Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38

ԵՐԳ 147 Յատուկ սեփականութիւն

Զգուշացումները լուրջի կ’առնե՞ս

Զգուշացումները լուրջի կ’առնե՞ս

«Մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի» (ՄԱՏ. 24։40

ՆԻՒԹ

Նկատի պիտի առնենք Յիսուսի առակներէն երեքը, եւ պիտի տեսնենք թէ անոնք ինչպէ՛ս կապ ունին աշխարհի վերջը տեղի ունենալիք դատաստանի ժամանակին հետ։

1. Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ մօտ ատենէն։

 Կ’ԱՊՐԻՆՔ ժամանակի մը մէջ, երբ մեծ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Յիսուս մօտ ատենէն պիտի դատէ ամէն մէկ անձ։ Ան նկարագրեց թէ աշխարհի մէջ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ իր դատելու ժամանակը գալէն առաջ։ Ան իր աշակերտներուն տուաւ նշան մը, որ ցոյց կու տայ իր անտեսանելի ներկայութիւնը եւ աշխարհիս վերջը (Մատ. 24։3)։ Այս նշանը կը գտնուի Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Մարկոս 13–րդ եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխներուն մէջ։

2. Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ, եւ ասիկա ինչո՞ւ պիտի օգնէ մեզի։

2 Յիսուս զգուշացումներ տուաւ երեք առակներու միջոցաւ. ոչխարներուն եւ այծերուն առակը, իմաստուն եւ յիմար կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ Ամէն մէկ առակ մեզի կ’օգնէ հասկնալու, որ Յիսուս ամէն անձ պիտի դատէ իր գործերուն համեմատ։ Մինչ այս առակները նկատի կ’առնենք, պիտի տեսնենք որ ատոնցմէ ի՛նչ դասեր կը սորվինք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնք գործադրել։ Առաջին առակը որ նկատի պիտի առնենք՝ ոչխարներուն եւ այծերուն առակն է։

ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԱՅԾԵՐԸ

3. Յիսուս մարդիկը ե՞րբ պիտի դատէ։

3 Ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ ինք մարդիկը պիտի դատէ երկու բաներու հիման վրայ։ Անոնք բարի լուրին կ’ընդառաջե՞ն կամ ոչ, եւ անոնք իր օծեալ եղբայրներուն թիկունք կը կենա՞ն կամ ոչ (Մատ. 25։31-46)։ «Մեծ նեղութեան» ընթացքին եւ Արմագեդոնէն ճի՛շդ առաջ, Յիսուս պիտի որոշէ թէ ո՛վ ոչխարանման է, եւ ով՝ այծանման (Մատ. 24։21)։ Ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ, Յիսուս իր օծեալ եղբայրներուն հաւատարմօրէն թիկունք կեցողները պիտի զատէ անոնցմէ՝ որոնք թիկունք չեն կենար։

4. Եսայի 11։3, 4–ին համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս արդարութեամբ պիտի դատէ մարդիկը (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովային նշանակած Դատաւորը՝ Յիսուսը՝ մարդիկը արդարութեամբ պիտի դատէ (կարդա՛ Եսայի 11։3, 4)։ Ան ուշի–ուշով նկատի կ’առնէ թէ մարդիկ ի՛նչ կ’ընեն, ինչպէ՛ս կը մտածեն եւ ի՛նչ կը խօսին, մէջը ըլլալով թէ անոնք ինչպէ՛ս կը վարուին իր օծեալ եղբայրներուն հետ (Մատ. 12։36, 37. 25։40)։ Յիսուս պիտի գիտնայ թէ ո՛վ թիկունք կեցաւ իր օծեալ եղբայրներուն a։ Քրիստոսին եղբայրներուն թիկունք կենալու կարեւոր կերպերէն մէկն է՝ անոնց օգնել քարոզչութեան մէջ։ Անոնք որոնք ասիկա կ’ընեն, Յիսուսին կողմէ պիտի դատուին որպէս «արդարներ», եւ առիթը պիտի ունենան որ «յաւիտենական կեանքը» վայելեն (Մատ. 25։46. Յայտ. 7։16, 17)։ Անոնք ի՜նչ աղուոր կերպով պիտի վարձատրուին։ Մեծ նեղութեան ընթացքին եւ ատկէ ետք հաւատարիմ մնալով, անոնք իրենց անունը կը պահեն «կեանքի գրքին մէջ» (Յայտ. 20։15

