Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41

Պետրոսի երկու նամակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Պետրոսի երկու նամակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

«Երբեք անհոգ պիտի չըլլամ միշտ յիշեցնելու ձեզի այս բաները» (Բ. ՊԵՏ. 1։12,ԱԾ

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Մեռնելէ առաջ, Պետրոս առաքեալը ի՞նչ ներշնչուեցաւ ընելու։

 ՊԵՏՐՈՍ առաքեալը գիտէր որ մօտ ատենէն պիտի մեռնէր։ Տարիներ հաւատարմօրէն ծառայելով, ան Յիսուսին հետ քալեց, քարոզչութեան նոր դուռեր բացաւ եւ ծառայեց որպէս կառավարիչ մարմինի անդամ։ Բայց Պետրոսի ծառայութիւնը չվերջացաւ։ Ք.Ե. շուրջ 62-64–ին, ան ներշնչուեցաւ գրելու երկու նամակներ՝ Ա. Պետրոս եւ Բ. Պետրոս։ Ան յուսաց որ իր մեռնելէն ետք այս նամակները օգտակար դառնային քրիստոնեաներուն (Բ. Պետ. 1։12-15

2. Պետրոսի նամակները ինչո՞ւ ճիշդ ժամանակին էին։

2 Պետրոս իր ներշնչուած նամակները գրեց այնպիսի ժամանակ մը, երբ իր հաւատակիցները ‘տրտմած էին զանազան փորձութիւններով’ (Ա. Պետ. 1։6)։ Չար մարդիկ կը փորձէին քրիստոնէական ժողովքին մէջ մտցնել սուտ ուսուցումներ եւ անմաքուր վարք (Բ. Պետ. 2։1, 2, 14)։ Երուսաղէմի մէջ ապրող քրիստոնեաները մօտ ատենէն պիտի դիմագրաւէին «ամէն բանի վախճանը», այսինքն՝ հռոմէական բանակին ձեռքով այդ քաղաքին եւ հրէական դրութեան կործանումը (Ա. Պետ. 4։7)։ Անկասկած, Պետրոսին նամակները քրիստոնեաներուն օգնեցին, որ տեսնեն թէ ի՛նչ կրնան ընել ներկայ փորձութիւններուն տոկալու եւ ապագայ փորձութիւններուն պատրաստուելու համար b։

3. Ինչո՞ւ պէտք է Պետրոսին ներշնչուած նամակները կարդանք։

3 Ճիշդ է որ Պետրոսը այս նամակները ուղղեց առաջին դարու քրիստոնեաներուն, բայց Եհովան ատոնք իր Խօսքին մէկ մասը դարձուց։ Անոր համար, մենք ներկայիս կրնանք այդ նամակներէն օգտուիլ (Հռով. 15։4)։ Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ անմաքուր վարքը կը քաջալերէ եւ կ’անցնինք փորձութիւններէ, որոնք Եհովային ծառայելը դժուար կը դարձնեն։ Ասկէ զատ, մօտ ատենէն պիտի դիմագրաւենք նեղութիւն մը, որ ալ աւելի մեծ պիտի ըլլայ քան այն նեղութիւնը, որ վերջ դրաւ հրէական դրութեան։ Պետրոսին երկու նամակներուն մէջ կը գտնենք կարգ մը կարեւոր յիշեցումներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ շարունակենք Եհովային օրուան սպասել, մարդու վախին յաղթենք եւ իրարու հանդէպ պինդ սէր մշակենք։ Այսպիսի յիշեցումները կրնան նաեւ երէցներուն օգնել, տեսնելու թէ ինչպէ՛ս կրնան յաջողութեամբ հոգալ հօտին պէտքերը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՊԱՍԵԼ

4. Բ. Պետրոս 3։3, 4–ի համաձայն, ի՞նչը կրնայ մեր հաւատքը տկարացնել։

4 Մենք շրջապատուած ենք մարդոցմով, որոնք Աստուածաշունչին մարգարէութիւններուն չեն հաւատար։ Հակառակորդները թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ տարիներէ ի վեր կ’ըսենք թէ աշխարհի վերջը մօտ է։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն թէ անիկա բնաւ պիտի չգայ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։3, 4)։ Եթէ այսպիսի բաներ լսենք տանտէրէ մը, գործակիցէ մը կամ ընտանիքի անդամէ մը, մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ։ Բայց Պետրոս բացատրեց թէ ի՛նչը կրնայ մեզի օգնել։

