Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

Պետրոսին պէս մի՛ յանձնուիր

Պետրոսին պէս մի՛ յանձնուիր

«Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ» (ՂՈՒԿ. 5։8

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Պետրոս ինչպէ՞ս զգաց Յիսուսի ըրած հրաշքէն ետք։

 ՊԵՏՐՈՍ ամբողջ գիշերը անցուց ձկնորսութեամբ, առանց իսկ ձուկ մը որսալու։ Յիսուս իրեն անակնկալի բերաւ՝ ըսելով. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու» (Ղուկ. 5։4)։ Պետրոս կասկածեցաւ որ պիտի կարենար ձուկ որսալ, բայց Յիսուսին հնազանդեցաւ։ Ուռկանը այնքա՛ն ձուկով լեցուեցաւ, որ սկսաւ պատռտուիլ։ Պետրոսը եւ իրեն հետ եղողները՝ անդրադառնալով որ հրաշք մը եղաւ, ‘ապշեցան’։ Պետրոս ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ» (Ղուկ. 5։6-9)։ Այնպէս կ’երեւի որ Պետրոս զգաց որ արժանի չէ Յիսուսին հետ ըլլալու։

2. Ինչո՞ւ օգտակար է որ Պետրոսի օրինակը նկատի առնենք։

2 Պետրոս իրաւունք ունէր. ան իրապէս «մեղաւոր մարդ մըն» էր։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ ան երբեմն ըսաւ կամ ըրաւ բաներ, որոնց համար ետքը զղջաց։ Դուն ալ երբեմն իրեն պէս կը զգա՞ս։ Անձնաւորութեանդ մէջ կա՞յ յատկութիւն մը, որ կը ջանաս սրբագրել, կամ տկարութիւն մը, որուն վրայ երկար ժամանակէ ի վեր կ’աշխատիս։ Եթէ այո՛, կրնաս քաջալերուիլ Պետրոսին օրինակը սերտելով։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ. Եհովան կրնար դիւրաւ Պետրոսի սխալները Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրել չտալ։ Բայց անոնք ներշնչումով արձանագրուեցան, որպէսզի մեզի դաս ըլլան (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Մեզի պէս տկարութիւններ եւ զգացումներ ունեցող այս մարդէն սորվիլը մեզի պիտի օգնէ որ տեսնենք, թէ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չի սպասեր, հապա կ’ուզէ որ չյանձնուինք, հապա շարունակենք փորձել՝ հակառակ մեր տկարութիւններուն։

3. Ինչո՞ւ պէտք չէ յանձնուինք։

3 Ինչո՞ւ կարեւոր է որ չյանձնուինք։ Քանի որ եթէ բան մը շարունակ ընենք, աւելի լաւ կ’ըլլանք ատոր մէջ։ Օրինակ մը տանք. երաժիշտ մը երկար տարիներ փորձ կ’ընէ, որպէսզի երաժշտական գործիք մը նուագէ։ Այդ միջոցին, ան հազարաւոր անգամներ սխալ նոթեր կը նուագէ։ Բայց եթէ շարունակէ փորձ ընել, աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Եւ նոյնիսկ եթէ օրին մէկը վարպետ երաժիշտ դառնայ, ատեններ սխալներ պիտի ընէ։ Հակառակ ասոր, ան չի յանձնուիր եւ կը շարունակէ փորձ ընել, որպէսզի աւելի վարպետ ըլլայ։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Երբեմն, նոյնիսկ երբ զգանք թէ որոշ տկարութեան մը յաղթեցինք, թերեւս նորէն նոյն սխալը ընենք։ Հակառակ ասոր, չենք յանձնուիր։ Բոլորս ալ կ’ըսենք կամ կ’ընենք բաներ, որոնց համար ետքը կը զղջանք։ Բայց եթէ չյանձնուինք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ ատոր մէջ յառաջդիմենք (Ա. Պետ. 5։10)։ Հիմա նկատի առնենք չյանձնուելու մէջ Պետրոսին օրինակը։ Պետրոսին հանդէպ Յիսուսին ցոյց տուած կարեկցութիւնը կրնայ մեզ մղել որ շարունակենք Եհովային ծառայել՝ հակառակ մեր տկարութիւններուն։

ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ Պետրոսին հետ պատահածը հետդ պատահէր (տե՛ս պարբերութիւն 4)

4. Ղուկաս 5։5-10–ի մէջ, Պետրոս ինքզինք ինչպէ՞ս նկարագրեց, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս զինք վստահեցուց։

