Ընդօրինակէ Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը
«Նոյը, Դանիէլը ու Յոբը. . . իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն» (ԵԶԵԿ. 14։14)։
1, 2. ա) Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին օրինակները ինչո՞ւ կրնան մեզ քաջալերել։ բ) Ի՞նչ պայմաններու մէջ գրուեցաւ Եզեկիէլ 14։14–ին խօսքը։
ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ մէ՞ջ ես, ինչպէս՝ առողջապահական խնդիրներ, դրամական նեղութիւններ կամ հալածանք։ Ատեններ պայքար կ’ունենա՞ս ուրախութիւնդ չկորսնցնելու համար Եհովային ծառայութեան մէջ։ Եթէ ա՛յո, Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին օրինակները կրնան քեզ քաջալերել։ Անոնք անկատար էին եւ մեր ունեցած շատ մը դժուարութիւններէն անցան, նոյնիսկ ատեններ իրենց կեանքը վտանգի տակ էր։ Բայց Եհովային հաւատարիմ մնացին, եւ Իր աչքին՝ հաւատքի եւ հնազանդութեան օրինակներ էին (կարդա՛ Եզեկիէլ 14։12-14)։
2 Եզեկիէլ գլխաւոր համարին խօսքը գրեց Ք.Ա. 612–ին, Բաբելոնիայի մէջ (Եզեկ. 1։1. 8։1) *։ Երուսաղէմի կործանումին ժամանակը կը մօտենար, որ տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 607–ին։ Այդ կործանումէն քիչեր փրկուեցան, քանի որ Նոյին, Դանիէլին ու Յոբին պէս հաւատարիմ եւ հնազանդ էին (Եզեկ. 9։1-5)։ Անոնց մէջ կային՝ Երեմիան, Բարուքը, Աբդեմելէքը եւ ռեքաբեանները։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։
3 Ներկայիս ալ միայն անոնք, որոնք Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին պէս արդար են Եհովային աչքին, պիտի փրկուին այս չար աշխարհին կործանումէն (Յայտ. 7։9, 14)։ Տեսնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ այս անձերուն անունները տուաւ որպէս արդար անձերու օրինակներ։ Նկատի պիտի առնենք թէ 1) ամէն մէկը ի՛նչ դժուարութիւններէ անցաւ եւ 2) ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել անոնց հաւատքն ու հնազանդութիւնը։
ՆՈՅ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 900 ՏԱՐԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՒ ՀՆԱԶԱՆԴ ՄՆԱՑ
4, 5. Նոյին կարգ մը դժուարութիւնները ի՞նչ էին, եւ անոր հաւատարմութիւնը ինչո՞ւ ուշագրաւ է։
4 Նոյին ունեցած դժուարութիւնները։ Նոյին մեծ–հօր հօր՝ Ենովքին ժամանակ, արդէն իսկ մարդիկ շատ չար դարձած էին։ Անոնք նոյնիսկ «խիստ խօսքեր» կը խօսէին Եհովային դէմ (Յդ. 14, 15)։ Վայրագութիւնը կը շատնար, իսկ Նոյին օրերուն՝ «երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ» (ԱԾ)։ Չար հրեշտակներ երկիր եկան, մարդկային մարմիններ հագան, կիներ առին եւ անգութ զաւակներ ունեցան (Ծն. 6։2-4, 11, 12)։ Բայց Նոյ շատ տարբեր էր անոնցմէ։ Ան «Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ. . . Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (Ծն. 6։8, 9)։
5 Այդ խօսքը ի՞նչ կը յայտնէ Նոյին մասին։ Առաջին, մտածէ որ ան Ջրհեղեղէն առաջ որքա՛ն ժամանակ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեց այդ չար աշխարհին մէջ։ Ո՛չ թէ 70 կամ 80 տարի, հապա՝ գրեթէ 600 տարի (Ծն. 7։11)։ Երկրորդ, ան ժողովք մը չունէր, որ իրեն օգնէր եւ քաջալերէր, ինչպէս որ մենք այսօր ունինք։ Այնպէս կ’երեւի թէ նոյնիսկ իր եղբայրներն ու քոյրերը թիկունք չկանգնեցան իրեն *։
6. Նոյ ինչպէ՞ս մեծ քաջութեամբ վարուեցաւ։