Մօտ ապագային, Յիսուս մարդիկը պիտի դատէ եւ որոշէ թէ ո՛վ ոչխարանման է, եւ ով՝ այծանման (տե՛ս պարբերութիւն 4)


5. Ոչխարներուն եւ այծերուն առակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք, եւ որո՞նք կրնան անկէ օգտուիլ։

5 Հաւատարիմ եղի՛ր։ Յիսուսի տուած ոչխարներուն եւ այծերուն առակը, գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ երկրային յոյս ունեցողներուն վրայ։ Անոնք իրենց հաւատքը ցոյց կու տան ո՛չ միայն քարոզչութեան մէջ Քրիստոսի եղբայրներուն օգնելով, բայց նաեւ հաւատարմաբար ընդունելով Յիսուսին ընտրած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին առաջնորդութիւնը (Մատ. 24։45)։ Բայց երկնային յոյս ունեցողներն ալ պէտք է այս առակին մէջի զգուշացումին ականջ տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս ուշի–ուշով նկատի կ’առնէ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն, ինչպէ՛ս կը մտածեն եւ ի՛նչ կը խօսին։ Անոնք ալ պէտք է հաւատարիմ ըլլան։ Յիսուս երկու ուրիշ առակներ ալ պատմեց, որոնց մէջ օծեալներուն ուղղուած զգուշացումներ կան։ Ասոնք ալ կը գտնուին Մատթէոս Աւետարանին 25–րդ գլուխին մէջ։ Հիմա նկատի առնենք իմաստուն եւ յիմար կոյսերուն առակը։

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՅԻՄԱՐ ԿՈՅՍԵՐԸ

6. Հինգ կոյսերը ինչպէ՞ս փաստեցին որ իմաստուն են (Մատթէոս 25։6-10

6 Կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ տասը կոյսերու մասին, որոնք ելան փեսան դիմաւորելու (Մատ. 25։1-4)։ Անոնք կը յուսային փեսային հետ երթալ իր հարսանիքին։ Յիսուս ըսաւ որ այդ կոյսերուն հինգը «իմաստուն» էին, իսկ հինգը՝ «յիմար»։ Իմաստունները արթուն եւ պատրաստուած էին։ Անոնք պատրաստ էին փեսային սպասելու, նոյնիսկ եթէ փեսան ուշ գիշերին գար։ Անոնք իրենց հետ լապտերներ բերին, որպէսզի մութին մէջ լոյս ունենան, հապա նաեւ աւելորդ իւղ բերին իրենց հետ, հաշիւ ընելով որ փեսան թերեւս ուշանայ։ Ուրեմն, անոնք պատրաստ էին իրենց լապտերները վառած պահելու (կարդա՛ Մատթէոս 25։6-10)։ Երբ փեսան եկաւ, իմաստուն կոյսերը անոր հետ հարսանիքի գացին։ Նոյնը պիտի պատահի այն օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք մինչեւ Քրիստոսին գալը արթուն եւ հաւատարիմ մնալով կը փաստեն որ պատրաստ են։ Անոնք պիտի վարձատրուին՝ երկնային Թագաւորութեան մէջ «փեսայ»ին միանալով (Յայտ. 7։1-3) b։ Լաւ, հինգ յիմար կոյսերուն ի՞նչ պատահեցաւ։

7. Հինգ յիմար կոյսերուն հետ ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

7 Իմաստուն կոյսերուն հակառակը, յիմար կոյսերը պատրաստ չէին երբ փեսան եկաւ։ Իրենց լապտերները մարելու վրայ էին եւ իրենց հետ աւելորդ իւղ չէին առած։ Երբ անոնք գիտցան որ փեսան գալու վրայ է, ստիպուեցան երթալ որ իւղ գնեն։ Իսկ երբ փեսան եկաւ, անոնք դեռ չէին վերադարձած, մինչ «պատրաստ եղողները [փեսային] հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ» (Մատ. 25։10)։ Ետքը, երբ յիմար կոյսերը վերադարձան եւ ուզեցին հարսանիքը մտնել, փեսան իրենց ըսաւ. «Ես ձեզ չեմ ճանչնար» (Մատ. 25։11, 12)։ Այդ կոյսերը պատրաստուած չէին փեսային սպասելու ո՛րքան որ պէտք էր։ Լաւ, օծեալները ի՞նչ կը սորվին այս առակէն։

