ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38
Պատանինե՛ր, ի՞նչ տեսակ կեանք կ’ուզէք ունենալ
«Հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ» (ԱՌ. 2։11)։
ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1. Յովասը, Ոզիան եւ Յովսիան ի՞նչ դժուար պարագայի մէջ գտնուեցան։
Ի՞ՆՉ պիտի զգայիր եթէ պզտիկ տարիքիդ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ թագաւոր ըլլայիր։ Ինչպէ՞ս պիտի գործածէիր քու ոյժդ ու դիրքդ։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատմէ կարգ մը տղոց մասին, որոնք Յուդայի վրայ թագաւորեցին։ Օրինակի համար, Յովասը միայն 7 տարեկան էր, Ոզիան՝ 16, իսկ Յովսիան՝ 8։ Ասիկա որքա՜ն դժուար ըլլալու էր իրենց համար։ Հակառակ անոր որ դժուար էր, բայց Եհովան եւ ուրիշներ իրենց օգնեցին որ շատ մը լաւ բաներ ընեն։
2. Ինչո՞ւ պէտք է Յովասի, Ոզիայի եւ Յովսիայի օրինակներէն սորվինք։
2 Մենք թագաւորներ կամ թագուհիներ չենք, բայց այս երեք անձերէն արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Անոնք լաւ որոշումներ առին, բայց գէշ որոշումներ ալ առին։ Իրենց օրինակները գործածելով, տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է լաւ ընկերներ զատենք, խոնարհ մնանք եւ միշտ Եհովան փնտռենք։
ԼԱՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԶԱՏԷ
3. Յովիադան ինչպէ՞ս Յովաս թագաւորին օգնեց որ իմաստուն որոշումներ առնէ։
3 Յովասին պէս լաւ որոշումներ առ։ Երբ Յովաս թագաւորը պզտիկ էր, իր հայրը մեռաւ, եւ հաւատարիմ Յովիադա քահանայապետը զինք մեծցուց եւ իրեն սորվեցուց Եհովային մասին։ Յովասը իմաստուն էր, որովհետեւ Յովիադայի խրատը մտիկ ընելով՝ մաքուր պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւնը առաւ եւ Եհովային ծառայեց։ Յովասը նոյնիսկ կարգադրութիւններ ըրաւ որ Եհովային տաճարը նորոգէ (Բ. Մն. 24։1, 2, 4, 13, 14)։
4. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Եհովային պատուէրները կը սիրենք եւ անոնց կը հնազանդինք (Առակաց 2։1, 10-12)։
4 Եթէ ծնողներդ կամ ուրիշներ քեզի կը սորվեցնեն Եհովան սիրել եւ իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, անոնք քեզի արժէքաւոր նուէր մը կու տան (կարդա՛ Առակաց 2։1, 10-12)։ Ծնողները կրնան իրենց զաւակները մարզել շատ մը կերպերով։ Նկատի առ թէ Գաթիա անունով քրոջ մը հայրը ինչպէ՛ս իրեն օգնեց որ լաւ որոշումներ առնէ։ Ամէն օր դպրոց գացած ատեն իր հայրը օրուան համարը կը քննարկէր իրեն հետ։ Գաթիան կ’ըսէ. «Այդ խօսակցութիւնները ինծի օգնեցին որ օրուան մէջ դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլեմ»։ Բայց ի՞նչ պիտի ընես, եթէ զգաս որ ծնողներուդ տուած աստուածաշնչական ուղղութիւնը ազատութեանդ սահման կը դնէ։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ այդ ուղղութիւնը ընդունիս։ Անասթազիա անունով քոյր մը կը յիշէ, թէ իր ծնողները իրեն կը բացատրէին թէ ի՛նչ պատճառով որոշ օրէնքներ կը դնէին։ Ան կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի օգնեց որ հասկնամ թէ անոնք օրէնքներ կը դնէին՝ ոչ թէ ազատութեանս սահման դնելու համար, հապա սէրէ մղուած զիս պաշտպանելու համար»։
