Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պրպտումի համար առաջարկ

Պրպտումի համար առաջարկ

Պզտիկներու գործունէութիւնները

Ծնողները մեծ պատասխանատուութիւն ունին որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Եհովային մասին (Եփ. 6։4)։ Ծնողներուն օգնելու համար, Եհովայի կազմակերպութիւնը տեսակաւոր նիւթեր հրատարակած է։ Ինչպէ՞ս կրնաս ատոնք գործածել զաւակներդ մարզելու համար։

  • Նիւթերը գտիր։ JW.ORG կայքին մէջ կրնանք գտնել բոլոր նիւթերը, որոնք պզտիկներուն համար պատրաստուած են, մէջը ըլլալով՝ վիտէօներ եւ աշխատանքի տետրեր a։ Ատոնք գտնելու համար, փնտռելու տուփին մէջ գրէ «Պզտիկներ» կամ «Պատանիներ»։

  • Յարմար նիւթը զատէ։ «Պզտիկներ» բաժինին մէջ հրատարակուած նիւթերը կրնան քեզի օգնել որ պզտիկիդ յարմար եղող գործունէութիւններ զատես։ Ատոնք գտնելու համար, փնտռէ «Ընտանեկան պաշտամունքի համար գաղափարներ» (արաբ.)։

  • Ժամանակ տուր որ նիւթերը պզտիկներուդ սորվեցնես։ Վիտէօները կամ տպուած գործունէութիւնները մի՛ գործածեր պզտիկիդ ժամանակը լեցնելու համար։ Ատոր տեղ, այդ նիւթերը պզտիկներուդ սորվեցուր եւ իրենց օգնէ որ Եհովային հետ իրենց բարեկամութիւնը զօրացնեն։

a Ներկայիս, JW Library® էփին մէջ կան պզտիկներուն համար պատրաստուած բոլոր վիտէօները, բայց միայն քանի մը գործունէութիւններ։