւ ան կը սպասէ, որ զինք ընդօրինակենք (Եփ. 5։1)։ Նկատի առնենք Եհովայի կարգ մը ծառաներուն օրինակները, որոնք զինք ընդօրինակած են եւ վստահելի ելած են։ Նաեւ, պիտի տեսնենք հինգ յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ վստահելի ըլլանք։

ՍՈՐՎԷ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԾԱՌԱՆԵՐԷՆ

3-4. Դանիէլ մարգարէն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ վստահելի էր, եւ անոր օրինակը պէտք է մղէ որ մենք մեզի ի՞նչ հարցնենք։

3 Դանիէլ մարգարէն հոյակապ օրինակ է՝ որպէս վստահելի մէկը։ Թէեւ բաբելոնացիները զինք գերի առած էին, բայց ան շուտով լաւ անուն շահեցաւ որպէս վստահելի մէկը։ Ետքը, մարդիկ սկսան իրեն ա՛լ աւելի վստահիլ, երբ ան Եհովայի օգնութեամբ բաբելոնացի թագաւոր Նաբուգոդոնոսորի երազները բացատրեց։ Առիթով մը, Դանիէլ պէտք էր թագաւորին ըսէր թէ Եհովան իրեն չէր հաճեր,– ինչ որ ո՛չ մէկ թագաւոր պիտի ուզէր լսել։ Ասիկա Դանիէլէն քաջութիւն կը պահանջէր, քանի որ Նաբուգոդոնոսոր վայրագ բնաւորութիւն ունէր (Դան. 2։12. 4։20-22, 25)։ Տարիներ ետք, Դանիէլ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր վստահելի ըլլալը, երբ ճշգրտօրէն բացատրեց այն անհասկնալի խօսքերը, որոնք Բաբելոնի պալատին մէկ պատին վրայ երեւցան (Դան. 5։5, 25-29)։ Իսկ ետքը, մարերու թագաւորն ու իր պաշտօնեաներն ալ նկատեցին, որ Դանիէլի վրայ «գերազանց հոգի կար»։ Անոնք գիտակցեցան, որ Դանիէլ ‘հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չէր գտնուեր’ (Դան. 6։3, 4)։ Այո, նոյնիսկ հեթանոս կառավարիչներ ընդունեցին, որ Եհովայի այս ծառան վստահելի էր։

4 Դանիէլի օրինակը մեր միտքը պահելով, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ժողովքէն դուրս ի՞նչ անուն ունիմ։ Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս մէկը, որ իր պատասխանատուութիւնները կը կատարէ եւ որուն կարելի է վստահիլ’։ Ինչո՞ւ կարեւոր է այս հարցումները հարցնել։ Քանի որ երբ վստահելի ենք, Եհովային փառք կը բերենք։

Նէեմիան վստահելի տղամարդիկ ընտրեց, որ կարեւոր գործերու հոգ տանին (տե՛ս պարբ. 5)

5. Անանիան ինչո՞ւ ճանչցուած էր որպէս վստահելի մէկը։

5 Ք.Ա. 455–ին, երբ Նէեմիա կառավարիչը Երուսաղէմի պարիսպները շինեց, սկսաւ փնտռել վստահելի տղամարդիկ, որպէսզի քաղաքին հոգ տանին։ Նէեմիայի զատած տղամարդոց մէջ կար Անանիա անունով մէկը, որ «աշտարակին իշխան»ն էր։ Աստուածաշունչը իր մասին կը խօսի որպէս «հաւատարիմ ու շատերէն աւելի աստուածավախ մարդ մը» (Նէ. 7։2Եհովայի հանդէպ սէրը եւ զինք նեղացնելու վախը Անանիան մղեցին, որ իրեն տրուած որեւէ նշանակում լուրջի առնէ։ Այդ յատկութիւնները մեզի ալ պիտի օգնեն, որ մեր ծառայութեան մէջ վստահելի ըլլանք։

6. Տիւքիկոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ Պօղոս առաքեալի վստահելի մէկ բարեկամն էր։