6 Նոյ չմտածեց որ լաւ անձ մը ըլլալը բաւարար է։ Ան նաեւ համարձակութեամբ ուրիշներուն խօսեցաւ Եհովային հանդէպ իր հաւատքին մասին։ Սուրբ Գիրքը զինք կը կոչէ «արդարութեան քարոզիչ» (Բ. Պետ. 2։5)։ Պօղոս առաքեալ գրեց որ ան «հաւատքով. . . աշխարհս դատապարտեց» (Եբ. 11։7)։ Անկասկած մարդիկ զինք ծաղրեցին եւ փորձեցին զինք կեցնել։ Թերեւս նոյնիսկ ուզեցին վնաս հասցնել իրեն։ Բայց Նոյ «մարդոց հանդէպ վախ» չունէր (Առ. 29։25, ՆԱ)։ Ընդհակառակը, ան ունէր այն քաջութիւնը, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն կու տայ։
7. Նոյ ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, երբ տապանը կը շինէր։
7 Նոյ արդէն իսկ աւելի քան 500 տարի հաւատարիմ էր, երբ Եհովան իրմէ խնդրեց որ տապան մը շինէ, մարդկային եւ անասնական կեանքը փրկելու համար (Ծն. 5։32. 6։14)։ Այսպիսի մեծ տապան մը շինելը շատ դժուար երեւցած ըլլալու էր Նոյին։ Ան վստահաբար գիտէր որ մարդիկ ա՛լ աւելի զինք պիտի ծաղրէին եւ հակառակէին։ Բայց ան հաւատք ունէր եւ Եհովային հնազանդեցաւ։ «Եւ ա՛յդպէս ըրաւ Նոյ. Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ» (Ծն. 6։22, ԱԾ)։
8. Նոյ ինչպէ՞ս ցուցուց որ վստահ էր, թէ Եհովան նիւթապէս զինք պիտի հոգար։
8 Նոյ ուրիշ դժուարութիւն ալ ունէր. ան պէտք էր նիւթապէս հոգ տանէր իր կնոջ եւ զաւակներուն։ Ջրհեղեղէն առաջ, մարդիկ սովորականէն աւելի ծանր պէտք էր աշխատէին, որպէսզի ուտելիք ապահովելու համար ցանէին ու հնձէին։ Նոյին պարագան ալ նոյնն էր (Ծն. 5։28, 29)։ Բայց ան չկեդրոնացաւ նիւթական հոգերու վրայ, հապա՝ Աստուծոյ ծառայելուն վրայ։ Նոյնիսկ երբ տապանը կը շինէր, որ թերեւս 40 կամ 50 տարի տեւեց, Նոյ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնաց։ Ան այդպէս շարունակեց ընել Ջրհեղեղէն ետք 350 տարի ալ (Ծն. 9։28)։ Հաւատքի եւ հնազանդութեան ի՜նչ լաւ օրինակ ձգեց։
9, 10. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Նոյին հաւատքն ու հնազանդութիւնը ընդօրինակել։ բ) Եթէ վճռած ես Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդիլ, ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ։
Մատ. 6։33. Յովհ. 15։19)։ Անշուշտ, ասիկա կը ձգէ որ աշխարհը մեզ չսիրէ։ Օրինակ, քանի որ վճռած ենք ամուսնութեան եւ սեռային յարաբերութիւններու նկատմամբ Եհովային օրէնքներուն հնազանդիլ, կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկ մեր մասին գէշ բաներ կը խօսին հաղորդամիջոցներու միջոցաւ (կարդա՛ Մաղաքիա 3։17, 18)։ Մենք Նոյին պէս Եհովայի՛ն հանդէպ վախ ունինք, եւ ոչ թէ մարդոց հանդէպ։ Գիտենք որ միայն ի՛նք կրնայ յաւիտենական կեանք տալ մեզի (Ղուկ. 12։4, 5)։
9 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Նոյին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ Ասիկա կ’ընենք Եհովային արդարութեան թիկունք կանգնելով, Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չըլլալով եւ Եհովան առաջին տեղը դնելով (10 Դուն քեզի հարցուր. ‘Պիտի շարունակե՞մ Եհովային աչքին ճիշդ եղածը ընել, նոյնիսկ երբ ուրիշներ ծաղրեն կամ քննադատեն զիս։ Վստա՞հ եմ որ Եհովան կրնայ նիւթապէս հոգ տանիլ ընտանիքիս, նոյնիսկ երբ դրամ շահիլը դժուար ըլլայ’։ Եթէ Նոյին պէս հաւատաս եւ հնազանդիս Եհովային, կրնաս վստահ ըլլալ որ Ան հոգ պիտի տանի քեզի (Փլպ. 4։6, 7)։
ԴԱՆԻԷԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՒ ՀՆԱԶԱՆԴ ՄՆԱՑ ՉԱՐ ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ՄԷՋ
11. Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները ի՞նչ մեծ դժուարութիւններ ունեցան Բաբելոնին մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։
11 Դանիէլին ունեցած դժուարութիւնները։ Դանիէլ որպէս գերի կ’ապրէր Բաբելոնին մէջ, որ կռապաշտութեամբ եւ ոգեհարցութեամբ լեցուն քաղաք մըն էր։ Նաեւ, բաբելոնացիները ցած աչքով կը նայէին հրեաներուն, եւ կը ծաղրէին թէ՛ զիրենք եւ թէ իրենց Աստուածը՝ Եհովան (Սաղ. 137։1, 3)։ Ասիկա որքա՜ն վիրաւորած ըլլալու էր Դանիէլը եւ իրեն նման հաւատարիմ հրեաներ։ Ասկէ զատ, շատերու ուշադրութիւնը ուղղուած էր Դանիէլին եւ իր երեք ընկերներուն՝ Անանիային, Միսայէլին եւ Ազարիային, քանի որ պիտի մարզուէին Բաբելոնի թագաւորին ծառայելու համար։ Նոյնիսկ որոշուած էր որ թագաւորին ճաշերը պիտի ուտէին։ Բայց Դանիէլ ինքզինք չպղծեց «թագաւորին համեղ ճաշով» (Դան. 1։5-8, 14-17)։
12. ա) Դանիէլ ինչպիսի՞ անձ մըն էր։ բ) Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայէր Դանիէլին։
12 Դանիէլ ուրիշ հարց մըն ալ ունէր, որ թերեւս սկիզբը շատ դժուար չէր թուեր։ Ան սովորականէն դուրս կարողութիւններ ունէր, եւ ասիկա ձգեց որ թագաւորը յատուկ առանձնաշնորհումներ տայ իրեն (Դան. 1։19, 20)։ Բայց Դանիէլ հպարտ չդարձաւ, ոչ ալ կը խորհէր որ իր կարծիքը միշտ ճիշդ է։ Ան խոնարհ ու համեստ մնաց, եւ միշտ կ’ըսէր թէ Եհովա՛ն էր, որ յաջողութիւն կու տար իրեն (Դան. 2։30)։ Պահ մը մտածէ. Դանիէլ տակաւին պատանի՛ էր, երբ Եհովան զինք արժանի տեսաւ որ Նոյին եւ Յոբին հետ մէկտեղ իր անունն ալ յիշուի որպէս արդար անձ։ Եհովան իրապէ՛ս կը վստահէր Դանիէլին, եւ ասիկա տեղին էր. ան Եհովային հաւատարիմ եւ հնազանդ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Երբ ան գրեթէ 100 տարեկան էր, Աստուծոյ հրեշտակը այս ազնիւ խօսքը ըսաւ իրեն. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ» (Դան. 10։11)։
13. Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովան Դանիէլին օգնեց որ բարձր դիրքի մը հասնի։
13 Քանի որ Եհովան թիկունք կը կանգնէր Դանիէլին, ան բարձրաստիճան պաշտօնեայ դարձաւ թէ՛ Բաբելոնական կայսրութեան մէջ եւ թէ Մարա–Պարսկական կայսրութեան մէջ (Դան. 1։21. 6։1, 2)։ Թերեւս Եհովան ձգեց որ Դանիէլ այս բարձր դիրքին հասնի, որպէսզի կարենայ իր ժողովուրդին օգնել, ճիշդ ինչպէս որ Յովսէփ ըրաւ Եգիպտոսին մէջ, իսկ Եսթեր եւ Մուրթքէ՝ Պարսկաստանին մէջ (Դան. 2։48) *։ Երեւակայէ թէ գերութեան մէջ եղող հրեաները,– մէջը ըլլալով Եզեկիէլ,– որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էին, երբ տեսան որ Եհովան Դանիէլը կը գործածէ իրենց օգնելու համար։
14, 15. ա) Մեր պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի Դանիէլի պարագային։ բ) Ներկայիս, ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դանիէլին ծնողքէն։
14 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Դանիէլին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ Ներկայիս, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ անբարոյութեամբ եւ սուտ պաշտամունքով լեցուն է։ Մարդիկ ազդուած են Մեծ Բաբելոնէն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, որ կը կոչուի՝ «դեւերու բնակավայր» (Յայտ. 18։2)։ Բայց մենք օտարներու պէս ենք այս աշխարհին մէջ։ Ուրիշներէ շատ տարբեր ըլլալով, ծաղրանքի առարկայ կը դառնանք (Մար. 13։13)։ Թող որ Դանիէլին պէս մօտենանք մեր Աստուծոյն՝ Եհովային։ Երբ խոնարհութեամբ եւ հնազանդութեամբ վստահինք իրեն, մենք ալ «ցանկալի» կամ արժէքաւոր պիտի ըլլանք իր աչքին (Ան. 2։7)։
15 Ծնողները կրնան կարեւոր դասեր սորվիլ Դանիէլին ծնողքէն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ Դանիէլ պզտիկ էր Յուդային մէջ, իր շուրջի մարդոց մեծամասնութիւնը շատ չար էր։ Բայց ան եղաւ մէկը որ Եհովան կը սիրէ։ Ասիկա կը ցուցնէ որ իր ծնողքը Եհովային մասին կը սորվեցնէին իրեն (Առ. 22։6)։ Նոյնիսկ Դանիէլին անունը, որ կը նշանակէ «Աստուած իմ Դատաւորս է», կը ցուցնէ թէ իր ծնողքը աստուածավախ էին։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, ձեր յոյսը մի՛ կտրէք ձեր զաւակներէն, հապա՝ համբերութեամբ սորվեցուցէք անոնց (Եփ. 6։4)։ Անոնց հետ աղօթեցէք։ Անոնց համար ալ աղօթեցէք։ Ձեր լաւագոյնը ըրէք որ անոնց սորվեցնէք ճշմարտութիւնը սիրել, եւ այսպիսով Եհովան մեծապէս պիտի օրհնէ ձեզ (Սաղ. 37։5)։
ՅՈԲ ԹԷ՛ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԷ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ՀՆԱԶԱՆԴ ՄՆԱՑ
16, 17. Յոբ ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունեցաւ իր կեանքին տարբեր ժամանակներուն մէջ։
16 Յոբին ունեցած դժուարութիւնները։ Յոբ մեծ փոփոխութիւններէ անցաւ իր կեանքին մէջ։ Սկիզբը, ան «բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր» (Յոբ 1։3)։ Հարուստ, ճանչցուած եւ յարգուած էր (Յոբ 29։7-16)։ Բայց հակառակ ասոր, ան չմտածեց որ ուրիշներէն լաւ է կամ Աստուծոյ պէտք չունի։ Ասիկա գիտենք, քանի որ Եհովան զինք կոչեց «իմ ծառաս», եւ ըսաւ որ ան «կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ» է (Յոբ 1։8)։
17 Յանկարծ, Յոբին կեանքը լման փոխուեցաւ։ Ան իր ամբողջ ունեցածը կորսնցուց եւ այնքա՛ն ընկճուեցաւ, որ ուզեց մեռնիլ։ Մենք գիտենք որ Յոբին խնդիրներուն պատճառը Սատանան էր։ Ան ըսաւ Յոբ 1։9, 10)։ Եհովան այդ ամբաստանութիւնը չանտեսեց. հապա առիթ տուաւ Յոբին որ փաստէ իր հաւատարմութիւնը եւ ցուցնէ, թէ սէրէ մղուած զինք կը պաշտէ։
որ Յոբ իր անձնասէր շահերուն համար կը պաշտէր Եհովան (կարդա՛18. ա) Յոբին մասին ի՞նչ բան կը տպաւորէ քեզ։ բ) Ի՞նչ կը սորվինք Եհովային մասին, Յոբին հետ վարուած իր կերպէն։
18 Սատանան ետեւ–ետեւի յարձակեցաւ Յոբին վրայ, եւ ձգեց որ ան կարծէ թէ Աստուած է պատասխանատուն (Յոբ 1։13-21)։ Ետքը, երեք սուտ մխիթարիչներ եկան եւ Յոբին ծանր խօսքեր ըսին, ինչպէս՝ թէ ան չար անձ մըն է եւ Աստուած զինք կը պատժէ (Յոբ 2։11. 22։1, 5-10)։ Բայց Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Ճիշդ է որ ան ատեններ անխոհեմաբար խօսեցաւ, բայց Եհովան հասկցաւ իր զգացած ցաւը (Յոբ 6։1-3)։ Ան տեսաւ որ Յոբ ընկճուած էր բայց իր կռնակը չէր դարձուցած իրեն, հակառակ որ Սատանան կարծես թէ զինք գետին նետած էր եւ ծանր խօսքերով վիրաւորած էր։ Երբ փորձութիւնը վերջացաւ, Եհովան անոր առաջուան ունեցածին երկու անգամը տուաւ եւ իր կեանքը 140 տարի երկնցուց (Յակ. 5։11)։ Այդ ժամանակուան ընթացքին, Յոբ շարունակեց ամբողջ սրտով Աստուծոյ ծառայել։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ այս յօդուածին գլխաւոր համարը, Եզեկիէլ 14։14, գրուեցաւ Յոբին մեռնելէն հարիւրաւոր տարիներ ետք։
