ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Փետրուար 2018

Այս թիւը կը բովանդակէ 2018–ի ապրիլ 2-29 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Ընդօրինակէ Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը

Այս հաւատարիմ մարդիկը անցան այնպիսի դժուարութիւններէ, որ մենք այսօր ունինք։ Ի՞նչը իրենց օգնեց որ հաւատարիմ մնան։

Եհովան կը ճանչնա՞ս Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին պէս

Այդ անձերը ինչպէ՞ս ճանչցած Աստուած։ Իրենց ստացած գիտութիւնը ի՞նչ օգուտներ բերաւ իրենց։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց հաւատքը ունենալ։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովային քով ամէն բան կարելի է

Խըրխըզիստանին մէջ, պասի մը մէջ ըսուած քանի մը հետաքրքրական խօսքեր կը փոխեն զոյգի մը կեանքը։

Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր անձ ըլլալ

Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ «հոգեւոր անձ»ին յատկութիւնները, եւ թէ ան ինչպէ՛ս կը տարբերի «մարմնաւոր անձ»էն։

Յառաջդիմէ՛ որպէս հոգեւոր անձ

Պայման չէ որ Սուրբ Գիրքէն գիտութիւն առնելով հոգեւոր անձ մը դառնաս։ Ուրիշ ի՞նչ պէտք է։

Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը

Եթէ անդրադառնաս որ ամէնօրեայ նեղութիւնները ուրախութիւնդ կը տանին, ի՞նչ կրնաս ընել որ զայն ետ բերես։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Հանրային դասախօսութիւններ՝ որոնք բարի լուրը տարածեցին Իրլանտային մէջ

Ի՞նչը համոզեց Չ. Թ. Ռասըլը, որ այդտեղի դաշտը «հնձուելու պատրաստ» է։