6 Նկատի առ Տիւքիկոսի օրինակը, որ Պօղոս առաքեալի վստահելի ընկերակիցներէն մէկն էր։ Երբ Պօղոս տան մը մէջ բանտարկուած էր, Տիւքիկոսին վստահեցաւ, զինք նկարագրելով որպէս «հաւատարիմ պաշտօնեայ» (Եփ. 6։21, 22)։ Պօղոս իրմէ խնդրեց, որ Եփեսոսի եւ Կողոսայի եղբայրներուն նամակներ հասցնէ եւ զիրենք քաջալերէ ու մխիթարէ։ Տիւքիկոսը մեզի կը յիշեցնէ այն հաւատարիմ ու վստահելի տղամարդիկը, որոնք ներկայիս մեր հոգեւոր պէտքերը կը հոգան (Կող. 4։7-9

7. Վստահելի ըլլալու մասին ի՞նչ կրնաս սորվիլ ժողովքիդ երէցներէն եւ օգնական ծառաներէն։

7 Մենք խորապէս կը գնահատենք մեր վստահելի երէցներն ու օգնական ծառաները։ Դանիէլին, Անանիային եւ Տիւքիկոսին պէս, անոնք իրենց պատասխանատուութիւնները լուրջի կ’առնեն։ Օրինակ, երբ միջշաբաթային ժողովին կ’երթանք, կասկած չունինք որ յայտագիրին բոլոր բաժինները անհատներու նշանակուած են։ Երէցներն ալ, իրենց կարգին, կը գնահատեն երբ նշանակուած եղբայրներն ու քոյրերը ժողովին պատրաստուած կու գան եւ իրենց բաժինները կը ներկայացնեն։ Նաեւ, երբ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները շաբաթավերջի ժողովին կը հրաւիրենք, վստահ ենք որ անպայման մէկը պիտի ըլլայ, որ հանրային դասախօսութիւնը տայ։ Եւ վստահ ենք որ ծառայութեան համար մեզի պէտք եղած հրատարակութիւնները ապահովուած պիտի ըլլան։ Այդ հաւատարիմ եղբայրները մեզի հոգեւորապէս լաւ հոգ կը տանին, եւ Եհովային շնորհակալ ենք իրենց համար։ Լաւ, ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ որ վստահելի ենք։

ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԵՂԻՐ՝ ԳԱՂՏՆԻՔ ՄԸ ՊԱՀԵԼՈՎ

8. Ինչպէ՞ս պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք, երբ ուրիշներով կը հետաքրքրուինք (Առակաց 11։13

8 Մենք կը սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ հետաքրքրուած ենք գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս են։ Սակայն, պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք եւ իրենց անձնական կեանքին չխառնուինք։ Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոմանք ‘շատախօս ու հետաքրքիր էին եւ անպատեհ բաներ կը խօսէին’ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Վստահաբար, մենք չենք ուզեր իրենց պէս ըլլալ։ Բայց սեպենք որ մէկը մեզի անձնական տեղեկութիւն կու տայ իր մասին եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ ուրիշին չըսենք։ Օրինակ, քոյր մը թերեւս մեզի ըսէ, թէ որոշ առողջապահական խնդիրէ մը կ’անցնի կամ ուրիշ դժուարութիւն մը ունի եւ մեզմէ խնդրէ որ ատիկա մէջերնիս մնայ։ Պէտք է իր փափաքը յարգենք (կարդա՛ Առակաց 11։13) *։ Հիմա նկատի առնենք ուրիշ պարագաներ, երբ կարեւոր է որ գաղտնապահ ըլլանք։

9. Ընտանիքի անդամները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ վստահելի են։

