Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

«Խօսքը կատարեցէ՛ք»

«Խօսքը կատարեցէ՛ք»

«Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք» (ՅԱԿ. 1։22

ՆԻՒԹ

Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ ո՛չ միայն Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալու մեր փափաքը աւելցնենք, հապա նաեւ՝ ատոր մասին մտածելու եւ մեր սորվածը գործադրելու։

1-2. Ի՞նչ բան Աստուծոյ ծառաներուն ուրախութիւն կու տայ (Յակոբոս 1։22-25

 ԵՀՈՎԱՆ եւ Յիսուսը կ’ուզեն որ ուրախ ըլլանք։ Սաղմոս 119։2–ը կ’ըսէ. «Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն»։ Ասկէ զատ, Յիսուս խոստացաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկ. 11։28

2 Եհովայի ծառաները ուրախ ժողովուրդ են։ Ինչո՞ւ։ Շատ մը պատճառներով։ Կարեւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ մենք ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք եւ ջանք կը թափենք որ գործադրենք ի՛նչ որ կը սորվինք (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25

3. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածը կը գործադրենք։

3 Շատ մը կերպերով կ’օգտուինք, երբ Աստուծոյ ‘խօսքը կը կատարենք’։ Օրինակ, երբ Աստուծոյ Խօսքէն մեր սորվածը կը գործադրենք՝ Եհովան կ’ուրախանայ եւ ասիկա գիտնալը մեզ կ’ուրախացնէ (Ժող. 12։13)։ Ասկէ զատ, ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր կապը կը զօրացնենք։ Թերեւս ասիկա մորթիդ վրայ զգացած ես։ Եւ դեռ աւելին, մենք հեռու կը մնանք շատ մը խնդիրներէ որոնց մէջ կ’իյնան անոնք, որոնք Եհովային ըսածներուն չեն հնազանդիր։ Իրաւ ալ, Դաւիթ թագաւորին ըսածը ճիշդ է։ Ան երգի մը մէջ Եհովային օրէնքները, կանոնները ու դատաստանները յիշելէ ետք, ըսաւ. «Զանոնք պահելուն վարձքը շատ է» (Սաղ. 19։7-11

4. Աստուծոյ Խօսքը կատարելը ինչո՞ւ միշտ դիւրին չ’ըլլար։

4 Անկեղծ խօսելով, Աստուծոյ Խօսքը կատարելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Մեր զբաղած կեանքին մէջ պէտք է ժամանակ տրամադրենք, որ Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ սերտենք, որպէսզի հասկնանք թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Ուրեմն, հիմա նկատի առնենք թէ ի՛նչ բաներ կրնան մեզի օգնել, որ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչը մեզի կ’օգնէ, որ մեր կարդացածին մասին մտածենք եւ տեսնենք թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք մեր սորվածները գործադրել մեր կեանքին մէջ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԷ՛

5. Ի՞նչ պատասխանատուութիւններ մեր ժամանակին մեծ մասը կը լեցնեն։

5 Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը շատ զբաղած կեանք մը կը վարէ։ Մեր ժամանակին մեծ մասը կ’անցնի հոգ տանելով պատասխանատուութիւններու, որոնք Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ կարեւոր են։ Օրինակ, շատերս կ’աշխատինք՝ մենք մեզի եւ մեր ընտանիքներուն հոգ տանելու համար (Ա. Տիմ. 5։8)։ Շատ մը քրիստոնեաներ ալ հոգ կը տանին իրենց հիւանդ կամ տարեց ազգականներուն։ Իսկ բոլորս ալ, պէտք է որ մեր առողջութեան հոգ տանինք, ինչ որ մեր ժամանակէն կ’առնէ։ Այս բոլորէն զատ, մենք ժողովքին մէջ ալ նշանակումներ ունինք։ Օրինակ, մենք ունինք կարեւոր նշանակում մը, որ է՝ նախանձախնդրօրէն բարի լուրը քարոզել։ Լաւ, այս բոլոր պատասխանատուութիւնները ունենալով, ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակ գտնել Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու, կարդացածիդ վրայ խոկալու եւ ատիկա գործադրելու համար։

