Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 39

ԵՐԳ 21 Ողորմածները երջանի՛կ են

Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս

Տալով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս

«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (ԳՈՐԾՔ 20։35

ՆԻՒԹ

Պիտի տեսնենք ի՛նչ տարբեր կերպերով կրնանք տալ ուրիշներուն, եւ ասիկա ինչո՛ւ մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։

1-2. Եհովան մեզ ինչպէ՞ս ստեղծած է, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեր օգտին համար է։

 ԵՀՈՎԱՆ մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ տալուն մէջ աւելի ուրախութիւն գտնենք քան՝ առնելուն մէջ (Գործք 20։35)։ Արդեօք ասիկա ըսե՞լ է, որ առնելը մեզ չ’ուրախացներ։ Ո՛չ։ Մենք փորձառութեամբ գիտենք որ կ’ուրախանանք, երբ ուրիշէն նուէր մը կը ստանանք։ Բայց ա՛լ աւելի կ’ուրախանանք, երբ մե՛նք ուրիշին բան մը տանք։ Մենք այսպէս ստեղծուած ենք եւ ասիկա մեր օգտին համար է։ Ինչո՞ւ։

2 Ասիկա կը ձգէ որ մեր ուրախութեան աւելնալը մեզմէ կախեալ ըլլայ։ Մենք կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել՝ առիթներ փնտռելով որ ուրիշներուն տանք։ Ասիկա հիանալի բան մը չէ՞ (Սաղ. 139։14

3. Ինչո՞ւ համար Եհովային մասին կրնայ ըսուիլ՝ «ուրախ Աստուածը»։

3 Սուրբ Գիրքը շատ յստակ կը դարձնէ, որ տալը ուրախութիւն կը բերէ։ Անոր համար, չենք զարմանար որ Սուրբ Գիրքը Եհովան կը կոչէ՝ «ուրախ Աստուածը» (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ)։ Ինքն է առաջին եւ մեծագոյն Տուողը։ Իրեն շնորհիւ է որ մենք «կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք», ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ (Գործք 17։28)։ Իրապէս ալ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Եհովայէն է (Յակ. 1։17

4. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ աւելի ուրախ ըլլանք։

4 Հաւանաբար բոլորս կ’ուզենք ա՛լ աւելի ուրախութիւն գտնել տալուն մէջ։ Ասիկա կրնանք ընել Եհովային առատաձեռնութիւնը ընդօրինակելով (Եփ. 5։1)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի սերտենք Եհովային աղուոր օրինակը եւ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, եթէ կը զգանք որ ուրիշներ մեր ըրածները չեն գնահատեր։ Ասոնք մեզի պիտի օգնեն, որ շարունակենք ուրիշներուն տալ եւ ա՛լ աւելի ուրախութեամբ տալ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԷՍ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԵՂԻՐ

5. Եհովան ի՞նչ նիւթական բաներ կու տայ մեզի։

5 Եհովան ի՞նչ կերպերով իր առատաձեռնութիւնը կը ցուցնէ մեզի հանդէպ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։ Եհովան մեզի նիւթական բաներ կու տայ։ Թերեւս Եհովան միշտ մեր ամէն ուզածը չտայ մեզի, բայց ան ընդհանրապէս կու տայ ամէն ի՛նչ որ պէտք ունինք։ Օրինակ, ան մեզի կ’ապահովէ մեր ուտելիքը, հագուելիքը եւ ապրելու տեղը (Սաղ. 4։8. Մատ. 6։31-33. Ա. Տիմ. 6։6-8)։ Արդեօք Եհովան մեր ֆիզիքական պէտքերուն հոգ կը տանի պարզապէս քանի որ ստիպուա՞ծ է։ Անշուշտ ո՛չ։ Լաւ, ինչո՞ւ ատոնց հոգ կը տանի։