19, 20. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային նմանելով կարեկցիլ ուրիշներուն։
19 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ Ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները, թող որ միշտ Եհովան առաջին տեղը դնենք, իրեն լման վստահելով եւ ամբողջ սրտով հնազանդելով։ Իրականութեան մէջ, մենք ասիկա ընելու համար Յոբէն աւելի պատճառներ ունինք, քանի որ շատ բաներ գիտենք Սատանային եւ իր մեթոտներուն մասին (Բ. Կոր. 2։11)։ Նաեւ, Սուրբ Գիրքին միջոցաւ, մանաւանդ Յոբ գիրքին միջոցաւ, գիտենք որ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Դանիէլի մարգարէութենէն կը հասկնանք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որուն Թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է (Դան. 7։13, 14)։ Եւ գիտենք որ այս Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն վերջ պիտի դնէ բոլոր չարչարանքներուն։
20 Յոբին փորձառութիւնը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ զգանք, երբ նեղութիւններէ կ’անցնին։ Ոմանք թերեւս ատեններ Յոբին պէս անխոհեմաբար խօսին (Ժող. 7։7)։ Բայց փոխանակ զանոնք դատելու, թող որ խորատես ըլլանք եւ անոնց կարեկցինք։ Այսպիսով, մեր սիրալիր եւ կարեկցող Աստուծոյ՝ Եհովային պէս վարուած պիտի ըլլանք (Սաղ. 103։8)։
ԵՀՈՎԱՆ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱՑՆԷ ՔԵԶ
21. Ա. Պետրոս 5։10–ին խօսքը ինչպէ՞ս մեզի կը յիշեցնէ Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին փորձառութիւնները։
21 Թէեւ Նոյը, Դանիէլը եւ Յոբը ապրեցան տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ եւ տարբեր պայմաններու տակ, բայց իրենց դժուարութիւններուն դիմացան։ Անոնց փորձառութիւնները մեզի կը յիշեցնեն Պետրոս առաքեալին ըսածը. «Քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, [Աստուած] ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛» (Ա. Պետ. 5։10)։
22. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։
22 Ա. Պետրոս 5։10–ին խօսքը նաեւ կը կիրարկուի Աստուծոյ ժողովուրդին այսօր։ Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ իր ծառաները պիտի հաստատէ ու զօրացնէ։ Բոլորս կ’ուզենք որ Եհովան մեզ զօրացնէ եւ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Այս պատճառով կ’ուզենք ընդօրինակել Նոյին, Դանիէլին եւ Յոբին հաւատքն ու հնազանդութիւնը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք որ անոնք կրցան Եհովային հաւատարիմ մնալ, քանի որ իրապէս կը ճանչնային զինք։ Անոնք նոյնիսկ ‘հասկցան ամէն բան’ որ իրենցմէ խնդրեց (Առ. 28։5)։ Մենք ալ նոյնը կրնանք ընել։
^ պարբ. 2 Եզեկիէլ գերութեան տարուեցաւ Ք.Ա. 617–ին։ Ան Եզեկիէլ 8։1–19։14–ին խօսքերը գրեց այդ գերութեան «վեցերորդ տարին», այսինքն՝ Ք.Ա. 612–ին։
^ պարբ. 5 Նոյին աստուածավախ հայրը՝ Ղամէք մահացաւ Ջրհեղեղէն շուրջ հինգ տարի առաջ։ Եթէ Նոյին մայրը եւ եղբայրներն ու քոյրերը ողջ էին երբ Ջրհեղեղը սկսաւ, անոնք չազատեցան։
^ պարբ. 13 Կրնայ ըլլալ որ Եհովան նոյն բանը ըրաւ Անանիային, Միսայէլին եւ Ազարիային, որպէսզի իրենք ալ կարենան օգնել հրեայ ժողովուրդին (Դան. 2։49)։