ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովային ծառայութեան մէջ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցայ
1951–ին, հազիւ հասայ Քանատայի Քեպէք նահանգին Ռույն անունով գիւղը, շուտով գացի ինծի տրուած հասցէն եւ դուռը զարկի։ Գաղաադի մարզում ստացած Մարսէլ Ֆիլթօ a անունով միսիոնար մը դուռը բացաւ։ Ան 23 տարեկան էր եւ երկարահասակ, իսկ ես 16 տարեկան էի եւ իրմէ աւելի կարճ։ Իրեն ցուցուցի ռահվիրայական նշանակումիս նամակը։ Ան նամակը կարդաց, ինծի նայեցաւ եւ ըսաւ. «Մամադ գիտէ՞ որ դուն հոս ես»։
ԿՐՕՆԱՊԷՍ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԸ ՄԷՋ ՄԵԾՑԱՅ
Ծնայ 1934–ին։ Ծնողքս զուիցերիացի գաղթականներ էին, որոնք հաստատուած էին Թիմմինզի մէջ, որ Քանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ գիւղաքաղաք մըն է։ Շուրջ 1939–ին, մամաս սկսաւ Դիտարան պարբերաթերթը կարդալ եւ Եհովայի վկաներու ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Ան զիս եւ եղբայրներս ու քոյրերս ալ իր հետը կը տանէր։ Կարճ ժամանակ ետք, ան Եհովայի վկայ եղաւ։
Հայրս ուրախ չէր մօրս որոշումով, բայց մայրս ճշմարտութիւնը կը սիրէր եւ միտքը դրած էր Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Ան հաւատարիմ մնաց նոյնիսկ 1940–ականներուն սկիզբը, երբ Եհովայի վկաներուն գործը արգիլուած էր Քանատային մէջ։ Մայրս միշտ յարգանքով եւ ազնուութեամբ կը վարուէր հօրս հետ, հակառակ անոր որ հայրս խօսքով կը վիրաւորէր զինք։ Մօրս օրինակը օգնեց ինծի, նաեւ քոյրերուս ու եղբայրներուս, որ ճշմարտութիւնը ընդունինք։ Ժամանակի ընթացքին, հօրս սիրտը կակուղցաւ եւ ան սկսաւ աւելի ազնուութեամբ վարուիլ մեզի հետ։
ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ
1950–ի ամրան, «Աստուածպետութեան յաւելում» բնաբանով համաժողովին ներկայ գտնուեցայ, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Աշխարհի չորս կողմէն եկած եղբայրներու ու քոյրերու ծանօթանալէ եւ Գաղաադի դպրոցի շրջանաւարտներուն հետ եղած ոգեւորիչ հարցազրոյցները մտիկ ընելէ ետք, մէջս զօրաւոր փափաք արթնցաւ որ Եհովային աւելի ծառայեմ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի վճռեցի լիաժամ ծառայութեան սկսիլ։ Հազիւ տուն վերադարձայ, կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացուցի։ Քանատայի մասնաճիւղը պատասխանեց, զիս քաջալերելով որ նա՛խ մկրտուիմ։ Մկրտուեցայ 1 հոկտեմբեր 1950–ին։ Մէկ ամիս ետք, կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ եւ առաջին նշանակումս ստացայ, որ ծառայեմ Քափուսքասինկի մէջ։ Այս գիւղաքաղաքը իմ ապրած շրջանէս շատ հեռու էր։