6. Ի՞նչ կը սորվինք Մատթէոս 6։25, 26–էն։

6 Եհովան մեր ֆիզիքական պէտքերուն հոգ կը տանի, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Նկատի առ Յիսուսին խօսքը, որ կը գտնուի Մատթէոս 6։25, 26–ին մէջ (կարդա՛)։ Հոս Յիսուս ստեղծագործութենէն օրինակներ կը յիշէ։ Ան թռչուններուն մասին խօսելով կ’ըսէ, որ անոնք «ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն»։ Բայց նկատի առ, որ Յիսուս ետքը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»։ Ետքը, Յիսուս կը հարցնէ. «Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք»։ Լաւ, կէտը ի՞նչ է։ Եհովային հաւատարիմ ծառաները շա՜տ աւելի արժէքաւոր են իր աչքին քան՝ անասունները։ Ուրեմն, եթէ Եհովան անասուններուն պէտքերուն հոգ կը տանի, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեր պէտքերուն ալ հոգ պիտի տանի։ Եհովան մարդկային հոգատար հօր մը պէս սէրէ մղուած հոգ կը տանի իր ընտանիքին (Սաղ. 145։16. Մատ. 6։32

7. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովային առատաձեռնութիւնը ընդօրինակենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Մենք ալ կրնանք ուրիշներուն նիւթական բաներ տալ, քանի որ զիրենք կը սիրենք։ Օրինակ, գիտե՞ս եղբայր մը կամ քոյր մը, որ ուտելիքի կամ հագուելիքի պէտք ունի։ Եհովան կրնայ քեզ գործածել, որպէսզի անոր օգնէ։ Եհովային ժողովուրդը իրենց առատաձեռնութեամբ ճանչցուած են, մանաւանդ երբ աղէտ մը պատահի։ Օրինակ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ժամանակ, եղբայրներն ու քոյրերը ուտելիք, հագուելիք եւ ուրիշ բաներ տուին անոնց՝ որոնք պէտք ունէին։ Ուրիշներ, առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւններ ըրին համաշխարհային գործին։ Այդ նուիրատուութիւնները օգնեցին աշխարհին չորս կողմը եղող այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք պակաս բաներ ունէին՝ աղէտներու պատճառով։ Այդ առատաձեռն եղբայրներն ու քոյրերը գործադրեցին Եբրայեցիս 13։16–ի խօսքը. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի»։

Բոլորս ալ կրնանք Եհովային պէս առատաձեռն ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. Ի՞նչ կերպերով կրնանք օգտուիլ Եհովային տուած ուժէն (Փիլիպպեցիս 2։13

8 Եհովան ոյժ կու տայ։ Եհովան անսահման ոյժ ունի եւ ուրախութեամբ այդ ուժը կու տայ իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Փիլիպպեցիս 2։13–ը կ’ըսէ. «Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը [«որ ձեզ եռանդուն կը դարձնէ, ձեզի տալով գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը», ՆԱ] իր հաճութեանը համար»։ Երբեք աղօթա՞ծ ես, որ Եհովան քեզի ոյժ տայ փորձութեան մը դէմ դնելու կամ դժուար նեղութեան մը տոկալու համար։ Թերեւս աղօթած ես, որ Եհովան քեզի բաւարար ոյժ տայ որ օրդ շարունակես, եւ երբ Եհովան աղօթքիդ պատասխանելով քեզի ոյժ տուաւ, դուն ալ Պօղոս առաքեալին պէս զգացիր, որ գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13

9. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս մեր ուժը առատաձեռնօրէն գործածել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Հակառակ անոր որ անկատար ենք, մենք կրնանք Եհովային պէս առատաձեռնօրէն գործածել մեր ուժը։ Ճիշդ է որ չենք կրնար բառացիօրէն ոյժ կամ զօրութիւն տալ ուրիշներուն, բայց կրնանք մեր ուժը գործածել իրենց համար։ Օրինակ, կրնանք տարեց կամ հիւանդ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել՝ անոնց տունին հոգ տանելով կամ շուկայէն ապրանքներ բերելով։ Եթէ մեր պարագաները կը ներեն, կրնանք մասնակցիլ Թագաւորութեան սրահին մաքրութեան եւ նորոգութեան։ Եթէ մեր ուժը այս կերպերով գործածենք, շատ բարիք ըրած կ’ըլլանք եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Մենք կրնանք մեր ուժը գործածել ուրիշներուն համար (տե՛ս պարբերութիւն 9)


10. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր խօսքերով ուրիշները զօրացնել։

