Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39

Ցոյց տուր որ զօրաւոր ես՝ հեզ ըլլալով

Ցոյց տուր որ զօրաւոր ես՝ հեզ ըլլալով

«Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն» (Բ. ՏԻՄ. 2։24

ԵՐԳ 82 Քրիստոսին պէս հեզ ըլլանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Գործատեղը կամ դպրոցը թերեւս մեզի ի՞նչ հարցնեն։

 Ի՞ՆՉ կը զգաս երբ գործակիցդ կամ դասընկերդ քեզի հարցումներ հարցնէ հաւատալիքներուդ մասին։ Թերեւս ջղագրգիռ ըլլաս։ Մեզմէ շատեր այդպէս կը զգան։ Բայց այս տեսակ հարցում կրնայ մեզի առիթ տալ, որ գիտնանք թէ դիմացինը ինչ կը մտածէ կամ ինչի կը հաւատայ, եւ կարենանք իրեն բարի լուրը քարոզել։ Սակայն, ատեններ անհատ մը կրնայ հարցում մը հարցնել յարձակողական կերպով։ Ատիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ոմանք սխալ գաղափարներ լսած են մեր հաւատալիքներուն մասին (Գործք 28։22)։ Ասկէ զատ, մենք կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ, որուն ընթացքին շատեր «անհաշտ» եւ «դաժանաբարոյ», այսինքն՝ վայրագ են (Բ. Տիմ. 3։1, 3

2. Ինչո՞ւ կ’ուզենք հեզ ըլլալ։

2 Թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ ազնուութեամբ վարուիլ, երբ մէկը հաւատալիքներուս վրայ կը յարձակի’։ Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել։ Մէկ խօսքով՝ հեզութիւնը։ Հեզ անհատը դիւրին–դիւրին չի ջղայնանար եւ կարողութիւնը ունի ինքզինք զսպելու, երբ ուրիշէն նեղանայ կամ երբ չի գիտեր ինչ պիտի պատասխանէ (Առ. 16։32)։ Թերեւս զգաս որ ասիկա ընելը խօսքով դիւրին է։ Ինչպէ՞ս կրնաս հեզութիւն մշակել։ Ինչպէ՞ս կրնաս հեզութեամբ պատասխանել, երբ մէկը կը յարձակի քու հաւատալիքներուդ վրայ։ Եւ եթէ ծնողք ես, ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել, որ սորվին հեզութեամբ պաշտպանել իրենց հաւատքը։ Տեսնե՛նք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ

3. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ հեզութիւնը զօրութիւն մըն է, եւ ոչ թէ տկարութիւն մը (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25

3 Հեզութիւնը զօրութի՛ւն մըն է եւ ոչ թէ տկարութիւն մը։ Ներքին զօրութիւն կ’ուզէ, որ մէկը հանդարտ մնայ, երբ դժուար պարագայէ մը կ’անցնի։ Եւ հեզութիւնը «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22, 23)։ «Հեզութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը ատեններ կը գործածուէր նկարագրելու վայրի ձի մը, որ ընտանի դարձած էր։ Երեւակայէ վայրի ձի մը, որ հանդարտ կը դառնայ. հանդարտ, բայց զօրաւոր։ Լաւ, մենք ինչպէ՞ս կրնանք հեզութիւն մշակել, բայց տակաւին զօրաւոր ըլլալ։ Ասիկա չենք կրնար մեր ուժովը ընել։ Պէտք է Եհովայէն խնդրենք որ իր հոգին տայ եւ մեզի օգնէ որ այս գեղեցիկ յատկութիւնը մշակենք։ Եւ շատերու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ կարելի է որ մէկը սորվի հեզ ըլլալ։ Շատ մը Վկաներ կրցած են հեզ մնալ հակառակորդներու դիմաց, եւ այսպէս լաւ տպաւորութիւն ձգած են ուրիշներու վրայ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս հեզութիւնը զօրաւոր կողմերէդ մէկը դարձնել։

4. Հեզութեան մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Իսահակին օրինակէն։