1951–ի գարնան, Քանատայի մասնաճիւղը ֆրանսերէն գիտցող Վկաներուն հարցուց, որ եթէ կ’ուզեն ֆրանսախօս Քեպէք նահանգը փոխադրուիլ։ Հոն հրատարակիչներու շատ պէտք կար։ Եւ քանի որ ես թէ՛ ֆրանսերէն եւ թէ՛ անգլերէն գիտէի, ընդունեցի հրաւէրը եւ Ռույն նշանակուեցայ։ Հոն մէկը չէի գիտեր. միայն հասցէ մը ունէի ձեռքս, ինչպէս որ սկիզբը պատմեցի։ Բայց ամէն բան լաւ ընթացաւ։ Մարսէլը եւ ես լաւ ընկերներ եղանք։ Ես Քեպէքի մէջ չորս տարի ուրախութեամբ ծառայեցի, սկիզբը որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, եւ ետքը՝ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։
ԳԱՂԱԱԴԻ ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՈՒՇԱՑԱԾ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երբ Քեպէքի մէջ էի, շատ ուրախացայ երբ հրաւէր ստացայ որ Գաղաադի դպրոցին 26–րդ դասարանին միանամ, որ տեղի պիտի ունենար Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Երբ շրջանաւարտութեան օրը հասաւ՝ 12 փետրուար 1956–ին, նշանակուեցայ հոն, որ ներկայիս կը կոչուի Կանա b, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Բայց երթալէս առաջ, պէտք էր Քանատա վերադառնայի «քանի մը շաբթուան» համար, մինչեւ որ ճամբորդութեան վերաբերեալ թուղթերս պատրաստ ըլլային։
«Քանի մը շաբաթները» եօթը ամիս տեւեցին։ Այս ժամանակուան ընթացքին, Թորոնթոյի մէջ Քրիփս ընտանիքը զիս հրաւիրեցին որ իրենց տունը մնամ։ Հոն ծանօթացայ անոնց աղջկան՝ Շիլային, եւ մենք իրարու սիրահարուեցանք։ Հազիւ որ իրեն ամուսնութիւն պիտի առաջարկէի, վիզաս եկաւ։ Շիլան եւ ես ասոր մասին աղօթեցինք եւ որոշեցինք, որ ես պէտք է նշանակումիս երթամ։ Նաեւ որոշեցինք որ իրարու նամակ պիտի գրենք, որպէսզի տեսնենք թէ արդեօք կրնա՞նք ապագային ամուսնանալ եւ ե՞րբ։ Ասիկա դիւրին որոշում մը չէր, բայց օրերը ցուցուցին որ ասիկա ճի՛շդ որոշումն էր։
Լման ամիս մը շոգեկառքով, նաւով եւ օդանաւով ճամբորդելէ ետք, հասայ Կանայի մայրաքաղաքը՝ Ագգրա։ Հոն նշանակուեցայ որպէս նահանգային տեսուչ։ Նշանակումս էր ծառայել՝ Կանայի, Փղոսկրեայ Ափունքի եւ Թօկօլէնտի (ներկայիս՝ Թոկօ) մէջ։ Ժամանակին մեծ մասը առանձին կը ճամբորդէի մասնաճիւղին պատկանող ճիփ տիպի
ինքնաշարժով։ Եղբայրներուն այցելութիւններ տալը շա՜տ հաճելի բան մըն էր։Շաբաթավերջերուն, նշանակում կ’ունենայի շրջանային համաժողովներուն։ Մենք համաժողովի սրահներ չունէինք։ Անոր համար, եղբայրները եղէգներով եւ արմաւենիի ճիւղերով ժամանակաւոր առաստաղ մը կը շինէին, որպէսզի ներկաները պաշտպանուէին կիզիչ արեւէն։ Եւ քանի որ ճաշարանին մէջ սառնարաններ չկային, ողջ անասուններ կը պահուէին, որպէսզի երբ պէտք ըլլար՝ եղբայրները ատոնք մորթէին եւ ներկաներուն համար ճաշ պատրաստէին։
Այդ համաժողովներուն կարգ մը հաճելի փորձառութիւններ ունեցանք։ Անգամ մը, միսիոնարներէն մէկը՝ Հէրպ Ճէնինկզը c, դասախօսութիւն կու տար, երբ կով մը ճաշարանէն փախչելով սկսաւ ներկաներուն եւ բեմին միջեւ վազել։ Հէրպը դասախօսութիւնը կեցուց, քանի որ կովը շատ շուարած կ’երեւէր։ Չորս զօրաւոր եղբայրներ կրցան կովը զսպել եւ զայն ճաշարան վերադարձնել։ Ներկաները պատահածին համար սկսան ծափահարել։
