Հարցումներ ընթերցողներէն
Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ինքնիր մասին խօսեցաւ որպէս՝ ‘կանխահաս ծնած մը’ (Ա. Կորնթացիս 15։8, ՆԱ)
Ա. Կորնթացիս 15։8–ին մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը [«կանխահաս ծնածի մը», ՆԱ]՝ ինծի ալ երեւցաւ»։ Անցեալին, մենք բացատրած ենք թէ Պօղոս հաւանաբար կը խօսէր իր անձնական փորձառութեան մասին, երբ տեսիլքով տեսաւ Յիսուսը իր երկնային փառքին մէջ։ Կարծես թէ իրեն պատիւը տրուած էր, որ ակնկալուած ժամանակէն կանուխ ծնի, կամ՝ յարութիւն առնէ, հոգեղէն կեանքի։ Բայց այս տեսակ յարութիւն դարեր ետք տեղի պիտի ունենար։ Սակայն, այս համարը աւելի քննելով այնպէս կ’երեւի, թէ այս բացատրութիւնը պէտք է ճշդուի։
Գիտենք որ հոս Պօղոս կը խօսէր այն դէպքին մասին, որուն արդիւնքով քրիստոնեայ դարձաւ։ Բայց ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ ‘կանխահաս ծնաւ’։ Այդ խօսքը կրնանք քանի մը կերպերով հասկնալ։
Պօղոսին քրիստոնեայ դառնալը մէկ անգամէն եղաւ եւ ցնցիչ էր։ Կանխահաս ծնիլը յաճախ անակնկալ կերպով կ’ըլլայ։ Այսպէս, երբ Սօղոս (որ ետքը ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս) Դամասկոս գնաց, որպէսզի այդտեղի քրիստոնեաները հալածէ, ան չէր ակնկալեր որ տեսիլքով մը պիտի տեսնէ յարութիւն առած Յիսուսը։ Պօղոսի քրիստոնեայ դառնալը ոչ միայն զինք զարմացուց, հապա նաեւ այն քրիստոնեաները, որոնք կը ծրագրէր հալածել։ Ասկէ զատ, այս փորձառութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ ան ժամանակաւորապէս իր տեսողութիւնը կորսնցուց (Գործք 9։1-9, 17-19)։
Ան քրիստոնեայ դարձաւ «սխալ ժամանակին»։ «Կանխահաս ծնիլ» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «սխալ ժամանակին ծնիլ»։ The Jerusalem Bible ատիկա այսպէս կը թարգմանէ. «Կարծես թէ ես ծնայ, երբ ոչ մէկը կը սպասէր»։ Պօղոս քրիստոնեայ դառնալու ատեն, Յիսուս արդէն երկինք վերադարձած էր։ Եւ ինչպէս Պօղոս Ա. Կորնթացիս 15։8–ին նախորդող համարներուն մէջ նշեց, ոմանք տեսան յարութիւն առած Յիսուսը երկինք համբառնալէն առաջ, բայց ինք չտեսաւ (Ա. Կոր. 15։4-8)։ Յիսուս անակնկալօրէն Պօղոսին յայտնուելով, տուաւ իրեն այդ առիթը, բայց ատիկա կարծես թէ «սխալ ժամանակին» էր։
Ան իր մասին համեստ կերպով խօսեցաւ։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն, որ Պօղոս այս արտայայտութիւնով թերեւս ինքզինք կը ցածցնէր։ Եթէ այդ է պարագան, ուրեմն ան կ’ընդունէր, որ իրեն տրուած առանձնաշնորհումին արժանի չէր։ Եւ ան իր խօսքը շարունակեց, ըսելով. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ» (Ա. Կոր. 15։9, 10)։
Հետեւաբար, այնպէս կ’երեւի որ Պօղոս թերեւս կը խօսէր՝ այն անակնկալ կերպին մասին, որով Յիսուս իրեն երեւցաւ, սխալ ժամանակին իր քրիստոնեայ դառնալուն մասին կամ այն իրողութեան մասին, որ ինք հոգեւոր առումով արժանի չէր այս հիանալի տեսիլքը տեսնելու։ Ամէն պարագայի, յստակ է որ Պօղոս իր այս փորձառութիւնը շատ գնահատեց։ Իր մտքին մէջ կասկած չմնաց, որ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած էր։ Անոր համար, զարմանալի չէ որ ան յաճախ այս անակնկալ փորձառութիւնը կը պատմէր, երբ ուրիշներուն կը քարոզէր Յիսուսի յարութեան մասին (Գործք 22։6-11. 26։13-18)։