5. Ըրածներդ ինչպէ՞ս պիտի ազդեն ծնողքիդ եւ Եհովային (Առակաց 22։6. 23։15, 24, 25)։
5 Երբ աստուածաշնչական խրատները կը գործադրես, ծնողքդ պիտի ուրախացնես։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովան պիտի ուրախացնես եւ իրեն հետ մնայուն բարեկամութիւն պիտի ունենաս (կարդա՛ Առակաց 22։6. 23։15, 24, 25)։ Ասիկա քեզի լաւ պատճառ չի՞ տար որ Յովասը ընդօրինակես, երբ ան պզտիկ էր։
6. Յովիադային մեռնելէն ետք, Յովասը որո՞նց խրատը մտիկ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (Բ. Մնացորդաց 24։17, 18)։
6 Յովասին գէշ որոշումներէն սորվէ։ Յովիադային մեռնելէն ետք, Յովասը գէշ ընկերներ զատեց (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 24։17, 18)։ Ան որոշեց մտիկ ընել Յուդայի իշխաններուն, որոնք Եհովան չէին սիրեր։ Հաւանաբար կը համաձայնիս որ Յովասը պէտք էր այս տեսակ անձերէ հեռու մնար (Առ. 1։10)։ Բայց այդպէս չըրաւ, հապա անոնց տուած գէշ խրատը մտիկ ըրաւ։ Ասիկա չի բաւեր, երբ Յովասին զարմիկը՝ Զաքարիան, փորձեց զինք սրբագրել, ան զինք մեռցնել տուաւ (Բ. Մն. 24։20, 21. Մատ. 23։35)։ Իր ըրածը ի՜նչ ցաւալի եւ յիմար բան մըն էր։ Յովասին կեանքը սկիզբը լաւ էր, բայց ցաւօք սրտի ան ետքը հաւատուրաց եւ ոճրագործ դարձաւ։ Իսկ վերջաւորութեան, իր ծառաները զինք մեռցուցին (Բ. Մն. 24։22-25)։ Իր կեանքը ի՜նչ տարբեր պիտի ըլլար, եթէ ան շարունակէր Եհովային եւ զինք սիրողներուն մտիկ ընել։ Ի՞նչ դաս կրնաս սորվիլ Յովասին գէշ օրինակէն։
7. Որո՞նք պէտք է ընտրենք որ մեր ընկերները ըլլան (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Դաս մը որ կրնանք սորվիլ Յովասի գէշ որոշումէն այն է՝ որ պէտք է ընտրենք ընկերներ, որոնք մեր վրայ լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան, այսինքն՝ ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ կ’ուզեն զինք ուրախացնել։ Պայման չէ որ ընկերակցինք միայն մեր տարիքին եղող անձերու հետ։ Յիշէ թէ Յովասը Յովիադայէն տարիքով շա՜տ աւելի պզտիկ էր։ Երբ ընկերներ պիտի ընտրես, դուն քեզի հարցուր. ‘Անոնք ինծի կ’օգնե՞ն որ Եհովային հանդէպ հաւատքս զօրացնեմ։ Զիս կը քաջալերե՞ն որ Եհովային չափանիշներուն համաձայն ապրիմ։ Եհովային եւ իր թանկագին ճշմարտութիւններուն մասին կը խօսի՞ն։ Եհովային չափանիշներուն հանդէպ յարգանք ունի՞ն։ Արդեօք անոնք միայն ինծի կ’ըսեն ինչ որ կ’ուզե՞մ լսել, կամ քաջութիւնը ունին զիս սրբագրելու, երբ սխալիմ’ (Առ. 27։5, 6, 17)։ Իրականութեան մէջ, եթէ ընկերներդ Եհովան չեն սիրեր, պէտք չունիս իրենց։ Բայց եթէ Եհովան կը սիրեն, զիրենք մի՛ ձգեր, քանի որ լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենան քու վրադ (Առ. 13։20)։
8. Եթէ ընկերային ցանցերը կը գործածենք, ի՞նչ բան պէտք է հաշուի առնենք։
8 Ընկերային ցանցերը կրնան լաւ կերպ մը ըլլալ մեր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ կապ պահելու համար։ Բայց շատեր ատիկա կը գործածեն ուրիշները տպաւորելու համար։ Օրինակ, անոնք նկարներ եւ վիտէօներ կը դնեն, ցուցնելու համար թէ ինչ գնած են կամ ինչ ըրած են։ Եթէ ընկերային ցանցերը կը գործածես, դուն քեզի հարցուր. ‘Նպատակս է ուրիշները տպաւորե՞լ։ Նպատակս է ուրիշները շինե՞լ, թէ ոչ կ’ուզեմ որ զիս գովեն։ Կը ձգե՞մ որ մարդոց կարծիքը ժխտական կերպով ազդէ մտածելակերպիս, խօսելակերպիս եւ վարուելակերպիս’։ Եղբայր Նաթան Նորը, որ ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը, այս խրատը տուաւ. «Մի՛ փորձեր մարդիկը գոհացնել։ Եթէ այդպէս ընես, մէ՛կը պիտի չկարենաս գոհացնել։ Եհովան գոհացուր եւ պիտի գոհացնես բոլոր անոնք, որոնք զինք կը սիրեն»։