10 Նաեւ մի՛ մոռնար որ քու խօսքերդ զօրութիւն ունին։ Միտքդ կու գա՞յ անձ մը, որ կրնայ քաջալերուիլ եթէ զինք գովես։ Գիտե՞ս մէկը որ մխիթարութեան պէտք ունի։ Եթէ այո՛, կրնաս բան մը ընել որ զինք զգացնես, թէ իրմով հետաքրքրուած ես։ Կրնաս իրեն այցելել, հեռաձայնել կամ թերեւս քարտ մը, ե–նամակ մը կամ մէսըճ մը ղրկել։ Հոգ մի՛ ըներ, որ ի՛նչ բառեր պիտի գործածես։ Թերեւս անձը միայն քանի մը պարզ բայց սրտանց խօսքերու պէտք ունի, որպէսզի օր մը եւս հաւատարիմ մնայ կամ աւելի լաւ զգայ (Առ. 12։25. Եփ. 4։29

11. Եհովան ինչպէ՞ս կը գործածէ իր իմաստութիւնը։

11 Եհովան իմաստութիւն կու տայ։ Յակոբոս աշակերտը գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամէնուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր» (Յակ. 1։5)։ Ինչպէս որ այս խօսքը յստակ կը դարձնէ, Եհովան իր իմաստութիւնը իրեն չի պահեր։ Ան առատաձեռնօրէն իմաստութիւն կու տայ ուրիշներուն։ Նաեւ նկատէ որ երբ Եհովան իմաստութիւն կու տայ, ան մեզ «չի նախատեր», այսինքն՝ մեզ յանցաւոր չի զգացներ։ Ան չ’ուզեր որ մենք գէշ զգանք, երբ իրմէ իմաստութիւն խնդրենք։ Ընդհակառակը, ան մեզ կը քաջալերէ որ ասիկա ընենք (Առ. 2։1-6

12. Ի՞նչ առիթներ ունինք, որ մեր իմաստութիւնը ուրիշներուն փոխանցենք։

12 Կրնանք մենք ալ Եհովային պէս մեր իմաստութիւնը ուրիշներուն փոխանցել (Սաղ. 32։8)։ Եհովային ծառաները շատ առիթներ ունին, որ իրենց սորվածը ուրիշներուն փոխանցեն։ Օրինակ, շատ անգամ նորեկներուն կը մարզենք ծառայութեան մէջ։ Երէցները համբերութեամբ օգնական ծառաներուն եւ մկրտուած եղբայրներուն կ’օգնեն, որ սորվին ինչպէ՛ս ժողովքին մէջ իրենց նշանակումները կատարել։ Եւ անոնք որոնք շինարարութեան եւ նորոգութեան մէջ փորձառութիւն ունին, աւելի քիչ փորձառութիւն ունեցողները կը մարզեն աստուածպետական շինարարութիւններուն մէջ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս մեր իմաստութիւնը փոխանցել ուրիշներուն։

13 Լաւ կ’ըլլայ որ Եհովան ընդօրինակենք, երբ ուրիշները կը մարզենք։ Յիշէ որ Եհովան առատաձեռնօրէն իմաստութիւն կու տայ։ Մենք ալ մեր գիտցածները եւ փորձառութիւնները ուրիշներուն կը փոխանցենք, անոնք մենք մեզի չենք պահեր, վախնալով որ դիմացինը մեր տեղը առնէ։ Ո՛չ ալ կը մտածենք. ‘Ինծի մարզում տուող չեղաւ։ Ինքն ալ ինծի պէս իր գլխուն ճարին թող նայի’։ Եհովային ծառաները ասանկ չեն մտածեր։ Ընդհակառակը, մենք ոչ միայն մեր գիտցածները դիմացինին կը փոխանցենք, «հապա մեր անձերն ալ» (Ա. Թես. 2։8)։ Եւ կը յուսանք որ «անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։1, 2)։ Այսպիսով, ոչ միայն մեր իմաստութիւնը մէկ անձէն միւսը պիտի փոխանցուի, հապա՝ մեր ուրախութիւնն ալ։

ԵԹԷ ԴԻՄԱՑԻՆԸ ՄԵՐ ԸՐԱԾԸ ՉԳՆԱՀԱՏԷ

14. Ընդհանրապէս մարդիկ ի՞նչ կ’ընեն, երբ իրենց համար բան մը ընենք։

14 Երբ առատաձեռն ըլլանք, մանաւանդ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, անոնք ընդհանրապէս կը գնահատեն մեր ըրածը։ Թերեւս անոնք շնորհակալութեան քարտ մը ղրկեն, կամ ալ իրենց գնահատանքը տարբեր կերպով մը արտայայտեն (Կող. 3։15)։ Երբ դիմացինը մեր ըրածը գնահատէ, մենք աւելի ուրախ կը զգանք։

