Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱՐԿ

Տես թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել քեզի

Տես թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել քեզի

Մինչ կը պատրաստուինք սերտելու, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ կ’ակնկալեմ սորվիլ’։ Բայց պէտք է մեր միտքը պահենք, որ նոյնիսկ եթէ կ’ակնկալենք որոշ բան մը սորվիլ, թերեւս Եհովան կ’ուզէ ուրիշ բան մըն ալ սորվեցնել մեզի։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք տեսնել թէ Եհովա՛ն ինչ կ’ուզէ սորվեցնել մեզի։

Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ՛։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ հասկնալու որ ինք ինչ կ’ուզէ որ հիմա սորվիս (Յակ. 1։5)։ Մի բաւարարուիր գիտցածներովդ (Առ. 3։5, 6

Ձգէ՛ որ Սուրբ Գիրքը ազդէ կեանքիդ։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է» (Եբ. 4։12)։ Աստուծոյ ապրող խօսքը կրնայ տարբեր–տարբեր կերպերով մեր վրայ ազդել, ամէն անգամ որ զայն կը կարդանք։ Ասոր համար, կարեւոր է որ պատրաստ ըլլանք սորվելու ինչ որ Եհովա՛ն կ’ուզէ մեզի սորվեցնել։

Գնահատէ՛ ամէն ինչ որ Եհովան կը գործածէ քեզի սորվեցնելու համար։ Եհովային տուած հոգեւոր սնունդը կը նմանի ‘պարարտ բաներու կոչունքի’, կամ՝ համեղ կերակուրներու (Եսա. 25։6)։ «Կերակուր» մը մի՛ փախցներ, նոյնիսկ եթէ չես ակնկալեր որ զայն պիտի սիրես։ Այսպիսով, պիտի ձգես որ Աստուած քեզի օգնէ աւելի լաւ մէկը դառնալու, իսկ սերտելը՝ քեզի համար հաճելի բան մը պիտի դառնայ։