9 Ընտանիքին մէջ։ Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ պատասխանատուութիւնը ունի, որ ընտանեկան հարցերը գաղտնի պահէ։ Օրինակ, թերեւս քոյր մը սովորութիւն մը ունի, որ իր ամուսինը կը խնդացնէ։ Ամուսինը ատոր մասին ուրիշներուն պիտի պատմէ՞ եւ այդպէս քոյրը պիտի ամչցնէ՞։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան իր կինը կը սիրէ եւ բնաւ չ’ուզեր ընել բան մը զինք ցաւցնելու համար (Եփ. 5։33)։ Պատանիները կ’ուզեն յարգուած զգալ։ Եւ ծնողները պէտք է ասոր գիտակից ըլլան։ Անոնք իրենց զաւակները ամօթով պիտի չձգեն, ուրիշներուն պատմելով իրենց սխալներուն մասին (Կող. 3։21)։ Իսկ պզտիկներուն բերանը պէտք չէ թոյլ ըլլայ՝ օտարներուն ըսելով բաներ, որոնք կրնան ընտանիքին միւս անդամները նեղ կացութեան մատնել (Բ. Օր. 5։16)։ Երբ ընտանիքի ամէն մէկ անդամ իր կարգին ընտանեկան հարցերը գաղտնի կը պահէ, ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղած կապը կը զօրանայ։

10. Իսկական բարեկամը ի՞նչ կ’ընէ (Առակաց 17։17

10 Մեր բարեկամութիւններուն մէջ։ Երբեմն, մեզմէ շատեր պէտք կը զգան, որ մտերիմ բարեկամի մը իրենց սիրտը պարպեն։ Եւ ատեններ ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Մենք թերեւս վարժուած չենք, որ մեր ներքին զգացումները ուրիշի մը պատմենք։ Եւ կրնանք յուսախաբ ըլլալ, եթէ գիտնանք որ ետքը մեր բարեկամը մեր ըսածը ուրիշներու հասցուց։ Միւս կողմէ, շատ կ’արժեւորենք այն անհատը, որ կրնայ գաղտնիք մը պահել։ Ան իսկական բարեկամ է (կարդա՛ Առակաց 17։17

Երէցները գաղտնի հարցերը չեն պատմեր իրենց ընտանիքին (տե՛ս պարբ. 11) *

11. ա) Երէցներն ու իրենց կիները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ վստահելի են։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ երէցէ մը, որ ժողովքային գաղտնի հարց մը քննարկելէ ետք, ատոր մասին իր ընտանիքին չի խօսիր (տե՛ս նկարը)։

11 Ժողովքին մէջ։ Այն երէցները, որոնք գաղտնապահ են, իրենց եղբայրներուն համար «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» են (Եսա. 32։2)։ Մենք կրնանք երէցներուն հետ որեւէ բանի մասին խօսիլ, վստահ ըլլալով որ մեր ըսածը գաղտնի պիտի մնայ։ Եւ մենք զանոնք չենք ստիպեր, որ մեզի հետ բաժնեն գաղտնի տեղեկութիւններ։ Ատկէ զատ, շատ կը գնահատենք մեր երէցներուն կիները, քանի որ անոնք իրենց ամուսիններուն բերանը չեն փնտռեր՝ փորձելով գաղտնի տեղեկութիւններ քաշել։ Իրաւ, ի՜նչ աղուոր է որ երէց մը իր կնոջ չի պատմեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին անձնական տեղեկութիւններ։ Երէցի մը կինը ըսաւ. «Շնորհակալ եմ որ ամուսինս ինծի չի պատմեր հովուական այցելութիւններու մասին որ կ’ընէ, եւ նոյնիսկ չ’ըսեր այն անհատներուն անունները, որոնց հոգեւորապէս կ’օգնէ։ Շնորհակալ եմ որ ամուսինս հարցերը գաղտնի կը պահէ, եւ ես ստիպուած չեմ մտահոգուելու խնդիրներու շուրջ, որոնք չեմ կրնար լուծել։ Եւ այսպէս ժողովքի բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կրնամ հանգիստ զգալ եւ ստիպուած չեմ ըլլար ձեւացնելու, թէ բան մը չեմ գիտեր։ Եւ ես ալ կրնամ իմ ամուսինիս վստահիլ, որ անձնական զգացումներս կամ խնդիրներս մէկու մը պիտի չըսէ»։ Անշուշտ, բոլորս կ’ուզենք ճանչցուիլ որպէս վստահելի մէկը։ Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն, որ այդպիսի անձ մը ըլլանք։ Նկատի առնենք հինգ յատկութիւններ։