8-9. Օծեալները կոյսերուն առակէն ի՞նչ դաս կրնան սորվիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Պատրաստ եւ արթուն եղի՛ր։ Յիսուս չէր մարգարէանար որ երկու տեսակի օծեալներ պիտի ըլլային։ Մէկը՝ պատրաստ էր սպասելու մինչեւ աշխարհին վերջը, իսկ միւսը՝ ոչ։ Հապա, ան կը բացատրէր թէ օծեալներուն ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ անոնք պատրաստ չըլլային մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն տոկալու։ Անոնք իրենց վարձատրութիւնը պիտի չստանային (Յովհ. 14։3, 4)։ Ասիկա շատ լուրջ բան մըն է։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ ապրիլ երկինքը կամ երկրի վրայ, բոլորս ալ պէտք է լուրջի առնենք կոյսերուն առակին մէջի զգուշացումը։ Մեզմէ ամէն մէկը պէտք է արթուն եւ պատրաստ ըլլայ մինչեւ վերջ համբերելու (Մատ. 24։13

9 Յիսուս կոյսերուն առակով շեշտեց, թէ արթուն ու պատրաստ ըլլալը շատ կարեւոր է։ Ետքը, Յիսուս պատմեց տաղանդներուն առակը, որ կը շեշտէ աշխատասէր ըլլալուն կարեւորութիւնը։

Շատ կարեւոր է որ բոլորս լուրջի առնենք կոյսերուն առակին մէջի զգուշացումը, եւ արթուն ու պատրաստ ըլլանք մինչեւ վերջ տոկալու (տե՛ս պարբերութիւններ 8-9)


ՏԱՂԱՆԴՆԵՐԸ

10. Երկու ծառաները ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ հաւատարիմ են (Մատթէոս 25։19-23

10 Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ երեք ծառաներու մասին. երկուքը հաւատարիմ էին իրենց տիրոջը եւ իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տուին ծանր աշխատելով իրենց տիրոջը դրամը շատցնելու համար, իսկ երրորդը՝ հաւատարիմ չէր իր տիրոջը (Մատ. 25։14-18)։ Ճամբորդելէ առաջ, տէրը անոնց տաղանդներ տուաւ, այսինքն՝ մեծ գումար մը։ Երկու հաւատարիմ ծառաները աշխատասէր էին եւ դրամը իմաստութեամբ գործածեցին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Երբ տէրը վերադարձաւ, անոնք իրենց տրուած գումարին երկու անգամը վերադարձուցին իրեն։ Տէրը գովեց զանոնք եւ անոնք ‘մտան իրենց տիրոջը ուրախութեանը մէջ’ (կարդա՛ Մատթէոս 25։19-23)։ Լաւ, երրորդ ծառան ի՞նչ ըրաւ տիրոջ տուած դրամին հետ։

11. Ի՞նչ եղաւ «ծոյլ» ծառային, եւ ինչո՞ւ։

11 Երրորդ ծառան մէկ տաղանդ ստացաւ, բայց «ծոյլ» էր։ Թէեւ տէրը ակնկալեց որ ծառան տաղանդը իմաստութեամբ գործածէ, բայց ծառան առաւ տաղանդը եւ հողին տակը թաղեց։ Երբ տէրը վերադարձաւ, ծառան այդ տաղանդէն զատ ուրիշ մը չունէր որ տիրոջը տար։ Ան ճիշդ կերպով չէր մտածեր։ Փոխանակ տիրոջմէն ներողութիւն խնդրելու որ դրամ չէր շահած, ծառան անիրաւօրէն իր տէրը կոչեց՝ «խիստ մարդ մը»։ Տէրը ծառային ըրածէն գոհ չէր։ Ա՛լ աւելի, տէրը իրմէ ետ առաւ տաղանդը եւ զինք տունէն դուրս վռնտեց (Մատ. 25։24, 26-30