ՊԷՏՔ Է ԽՈՆԱՐՀ ՄՆԱՍ
9. Ոզիան Եհովային օգնութեամբ ի՞նչ կրցաւ ընել (Բ. Մնացորդաց 26։1-5)։
9 Ոզիային պէս լաւ որոշումներ առ։ Երբ Ոզիա թագաւորը պատանի էր, խոնարհ էր։ Ան սորվեցաւ ‘Աստուած փնտռել’։ Ան ապրեցաւ 68 տարի, եւ իր կեանքին մեծ մասին ընթացքին, Եհովան զինք օրհնեց (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 26։1-5)։ Ոզիան նաեւ իր ազգին շատ մը թշնամիներուն յաղթեց եւ Երուսաղէմը զօրացուց, որ լաւ պաշտպանուած ըլլայ (Բ. Մն. 26։6-15)։ Վստահաբար, Ոզիան շատ ուրախ էր որ Եհովան իրեն օգնած էր այդ բոլոր բաները ընելու (Ժող. 3։12, 13)։
10. Ոզիային ի՞նչ եղաւ։
10 Ոզիային գէշ որոշումներէն սորվէ։ Ոզիա թագաւորը վարժուած էր որ ուրիշներ իր ըսածը ընէին։ Արդեօք ատիկա ձգե՞ց որ կարծէ թէ կրնայ ամէն բան ընել։ Օր մը, Ոզիան որոշեց Եհովային տաճարը մտնել եւ փորձեց խունկի սեղանին վրայ խունկ վարել, ինչ որ չէր արտօնուած որ թագաւորները ընեն (Բ. Մն. 26։16-18)։ Ազարիա քահանայապետը փորձեց զինք սրբագրել, բայց Ոզիան շատ բարկացաւ։ Ցաւօք սրտի, Ոզիան հաւատարիմ չմնաց եւ Եհովան զինք պատժեց բորոտութեամբ (Բ. Մն. 26։19-21)։ Իր կեանքը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ ան խոնարհ մնար։
11. Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ խոնարհ մնանք (տե՛ս նաեւ նկարը)։
11 Երբ Ոզիան զօրացաւ, մոռցաւ որ Եհովան էր իր զօրութեան եւ յաջողութեան Աղբիւրը։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի յիշեցնենք, թէ մեր օրհնութիւնները եւ առանձնաշնորհումները Եհովայէն կու գան։ Փոխանակ մեր ըրածներով հպարտանալու, պէտք է ամէն բանի մէջ փառք տանք Եհովային (Ա. Կոր. 4։7) b։ Պէտք է խոնարհութեամբ գիտակցինք որ մենք անկատար ենք եւ սրբագրումի պէտք ունինք։ 60–ական տարիքի եղող եղբայր մը գրեց. «Սորված եմ ինքզինքս շատ լուրջի չառնել։ Երբ մէկը զիս կը սրբագրէ ըրած սխալներուս համար, կը փորձեմ բարելաւուիլ եւ շարունակել Եհովային լաւագոյնս տալ»։ Իրականութիւնը այն է, որ երբ Եհովային հնազանդինք եւ խոնարհ մնանք, իրապէս ուրախ կեանք մը պիտի ունենանք (Առ. 22։4)։
ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՆ ՓՆՏՌԵԼ
12. Երբ պատանի էր, Յովսիան ինչպէ՞ս Եհովան փնտռեց (Բ. Մնացորդաց 34։1-3)։
12 Յովսիային պէս լաւ որոշումներ առ։ Յովսիան պատանի էր, երբ սկսաւ Եհովան փնտռել։ Ան կ’ուզէր Եհովային մասին սորվիլ եւ իր կամքը ընել։ Բայց այս պատանի թագաւորին կեանքը դիւրին չէր։ Ան պէտք էր մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնէր, երբ սուտ պաշտամունքը ամէն կողմ տարածուած էր։ Եւ այսպէս ալ ըրաւ։ Առաջ որ 20 տարեկան ըլլայ, սկսաւ սուտ պաշտամունքը երկրէն վերցնել (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։1-3)։
13. Եհովային նուիրուիլը քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։
13 Նոյնիսկ եթէ տարիքով շատ պզտիկ ես, կրնաս որոշել Յովսիայի օրինակին հետեւիլ՝ Եհովային եւ իր հոյակապ յատկութիւններուն մասին աւելի սորվելով եւ գնահատելով անոնք։ Ասիկա քեզ պիտի մղէ որ կեանքդ իրեն նուիրես։ Այդ նուիրումը ինչպէ՞ս կ’ազդէ առօրեայ կեանքիդ։ 14 տարեկանին մկրտուած Լուք անունով պատանի մը կ’ըսէ. «Ասկէ ետք, Եհովային ծառայելը կեանքիս մէջ առաջին տեղը պիտի դնեմ եւ պիտի փորձեմ զինք ուրախացնել» (Մար. 12։30)։ Որքա՜ն պիտի օրհնուիս, եթէ փափաքիս դուն ալ նոյնը ընել։
14. Օրինակներ տուր թէ ինչպէ՛ս կարգ մը պատանիներ Յովսիա թագաւորը կ’ընդօրինակեն։
14 Պատանիները, որոնք Եհովային կը ծառայեն, թերեւս ի՞նչ դժուարութիւններէ անցնին։ Եոհանը, որ 12 տարեկանին մկրտուեցաւ, կ’ըսէ որ իր դասընկերները փորձեցին զինք ճնշել որ ելեկտրոնային ծխախոտ ծխէ։ Այս ճնշումին դէմ դնելու զօրութիւնը ունենալու համար, Եոհանը ինքն իրեն կը յիշեցնէ, որ ելեկտրոնային ծխախոտ ծխելը կրնայ վնաս հասցնել թէ՛ իր առողջութեան եւ թէ Եհովային հետ իր բարեկամութեան։ Իսկ Ռէյչըլը, որ 14 տարեկանին մկրտուեցաւ, կը բացատրէ թէ ի՛նչը իրեն կ’օգնէ որ դպրոցին մէջ իր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։ Ան կ’ըսէ. «Կը փորձեմ տեսածս կապել հոգեւոր բանի մը հետ։ Օրինակ, պատմութեան դաս մը կրնայ միտքս բերել Սուրբ Գիրքէն պատմութիւն մը կամ մարգարէութիւն մը։ Կամ ալ խօսակցութիւն մը կրնայ ինծի յիշեցնել օգտակար համար մը, որուն մասին կրնամ մէկու մը հետ խօսիլ»։ Ճիշդ է որ թերեւս ունեցած դժուարութիւններդ տարբեր ըլլան Յովսիա թագաւորին դժուարութիւններէն, բայց դուն կրնա՛ս իրեն պէս իմաստուն եւ հաւատարիմ ըլլալ։ Հիմա որպէս պատանի դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելը, քեզի պիտի օգնէ որ ապագային ըլլալիք դժուարութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւես։
15. Ի՞նչ բան Յովսիային օգնեց որ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայէ (Բ. Մնացորդաց 34։14, 18-21)։
15 Երբ Յովսիա թագաւորը մեծցաւ, ան սկսաւ տաճարը նորոգել։ Մինչ ասիկա կ’ընէր, «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը» գտնուեցաւ։ Երբ թագաւորը լսեց անոր մէջ գրուածները, անմիջապէս փոփոխութիւններ ըրաւ որպէսզի հոն գրուածին հնազանդի (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 34։14, 18-21)։ Կը սիրե՞ս Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալ։ Եթէ կը փորձես ասիկա ընել, անկէ հաճոյք կ’առնե՞ս։ Եթէ համարներ գտնես, որոնք քեզի կրնան օգնել, նոթեր կ’առնե՞ս։ Նախապէս նշուած Լուքը իր գտած հետաքրքրական կէտերը տետրակի մը մէջ կը գրէ։ Արդեօք կ’ուզե՞ս դուն ալ ատանկ ընել, որպէսզի սիրած համարներդ եւ կէտերդ չմոռնաս։ Ո՛րքան աւելի Աստուածաշունչը գիտնաս եւ զայն սիրես, ա՛յնքան աւելի պիտի ուզես Եհովային ծառայել։ Եւ Յովսիա թագաւորին պէս, Աստուծոյ Խօսքը քեզ պիտի մղէ որ ճիշդը ընես։
16. Յովսիան ինչո՞ւ լուրջ սխալ մը ըրաւ, եւ մենք ի՞նչ կրնանք սորվիլ իրմէ։