Համաժողով չեղած օրերը Նոր աշխարհի ընկերութիւնը գործի վրայ ֆիլմը ցոյց կու տայի շուրջի գիւղերուն մէջ։ Ճերմակ սաւան մը կը կախէի երկու ձողերէ կամ երկու ծառերէ, եւ ֆիլմը ատոր վրայ ցոյց կու տայի։ Գիւղացիները շատ կը սիրէին զայն։ Շատերու համար ատիկա առաջին ֆիլմն էր, որ իրենց կեանքին մէջ դիտած էին։ Հազիւ որ անոնք ֆիլմին մէջ տեսնէին որ մարդիկ կը մկրտուին, բարձրաձայն կը ծափահարէին։ Այդ ֆիլմը, դիտողներուն շատ օգնեց, որ տեսնեն թէ մենք համաշխարհային միացած կազմակերպութիւն մըն ենք։
Ափրիկէի մէջ գրեթէ երկու տարի ծառայելէ ետք, 1958–ին շատ խանդավառ էի միջազգային համաժողովին ներկայ ըլլալու՝ Նիւ Եորք Սիթիին մէջ։ Երբ հոն Շիլան տեսայ շատ ուրախացայ։ Ան Քեպէքէն եկած էր, ուր կանոնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընէր։ Մենք արդէն նամակներով կապի մէջ էինք իրարու հետ, բայց քանի որ հոն տեսնուեցանք, իր ձեռքը ուզեցի։ Եղբայր Նորին d նամակ գրելով հարցուցի, որ արդեօք Շիլան կրնա՞յ Գաղաադի դպրոց երթալ եւ ետքը հետս ծառայել Ափրիկէի մէջ։ Ան ընդունեց։ Վերջապէս Շիլան Կանա եկաւ։ Մենք Ագգրայի մէջ ամուսնացանք՝ 3 հոկտեմբեր 1959–ին։ Զգացինք որ Եհովան իրապէս մեզ օրհնեց, քանի որ զինք առաջին տեղը դրինք մեր կեանքին մէջ։
ՄԻԱՍԻՆ ԾԱՌԱՅԵՑԻՆՔ ԳԱՄԵՐՈՒՆԻ ՄԷՋ
1961–ին, մենք Գամերուն նշանակուեցանք։ Ինձմէ խնդրուեցաւ որ օգնեմ հոն նոր մասնաճիւղ մը հաստատելու, որմէ ետք մասնաճիւղի ծառայ նշանակուեցայ։ Անոր համար, շատ բաներ ունէի սորվելիք եւ շատ զբաղած էի։ Ետքը, 1965–ին գիտցանք որ Շիլան յղի է։ Խօսքին բացը, սկիզբը դժուար էր երեւակայէինք որ մենք ծնողք պիտի ըլլայինք։ Բայց հազիւ որ սկսանք գաղափարը ընդունիլ եւ խանդավառ ըլլալ այս նոր պատասխանատուութեան համար, շատ գէշ բան մը պատահեցաւ։
Մեր չծնած մանուկը կորսնցուցինք։ Բժիշկը մեզի ըսաւ որ ան տղայ էր։ Այս եղածը մեր մտքէն չէ գացած, նոյնիսկ աւելի քան 50 տարի ետք։ Հակառակ անոր որ մեր սիրտը կտոր–կտոր եղաւ, մենք մնացինք մեր նշանակումին մէջ, քանի որ զայն շատ կը սիրէինք։
Գամերունի մէջ եղբայրները շատ անգամ կը հալածուէին, քանի որ քաղաքական հարցերու մէջ չէին խառնուիր։ Վիճակները ալ աւելի կը դժուարանային, մանաւանդ նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ։ 13 մայիս 1970–ին, այն բանը որմէ կը վախնայինք՝ պատահեցաւ։ Եհովայի վկաները երկրին մէջ արգիլուեցան։ Կառավարութիւնը գրաւեց մեր նոր ու գեղեցիկ մասնաճիւղը, ուր փոխադրուած էինք հազիւ հինգ ամիս առաջ։ Մէկ շաբթուան մէջ, բոլոր միսիոնարները, մէջը ըլլալով՝ Շիլան ու ես, երկրէն դուրս վռնտուեցանք։ Դժուար էր մեր ետին ձգել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, քանի որ զիրենք շատ կը սիրէինք եւ մտահոգ էինք, թէ իրենց ի՛նչ կրնար պատահիլ գալիք օրերուն։