12. Երկու հաւատարիմ ծառաները որո՞նք կը ներկայացնեն ներկայիս։

12 Երկու հաւատարիմ ծառաները կը ներկայացնեն հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները։ Առակին մէջի տէրը՝ Յիսուսը՝ զանոնք կը հրաւիրէ, որ ‘մտնեն իրենց տիրոջը ուրախութեանը մէջ’։ Այսպիսով, անոնք կը ստանան իրենց երկնային վարձատրութիւնը, որ է՝ «առաջին յարութիւնը» (Մատ. 25։21, 23. Յայտ. 20։5բ)։ Միւս կողմէ, ծոյլ ծառային գէշ օրինակը զգուշացում մըն է օծեալներուն համար։ Ինչպէ՞ս։

13-14. Օծեալները տաղանդներուն առակէն ի՞նչ դաս կը սորվին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Աշխատասէր եղի՛ր։ Ինչպէս կոյսերուն առակին մէջ, նոյնպէս ալ տաղանդներուն առակին մէջ, Յիսուս չէր մարգարէանար որ կարգ մը օծեալներ ծոյլ պիտի ըլլային։ Հապա, ան կը բացատրէր թէ ի՛նչ կրնար պատահիլ, եթէ անոնք իրենց նախանձախնդրութիւնը կորսնցնէին։ Անոնք հաւատարիմ պիտի չմնային «որպէս կանչուածներ ու ընտրուածներ», եւ անոնց պիտի չարտօնուէր որ երկնային Թագաւորութիւնը մտնեն (Բ. Պետ. 1։10

14 Կոյսերուն եւ տաղանդներուն առակները յստակ կը դարձնեն, որ բոլոր օծեալ քրիստոնեաները պէտք է արթուն, պատրաստ եւ աշխատասէր ըլլան։ Լաւ, արդեօք Յիսուս ուրիշ զգուշացում մըն ալ տուա՞ւ օծեալներուն։ Ա՛յո, ատիկա կը գտնուի Մատթէոս 24։40, 41–ին մէջ։

Յիսուս կ’ուզէ որ օծեալները աշխատասէր ըլլան մինչեւ վերջը (տե՛ս պարբերութիւններ 13-14) d


ՈՐՈ՞ՆՔ ‘ՊԻՏԻ ԱՌՆՈՒԻՆ’

15-16. Մատթէոս 24։40, 41–ը ինչպէ՞ս կը շեշտէ որ օծեալները արթուն պէտք է ըլլան։

15 Երեք առակները պատմելէ առաջ, Յիսուս նկարագրեց օծեալներուն նկատմամբ ըլլալիք վերջին դատաստանը, որ ցոյց պիտի տար թէ որո՛նք Եհովային հաճութիւնը ունէին։ Ան խօսեցաւ դաշտին մէջ աշխատող երկու տղամարդոց եւ աղօրիքի վրայ աղացող երկու կիներու մասին։ Այնպէս կ’երեւի, թէ երկու տղամարդիկը նոյն գործը կ’ընէին, նոյնպէս ալ՝ երկու կիները։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ անոնցմէ «մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի» (կարդա՛ Մատթէոս 24։40, 41)։ Ետքը, ան իր հետեւորդները քաջալերեց, ըսելով. «Ուրեմն, արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Յիսուս ասոր նման բան մը ըսաւ, կոյսերուն առակը պատմելէ ետք (Մատ. 25։13)։ Արդեօք այս երկու խօսքերը իրարու հետ կապ ունի՞ն։ Այնպէս կ’երեւի թէ այո՛։ Միայն անոնք որոնք իրապէս օծեալ ու հաւատարիմ են, Յիսուսի կողմէ ‘պիտի առնուին’ երկնային Թագաւորութեան մէջ ըլլալու համար (Յովհ. 14։3

16 Արթուն մնա՛։ Այն օծեալները, որոնք հոգեւորապէս արթուն չեն մնար, ‘պիտի չժողվուին Յիսուսին ընտրեալներուն’ հետ (Մատ. 24։31)։ Ոչ միայն օծեալները, հապա նոյնիսկ երկրային յոյս ունեցողները, պէտք է լուրջի առնեն Յիսուսին այս զգուշացումը։ Անոնք պէտք է արթուն եւ հաւատարիմ մնան։

17. Ինչո՞ւ պէտք չէ մտահոգուինք, եթէ Եհովան որոշած է այս վերջին տարիներուն կարգ մը հաւատարիմներ օծել։