5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ այս աշխարհին վերջին նկատմամբ ճիշդ տեսակէտը ունենանք (Բ. Պետրոս 3։8, 9

5 Ոմանց համար կրնայ երեւիլ որ Եհովան այս չար աշխարհին վերջը բերելու մէջ դանդաղ է։ Պետրոսին խօսքերը կրնան մեզի օգնել, որ ասոր շուրջ ճիշդ տեսակէտ ունենանք։ Եւ կրնան յիշեցնել թէ ժամանակի նկատմամբ Եհովային տեսակէտը մարդոց տեսակէտէն շատ տարբեր է (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։8, 9)։ Եհովային համար, հազար տարին մէկ օրուան պէս է։ Ան կը համբերէ եւ չ’ուզեր որ մէկը կորսուի։ Բայց երբ օրը գայ, այս աշխարհը վերջ պիտի գտնէ։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ մնացած ժամանակը գործածենք ամէն ազգերէ մարդոց վկայելու համար։ 

6. Եհովային օրը ինչպէ՞ս ‘մեր մտքին մէջ վառ կը պահենք’ (Բ. Պետրոս 3։11, 12

6 Պետրոսը մեզ կը քաջալերէ որ Եհովային օրը ‘մեր մտքին մէջ վառ պահենք’ (ՆԱ) (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11, 12)։ Ինչպէ՞ս։ Լաւ կ’ըլլայ որ, եթէ կարելի է, ամէն օր խոկանք նոր աշխարհի օրհնութիւններուն վրայ։ Երեւակայէ որ մաքուր օդ կը շնչես, սննդարար ուտելիք կ’ուտես, յարութիւն առած սիրելիներդ կը դիմաւորես, եւ դարեր առաջ ապրած մարդոց կը սորվեցնես Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումին մասին։ Այսպէս խոկալը քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես սպասել եւ մեր ապրած ժամանակներուն նկատմամբ անտարբեր չըլլաս։ Մեր ապագան «առաջուընէ գիտնալով», մենք պիտի ‘չխաբուինք’ սուտ ուսուցիչներուն կողմէ (Բ. Պետ. 3։17, ՆԱ

ՄԱՐԴՈՒ ՎԱԽԻՆ ՅԱՂԹԷ

7. Մարդու վախը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր վրայ։

7 Մինչ Եհովային օրը մեր մտքին մէջ վառ կը պահենք, կը մղուինք ուրիշներուն բարի լուրը քարոզելու։ Բայց երբեմն, թերեւս վախնանք մէկու մը քարոզելու։ Ինչո՞ւ։ Մարդու վախի պատճառաւ, ինչպէ՛ս որ պատահեցաւ Պետրոսին հետ։ Այն գիշերը որ Յիսուս կը դատուէր, Պետրոս վախէն չըսաւ որ ինք Յիսուսի աշակերտներէն մէկն է, եւ քանի մը անգամ ուրացաւ զինք (Մատ. 26։69-75)։ Բայց նոյնինքն Պետրոս առաքեալը համոզումով գրեց. «Անոնց ահէն մի՛ վախնաք ու մի՛ շփոթիք» (Ա. Պետ. 3։14)։ Պետրոսի այս խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն թէ կրնանք մարդու վախին յաղթել։

8. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ մարդու վախին յաղթենք (Ա. Պետրոս 3։15

8 Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ մարդու վախին յաղթես։ Պետրոս մեզի կ’ըսէ. ‘Ձեր սրտերուն մէջ Քրիստոսը սրբացուցէք որպէս տէրը’ (ՆԱ) (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15)։ Կրնանք մենք մեզի յիշեցնել, որ Յիսուս Քրիստոսը մեր զօրաւոր Թագաւորն է։ Ուրեմն, երբ առիթը բացուի որ ուրիշներուն բարի լուրը քարոզես եւ դուն վախնաս, յիշէ՛ մեր Թագաւորը։ Երեւակայէ որ ան երկնքի մէջ կ’իշխէ եւ շրջապատուած է անթիւ հրեշտակներով։ Յիշէ որ ան ունի «ամէն իշխանութիւն. . . երկնքի ու երկրի մէջ» եւ թէ ‘քեզի հետ պիտի ըլլայ մինչեւ աշխարհիս վերջը’ (Մատ. 28։18-20)։ Պետրոսը մեզ կը քաջալերէ, որ միշտ պատրաստ ըլլանք մեր հաւատքը պաշտպանելու։ Կ’ուզե՞ս վկայութիւն տալ գործատեղը, դպրոցը կամ ուրիշ որեւէ անպաշտօն կերպով։ Առաջուընէ մտածէ որ ե՛րբ կարելի է որ վկայես, եւ յետոյ մտքիդ մէջ պատրաստէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես։ Քաջութեան համար Եհովային աղօթէ՝ վստահելով որ ան քեզի պիտի օգնէ որ մարդու վախին յաղթես (Գործք 4։29