6. Ինչպէ՞ս կրնաս կարեւորութիւն տալ Սուրբ Գիրքը կարդալու (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Սուրբ Գիրքը կարդալը «աւելի կարեւոր բաներ»էն մէկն է մեզի համար (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Անոր համար, պէտք է ատոր կարեւորութիւն տանք։ Առաջին սաղմոսը, խօսելով ուրախ մարդուն մասին, կ’ըսէ. «Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ» (Սաղ. 1։1, 2)։ Ուրեմն, յստակ է որ պէտք է ժամանակ տրամադրենք Սուրբ Գիրքը կարդալու։ Բայց, ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը։ Ասիկա անձէ անձ կը տարբերի։ Բայց կարեւոր բանը այն է որ ժամանակ մը ընտրենք, որ մեզի կ’օգնէ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդալու։ Վիքթըր անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Ես կը սիրեմ Սուրբ Գիրքը առտու կարդալ։ Հակառակ անոր որ չեմ սիրեր կանուխ արթննալ, բայց առտու շատ խանգարումներ չեն ըլլար։ Ուղեղս պարապ կ’ըլլայ եւ աւելի կրնամ կեդրոնանալ»։ Պարագադ ալ նո՞յնն է։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ինծի համար ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը, որ Սուրբ Գիրքը կարդամ’։

Սուրբ Գիրքը կարդալու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է։ Ե՞րբ կրնամ ես ատիկա կանոնաւորաբար կարդալ (տե՛ս պարբերութիւն 6)


ԿԱՐԴԱՑԱԾԻԴ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԷ՛

7-8. Ի՞նչը կրնայ արգելք ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն լման չօգտուինք. բացատրէ՛։

7 Բայց իրականութիւնը այն է, որ թերեւս շատ բաներ կարդանք, առանց ատոնց մասին մտածելու։ Պատահա՞ծ է որ բան մը կարդացած ես, բայց քիչ ետք ատկէ բան մը չես յիշեր։ Ասիկա բոլորիս հետ պատահած է։ Ցաւօք սրտի, նոյնը կրնայ պատահիլ երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք։ Թերեւս նպատակ կը դնենք, որ ամէն օր քանի մը գլուխներ կարդանք։ Ասիկա գովելի է։ Պէ՛տք է նպատակներ դնենք եւ ջանք թափենք որ ատոնց հասնինք (Ա. Կոր. 9։26)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կարդալը սկիզբն է. ատիկա լաւ սկիզբ է, բայց միայն սկիզբ է։ Աստուծոյ Խօսքէն լման օգտուելու համար աւելի՛ն պէտք է ընենք։

8 Նկատի առ այս օրինակը։ Ջուրը, որ շատ անգամ անձրեւի ձեւով կ’իջնէ, կեանքի համար կարեւոր է։ Բայց եթէ կարճ ժամանակուան մէջ շատ անձրեւ իջնէ, հողը չափէն աւելի պիտի ջրուի։ Աւելորդ անձրեւը օգտակար պիտի չդառնայ բոյսերուն։ Աւելի լաւ է որ անձրեւը կամաց–կամաց իջնէ, քանի որ այն ատեն հողը պիտի ծծէ ջուրը եւ ասիկա պիտի օգնէ որ բոյսերը աճին։ Նմանապէս, պէտք չէ որ Սուրբ Գիրքը այնքան արագ կարդանք, որ չկարենանք մեր կարդացածին մասին մտածել, զայն յիշել եւ ատկէ օգտուիլ (Յակ. 1։24

Ճիշդ ինչպէս որ հողը ժամանակ կ’ուզէ, որ անձրեւը ծծէ եւ անկէ օգտուի, մենք ալ ժամանակ կ’ուզենք, որ Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածներուն մասին մտածենք եւ զանոնք գործադրենք (տե՛ս պարբերութիւն 8)


9. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ սովորութիւնը ունինք Սուրբ Գիրքը արագօրէն կարդալու։

9 Կը զգա՞ս որ ատեն–ատեն Սուրբ Գիրքը արագօրէն կը կարդաս։ Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընես։ Աւելի՛ կամաց կարդա։ Ջանք ըրէ՛ որ կարդացածիդ մասին մտածես։ Ասիկա դժուար չէ։ Եթէ խոկալու գաղափարը դժուարիդ կու գայ, թերեւս հարցը կրնաս սա կերպով դիտել։ Երբ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ խոկանք, կրնաս ասիկա այնպէս մը առնել, որ պէտք է պարզապէս կարդացածիդ մասին մտածես։ Թերեւս կրնաս քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրել սերտելու, որպէսզի ժամանակ ունենաս մտածելու կամ խոկալու։ Կամ ալ կրնաս աւելի քիչ համարներ կարդալ եւ մնացած ժամանակը գործածել կարդացածիդ մասին մտածելու համար։ Նախապէս նշուած Վիքթըրը կ’ըսէ. «Ես շատ գլուխներ չեմ կարդար։ Ատեններ թերեւս միայն մէկ գլուխ։ Եւ քանի որ առտու կանուխ կը կարդամ, կրնամ օրուան ընթացքին կարդացածիս մասին մտածել»։ Դուն կրնաս որոշել թէ օրական որքա՛ն պիտի կարդաս, բայց կարեւոր է որ կարդաս այն արագութեամբ, որ քեզի առիթ կու տայ կարդացածիդ մասին մտածելու (Սաղ. 119։97) (տե՛ս « Այս հարցումները նկատի առ» տուփը)։