4 Սուրբ Գիրքը մեզի չ’ըսեր թէ ինչո՛ւ Պետրոս ինքզինք նկարագրեց որպէս «մեղաւոր մարդ», կամ թէ իր մտքին մէջ իր ըրած ո՛ր մեղքերը կային (կարդա՛ Ղուկաս 5։5-10)։ Թերեւս Պետրոս կարգ մը լուրջ մեղքեր ըրած էր։ Յիսուս զգաց Պետրոսին վախը, որ արդիւնքն էր ինքզինք անարժէք զգալուն։ Յիսուս նաեւ գիտէր թէ Պետրոս կրնա՛ր հաւատարիմ մնալ, անոր համար ազնուօրէն իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար»։ Յիսուսին այս վստահեցուցիչ խօսքերը Պետրոսին վրայ մնայուն ազդեցութիւն ունեցան։ Պետրոս եւ իր եղբայրը՝ Անդրէասը, ետքը ձկնորսութեան գործը ձգեցին եւ լման ժամանակով Մեսիային հետեւորդները դարձան։ Անոնց այս որոշումը հոյակապ օրհնութիւններ բերաւ (Մար. 1։16-18

5. Իր վախերուն յաղթելով եւ Յիսուսի հրաւէրը ընդունելով, Պետրոս ի՞նչ օրհնութիւններ ստացաւ։

5 Որպէս Քրիստոսի հետեւորդ, Պետրոս շատ մը հոյակապ փորձառութիւններ վայելեց։ Ան տեսաւ որ Յիսուսը կը բժշկէ հիւանդները, դեւեր կը հանէ եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն կու տայ (Մատ. 8։14-17. Մար. 5։37, 41, 42) b։ Պետրոս նաեւ իր աչքերովը տեսաւ տեսիլք մը, որուն մէջ Յիսուս իր ապագայ թագաւորական փառքով երեւցաւ, եւ ասիկա իրեն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ (Մար. 8։39–9։8. Բ. Պետ. 1։16-18)։ Պետրոս տեսաւ բաներ, որոնք իր մտքէն իսկ չէին անցներ որ պիտի տեսնէ։ Ան որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, որ իր ժխտական զգացումներուն թոյլ չտուաւ, որ արգելք ըլլան այս օրհնութիւնները վայելելու։

6. Պետրոս իր տկարութիւնները շուտով յաղթահարե՞ց. բացատրէ։

6 Այսքան բաներ լսելէ եւ տեսնելէ ետք, տակաւին Պետրոս շարունակեց իր տկարութիւններուն դէմ պայքարիլ։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։ Երբ Յիսուս բացատրեց թէ ինք պիտի տառապէր եւ մեռնէր՝ ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութեան, Պետրոս յանդիմանեց զինք (Մար. 8։31-33)։ Մէկէ աւելի անգամներ, Պետրոս եւ միւս առաքեալները վիճաբանեցան թէ ո՛վ աւելի մեծ էր (Մար. 9։32, 33)։ Յիսուսի մեռնելէն մէկ գիշեր առաջ, Պետրոս մարդու մը ականջը կտրեց (Յովհ. 18։10)։ Նոյն գիշերը, Պետրոս վախնալով երեք անգամ իր բարեկամը՝ Յիսուսը ուրացաւ (Մար. 14։66-72)։ Եւ այդ պատճառաւ ալ, ան շատ լացաւ (Մատ. 26։75

7. Յիսուսի յարութենէն ետք, Պետրոսին ի՞նչ առիթ տրուեցաւ։

7 Յիսուս վազ չանցաւ իր յուսահատ առաքեալէն։ Ան յարութիւն առնելէ ետք, Պետրոսին առիթ տուաւ որ ցոյց տայ թէ տակաւին զինք կը սիրէ։ Յիսուս Պետրոսէն խնդրեց որ խոնարհաբար իր ոչխարները արածէ (Յովհ. 21։15-17)։ Պետրոս յօժարեցաւ։ Ան Պէնտէկոստէի օրը Երուսաղէմի մէջ էր եւ առաջին անձերէն էր որ սուրբ հոգիով օծուեցաւ։