17 Մենք Եհովան այնքա՛ն լաւ ճանչցանք, որ իր դատաստաններուն կը վստահինք։ Մենք չենք մտահոգուիր եթէ Եհովան որոշած է, որ այս վերջին տարիներուն կարգ մը հաւատարիմներ օծէ c։ Կը յիշենք թէ Յիսուս ինչ ըսաւ այգիին առակին մէջ, 11–րդ ժամուն գործի սկսող բանուորներուն մասին (Մատ. 20։1-16)։ Անոնք որոնք օրուան վերջաւորութեան կանչուեցան այգիին մէջ աշխատելու համար, վարձատրուեցան նո՛յնքան, ո՛րքան վարձատրուեցան անոնք որոնք աւելի կանուխ սկսան աշխատիլ։ Նոյնպէս, օծեալները ե՛րբ ալ ընտրուին, անոնք երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան, եթէ հաւատարիմ մնան։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋԻ ԱՌ

18-19. Մինչեւ հիմա ի՞նչ դասեր եւ զգուշացումներ նկատի առինք։

18 Մինչեւ հիմա ի՞նչ նկատի առինք։ Անոնք որոնք յոյսը ունին երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու, ոչխարներուն եւ այծերուն առակէն կը սորվին, թէ շատ կարեւոր է որ Եհովային հաւատարիմ մնան հի՛մա եւ գալիք մեծ նեղութեան ատեն։ Այդ ժամանակ, Յիսուս հաւատարիմները պիտի դատէ, զանոնք նկատելով «յաւիտենական կեանքը» ստանալու արժանի (Մատ. 25։46

19 Նաեւ նկատի առինք երկու առակներ, որոնք օծեալներուն համար զգուշացումներ էին։ Տասը կոյսերուն առակին մէջ, անոնցմէ հինգը ցոյց տուին թէ իմաստուն են։ Անոնք արթուն եւ պատրաստ էին փեսային սպասելու, որքան որ պէտք էր։ Բայց յիմար կոյսերը պատրաստ չէին։ Ատոր համար փեսան չձգեց որ անոնք իր հարսանիքը մտնեն։ Մենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք սպասելու որքան որ պէտք է, մինչեւ որ Յիսուս վերջ մը դնէ այս աշխարհին։ Ասկէ զատ, տաղանդներու առակին մէջ, նկատի առինք երկու հաւատարիմ ծառաներ, որոնք աշխատասէր էին։ Անոնք իրենց տիրոջը համար ծանր աշխատեցան եւ տէրը անոնցմէ գոհ էր։ Բայց ան մերժեց ծոյլ ծառան։ Դասը ի՞նչ է։ Պէտք է Եհովային ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք մինչեւ վերջը։ Վերջաւորութեան, նկատի առինք թէ օծեալները պէտք է արթուն մնան, որպէսզի ‘առնուին’ եւ իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան։ Անոնք անհամբեր կը սպասեն որ Յիսուսին քով ‘հաւաքուին’ երկինքին մէջ։ Արմագեդոն պատերազմէն ետք՝ երբ հարսանիքը ըլլայ, անոնք Գառնուկին՝ Յիսուսին՝ հարսը պիտի ըլլան (Բ. Թես. 2։1. Յայտ. 19։9

20. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի վարձատրէ իր զգուշացումները լուրջի առնողները։

20 Հակառակ անոր որ դատաստանի ժամանակը շատ արագ կը մօտենայ, մենք պէտք չունինք վախնալու։ Եթէ մեր սիրելի երկնաւոր Հօր հաւատարիմ մնանք, ան մեզի պիտի տայ «սովորականէն աւելի եղող ուժը», որպէսզի ‘Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլանք’ (Բ. Կոր. 4։7, ՆԱ. Ղուկ. 21։36)։ Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, եթէ Յիսուսին առակներուն մէջի զգուշացումները լուրջի առնենք, մեր Հայրը պիտի ուրախացնենք։ Եւ քանի որ Ան ազնիւ է, մեր անունները կենաց ‘գրքին մէջ գրուած պիտի գտնուին’ (Դան. 12։1. Յայտ. 3։5

ԵՐԳ 146 Ինծի ըրիք

a Տե՛ս «Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք» յօդուածը, Դիտարան–ի մայիս 2024 թիւին մէջ։

b Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս «‘Արթուն’ պիտի կենա՞ս» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 մարտ 2015 թիւին մէջ։

d Նկար. Օծեալ քոյր մը Սուրբ Գիրքը կը սերտէ երիտասարդ աղջիկի մը հետ։