15. Ի՞նչ պէտք է յիշենք, եթէ ոմանք իրենց գնահատանքը չարտայայտեն։

15 Բայց ծուռ նստինք՝ շիտակ խօսինք, ատեններ մարդիկ իրենց գնահատանքը ցոյց չեն տար մեր ըրածին համար։ Թերեւս ատեններ մեր ժամանակէն, ուժէն կամ նիւթական բաներէն տանք ուրիշին, բայց զգանք որ ան մեր ըրածին արժէքը չգիտցաւ։ Եթէ ասիկա պատահի, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը չկորսնցնել կամ յուսախաբ չըլլալ։ Յիշէ մեր գլխաւոր համարին՝ Գործք 20։35–ին խօսքը։ Տալու մէջ մեր ուրախութիւնը կախեալ չէ դիմացինէն։ Մենք կրնանք մեր միտքը դնել որ տալով պիտի ուրախանանք, նոյնիսկ եթէ զգանք որ ուրիշներ չեն գնահատեր մեր ըրածը։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք կարգ մը կերպեր։

16. Ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք, երբ կու տանք։

16 Կեդրոնացի՛ր Եհովան ընդօրինակելու վրայ։ Եհովան լաւ բաներ կու տայ մարդոց, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն գնահատեր (Մատ. 5։43-48)։ Եհովան մեզի կը խոստանայ, որ երբ մենք ալ ուրիշներուն տանք «առանց փոխարէնը բան մը սպասելու», մեր «վարձքը շատ պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 6։35)։ «Առանց փոխարէնը բան մը սպասելու» կրնայ նաեւ նշանակել՝ առանց փոխարէնը գնահատանքի խօսք մը սպասելու։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ նոյնիսկ եթէ դիմացինը մեր ըրածը չգնահատէ, Եհովան միշտ մեզ պիտի վարձատրէ մեր ըրած լաւութիւններուն համար, քանի որ յօժարակամ կերպով կու տանք (Առ. 19։17. Բ. Կոր. 9։7

17. Ինչպէ՞ս կրնանք ճիշդ բանին վրայ կեդրոնանալ երբ կու տանք (Ղուկաս 14։12-14

17 Ղուկաս 14։12-14–ին սկզբունքը մեզի կ’օգնէ, որ ճիշդ բանի վրայ կեդրոնանանք երբ կու տանք (կարդա՛)։ Սխալ չէ որ հիւրասէր կամ առատաձեռն գտնուինք այն անձերուն հանդէպ, որոնք կրնան փոխարէնը նոյնը ընել մեզի համար։ Բայց եթէ անդրադառնանք, որ շատ անգամ ուրիշներուն կու տանք՝ քանի որ փոխարէնը բան մը կը սպասենք անոնցմէ, լաւ կ’ըլլայ որ Յիսուսին ըսածը ընենք։ Կրնանք առատաձեռն ըլլալ անհատի մը հանդէպ, որ փոխարէնը բան մը չի կրնար տալ մեզի։ Այս մէկը մեզ պիտի ուրախացնէ, քանի որ այսպիսով Եհովան կ’ուրախացնենք։ Ասիկա նաեւ մեզի պիտի օգնէ, որ մեր ուրախութիւնը չկորսնցնենք, երբ ուրիշներ իրենց գնահատանքը չեն արտայայտեր մեզի հանդէպ։

18. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ դիմացինին շարժառիթներուն վրայ կասկած չունենանք։

18 Ուրիշներուն շարժառիթներուն վրայ կասկած մի՛ ունենար (Ա. Կոր. 13։7)։ Եթէ դիմացինը իր գնահատանքը չարտայայտէ, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ան իրապէ՞ս չի գահատեր մեր ըրածը, թէ ոչ պարզապէս մոռցաւ իր գնահատանքը արտայայտելու’։ Թերեւս ուրիշ պատճառներ կան, որ ան մեր ակնկալածին պէս չվարուեցաւ մեզի հետ։ Ոմանք շատ կը գնահատեն դիմացինին ըրածը, բայց իրենց համար դժուար է իրենց գնահատանքը արտայայտել։ Ոմանք ալ թերեւս կ’ամչնան, երբ մէկը իրենց օգնէ, մանաւանդ եթէ անցեալին իրենք էին որ ուրիշներուն կ’օգնէին։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, քրիստոնէական սէրը մեզի պիտի օգնէ, որ դիմացինին շարժառիթներուն վրայ կասկած չունենանք եւ շարունակենք ուրախութեամբ տալ (Եփ. 4։2

