Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յառաջդիմէ՛ որպէս հոգեւոր անձ

Յառաջդիմէ՛ որպէս հոգեւոր անձ

«Հոգիով գացէք» (ԳԱՂ. 5։16

ԵՐԳԵՐ. 136, 10

1, 2. Եղբայր մը ի՞նչ բանի անդրադարձաւ եւ ի՞նչ ըրաւ։

ՌԱՊԸՐԹ մկրտուեցաւ երբ պատանի էր, բայց ճշմարտութիւնը իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը չէր։ Ան կ’ըսէ. «Ես սխալ բան մը չէի ըներ։ Պարզապէս հոսանքին հետ կը քալէի։ Հոգեւորապէս զօրաւոր կ’երեւէի, քանի որ բոլոր ժողովներուն ներկայ կ’ըլլայի եւ տարին քանի մը անգամ օժանդակ ռահվիրայութեան կը մասնակցէի։ Բայց բան մը պակաս էր»։

2 Ռապըրթ չանդրադարձաւ թէ ինչն էր իր խնդիրը, մինչեւ որ ամուսնացաւ։ Ան եւ իր կինը միասին ժամանակ անցուցած ատեն, երբեմն իրարու աստուածաշնչական հարցումներ կը հարցնէին։ Կինը լաւ գիտէր Սուրբ Գիրքը եւ հարցումներուն դիւրին–դիւրին կը պատասխանէր։ Բայց Ռապըրթ յաճախ պատասխանները չգիտնալով սկսաւ ամչնալ։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ բան մը չեմ գիտեր։ Սկսայ մտածել՝ ‘եթէ կնոջս հոգեւոր գլուխը պիտի ըլլամ, քայլ մը պէտք է առնեմ’»։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Սուրբ Գիրքը սերտեցի ու սերտեցի, եւ տեղեկութիւնները իրարու հետ կապեցի։ Շատ բաներ հասկցայ եւ, ամենակարեւորը, Եհովային հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունեցայ»։

3. ա) Ռապըրթին փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ բ) Ի՞նչ գլխաւոր կէտեր այժմ նկատի պիտի առնենք։

3 Ռապըրթին փորձառութենէն կարեւոր դասեր կրնանք սորվիլ։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ աստուածաշնչական գիտելիքներ ունինք եւ կանոնաւորաբար ժողովքին հետ կ’ընկերակցինք, բայց ասոնք ինքնին մեզ հոգեւոր անձ չեն դարձներ։ Կամ թերեւս արդէն յառաջդիմած ենք, բայց երբ մենք մեզ աւելի քննենք, կը տեսնենք որ կրնանք ա՛լ աւելի բարելաւել մեր հոգեւորութիւնը (Փլպ. 3։16)։ Այս յօդուածին մէջ երեք կարեւոր հարցումներու պիտի պատասխանենք. 1) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ գիտնանք, թէ իրապէս հոգեւոր անձ ենք կամ ոչ։ 2) Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւորութիւն զարգացնել եւ շարունակ աճիլ որպէս հոգեւոր անձ։ 3) Զօրաւոր հոգեւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

ՔՆՆԵ՛ՆՔ ԱՆՁԵՐՆԻՍ

4. Եփեսացիս 4։23, 24–ի յորդորը որո՞նք պէտք է գործադրեն։

4 Երբ սկսանք Աստուծոյ ծառայել, կարգ մը փոփոխութիւններ ըրինք, որոնք մեր կեանքի բոլոր մարզերուն ազդեցին։ Եւ փոփոխութիւն մտցնելը չվերջացաւ երբ մկրտուեցանք։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը յորդորէ, որ շարունակենք մեր մտածելակերպը նորոգել (Եփ. 4։23, 24)։ Որովհետեւ անկատար ենք, բոլորս պէտք է շարունակենք փոփոխութիւններ ընել։ Նոյնիսկ Եհովային երկար տարիներ ծառայող քրիստոնեաները, իրենց հոգեւորութիւնը պահպանելու պէտք ունին (Փլպ. 3։12, 13