8. Անտիոքի մէջ, Պետրոսը ի՞նչ լուրջ սխալ մը ըրաւ։

8 Նոյնիսկ օծեալ քրիստոնեայ ըլլալէ ետք, Պետրոս պէտք էր իր տկարութիւններուն դէմ պայքարէր։ Ք.Ե. 36–ին, Պետրոս ներկայ էր, երբ անթլփատ եւ հեթանոս Կոռնելիոսը սուրբ հոգիով օծուեցաւ, ինչ որ յստակ դարձուց թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» եւ թէ հեթանոսներ կրնային քրիստոնէական ժողովքին պատկանիլ (Գործք 10։34, 44, 45)։ Այն ատեն, Պետրոսը ազատ զգաց հեթանոսներուն հետ ուտելու, ինչ որ առաջ չէր կրնար ընել (Գաղ. 2։12)։ Բայց կարգ մը հրեայ քրիստոնեաներ կը զգային թէ հրեաները եւ հեթանոսները պէտք չէր իրարու հետ ուտէին։ Երբ այս տեսակէտը ունեցող կարգ մը անձեր Անտիոք եկան, Պետրոս իր հեթանոս եղբայրներուն հետ ուտելէ դադրեցաւ։ Ան հաւանաբար ասիկա ըրաւ՝ վախնալով որ նեղացնէ հրեայ քրիստոնեաները։ Պօղոսը՝ տեսնելով Պետրոսին կեղծաւորութիւնը, զինք յանդիմանեց բոլորին առջեւ (Գաղ. 2։13, 14)։ Հակառակ այս սխալին, Պետրոս չյանձնուեցաւ։ Ի՞նչը օգնեց իրեն։

Ի՞ՆՉԸ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՕԳՆԵՑ ՈՐ ՉՅԱՆՁՆՈՒԻ

9. Յովհաննէս 6։69, 70–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ Պետրոսին հաւատարմութիւնը։

9 Պետրոս հաւատարիմ էր։ Ան չձգեց որ բա՛ն մը պատճառ ըլլայ որ Յիսուսի հետեւելէն կենայ։ Օրինակ, անգամ մը Յիսուս ըսաւ բան մը, որ աշակերտները չհասկցան (կարդա՛ Յովհաննէս 6։69-70)։ Շատեր առանց բացատրութիւնը մտիկ ընելու, Յիսուսին հետեւելէ կեցան։ Բայց Պետրոս այդպէս չըրաւ։ Ան գիտէր թէ միայն Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունէր։

Պետրոսին հանդէպ Յիսուսի վստահութիւնը ինչո՞ւ քեզ կը քաջալերէ (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Յիսուս ինչպէ՞ս իր վստահութիւնը ցոյց տուաւ Պետրոսին հանդէպ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Յիսուս Պետրոսը երեսի վրայ չձգեց։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, գիտցաւ որ Պետրոսը եւ միւս առաքեալները զինք պիտի ձգէին։ Հակառակ ասոր, ան Պետրոսը վստահեցուց, որ ետ ինքզինք պիտի գտնէր եւ հաւատարիմ պիտի մնար (Ղուկ. 22։31, 32)։ Յիսուս կը հասկնար որ «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մար. 14։38)։ Անոր համար, նոյնիսկ Պետրոսը զինք ուրանալէն ետք, ան իր յոյսը չկտրեց այս առաքեալէն։ Երբ Յիսուս յարութիւն առաւ, Պետրոսին երեւցաւ՝ հաւանաբար երբ Պետրոսը առանձին էր (Մար. 16։7. Ղուկ. 24։34. Ա. Կոր. 15։5)։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր այս յուսահատ առաքեալը։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս Պետրոսը վստահեցուց, որ Եհովան իրեն հոգ պիտի տանէր։

11 Յիսուս նաեւ Պետրոսը վստահեցուց որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Յարութիւն առնելէ ետք, ան Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն օգնեց որ անգամ մը եւս հրաշքով ձուկ բռնեն (Յովհ. 21։4-6)։ Այս հրաշքը անկասկած Պետրոսը վստահեցուց որ Եհովան շատ դիւրութեամբ կրնար իր նիւթական պէտքերը ապահովել։ Այն ատեն, թերեւս առաքեալը յիշեց Յիսուսին խօսքերը, որ Եհովան հոգ պիտի տանէր անոնց, որոնք ‘առաջ կը խնդրեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Եւ այս պատճառով, Պետրոս ծառայութիւնը, եւ ոչ թէ ձկնորսութիւնը, իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։ Ք.Ե 33–ի Պէնտէկոստէին ան համարձակութեամբ վկայեց՝ հազարաւորներու օգնելով որ բարի լուրը ընդունին (Գործք 2։14, 37-41)։ Անկէ ետք, ան սամարացիներուն եւ հեթանոսներուն օգնեց որ Քրիստոսը ընդունին (Գործք 8։14-17. 10։44-48)։ Կրնանք ըսել որ Եհովան Պետրոսը հոյակապ կերպերով գործածեց, որպէսզի ամէն տեսակ մարդիկ ժողովքին մէջ բերէ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ

12. Եթէ երկարատեւ տկարութեան մը դէմ կը պայքարինք, ի՞նչ պէտք է յիշենք։

12 Եհովան մեզի ալ կրնայ օգնել որ չյանձնուինք։ Թերեւս դժուար է որ շարունակենք պայքարիլ տկարութեան մը դէմ, որ երկար տարիներէ ունինք։ Երբեմն մեր տկարութիւնները կրնան Պետրոսին ունեցած տկարութիւններէն շատ աւելի դժուար ըլլալ։ Բայց Եհովան կրնայ մեզի զօրութիւն տալ որ չյանձնուինք (Սաղ. 94։17-19)։ Օրինակի համար, եղբայր մը ճշմարտութիւնը գիտնալէն առաջ, երկար տարիներ միասեռականի կեանք կ’ապրէր։ Ետքը, վճռեց այդ անբարոյ կեանքէն վազ անցնիլ։ Բայց ան տակաւին այս սխալ ցանկութիւններուն դէմ կը պայքարի։ Արդեօք ի՞նչ բան իրեն կ’օգնէ որ չյանձնուի։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան մեզ կը զօրացնէ։ Իր հոգիին օգնութեամբ սորված եմ որ կարելի՛ է ճշմարտութեան մէջ շարունակել։ Եհովան կրցած է զիս գործածել եւ հակառակ իմ անկատարութիւններուս՝ ան շարունակ զիս կը զօրացնէ»։

Հորսթ Հէնչըլը իր լիաժամ ծառայութիւնը սկսաւ 1 յունուար 1950–ին։ Կը կարծե՞ս որ զղջաց իր կեանքը անցնելով Եհովային ծառայութեան մէջ։ (տե՛ս պարբերութիւն 13, 15) d

13. Ինչպէ՞ս կրնանք Պետրոսի օրինակին հետեւիլ, ինչպէս որ գրուած է Գործք 4։13, 29, 31–ին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Ինչպէս որ տեսանք, Պետրոս մէկէ աւելի անգամներ մարդու վախի տեղի տուաւ։ Բայց աղօթելով համարձակութիւն խնդրեց եւ կրցաւ քաջութեամբ վարուիլ (կարդա՛ Գործք 4։13, 29, 31)։ Մենք ալ կրնանք մեր վախերը յաղթահարել։ Նկատի առ ի՛նչ պատահեցաւ նացի Գերմանիոյ մէջ ապրող՝ Հորսթ անունով պատանի եղբօր մը հետ։ Մէկէ աւելի անգամներ, ան ճնշումի տեղի տուաւ դպրոցին մէջ եւ ըսաւ՝ «Հայլ Հիթլեր»։ Իր ծնողքը փոխանակ զինք յանդիմանելու, իրեն հետ աղօթեցին եւ Եհովայէն խնդրեցին որ իրեն քաջութիւն տայ։ Եւ անոնց օգնութեամբ եւ Եհովային վստահելով, Հորսթ ի վերջոյ քաջութիւնը ունեցաւ հաստատ կենալու։ Յետագային ան գրեց. «Եհովան բնաւ զիս չձգեց» c։

14. Հոգատար հովիւները ինչպէ՞ս կրնան քաջալերել յուսահատ անհատները։

14 Եհովան եւ Յիսուսը իրենց յոյսը մեզմէ պիտի չկտրեն։ Պետրոս Յիսուսը ուրանալէ ետք, կարեւոր որոշում մը պէտք էր առնէր։ Արդեօք ան Քրիստոսի աշակերտը ըլլալէ պիտի դադրէ՞ր, թէ ոչ պիտի չյանձնուէր։ Յիսուս Եհովային աղաչեց որ Պետրոսին հաւատքը չպակսի։ Յիսուս Պետրոսին պատմեց ասոր մասին եւ զինք վստահեցուց, որ ետքը պիտի կարենար իր եղբայրները զօրացնել (Ղուկ. 22։31, 32)։ Այս խօսքերը յիշելը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Պետրոսը։ Մենք ալ երբ մեր կեանքին մէջ դժուար որոշում մը պիտի առնենք, Եհովան թերեւս գործածէ հոգատար հովիւներ, որպէսզի մեզի պէտք եղած քաջալերութիւնը տայ հաւատարիմ մնալու (Եփ. 4։8, 11)։ Փոլ անունով եղբայր մը, որ երկար ատենէ ի վեր որպէս երէց կը ծառայէ, այս կերպով ուրիշները կը քաջալերէ։ Ան յանձնուելու վրայ եղողներէն կը խնդրէ, որ յիշեն թէ Եհովան ինչպէ՛ս զիրենք ճշմարտութեան քաշեց։ Ետքը, զիրենք կը վստահեցնէ որ Եհովան հաւատարիմ սէր ունի իրենց հանդէպ եւ իրենցմէ վազ պիտի չանցնի։ Վերջաւորութեան կ’ըսէ. «Տեսած եմ շատ մը յուսահատ անհատներ, որոնք Եհովային օգնութեամբ չեն յանձնուած»։

15. Պետրոսի եւ Հորսթի օրինակները ինչպէ՞ս Մատթէոս 6։33–ին ճիշդ ըլլալը ցոյց կու տան։

15 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն նիւթական պէտքերը հոգաց, ան մեր նիւթական պէտքերն ալ պիտի հոգայ՝ եթէ ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Մատ. 6։33)։ Նախապէս յիշուած եղբայր Հորսթը Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք մտածեց ռահվիրայութիւն ընել, բայց շատ աղքատ էր եւ կասկած ունէր որ պիտի չկարենար իր նիւթական պէտքերը հոգալ, եթէ շարունակէր լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Լաւ ի՞նչ պիտի ընէր։ Ան որոշեց Եհովան փորձել՝ շրջանային տեսուչին այցելութեան ամբողջ շաբթուան ընթացքին ծառայութեան մասնակցելով։ Շաբթուան վերջաւորութեան, ան անակնկալի եկաւ, երբ շրջանային տեսուչը իրեն տուաւ պահարան մը անանուն նուիրատուէ մը։ Ատոր մէջ բաւարար դրամ կար որ կարենար իր պէտքերը հոգալ՝ առնուազն քանի մը ամիս։ Հորսթ զգաց որ Եհովան այս նուէրին միջոցաւ զինք կը վստահեցնէր որ իրեն հոգ պիտի տանի։ Ան իր կեանքին մնացեալ տարիները անցուց Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով (Մաղ. 3։10

16. Ինչո՞ւ կ’արժէ նկատի առնել Պետրոսին օրինակը եւ գրութիւնները։

16 Պետրոս որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, որ Յիսուս իր քովէն մէկդի չգնաց, ինչպէս որ ինք խնդրած էր։ Հապա ան շարունակեց Պետրոսը մարզել որ հաւատարիմ առաքեալ եւ քրիստոնեաներուն համար օրինակ մը ըլլայ։ Եւ մենք այդ մարզումէն շատ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք։ Պետրոս այդ դասերէն ոմանք գրեց ժողովքներուն ղրկած իր երկու ներշնչուած նամակներուն մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ, այդ դասերէն քանի մը հատը նկատի պիտի առնենք եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնք գործադրել։

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

a Այս յօդուածը պատրաստուած է անոնց համար, որոնք տկարութիւններու դէմ կը պայքարին, որպէսզի զիրենք վստահեցնէ թէ կրնան այդ տկարութիւններուն յաղթել եւ շարունակել հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։

b Այս յօդուածին մէջ նշուած համարներէն շատերը առնուած են Մարկոսի Աւետարանէն։ Հաւանաբար ան արձանագրեց ինչ որ լսած էր Պետրոսէն, որ իր աչքերով տեսած էր այս դէպքերը։

c Տե՛ս Հորսթ Հէնչըլի կենսագրութիւնը. «Աստուծոյ հանդէպ ընտանիքիս հաւատարմութիւնը զիս քաջալերեց»՝ Զարթի՛ր–ի 22 փետրուար 1998 թիւին մէջ (անգլ.)։

d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ինչպէս նկարին մէջ կը տեսնենք, Հորսթ Հէնչըլին ծնողքը իրեն հետ աղօթեցին եւ զինք զօրացուցին որ հաստատ մնայ