ՄՇԱԿԷ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵՆ ՈՐ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԸԼԼԱՍ

12. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ վստահութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։

12 Սէրը վստահութեան հիմն է։ Յիսուս ըսաւ որ երկու մեծագոյն պատուիրաններն են՝ Եհովան սիրել եւ ընկերը սիրել (Մատ. 22։37-39)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ իրեն պէս վստահելի ըլլանք։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ իրենց անձնական հարցերը գաղտնի պահենք։ Բնաւ չենք ուզեր ըսել բան մը, որ իրենց վնաս պիտի հասցնէ, նեղ կացութեան պիտի մատնէ կամ պիտի ցաւցնէ (Յովհ. 15։12

13. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ վստահելի ըլլանք։

13 Խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ վստահելի ըլլանք։ Խոնարհ քրիստոնեան չի փորձեր ըլլալ առաջին անձը, որ ուրիշներուն բան մը կ’ըսէ՝ զիրենք տպաւորելու համար (Փլպ. 2։3)։ Նաեւ, ան չի փորձեր ինքզինք շատ կարեւոր մէկը ընել՝ ցուցնելով որ գիտէ բան մը, որ ուրիշներուն չի կրնար ըսել։ Ատկէ զատ, խոնարհ անձը չի տարածեր իր անձնական տեսակէտները հարցերու շուրջ, որոնք Աստուածաշունչին կամ մեր հրատարակութիւններուն մէջ չեն քննարկուած։

14. Խորատեսութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ վստահելի ըլլանք։

14 Խորատեսութիւնը քրիստոնեայի մը պիտի օգնէ, որ գիտնայ թէ ե՛րբ է ‘լռելու ժամանակը ու խօսելու ժամանակը’ (Ժող. 3։7)։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ կ’ըսեն. «Խօսքը արծաթ է, բայց լռութիւնը՝ ոսկի»։ Ուրիշ խօսքով, ատեններ աւելի լաւ է որ մէկը լուռ մնայ, քան թէ խօսի։ Անոր համար, Առակաց 11։12–ը կը խրատէ. «Խոհեմ մարդը կը լռէ»։ Նկատի առ օրինակ մը։ Փորձառու երէցէ մը յաճախ կը խնդրուի, որ օգնէ ուրիշ ժողովքներու, որոնք դժուար խնդիրներ ունին։ Ասոր նկատմամբ, երէց մը ըսաւ. «Ան միշտ զգոյշ է, որ ուրիշ ժողովքներու մասին գաղտնի տեղեկութիւններ մեզի չըսէ»։ Այս երէցը իր իմաստութեամբ արժանացած է իր ժողովքին մէջ միւս երէցներուն յարգանքին։ Անոնք վստահ են, որ իրենց գաղտնի հարցերը բնաւ ուրիշներուն պիտի չպատմէ։

15. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ ինչո՛ւ ուրիշներ քեզի պիտի վստահին, եթէ պարկեշտ ըլլաս։

15 Պարկեշտութիւնը ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մըն է, որ պէտք է ունենանք, եթէ կ’ուզենք որ մեզի վստահին։ Մենք պարկեշտ անհատի մը կը վստահինք, քանի որ գիտենք որ ան միշտ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ (Եփ. 4։25. Եբ. 13։18)։ Օրինակ, սեպենք թէ կ’ուզես Աստուածաշունչի աւելի լաւ ուսուցիչ ըլլալ։ Անոր համար, մէկէ մը կը խնդրես որ ժողովին ներկայացուելիք բաժինդ մտիկ ընէ եւ օգտակար առաջարկներ տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս բարելաւուիլ։ Որո՞ւն պիտի վստահէիր, որ քեզի պարկեշտ խրատ մը տար. մէկու մը, որ քեզի կ’ուզէ ըսել այն ինչ որ կ’ուզե՞ս լսել, թէ ոչ մէկու մը, որ քեզի ազնուօրէն ճշմարտութիւնը կ’ըսէ։ Պատասխանը յստակ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յայտնի յանդիմանութիւնը ծածուկ սէրէն աղէկ է։ Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են» (Առ. 27։5, 6)։ Թէեւ սկիզբը կրնայ դժուար ըլլալ բարեկամի մը անկեղծ կարծիքը լսելը, բայց ժամանակի ընթացքին ատոր օգուտները պիտի տեսնենք։