10. Օրինակ մը տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս սորվածդ գործադրել (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18

10 Ե՛րբ որ ալ Աստուածաշունչը կարդաս եւ որքա՛ն ալ ժամանակ տրամադրես ատոր համար, կերպեր փնտռէ որ կարդացածդ գործադրես։ Մինչ Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդաս, դուն քեզի հարցո՛ւր. «Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը գործադրել հիմա կամ մօտ ապագային»։ Օրինակ մը տանք։ Ենթադրենք որ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ատեն հասար Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18 (կարդա՛)։ Այս երկու համարները կարդալէ ետք, կրնաս կենալ եւ մտածել, թէ որքա՛ն յաճախ եւ որքա՛ն սրտանց կ’աղօթես։ Նաեւ կրնաս մտածել, թէ ի՛նչ բաներու մասին պէտք է շնորհակալ ըլլաս։ Թերեւս որոշես որ մասնայատուկ երեք բաներու համար Եհովայէն շնորհակալ պիտի ըլլաս։ Եթէ միայն քանի մը վայրկեան տրամադրես, որպէսզի ասանկ կեդրոնացած կերպով մտածես, որոշ չափով մը Աստուծոյ Խօսքը լսող եւ կատարող մը եղած կ’ըլլաս։ Երեւակայէ, որքա՜ն պիտի օգտուիս եթէ այս կերպը ամէն օր գործածես, մինչ Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներ կը կարդաս։ Այո՛, Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կատարող մը պիտի ըլլաս։ Բայց եթէ տեսնես, որ շատ բաներ կան, որոնց վրայ պէտք է աշխատիս, ի՞նչ պէտք է ընես։

ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ԴԻ՛Ր

11. Ատեններ թերեւս ինչո՞ւ յուսահատիս. օրինակ մը տուր։

11 Ատեններ, երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս թերեւս յուսահատիս, քանի որ կ’անդրադառնաս որ շատ բաներու վրայ պէտք է աշխատիս։ Այս պարագան նկատի առ։ Այսօր, Աստուածաշունչէն կը կարդաս հատուած մը, որ կը խօսի զատողութիւն չդնելու մասին (Յակ. 2։1-8)։ Կը տեսնես որ այս կէտին վրայ պէտք է աշխատիս, անոր համար կ’որոշես կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Շատ լաւ։ Վաղը, կը կարդաս հատուած մը, որ կը խօսի լեզուդ զսպելու կարեւորութեան մասին (Յակ. 3։1-12)։ Կ’անդրադառնաս որ ատեններ քննադատական խօսքեր կ’ըսես ուրիշներուն։ Անոր համար, կ’որոշես աւելի ազնիւ խօսքեր ըսել։ Յաջորդ օրը, կը կարդաս աշխարհին բարեկամը չըլլալուն մասին (Յակ. 4։4-12)։ Կ’անդրադառնաս որ պէտք է աւելի զգոյշ ըլլաս թէ ի՛նչ կը կարդաս, ի՛նչ կը դիտես եւ ի՛նչ բաներ մտիկ կ’ընես։ Արդէն չորրորդ օրը յուսահատած ես, քանի որ շատ բաներ կայ որոնց վրայ պէտք է աշխատիս։

12. Ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատիս, եթէ տեսնես թէ շատ կէտերու վրայ պէտք է աշխատիս (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

12 Մի՛ յուսահատիր եթէ տեսնես թէ շատ բաներու վրայ պէտք է աշխատիս։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ խոնարհ ես եւ նպատակդ լաւ է։ Այն անձը որ խոնարհ է եւ իր անձին հետ պարկեշտ է, Սուրբ Գիրքը կը կարդայ այն նպատակով, որ տեսնէ թէ ի՛նչ բանի վրայ պէտք է աշխատի a։ Նաեւ յիշէ, թէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագուիլը մէկ անգամով չ’ըլլար, հապա պէտք է շարունակես ասիկա ընել (Կող. 3։10, ՆԱ)։ Լաւ, ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքը կատարես։

13. Ինչպէ՞ս կրնաս միայն մէկ կամ երկու բաներու վրայ աշխատիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Փոխանակ փորձելու որ ամէն սորվածներդ միեւնոյն ատեն գործադրես, միայն մէկ կամ երկու բան փորձէ գործադրել (Առ. 11։2)։ Թերեւս այս կերպը փորձես։ Ցանկ մը պատրաստէ, թէ ի՛նչ բաներու վրայ պէտք է աշխատիս, ետքը անոնցմէ մէկ կամ երկու հատը ընտրէ, որպէսզի նախ անոնց վրայ աշխատիս, իսկ մնացածին վրայ ետքը կ’աշխատիս։ Բայց ուրկէ՞ պէտք է սկսիս։

Փոխանակ բոլոր կարդացածներուդ վրայ միեւնոյն ժամանակ աշխատելու, կրնաս մէկ կամ երկու կէտերու վրայ աշխատիլ (տե՛ս պարբերութիւններ 13-14)


14. Ուրկէ՞ կրնաս սկսիլ։

14 Թերեւս որոշես որ պիտի սկսիս աշխատիլ նպատակի մը վրայ, որ քեզի համար դիւրին է հասնիլը։ Կամ ալ թերեւս որոշես աշխատիլ մարզի մը մէջ, ուր շատ պէտք է բարելաւուիս։ Հազիւ թէ որոշես ո՛ր նպատակին վրայ պիտի աշխատիս, մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրէ՛։ Թերեւս կրնաս գործածել Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ը կամ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար հրատարակութիւնը։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ, որ քեզի «թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը» տայ, որ նպատակիդ հասնիս (Փլպ. 2։13, ՆԱ)։ Ետքը, փորձէ սորվածդ գործադրել։ Երբ տեսնես որ առաջին նպատակիդ մէջ յառաջդիմեցիր կամ կրցար որոշ յատկութեան մը վրայ աշխատիլ, աւելի պիտի քաջալերուիս ուրիշ փոփոխութիւններ ընելու, եւ հաւանաբար քեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ միւս կէտերուն վրայ աշխատիլը։

ՁԳԷ՛ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ‘ՄԷՋԴ ՆԵՐԳՈՐԾԷ’

15. Եհովային ժողովուրդը ինչպէ՞ս տարբեր է շատերէ, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը կարդան (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

15 Ոմանք կ’ըսեն թէ իրենք Սուրբ Գիրքը տասնեակ անգամներ կարդացած են։ Բայց արդեօք ատոր կը հաւատա՞ն։ Անոր ըսածները իրենց կեանքին մէջ կը գործադրե՞ն կամ կը ձգե՞ն, որ ատիկա իրենց կեանքին ազդէ։ Ցաւօք սրտի շատ անգամ պատասխանը ոչ է։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ ժողովուրդը, առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, Աստուածաշունչը կ’ընդունին «ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է – որպէս Աստուծոյ խօսք»։ Ասկէ զատ, անոնք ջանք կը թափեն որ Աստուծոյ Խօսքը իրենց կեանքին մէջ գործադրեն (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13, ԱԾ

16. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուծոյ Խօսքը կատարողներ ըլլանք։

16 Մեզի համար միշտ դիւրին չէ Աստուծոյ Խօսքը կարդալ եւ գործադրել։ Թերեւս կարդալու ժամանակ չենք գտներ։ Կամ ա՛յնքան արագ կը կարդանք, որ մեր կարդացածին մասին չենք մտածեր։ Կամ ալ թերեւս կը յուսահատինք, քանի որ շատ կէտերու վրայ պէտք է աշխատինք։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ դժուարութիւնդ, կրնաս Եհովային օգնութեամբ յաջողիլ։ Ուրեմն, որոշենք իր օգնութիւնը ընդունիլ եւ մոռացկոտ լսողներ չըլլալ, հապա՝ Աստուծոյ Խօսքը կատարողներ։ Կասկած չկայ, որ Աստուծոյ Խօսքը որքա՛ն աւելի կարդանք եւ զայն մեր կեանքին մէջ գործադրենք, այնքա՛ն աւելի ուրախ պիտի ըլլանք (Յակ. 1։25

ԵՐԳ 113 Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար