Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը

Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը

ԲՈԼՈՐ մարդիկը կ’ուզեն ուրախ կեանք ունենալ։ Բայց այս «վերջին օրեր»ուն մէջ մարդիկ «չար ժամանակներ»ու կամ դժուարութիւններու կը հանդիպին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Անարդարութեան, հիւանդութեան, անգործութեան, մահերու կամ ուրիշ մտահոգութիւններու պատճառաւ, ոմանք կրնան աստիճանաբար կորսնցնել իրենց ուրախութիւնը։ Նոյնիսկ Աստուծոյ ծառաները կրնան վհատութեան գիրկը իյնալ եւ իրենց ուրախութիւնը կորսնցնել։ Եթէ ուրախութիւնդ կորսնցուցած ես, ինչպէ՞ս կրնաս զայն ետ բերել։

Այդ հարցումին պատասխանելու համար, նախ հասկնանք թէ ի՛նչ է իսկական խնդութիւնը կամ ուրախութիւնը, եւ ինչպէ՛ս ուրիշներ կրցած են ուրախ մնալ հակառակ դժուարութիւններուն։ Նաեւ պիտի տեսնենք որ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի պահենք մեր ուրախութիւնը եւ նոյնիսկ աւելցնենք զայն։

Ի՞ՆՉ Է ԽՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրախ ըլլալը տարբեր է զուարթ ըլլալէն։ Օրինակ, գինեմոլը շատ խմելէ ետք կրնայ լաւ տրամադրութիւն ունենալ։ Բայց երբ ինքզինքին գայ, այլեւս չի խնդար եւ կ’անդրադառնայ որ իր կեանքը տակաւին խնդիրներով լեցուն է։ Անոր զուարթութիւնը ժամանակաւոր էր եւ իսկական ուրախութիւն չէր (Առ. 14։13

Անդին, ուրախութիւնը այն զօրաւոր զգացումն է, որ կ’ունենանք երբ լաւ բան մը կը ստանանք կամ կ’ակնկալենք։ Ուրախութիւնը երջանիկ վիճակ է, որ չի փոխուիր՝ պարագան ըլլայ լաւ թէ գէշ (Ա. Թես. 1։6)։ Մէկը կրնայ մտահոգ ըլլալ, բայց միեւնոյն ատեն ուրախութիւն ունենալ իր սիրտին մէջ։ Օրինակ, առաքեալները ծեծուեցան, քանի որ Քրիստոսին մասին կը քարոզէին։ Բայց «ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։41)։ Անշուշտ, անոնք ուրախ էին ոչ թէ քանի որ ծեծուեցան, հապա քանի որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին։

Ուրախութիւնը ի ծնէ չի գար, ոչ ալ ինքնաբերաբար կը զարգանայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իսկական ուրախութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ մասն է։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք «նոր մարդը» կամ անձնաւորութիւնը հագնիլ, որուն յատկութիւններէն մէկն է ուրախութիւնը (Եփ. 4։24. Գաղ. 5։22)։ Իսկ երբ ուրախութիւն ձեռք ձգենք, աւելի դիւրութեամբ կրնանք կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլել։

ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԵԼԻՔ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Եհովային նպատակն էր որ երկրի վրայ լաւ բաներ տեղի ունենան, եւ ո՛չ թէ այն գէշ բաները, որ կը տեսնենք այսօր։ Բայց ուրիշներուն չար արարքները Եհովային ուրախութիւնը չեն խլեր։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Զօրութիւն եւ ուրախութիւն [կայ] անոր բնակութեանը մէջ» (Ա. Մն. 16։27)։ Աւելին, Եհովայի ծառաներուն բարի գործերը ‘իր սիրտը կ’ուրախացնեն’ (Առ. 27։11

Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք, երբ չափէ դուրս չենք մտահոգուիր եթէ պարագաները մեր ուզածին պէս չընթանան։ Փոխանակ մեր ուրախութիւնը կորսնցնելու, կրնանք կեդրոնանալ մեր ունեցած լաւ բաներուն վրայ եւ համբերութեամբ սպասել գալիք աւելի լաւ բաներուն *։

Սուրբ Գիրքին մէջ կան նաեւ շատ մը մարդոց օրինակները, որոնք իրենց ուրախութիւնը չկորսնցուցին՝ թէեւ դժուարութիւններէ կ’անցնէին։ Աբրահամ պահեց իր ուրախութիւնը նոյնիսկ երբ իր կեանքին վրայ վտանգ կար եւ երբ ուրիշներ խնդիրներ պատճառեցին իրեն (Ծն. 12։10-20. 14։8-16. 16։4, 5. 20։1-18. 21։8, 9)։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր միտքին մէջ վառ պահեց Մեսիային իշխանութեան ներքեւ նոր աշխարհին մէջ ապրելու իր յոյսը (Ծն. 22։15-18. Եբ. 11։10)։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել. . . եւ ուրախացաւ» (Յովհ. 8։56)։ Կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել՝ խոկալով գալիք ուրախութիւններուն վրայ (Հռով. 8։21

Նաեւ Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցը՝ Շիղան, կեդրոնացան Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։ Անոնք զօրաւոր հաւատք ունէին եւ իրենց ուրախութիւնը պահեցին հակառակ նեղութիւններուն։ Օրինակ, սարսափելիօրէն ծեծուելէ եւ բանտ նետուելէ ետք, «կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին» երգերով (Գործք 16։23-25)։ Իրենց ունեցած յոյսը իրենց ոյժ տուաւ։ Ասկէ զատ, անոնք ուրախ էին, քանի որ Քրիստոսին անուան համար կը չարչարուէին։ Կրնանք Պօղոսը եւ Շիղան ընդօրինակել՝ մեր միտքը պահելով այն լաւ արդիւնքները, որ Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայելը կը բերէ (Փլպ. 1։12-14

Այսօր, շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր ունինք, որոնք իրենց ուրախութիւնը չեն կորսնցուցած դժուարութիւններու ատեն։ Օրինակ, նոյեմբեր 2013–ին Ֆիլիփիններուն մէջ, «Հայիան» զօրաւոր փոթորկահովը քանդեց աւելի քան 1000 Վկայ ընտանիքներու տուները։ Ճորճ, որուն տունը Թաքլոպան քաղաքին մէջ լման քանդուած էր, ըսաւ. «Հակառակ պատահածին, եղբայրները ուրախ են։ Դժուար է բացատրել թէ ինչ տեսակ ուրախութիւն կը զգանք»։ Երբոր մեծ նեղութիւններ քաշենք, կրնանք ուրախ մնալ, եթէ գնահատանքով խոկանք մեզի համար Եհովային ըրածներուն վրայ։ Ասկէ զատ, ուրախութեան ուրիշ ի՞նչ պատճառներ ունինք։

ՄԵՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Ուրախութեան աւելի մեծ պատճառ չկայ քան՝ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Պահ մը մտածէ. մենք տիեզերքին Գերիշխա՛նը կը ճանչնանք։ Ան մեր Հայրը, Աստուածը եւ Բարեկամն է (Սաղ. 71։17, 18

Նաեւ, կ’արժեւորենք կեանքի պարգեւը եւ զայն վայելելու մեր կարողութիւնը (Ժող. 3։12, 13)։ Որովհետեւ Եհովան մեզ իրեն քաշած է, կը հասկնանք մեզի նկատմամբ իր կամքը եւ գիտենք թէ ինչպէս պէտք է ապրինք մեր կեանքը (Կող. 1։9, 10)։ Անդին, մարդոց մեծամասնութիւնը չի հասկնար թէ ի՛նչ է կեանքին իմաստը։ Այս իրողութիւնը շեշտելու համար Պօղոս գրեց. «‘Աչք չէ տեսեր, ականջ չէ լսեր, ո՛չ ալ մարդու սիրտին մէջ մտեր են այն բաները, որ Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն’։ Սակայն Աստուած զանոնք յայտնած է մեզի իր Հոգիով» (Ա. Կոր. 2։9, 10, ԱԾ)։ Չե՞նք ցնծար այն բանին համար, որ Եհովային կամքն ու նպատակը կը հասկնանք։

Նկատի առ թէ Եհովան ուրիշ ի՛նչ ըրած է իր ժողովուրդին համար։ Ան կարգադրութիւն մը ըրած է, որուն միջոցաւ մեր մեղքերը կրնան ներուիլ (Ա. Յովհ. 2։12)։ Աստուծոյ ողորմութեամբ յոյս ունինք, որ շուտով նոր աշխարհի մը մէջ պիտի ապրինք (Հռով. 12։12)։ Հիմա իսկ Եհովան մեզի շատ բարեկամներ կու տայ, որոնց հետ կրնանք զինք պաշտել (Սաղ. 133։1)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ Սատանայէն եւ դեւերէն (Սաղ. 91։11)։ Եթէ խոկանք բոլոր այս աստուածատուր օրհնութիւններուն վրայ, ա՛լ աւելի պիտի ուրախանանք (Փլպ. 4։4