4 Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը պատմութիւններ կը գտնենք, որոնք ցոյց կու տան թէ հեզութիւնը որչա՜փ կարեւոր է։ Նկատի առնենք Իսահակին օրինակը։ Երբ ան փղշտացիներու Գերարա շրջանին մէջ հաստատուեցաւ, նախանձոտ փղշտացիները իր հօր ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները գոցեցին։ Բայց փոխանակ կռուելու որ իր իրաւունքները առնէ, Իսահակ իր ընտանիքը փոխադրեց ուրիշ տեղ, եւ հոն ուրիշ ջրհորներ փորեց (Ծն. 26։12-18)։ Բայց փղշտացիները ըսին որ այն տեղի ջուրերն ալ իրենցն էին։ Հակառակ ասոր, Իսահակ խաղաղութեամբ վարուեցաւ (Ծն. 26։19-25)։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ հեզ մնայ, նոյնիսկ երբ ուրիշներ միտքերնին դրած էին իրեն նեղութիւն տալ։ Ան վստահաբար շատ բան սորվեցաւ իր ծնողքէն՝ Աբրահամին խաղաղութեամբ վարուելէն եւ Սառային «հեզ ու հանդարտ հոգի»էն (Ա. Պետ. 3։4-6. Ծն. 21։22-34

5. Ի՞նչ օրինակ ցոյց կու տայ որ ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել որ հեզ ըլլան։

5 Ծնողնե՛ր, վստահ եղէք որ դուք ալ կրնաք ձեր զաւակներուն սորվեցնել որ հեզ ըլլան։ Նկատի առէք Մաքսանսին օրինակը, որ 17 տարեկան է։ Ան պէտք էր գիտնար ինչպէ՛ս վարուիլ ջղային անհատներու հետ, ըլլայ դպրոցը կամ ծառայութեան մէջ։ Իր ծնողքը համբերութեամբ իրեն հետ աշխատեցան, եւ իրեն օգնեցին որ հեզութիւն մշակէ։ Անոնք կ’ըսեն. «Մաքսանսը հիմա կը հասկնայ որ դիւրին է վայրագ կերպով վարուիլ, երբ մէկը զինք կը ջղայնացնէ, բայց զօրաւոր անձը ինքզինք կը զսպէ»։ Ինչ լաւ է որ հեզութիւնը Մաքսանսին զօրաւոր մէկ յատկութիւնը դարձած է։

6. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ աւելի հեզութիւն մշակենք։

6 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մէկը փորձէ մեզ ջղայնացնել, օրինակ՝ երբ Եհովային մասին գէշ բաներ ըսէ կամ Սուրբ Գիրքին մասին ծաղրանքով խօսի։ Պէտք է Եհովայէն իր սուրբ հոգին եւ իմաստութիւն խնդրենք, որ հեզ մնանք։ Բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ նկատեցինք թէ պէտք եղած կերպով չպատասխանեցինք։ Կրնանք այս նիւթին մասին նորէն աղօթել եւ մտածել թէ յաջորդին ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ պատասխան տալ։ Իսկ Եհովան իր կարգին մեզի իր սուրբ հոգին պիտի տայ, որ կարենանք մենք մեզ զսպել եւ հեզութիւն ցոյց տալ։

7. Կարգ մը համարներ գոց սորվիլը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ մեր լեզուն եւ ըրածները զսպենք (Առակաց 15։1, 18

7 Աստուածաշունչի կարգ մը համարները գոց սորվիլը կրնայ մեզի օգնել որ մեր լեզուն զսպենք, երբ դժուար պարագաներու առջեւ ըլլանք։ Աստուծոյ հոգին կրնայ այդ համարները մեր միտքը բերել (Յովհ. 14։26)։ Օրինակ, Առակաց գրքին մէջի սկզբունքները կրնան մեզի օգնել որ հեզ ըլլանք (կարդա՛ Առակաց 15։1, 18)։ Այդ գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ որքա՜ն օգտակար է հանդարտ մնալ ճնշիչ պարագաներու տակ (Առ. 10։19. 17։27. 21։23. 25։15

ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼ ՈՐ ԱՒԵԼԻ ՀԵԶ ԸԼԼԱՆՔ

8. Ինչո՞ւ պէտք է մտածենք, որ ինչը մղեց անհատ մը որ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցում մը հարցնէ։

8 Խոհեմութիւնն ալ կրնայ մեզի օգնել (Առ. 19։11)։ Խոհեմ անձը կրնայ ինքզինք զսպել, երբ մէկը իրեն հետ վիճաբանի իր հաւատալիքներուն մասին։ Կարգ մը հարցումներ կը նմանին սառնալեռի, որուն մեծ մասը ջուրին տակը պահուըտած կ’ըլլայ։ Օրինակի համար, երբ շատեր մեզի հարցումներ հարցնեն, մեզի չեն ըսեր թէ ի՛նչ պատճառով որոշ հարցում մը կը հարցնեն։ Ուրեմն, պատասխանելէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ հասկնանք թէ մենք չենք գիտեր ի՛նչը մղեց այս անհատը այդ հարցումը հարցնելու (Առ. 16։23