5. Ո՞ր հարցումները կ’օգնեն մեր անձը քննելու։

5 Որպէսզի բարելաւենք եւ պահպանենք մեր հոգեւորութիւնը, պէտք է մենք մեզ պարկեշտօրէն քննենք։ Ըլլանք երիտասարդ կամ տարեց, կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Կը նկատե՞մ որ երթալով աւելի հոգեւոր անձ կ’ըլլամ։ Անձնաւորութիւնս կը նմանի՞ Քրիստոսին անձնաւորութեան։ Ժողովներուն ատեն կեցուածքս եւ վարուելակերպս ի՞նչ կը յայտնեն հոգեւորութեանս խորութեան մասին։ Զրոյցներս ի՞նչ ցոյց կու տան փափաքներուս մասին։ Սերտելու սովորութիւններս, հագուելակերպս եւ հակազդեցութիւնս՝ երբ խրատուիմ, ի՞նչ կը բացայայտեն իմ մասիս։ Ինչպէ՞ս կը հակազդեմ երբ փորձութեան մը առջեւ գտնուիմ։ Հասուն քրիստոնեայ եղա՞ծ եմ» (Եփ. 4։13)։ Այս հարցումներուն պատասխանները կ’օգնեն որ գիտնանք, թէ հոգեւորապէս որքան յառաջդիմած ենք։

6. Ուրիշ ի՞նչ բան կ’օգնէ որ մեր հոգեւորութեան վիճակը քննենք։

6 Ատեններ ուրիշներու օգնութեան պէտք կ’ունենանք մեր հոգեւորութեան վիճակը քննելու համար։ Պօղոս առաքեալ նշեց որ մարմնաւոր մարդը չի տեսներ, որ իր ապրելակերպը Աստուած չ’ուրախացներ։ Միւս կողմէ, հոգեւոր մարդը կը հասկնայ Աստուծոյ տեսակէտը եւ մարմնաւոր մարդու սխալ ընթացքը (Ա. Կոր. 2։14-16. 3։1-3)։ Որովհետեւ երէցները Քրիստոսին միտքը ունին, արագօրէն կը նկատեն երբ եղբայր մը կամ քոյր մը սկսի մարմնաւոր կերպով վարուիլ։ Այս պարագային, եթէ երէցները փորձեն մեզի օգնել, իրենց խրատը պիտի ընդունի՞նք։ Խրատը գործադրելով կը ցուցնենք, որ իրապէս կ’ուզենք հոգեւորապէս զօրանալ (Ժող. 7։5, 9

ՀՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ

7. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ աստուածաշնչական գիտելիքներ ունենալը բաւարար չէ որ հոգեւոր մտայնութիւն ունենանք։

7 Միտքդ պահէ որ աստուածաշնչական գիտելիքներ ունենալը բաւարար չէ հոգեւոր անձ ըլլալու համար։ Սողոմոն թագաւոր Եհովայի մասին շատ բաներ գիտէր, եւ իր խօսքերը Սուրբ Գիրքին մէջ պարփակուեցան։ Բայց վերջաւորութեան, Եհովայի հետ անոր փոխյարաբերութիւնը տկարացաւ եւ հաւատարիմ չմնաց (Գ. Թագ. 4։29, 30. 11։4-6)։ Ուստի, աստուածաշնչական գիտելիքներէ զատ ինչի՞ պէտք ունինք։ Հարկ է որ շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել (Կող. 2։6, 7)։ Ինչպէ՞ս։

8, 9. ա) Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ մեր հաւատքը զօրացնենք։ բ) Ի՞նչ է մեր նպատակակէտը երբ սերտենք եւ խոկանք (տե՛ս բացման նկարը)։

8 Պօղոս յորդորեց առաջին դարու քրիստոնեաները, որ ‘շարունակեն ձգտիլ հասունութեան’ (Եբ. 6։1, ՆԱ)։ Այս խրատը գործադրելու համար ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել։ Կարեւոր քայլերէն մէկն է՝ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը սերտել։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ հասկնաս ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրել կեանքիդ մէջ։ Եթէ արդէն ուսումնասիրած ես այդ գիրքը, կրնաս ուրիշ հրատարակութիւններ սերտել, որոնք կ’օգնեն հաւատքդ զօրացնելու (Կող. 1։23)։ Աղօթքով կը խոկա՞ս թէ ինչպէս կրնաս սորվածդ կիրարկել կեանքիդ մէջ։

9 Նաեւ ի մտի ունեցիր որ երբ սերտենք եւ խոկանք, մեր նպատակակէտն է՝ զարգացնել խոր փափաք, որ սրտանց հաճեցնենք Եհովան եւ իր օրէնքներուն հնազանդինք (Սաղ. 40։8. 119։97)։ Միեւնոյն ատեն, կը ջանանք մերժել այն բաները, որոնք կրնան մեր հոգեւոր աճումը կասեցնել (Տիտ. 2։11, 12

10. Պատանիները ի՞նչ կրնան ընել որ հոգեւորութիւն զարգացնեն։

10 Եթէ պատանի ես, յստակ հոգեւոր նպատակակէտեր ունի՞ս։ Շրջանային համաժողովներուն, եղբայր մը, որ Բեթէլին մէջ կը ծառայէ, սովորութիւն դարձուցած է որ յայտագիրէն առաջ խօսի մկրտութեան թեկնածուներուն հետ։ Անոնցմէ շատեր պատանի են։ Եղբայրը իրենց կը հարցնէ, թէ ի՛նչ հոգեւոր նպատակակէտեր ունին։ Շատերուն պատասխանը կը յայտնէ որ յստակ գաղափար ունին, թէ ինչ կ’ուզեն ընել Եհովային ծառայելու համար։ Ոմանք կը ծրագրեն լիաժամ ծառայել կամ փոխադրուիլ ուր որ Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Բայց երբեմն կան պատանիներ որ այդ հարցումին պատասխանը չունին։ Արդեօք ասիկա կը ցուցնէ՞ որ դեռ իրենց սրտին մէջ չեն որոշած հոգեւոր նպատակակէտեր ունենալ։ Պատանի մը ըլլալով՝ դուն քեզի հարցուր. «Հոգեւոր գործունէութիւններուն կը մասնակցիմ, քանի որ ծնո՞ղքս այդպէս կ’ակնկալէ ինձմէ։ Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունի՞մ»։ Անշուշտ, բոլորս ալ պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր ունենանք, ըլլանք պատանի թէ տարեց։ Ատոնք մեզի պիտի օգնեն որ մեր հոգեւորութիւնը խորացնենք (Ժող. 12։1, 13

11. ա) Ի՞նչ կրնանք ընել որ հոգեւոր մտայնութիւն ունենանք։ բ) Սուրբգրային ո՞ր անձնաւորութիւնը կրնանք ընդօրինակել։

11 Երբ նկատենք թէ ո՛ր մարզերուն մէջ կրնանք բարելաւուիլ, պէտք է սկսինք փոփոխութիւններ ընել։ Հոգեւոր անձ ըլլալը մահու եւ կենաց խնդիր է (Հռով. 8։6-8)։ Եհովան մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր, եւ իր հոգին մեզի կ’օգնէ որ յառաջդիմենք։ Բայց մենք ալ մեր կարգին պէտք է ջանք թափենք։ Ճոն Պառ, որ Կառավարիչ մարմինի անդամ էր, անգամ մը Ղուկաս 13։24–ին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Շատեր կը ձախողին, քանի որ բաւական ջանասէր չեն, որպէսզի աւելի զօրանան»։ Պէտք է Յակոբին պէս ըլլանք, որ հրեշտակին հետ գօտեմարտեցաւ մինչեւ որ օրհնութիւն մը ստացաւ (Ծն. 32։26-28)։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը սերտելը հետաքրքրական է, բայց պէտք չէ ակնկալենք որ ան ըլլայ պարզապէս հաճելի վէպի մը պէս։ Պէտք է ջանքեր թափենք որ մեզի օգնող հոգեւոր գոհարներ գտնենք։

12, 13. ա) Ի՞նչը պիտի օգնէ, որ Հռովմայեցիս 15։5–ը գործադրենք։ բ) Պետրոսին օրինակը եւ խրատը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն։ գ) Ի՞նչ կրնաս ընել որ հոգեւորութիւն զարգացնես (տե՛ս « Հոգեւորապէս յառաջդիմելու քայլեր» շրջանակը)։

12 Մինչ մեր հոգեւորութիւնը կը զարգացնենք, սուրբ հոգին մեզի պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ որ մեր մտածելակերպը փոխենք։ Հոգիին օգնութեամբ, աստիճանաբար կրնանք սկսիլ Քրիստոսին պէս մտածել (Հռով. 15։5)։ Ասկէ զատ, հոգին պիտի օգնէ որ սխալ ցանկութիւններէն ձերբազատուինք եւ աստուածահաճոյ յատկութիւններ զարգացնենք (Գաղ. 5։16, 22, 23)։ Եթէ զգաս որ միտքդ կը կեդրոնանայ նիւթական բաներու կամ մարմնաւոր ցանկութիւններու վրայ, մի՛ յանձնուիր։ Շարունակէ հոգին խնդրել եւ Եհովան քեզի պիտի օգնէ, որ միտքդ պատշաճ բաներու վրայ կեդրոնացնես (Ղուկ. 11։13)։ Յիշէ Պետրոս առաքեալը, որ քանի մը անգամ չհակազդեց այնպէս, ինչպէս հոգեւոր մարդ մը պէտք է հակազդէ (Մատ. 16։22, 23. Ղուկ. 22։34, 54-62. Գաղ. 2։11-14)։ Բայց ան չյանձնուեցաւ։ Աստիճանաբար, Եհովայի օգնութեամբ, Պետրոս սորվեցաւ Քրիստոսին պէս մտածել։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։

13 Յետագային, Պետրոս նշեց որոշ յատկութիւններ, որոնց վրայ կրնանք աշխատիլ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։5-8)։ Մինչ ‘բոլոր ջանքերնիս դրած’ կը զարգացնենք այնպիսի յատկութիւններ, ինչպէս՝ ինքնազսպում, տոկունութիւն եւ եղբայրսիրութիւն, պիտի շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ամէն օր մենք մեզի հարցնենք. «Ո՞ր յատկութեան վրայ կրնամ այսօր աշխատիլ, որպէսզի հոգեւորապէս ա՛լ աւելի զօրանամ»։

ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ

14. Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ մեր կեանքին։

14 Եթէ Քրիստոսին պէս մտածենք, ասիկա պիտի ազդէ մեր խօսելակերպին, մեր վարքին՝ ըլլայ գործատեղը կամ դպրոցին մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն օր մեր առած որոշումներուն։ Այդ որոշումները պիտի յայտնեն, որ կը ջանանք Քրիստոսին հետեւորդները ըլլալ։ Հոգեւոր անձեր ըլլալով, չենք ուզեր որ որեւէ բան վտանգէ մեր փոխյարաբերութիւնը երկնաւոր Հօր հետ։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մեր մտածելակերպը պիտի մղէ մեզ որ անոնց դէմ դնենք։ Առաջ որ որոշում մը առնենք, պիտի խոկանք հետեւեալ հարցումներուն շուրջ. «Ո՞ր սուրբգրային սկզբունքները պիտի օգնեն որ որոշում առնեմ։ Քրիստոս այս պարագային ի՞նչ պիտի ընէր։ Ո՞ր որոշումը Եհովան պիտի հաճեցնէ»։ Որպէսզի վարժուինք այս կերպով մտածել, նկատի առնենք կարգ մը պարագաներ։ Իւրաքանչիւր պարագային պիտի բնորոշենք աստուածաշնչական սկզբունք մը, որ կրնայ մեզի օգնել իմաստուն որոշում առնելու։

15, 16. Տուր օրինակներ, թէ ինչպէս Քրիստոսին մտածելակերպը ունենալը կ’օգնէ երբ կ’ընտրենք՝ ա) կողակից, բ) ընկերակիցներ։

15 Կողակից ընտրել։ Աստուածաշնչական սկզբունքը կը գտնուի Բ. Կորնթացիս 6։14, 15–ին մէջ (կարդա՛)։ Պօղոսին խօսքերը յստակօրէն կը ցուցնեն, որ հոգեւոր անձը չի կրնար լիովին ներդաշնակ ըլլալ մարմնաւոր անձին հետ։ Այս սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ կիրարկուիլ կողակից ընտրելուն։

16 Ընկերակցութիւններ։ Նկատի առ սուրբգրային սկզբունքը Ա. Կորնթացիս 15։33–ին մէջ (կարդա՛)։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անձը չ’ընկերակցիր անհատներու հետ, որոնք կրնան իր հոգեւորութիւնը տկարացնել։ Մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս սկզբունքը կիրարկել տարբեր պարագաներու ներքեւ։ Օրինակ, ինչպէ՞ս կրնաս զայն կիրարկել, երբ ընկերային հաղորդակցութեան կայքերու վերաբերեալ որոշումներ պիտի առնես։ Կամ ի՞նչ պէտք է ընես եթէ օտար մէկը քեզ հրաւիրէ առցանց խաղ մը խաղալու։

Որոշումներս պիտի օգնե՞ն ինծի որ հոգեւորապէս աճիմ (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17-19. Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ քեզի, որ՝ ա) անարժէք գործունէութիւններէ հեռու մնաս, բ) նպատակակէտեր դնես, գ) վէճերը լուծես։

17 Հոգեւոր աճումը կասեցնող գործունէութիւններ։ Եբրայեցիս 6։1–ը կարեւոր զգուշացում մը կը պարփակէ (կարդա՛)։ Ի՞նչ են այն «մեռած գործեր»ը, որոնցմէ պէտք է խուսափինք։ Անոնք այն անարժէք գործունէութիւններն են, որոնք մեզի չեն օգներ հոգեւորապէս զօրանալու։ Այս սկզբունքը կրնայ մեզի օգնել որ կարգ մը հարցումներու պատասխանենք. ‘Արդեօք այս գործունէութիւնը մարմնաւոր գործերէն կը սեպուի՞։ Արագօրէն դրամ շահելու այս ծրագրին կրնա՞մ մասնակցիլ։ Ինչո՞ւ պէտք չէ միանամ խումբի մը, որ կը ջանայ աշխարհի պայմանները փոխել’։

Որոշումներս պիտի օգնե՞ն ինծի որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեմ (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18 Հոգեւոր նպատակակէտեր։ Լերան քարոզին մէջ Յիսուս նպատակակէտեր դնելու վերաբերեալ յստակ ուղղութիւն տուաւ (Մատ. 6։33)։ Հոգեւոր անձը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնէ Թագաւորութիւնը։ Այս սկզբունքը ի մտի ունենալը կ’օգնէ որ այսպիսի հարցումներու պատասխանենք. Հիմնական ուսումը առնելէ ետք, պէ՞տք է համալսարան երթամ։ Ընդունի՞մ այս գործի առաջարկը։

Որոշումներս պիտի օգնե՞ն ինծի որ ‘խաղաղութիւն ընեմ’ (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19 Վէճեր։ Հռոմի քրիստոնեաներուն տրուած Պօղոսին խրատը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ վէճերը լուծենք (Հռով. 12։18)։ Որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ, կը ջանանք «ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն» ունենալ։ Երբ վէճ ծագի, ինչպէ՞ս կը հակազդենք։ Դժուարութեա՞մբ կը զիջինք, թէ՞ մեզ կը ճանչնան որպէս ‘խաղաղութիւն ընող’ անձ (Յակ. 3։18

20. Ինչո՞ւ կ’ուզես հոգեւորապէս յառաջդիմել։

20 Ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են, որ կը ցուցնեն թէ ինչպէ՛ս աստուածային սկզբունքները մեզի կ’օգնեն որ այնպիսի որոշումներ առնենք, որոնք կը փաստեն թէ Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուինք։ Հոգեւոր մտայնութիւն ունենալը պիտի օգնէ որ մեր առօրեայ կեանքը աւելի ուրախ եւ գոհացուցիչ ըլլայ։ Ռապըրթ, որուն փորձառութիւնը յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ, կ’ըսէ. «Երբ Եհովային հետ իրական փոխյարաբերութիւն ունեցայ, եղայ աւելի լաւ ամուսին եւ հայր, գոհ եւ ուրախ»։ Մենք ալ կրնանք նման օրհնութիւններ վայելել, եթէ մեր ամէն կարելին ընենք որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ Հոգեւոր անձ ըլլալով, աւելի գոհացուցիչ կեանք պիտի ունենանք հիմա եւ «յաւիտենական կեանքը» ապագային (Ա. Տիմ. 6։19