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

Կրնա՞յ քրիստոնեայ մը, որ արդէն ուրախ է, աւելցնել իր ուրախութիւնը։ Յիսուս ըսաւ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ» (Յովհ. 15։11)։ Այս խօսքը ցոյց կու տայ, որ մեր ուրախութիւնը կրնայ միշտ աւելնալ։ Կրնանք ուրախութիւնը նմանցնել կրակի։ Պէտք է փայտ աւելցնես կրակին, որպէսզի տաքութիւնը աւելնայ։ Նմանապէս, պէտք է «փայտ աւելցնես» հոգեւորութեանդ, որպէսզի ա՛լ աւելի ուրախ ըլլաս։ Միտքդ պահէ. Աստուծոյ հոգին կ’օգնէ որ ուրախութիւն ունենաս։ Ուստի ուրախութիւնդ շատցնելու համար, աղօթքով կանոնաւորաբար սուրբ հոգին խնդրէ եւ խոկա՛ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին վրայ (Սաղ. 1։1, 2. Ղուկ. 11։13

Նաեւ, կ’աւելցնես ուրախութիւնդ երբ զբաղիս Եհովային հաճելի եղող գործեր ընելով (Սաղ. 35։27. 112։1)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ստեղծուած ենք, որպէսզի ‘Աստուծմէ վախնանք ու անոր պատուիրանքները պահենք, որովհետեւ մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է’ (Ժող. 12։13)։ Ուրիշ խօսքով, մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Երբ Եհովային կը ծառայենք, իսկապէս հաճոյք կ’առնենք կեանքէն *։

ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Աստուածատուր ուրախութիւն զարգացնելով ուրիշ օգուտներ ալ պիտի քաղենք։ Օրինակ, մեր երկնաւոր Հայրը աւելի պիտի հաճեցնենք, երբ իրեն ուրախութեամբ ծառայենք՝ չնայած թէ ինչ խնդիր կը դիմագրաւենք (Բ. Օր. 16։15. Ա. Թես. 5։16-18)։ Նաեւ, իսկական ուրախութիւն ունենալով՝ պիտի մերժենք նիւթապաշտ ապրելակերպը եւ աւելի մեծ զոհողութիւններ պիտի ընենք Աստուծոյ Թագաւորութեան համար (Մատ. 13։44)։ Երբ Եհովային աւելի տանք եւ ատոր լաւ արդիւնքները տեսնենք, աւելի ուրախ պիտի ըլլանք, մեր անձով աւելի գոհ պիտի ըլլանք եւ պիտի կեդրոնանանք ուրիշները ուրախացնելու վրայ (Գործք 20։35. Փլպ. 1։3-5

Շատ հաւանաբար, որքան աւելի ուրախ ըլլանք, այդքան աւելի առողջ պիտի ըլլանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առ. 17։22)։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Նեպրասքա Համալսարանին մէջ առողջութեան մասին ուսումնասիրող մասնագէտ մը, Սուրբ Գիրքին ըսածին հետ ներդաշնակ բան մը գրեց. «Եթէ հիմա՛ ուրախ եւ գոհ ես, աւելի հաւանական է որ ապագային առողջ ըլլաս»։

Ուստի, հակառակ անոր որ տագնապալից ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, կրնանք մնայուն ուրախութիւն զարգացնել սուրբ հոգիին օգնութեամբ, որ կը ստանանք աղօթքի միջոցաւ եւ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով ու ատոր վրայ խոկալով։ Նաեւ, մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնենք՝ մտածելով մեր ունեցած օրհնութիւններուն մասին, ընդօրինակելով ուրիշներուն հաւատքը եւ ջանալով Աստուծոյ կամքը կատարել։ Այս ամէնը ընելով՝ մեզի պիտի կիրարկուի Սաղմոս 64։10–ի խօսքը. «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ»։

^ պարբ. 10 Երկայնմտութեան մասին պիտի խօսինք այս յօդուածաշարքին գալիք յօդուածներէն մէկուն մէջ։

^ պարբ. 20 Յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաս գտնել՝ « Ուրախութիւնը աւելցնելու ուրիշ կերպեր» շրջանակին մէջ։