9. Գեդէօն ինչպէ՞ս խոհեմութիւն եւ հեզութիւն ցոյց տուաւ Եփրեմի տղամարդոց հանդէպ։

9 Նկատի առ թէ Գեդէօն ի՛նչ ըրաւ երբ Եփրեմի տղամարդիկը բարկանալով, իրեն հարցուցին թէ ինչո՛ւ իրենց չկանչեց Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ կռուելու համար։ Արդեօք իրենց այս բարկութեան բուն պատճառը ի՞նչ էր։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնց հպարտութիւնը վիրաւորուեցաւ։ Ամէն պարագայի, Գեդէօն իմաստութեամբ վարուեցաւ, իրենց զգացումները յարգեց եւ հեզութեամբ պատասխանեց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Անոնց սիրտը հանդարտեցաւ» (Դատ. 8։1-3

10. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ գիտնալու թէ ինչպէ՛ս պատասխանենք անոնց, որոնք մեր հաւատալիքներուն մասին կը հարցնեն (Ա. Պետ. 3։15

10 Թերեւս գործակիցդ կամ դասընկերդ հարցնէ թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրիս։ Մենք մեր լաւագոյնը պիտի ընենք, որ մեր հաւատալիքները պաշտպանենք, բայց միեւնոյն ատեն ցոյց պիտի տանք որ կը յարգենք անհատին կարծիքը (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15)։ Ուրեմն, փոխանակ մտածելու որ այս հարցումը հարցնելով անհատը կ’ուզէ վրադ յարձակիլ, մտածէ թէ այս հարցումը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել որ հասկնաս թէ իրեն համար ինչը կարեւոր է։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, որ ձգեց որ անհատը հարցում մը հարցնէ, մենք պէտք է մեր ջանքը ընենք, որպէսզի ազնուօրէն եւ քաղցրօրէն պատասխանենք։ Այն ատեն մեր պատասխանը կրնայ զինք մղել որ իր կարծիքին մասին աւելի մտածէ։ Նոյնիսկ եթէ մեզի հետ կոշտօրէն կամ ծաղրանքով վարուի, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ ազնուօրէն պատասխանել (Հռով. 12։17

Կրնանք աւելի լաւ պատասխանել, եթէ գիտնանք թէ մէկը ի՞նչ պատճառներով մեզ կը հրաւիրէ իր տարեդարձին (տե՛ս պարբերութիւն 11-12)

11-12. ա) Դժուար հարցումի մը պատասխանելէ առաջ, ի՞նչ կրնանք նկատի առնել (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Օրինակով մը բացատրէ թէ հարցում մը հարցնելը ինչպէ՛ս կրնայ խօսակցութեան դուռ բանալ։

11 Օրինակ, եթէ գործակից մը հարցնէ թէ ինչո՛ւ մենք տարեդարձ չենք տօներ, մէկ հատ մտածէ. կրնա՞յ ըլլալ որ ան կը կարծէ թէ մենք մեզ կը զրկենք լաւ ժամանակ անցնելէ։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ որ կը զգայ թէ քանի՛ որ տարեդարձ չենք տօներ, գործակիցներուն միջեւ եղած բարեկամական մթնոլորտը պիտի աւրենք։ Կրնանք մեր գործակիցը գովել որ ուրիշներուն մասին կը մտածէ, եւ ետքը զինք վստահեցնել որ մենք կ’ուզենք գործատեղին մէջ ուրախ մթնոլորտ վայելել։ Ատիկա կրնայ ճամբայ բանալ որ բարեկամական կերպով խօսինք, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը հասկցնէ տարեդարձներուն մասին։

12 Կրնանք նոյն բանը ընել, երբ մէկը մեզի ուրիշ դժուար հարցումներ հարցնէ։ Օրինակ, դասընկեր մը թերեւս ըսէ որ Եհովայի վկաները պէտք է միասեռականներուն մասին իրենց կարծիքը փոխեն։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այդպէս ըսէ քանի որ լիովին չի հասկնար թէ Եհովայի վկաները ի՛նչ կ’ըսեն միասեռականներուն մասին։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ որ անոր մէկ բարեկամը կամ ազգականը միասեռական է։ Արդեօք կը կարծէ՞ որ մենք միասեռականները կ’ատենք։ Այս պարագային, պէտք պիտի ունենանք զինք վստահեցնելու, որ մենք բոլոր մարդոցմով հետաքրքրուած ենք եւ թէ կը գիտակցինք որ ամէն մէկ անհատ իրաւունքը ունի իր անձնական որոշումները առնելու (Ա. Պետ. 2։17) b։ Այն ատեն, թերեւս կարենանք իրեն պատմել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ եւ թէ ատոր հետեւիլը ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի որ աւելի ուրախ կեանք ունենանք։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել մէկու մը, որ կը կարծէ թէ Աստուծոյ հաւատալը խնդալիք է։

13 Եթէ մէկը մեր հաւատալիքներուն մասին սխալ կարծիք մը կազմած է, պէտք չէ շուտով եզրակացնենք որ գիտե՛նք թէ անհատը ինչի կը հաւատայ (Տիտ. 3։2)։ Օրինակի համար, ի՞նչ պիտի ընես եթէ քու դասընկերդ ըսաւ թէ խնդալիք է Աստուծոյ հաւատալ։ Շուտով պիտի մտածե՞ս թէ ան բարեշրջութեան կը հաւատայ եւ թէ շատ բաներ գիտէ անոր մասին։ Իրականութեան մէջ, թերեւս ան պարզապէս կը կրկնէ այն ինչ որ լսած է։ Փոխանակ իրեն բարեշրջութեան մասին երկար–բարակ բացատրութիւններ տալու, կրնաս հարցում մը հարցնել, որուն մասին թերեւս ետքը մտածէ։ Կրնաս իրեն jw.org կայքէն ստեղծագործութեան մասին նիւթ մը ցուցնել։ Թերեւս ասիկա զինք մղէ որ կայքին վրայ յօդուած մը կարդայ կամ վիտէօ մը դիտէ։ Այո, յարգանքով պատասխանսելը կրնայ անհատը մղել, որ իր կարծիքին մասին աւելի մտածէ։

14. Նիլը ինչպէ՞ս կրցաւ մեր կայքը գործածել, որպէսզի Եհովայի վկաներուն մասին իր դասընկերին սխալ գաղափարը շտկէ։

14 Նիլ անունով պատանի մը մեր կայքը գործածեց, Եհովայի վկաներուն մասին ուրիշներուն սխալ գաղափարները շտկելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Դասընկերներէս մէկը միշտ ինծի կ’ըսէր թէ ես գիտութեան չեմ հաւատար, քանի որ կը հաւատամ հեքիաթներով լեցուն գիրքի մը»։ Երբ այս դասընկերը չձգեց որ Նիլ իր հաւատալիքներուն մասին բացատրէ, Նիլ իրեն ցոյց տուաւ jw.org կայքին վրայ «Գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը» բաժինը։ Ետքը, Նիլ զգաց որ իր դասընկերը հաւանաբար այդտեղի նիւթերը կարդացած էր եւ հիմա աւելի պատրաստ էր իրեն հետ խօսելու թէ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Դուն ալ կրնաս նոյն արդիւնքին հասնիլ։

ԸՆՏԱՆԻՔԴ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

15. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան օգնել իրենց զաւակներուն որ հեզութեամբ պատասխանեն, երբ դասընկերները իրենց հաւատալիքներուն վրայ յարձակին։

15 Ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ ինչպէ՛ս կրնան հեզութեամբ պատասխանել, երբ մարդիկ իրենց հաւատալիքներուն վրայ յարձակին (Յակ. 3։13)։ Կարգ մը ծնողներ ընտանեկան պաշտամունքին մէջ իրենց զաւակներուն հետ փորձ կ’ընեն։ Անոնք նկատի կ’առնեն նիւթեր, որոնց զաւակները դպրոցին մէջ պէտք պիտի ունենան, նաեւ կը խօսին եւ փորձ կ’ընեն թէ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանեն։ Ասկէ զատ, անոնց կը սորվեցնեն թէ ինչպէ՛ս հեզութեամբ ու ազնուութեամբ խօսին։ Տե՛ս « Փորձեր ընելը կրնայ ընտանիքիդ օգնել» շրջանակը։

16-17. Պատանիները ինչպէ՞ս կ’օգտուին փորձ ընելով։

16 Փորձերը կրնան պատանիներուն օգնել, որ թէ՛ իրենք համոզուին իրենց հաւատալիքներուն նկատմամբ, եւ թէ ուրիշներուն բացատրեն ատոնք։ jw.org կայքին վրայ «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուածաշարքին մէջ կան պատանիներու համար աշխատանքի տետրեր։ Այդ տետրերը պատրաստուած են պատանիներուն օգնելու, որ իրենց հաւատալիքներով աւելի համոզուին եւ պատրաստուին իրենց բառերով պատասխանելու։ Որպէս ընտանիք այս յօդուածաշարքը սերտելով, բոլորս կրնանք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս մեր հաւատքը պիտի պաշտպանենք՝ հեզութեամբ ու քաղցրութեամբ։

17 Մէթիու անունով պատանի մը կը բացատրէ թէ փորձ ընելը ինչպէ՛ս իրեն օգնած է։ Ընտանեկան պաշտամունքի ատեն, Մէթիուն եւ իր ծնողքը ընդհանրապէս փնտռտուքներ կ’ընեն այն նիւթերուն շուրջ, որոնք կրնան դասարանին մէջ բացուիլ։ Ան կ’ըսէ. «Կը մտածենք թէ դասընկերներս ի՛նչ տեսակ հարցումներ կրնան հարցնել, եւ փորձ կ’ընենք թէ ինչպէ՛ս կրնամ իրենց պատասխանել հիմնուելով մեր ըրած փնտռտուքներուն վրայ։ Երբ միտքիս մէջ յստակ ըլլայ թէ ինչո՛ւ իմ հաւատալիքներուս կը հաւատամ, ինքնավստահ կ’ըլլամ եւ ինծի համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ հեզութեամբ ուրիշներուն հետ խօսիմ»։

18. Կողոսացիս 4։6-ը ի՞նչ բանի արժէքը ցոյց կու տայ։

18 Անշուշտ, համոզիչ կերպով պատասխանելը բաւարար չէ որ մէկը ընդունի մեր ըսածը։ Բայց նրբութեամբ ու հեզութեամբ խօսիլը կրնայ օգնել (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6)։ Մեր համոզումներուն մասին խօսիլը կրնանք նմանցնել գնդակ մը նետելուն։ Մենք կրնանք գնդակը կա՛մ նրբութեամբ կամ ալ կոշտութեամբ նետել։ Երբ նրբութեամբ կը նետենք, միւս խաղցողը հաւանաբար պիտի բռնէ գնդակը եւ պիտի շարունակէ խաղալ։ Նոյնպէս եթէ նրբութեամբ եւ հեզութեամբ խօսինք, մարդիկ աւելի պատրաստ պիտի ըլլան մտիկ ընելու եւ խօսակցութիւնը շարունակելու։ Անշուշտ, եթէ մէկը կ’ուզէ վիճաբանիլ կամ մեր հաւատալիքները ծաղր ընել, մենք ստիպուած չենք խօսակցութիւնը շարունակելու (Առ. 26։4)։ Բայց մարդոց մեծամասնութիւնը այդ կերպով պիտի չվարուի։ Թերեւս շատեր մտիկ ընեն։

19. Ի՞նչը պէտք է մեզ մղէ, որ հեզութեամբ մեր հաւատալիքները պաշտպանենք։

19 Յստակ է որ մենք շատ կ’օգտուինք երբ կը սորվինք հեզ ըլլալ։ Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ, որ կարենաս հեզութեամբ պատասխանել, երբ մէկը հետդ յարձակողական կերպով կը վարուի։ Յիշէ որ հեզութիւնդ կրնայ օգնել որ խօսակցութիւնը վիճաբանութեան չվերածուի։ Եւ հեզութեամբ ու յարգանքով պատասխանելը կրնայ քեզի մտիկ ընողներուն կարծիքը փոխել մեր եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն մասին։ ‘Միշտ պատրա՛ստ եղիր հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու’ քու հաւատալիքներուդ մասին (Ա. Պետ. 3։15)։ Այո, թող որ հեզութիւնդ քու զօրաւոր կողմդ ըլլայ։

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

a Այս յօդուածը մեզի առաջարկներ պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հեզութեամբ մեր հաւատալիքները պաշտպանել, երբ ուրիշներ մեզի հետ յարձակողական կերպով վարուին։

b Գործնական առաջարկներ առնելու համար, տե՛ս «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ միասեռականութեան մասին» յօդուածը՝ Զարթի՛ր–ի 2016–ի թիւ 4–ին մէջ (արաբ.)։

c Կրնաս գործնական առաջարկներ գտնել jw.org կայքին վրայ՝ «Պատանիները կը հարցնեն» եւ «Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին» յօդուածաշարքերուն մէջ։