Հարցումներ ընթերցողներէն
Երբ Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց, ո՞ւր էին այն 70 աշակերտները, որոնք նախապէս ան քարոզելու ղրկած էր։ Անոնք ձգած–գացած էի՞ն զինք։
Պարզապէս քանի որ 70 աշակերտները ներկայ չէին, երբ Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց, պէտք չէ կարծենք որ Յիսուս անոնցմէ գոհ չէր կամ ալ՝ անոնք զինք ձգած–գացած էին։ Յիսուս պարզապէս ուզեց որ այդ ընթրիքը իր առաքեալներուն հետ ունենայ։
Յիսուս թէ՛ 12 առաքեալներէն եւ թէ՛ 70 աշակերտներէն գոհ էր։ Ան իր աշակերտներուն մէջէն նախ 12 տղամարդիկ զատեց, որոնք կոչեց առաքեալներ (Ղուկ. 6։12-16)։ Ան Գալիլիոյ մէջ էր, երբ «տասներկու աշակերտները» կանչեց, եւ «զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն» (Ղուկ. 9։1-6)։ Ետքը, Հրէաստանի մէջ, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց զանոնք» (Ղուկ. 9։51. 10։1)։ Ուրեմն, Յիսուս տարբեր–տարբեր շրջաններու մէջ աշակերտներ ունէր, որոնք իր մասին կը քարոզէին։
Այն հրեաները, որոնք Յիսուսին աշակերտները եղան, տակաւին ամէն տարի Պասեքը կը տօնէին՝ հաւանաբար իրենց ընտանիքներուն հետ (Ել. 12։6-11, 17-20)։ Երբ իր մահուան ժամանակը կը մօտենար, Յիսուս իր առաքեալներուն հետ Երուսաղէմ գնաց։ Բայց ան Հրէաստանէն, Գալիլիայէն եւ Պերեայէն եղող իր բոլոր աշակերտները չկանչեց, որ գան եւ միասին Պասեքը տօնեն։ Յայտնի է որ Յիսուս կ’ուզէր միա՛յն իր առաքեալներուն հետ տօնել Պասեքը։ Ան անոնց ըսաւ. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ» (Ղուկ. 22։15)։
Յիսուս լաւ պատճառով մը ասիկա կ’ուզէր։ Ան քիչ ետք պիտի մեռներ որպէս «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Ասիկա Երուսաղէմին մէջ պիտի պատահէր, ուր երկա՜ր տարիներէ ի վեր զոհեր կը մատուցանուէին Աստուծոյ։ Պասեքին գառնուկը իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր, որ Եհովան զիրենք Եգիպտոսէն ազատած էր։ Բայց Յիսուսին զոհը ասկէ աւելին պիտի ընէր։ Ան մարդիկը պիտի ազատէր մեղքէն ու մահէն (Ա. Կոր. 5։7, 8)։ Յիսուսին մահը առիթը պիտի բանար 12 առաքեալներուն, որ քրիստոնէական ժողովքին հիմը կազմեն (Եփ. 2։20-22)։ Հետաքրքրական է, որ սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը «տասներկու հիմեր» ունի, որոնց վրայ գրուած են «Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն տասներկու անունները» (Յայտ. 21։10-14)։ Ուրեմն, հաւատարիմ առաքեալները կարեւոր դեր մը պիտի ունենային Աստուծոյ նպատակին մէջ։ Ատոր համար, կրնանք հասկնալ որ Յիսուս ինչո՛ւ ուզեց անոնց հետ տօնել վերջին Պասեքը եւ անկէ անմիջապէս ետք ունենալ Տէրունական ընթրիքը։
Այդ 70 աշակերտները եւ ուրիշ աշակերտներ, ա՛յդ ընթրիքին Յիսուսին հետ չէին։ Բայց բոլոր հաւատարիմ աշակերտները պիտի օգտուէին Յիսուսին հաստատած Տէրունական ընթրիքէն։ Բոլոր անոնք, որոնք ժամանակի ընթացքին օծեալ քրիստոնեաներ դարձան, մաս պիտի կազմէին Թագաւորութեան ուխտին, որուն մասին Յիսուս այդ գիշեր խօսեցաւ (Ղուկ. 22։29, 30)։