«ՊԻ՛ՆԴ ՍԻՐԵՑԷՔ»

Պետրոս Պօղոսէն ստացած իր սրբագրութիւնը ընդունեց։ Պետրոսի երկու նամակները մեզի կը սորվեցնեն որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տանք (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9. Անգամ մը, Պետրոս ինչպէ՞ս չկրցաւ սէր ցոյց տալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Պետրոս սորվեցաւ ինչպէ՛ս սէր ցոյց տալ։ Ան ներկայ էր, երբ Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք» (Յովհ. 13։34)։ Հակառակ ասոր, Պետրոսը ետքը ճնշումի տեղի տուաւ եւ մերժեց իր հրեայ չեղող եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ուտել։ Պօղոս առաքեալը Պետրոսին ըրածը «կեղծաւորութիւն» սեպեց (Գաղ. 2։11-14)։ Պետրոս Պօղոսին սրբագրութիւնը ընդունեց եւ անկէ դաս սորվեցաւ։ Իր երկու նամակներուն մէջ գրեց, որ պէտք չէ միայն մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր զգանք, հապա այդ սէրը ցոյց տանք։

10. «Եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ» ըլլալը ինչի՞ արդիւնքն է. բացատրէ (Ա. Պետրոս 1։22

10 Պետրոս կ’ըսէ որ պէտք է «եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ» ըլլանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։22)։ Այս եղբայրսիրութիւնը արդիւնքն է ‘ճշմարտութեանը հնազանդելուն’։ Իսկ այս ճշմարտութեան մէջ կայ այն կէտը, որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Գործք 10։34, 35)։ Մենք չենք կրնար հնազանդիլ սիրոյ մասին Յիսուսի տուած պատուէրին, եթէ ժողովքին մէջ ոմանք կը սիրենք, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Ճիշդ է որ Յիսուսին պէս, թերեւս ոմանց աւելի մօտիկ զգանք քան ուրիշներու (Յովհ. 13։23. 20։2)։ Բայց Պետրոսը մեզի կը յիշեցնէ որ պէտք է ջանք ընենք որ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք՝ անոնք մեր ընտանիքին մէկ մասը սեպելով (Ա. Պետ. 2։17

11. Ուրիշները ‘պինդ սիրելը’ ի՞նչ կը նշանակէ։

11 Պետրոս մեզ քաջալերեց որ ‘մէկզմէկ պի՛նդ սիրենք’։ Այս համարին մէջ, «պի՛նդ սիրել» կը նշանակէ՝ ուրիշը սիրել, նոյնիսկ եթէ անոր հանդէպ սէր ցոյց տալը դժուար է։ Օրինակի համար, ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ եղբայր մը մեզ վիրաւորէ։ Մենք բնականաբար կ’ուզենք հակադարձել, փոխանակ սէր ցոյց տալու։ Բայց Պետրոս Յիսուսէն սորվեցաւ որ հակադարձելը Եհովան կը նեղացնէ (Յովհ. 18։10, 11)։ Պետրոս գրեց. «Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 3։9)։ Ձգէ որ պինդ սէրը քեզ մղէ ազնիւ եւ նկատառու ըլլալու, նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք քեզ վիրաւորեցին։

12. ա) Սրտանց սէրը մեզ պիտի մղէ որ ուրիշ ի՞նչ բան ընենք։ բ) Ի՞նչ բան կ’ուզես ջանք թափել որ ընես, ինչպէս որ կը տեսնենք Մեր թանկագին միութիւնը պահեցէք վիտէոյին մէջ։

12 Պետրոսը իր առաջին նամակին մէջ գործածեց նոյնանման արտայայտութիւն մը՝ «սրտանց սէր»։ Այս տեսակ սէրը կը ծածկէ ո՛չ թէ քանի մը մեղքեր, հապա «մեղքերու բազմութիւնը» (Ա. Պետ. 4։8)։ Թերեւս Պետրոսը յիշեց ներելու մասին այն դասը, որ Յիսուս տարիներ առաջ իրեն սորվեցուց։ Այն ատեն, Պետրոսը հաւանաբար կարծեց որ առատաձեռն է, երբ ըսաւ որ ինք իր եղբայրը պիտի ներէ ‘մինչեւ եօթը անգամ’։ Բայց Յիսուսը իրեն, եւ մեզի ալ, սորվեցուց որ ներենք «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը», այսինքն՝ անսահման կերպով (Մատ. 18։21, 22)։ Եթէ քեզի համար դժուար է այս խրատին հետեւիլ, մի՛ յուսահատիր։ Եհովային բոլոր անկատար ծառաները ատեններ դժուարութիւն ունեցած են ներելու։ Բայց կարեւոր բանը այն է, որ հիմա պէտք եղած քայլերը առնես որ եղբօրդ ներես եւ իրեն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլաս c։

ԵՐԷՑՆԵ՛Ր, ՀՕՏԸ ՀՈՎՈՒԵՑԷՔ

13. Երէցներուն համար ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը հովուել։

13 Պետրոսը վստահաբար չմոռցաւ Յիսուսին ըսածը, երբ ան յարութիւն առաւ՝ «Արածէ՛ իմ ոչխարներս» (Յովհ. 21։16)։ Եթէ դուն երէց ես, գիտես թէ այս խօսքը քեզի ալ ուղղուած է։ Բայց թերեւս երէցի մը համար դժուար ըլլայ ժամանակ գտնել, որ այս կարեւոր նշանակումին հոգ տանի։ Երէցները նա՛խ պէտք է հոգան իրենց ընտանիքներուն ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերը։ Անոնք նաեւ առաջնորդութիւնը կ’առնեն քարոզելու մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ իրենց բաժինները պատրաստելու եւ ներկայացնելու մէջ։ Ոմանք նաեւ ուրիշ պատասխանատուութիւններ ունին, օրինակ՝ անոնք «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»ի անդամ են կամ «Տեղական ծրագրման/շինարարութեան բաժանմունք»ի մէջ կը ծառայեն։ Երէցները իրապէս շա՛տ զբաղած են։

Սիրալիր երէցները թէեւ զբաղած են, Աստուծոյ հօտը հովուելու համար իրենց լաւագոյնը կ’ընեն (տե՛ս պարբերութիւն 14-15)

14. Ի՞նչ բան կրնայ երէցները քաջալերել որ հօտը հովուեն (Ա. Պետրոս 5։1-4

14 Պետրոսը միւս երէցներուն ըսաւ որ ‘հովուեն Աստուծոյ հօտը’ (ԱԾ) (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։1-4)։ Եթէ երէց ես, մենք գիտենք որ դուն եղբայրներդ ու քոյրերդ կը սիրես, եւ կ’ուզես զիրենք հովուել։ Բայց ատեններ թերեւս զգաս որ այնքա՛ն զբաղած ես կամ յոգնած ես, որ չես կրնար նշանակումիդ հոգ տանիլ։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Մտահոգութիւններդ Եհովային պատմէ։ Պետրոսը գրեց. «Եթէ մէկը սպասարկէ, թող սպասարկէ Աստուծոյ հայթայթած ոյժին համեմատ» (Ա. Պետ. 4։11, ԱԾ)։ Եղբայրներդ ու քոյրերդ թերեւս ունին խնդիրներ, որոնք այս աշխարհին մէջ կարելի չէ լիովին լուծել։ Բայց յիշէ որ «Հովուապետը»՝ Յիսուս Քրիստոսը կրնայ իրենց օգնել ուրիշ ոեւէ անհատէ աւելի։ Եւ այդ մէկը կրնայ ընել թէ՛ հիմա եւ թէ նոր աշխարհին մէջ։ Աստուած պարզապէս երէցներէն կը խնդրէ, որ իրենց եղբայրներուն սիրեն, զիրենք հովուեն եւ ‘հօտին օրինակ ըլլան’։

15. Երէց մը ինչպէ՞ս կը հովուէ հօտը (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Երկար ատենէ որպէս երէց ծառայող Ուիլիամը, հովուելու կարեւորութիւնը կը հասկնայ։ Երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ, ինք եւ իր ժողովքի երէցները կարեւոր տեսան որ ամէն շաբաթ իրենց խումբի անդամներուն հետ կապ պահեն։ Ան կը բացատրէ թէ ինչու. «Եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր իրենց տունին մէջ առանձին էին եւ դիւրին էր որ իրենց մտածումները շուտով ժխտական դառնային»։ Երբ հաւատակից մը խնդիրներ ունի, Ուիլիամը ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ անոր, որպէսզի գիտնայ անոր պէտքերը եւ մտահոգութիւնները։ Ետքը, մեր կայքէն կը փնտռէ եւ կը գտնէ կէտեր կամ վիտէօներ, որպէսզի անոր օգնէ։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է հովուենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Մենք մեծ ջանքեր կը թափենք որ մարդոց օգնենք որ Եհովային մասին սորվին. նոյնքան ալ ջանք պէտք է թափենք, որպէսզի հօտը հովուենք՝ Եհովային ոչխարներուն օգնելով որ ճշմարտութեան մէջ մնան»։

ՁԳԷ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԷ ՔՈՒ ՄԱՐԶՈՒՄԴ

16. Պետրոսի նամակներէն մեր սորված դասերը ի՞նչ կերպերով կրնանք գործադրել։

16 Պետրոսի ներշնչեալ երկու նամակներէն միայն քանի մը դասեր քննարկեցինք։ Թերեւս նկատեցիր որ որոշ բանի մը մէջ պէտք է բարելաւուիս։ Օրինակ, կ’ուզե՞ս նոր աշխարհին մէջ գալիք օրհնութիւններուն վրայ աւելի խոկալ։ Նպատակ դրա՞ծ ես որ գործիդ մէջ, դպրոցը կամ ուրիշ տեղ մը անպաշտօն կերպով վկայես։ Կրնա՞ս եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ հանդէպ աւելի պինդ սէր ցոյց տալ։ Երէցնե՛ր, որոշա՞ծ էք Եհովայի ոչխարները աւելի յօժարութեամբ եւ սրտանց հովուել։ Եթէ անկեղծ ինքնաքննութիւն մը մէջտեղ հանէ թէ որոշ տկարութիւն մը ունիս, մի՛ յուսահատիր։ ‘Տէրը քաղցր է’ եւ ան քեզի պիտի օգնէ որ աւելի լաւ ըլլաս (Ա. Պետ. 2։3)։ Պետրոս կը վստահեցնէ մեզ. «Աստուած. . . ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛ [«ձեր մարզումը ամբողջացնէ», ՆԱ], հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛» (Ա. Պետ. 5։10

17. Եթէ չյանձնուինք եւ ձգենք որ Եհովան մեզ մարզէ, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

17 Սկիզբը, Պետրոս զգաց որ արժանի չէ որ Յիսուսին հետ ըլլայ (Ղուկ. 5։8)։ Բայց Եհովային եւ Յիսուսին սիրալիր օգնութեամբ, Պետրոս չյանձնուեցաւ եւ Քրիստոսի հետեւորդը մնաց։ Այս կերպով, ան ընդունուեցաւ որ ‘մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնէ’ (Բ. Պետ. 1։11)։ Ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն մը։ Եթէ դուն ալ Պետրոսին պէս չյանձնուիս եւ ձգես որ Եհովան քեզ մարզէ, դուն ալ յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանաս։ Եւ ‘հաւատքիդ արդիւնքը՝ հոգիիդ փրկութիւնը պիտի ընդունիս’ (Ա. Պետ. 1։9

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

a Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Պետրոսին նամակներէն սորված մեր դասերը ինչպէ՛ս կրնան մեզի օգնել որ փորձութիւններու տոկանք։ Ասկէ զատ, երէցները պիտի օգտուին տեսնելով թէ ինչպէ՛ս կրնան որպէս հովիւներ իրենց պատասխանատուութիւնը կատարել։

b Շատ հաւանական է որ Պաղեստինի մէջ ապրող քրիստոնեաները Պետրոսի երկու նամակները ստացան առաջ որ հռոմէական բանակը իր առաջին յարձակումը ընէ Երուսաղէմի վրայ՝ Ք.Ե. 66–ին։

c Տե՛ս Մեր թանկագին միութիւնը պահեցէք վիտէօն (արաբ.), jw.org կայքին վրայ։