16 Յովսիայի գէշ որոշումներէն սորվէ։ Երբ Յովսիան մօտաւորապէս 39 տարեկան էր, սխալ մը ըրաւ, որուն պատճառաւ իր կեանքը կորսնցուց։ Փոխանակ Եհովային ուղղութիւնը խնդրելու, ան ինքն իրեն վստահեցաւ (Բ. Մն. 35։20-25)։ Հոս մեզի համար դաս մը կայ։ Որքա՛ն ալ տարիքով մեծ ըլլանք կամ որքա՛ն ալ Սուրբ Գիրքը սերտած ըլլանք, պէտք է միշտ Եհովան փնտռենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ կանոնաւորաբար աղօթքով իր ուղղութիւնը խնդրենք, իր Խօսքը սերտենք եւ հասուն քրիստոնեաներուն խրատներէն օգտուինք։ Այն ատեն, հաւանաբար աւելի քիչ լուրջ սխալներ պիտի ընենք եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք (Յակ. 1։25)։
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ԿՐՆԱ՛Ք ՈՒՐԱԽ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ
17. Յուդայի երեք թագաւորներէն ի՞նչ երեք կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։
17 Մինչ պատանի ես, շատ մը աղուոր առիթներ ունիս։ Յովասի, Ոզիայի եւ Յովսիայի օրինակները ցոյց կու տան թէ պատանիները կրնան իմաստուն ընտրութիւններ ընել եւ իրենց ապրած կերպով Եհովան ուրախացնել։ Ճիշդ է որ այս պատանիները սխալներ ըրին, որոնց պատճառով գէշ բաներ պատահեցան, բայց եթէ անոնց ըրած լաւ բաները ընես եւ իրենց սխալները չընես, ուրախ կեանք մը պիտի ունենաս։
18. Ո՞ր աստուածաշնչական օրինակները ցոյց կու տան, որ կրնաս ուրախ կեանք մը ունենալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
18 Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք ուրիշ պատանիներու օրինակներ, որոնք Եհովային մօտեցան եւ զինք ուրախացուցին եւ իրենք ալ ուրախ կեանք մը ունեցան։ Դաւիթ անոնցմէ մէկն էր։ Ան պզտիկ տարիքէն ընտրեց Եհովային ծառայել, եւ ետքը հաւատարիմ թագաւոր մը եղաւ։ Ճիշդ է որ ատեններ ան սխալներ գործեց, բայց ընդհանուր առմամբ Եհովան իրմէ գոհ էր (Գ. Թագ. 3։6. 9։4, 5. 14։8)։ Դաւիթին կեանքը եւ հաւատարիմ ծառայութիւնը աւելի սերտելով, պիտի քաջալերուիս։ Կամ ալ կրնաս աւելի սորվիլ Մարկոսի եւ Տիմոթէոսի օրինակներէն։ Անոնք Եհովային ծառայելու սկսան երբ շատ պզտիկ էին եւ շարունակեցին իրեն հաւատարմօրէն ծառայել։ Եհովային ծառայելու անոնց որոշումը զինք ուրախացուց եւ իրենք ալ ուրախ կեանք մը ապրեցան։
19. Ի՞նչ տեսակ կեանք կրնաս ունենալ։
19 Քու կեանքդ հիմա ինչպէ՛ս գործածելդ պիտի ազդէ ապագայիդ։ Երբ Եհովայի՛ն վստահիս եւ ոչ թէ քու հասկացողութեանդ, ան քեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնես (Առ. 20։24)։ Կրնաս ուրախ եւ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ապրիլ։ Յիշէ թէ Եհովան կ’արժեւորէ ինչ որ իրեն համար կ’ընես։ Մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովային ծառայելէն աւելի աղուոր կեանք չկայ։
ԵՐԳ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին
a Պատանինե՛ր, Եհովան գիտէ թէ ի՛նչ դժուարութիւններ ունիք, որոնք իրեն հետ ձեր յարաբերութիւնը փորձի տակ կը դնեն։ Ինչպէ՞ս կրնաք իմաստուն որոշումներ առնել, որոնք կրնան ուրախացնել ձեր երկնաւոր Հայրը։ Նկատի պիտի առնենք երեք տղոց օրինակները, որոնք Յուդայի թագաւորները եղան։ Տե՛ս ինչ կրնաս սորվիլ անոնց որոշումներէն։
b Տե՛ս «Խոնարհութիւնս դերասանութի՞ւն է» շրջանակը՝ «Որքա՞ն կարեւոր է ինթըրնէթի վրայ ճանչցուած ըլլալ» յօդուածին մէջ (արաբ.), jw.org կայքին վրայ։