16. Առակաց 10։19–ն ինչպէ՞ս յստակ կը դարձնէ, որ պէտք է ինքնազսպում ունենանք։

16 Ինքնազսպումը շատ կարեւոր է, եթէ կ’ուզենք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ։ Այդ յատկութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մեր լեզուն զսպենք, երբ կը զգանք թէ կ’ուզենք գաղտնիք մը յայտնել (կարդա՛ Առակաց 10։19)։ Ինքնազսպում ունենալը կրնայ դժուար ըլլալ, երբ ընկերային ցանցերը կը գործածենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք գաղտնի տեղեկութիւններ յայտնել մեծ խումբի մը։ Եւ մէյ մը որ այդ տեղեկութիւնը ընկերային ցանցին մէջ դնենք, այլեւս մեր ձեռքը չէ, թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի գործածուի կամ որքա՛ն վնաս պիտի պատճառէ։ Ինքնազսպում ունենալը նաեւ կրնայ մեզի օգնել որ լուռ մնանք, երբ հակառակորդները փորձեն մեզ ծուղակը ձգել, որ յայտնենք տեղեկութիւններ, որոնք կրնան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վնաս հասցնել։ Ասիկա կրնայ պատահիլ, երբ ոստիկանութիւնը մեզ հարցաքննէ երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է կամ սահմանափակուած է։ Այս եւ ուրիշ պարագաներու մէջ, ամէն ջանք ընենք որ մեր ‘բերանը սանձով պահենք’, այսինքն՝ մեր բերանը բռնենք (Սաղ. 39։1)։ Եւ եթէ կ’ուզենք որ մեր ընտանիքը, բարեկամները, եղբայրներն ու քոյրերը կամ ուրիշ ոեւէ մէկը մեզի վստահին, պէ՛տք է ինքնազսպում ունենանք։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժողովքին մէջ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել։

17 Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզ քաշած է եղբայրութեան մը մէջ, որուն մէջ կան սիրալիր եւ վստահելի մարդիկ։ Մենք բոլորս պատասխանատուութիւնը ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահութիւնը շահելու։ Երբ ամէն մէկս ջանք կ’ընենք, որ ցոյց տանք սէր, խոնարհութիւն, խորատեսութիւն, պարկեշտութիւն եւ ինքնազսպում, ժողովքին մէջ վստահութեան մթնոլորտ կը ստեղծենք։ Վստահութիւն շահիլը մեզմէ կը պահանջէ, որ շարունակ ջանք ընենք։ Թո՛ղ որ շարունակենք մեր Եհովա Աստուածը ընդօրինակել եւ միշտ վստահելի ըլլալ։

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

^ Եթէ կ’ուզենք որ ուրիշները մեզի վստահին, նախ պէտք է ցոյց տանք որ վստահելի ենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ վստահութիւնը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է եւ ի՛նչ յատկութիւններ մեզի պիտի օգնեն, որ վստահելի ըլլանք։

^ Եթէ գիտնանք որ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք մը գործած է, պէտք է իրեն ըսենք որ երէցներէն օգնութիւն խնդրէ։ Եթէ այդպէս չընէ, Եհովային եւ քրիստոնէական ժողովքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը մեզ պիտի մղէ, որ հարցը հոգեւոր հովիւներուն պատմենք։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը իր ընտանիքին հետ չի բաժներ այն գաղտնի հարցը, որուն քննարկութեան ատեն ներկայ էր։