19-20. Ուրիշ ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն ուրախութեամբ տանք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

19 Համբերող եղի՛ր։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւորը խօսելով առատաձեռնութեան մասին, գրեց. «Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես» (Ժող. 11։1)։ Ինչպէս որ այս խօսքը ցոյց կու տայ, ոմանք մեր ըրածին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տան «շատ օրերէն ետքը»։ Նկատի առ փորձառութիւն մը, որ այս կէտը կը շեշտէ։

20 Տարիներ առաջ, շրջանային տեսուչի մը կինը քաջալերական նամակ մը գրեց նոր մկրտուած քրոջ մը, եւ զինք քաջալերեց որ հաւատարիմ մնայ։ Գրեթէ ութ տարի ետք, ան նամակին պատասխանը առաւ։ Քոյրը գրած էր. «Զգացի թէ պէտք է որ քեզի գրեմ եւ ըսեմ, թէ դուն առանց գիտնալու որքա՜ն օգտակար դարձար ինծի տարիներու ընթացքին»։ Ան շարունակեց. «[Խօսքերդ] շատ ջերմ էին, բայց յիշած համարդ էր որ սրտիս դպաւ, եւ բնա՛ւ չմոռցայ» a։ Իր գլուխէն անցած կարգ մը բաներուն մասին խօսելէ ետք, քոյրը ըսաւ. «Երբեմն պարզապէս կ’ուզէի որ ամէն բանէ վազ անցնիմ, Վկայ ըլլալէ վազ անցնիմ, ամէն ինչ ձգեմ–քալեմ։ Բայց գրած համարդ միտքս կու գար եւ կ’օգնէր որ տոկամ»։ Ան աւելցուց. «Այդ ութ տարիներուն ընթացքին, չկար բան մը որ ինծի ազդեց, որքան այդ համարը»։ Երեւակայէ թէ շրջանային տեսուչին կինը որքա՜ն ուրախացաւ, երբ այս նամակը ստացաւ «շատ օրերէն ետքը»։ Թերեւս մենք ալ գնահատական խօսք մը լսենք, դիմացինին բարիք ընելէն երկա՜ր ժամանակ ետք։

Թերեւս գնահատական խօսք մը լսենք, դիմացինին բարիք ընելէն երկա՜ր ժամանակ ետք (տե՛ս պարբերութիւն 20) b


21. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք շարունակել Եհովային պէս առատաձեռն ըլլալ։

21 Ինչպէս որ նշեցինք, Եհովան մեզ յատուկ կարողութեամբ մը ստեղծած է։ Ճիշդ է որ մենք կ’ուրախանանք երբ մէկէ մը բան մը կը ստանանք, բայց ա՛լ աւելի կ’ուրախանանք երբ մե՛նք բան մը կու տանք ուրիշներուն։ Շատ լաւ կը զգանք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք։ Եւ կ’ուրախանանք երբ անոնք իրենց գնահատանքը կ’արտայայտեն։ Բայց նոյնիսկ եթէ չարտայայտեն, մենք տակաւին կրնանք ուրախ ըլլալ, քանի որ ճիշդ բանը ըրինք։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ ի՛նչ որ ալ տաս, «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ» (Բ. Մն. 25։9)։ Եհովան քեզ աւելիով պիտի վարձատրէ, եւ ասկէ աւելի ուրախութիւն չի կրնար ըլլալ։ Ուրեմն, վճռենք շարունակել մեր երկնաւոր Հօր պէս առատաձեռն ըլլալ։

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

a Շրջանային կնոջ յիշած համարը Բ. Յովհաննէս 8–ն էր, որ կ’ըսէ. «Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն, որ աշխատանքնիս չկորսնցնենք, հապա որպէս զի լման վարձք առնենք»։

b ՆԿԱՐ. Ցուցադրութիւն, թէ ինչպէս շրջանային տեսուչի մը կինը քաջալերական խօսք մը կը գրէ քրոջ մը, եւ թէ ինչպէս տարիներ ետք՝ ան գնահատանքի խօսք մը կը ստանայ այդ քրոջմէն։