Մենք յաջորդ վեց ամիսը անցուցինք Ֆրանսայի մասնաճիւղը։ Հոն շարունակեցի ձեռքէս եկածը ընել, որ Գամերունի մեր եղբայրներուն պէտքերուն հոգ տարուի։ Դեկտեմբերին, նշանակուեցանք Նիկերիոյ մասնաճիւղը, որ սկսաւ հոգ տանիլ Գամերունի մէջ մեր գործունէութեան։ Նիկերիոյ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզ սիրով ընդունեցին եւ մենք ուրախութեամբ հոն ծառայեցինք քանի մը տարի։
ԴԺՈՒԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ
1973–ին, շատ դժուար որոշումի մը առջեւ գտնուեցանք։ Շիլան կարգ մը առողջապահական լուրջ խնդիրներէ կը տառապէր։ Երբ Նիւ Եորքի մէջ համաժողովի էինք, ան այլեւս չդիմացաւ եւ ինծի ըսաւ. «Այլեւս չեմ կրնար շարունակել։ Շա՛տ յոգնած եմ եւ ամբողջ ժամանակը հիւանդ եմ»։ Ան իմ հետս Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ ծառայած էր աւելի քան 14 տարի։ Ես շատ հպարտ էի որ ան ասիկա ըրած էր հաւատարմօրէն, բայց հիմա ժամանակն էր որ կարգ մը փոփոխութիւններ ընէինք։ Մեր պարագան միասնաբար քննարկելէ եւ շատ աղօթելէ ետք, որոշեցինք որ Քանատա պէտք է վերադառնանք, ուր աւելի կրնայինք իր առողջութեան հոգ տանիլ։ Մեր միսիոնարական նշանակումը եւ լիաժամ ծառայութիւնը դադրեցնելը, մեր կեանքին ամէնէն դժուար ու յուզիչ որոշումներէն մէկն էր։
Երբ Քանատա հասանք, սկսայ աշխատիլ մտերիմ բարեկամիս քով, որ ինքնաշարժ կը ծախէր՝ Թորոնթոյի հիւսիսը գտնուող գիւղաքաղաքի մը մէջ։ Մենք տուն մը վարձեցինք, գործածուած ապրանքներ գնեցինք եւ առանց պարտքի մտնելու՝ մեր նոր կեանքը սկսանք։ Մենք կ’ուզէինք մեր կեանքը պարզ պահել, որպէսզի կարենայինք նորէն
լիաժամ ծառայել՝ երբ պարագաները ներեն։ Շատ զարմացանք, որ մեր յուսացածէն շա՛տ աւելի շուտ կրցանք լիաժամ ծառայութեան վերադառնալ։Սկսայ շաբաթ օրերը շինարարական ծրագրի մը մասնակցիլ։ Անիկա համաժողովի նոր սրահ մըն էր, որ կը շինուէր Նորվալի մէջ, Օնթարիօ։ Ժամանակ մը ետք, ինձմէ խնդրուեցաւ որ ծառայեմ որպէս համաժողովի սրահի տեսուչ։ Շիլային առողջութիւնը սկսած էր բարելաւուիլ, եւ զգացինք որ կրնանք այս նոր նշանակումը ընդունիլ։ Անոր համար, յունիս 1974–ին փոխադրուեցանք համաժողովի սրահ։ Շա՜տ ուրախ էինք, որ անգամ մը եւս լիաժամ պիտի ծառայէինք։
Շատ ուրախացանք որ Շիլային առողջութիւնը երթալէն կը լաւանար։ Երկու տարի ետք, ես շրջանային տեսուչ նշանակուեցայ Քանատայի Մանիթոպա նահանգին մէջ, ուր ձմեռը օդը շատ ցուրտ կ’ըլլայ։ Բայց եղբայրներն ու քոյրերը ճիշդ հակառակն էին. անոնք շատ ջերմ էին։ Մենք սորվեցանք, որ կարեւոր չէ թէ ո՛ւր կը ծառայենք, կարեւորը այն է, որ շարունակենք Եհովային ծառայել ո՛ւր որ ալ ըլլանք։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՍ ՄԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՄ
Շրջանային գործին մէջ քանի մը տարի ծառայելէ ետք, 1978–ին հրաւիրուեցանք Քանատայի Բեթէլին մէջ ծառայելու։ Շատ չանցած, կարեւոր դաս մը սորվեցայ, որ միեւնոյն ատեն ծանր էր ինծի համար։ Նշանակում ունէի որ ֆրանսերէն լեզուով մէկուկէս ժամնոց դասախօսութիւն մը տամ՝ Մոնրէալի մէջ յատուկ ժողովի մը ընթացքին։ Ցաւօք սրտի, դասախօսութիւնս հետաքրքրական չէր ներկաներուն համար եւ անոնք ձանձրացան։ Ծառայութեան բաժանմունքէն եղբայր մը ինծի խրատ տուաւ ասոր համար։ Կը խոստովանիմ որ այն ժամանակ պէտք էր անդրադառնայի, որ ես վարպետ խօսող մը չեմ (հիմա ասիկա շատ լաւ գիտեմ)։ Բայց ես առնուեցայ եւ խրատը չընդունեցի։ Չկրցանք իրարու հետ համաձայնիլ։ Ես զգացի որ ինք շատ սուր խօսքեր ըսաւ եւ գովասանքի խօսք մը չըսաւ։ Ես սխալեցայ, քանի որ կեդրոնացայ անոր բնաւորութեան եւ խօսած կերպին վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու խրատին վրայ։
Քանի մը օր ետք, Մասնաճիւղի յանձնախումբէն անդամ մը հետս խօսեցաւ այս հարցին մասին։ Իրեն խոստովանեցայ որ ես սխալ կերպով վարուած էի եւ թէ կը զղջամ ատոր համար։ Ետքը, խօսեցայ ինծի խրատ տուող եղբօր հետ։ Ան ներեց ինծի։ Այդ փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց որ շատ կարեւոր է որ խոնարհ ըլլամ։ Ես բնա՛ւ պիտի չմոռնամ այս դասը (Առ. 16։18)։ Ես շատ անգամ ասոր համար աղօթած եմ Եհովային, եւ միտքս դրած եմ որ բնա՛ւ սխալ կեցուածք պիտի չունենամ երբ մէկը խրատ տայ ինծի։
Աւելի քան 40 տարիէ ի վեր Քանատայի Բեթէլին մէջ կը ծառայեմ, եւ 1985–էն սկսեալ առանձնաշնորհումը ունեցած եմ որ Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ ծառայեմ։ Փետրուար 2021–ին, իմ սիրելի Շիլաս մահացաւ։ Ես իրեն շատ կը կարօտնամ։ Ես ալ առողջապահական խնդիրներ ունիմ, բայց Եհովային ծառայութեան մէջ ա՛յնքան զբաղած եմ, որ ‘չեմ զգար օրերը ինչպէս կ’անցնին’ (Ժող. 5։20, ՆԱ)։ Ճիշդ է որ դժուար օրեր ունեցած եմ, բայց ուրախ օրերը շատ աւելի են։ Շատ օրհնութիւններ վայելած եմ, քանի որ Եհովան կեանքիս մէջ առաջին տեղը դրած եմ եւ 70 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած եմ։ Կ’աղօթեմ որ մեր երիտասարդ եղբայրներն ու քոյրերը շարունակեն Եհովան իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, քանի որ համոզուած եմ որ այսպիսով իրենք ալ օրհնութիւններով լեցուն եւ ուրախ կեանք մը պիտի ունենան, որ միայն Եհովային ծառայութեան մէջ կրնան վայելել։
a Տե՛ս Մարսէլ Ֆիլթոյին կենսագրութիւնը՝ «Եհովա իմ ապաւէնս ու իմ զօրութիւնս է»՝ Դիտարան–ի 1 փետրուար 2000 թիւին մէջ։
b Մինչեւ 1957, Ափրիկէին այս մասը Բրիտանիոյ իշխանութեան տակ էր եւ Կոլտ Քոսթ կը կոչուէր։
c Տե՛ս Հէրպէրթ Ճէնինկզին կենսագրութիւնը՝ «Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»՝ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2000 թիւին մէջ։
d Այդ ժամանակ, եղբայր Նաթան Հ. Նորը մեր գործին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէր։